We dedicate this issue to the commemoration of 105th anniversary of the 1915 Genocide
Մեր այս թիւը կը նուիրենք Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 105-ամեակին
Ահաւոր կացութեան մէջ է համայն աշխարհը։Ճակատագրական եւ տագնապալի օրեր կ՝ապրի նաեւ մեր հայ ժողովուրդը։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը, շնորհիւ իր միաւորներուն, մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ անդամներուն, միշտ ՊԱՏՆԷՇի վրայ, անմիջապէս գործի լծուեցաւ օգնութեան ձեռք երկարելու հայրենիքի եւ սփիռքի մեր ժողովուրդին, մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութիւն ու անմիջական օգնութիւն հասցնելու կարիքաւորներուն։
Այսօր, մեր մէկ ու կես միլիոն նահատակներու ոգեկոչման 105ամեակն է։ Որպէս շառաւիղները ոչնչացած այդ սերունդին, կու գանք մեր յարգանքի տուրքը տալու ու խոնարհելու անոնց անշիրիմ բայց Սրբացած հոգիներուն առջեւ։
Խունկ ու աղօթք անոնց յիշատակին։
Շնորհակալութեան եւ գնահատանքի մեր խօսքը կ՝ուղղենք մեր անդամներուն իրենց ցուցաբերած վեհանձնութեան համար։ Շնորհակալութիւն մեր հայ կեդրոններու եւ Գանատայի տարածքին շտապօգնութեան ծառայողներուն եւ բոլոր անոնց որոնք պատնէշի վրայ են։
«Ժողովուրդիս հետ- Ժողովուրդիս համար»։ Այս կարգախօսով, ՀՕՄի Առաքելութեան գիտակցութեամբ եւ Մեր Դատի պահանջատիրութեան ոգիով է որ մենք յաղթահարած ենք եւ պիտի շարունակենք յաղթահարել ամէն դժուարութիւն։
Մեր մաղթանքն է, որ այս տագնապը շուտով անհետանայ եւ մենք բոլորս վերադառնանք մեր առօրեային։
Մինչ այդ՝ մնացէք առողջ եւ ապահով։
Հայ ՕգնութեանՄիութեան
Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն