Volume 38- Special Edition, December 12, 2023
ՀՕՄ-ի «Արցախի ընտանիքներու դրամահաւաք»ը կը շարունակուի

Ինչպէս որ տեղեակ էք արդէն, վերջին ամիսներուն հայ ազգը կը դիմագրաւէ հսկայական մարտահրաւէրներ Արցախի հայաթափման հետեւանքով: Այլ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը Գանատայի մէջ եւս գործի լծուեցաւ իր միջոցներով ձեռք երկարելու Արցախի բռնագաղթի ենթարկուած ընտանիքներուն օգնութեան ծրագրին:
Այսպէս, համագանատական բնոյթով ստեղծուած Միացեալ Մարմինը, 26 Հոկտեմբեր 2023-ին, գումարեց իր առաջին ժողովը, լայնածաւալ հանգանակային արշաւ մը կազմակերպելու նպատակով: Սոյն Միացեալ Մարմնին մաս կազմեցին շուրջ 27 ներկայացուցիչներ եւ աշխատանքը համակարգելու համար նշանակուեցան զոյգ ատենապետներ՝ Օնթարիօ եւ Քէպէք նահանգներու իբրեւ ներկայացուցիչներ:
Վերոյիշեալ անդրանիկ ժողովին որոշուեցաւ ենթայանձնախումբ մը յառաջացնել առցանց աճուրդ մը կազմակերպելու նպատակով: Իրարայաջորդ հինգ շաբաթներու ընթացքին, նորակազմ ենթայանձնախումբի անդամներու ժրաջան աշխատանքին եւ անխոնջ ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղաւ 338 արժէքաւոր նուէրներ ապահովել ընկեր-ընկերուհիներու, բարեկամներու, ծանօթներու եւ արուեստագէտներու աջակցութեամբ:
Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր, 2023-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00 տեղի ունեցաւ սպասուած աճուրդը:
Ուրախ ենք յայտարարելու, որ հակառակ տիրող սղաճին եւ տնտեսական դժուար պայմաններուն, աճուրդը հասաւ իր նպատակին: Մինչեւ առցանց աճուրդի փակումը «ծախուած» ապրանքներու թիւը հասած էր աւելի քան 240-ի։ Միեւնոյն ատեն կը կատարուէին նիւթական նուիրատուութիւններ: Այդ օրը ընդհանուր առմամբ կարողացանք հանգանակել $41,950: Առ ի գիտութիւն բոլորիդ, յայտնենք որ մինչեւ օրս Հայաստան ուղարկած ենք $80,000 ԱՄՆ տոլար:
Այս առթիւ յատուկ շնորհակալութիւն կ՚ուզենք յայտնել բոլոր նուիրատուներուն եւ մեր բոլոր աջակիցներուն: Այսօրուան դրութեամբ մեր մօտ եղած գումարը հասած է շուրջ $270,000:
«Արցախի ընտանիքներու դրամահաւաք»ը Սեպտեմբեր 23-էն ի վեր սկսած է եւ տակաւին կը շարունակուի: Մեր թիրախն է կէս միլիոնի հասնող գումար մը ապահովել տեղահան ընտանիքներուն հոգերը մասամբ մը թեթեւցնելու համար:
Ինչպէս գիտենք, Կաղանդը կը մօտենայ: Չմոռնաք, որ անոր իմաստը՝ նուիրելու մէջ կը կայանայ:
Ուստի, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը դարձեալ կոչ կ՚ուղղէ այն հայրենակիցներուն, որոնք տակաւին նուիրատուութիւններ չեն կատարած եւ կը խնդրէ իրենցմէ նիւթական աջակցութիւն բերել Արցախի ընտանիքներուն:

Նիւթական օժանդակութիւնը կարելի է ուղարկել.-
1) Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Relief Society of Canada,
3401 Olivar Asselin, Montreal, QC H4J 1L5
2) Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/
սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Artsakh fund-ը՝
3) Ե-փոխանցումով (E-transfer), ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ե-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca
Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել, թէ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Արցախի ընտանիքներու օժանդակութեան (Artsakh fund), որուն դիմաց պիտի ստանաք տուրքէ զերծ ստացագիր:
Յառաջիկայ ամիսներուն Գանատայի տարածքին հանգանակուած բոլոր գումարները ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան միջոցաւ պիտի յանձնուին ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորին։

Ընկերական Բարեւներով

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
Կարելի է դիտել «Հայրենիքիս մէջ, Հայրենիքիս Կարօտով» վաւերագրական հակիրճ ժապաւէնը սոյն կապով

Գանատայի Միացեալ Մարմինը Ժողովի ընթացքին