Սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ,
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը այս տարի հանդիսաւոր կերպով պիտի նշէ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի հիմնադրութեան 35-Ամեակը:
Սոյն գրութեամբ կ'ուզենք ստորեւ դրուած յաւելեալ մանրամասնութիւնները փոխանցել ձեզի:
• Տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 28 Յունիս, 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամք Հայկ Մարգարեան մարզասրահէն ներս։
• Մուտքի նուէր՝ 85 տոլար:
• Տոմսեր ապահովելու համար դիմել
ընկերուհի Անի Գրալեանին, հեռաձայնելով 514-889-6771
ընկերուհի Սիւզի Պոյամեանին 514-779-8307
Վստահ ենք, որ պիտի մասնակցիք եւ ձեր ներկայութեամբ յաւելեալ փայլք մը պիտի ընծայէք այս պատմական նախաձեռնութեան:
Ընկերական բարեւներով՝
Հ.Օ.Մ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
|