Ողբացեալ ընկհ. Արմէնուհի Գոլոլեան
Ընկհ. Արմէնուհի Գոլոլեան ծնած է 1931-ին Գահիրէ, Եգիպտոս: Զաւակն էր Յակոբ եւ Տիգրանուհի Արթինեաններուն:
1951-ին, կ՛ամուսնանայ Գէորգ Գոլոլեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երկու զաւակներով՝ Վահան եւ Նայիրի: Ունի չորս թոռներ՝ Յասմիկ, Դանիա, Գրիգոր եւ Քրիսթոֆեր եւ վեց ծոռեր՝ Գայա, Ֆէլիքս, Չարլս Արմէն, Ճիւլիէն, Լենիա եւ Գառնի:
1962-ին ամուսնոյն՝ Գէորգին եւ զաւակներուն՝ Վահանին եւ Նայիրիին հետ կը գաղթէ Թորոնթօ:
1963-ին, եօթը ընկերուհիներով կը վերահիմնէ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը եւ նոյն օրը կը կատարէ ՀՕՄ-ի երդումը Ապաճեաններու տան մէջ, ներկայութեամբ՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Սեդա Թէրզեանի:
1974-1976 թուականներուն, ընկհ. Գոլոլեան իր ներդրումը կը բերէ ՀՕՄ-ին, նախ իբրեւ վարչական անդամ, ապա իբրեւ ատենապետ:
1978-էն սկսեալ, ընկհ. Գոլոլեան իր ամուսնոյն հետ, գործօն մասնակցութիւն կ՛ունենայ նոր Հայ Կեդրոնի շինարարական աշխատանքներուն, ապա 1979-ին՝ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի Գոլոլեան Նախակրթարանի հիմնադրութեան: Ան 12 տարիներ վարժարանի ուսումնական մարմնին մաս կը կազմէ իբրեւ գանձապահ:
1983-ին, ընկհ. Գոլոլեան իր ամուսնոյն հետ, կ՛արժանանայ «Կիլիկիոյ Իշխան եւ Իշխանուհի» շքանշանին, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ՝ ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանին:
2001-ին, ընկհ. Գոլոլեան, իր լայնածաւալ կամաւոր ծառայութեան որպէս գնահատանք, Օնթարիօ նահանգէն կը պարգեւատրուի International Year of Volunteers գնահատագրին:
2013-ին, ընկհ. Գոլոլեան կը ստանաւյ ՀՕՄ-ի 50-ամեայ ծառայութեան զարդասեղը:
Իսկ 2023- ին, ընկհ. Գոլոլեան կ՛արժանանայ ՀՕՄ-ի 60-ամեայ ծառայութեան գնահատագրին:
Նոյն տարին ընկհ. Գոլոլեան իր մօր՝ ընկհ. Տիգրանուհի Արթինեանի յիշատակին, կը հաստատէ հիմնադրամ մը ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան մօտ, անկէ ստացուած եկամուտը տրամադրելու համար կրթական եւ բարեսիրական նպատակներու:
Ընկհ. Գոլոլեան հիմնած է նաեւ «Գէորգ եւ Արմենուհի Գոլոլեան Կրթաթոշակ»:
Ան միշտ թեւ ու թիկունք կանգնած է ՀՕՄ-ին , եկեղեցւոյ, ՀՄԸՄ-ին, Համազգայինի եւ յատկապէս ամէնօրեայ դպրոցին:
Ընկհ. Արմէնուհի Գոլոլեան հպարտ էր, որ իր մայրը, ինքը, իր զաւակն ու թոռնիկը, այլ խօսքով չորս սերունդներ մաս կազմած են ՀՕՄ-ի ընտանիքին եւ կը սատարեն անոր վսեմ գործունէութեան: Ան վստահ էր նաեւ, որ 5-րդ սերունդն ալ հպարտութեամբ պիտի շարունակէ ծառայել ՀՕՄ-ի սուրբ առաքելութեան:
Ընկհ. Գոլոլեան իր երկարատեւ ծառայութեամբ, իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է միութեանս եւ սատարած անոր վերելքին։
Աստուած լոյսերու մէջ հանգչեցնէ իր հոգին ու մխիթարութիւն շնորհէ զաւակներուն, թոռներուն և բոլոր հարազատներուն։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
|