|
2025 «ՀՕՄ-ի Օր»-ուան Տօնակատարութիւնները Գանատայի տարածքին
2025 ARS Day Celebrations Across Canada
| | |
ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի «Արազ» Մասնաճիւղ
29 Մարտ, 2025-ին, Վանգուվըրի ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղը տօնեց ՀՕՄ-ի Օրը, ՀՕՄ-ի 115-ամեակը եւ Գանատայի Շրջանի 35-ամեակը շքեղ ճաշկերոյթի մը ընթացքին, Հայ Կեդրոնի Լազարեան սրահէն ներս: Օրուան պատգամաբերն էր Գանատայի Շրջանային վաչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեան։
Տօնակատարութիւնը ունէր պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը, որմէ անմիջապէս ետք կատարուեցաւ 15-25-35-50 տարիներու ծառայութեան զարդասեղներու եւ 60-ամեայ ծառայութեան յատուկ գնահատագիրի տուչութիւնը:
ՀՕՄ-ի ամեակներու նշումը առիթ մը եղաւ մեր ուխտի վերանորոգման:
| | | |
ՀՕՄ-ի Սէնթ Գաթրինզի «Արազ» Մասնաճիւղ
ՀՕՄ-ի Սէնթ Գաթրինզի «Արազ» Մասնաճիւղի «ՀՕՄ-ի Օր»-ուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 3 Մայիս, 2025-ին, Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս հոգեւոր հօր, պատկան մարմնի, հիւրերու, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամներ` ընկհ. Վարդուկ Պարտագճեանի, ընկհ. Մարալ Միսիրեանի եւ մասնաճիւղի անդամներուն եւ Վարչութեան ներկայութեամբ։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց ընկհ. Մարիա Քէշիշեան։ Ան ձեռնարկը բացուած յայտարարեց Գանատայի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով, ապա ներկաները հրաւիրեց վարկեան մը յոտնկայս, յարգելու յիշատակը մեզմէ առյաւէտ հեռացած ՀՕՄուհիներուն։
Ճաշի օրհնութիւնը կատարեց արժանապատիւ Տէր Վարդան Մանուկեան։
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան «Անուշ» պարախումբի պարման-պարմանուհիները, ներկայացնելով բունջ մը հայկական պարեր։
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ընկհ. Վարդուկ Պարտագճեան։ Ան վեր առաւ 115 ամեայ ՀՕՄ-ին անխափան երթը եւ բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղի նուիրեալ եւ անձնուրաց ընկերուհիներուն կամաւոր հաւատքն ու եռանդը, որոնք ՀՕՄ-ի պայծառ դրօշին ներքեւ կը շարունակեն վառ պահել ՀՕՄ-ի ուխտեալ լոզունքը՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ։
Ձեռնարկը կը յատկանշուէր օրուան թագուհիին ընտրութեամբ, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն միջեւ։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ ՀՕՄ-ի խորհրդանշական կարկանդակի հատումով, մասնաճիւղի բոլոր անդամներուն մասնակցութեամբ։
| | |
ՀՕՄ-ի Համիլթընի «Արեւ» Մասնաճիւղ
ՀՕՄ-ի Համիլթընի «Արեւ» Մասնաճիւղի «ՀՕՄ-ի Օր»-ուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Յունիս, 2025-ին, Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս Հոգեւոր հօր, պատկան մարմնի, հիւրերու, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Վարդուկ Պարտագճեանի, Թորոնթոյէն ընկհ․ Նաթալի Մանուկեանի եւ ընկհ․ Անի Գրիգորեանի, մասնաճիւղի անդամներուն եւ վարչութեան ներկայութեամբ։
Ճաշի օրհնութիւնը կատարեց արժանապատիւ Տէր Հրանդ Մանուկեան։
Վրամեան կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց ընկ․ Արիս Աբգարեան։
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ընկհ. Վարդուկ Պարտագճեան։
«Արեւ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ ընկհ․ Արմիկ Թովմասեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանին 35 եւ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 115 ամեակները, բարձր գնահատեց մասնաճիւղի անդամներուն ներդրումը, որ կը նպաստէ մասնաճիւղին գոյատեւման եւ վերելքին։
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան՝ Ալին Թօփճեան, մեներգելով փունջ մը հայկական երգեր, Գոհար Վարդանեան՝ ասմունքով, իսկ Ռուպինա Օհան՝ մենապարով։
«Արեւ» մասնաճիւղի երկար տարիներու ծառայութեան գնահատագիրին արժանացան ընկերուհիներ՝ Մարի Պոյաճեան եւ Սիրան Թէրզեան։
Մասնաճիւղի Վարչութեան երկարամեայ ատենապետութեան գնահատագիրին արժանացան ընկերուհիներ՝ Նաթալի Մանուկեան եւ Մէլինէ Ճէննապեան։
Եօթանասունմէկ տարիներու իր վաստակին առ ի գնահատանք՝ վարչութիւնը ծաղկեփունջով գնահատեց ընկհ․ Նուարդ Վարդանեանը։
Առ ի երախտագիտութիւն երկար տարիներու իրենց ունեցած Համիլթընի համայնքային կեանքի վերելքին եւ հայապահպանման առաքելութեան՝ վարչութիւնը յուշանուէրներով գնահատեց ՀՕՄ-ի Միօրեայ վարժարանին նուիրեալ հին ու նոր ուսուցիչները՝ տնօրէն Ռաֆֆի Ճէննապեան, Հայկուհի Պէքմէզեան, Աղաւնի ժամկոչեան, Արփի Մաթեան, Վարսենիկ Փափազեան, Վարսենիկ Անտոնեան եւ Ռուզան Աբգարեան։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ ՀՕՄ-ի խորհրդանշական կարկանդակի հատումով, մասնաճիւղի բոլոր անդամներուն մասնակցութեամբ։
| | |
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղեր
Հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, նախագահութեամբ Ալիս Մարգարեանի, Կիրակի, 4 Մայիս 2025-ին, կ.ե. ժամը 4-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «ՀՕՄ-ի Օր»ուան տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեանի, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի անդամ Դալար Լեհիմճեանի, Մոնթրէալի եւ Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վանա Նազարեանի, Սեդա Թօփուզեանի եւ Մարի Տերոսի, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ օրուան պատգամաբեր Լուսին Փալանճեանի, եւ անդամներուն՝ Վալերին Կէօքճեանի, Արփի Սանոսեանի, Քրիստին Աֆարեանի եւ Աստղիկ Խաշընցեանի, պատկան մարմիններու, քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, մեծ թիւով ՀՕՄ-ուհիներու եւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան հաւատացողներու հոծ բազմութեան:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի օրհներգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերուն անցնող տարեշրջանին ընթացքին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ընկերուհիներուն: Օրուան հանդիսավար Կարին Գասապեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով, որուն մէջ ըսաւ. «Այս տարի մենք կը տօնենք Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակը եւ միաժամանակ կը նշենք Գանատայի մէջ գործունէութեան 35-ամեակը: 1910-ին, երբ ՀՕՄ-ը հիմնադրուեցաւ, անոր նպատակն էր ծառայել, մասնաւորապէս աջակցիլ, թիկունք կանգնիլ մեր իրաւազրկուած ժողովուրդին, բարելաւելով անոր կենցաղային պայմանները մեր պատմութեան դժուար ժամանակի ընթացքին: Եւ մինչեւ այսօր, ՀՕՄ-ն ու ՀՕՄ-ականը կը մնան զոհողութեան եւ յանձնառութեան փաստը: ՀՕՄ-ականը կը ծառայէ սիրով, կը գործէ խղճով եւ կ’աշխատի մեր ժողովուրդի վերելքին ի նպաստ ամէն տեղ եւ բոլոր ժամանակներու ընթացքին: Թէեւ ժամանակներն ու աշխարհը փոխուած են, սակայն ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը մնացած է նոյնը՝ ծառայել առանց ակնկալութեան, զօրակցիլ առանց նախապայմաններու, եւ պայքարիլ առանց դադարի»: Ապա ան ներկայացուց օրուան նախագահ Ալիս Մարգարեանի կենսագրութիւնը, որմէ ետք փունջ մը աշուղական երգերով հանդէս եկաւ Մանուէլ Աշըգեան:
Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերու ատենապետներ՝ Ալին Հատիտեան եւ Սօսի Չնկըրեան, սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին զոյգ մասնաճիւղերուն 2024-2025 տարեշրջանի գործունէութեան զեկոյցը, որուն յաջորդեց Երեւանի Պետական Երաժշտանոցի դասախօս Կարէն Մանուչարեանի, Կոմիտասի «Կռունկ»-ին ու Առնօ Պապաճանեանի «Թանկօ»-ին ջութակով կատարողութիւնը: Անկէ ետք զոյգ մասնաճիւղերու ատենապետներն ու Շրջանային վարչութեան ատենապետը, Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեանի յանձնեցին Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տարեկան յատկացումը:
Հանդիսավարը օրուան բանախօսը ներկայացնելէ ետք բեմ հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեան, որպէսզի փոխանցէ օրուան պատգամը: Փալանճեան նախ ուրախութեան ու հպարտանքի զգացումները արտայայտելով ըսաւ. «Այսօր որքան կը խայտայ մեր հոգին ի տես մեր սիրելի կազմակերպութեան ծաւալուն գործունէութեան, ազնիւ նպատակներ նուաճած ըլլալու արդար հպարտութեամբ: Վերոյիշեալ առիթներով կ’արժէ յիշել եւ խոնարհիլ յիշատակին դիմաց այն բոլոր ՀՕՄ-ուհիներուն, որոնք տասնամեակներու ընթացքին եկան ու անցան այս մեծ միութեան հնոցէն, իրենց հետքն ու դրոշմը ձգելով անոր պատմութեան էջերուն մէջ», ապա յիշեց Գանատայի մէջ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան գործընթացը՝ ըսելով. «Հաւանական թիւրիմացութեան առաջքը առնելու համար յիշեցնեմ, որ Գանատայի մէջ 1911 թուականէն սկսեալ մասնաճիւղեր գոյութիւն ունեցած են, որոնք կը գործէին որպէս Հիւսիսային Ամերիկայի ընդհանուր կազմի լիիրաւ մասնիկներ: Հայութեան թիւի աճին հետ, կարիք զգացուած էր առանձին շրջան դառնալու: Այս մէկը վարչական բնոյթ ունեցող պարզ ընթացք մըն էր», եւ աւելցուց. «Պահ մը մեր ակնարկը դարձնենք Գանատայի ՀՕՄ-ի պատմութեան, պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս ՀՕՄ-ը առանձին շրջան դառնալէ ետք բնաւ չտկարացաւ, այլ դարձաւ գանատահայութեան պարծանք բերող կազմակերպութիւն: Թիւով ընդամէնը 1260 անդամ հաշուող մեր կազմակերպութիւնը իր բեղուն գործունէութեամբ եւ հաւատքով ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին պատիւ բերող շրջան մը դարձաւ: Առանձին շրջան դառնալէն անմիջապէս ետք կազմակերպեց Գանատայի մասնաճիւղերը, հիմնեց երեք նոր մասնաճիւղեր, շարունակեց նախկին բոլոր ծրագիրները եւ ստանձնեց ուրոյն պատասխանատուութիւններ, ինչպէս օրինակ մեծաթիւ որբերու խնամակալութիւն, Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի եւ Հադրութի Մեծ Թաղեր գիւղի մանկապարտէզի վերանորոգումն ու մնայուն հոգատարութիւնը»:
Բանախօսը նաեւ յիշելով ՀՕՄ-ի ներդրումը Գանատայի տեղական կարիքներուն պարագային, ինչպէս նաեւ կրթական մարզէն ներս, ըսաւ. «ՀՕՄ-ի Գանատայի մասնաճիւղերը ոգի ի բռին աշխատեցան հասնելու մեր գաղութի տեղական բոլոր կարիքներուն, նոյնիսկ հասնելով Գանատայի ահազանգային կարիքներուն, ինչպիսին էր պարագան Գանատայի անտառային հրդեհներու աղէտի ժամանակ կամ թագաժահրի շրջանին հիւանդանոցներու դիմակներ տրամադրելու պարագային: Իսկ եթէ Գանատայի տարածքին պահ մը նայինք ՀՕՄ-ի առաքելութեան կրթական մարզէն ներս, հոն եւս կը նկատենք հետեւեալները. կրթական օճախներ հիմնելով, ղեկավարելով կամ նպաստելով մեր զաւակներուն հոգիներուն մէջ դրած ենք ու կը շարունակենք դնել հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն, սէր հայ գիրի, հայ լեզուի, հայ մշակոյթի, հայոց պատմութեան եւ այն բոլորին հանդէպ, որոնք մեզի համար սրբազան նկատուած արժէքներ են: ՀՕՄ-ուհիներս օժանդակած ենք եւ պիտի շարունակենք օժանդակել մեր դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն, շաբաթօրեաներուն, ճամբարներուն, պատանիներուն, եւ համալսարանական ուսանողներուն»:
Անահիտ Պալեան հանդէս եկաւ Համաստեղի «Հայու ոգին» ասմունքով, ապա տեղի ունեցաւ զարդասեղներու տուչութիւն:
Ձեռամբ զոյգ մասնաճիւղերու ատենապետներուն, 15-ամեայ անդամակցութեան զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան, Մոնիքա Տէր Մինասեան, Արաքսի Ֆերմանեան, Մարի Գաֆաֆեան եւ Թամար Եաղճեան, բացակայ էին՝ Անի Քէօսէեան եւ Սօսի Գոճանեան: Նոյնպէս 25-ամեայ անդամակցութեան զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Սեդա Իսկէնեան, Վարդուհի Կարապետեան, Մարալ Նազարեան եւ Սօսէ Տիմիթեան, բացակայ էին՝ Սիլվիա Գույումճեան, Արփի Մարկորեան, Սօսի Նոյեմի, Ալիս Մոմճեան Ռավարի, Անահիտ Սարգիսեան եւ Հուրի Սինթիա Թորիկեան, իսկ Լաւալէն՝ Հուրի Անտոնեան եւ Նելլի Պարսեմեան, բացակայ էր Վարդուհի Յովհաննէսեան:
Ձեռամբ Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներ Աստղիկ Խաշընցեանի եւ Վալերին Կէօքճեանի, 35-ամեայ զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Սիլվա Գարբուզեան, Արտեմիս Մկրտիչեան եւ Հուրի Զաքարեան, բացակայ էին՝ Լենա Արզումանեան, Այտա Տէր Ասատուրաեն, Սիրան Տիանա Տիմիթեան, Նորա Գաթարոյեան, Թալին Շահպազեան, Շնորհիկ Զոպոյեան եւ Թամար Գապասաքալեան, իսկ Լաւալէն՝ Մարալ Յովսէփեան, Վերժին փուչիկեան, Մարօ Պէրէճիքլեան, Մարինա Պչաքճեան եւ Գոհար Թորիկեան Գարակէօզեան, բացակայ էր Ժոժօ Պետրոսեան: Բացակայ էին նաեւ Մոնթրէալէն 50-ամեայ զարդասեղ ստացող Ռիթա Շապոյեան եւ Աստղիկ Շամլեան:
Ձեռամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետին, 60-ամեայ անդամակցութեան Պատուոյ Գանահատագիր ստացաւ Լաւալէն Մարի Մարգէեան Եահնէեան, բացակայ էր Անայիս Սեւակեան Տիմիթեան, իսկ Մոնթրէալէն Անահիտ Տիմիթեանի բացակայութեան պատճառաւ գնահատագիրը յանձնուեցաւ թոռան՝ Վանէ Տիմիթեանի, բացակայ էր նաեւ Սիրվարդ Շայն:
Բեմ բարձրացան ՀՕՄ-ի զոյգ մասնաճիւղերուն նորագիր անդամները եւ «ՀՕՄ-ի Օր»ուան Միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Ազգանոյշ Հատիտեանի կնքամայրութեամբ կատարեցին երդման արարողութիւնը:
Հանդիսավարին շնորհակալական խօսքով եւ Արժ. Տէր Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեանի «Պահպանիչ»ով աւարտեցաւ ձեռնարկը:
| | |
ՀՕՄ-ի Գամպրիճի «Մեղրի» Մասնաճիւղ
ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղի կազմակերպած ՀՕՄի օրուայ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 1, 2025։ Նշուեցաւ երեք յոբելանական առիթներ, ՀՕՄի 115ամեակը, Գանատայի շրջանի 35ամեակը եւ Գէմպրիճի մասպաճիւղի 114 ամեակը եւ վերակազմաւորման 60 ամեակը։
Ներկայութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի, հոգեւոր հայրերու, Գանատայի կեդրոնական վարչութեան ներակայացուցիչ ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի, շրջանային վարչութեան ներակայացուցիչ ընկհ. Մարալ Միսիրեանի, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ բազմաշատ ներկաներու։
Երեկոն աչքի ինկաւ իր գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով, ուր հիւրերը վայելեցին մշակոյթին, նուիրումին եւ երաժշտութեան գեղեցիկ խաչմերուկը։ Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան երկարամեայ նուիրեալ ծառայողները, ինչպէս նաեւ յանձնուեցաւ յուշանուէրներ այն անհատներուն, որոնք տարիներ շարունակ եղած են ՀՕՄ-ի հաւատարիմ նեցուկը։ Ապա կատարուեցաւ աւանդական կարկանդակի հատումը կազմակերպութեան երեցագոյն անդամներու կողմէ, որ կը խորհրդանշէր սերունդներու կապն ու շարունակականութիւնը։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր սրտի խօսքով եւ պահպանիչով։ Թողելով սրտերու մէջ հպարտութիւն, երախտագիտութիւն եւ նուիրումի նոր ոգի։
Ետքը ներկաները հիւրասիրուեցան սիրով պատրաստուած գեղեցիկ ուտեստեղէններով եւ քաղցրեղէններով լեցուն սեղան մը, որ ամբողջացուց ոգեւորութեան եւ միասնականութեան ջերմ մթնոլորտը։
| |
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղ
Հայ Օգնութեան Միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի 62-րդ ամեակի «ՀՕՄ-ի Օր»-ուան տօնակատարութիւնը, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ, Կիրակի, 6 Ապրիլ 2025-ին, Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս։ Հայ հոգեւոր հայրերու, պատկան մարմնի, քոյր միութիւններու, պաշտօնական հիւրերու, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամներ` Ընկհ. Մարալ Միսիրեանի եւ Ընկհ. Վարդուկ Պարտագճեանի, մասնաճիւղիս Վարչութեան եւ ՀՕՄ-ուհիներու կողքին, հրաւիրուած էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ` Ընկհ. Արուսեակ Մելքոնեանն ու Գանատայի Ներկայացուցիչ` Ընկհ. Արմինէ Կարապետեանը։
Օրուան հանդիսավար` Ընկհ. Լուսին Թէճիրեան ողջունեց ներկաները, ապա` բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսով եւ նպատակասլաց գործող Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115 եւ Գանատայի Շրջանի 35 ամեակներուն։ Ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի դերը` աւանդութիւններու, սովորութիւններու եւ մշակոյթի տարածման ու պահպանման գործընթացին։
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղին միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը ներկայացուց մասնաճիւղիս ատենապետ` Ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլին։
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան` մեներգող Տիկ. Անուշ Գալստյան եւ դաշնակահար Տիկ. Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեան, Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը` ԱՄՆ-էն յատկապէս հրաւիրուած Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկհ. Արուսեակ Մելքոնեան։ Ընկերուհին բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ուհիներն ու անոնց տարած անշահախնդիր եւ նուիրեալ ծառայութիւնները։ Ան ըսաւ.- «Հայ ժողովուրդին եւ Հայ Օգնութեան Միութեան պատմութիւնները իրարու միահիւսուած են։ Պատմաքաղաքական այն հոլովոյթը, որ ապրեցաւ հայութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան 115 ամեայ պատմութեան վրայ իր անջնջելի ազդեցութիւնը ձգած է եւ մեր միութեան տուած է վիթխարի փորձառութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք վերընձիւղուած հայ ժողովուրդին ծառայելու խոր գիտակցութիւնը առաւել ամրապնդելով։ Այսօր Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը գործէ քսանվեց երկիրներու մէջ եւ ասիկա անժխտելի ապացոյց մըն է, թէ ՀՕՄ-ը իր վեթերաններուն եւ անդամներուն նուիրումին շնորհիւ վերածուած է համահայկական մեծ կազմակերպութեան մը»։ Ինչպէս նաեւ տեսերիզի վրայ ցուցադրեց Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութիւնն ու նիւթական յատկացումները սփիւռքի եւ Հայաստանի տարածքին։ Ընկհ. Արուսեակ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ի մասնաւորի Գանատայի Շրջանի ՀՕՄ-ուհիներուն ժրաջան աշխատանքը, իրագործումներն ու կատարած նիւթական յատկացումները։
ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Ատենապետ` Ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլին բանախօսին նուիրեց ապակեայ շրջանակի մէջ զետեղուած ձեռակերտ ասեղնագործ մը։ Մասնաճիւղիս հաստատած իւրայատուկ նախաձեռնութիւններէն մէկն է կրթաթոշակներու տուչութիւնը, գաղութիս առաջնակարգ եւ փայլուն արդիւնքներու տիրացած հայ ուսանողներուն։ «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Ատենապետ` Ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլիի ձեռամբ տասնմէկ համալսարանական եւ ուսումնարանի աշակերտներու յանձնուեցան մրցանակ-կրթաթոշակները, իսկ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղին հաստատած տարուան «Երիտասարդ Կամաւոր»ի մրցանակին արժանացաւ` Քարմէն Տին, որ փոքր տարիքէն ՀՄԸՄ-ի, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ ԳԵՄ-ի շարքերէն ներս ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ, իսկ Ներկայիս` վարչութեան անդամ է եւ իր ներդրումը կը բերէ միութենական աշխատանքներուն։
Կրկին, գեղարուեստական ընմիջումով մթնոլորտը ջերմացուցին` մեներգող Տիկ. Անուշ Գալստյանն ու Դաշնակահար Տիկ. Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեան, «Ծաղկած Բալենի» եւ «Երգիր Ինձ Համար» երգերով։
Սոյն ձեռնարկի ընթացքին պարգեւատրուեցան գաղութիս արժանաւոր անձնաւորութիւններ, որոնք մեծապէս` նպաստած եւ մեծ ներդրում ունեցած են գաղութիս ազգային վերելքին ու բարգաւաճման, լաւագոյնս դրսեւորելով հայ թէ օտար համայնքներու մէջ։ ՀՕՄ-ի Օրուան առաջին մեծարեալն էր Տիար Նշան Աթիքեան, որ երկար տարիներ շարունակ, մեծապէս նպաստած է Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Երկրորդ մեծարեալը` Բժշկհ. Ընկհ. Անի Հասըրճեանն էր, որ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի շարքերէն ներս, մեծ նուիրուածութեամբ եւ աշխոյժ գործունէութեամբ, իր ներդրումը կը բերէ Թորոնթոյի հայ գաղութին եւ հայ ժողովուրդին։
Երրորդ մեծարեալը` փաստաբան Տիար Րապըրթ Պապ Ատուրեանն էր, որ Հայ Կեդրոնի հիմնադրութեան առաջին օրերէն ի վեր իրաւաբանական եւ մասնագիտական ցուցմունքներով իր օժանդակութիւնը` բերած ու նպաստած է գաղութիս բարգաւաճման։
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ ՀՕՄ-ի անդամակցութիւն ունեցող մասնաճիւղիս ընկերուհիներուն` գնահատագիրներու եւ զարդասեղներու պարգեւատրումով։
60 տարիներու ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիները, իրենց առողջական պայմաններու պատճառով, ներկայ չկրցան գտնուիլ տօնակատարութեան։
50 տարուան գնահատագիրներն ու զարդասեղները յաննձուեցան` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկհ. Արուսեակ Մելքոնեանի եւ Կեդրոնական Վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի ձեռամբ։ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ մասնաճիւղիս ներկայացուցիչ Ընկհ. Մարալ Միսիրեանի ձեռամբ կատարուեցաւ 35 տարուան անդամակցութեան զարդասեղներու յանձնումը, իսկ 25 տարուան անդամակցութեան զարդասեղներու տուչութիւնը կատարուեցաւ Շրջանային Վարչութեան անդամ Ընկհ. Վարդուկ Պարտագճեանի ձեռամբ։ Ապա` մասնաճիւղիս ատենապետ Ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլիին ձեռամբ տրուեցան 15 տարուան անդամակցութեան զարդասեղները։
Ապա` տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի տեսլականն ու ապագայատեսիլ յոյսը խորհրդանշող, 16 նորագիրներու երդման արարողութիւնը, կնքամայրութեամբ` Ընկհ. Հուրի Նաճարեանին։
ՀՕՄ-ի աւանդական մոմավառութիւնն ու խորհրդանշական կարկանդակի հատումը կատարեցին մասնաճիւղիս երիցագոյն անդամ` Ընկհ. Նուարդ Գրիգորեան, որ ՀՕՄ-ի ջահը վառելով, փոխանցեց կրտսերագոյն անդամ` Ընկհ. Փաթիլ Սիմոնեանին, ՀՕՄ-ի մշտավառ կաթեղը վառ պահելու եւ սերունէ սերունդ փոխանցելու նպատակով։
| | |
«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար» - 115 Տարի Անխոնջ Նուիրում
“With the People, For the People” - 115 Years of Unwavering Service
| | | | |