ԳԱՆԱՏԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԸՆԴԱՌԱՋԵՑ ԻՐ ԱՐԵԱՆ ԿԱՆՉԻՆ
Feb 18, 2023
ԳԱՆԱՏԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԸՆԴԱՌԱՋԵՑ ԻՐ ԱՐԵԱՆ ԿԱՆՉԻՆ
Սեպտ. 19, 2023-ին դարձեալ բարբարոս ազերին լայնածաւալ յարձակում յայտարարեց Արցախի վրայ։ Դարձեալ մթագնեցաւ Արցախ աշխարհի երկնակամարը, որուն հետեւանքով կորսնցուցինք Արցախը։
Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր արիւնակիցները, ապաստան գտան մեր հայրենիքի երդիքին տակ։ Անոնք ծանրակշիռ օրեր ապրեցան եւ տակաւին կ՛ապրին։
ՀՕՄ-Կեդր. Վարչութիւնը, ինչպէս միշտ՝ դարձեալ պատնէշի վրայ առաջինը եղաւ, որ Արցախցիին անմիջական կարիքներու օժանդակութեան ձեռնարկեց զօրաշարժի ենթարկելով ՀՕՄ-ի համասփիւռքեան իր բոլոր մասնաճիւղերն ու անդամները:
Սոյն հրատապ վիճակէն մեկնելով, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը համագործակցութեամբ «Արցախի ընտանիքներու օժանդակութեան» միջ-միութենական Միացեալ Մարմինին, անսակարկ նուիրումով, լայնածաւալ հանգանակային արշաւ մը ծրագրեց օգնութեան ձեռք երկարելու տեղահանուած ու տնտեսական ծանր պայմաններու տակ ապրող Արցախցիին։
Այս դժուարին եւ տխուր պահերուն մեր հայրենակիցներու միասնականութիւնն ու հզօր կամքը դրսեւորուեցաւ նուիրատուութիւններու ընդմէջէն եւ բոլորս մէկ բռունցքի նման զօրակցեցանք եւ կը շարունակենք զօրակցիլ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որպէսզի անոնք արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրաւունքը ունենան։ Այս ձեւով մինչ օրս հանագանակուած գումարը հասաւ աւելի քան կէս միլիոնի:
Այս առթիւ անհուն երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք քաջ գիտակցելով իրավիճակին ծանրութեանը համագործակցեցան ՀՕՄ-ին հետ, իրենց նիւթական օժանդակութիւնը չխնայելով, եւ մի՛շտ հաւատալով անոր սուրբ առաքելութեան։
Այսօր ՀՕՄ-ը իր նուիրատուներուն անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ անգամ մը եւս յաջողեցաւ նուաճել նոր բարձունք մը։
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն


Canadian Armenians Surpass Their Goal!!!!!

On September 19, 2023, the Azeri Government began a large-scale offensive against the people of Artsakh. Sadly the loss of our land forced the entire population to leave Artsakh and move to the safety of Armenia. Immediately the Armenian Relief Society Central Executive Board set forth a call to action. ARS Canada Regional Executive, its 10 ARS Chapters together with ARF Central Executive, Homenetmen, Hamazkaiyin, and many local committees planned a large-scale Diasporan fundraiser to help with this very dire situation. The Aid to Families of Artsakh Committee would like to extend thanks to all Canadian Armenian donors who helped us collect more than half a million dollars. This joint initiative has been able to provide emergency aid to displaced families only because you cared. Your contribution has supported the Aid to Artsakh Committee with this ongoing effort for families who have lost everything and are trying to re-establish their lives in Armenia. Assistance has been provided to families with food, shelter, medical and educational costs. The devastation these people are still enduring has had overwhelming effects on every aspect of their lives. Thank you for standing with the 120,00 brothers and sisters of Artsakh and showing your support. It was only with your heartfelt donations ARS Canada and the Aid to Artsakh Families Committee were able to surpass their goal. Thank you, Canada so very much for again showing your caring and generosity to Armenians in need.

Ընկերական Բարեւներով
ARS Canada Executive Board
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն