ՀՕՄ-ի 115 եւ Գանատայի շրջանի 35 ամեակներու առթիւ հարցազրոյց ատենապետ՝ ընկհ. Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ

Interview with chair ungh Loucine Jamgotchian Palanjian on the Occasion of ARS 115th & ARS Canada 35th Anniversaries

Սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ,


Ամեակներու նշումը վերանորոգումի, ՀՕՄ-ի հիմքերը ամրացնելու եւ նոր ուժերով շարունակելու առիթ են, որպէսզի կազմակերպութիւնս հաստատ քայլերով շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը. «Հորիզոն»ի հարցազրոյցը ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ

ՀՕՄ-ի 115-ամեակին եւ Գանատայի շրջանի 35-ամեակին առթիւ «Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Սոնա թիթիզեան Կէտիկեան հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ, որուն ընթացքին Փալանճեան ըսաւ. «Զոյգ ամեակներուն նշումը մեզի համար շատ կարեւոր է վերանորոգումի, ՀՕՄ-ի հիմքերը ամրացնելու եւ նոր ուժերով շարունակելու առումով, որպէսզի կազմակերպութիւնս հաստատ քայլերով շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը: Այս նպատակով ներքին հանգանակային արշաւ մը կազմակերպած ենք, որուն արդիւնքէն շատ գոհ ենք»:

Հարցազրոյցի աւարտին ան ըսաւ. «Այսօր, կոչ կ'ուղղեմ մեր երիտասարդներուն մաս կազմելու մեր շարքերուն: Կոչ կ'ուղղեմ մեր անդամներուն եւ համակիրներուն ներկայ ըլլալու մեր կազմակերպած յոբելինական ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամքի «Հայկ Մարգարեան» մարզարանէն ներս: Վարձքը կատար ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի հիմնադիրներուն, նախորդ վարչութիւններու բոլոր անդամներուն, մեր նուիրեալ ու անշահախնդրօրէն գործող ՀՕՄ-ի բանակին եւ ազգանուէր հայրենակիցներուն ու համակիրներուն, որոնց շնորհիւ առողջ եւ կենսունակ շրջան մը եղած ենք եւ պիտի մնանք»:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.


YouTube: https://www.youtube.com/watch?v=pF1jAnDlCzo


Դիմատերտր: https://www.facebook.com/61550118694870/videos/726415979919991