|
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղեր
Հովանաւորութեամբ՝ ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութ եամբ՝ ՀՕՄի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, Կիրակի, 3 Մայիս 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Ահարոնեան սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ «ՀՕՄ-ի օր» ուան հանդիսաւոր ձեռնարկ ներկայութեամբ ՝ Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տէր Գառնիկ Աւագ քահանայ Գոյունեանի: Օրուան բանախօս «Հորիզոն Մետիա»ի խմբագիր Սեւակ Պէլեանի․Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու․ Ս․ Յակոբ եւ Ս․ Գէորգ եկեղեցիներու Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներու․ Հանդիսութեան նախագահ ընկհ․ Զապէլ Կիւլեանի․ ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ․ Լիւսի Շահինեանի եւ անդամներու․ Պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով ՀՕՄուհիներու․ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը երկու մասնաճիւղերէն 2026-ին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած անդամներուն, որմէ ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան հինդիսավարներ՝ Ալին Մանկէլեան եւ Մարալ Տունկեան, ապա ներկայացուեցաւ օրուան նախագահ ընկհ․ Զապէլ Կիւլեանի կենսագրութիւնը, ան իր սրտին խօսքը տալով ըսաւ․
« ՀՕՄի երդումի վերանորոգման օրն է այսօր:
Ընկերուհինե՛ր, շարունակենք նոյն վճռակամութեամբ մեր աջակցութիւնը բերել ՀՕՄ-ին , եւ թող մեր օրինակը վարակիչ ըլլայ նոր սերունդին»:
Հերթաբար ներկայացուեցան ՝ թատերական զաւեշտ մը․ 2025 -2026 տարեշրջանի զոյգ մասնաճիւղերուն գործունէութիւնը տեսերիզի ցուցադրութեամբ․ որմէ ետք Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանի տարեկան յատկացումը յանձնուեցաւ հոգաբարձութեան ձեռամբ զոյգ մասնաճիւղերու եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեանց ատենապետուհիներուն։ Օրուան բանախօսին հակիրճ կենսագրականի ընթերցումէն ետք, ան փոխանցեց իր պատգամը, ուր ըսաւ․ «Այն պահուն, երբ պետականութիւնը կը բացակայէր մեր կեանքէն, երբ հայրենիքը կը բզկտուէր ու կ’արիւնաքամուէր, ՀՕՄ-ը դարձաւ այն «ոչ- պետական պետականութիւնը» որ ստեղծեց դպրոց, դարմանատուն, որբանոց եւ, ամենակարեւորը՝ ստեղծեց յոյսի ու վստահութեան մթնոլորտ»: «ՀՕՄ ը այդ անսպառ աղբիւրն է , որ դարեր շարունակ ջուր տուած մեր ինքնութեան արմատներուն։ Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը յանուոն ազգի եւ հայրենիքի»
Ըստ աւանդութեան, զարդասեղներու տուչութիւն տեղի ունեցաւ 15- 25- 35 եւ 50 տարիներու ծառայող ՀՕՄուհիներուն։
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գնահատագիր ստացան․
50-ամեայ ծառայութեան․
ընկերուհինր՝
Սօսէ մասնաճիւղէն՝ Անայիս Տէրտէրեն, իսկ Շուշի մասնաճիւղէն՝ Սրբուհի Բաբխեան, Ծովիկ Շահինեան եւ Էլիզապէթ Հարպոյեան։
60-ամեայ ծառայութեան համարԿեդրոնական վարչութեան գնահատագիր ստացան Սօսէ մասնաճիւղէն ընկերուհիներ՝ Տիանա Հաճէթեան, Վանին Գապասաքալեան, Անահիտ Գաբրիէլեան, Անի Սերոբեան, Սեդա Թապաքեան եւ Յասմիկ Երեմեան։
75-ամեայ ծառայութեան համար նոյնպէս Կեդրոնական վարչութեան գնահատագիր ստացան Սօսէ Մասնաճիւղէն Մարի Խաչատուրեան եւ Անահիտ Մարգարեան։
Կնքամայրութեամբ «ՀՕՄի Օր»ուան հանդիսութեան միացեալ յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ․ Մարալ Պէրպէրեանի, 14 նորագիրներ ՀՕՄի երդումը կատարելով միացան երկու մասնաճիւղերուն։
Աւարտին Արժ. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեան փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը եւ աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:
|