12 Մարտ, 2020
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
«Առաւօտ Լուսոյ» Ա․ աղօթք

Կը կարդայ՝ Անի Փափազեան
(Ամենայն Սրբոց եկեղեցի, Կլենվիւ, Իլլինոյ)

ՄԵՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Սիրելի հաւատացեալներ,

COVID-19 (Coronavirus) համաճարակի եւ մեր թեմին պատկանող բազմաթիւ նահանգներու մէջ յայտարարուած արտակարգ իրավիճակի լոյսին տակ, սոյն գրութեամբ կը վերահաստատենք, որ մեր եկեղեցական համայնքի առողջութիւնն ու բարօրութիւնը առաջնահերթ են մեզի համար։ Այս պատճառով, կ՚ուզենք հաղորդել հետեւեալը.

1 .Մեծ Պահքի շրջանին, ինչպէս ծանօթ է, չեն գործադրուիր Ս. Պատարագի այն մասերը, որոնք սովորաբար ուղղակի շփում կ՚ենթադրեն (այսինքն՝ Հաղորդութիւնը, Ողջոյնը եւ Աւետարանը համբուրելը)։ Ապագային կը տեղեկացնենք Մեծ Պահքի յաջորդող շրջանին մասին։ 

2.Կը յորդորենք, որ Առողջապահական Կեդրոններու (հիւանդութիւններու վերահսկողութեան կեդրոններու) (Centers for Disease Control) ցուցմունքներուն հետեւիք.

ա) Ձեր ձեռքերը յաճախ լուացէք օճառով ու ջուրով՝ առնուազն 20 երկվայրկեան։

բ) Ձեր աչքերուն, քիթին եւ բերանին մի՛ դպնաք չլուացուած ձեռքերով։

գ) Անմիջական շփում մի՛ ունենաք հիւանդ մարդոց հետ։

դ) Եթէ COVID-19ը սփռուի ձեր համայնքին մէջ, կարելիին չափ հեռու մնացէք։ Ասիկա յատկապէս կարեւոր է այն անձերուն պարագային, որոնք լրջօրէն հիւանդանալու աւելի հակամէտ են։

ե) Հիւանդանալու պարագային՝ տուն մնացէք, բացի անկէ, եթէ բժշկական խնամքի կարիքը ունիք։

զ) Ձեր բերանն ու քիթը թաշկինակով ծածկեցէք հազալու կամ փռնգտալու ատեն եւ կամ ձեր արմուկի ներքին մասին մէջ ըրէք զանոնք։ Գործածուած թաշկինակները աղբաման նետեցէք եւ ձեր ձեռքերը անմիջապէս լուացէք։ Եթէ օճառ ու ջուր տրամադրելի չեն, ձեր ձեռքերը մաքրեցէք գէթ 60% ալքոլ պարունակող հականեխիչով։

Վերոյիշեալ կէտերուն կողքին, ներկայիս կ՚աշխատիմ Ազգային Վարչութեան անդամներուն կողքին՝ խորհրդակցելով մեր ծուխերու հովիւներուն հետ, Մեծ Պահքի շրջանէն ետք մեր հաւատացեալներուն առողջութեան եւ բարօրութեան ի խնդիր մեր եկեղեցիներուն մէջ աշխատանքային ծրագիր մը մշակելու համար։

Այս միջոցին, կը խնդրենք որ՝ իւրաքանչիւր ծուխի հոգաբարձութիւնը անհրաժեշտ աշխատանքը յառաջ տանի, որպէսզի եկեղեցին մաքուր եւ ախտահանուած ըլլայ ամէն շաբաթ եւ ձեռքերը հականեխելու հեղուկ տրամադրելի ըլլայ արարողութիւններու ընթացքին։

Մեր նպատակն է, որ մեր եկեղեցին յաճախող բոլոր հաւատացեալները հանգիստ ըլլան եւ ո՛չ թէ վախ զգան։ Եթէ եկեղեցի գալը անհանգստութիւն կը պատճառէ ձեզի եւ կ՚որոշէք տուն մնալ, վստահ եղէք որ լիովին պիտի հասկնանք այդ։ 

Նաեւ՝ եթէ վերջերս ճամբորդած էք երկրէն դուրս կամ շփման մէջ եղած՝ COVID-19է թերեւս վարակուած մէկու մը հետ, պէտք է տուն մնաք առնուազն երկու շաբաթ՝ ապահով ըլլալու համար, որ վարակուած չէք։
Գիտակից եղէք, որ բոլորս պէտք է այս պատուհասը անցընենք միասնաբար, իբրեւ հաւատքի համայնք, Ամենակալին վստահելով եւ աղօթելով, որ մեզ պահպանէ ամէն փորձութենէ։ Ինչպէս յաճախ կ՚աղօթենք․

« Պահպանիչ եւ յոյս հաւատացելոց, Քրիստոս Աստուած մեր, պահեա, պահպանեա եւ օրհնեա զժողովուրդս քո որ յառաջակայ, ընդ հովանեաւ սուրբ եւ պատուական խաչի քո ի խաղաղութեան: Փրկեա յերեւելի եւ յաներեւոյթ թշնամւոյն. արժանաւորեա գոհութեամբ փառաւորել զքեզ ընդ Հօր եւ ընդ Սրբոյ Հոգւոյդ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն »: 

(Քրիստոս, մեր Աստուածը, եւ հաւատացեալներուն պահապանն ու յոյսը, սուրբ եւ պատուական խաչիդ հովանիին տակ՝ խաղաղութեան մէջ պահէ, պահպանէ եւ օրհնէ այստեղ ներկայ ժողովուրդը։ Փրկէ՛ տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներէն, եւ արժանի ըրէ՝ գոհութեամբ փառաւորելու քեզ, Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն)։

 
Աղօթարար՝
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ ՋՆՋՈՒԱԾ Է
«Գառնըկի» համերգասրահի տնօրէնութիւնը ջնջած է երաժշտական բոլոր յայտագիրները մինչեւ Մարտ ամսուան վերջը՝ իբրեւ «քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման միջոց։ Հետեւաբար, «Միւզիքըլ Արմինիա»յի 37րդ տարեկան համերգը, որ տեղի պիտի ունենար այս Կիրակի, Մարտ 15ին, դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեանի, սոփրանօ Աննա Հայրապետեանի եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեանի մասնակցութեամբ, նոյնպէս ջնջուած է։ 

Եթէ ձեր տոմսը գնած էիք «Գառնըկի»ի միջոցաւ, հաճեցէք դիմել համերգասրահի տոմսարկղին՝ հատուցում ստանալու համար, իսկ եթէ գնած էիք Առաջնորդարանի միջոցաւ, հաճեցէք կապուիլ Սոֆիին հետ՝ 212-689-7810 թիւին։ 

«ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋԸ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ ՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է» 
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրեակին

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Շուտով պիտի ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակը։

Ոչ հեռու անցեալին, այս վայրագութիւններուն հեղինակները կը կարծէին, որ բոլոր յիշատակները պիտի մարին ու անհետանան՝ ժամանակի ընթացքին։ Թերեւս կրնար այդպէս ալ ըլլալ, յատկապէս եթէ ոճիրը ճանչցուած ու հատուցուած ըլլար։ Ասիկա դեռ պատահած չէ։

Ես ինծի հարց կու տամ. եթէ Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ ոճրային արարքներ կը գործուին, արդեօք այդ զոհերը վերստի՞ն զոհ կը դառնան՝ իրենց ձայնը բարձրացնելու համար։ Արդեօք կասկածելիները արդարութեան առջեւ չեն կանգնիր՝ թէկուզ դատարաններու գոյութիւնն ու անոնց գոյապատճառը արդարացնելու համար։ Եթէ այդպէս է, ուրեմն իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու շառաւիղներ, արդարութեան եւ միայն արդարութեան պահանջը՝ մեր իրաւունքն ու պարտականութիւնն է, այս աննախընթաց ողբերգութիւնը դիմագրաւելու համար, որ ամօթ բերած է հեղինակներու շառաւիղներուն, ինչպէս եւ անհանդուրժելի ցաւ ու հոգեխոց՝ զոհերու շառաւիղներուն։

Այս տարի կը նշուի նաեւ Սեւրի դաշնագրի եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի՝ թուրք-հայկական սահմաններու իրաւարարական վճիռի 100ամեակը։ Այս երկու իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ միջազգային համայնքը սկսած էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը, բայց երբեք չիրականացուցին։

Որքան շուտ վէրք մը կը բուժուի, այնքան աւելի լաւ մարմին մը կը ծաղկի։ Այս պարագային, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր հետեւող հատուցման գործընթաց մը պիտի ստեղծեն խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում շրջանին մէջ, ինչպէս եւ պիտի ծառայեն իբրեւ ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ազդակ։

Թող Աստուած մեզ ուղղէ Իր իմաստութեամբ՝ արդարութեան ճանապարհը հարթելու համար։ 

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Առաջնորդ

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՏԻԿ. ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԵՏ
Չորեքշաբթի, Մարտ 4ի երեկոյեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուած էր ԱՄՆի մօտ Հայաստանի դեսպանատան կազմակերպած գեղարուեստական ձեռնարկին՝ «Հայկական ոդիսական մը» խորագրով, Ուաշինկթընի Ազգային Մայր Տաճարին մէջ։ Ձեռնարկէն առաջ տեղի ունեցած հիւրասիրութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կնոջ՝ տիկ. Աննա Յակոբեանի, եւ Ուաշինկթընի մօտ դեսպան՝ տիար Վարուժան Ներսէսեանի հետ, որոնց յայտնեց իր բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները։ Նկարին մէջ կ՚երեւի Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Վիգէն արք. Այգազեանի, տիկ. Յակոբեանի, տիար Ներսէսեանի եւ իր կնոջ՝ տիկ. Նարինէ Մալխասեանի հետ։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, Մարտ 8ին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, ուր նախագահեց Ս. Պատարագին։ Պատարագին կը մասնակցէր նաեւ գաղութիս ծանօթ Գէորգ սրկ. Հաճեան, ոը կարճատեւ այցելութեամբ Նիւ Եորք կը գտնուէր։
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն շրջանաւարտ պրն. Հաճեան ներկայիս Հայաստան կ՚ապրի։ Աստուածատուր շնորհքով օժտուած, ան հայ հոգեւոր երաժշտութեան եւ ժողովրդական երգերու լաւագոյն մեկնաբաններէն մին կը հանդիսանայ։ Անցեալ շաբաթ, ան հրաւիրուած էր Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ՝ դպրեվանքի 90ամեակի տօնախմբութեան մասնակցելու։

ԴԷՊԻ ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ՏԵՍԻԼՔԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ
Վերջերս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի կողմէ հովանաւորուած միջեկեղեցական խորհրդակցութեան մասնակիցները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը քրիստոնէական միասնութեան դատին եւ կոչ ուղղեցին այս շարժման յոյս ունենալու՝ հակառակ քաղաքական աննպաստ պայմաններուն, յիշելով Հայ Եկեղեցւոյ դիմացկունութիւնը հսկայական դժբախտութեան դէմ յանդիման։ Եկեղեցական ղեկավարներն ու յարանուանական ներկայացուցիչները տարբեր երկիրներէ (Պուրունտի, Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ, Վատիկան, եւ այլն), կոչ ուղղեցին նաեւ միջեկեղեցական պատգամը թարմացնելու՝ այսօրուան մարտահրաւէրները նկատի ունենալով։

«Վայրը կը ներառնէր Հայոց Ցեղասպանութեան սրբազան յիշատակարաններ, որոնք կը յիշեն, թէ ինչպէ՞ս Աստուծոյ շնորհքն ու յոյսի ուժը պահած են Հայ Եկեղեցին ու ժողովուրդը գրեթէ աներեւակայելի հոգեխոցի ընդմէջէն», կ՚ըսէ տեղեկագիրը։

Աւելի քան մէկ դարու իր գոյութեան ընթացքին, առաջին անգամը չէ, որ միջեկեղեցական շարժումը կը դիմագրաւէ «ընկերային մեծ տեղաշարժ մը»։ Այսօր, էքիւմենիք շարժման մասնակիցները կը հաւատան, որ «տագնապի ժամանակ է, յիշելով, որ տագնապը անպայման անկումի նշան մը չէ, այլ առիթ մը՝ վճռական ու իրապաշտ գնահատման եւ անհրաժեշտ փոխակերպման»։

Անոնք կ՚ընդունին, որ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ութերորդ ընդհանուր ժողովի (Հարարէ, 1998) հրապարակած փաստաթուղթը՝ «Դէպի հասարակաց հասկացողութիւն եւ տեսիլք», կը պահէ իր կարեւորութիւնը։ 

Այս փաստաթուղթը, կը յայտնէ Անթիլիասի տեղեկագիրը, «գրուած ու հաստատուած է կոթողական պատմական զարգացումներու ժամանակին, ինչպէս Պաղ Պատերազմի աւարտը եւ տնտեսական ու քաղաքական համաշխարհային համակարգերու իրերայաջորդ վերադասաւորումը»։ Ժամանակն է նոր իրականութիւններ հաշուի առնելու, կ՚ըսէ։

«Աւելի քան երբեք, այսօր պէտք ունինք համոզիչ էքիւմենիք տեսիլքի մը, տրուած ըլլալով մեր դարաշրջանի մթնոլորտային, ընկերային եւ կրօնական մարտահրաւէները», կ՚ըսեն գրողները, մանրամասն անդրադառնալով կլիմայի փոփոխութեան, հարստութեան անհաւասարութեան, բռնի գաղթականութեան եւ աճող ռազմականացման։

Թուայնացումը, կ՚ըսէ տեղեկագիրը, երկսայրի սուր մը կրնայ ըլլալ։ «Թուային դարաշրջան մը կ՚ապրինք, որ, յարակարծօրէն, թէ՛ կը դիւրացնէ հաղորդակցութիւնը եւ թէ՛ կրնայ վտանգել ճշմարիտ համայնքը»։

Սակայն, կ՚ընդունի նաեւ, Արամ Կաթողիկոսի անուանումով, «ժողովուրդի էքիւմենիզմ »ի գոյութիւնը, որ կրնայ գտնուիլ շարժման պատմական կառոյցներէն դուրս։ «Ժողովուրդի էքիւմենիզմ ի առանձնացումն ու խթանումը, որ կրնայ նկատի առնել լեզուի, մշակոյթի եւ մեթոտաբանութեան փոփոխութիւն մը, պէտք է մաս կազմէ միջեկեղեցական շարժման ապագայ օրակարգին ու տեսիլքին»։

Միջեկեղեցական շարժման հանդէպ վերանորոգ յոյս եւ քրիստոնեայ ղեկավարներու նոր սերունդներու հանդէպ երախտապարտութիւն յայտնելէ ետք, տեղեկագիրը կ՚եզրափակուի փիլիպպեցիներուն ուղղուած թուղթէն (Փիլ. 1:6) հետեւեալ մէջբերումով.

«Եւ վստահ եմ, թէ Աստուած, որ այդ բարի գործը սկսաւ ձեր մէջ, զայն իր կատարումին պիտի հասցնէ մինչեւ Քրիստոս Յիսուսի օրը գայ»: 

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՄԱԿ-Ի ՄՕՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ
Շաբաթ, Մարտ 7ին, Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ՝ Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, այցելութիւն մը տուաւ ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչ Պաշար Ճաֆարիին՝ սուրիահայերու պատուիրակութեան մը հետ։ Այցելութեան նպատակն էր շնորհակալութիւն յայտնել Սուրիոյ կառավարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին առիթով։ 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Կիրակի, Մարտ 1ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի անդամները, որոնք Փետրուար 29-Մարտ 1ին գումարած էին իրենց առաջին ժողովը Անթիլիասի մէջ։

Այս մարմինը կոչուած է գործադրելու անցեալ տարուան Անթիլիաս կայացած մամուլի համահայկական խորհրդաժողովի որոշումները։ Խորհուրդի անդամներն են՝ Սաթիկ Սէյրանեան (Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան նախագահ եւ «168 ժամ» օրաթերթի վարիչ խմբագիր), Տիգրան Յարութիւնեան («Նոյեան տապան» տեղեկատուական ու վերլուծական կեդրոնի հիմնադիր ու տնօրէն եւ Լրատուամիջոցներու Համահայկական Ընկերակցութեան նախագահ), Միքայէլ Հաջեան (լրագրող եւ վերլուծաբան), Արամ Անանեան («Արմէնփրէսի» տնօրէն), Շահան Գանտահարեան («Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր) եւ Սեւակ Յակոբեան («Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր)։

Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ հանդիպումը առիթ մըն էր հայ մամուլի դերը, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը եւ այլ համահայկական նիւթեր քննարկելու։ 
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՄԱՐՏ
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ Դ. ԿԻՐԱԿԻ – ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ

ԹՈՒՂԹ ԵՓԵՍԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:17-5:14

Արդ, Տիրոջ կողմէ կ’ազդարարեմ ձեզի.- Չըլլայ որ կրկին դառնաք այն կենցաղին, որով հեթանոսները կ’ապրին անմտօրէն: Անոնց միտքը խաւարած է. իրենց տգիտութեան եւ յամառ անտարբերութեան պատճառով՝ օտարացած են Աստուծոյ կեանքին, եւ քանի այդ կեանքին յոյսը չունին, իրենք զիրենք անառակութեան տուած՝ ամէն պղծութիւն կը գործեն անյագօրէն: Բայց ես ձեզի սորվեցուցի, թէ այդ չէ՛ Քրիստոսի ճամբան: Դուք լսեցիք իր պատգամները եւ իրեն միանալով սորվեցաք՝ թէ Յիսուսի մէջ է ճշմարտութիւնը: Ուստի մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն՝ ձեր նախկին ապրելակերպը, որ խաբուսիկ ցանկութիւններով ապականած էր, վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ:

Հետեւաբար ստախօսութենէն հրաժարեցէ՛ք: «Ամէն մարդ ճշմարտութիւնը թող ըսէ իր ընկերոջ», ինչպէս կ’ըսէ մարգարէն, որովհետեւ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ իրարու անդամներ ենք: Եւ ինչպէս սաղմոսերգուն կ’ըսէ՝ «Նոյնիսկ երբ բարկանաք՝ չըլլայ որ մեղանչէք». եւ բարկացած չմնաք մինչեւ իրիկուն: Բնաւ առիթ մի՛ տաք Սատանային: Ով որ գողութեամբ կ’ապրէր՝ թող այլեւս չգողնայ, այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են: Ոեւէ տգեղ խօսք չելլէ՛ ձեր բերանէն: Խօսեցէք միայն ինչ որ պէտք է, ինչ որ բարի է՝ ուրիշներուն հաւատքը ամրապնդելու համար, որպէսզի լսողները Աստուծոյ շնորհքովը լեցուին: Մի՛ տրտմեցնէք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, որով կնքուեցաք՝ փրկութեան օրուան հասնելու համար: Ձեզմէ արմատախի՛լ ըրէք ամէն դառնութիւն, բարկութիւն ու զայրոյթ, պոռչտուք եւ հայհոյութիւն, եւ առաջքը առած կ’ըլլաք անոնց չար հետեւանքներուն: Իրարու հանդէպ քաղցր ու գթած եղէք եւ ներեցէ՛ք իրարու, ինչպէս Աստուած ալ Քրիստոսի միջոցաւ ներեց մեզի:

Աստուծոյ նմանեցէք, որպէս իր սիրելի որդիները, եւ սիրով շարժեցէք, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս մեզ սիրեց եւ մեզ փրկելու համար ինքզինքը Աստուծոյ ընծայեց որպէս անուշահոտ ընծայ եւ զոհ: Պոռնկութեան, ոեւէ պղծութեան կամ ագահութեան խօսքն իսկ թող չըլլայ ձեր մէջ, որովհետեւ այդպէ՛ս կը վայելէ Աստուծոյ ժողովուրդին: Վայել չէ որ լկտի եւ ամբարիշտ խօսակցութիւններով կամ խեղկատակութեամբ զբաղիք. այլ՝ ձեր խօսակցութիւնը միշտ գոհաբանութիւն պէտք է ըլլայ: Մէկ բան վստահ գիտցէք, թէ ոեւէ մէկը որ պոռնկութիւն կ’ընէ, պղծասէր է կամ ագահ ինչ որ կռապաշտութիւն է ժառանգութիւն պիտի չունենա՛յ Քրիստոսի եւ Աստուծոյ արքայութեան մէջ: Հետեւաբար, չըլլայ որ ոեւէ մէկը պարապ խօսքերով ձեզ խաբէ. որովհետեւ այս բաներուն համար Աստուած իր բարկութիւնը պիտի թափէ անհնազանդ մարդոց վրայ: Ասկէ ետք ոեւէ յարաբերութիւն մի՛ ունենաք այնպիսիներուն հետ, որովհետեւ թէպէտ ժամանակ մը խաւար էիք, սակայն հիմա որ Տիրոջ միացաք՝ լոյս էք: Հետեւաբար լոյսի որդիներուն վայել ձեւով ապրեցէք. որովհետեւ լոյսին պտուղներն են՝ բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը: Ջանացէք հասկնալ, թէ Աստուած ի՛նչ կ’ուզէ ձեզմէ, եւ բնաւ մասնակից մի՛ ըլլաք խաւարին գործերուն, որոնք Աստուծոյ կամեցած պտուղները չեն տար: Ընդհակառակը, ձաղկեցէ՛ք զանոնք, որովհետեւ մութին մէջ կը գործուին անոնց արարքները, որոնց մասին խօսիլն իսկ ամօթ է: Բայց բոլոր այդ ծածուկ արարքները Քրիստոսի լոյսով կը յայտնուին եւ կը յանդիմանուին, որովհետեւ լոյսը կը յայտնէ ամէն բան: Ահա թէ ինչո՛ւ երգը կ’ըսէ.-
«Արթնցի՛ր, ո՜վ քնացած.
դո՛ւրս եկուր մեռելութենէդ,
եւ Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ»:



ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 16:1-31

Իր աշակերտներուն Յիսուս այս առակը պատմեց.
Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ իր ստացուածքներուն վրայ տնտես մը ունէր: Երբ տնտեսին մասին մարդիկ ամբաստանութիւն ըրին՝ ըսելով թէ իր տիրոջ հարստութիւնը կը վատնէ, մեծահարուստը կանչեց զինք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ են քու մասիդ այս ըսուածները: Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր: Այլեւս իմ տնտեսս չես կրնար ըլլալ»:
Տնտեսը ինքնիրեն խորհեցաւ. «Ի՞նչ կրնամ ընել. ահա տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն կը զրկէ: Բանուորութիւն չեմ կրնար ընել, մուրալու կ’ամչնամ: Սակայն գիտեմ թէ ինչ պէտք է ընեմ, որ երբ տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն հեռացնէ, մարդիկ ընդունին զիս իրենց տուներէն ներս»: Ապա մէկ առ մէկ կանչեց իր տիրոջ պարտապանները եւ առաջինին հարցուց. «Ո՞րքան պարտք ունիս տիրոջս»: Անիկա պատասխանեց. «Երկու հարիւր թիթեղ ձէթ»: Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ անմիջապէս գրէ՝ հարիւր»: Յետոյ հարցուց միւսին. «Դո՞ւն որքան պարտք ունիս»: Անիկա պատասխանեց. «Չորս հարիւր յիսուն պարկ ցորեն»: Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ գրէ՝ երեք հարիւր յիսուն»: Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար: Որովհետեւ այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են քան լոյսի որդիները: Եւ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին:

Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է: Հետեւաբար, եթէ աշխարհիկ հարստութիւնը գործածելուն մէջ հաւատարիմ չեղաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի վստահի ձեզի: Այսինքն, եթէ հաւատարիմ չեղաք աշխարհիկ հարստութեան, որ ձերը չէ, ինչպէ՞ս կ’ուզէք որ Աստուած ձեզի տայ ձեզի սպասող ճշմարիտ հարստութիւնը: Ոչ մէկ ծառայ կրնայ երկու տէրերու ծառայել, որովհետեւ՝ կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կամ՝ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ: Չէք կրնար միեւնոյն ատեն թէ՛ Աստուծոյ ծառայել եւ թէ՛ դրամին:

Փարիսեցիները, որոնք դրամասէր էին, երբ այս բոլորը լսեցին, սկսան հեգնել զինք: Յիսուս ըսաւ անոնց.

Դուք ձեզ ուրիշներուն արդար ցոյց կու տաք, սակայն Աստուած գիտէ ձեր սիրտերը: Որովհետեւ մարդոց աչքին փառաւորը Աստուծոյ աչքին անարգ է: Մովսէսի Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները մինչեւ Յովհաննէս ի զօրու էին. անկէ ասդին Աստուծոյ արքայութիւնը կ’աւետարանուի եւ ամէն մարդ կը փութայ բռնութեամբ ներս մտնել: Աւելի դիւրին է որ երկինքն ու երկիրը կորսուին, քան Օրէնքին ամենափոքր տառը:
Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ կը շնայ. նոյնպէս կը շնայ ան՝ որ արձակուած կնոջ հետ կ’ամուսնանայ:

Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ բեհեզ եւ ծիրանի հագուստներ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւոր խնճոյք կ’ընէր: Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար, որ անոր դռան առջեւ կը նստէր եւ կը յուսար իր փորը լեցնել մեծահարուստին սեղանի աւելցուքներով: Ղազարոս վէրքերով ծածկուած էր, եւ շուներ կու գային իր վէրքերը կը լզէին: Աղքատը մեռաւ եւ հրեշտակները զինք տարին Աբրահամի մօտ: Մեծահարուստն ալ մեռաւ եւ թաղուեցաւ: Դժոխքին մէջ, մինչ մեծահարուստը կը տանջուէր, աչքերը բարձրացուց եւ հեռուն Աբրահամը տեսաւ, ինչպէս նաեւ Ղազարոսը՝ անոր քով: Մեծահարուստը աղաղակեց. «Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ՛ ինծի եւ ղրկէ Ղազարոսը, որ մատին ծայրը ջուրին թաթխէ եւ զովացնէ լեզուս, որովհետեւ այս կրակին մէջ ծարաւէն կը տառապիմ»: Աբրահամ ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ, յիշէ՛ թէ ի՛նչպէս դուն քու կեանքիդ ընթացքին ամէն բարիք վայելեցիր, մինչ Ղազարոս չարչարուեցաւ: Հիմա անիկա հոս կը հանգստանայ, մինչ դուն հոդ կը տառապիս: Գիտցի՛ր նաեւ, որ մեծ անդունդ մը կայ մեր եւ ձեր միջեւ: Եթէ ուզեն այստեղէն ձեր մօտ անցնիլ՝ չեն կրնար, եւ ոչ ալ մէկը հոնկէ մեր մօտ կրնայ գալ»: Մեծահարուստը ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, հա՛յր, Ղազարոսը ղրկէ իմ հօրս տունը, ուր հինգ եղբայրներ ունիմ. թող զանոնք նախազգուշացնէ՝ որպէսզի անոնք ալ տանջանքի այս վայրը չգան»: Աբրահամ ըսաւ անոր. «Անոնք Մովսէսի Օրէնքն ու մարգարէները ունին. թող անոնց պատուիրանները լսեն եւ գործադրեն»: Մեծահարուստը ըսաւ. «Ատիկա բաւական չէ, հա՛յր Աբրահամ. բայց եթէ մեռելներէն մէկը յարութիւն առնէ եւ երթայ իրենց՝ պիտի ապաշխարեն»: Աբրահամ պատասխանեց. «Եթէ Մովսէսի Օրէնքին եւ մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, մեռելներէն յարութիւն առնող մըն ալ պիտի չկարենայ համոզել զիրենք»:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 56:1-57:21
ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ
Մեծ Պահքի չորրորդ Կիրակին՝ 24 Մարտ, Տնտեսի Կիրակին է։ Անիրաւ տնտեսին առակը Ղուկասի աւետարանին մէջ կը գտնուի, գլուխ 16 (տե՛ս վերի ընթերցումը)։ Առակը մեծահարուստ մարդու մը եւ անոր տնտեսին մասին է։ Վերջինս իր անձնական շահին կը նայէր եւ, հնարամիտ ձեւերով, կարգադրութիւններ ըրած էր իր տիրոջ պարտապաններուն հետ։ Յիսուս այս առակը գործածեց ո՛չ թէ տնտեսին վարմունքը, այլ ճշմարիտ աշակերտներու կեանքին մէջ պահանջուող բարեմասնութիւններ վեր հանելու համար։ Քանի որ աշխարհի տնտեսներ ենք, մեր Տիրոջ հաշուետու ենք մեր ունեցած տաղանդին եւ մեզի վստահուած բաներուն համար։

Յիսուս միշտ օգտագործած է առակները իբրեւ դաստիարակչական միջոց։ Անոր առարկները պարզ պատմութիւններ էին, սովորաբար կարճ ու միշտ հետաքրքրական։ Ընդհանրապէս, Ան զանոնք գործածած է բարոյական կարեւոր դասեր տալու համար։ Կարգ մը առակներ պարզ ու դիւրին հասկնալի են, մինչ ուրիշներ՝ աւելի բարդ ու կեդրոնացում պահանջող։

ԱՅՍ ՇԱԲԱԹ ՕՐ ՄԵԾԱՐՈՒՈՂ ՍՈՒՐԲԵՐ
Շաբաթ, 14 Մարտին, Հայաստանեայց Եկեղեցին հետեւեալ չորս սուրբերը կ՚ոգեկոչէ.

Ս. Յովհաննէս՝ Երուսաղէմի պատրիարք, յաջորդած է Ս. Կիւրեղին (386-417)։ Իր վանական կրթութիւնը ստացած է Նիթրիայի վանքին մէջ (Եգիպտոս), ուր սորված է քրիստոնէութեան եւ Որոգինէսի ուսմունքին մասին։ Յատկապէս յիշուած է իր մտաւորական կարողութիւններուն համար եւ կ՚ըսուի, թէ ներշնչող ու պերճախօս քարոզիչ մըն էր։ 

Յովհան Օձնեցի  կաթողիկոս եղած է 717-728 տարիներուն, երբ Հայաստանը արաբական տիրապետութեան տակ կը գտնուէր։ Ան հայերը պաշտպանած է բռնի կրօնափոխութենէ եւ յաջողած՝ անոնց քրիստոնէական պաշտամունքի իրաւունքը ապահովել։ Նաեւ կարողացած է տուրքէ զերծ կարգավիճակ ապահովել Եկեղեցւոյ համար։ Ան համատարած հիացումի եւ յարգանքի արժանացած է։

Յովհան Որոտնեցի  ծնած է 1317ին։ Ձեռնադրութենէն ետք, ծառայած է Գլաձորի եւ Տաթեւի վանքերուն մէջ։ Իր ջանքերը ուղղած է ուղղափառ հաւատքի պահպանումին եւ հայ ու հռոմէական եկեղեցիները միաձուլելու փորձին դէմ։ Յովհաննէսի Աւետարանի եւ Պօղոս Առաքեալի թուղթերուն մասին մեկնութիւններ գրած է։ 

Գրիգոր Տաթեւացի թերեւս այս քառեակին ամենէն ծանօթ անունն է։ Ծնած է 1346ին Վայոց Ձոր նահանգին մէջ։ Յովհան Որոտնեցիի աշակերտ եղած է եւ Հայց. Եկեղեցւոյ մեծ պաշտպան։ Փայլուն գիտնական էր, լատիներէնի քաջածանօթ, եւ լայնօրէն ուսումնասիրած էր յոյն փիլիսոփաներու գործերը։ Ամենէն ծանօթ գործը «Գիրք Հարցմանց»ն է, որ հաւատքի հարցերու կ՚անդրադառնայ։ Քարոզախօսութեան բարձր չափանիշեր հաստատած է եւ յաճախ կը յիշուի «երկրորդ Լուսաւորիչ» տիտղոսով։ Տաթեւացի մահացած է 1409ին, ըլլալով վերջին անձը, որ սրբադասման արժանացած էր Հայց. Եկեղեցւոյ կողմէ մինչեւ չորս տարի առաջ, երբ Ապրիլեան նահատակները սրբադասուեցան՝ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով։  

ՄԻՋԻՆՔ
Չորեքշաբթի, 18 Մարտին, Միջինք կը նշուի։ Մեծ Պահքի 24րդ օրն է, որ չորրորդ շաբթուան Չորեքշաբթի օրուան կը զուգադիպի, որով մեր հոգեւոր ճամբորդութեան առաջին բաժինը աւարտած կ՚ըլլայ։ Այս օրը աւանդականօրէն նշուած է իբրեւ Պահքի ճաշ մը միասնաբար ընելու եւ ընկերական պահ մը վայելելու յատուկ օր։ 

Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆ. ԹՐԹՌԵԱՆ. «ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
Չորեքշաբաթի, 11 Մարտի երեկոյեան, Ս Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի յայտագրի երկրորդ բաժինը՝ Ազգ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի եւ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան հովանաւորութեամբ։ Եկեղեցական կարճ արարողութենէն ետք, օրուան դասախօսն էր` Արժ Տ Նարեկ քհն Թրթռեան, որ ներկայացուց «Համեստութիւն ծառայութեան մէջ» նիւթը։

Յայտագրին կը նախագահէր` Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան։ Անոր աւարտին հրամցուեցաւ աւանդական ընթրիքը։ 

ԱՅՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Այս շաբթուան խորհրդածութեան մէջ, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան, կ՚անդրադառնայ աս Կիրակի օրուան Ղուկասի Աւետարանի ընթերցումին՝ անիրաւ տնտեսին առակը:

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ «Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» 34ՐԴ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԻՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։

Այս շաբթուան նամակը գրած է Էլենը, որուն հովանաւորները տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Յասմիկ Տոմպալակեաններն են։ 
«Բարեւ ձեզ

Ես Էլենն եմ։ Ես 7 տարեկան եմ։ Ապրում եմ Աբովեան քաղաքում։ Ես ապրում եմ մայրիկիս, քոյրիկիս եւ եղբօրս հետ։ Հայրիկս մահացել է։ Ես նրան շատ եմ կարօտում։

Ես սովորում եմ 2րդ դասարանում։ Շատ եմ սիրում գնալ դպրոց, սիրով պատրաստում եմ տնային աշխատանքներս։ Սիրում եմ պարել, նկարել։ Մենք ապրում ենք վարձով բնակարանում։ Մայրիկս դժուարութեամբ է մեզ խնամում։ Շուտով եղբայրս գնալու է բանակ, քոյրիկս սովորում է 9րդ դասարանում։

Մենք օգնութեան կարիք ունենք։ Մայրիկս իմացել է «Մեծն Ներսէս» բարեգործական հիմնադրամի մասին եւ դիմել է ձեր օգնութեանը։ Ես շատ ուրախ եմ որ ինձ վերցրել էք ձեր հովանաւորութեան տակ։ Ես եւ իմ ընտանիքը շատ-շատ շնորհակալ ենք ձեզանից

Սիրով՝ Էլեն»։

ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՅ ՄԸ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,   սեղմեցէք այստեղ  արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( [email protected] )    կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւնը այժմ ընդլայնած է իր ծրագիրը, ընդգրկելով բոլոր այն որբերը, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։ Ձեր տարեկան նպաստը՝ 250 տոլար, պիտի ծառայէ թեթեւցնելու կրթութեան հետ կապուած ծախսերը։ Ծրագիրը սկսած է գործադրուիլ այս տարուան սկիզբը։

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ Համալսարանականներու Հովանաւորութեան ծրագրով աշակերտ մը հովանաւորել, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով (   [email protected]   )  կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։  
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ԵՐԿԼԵԶՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ՀԱՐՎԸՐՏԻ ՄԷՋ
Ձախէն աջ. դոկտ. Աննա Օհանեան, դոկտ. Մարիա Լուիզա Փարրա, տիկ. Հուրի Պոյամեան (Ս. Ստեփանոս վարժարանի տնօրէնուհի), դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, դոկտ. Լիզա Կիւլէսէրեան եւ տիկ. Հետըր Գրաֆեան (Ս. Ստեփանոս վարժարանի կրթական յանձնախումբի համատենապետուհի)
Հինգշաբթի, Մարտ 5ին, Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան երկլեզուութեան նուիրուած քննարկումի մը մասնակցեցաւ Հարվըրտ համալսարանին մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Քննարկումը կազմակերպած էր Հայագիտական Ուսմանց ու Հետազօտութիւններու Ազգային Ընկերակցութիւնը (NAASR) եւ զայն կը հովանաւորէին նաեւ Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը եւ համալսարանի Հայ Ուսանողական Ընկերակցութիւնը։ Քննարկումին միւս մասնակիցներն էին` դոկտոր Լիզա Կիւլէսէրեան եւ Մարիա Լուիզա Փարրա, որոնք հայերէն եւ սպաներէն կը դասաւանդեն Հարվըրտի մէջ։ Ձեռնարկին համակարգողն էր` դոկտ. Աննա Օհանեան (քաղաքական գիտութիւններու դասախօս Սթոնհիլ Գոլէճի մէջ)։

Բանախօսները երկլեզուեան եւ բազմալեզուեան դաստիարակութեան ու դասաւանդութեան ընդհանուր գաղափարը ներկայացուցին, այլ ազգային համայնքներու փորձառութեան լոյսին տակ։ Այնուհետեւ, անոնք կեդրոնացան մեր փորձառութեան եւ հայերէն սորվելու եւ դասաւանդելու յատուկ մարտահրաւէրներուն վրայ։ Դոկտ. Մատթէոսեան պատմեց իր անձնական փորձառութենէն իբրեւ երկլեզու խօսող, նախ՝ հայերէն ու սպաներէն, ապա՝ հայերէնի ու անգլերէնի, դառնալով, փաստօրէն` եռալեզու։   Ներկայացուեցաւ հատուած մը «Հայկական երկլեզուութիւն Ամերիկայի մէջ. լեզուի եւ ինքնութեան պահպանումը» վաւերագրական ժապաւէնէն բաժին մը, որ պատրաստուած է Ս. Ստեփանոս դպրոցին կողմէ։

ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԿԸ ՏՕՆԵՆ
Կիրակի, Փետրուար 23-ին, Նորթ Անտովըրի Ս Գրիգոր եկեղեցւոյ Հայկական եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները վայելեցին հիւրերու ներկայութիւնը եւ Բուն Բարեկենդանի տօնախմբութիւնը։

Տնօրէնուհի Սօսի Ճգնաւորեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ հրաւիրեց Յակոբ սրկ. Հատտատը, որ մեկնաբանէ իմաստը Պահք բառին՝ Հայկական Պատարագին մէջ։ Դասախօսը մանրամասն տեղեկութիւն տուաւ Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր շաբթուան մասին։ Տիկ. Ճգնաւորեան ապա հրաւիրեց Կիրակնօրեայ դպրոցի շրջանաւարտներ՝ Դրօ եւ Կրէկ Գրիգորեանները, եւ Թորի Քիւլիւնճեանը, որոնք խօսեցան Կիրակնօրեայ եւ Հայկական դպրոցէն ներս իրենց անցուցած տարիներուն մասին, եւ թէ ինչպէս անոնք կերտած էին զիրենք ու այդ փորձառութենէն օգտուած՝ համալսարանի ու մասնագիտական ասպարէզին մէջ։

Շրջանաւարտներուն խօսքէն ետք, Անի Պապայեան առաջնորդեց աշակերտներուն ներկայացումը՝ Վարդան Մամիկոնեանի մասին եւ խաչին վրայ իրենց ներկած նկարներու աշխատանքին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատկերացնէր Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր շաբաթը։

Ցերեկոյթը աւարտեցաւ Բուն Բարեկենդանի տօնակատարութեամբ եւ զանազան խաղերով։ 

ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ՆԻՒ ՊՐԻԹԸՆԻ ՄԷՋ
Ձախէն աջ՝ Քիթ Քէյոլեան, Տ. Արամ Ա. քհն. Ստեփանեան եւ Էտուըրտ Ա. սրկ. Վարժապետեան 
Կիրակի, Մարտ 8ին, Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ պատուոյ հովիւ՝ Տ. Արամ Ա. քհն. Ստեփանեան, Ս. Պատարագ մատուցեց Էտուըրտ Ա. սրկ. Վարժապետեանի եւ Ս. Յարութեան (Թրըմըպլ, Քընէթիքէթ) եկեղեցիէն Քիթ Քէյոլեանի հետ։ Աւելի քան երեք տարի առաջ, պրն. Քէյոլեան սկսած էր դէպքէ դէպք այցելել եկեղեցին, եւ Տ. Արամ զինք հրաւիրած էր խորանին ծառայելու՝ նման այցելութիւններու ժամանակ։ . 
«ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ. ԿԱՆԱՉ ՈՒ ՍԵՒ ԿԱՄ՝ ՈՉ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ, ՈՉ ՊԱՏԵՐԱԶՄ»

Թաթուլ Յակոբեան

«Երբեք չյայտարարուած ու չվերջացած այս պատերազմը տասնեակ հազարաւոր հայոց ու ատրպէյճանցիներու կեանքը տակնուվրայ ըրաւ։ Երկու դրացի ժողովուրդները, անոնց ղեկավարները արիւնահեղութենէն, զանգուածային տեղահանումներէն, բնակավայրերու աւերումէն չյաջողեցան խուսափիլ։ Այսօր ալ՝ ռազմական գործողութիւնները վերջանալէն աւելի քան 16 տարի յետոյ, հայերն ու ատրպէյճանցիները իրարու լեզուները չեն հասկնար» (2010ին տպուած երկրորդ հրատարակութեան առաջին գլուխէն)։
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք   [email protected]    հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
ԱՐՏԱՇԷՍ ԱԲԵՂԵԱՆ (մահ՝ Մարտ 13, 1955)
Քիչ չեն եղած այն հայագէտները, որոնք գիտական կեանքի կողքին, նաեւ հանրային ծաւալուն գործունէութիւն ունեցած են։ Անոնցմէ մէկն էր Արտաշէս Աբեղեան։

Ծնած է Աստապատ գիւղը (Նախիջեւան), Յունուար 1, 1878ին։ Նշանաւոր հայագէտ Մանուկ Աբեղեանի (1865-1944) որդին էր։ Յաճախած է գիւղի ծխական դպրոցը (1884-1887) եւ Շուշիի թեմական դպրոցը (1887-1890)։ Իր կրթութիւնը շարունակած է Թիֆլիսի թեմական դպրոցին (1890-1895) եւ, ապա, Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ (1895-1899)։

Աւարտելէ ետք, Աբեղեան տարի մը դասաւանդած է Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ։ Այդ ժամանակ, արդէն սկսած էր հաւաքել ու հրատարակել ժողովրդական երգեր, ինչպէս եւ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութեան երկու տարբերակներ։ 1900-1904ին, իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գերմանիա՝ Մարպուրկի, Պերլինի եւ Լայփցիկի համալսարաններուն մէջ։ 1904ին, շրջանաւարտ եղած է Մարպուրկի համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղէն՝ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան նուիրուած աւարտաճառով, որուն առաջին մասը գերմաներէնով լոյս տեսած է (1906)։

1905ին, վերադարձած է Թիֆլիս, ուր յաջորդ տասներեք տարիներուն դասաւանդած է Ներսիսեան դպրոցին, աղջկանց Յովնանեան դպրոցին եւ պետական գիմնազիաներու մէջ։ 1905ին, անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ բազմաթիւ կրթական ու քաղաքական նախաձեռնութիւններու մաս կազմած։ Ամուսնացած է Նատալիա Իսրայէլեանի հետ, եւ ունեցած երկու զաւակ՝ Վահէ եւ Ռուզան։

Աըտաշէս Աբեղեան քանի մը կարեւոր մանկավարժական գործեր լոյս ընծայած է։ «Ուղղագրական բառգրքոյկ»ը (1910) չորս հրատարակութիւն ունեցած է մինչեւ 1999։ Ան նաեւ հրատարակած է գեղագրութեան երեք պրակներ (1908), աշխարհագրութեան եռահատոր դասագիրք մը (1907-1913), Հայաստանի աշխարհագրութեան դասագիրք մը (1915), որ վերատպուած է հինգ անգամ, եւ Հայաստանի քարտէս մը (1914-1915)։

Հայաստանի առաջին անկախութենէն ետք, Աբեղեան փոխադրուած է Երեւան։ 1919ին Խորհրդարանի անդամ ընտրուած է՝ դաշնակցական ցանկին վրայ, եւ կարեւոր գործունէութիւն տարած է մինչեւ խորհրդայնացումը։ Այնուհետեւ, մեկնած է Թիֆլիս, ապա՝ Պոլիս (1921-1922), եւ վերջապէս հաստատուած է Պերլին։

1926ին, Աբեղեան հայագիտութեան ամպիոնի հիմնադիրը եղած է Պերլինի համալսարանին կից արեւելեան լեզուներու դպրոցին մէջ։ Յառաջիկայ երկու տասնամեակներուն, Հայաստանի ու հայ մշակոյթի գլխաւոր տարածողը եղած է Գերմանիոյ մէջ։ 1928ին, շնորհիւ անոր միջամտութեան, Պերլինի նոր փողոց մը կոչուած է «Հայկական փողոց», ուր հայ համայնքը կեդրոնացած էր։ Հայ գրականութեան բազմաթիւ գործեր թարգմանած է գերմաներէնի, ինչպէս եւ գերմանական գրականութեան գործեր՝ հայերէնի։ Լայնօրէն աշխատակցած է հայ եւ գերմանական մամուլին։ Գերմաներէն հրատարակած է աշխարհաբար քերականութիւն մը (1936) եւ «Սասունցի Դաւիթ»ի մասին ուսումնասիրութիւն մը (1940), այլ գործերու շարքին։

Ատոլֆ Հիթլէրի իշխանութեան գլուխը անցնելէ ետք (1933), հակահայ արշաւ մը սկսած է Գերմանիոյ մէջ (երեւութապէս՝ թրքական աջակցութեամբ), որուն նպատակն է հայերու սեմական ծագումը ընդգծել եւ հրեաներու հետ նոյնականացնել։ Նացիական վարչակարգի հակահրէական կեցուածքը յաւելեալ վտանգ կը սպառնար Գերմանիոյ հայ համայնքին։ Աբեղեան տքնաջանօրէն աշխատած է՝ Գերմանա-Հայկական Ընկերութեան անդամներուն հետ, որուն փոխնախագահն էր, այդ հակահայ արշաւը չէզոքացնելու, ապացուցելով, որ հայերը «արիական» (ըստ ժամանակին Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունեցող ցեղային հասկացութիւններու) ծագում ունէին։ Անոնց ճիգերուն շնորհիւ, Յուլիս 1933ին գերմանական Ներքին Գործոց նախարարութեան հրովարտակ մը հաստատած է հայերու արիական ծագումը։ 1934ի սկիզբներուն, Գերմանա-Հայկական Ընկերութիւնը հրատարակած է, Աբեղեանի խմբագրութեամբ, գերմանացի գիտնականներու հաւաքական հատոր մը՝ «Հայկականութիւն-արիականութիւն» խորագրով։

Աբեղեան վերստին գործի լծուած է 1941-1942ին, երբ հակահայ արշաւը նոր բռնկում մը ունեցած է, որ այս անգամ կրնար Գերմանիոյ եւ նացիական գրաւման տակ գտնուող տարածքներու հայութիւնը մատնել հրեաներու անողոք ճակատագրին։ Ասոր զուգահեռ, ան նախագահ եղած է կարճատեւ Հայ Ազգային Խորհուրդին (1942-1943), որ խումբ մը Դաշնակցութեան անդամներ կազմած էին՝ հայոց շահերը պաշտպանելու համար նացիական Գերմանիոյ մէջ։

Ան շարունակած էր իր գիտական ուսումնասիրութիւնները։ Վերջին տարիներուն, յատկապէս զբաղած է 19րդ դարուն Դորպատի համալսարանի յաճախած սերունդի ուսումնասիրութեամբ։ Հրատարակած է երեք հատոր այս նիւթով. «Հայ ուսանողները Դորպատում» (1942), «Քերովբէ Պատկանեանը Դորպատում» (1949) եւ «Ստեփանոս Նազարեան եւ Դորպատ» (1954)։

Պերլինի անկումէն ետք, Աբեղեան լքած է իր համալսարանական պաշտօնը եւ հարաւային Գերմանիա մեկնած։ 1945-1946ին, Շթութկարտի հայ գաղթակայանի դպրոցի տնօրէն եղած է։ 1951ին փոխադրուած է Միւնիխի, ուր հայագիտութեան դասախօս եղած է համալսարանին մէջ մինչեւ մահը՝ Մարտ 13, 1955ին։

ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ
Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, որ “Crossroads”ի խմբագրութեան հասցէին (  [email protected]  ) թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը, այսուհետեւ,  Երեքշաբթի երեկոյեան է։

Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները։

ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԻ (CORONAVIRUS) ԱՌԻԹՈՎ
Ազգ. Առաջնորդարանը, որուն կեդրոնը Նիւ Եորքի Մանհաթըն շրջանն է, Արեւելեան թեմի բոլոր ծուխերուն հետ կը բաժնեկցի պսակաձեւ ժահրի (coronavirus) կամ COVID-19ի համաճարակի նկատմամբ տիրող մտահոգութիւնը։ Խորհուրդ կու տանք բոլորին, որ տեղական իշխանութիւններուն դիմէք կանխարգիլման ցուցմունքներու համար, եւ հետեւիք եկեղեցական արարողութիւններու եւ ընկերային ձեռնարկներու վերաբերեալ բոլոր կիրարկելի խորհուրդներուն։ Արագօրէն զարգացող իրավիճակին կը հետեւինք եւ տեղեկատուութիւնը պիտի թարմացնենք՝ ըստ անհրաժեշտութեան։ 

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
14 Մարտ — «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, ժամը 10:00էն 12:30։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ ([email protected] կամ 212-689-7231)։ (ՋՆՋՈՒԱԾ)

14 Մարտ —Ազգ. Առաջնորդարանի Pillars ծրագրի ձեռնարկ՝ Ուայթընզվիլի Ս. Աստուածածին եւ Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներուն մէջ։ (ՋՆՋՈՒԱԾ)
 
15 Մարտ — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։  (ՋՆՋՈՒԱԾ)

22 Մարտ —«Հեռանկարներ» համոյթը, սրնգահար Սաթօ Մուղալեանի ղեկավարութեամբ, կը ներկայացնէ «Մութ աչքեր / Նոր աչքեր. Հայկական երաժշտութեան տօն», «Զուլալ» եռեակի մասնակցութեամբ: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ Մեծ Պահքի շարականներ, գիւղական երգեր, Ալան Յովհաննէսի եւ Արամ Խաչատուրեանի յօրինումներ, ինչպես նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի բազմաթիւ գործեր: Ժամը 19: 00-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Յովհաննէս տաճարէն ներս (Cathedral of St. John the Divine), St. James մատուռ: Դռները կը բացուին ժամը 6:30-ին․ մուտքը՝ անվճար: (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ)

27 Մարտ — «Անոնք իմ կղզիս պիտի առնեն»։ Երաժիշտ Մարի Գույումճեանի նոր յօրինումներ՝ Ատոմ Էկոյեանի անտիպ տեսարաններու եւ խիստ անձնական կարճ ֆիլմերու ներշունչումով, «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի պատուէրով։ Երեկոյեան ժամը 7:00ին, The Grace Rainey Rogers լսարանին մէջ, «Մեթրոփոլիթըն» թանգարան։ (ՋՆՋՈՒԱԾ)
 
28 Մարտ —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

29 Մարտ —ՀՕՄի Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղը կը ներկայացնէ Գեւ Օրգեանը։ Կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին, Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ «Ապաճեան» սրահին մէջ։ (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ)

4 Ապրիլ —Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորակառոյց գմբէթի խաչի օծում։

4 Ապրիլ —Prelacy Parish Partnership ծրագրի ձեռնարկ՝ Ուաթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։

25 Ապրիլ – Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, Քենեթիքըթի House of Chamberի-ի մէջ, State Capitol, Connecticut, ժամը 11։00ին։ Գլխաւոր բանախօս՝ դոկտ․ Արմէն Տէր Կիւրեղեան, պատուոյ նախագահ՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA), որ պիտի խօսի «Ուսումը որպէս անկիւնաքար՝ հայ երիտասարդութեան դիմացկունութիւնը կառուցելու եւ Հայաստանը զարգացնելու համար»։

13-16 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 
 
17 Մայիս —Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)։ Հանդիպում՝ պատմաբան ու գրագէտ Ռուբինա Փիրումեանի հետ։

31 Մայիս —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։

28 Յունիս—5 Յուլիս —Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագրի 34րդ տարեշրջանը՝ 13էն 18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence Centerին մէջ (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ կամ կապ հաստատել գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Գազանճեանին հետ, հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով [email protected] հասցէին։  

26-27 Սեպտեմբեր —  Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։

17 Հոկտեմբեր Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ “Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ”ու կողմէ։ Կը մասնակցին՝ Սթիւ Ոսպիկեան Jr., Մալ Պարսամեան, Ճան Պէրպէրեան, Արա Տինքճեան եւ Ճէյսըն Նարոյեան։ DoubleTree պանդոկ, Անտովըր, Մասաչուսեթս։ Այցելեցէք ArmenianFriendsofAmerica.org կամ հեռաձայնեցէք Շաքէին՝ 978-808-0598 թիւին։

15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/