ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 35-ամեակի հանդիսութիւն-ճաշկերոյթ

28 Յունիս 2025


Նախաձեռնութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ 35-ամեակի յանձնախումբին, Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ մարզասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի անկախ շրջան դառնալուն 35-ամեակի հանդիսութիւն-ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ ընկհ. Շաքէ Կէօնճեանի, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբ Քհն. Կեատայեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ծովիկ Թերզեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ ընկ. Ռաֆֆի Տօնապետեանի եւ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ՝ ընկ. Հրակ Տարագճեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի, ՀՕՄ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ռիթա Հինդլեանի, Քեպէգի նահանգային երեսփոխան՝ Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի եւ երեսփոխան Սելին Հայթայեանի ներկայացուցիչ՝ Աբրահամ Նիզիպլեանի, Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ Սեդա Թօփուզեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ Գանատայի 27-րդ Պատգամաւորական ժողովի պատգամաւորներուն, պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ՀՕՄ-ականներու, բարերարներու եւ հիւրերու:


Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամ՝ ընկհ. Անի Թաշճեան:

Սրբազան Հօր խօսքի եւ ճաշի սեղաններու օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն:

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Լուսին Փալանճեանի խօսքէն ետք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Արմինէ Կարապետեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը:

Հանդիսավար՝ ընկհ. Անի Թաշճեան ներկայացուց օրուան նախագահ ընկհ.Շաքէ Կէօնճեանի հակիրճ կենսագրութիւնը, որմէ ետք տիկին Կէօնճեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց:

Տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 35-ամեայ գործունէութիւնը ծանօթացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն, սիրայօժար կերպով պատրաստուած ընկհ. Թամար Շահինեանի, Րաֆֆի Թահմիզեանի ու իր Yeraz Media ընկերութեան կողմէ:


Անկէ ետք հերթաբար տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան յատուկ 35-ամեակի մրցանակներու տուչութիւն. «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսի հիմամբ գծագրութեան մրցանակի չափահասներու մրցանակը ստացաւ Նուշիկ Գատեան, իսկ անչափահասներունը՝ Լիլիթ Ադամեան: Տեսանիւթի մրցանակը ստացան ՀՅԴ Մոնթրէալի «Դրօ» եւ Լաւալի «Գետաշէն» Պատանեկան միութիւնները, որոնց ներկայացուցիչները՝ Մեղրի Գազանճեան, Սիէննա Ճապրայեան եւ Ռաֆայէլ Եսայեան ստացան մրցանակը, ձեռամբ Շրջանայի վարչութեան ատենապետին:


«Արցախ» մրցանակը շնորհուեցաւ գանատահայութեան եւ ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին մշակութային, տնտեսական, գիտական, պատմական, բարեսիրական կամ այլ ոլորտներու մէջ մեծ դեր ունեցած գանատահայ անհատներու, որուն արժանացան գանատահայ բարերար՝ ընկհ. Շաքէ Կէօնճեան եւ Օրօրայի մրցանակակիր ու զանազան գիրքերու հեղինակ՝ ընկհ. դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան Չըրչըլ: Անոնց կենսագրութիւնը ներկայացուելէ ետք, ձեռամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետին, ստացան ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի պատուոյ գնահատագիրներն ու մրցանակի վահանակը:


Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ La Voix յայտագրի մրցոյթի մասնակից եւ Lara Fabian-ի խումբին մէջ յօրինող ու երգչուհի, մոնթրէալահայ Մանէ Միրիամ Պաղտասարեան, DJ Արեգի մասնակցութեամբ:


Սրբազան Հօր, օրուան նախգահին, Գանատայի Շրջանային վարչութեան 35 տարիներու ընթացքին անդամ եղած ՀՕՄ-ուհիներու եւ 35-ամեակի յանձնախումբի անդամներուն ձեռամբ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ մոմավառութիւն, որմէ ետք ընկերային ճոխ մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ խնճոյքը: