ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան

Քէպէքի Մասնաճիւղերու Այցելութիւն

23 Նոյեմբեր , 2024



Սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ,



23 Նոյեմբեր, 2024-ին, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջ.Վարչութիւնը լրիւ կազմով այցելեց եւ հանդիպումներ ունեցաւ Քէպէքի շրջանի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու վարչական կազմերուն հետ։

Հանդիպումները ընթացան ընկերային եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Ընթացքին վարչութեանս ատենապետ՝ Ընկհ. Լուսին Փալանճեան բարձր գնահատեց մասնաճիւղերու գործունէութիւնը եւ վարչութիւններուն կատարած յանձնառու աշխատանքը։ Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ներկայացուց ընթացիկ տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ յառաջիկայի ձեռնարկները։

Անդրադառնալով՝ ներկայ մարտահրաւէրներուն, արծարծուեցաւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղի մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները, ՀՕՄ-ի քարոզչական աշխատանքի, նոր անդամներ ներգրաւելու եւ անդամները պահելու կարեւորութիւնը, վարչութիւններու նիւթական պարտաւորութիւնները, եւ այլ մտահոգութիւններ։


Ընկհ․ Լուսին Փալանճեան ներկայացուց ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային եւ Կեդրոնական Վարչութեանց յառաջիկայի հետեւեալ ծրագիրները:

  • ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան հիմնադրութեան 115 ամեակի տօնակատարութիւն։
  • ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 35 ամեակի տօնակատարութիւն։
  • ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 27-րդ Պատգամաուրական ժողով 28-29 Յունիս, 2025։



Ընկերական Բարեւներով՝


ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղ

Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղ


DONATE Նուիրեցէք