Volume 18- April 30, 2022
Հ․Օ․Մ․-ի Գանատայի Շրջանի 30-ամեակի եւ
Հ․Օ․Մ․-ի 110-ամեայ Յոբելեանի Տօնակատարութիւն
ARS Canada’s 30th and ARS Inc.’s 110th Anniversary Celebration
Կազմակերպութեամբ`
ՀՕՄ-Ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան
Organized by ARS Canada Regional Executive

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանը կը զօրակցի
Արցախին եւ վիրաւոր զինուորին
ARS Canada supports Artsakh and Wounded Soldiers

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կրկին օգնութեան ձեռք կ՝երկարէ Արցախահայութեան եւ հայրենիքի պաշտպան զինուորին:
Այս ճակատագրական օրերուն, բոլորիս կիզակէտն է Արցախն ու Հայաստանը։ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը, Արցախի համար հանգանակուած գումարէն, նիւթական անմիջական ներդրում բերաւ երկու կարեւոր ծրագիրներու , որոնք պիտի օժանդակեն պատերազմի արիւնոտ բովէն անցած մեր խիզախ զինուորներու վերականգնումին, ի մասնաւորի՝ Երեւանի Հաշմանդամ Զինուորի Վերականգնողական Կեդրոնի եւ Արցախահայութեան անմիջական կարիքներուն:
1)     «Զինուորի Տուն»-ի Սնունդի Ծրագիր
Այս ծրագրի ընդմէջէն ՀՕՄը կ'ապահովէ «Զինուորի Տուն» Վերականգնողական Կեդրոնէն ներս բուժում ստացող զինուորներուն սննդեղէնի ծախսերը: Շրջանային Վարչութիւնս այս ծրագրին տրամադրեց $25,000 ԱՄՆ տոլար ։
Ծրագրին նախատեսուած տարեկան ծախսերը կ՝ենթադրեն $120,000 ԱՄՆ տոլար:
"Zinvori Doun" meal program
With this program, the ARS provides monthly food expenses to feed wounded and disabled soldiers who are receiving treatments at the "Zinvori Doun" Rehabilitation Center in Yerevan.
Thus far, sponsoring the center’s monthly meals was made possible with a donation of $25,000 from ARS Canada.
We wish to stress the importance of supporting the "Zinvori Doun" meal program, taking into consideration the cost of the monthly meal program is $10,350 US dollars.
 
2)     ՀՕՄի նորագոյն ծրագիրը՝ Արեւային ջրատաքացման համակարգի որդեգրումը արցախի հանրապետութենէն ներս
Կեդրոնական Վարչութեան այս նոր ծրագրէն պիտի օգտուին Արցախի սահմանամերձ գիւղերու ընտանիքները, որոնք անցնող ձմռան ամիսներուն, կազի խողովակներու պայթումի հետեւանքով զրկուեցան իրենց տուները ջերմացնող միջոցներէ։
Շրջանային Վարչութիւնս նկատի առնելով հրատապ վիճակը,  $100,000 ԱՄՆ տոլար տրամադրեց այս ծրագրին: Այս գումարէն մաս մը պիտի տրամադրուի շրջանիս հովանաւորած՝ Ստեփանակերտի Սօսէ մանկապարտէզի ջերուցման։ 
 
Solar Panels program
This new program of the Central Executive Board will benefit families in the border villages of Artsakh, who lost the heating of their homes during the winter months due to the explosion of the gas pipes.
As a matter of urgency, ARS Canada Regional provided $100,000 USD to this project. A portion of our donation will be used to install solar panels on our Sosse Kindergarten in Stepanakert.
ՀՕՄ ի Գանատայի 2019-2022 տարեշրջանի
3-րդ Միջ-վարչական ժողով
29 Ապրիլ, 2022, երեկոյեան ժամը 8-ին

ՀՕՄ ի Գանատայի 2019-2022 տարեշրջանի 3-րդ Միջ-վարչական ժողովը տեղի ունեցաւ 29 Ապրիլ ուրբաթ երեկոյեան ժամը 8-էն 11 Zoom-առցանց միջոցաւ:
Շրջանային վարչութեան կողքին ժողովին մասնակցեցան Գանատայի շրջանի տասը մասնաճիւղերէն ութը մասնաճիւղերու վարչականներ, մասնակցութեան ընդհանուր թիւն էր 47 անդամ: 
Շրջանային վարչութեան բարի գալուստի խօսքով բացումը կատարուեցաւ Միջ-վարչական ժողովին։ Ժողովին ներկայացուեցաւ Շրջանային վարչութեան եւ Մասնաճիւղերու վարչութիւններու գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ նախորդ Միջ-վարչական ժողովներու ներկայացուած գիտաշխատանոցի նիւթի« The Future Օf ARS Leadership»ի շուրջ քննարկումներ եւ ձեռքբերումներ:
Ընկերուհիներու ներդրումն ու հետաքրքրութիւնը գնահատելի էր:
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
Ընկերային Հաւաք
Social Gathering
Friday, May 6, 2022
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի "Ռուբինա" Մասնաճիւղի
Մայրերու Օրուայ եւ Համբարձման Աւանդական Տօնակատարութիւն
Մայիս 20, 2022, ժամը 8։00-ին
ՀՕՄ-ի Թորոնթօ "Ռուբինա" Մասնաճիւղի
ԴաստիարակչականԴասախօսութիւն
Safety at Home for Aging Adults
June 5, 2022, 2-4 p.m.
ՀՕՄ-ի Թորոնթօ "Ռուբինա" Մասնաճիւղի
Հ․Օ․Մ․-ի Օրուայ Տօնակատարութիւն
Յունիս 12, 2022, ժամը 4։00-ին
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Summer Camp
July 4, 2022-August 26, 2022
ՀՕՄ-ի Քեմպրիճի "Մեղրի" Մասնաճիւղի
ՀՕՄ-ի եւ Մայրերու Օրուայ Տօնակատարութիւն
Մայիս 1, 2022․ ժամը 1։30-ին
ՀՕՄ-ի Համիլթոն "Արեւ" Մասնաճիւղի
Կանաց եւ Մայրերու Օրուայ Պարահանդէս
Մայիս 8, 2022․ ժամը 4։30-ին
ՀՕՄ-ի Սէնթ Քաթրինզի "Արազ" Մասնաճիւղի
Մայրերու Օրուայ Տօնակատարութիւն
Մայիս 15, 2022․ ժամը 2։00-ին
ՀՕՄ-ի Լաւալ "Շուշի" եւ Մոնթրէալ "Սօսէ" Մասնաճիւղերու
ՀՕՄ-ի Օրուայ Տօնակատարութիւն
Մայիս 1, 2022․ ժամը 4։00-ին
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալ "Սօսէ" Մասնաճիւղի
Մայրերու Օրուայ Տօնակատարութիւն
Մայիս 10, 2022․ ժամը 10։30էն սկսեալ
ՀՕՄ-ի Լաւալ "Շուշի" Մասնաճիւղի
Ոսկեայ Տարիք Յանձնախումբի
Մայրերու Օրուայ Տօնակատարութիւն
Մայիս 3, 2022․ ժամը 10։30-ին
Յաւերժ Յարգանք մեզմէ բաժնուած
ընկերուհիի յիշատակին
Թող լոյսերու մէջ ննջէ իր հոգին
We honour the memory of our dearly departed
member Ungerouhie, Charlotte Khatcherian who passed away on June 24, 24, 2021. She was a member of Cambridge "Araz" Chapte and was an ARS member for 50 years.
May She Rest in Peace
ARS Canada Chapters'
Past Events - March to April 2022
ՀՕՄի Վանքուվր "Արազ" Մասնաճիւղի Միջինք
ARS Vancouver "Araz" Chapter's Michink celebration
March 26, 2022, 2 p.m.
ARS Cambridge "Meghri" Chapter's
Ս. Զատկուայ Ճաշկերոյթ-Պարահանդէս
Easter Dinner-Dance
April 16, 2022

ՀՕՄի Մեղրի մասնաճիւղը Շաբաթ 16 Ապրիլ, 2022, մեծ ուրախութեամբ ունեցաւ Ս.Զատկուայ աւանդութիւն դարձած ճաշկերոյթ պարահանդէսը, որմէ երկու տարիէ թագաժահրի պատճառաւ զրկուեցանք: Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ անցուցին հաճելի երեկռյ մը , համեղ ճաշերով, երգերով և պարերով: Փոքրերն ալ իրենց կարգին զուարճացան ծաղրածուի և նապաստակի ներկայութեամբ: Շնորհակալութիւն բոլորի ովքեր սատարեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան, իրենց ներկայութեամբ, նուիրատութեամբ նա մանաւանդ աշխատանքով:
 
On Saturday, April 16, 2022, ARS Meghri Chapter celebrated Easter with their first in-person dinner-dance since the pandemic. All who attended enjoyed a delicious meal, great music, dancing, and lottery prizes. The children had lots of fun with the clown, and a visit from the Easter Bunny. Thank you to all those who participated and helped to make this a successful event.
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» Մասնաճիւղի
Ոսկեայ Տարիք Յանձնախումբի
Ճաշ-Հաւաքոյթ
Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլ, 2022
Լաւալի Հայ Կեդրոնի
Պարոնեան սրահէն ներս
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» Մասնաճիւղի
Զատիկի Տօնակատարութիւն
9 Ապրիլ, 2022
Kids’ Easter celebration with singer Joelle organized by Shoushi chapter’s Kids’ Easter committee. As always, the event was colourful with Easter theme. Kids were very happy to sing and dance along with Joelle. At the end of the show, kids were excited to get their picture taken with the singer.
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի Easter Basket and Bake Sale
April 10, 2022
On April 10th, 2022 ARS Montreal “Sosse” chapter held its first event in the recently renovated “Avedis Aharonian” reception hall, of the Armenian community center.
This year’s Easter market was a great success!   Baskets, handcrafts, baked goods, pastries, chocolates and many other goodies were sold out in record time.  All beautifully wrapped and joyfully prepared.
We are grateful for the dedication of countless volunteers who worked tirelessly for 2 weeks prior to the event to make this day a wonderful success. 
A heartfelt thank you to all our generous supporters, visitors and volunteers.
Until next year!
 ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի« Սօսէ» մասնաճիւղի
Դաստիարակչական Դասախօսութիւն
"Համացանցային Ապահովութիւն» 
Cyber Security
28 Ապրիլ,2022-ի երեկոյեան  ժամը 8:00- ին։

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի« Սօսէ» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած « Համացանցային Ապահովութիւն» խորագրով դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ առցանց , Հինգշաբթի ,28 Ապրիլ,2022-ի երեկոյեան  ժամը 8:00- ին։
    Այժմէական այս նիւթը ներկայացուց պրն. Կարի Թոքաթլեան, որ սիրայօժար ընդունած էր յանձնախումբին խնդրանքը՝ ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու համացանցի գործածութեան ապահով միջոցները:Դասախօսութեան, որ բաց էր հանրութեան հետեւեցան 45 մասնակիցներ։
 Յանձնախումբի պատասխանատու՝ . Ընկհ Տանիէլ Ճերահեանը ներկայացուց դասախօսին հակիրճ կենսագրականը ,որմէ ետք պրն.Կարի Թոքաթլեան յստակօրէն օրինակներով եւ պատկերներով բացատրեց նիւթը:
Դասախօսութեան աւարտին Պրն. Թոքաթլեան սպառիչ կերպով պատասխանեց մասնակիցներուն հարցումներուն:
      

A presentation, entitled "Cyber Security," organized by the ARS Montreal «Sosse»Chapter’s Education Committee, took place online April 28 at 8:00 pm. The speaker was Mr. Gary Tokatlian, who gladly accepted our committee's request to present this subject. The event was open to public and 45 participants were present.
On behalf of the committee Danielle Jerajian read the lecturer's biography and then let him take over.
Mr. Tokatlian used clear illustrations and presented a number of helpful tips on cyber security, citing various examples. At the end of the lecture Mr. Tokatlian answered several questions from the participants.
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերու կազմակերպած
Կանանց Միջազգային օրուայ առցանց տօնակատարութիւն
March 13, 2022, 11 a.m.
ARS Ottawa "Sevan" Chapter’s
Easter Goodies Sale and pick up event
April 9,2022
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
Social Event
organized by Bazaar Committee
March 12, 2022
Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Թորոնօ «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան Հանդիպում
Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ՝ Տ․Բաբգէն Ս․Արք․ Չարեանի եւ Եկեղեցւոյ հովիւներուն՝
Հայր Վարդան Թաշճեանի, Տ․Տաթեւ քհն․ Միքայէլեանի և Յակոբ Աբղ․ Եագուպեանի,
Մարտ 20, 2022
Կիրակի, 20 Մարտ 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ՝ Տ․Բաբգէն Ս․Արք․ Չարեան հովական այցելութեամբ ներկայ էր Թորոնթոյի Հայց․Առաքելական Ս․Աստուածածին եկեղեցի։Սոյն առիթը հարմար նկատելով Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «ՌՈՒԲԻՆԱ» մասնաճիւղի վարչութիւնը նախօրոք առնուած ժամադրութեան համաձայն հանդիպում ունեցան և շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր և Եկեղեցւոյ հովիւներուն՝ Հայր Վարդան Թաշճեանի, Տ․Տաթեւ քհն․ Միքայէլեանի և Յակոբ Աբղ․ Եագուպեանի, որ կ՛ընկերանար Սրբազան Հօր , ինչպէս նաև հոգաբարձութեանոր սատար հանդիսացած և ներկայ գտնուած էին մասնաճիւղի կազմակերպած «Երուսաղէմի և Յորդանանի» հայոց նուիրուած Տոհմիկ Օրուայ ձեռնարկին։
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
Palm Sunday Bake Sale
April 10, 2022
ARS Toronto "Roubina" Chapter"s
Trip to Cuba
April 5, 2022
Երեքշաբթի 5 Ապրիլ, 2022ին, կէսօրէ առաջ, ՀՕՄ ի Ռուբինա մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած, շրջապտոյտի մեկնող անդամուհիները, եկեղեցի այցելեցին: Եկեղեցիէն ներս դիմաւորուեցան Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի կողմէ: Քահանայ Հայրը, «Յարեւելից» շարականի երգեցողութենէ ետ ճամբորդութեան յատուկ աղօթք արտասանեց, «Տէր Ողորմեա»ի միասնական երգեցողութենէ ետք, ներկաներուն թելադրեց, որ շրջապտոյտի ընթացքին յաճախ աղօթեն եւ կազդուրուած առողջ հոգիով, մտքով եւ մարմնով վերադառնան իրենց տուները:Աւարտին ներկաները միասնաբար արտասանեցին Տէրունական աղօթքը եւ պահապանիչ աղօթքի օրհնութեամբ խաղաղութեամբ մեկնեցան:
ARS Toronto Roubina Chapter's
International Women's Day Event
March 6, 2022 at 12 p.m.
Tax Clinics
Toronto Roubina Chapter

We would like to thank Mr. John Satouri for dedicating his time in support of ARS Social Services Office.

Շնորհակալութիւն Պր Ճօն Սադուրիին իր սիրայօժար աշխատանքին ի նպաստ՝ ՀՕՄ-ի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին։
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի կազմակերպած ուտեստեղէնի հաւաքը
March 5 to Apirl 25, 2022
Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ ամեակի նուիրուած՝ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի կազմակերպած ուտեստեղէնի հաւաքը յաջողութեամբ հասաւ իր աւարտին:
Շնորհիւ ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն եւ գաղութի նուիրատուներուն, North York Harvest Food Bank-ին յանձնեցինք շուրջ 580 բաունտ ուտեստեղէն:
Շնորհակալութիւն բոլոր մասնակցողներուն ձեր աջակցութեան համար:

The Food Drive organized by the ARS Toronto Roubina Chapter Social Services Office, in memory of the 107th anniversary of the Armenian Genocide, was successfully completed.
Thanks to ARS members and community supporters, we were able to deliver about 580 lb. of food to the North York Harvest Food Bank.
To all participants, thank you for helping us support our community.