Սիրելի ընկերուհիներ՝
22 Սեպտեմբեր,2024-ին Օթթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութեան հետ կարճ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Օթթաուայի մէջ: ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութենէն ներկայ էին՝ ընկհ.Լուսին Փալանճեան եւ Ընկհ.Քրիսթին Աֆարեան:
28-29 Սեպտեմբեր, 2024-ին ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջ.Վարչութիւնը լրիւ կազմով այցելեց եւ հանդիպումներ ունեցաւ Օնթարիոյի շրջանի հետեւեալ մասնաճիւղերու վարչական կազմերուն հետ՝
- Միսիսոկայի «Առագաստ»
- Թորոնթոյի «Ռուբինա»
- Համիլդընի «Արեւ»
- Ուինզըրի «Ռուբինա»
- Գէմպրիճի «Մեղրի»
Սէնթ Գաթրինզի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը բացակայէր սոյն հանդիպումներէն։
Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ներկայացուց ընթացիկ տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ յառաջիկայի ձեռնարկները, նաեւ ներկայացուցին իրենց դժուարութիւնները միասնաբար լուծումներ գտնելու նպատակով:
Հանդիպումները ընթացան ընկերային եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Ընթացքին վարչութեանս ատենապետ՝ Ընկհ. Լուսին Փալանճեան բարձր գնահատեց մասնաճիւղերու գործունէութիւնը եւ վարչութիւններուն կատարած յանձնառու աշխատանքը։
Ընկհ․ Լուսին Փալանճեան ներկայացուց ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային եւ Կեդրոնական Վարչութեանց յառաջիկայի հետեւեալ ծրագիրները:
-ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան հիմնադրութեան 115 ամեակի տօնակատարութիւն։
- ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 35 ամեակի տօնակատարութիւն։
- ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 27-րդ Պատգամաուրական ժողով 28-29 Յունիս, 2025։
Ընկերական Բարեւներով՝
ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
|