|
Սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ,
Տարիներու աւանդութիւնը շարունակելով՝ ամէն տարուան Փետրուար ամսուն աշխարհի չորս ծագերուն կ'անմահացնենք յիշատակը միութեան հիմնադիր սերունդին ու անոր շարքերուն մէջ իրենց անսակարկ ծառայութիւնը մատուցած ՀՕՄ-ական բոլոր ննջեցեալներուն՝ խնդրելով Ամենակալէն, որ անոնց հոգիները լոյսի մէջ պահէ եւ երկնքի արքայութեան արժանացնէ:
1910-ին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը ծնունդ առաւ տէր ու պաշտպան կանգնելու հայ ժողովուրդին:Դարեր շարունակ, հակառակ բազում մարտահրաւէրներուն, փոխուող պայմաններուն, միութիւնը ապաւէնն ու նեցուկը եղաւ իւրաքանչիւր հայու, մնաց պատնէշի վրայ եւ առանց ընկրկումի կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը իր 10 մասնաճիւղերով նշեց յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած այն նուիրեալ փաղանքին, որոնք յոյսի եւ լոյսի փարոսը դարձան Հայ Օգնութեան Միութեան, որոնց գծած ուղիին հետքերով սերունդներ հաստատակամ քալեցին եւ թրծուեցան ՀՕՄ-ի հնոցին մէջ։
Հոգեհանգստեան պաշտօնները տեղի ունեցան Կիրակի՝ 22 Փետրուար 2026-ին Գանատայի տարածքին զանազան եկեղեցիներու մէջ՝ Մոնթրէալի Սբ. Յակոբ Առաջնորդարանիստ Մայր Եկեղեցւոյ , Թորոնթոյի Սբ․ Աստուածածին Հայոց Առք․ Եկեղեցւոյ, Վանգուվըրի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Օթթաուայի Սբ. Մեսրոպ եւ Լաւալի Սբ. Գէւորգ եկեղեցիներուն մէջ:
Իսկ Գէմպրիճի Սուրբ Նշան Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ աւելի քան 50 նուիրեալ ՀՕՄուհիներ, Օնթէրիօ շրջանի՝ «Մեղրի» «Արեւ» եւ «Առագաստ» մասնաճիւղերէ, համախմբուեցան յարգելու յիշատակը մեզմէ առհաւէտ հեռացած նուիրեալ ՀՕՄ-ի հիմնադրիրներուն, բարերարներուն եւ մահացած ընկեր-ընկերուհիներուն հոգւոյն ի յիշատակ։ 1 Մարտ 2026-ին Ուինզրի Սբ. Ստեփանոս եւ Սէնթ Գաթրինզի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեաց Առք. եկեղեցիներու մէջ նաեւ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան պաշտօններ:
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը իր 10 մասնաճիւղերով անգամ մը եւս ուխտեցին հիմնադիրներու տեսլականով զինուած, ամբողջական նուիրումով՝ միշտ հաւատարիմ մնալ՝ «ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ» ՀՕՄ-ի սրբազան տեսլականին։
Այս առթիւ յատկապէս հոգեհանգիստ խնդրուեցաւ հետեւեալ բարերարներուն հոգւոյն ի յիշատակ:
Խաչատուր Մալումեանի
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեաններու
Արաքսի Բրուտեանի
Սամուէլ եւ Աղաւնի Երեմեանի
Հայկանուշ Կարապետեանի
Նուպար Ճէսուրեանի
Բաստրմաճեան եղբայրներու
Մաննիկ Տայլէրեանի
Պօղոս Քէլեան Լինթեանի
Յարութիւն Եսայեանի
Անի Տէմիրճեանի
Վանուհի Իսաջանեան
Թէօլինտա Կարապետեանի
Արմէնուհի Փիլիկեանի
Արսէն Օհանեանի
Տիգրանուհի Արթինեանի
Վարուժան Պասթաճեանի
Գրիգոր եւ Ռազմուհի Շահինեաններու
Ծովակ Խաչերեանի
Պօղոս եւ Մարօ Սահակեաններու
Նայիրի Պօղոսեան- Նազարեանի
Ննջէ՜ք հանգիստ, մեզմէ հեռու, սակայն անդէնականէն միշտ մեզի հետ եղող ու միութենական աշխատանքին հսկող ընկերուհիներ, ձեր վառած ջահը անմար պահելու նպատակով կը շարունակէ գործել մեծաթիւ փաղանգ մը՝ միշտ հաւատարիմ ՀՕՄ-ի ուխտին։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Խունկ եւ աղօթք իրենց անմար յիշատակին։
Ընկերական բարեւներով՝
Հ.Օ.Մ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
|