14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ, 2019
ՎԱՀԱՆ ՍՐԿ. ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ՝ ՆԵՐՇՆՉՈՂ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ 
Մեր համայնքը ականատես եղաւ քահանայական ձեռնադրութեան դարաւոր ու ներշնչող արարողութեան անցեալ 8 եւ 9 Փետրուարին։ Այս երկօրեայ ծիսակատարութեան վայրը Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին էր, իսկ ձեռնադրուողը՝ եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած Վահան սրկ. Գույումճեանը։ Երկու օրերուն, հաւատացեալներու բազմութիւնը լեցուցած էր եկեղեցին։
 
Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան կատարեց Ուրբաթ, 8 Փետրուարի կոչման արարողութիւնը եւ Շաբաթ, 9 Փետրուարի Ս. Պատարագն ու ձեռնադրութիւնը՝ 17 հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։
Կոչման արարողութիւն
Ձեռնադրութեան ծէսը սկսաւ Ուրբաթ՝ երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ կոչման արարողութեամբ։ Թեկնածուն եկեղեցւոյ գլխաւոր միջանցքէն յառաջացաւ դէպի խորան իր ծունկերուն վրայ՝ ի նշան համեստութեան եւ Աստուծոյ ծառայելու պատրաստակամութեան։ Վահան սարկաւագին կ՚ընկերանար խարտաւիլակը՝ առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան։

Զանազան հարցումներով, Անուշաւան Սրբազան Հայրը հաստատեց թեկնածուին արժանաւորութիւնը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ իբրեւ քահանայ ծառայելու կամեցողութիւնն ու կարողութիւնը։ Թեկնածուն այնուհետեւ արտասանեց Հայց. Եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքի դաւանանքը։ Այս դաւանանքը աւելի երկար է, քան Ս. Պատարագի ընթացքին արտասանուող Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակը։ Խաչի նշանը ընելով թեկնածուի ճակատին՝ Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Տէրը զինքը պաշտպանէ, օրհնէ եւ լուսաւորէ։ 

Ձեռնադրութիւն եւ օծում
Շաբաթ առաւօտ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին դարձեալ լեցուն էր ընտանեկան պարագաներով, բարեկամներով ու հաւատացեալներով, որոնք եկած էին մինչեւ իսկ հեռաւոր նահանգներէ։ Հայց. Եկեղեցւոյ աւանդութեամբ, ձեռնադրութեան արարողութիւնը միահիւսուած է Ս. Պատարագին, քանի որ ասիկա նորօծ քահանային ծառայութեան առաջին ելոյթը պիտի ըլլայ։

Ս. Պատարագը սկսաւ եպիսկոպոսական թափօրով եւ շարունակուեցաւ մինչեւ Ս. Գրային ընթերցումները, որոնց միջոցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր տեղը գրաւեց եպիսկոպոսական գահին վրայ։ Ծնրադիր Վահան սարկաւագը, առաջնորդական փոխանորդի ու այլ հոգեւորականներու ընկերակցութեամբ, Անուշաւան արքեպիսկոպոսին ներկայացաւ։ Քահանայական աստիճանի նշանները մէկ առ մէկ յանձնելէ ետք, Սրբազան Հայրը իր ձեռքը դրաւ թեկնածուին վրայ ու աղօթեց, որ ան «ուղիղ վարքով եւ անարատ առաքինութեամբ պահէ քահանայական աստիճանը, եւ շնորհընկալ գոհութիւն մատուցանէ Աստուծոյ»։
 
Ձեռնադրութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ Տիկնանց Միութեան կազմակերպութեամբ։ Աւարտին, Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան կարճ յայտագիր մը վարեց, որուն ընթացքին խօսք առին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեանը, Ազգ. Վարչութեան փոխատենապետուհի Քարէն Ճեհանեանը, նորօծ Վահան քհնյ. Գույումճեանը եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Յաւելեալ լուսանկարներ դիտելու համար, սեղմեցէք այստեղ ։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ
ՏԱԿԼԸՍԹԸՆ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ
Կիրակի, 17 Փետրուարին, Անուշաւան արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ ու քարոզէ Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ՝ ծուխի անուան օրուան առիթով։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի պիտի ունենայ յատուկ հիւրասիրութիւն։

Շաբաթ, 16 Փետրուարի առաւօտեան, Սրբազան Հայրը հանդիպում մը պիտի ունենայ եկեղեցւոյ երիտասարդական “Salt and Light” խումբին հետ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՀԵՏ
Երկուշաբթի, 11 Փետրուարի առաւօտեան, Անուշաւան արքեպիսկոպոս հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի առաջնորդ՝ Կրեկըրի եպս. Մանսուրի հետ։ Երկու հոգեւորականները միջ-եկեղեցական աշխատանքներու գործօն մասնակիցներ են եւ եղբայրական բարեկամութեան երկար պատմութիւն մը ունին։

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ՝ Ս. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ
Այսօր, Հինգշաբթի, 14 Փետրուարի առաւօտեան, էջմիածնական թեմի առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Դանիէլ վրդ. Ֆնտըքեանի հրաւէրին ընդառաջելով, Անուշաւան արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ Տեառնընդառաջի առիթով Ս. Պատարագին՝ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ։
 
YOUTH MINISTRYԻ ԱՇԽԱՏԱՆԻՍՏ ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ
Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան եւ Անի Յովհաննէսեան աշխատանիստի մասնակիցներուն հետ
Անի Յովհաննէսեան՝ Youth Ministryի տնօրէնուհին, կը նկարագրէ Առաջնորդարանին կողմէ մշակուած նոր ծրագիրը 
Առաջնորդարանի Youth Ministryի տնօրէնուհին՝ Անի Յովհաննէսեան, վերջերս հինգ ժամուան աշխատանիստ մը ղեկավարեց Փրովիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Այս աշխատանիստը ուղղուած էր մարզելու տեղական վարիչներու առաջին խումբը։ Խումբէն չորս հոգի՝ Ճէյն Զօպեան, Շաքէ Գզիրեան, Արմանտ Քիպարեան եւ Շանթ Եղեան, առիթը ունեցան հարցումներու ու գաղափարներ փոխանակելու տիկ. Յովհաննէսեանին հետ, մինչ միասնաբար կ՚աշխատէին Առաջնորդարանի այս նոր ծրագիրը մօտ ատենէն սկսելու համար, Փրովիտընսի մէջ։ Աշխատանիստին մասնակցեցան նաեւ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ՝ Մարք Ֆիլիփս։ Ծրագրի սկզբնաւորումը Փրովիտընսի մէջ նախատեսուած է Ուրբաթ, 8 Մարտին, երբ տեղի պիտի ունենան տեղեկատուական ժողով մը՝ ծնողներու համար եւ ներածական աշխատանքներ՝ պատանիներու համար։

Շարք մը ծուխեր արդէն իրենց Youth Ministryի ծրագրին սկսած են, մինչ ուրիշներ ծրագրումի տարբեր մակարդակներու վրայ կը գտնուին։ Այս ամիս, “Crossroads” պիտի բանայ յատուկ բաժին մը Youth Ministryի ծրագիրներու գործունէութեան մասին մեր թեմին մէջ։ 

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ» 2019
1982էն ի վեր Ազգային Առաջնորդարանը կը ներկայացնէ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգը՝ հայազգի բազմաթիւ տաղանդաւոր արուեստագէտներ բերելով լուսարձակի տակ։ Այս տարուան համերգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Ասիկա շարքի 36րդ համերգն է, որուն պիտի մասնակցին Քարա Պօղոսեան (ջութ), Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ) եւ Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։

Քարա Պօղոսեան պրոնզէ մետալ ստացած է «Ֆիշոֆ» սենեկային երաժշտութեան ազգային մրցոյթին, որ նմանօրինակ ամենամեծ մրցոյթն է աշխարհի մէջ։ Ան վերջերս ելոյթ ունեցած է NPR ռատիոկայանի “From the Top” յայտագրին մէջ։ Ան ներկայիս «Քըրթիս» երաժշտական հիմնարկի երկրորդ տարուան ուսանող է եւ Հ.Բ.Ը.Մ.էն կրթաթոշակ ստացած։

«Ճուլիըրտ» դպրոցի համերգի մրցոյթի յաղթականհանդիսանալուն՝ Էդուարդ Պօղոսեան ելոյթ ունեցած է դպրոցի նուագախումբին հետ՝ Նիւ Եորքի «Լինքըն» կեդրոնի եւ Շիքակոյի «Հարրիս» թատերասրահին մէջ։ Պօղոսեան ուսանող է Պելճիքայի «Էլիզապէթ թագուհի» երաժշտական մատուռին մէջ եւ «Ճուլիըրտ» դպրոցի շրջանաւարտ է։

Յայտագրին մաս կը կազմեն Պախի, Պէթհովէնի, Պրամզի, Կոմիտաս վարդապետի, Միրզոյեանի եւ Սպենդիարեանի գործեր։ Համերգը տեղի պիտի ունենայ «Գառնըկի»ի Weill Recital Hall սրահին մէջ (West 57 th Street & Seventh Avenue, Նիւ Եորք)։ Տոմսակները (25 տոլար) կարելի է ապահովել «Գառնըկի» սրահէն (212-247-7800) կամ Ազգ. Առաջնորդարանէն (212-689-7810)։

Առաջնորդարանը այս տարեկան համերգը կը ներկայացնէ իբրեւ համայնքի գեղարուեստական իրագործումներու նպաստ մը, մեծ մասամբ շնորհիւ խումբ մը նուիրեալ հովանաւորներու, որոնք ամէն տարի իրենց նիւթական օժանդակութիւնը կը բերեն՝ ծախսերը հոգալու եւ տոմսակներու գինը մատչելի պահելու համար։

«Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւոր դարձէք
«Միւզիքըլ Արմինիա»ն հաստատուած է 1982ին հոգելոյս Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Յանձնախումբի ջանքերով։ Ան նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներու համբաւը եւ հայ երգահաններու երաժշտութեան մեկնաբանութիւնը տարածելու։ Անցնող 37 տարիներուն, տարեկան այս համերգներուն մասնակիցներէն շատերը ամուր դիրք հաստատած են երաժշտական ասպարէզին մէջ։ 

Ինչպէս ըսինք, տարեկան այս համերգներուն մուտքի գինը մատչելի մնացած է, շնորհիւ՝ հովանաւորներու աջակցութեան։ Իբրեւ հովանաւոր, դուք կարեւոր նպաստ մը կրնաք բերել տաղանդաւոր երաժիշտներու զարգացումին ու յաջողութեան։ Բոլոր նուիրատուներուն անունները կը յիշուին համերգի յայտագրին մէջ։ Հովանաւորութեան տեսակներն են՝ Diamond $1.000, Platinum $500, Gold $300, Silver $200. Diamond, Platinum, եւ Gold հովանաւորները երկու անվճար տոմսակներ կը ստանան։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու կամ «Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւոր դառնալու համար, հաճեցէք իմակով ( [email protected] ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810 x26) կապ հաստատել Սոֆիին հետ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Ե. ԿԻՐԱԿԻ Ս. ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 6:22-38

Յաջորդ օր, ժողովուրդը՝ որ մնացած էր լիճին միւս կողմը, տեսաւ թէ հոն միայն մէկ նաւակ կար, որուն մէջ Յիսուսի աշակերտները մտան եւ առանձինն գացին. իսկ Յիսուս աշակերտներուն հետ նաւակ չմտաւ: Յետոյ Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ ալ եկան հոն, ուր Յիսուս Աստուծոյ գոհութիւն տալով բազմացուցած էր հացը եւ տուած ժողովուրդին, որպէսզի ուտեն: Ժողովուրդը տեսնելով թէ Յիսուս հոն չէր, ոչ ալ իր աշակերտները, նաւակները առին եւ Կափառնաում եկան Յիսուսը փնտռելու համար: Երբ զինք գտան լիճին միւս կողմը, հարցուցին.
Վարդապե՛տ, ե՞րբ եկար հոս:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
Կ’ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք: Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ: Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ:
Անոնք հարցուցին.
Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզածը կատարած ըլլանք:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց:
Անոնք ըսին.
Ի՞նչ հրաշք պիտի գործես, որպէսզի տեսնենք եւ քեզի հաւատանք. ի՞նչ պիտի ընես: Մեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, ինչպէս գրուած է. «Անոնց երկինքէն հաց տուաւ ուտելու համար»:
Յիսուս անոնց ըսաւ.
Ճշմարտութիւնը կ’ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր: Հայրս է որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը: Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ’իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին:
Անոնք ըսին.
Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը:
Յիսուս ըսաւ անոնց.
Ես եմ կեանքի հացը: Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ: Բայց նախապէս ըսի ձեզի, տեսաք ալ զիս, եւ տակաւին չէք հաւատար: Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան, եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ. որովհետեւ ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց:

Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍԻՆ 3:1-12

Սա՛ եւս գիտցիր, թէ վերջին օրերուն դժուար ժամանակներ պիտի գան, որովհետեւ մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր, դրամապաշտ, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներուն անհնազանդ, ապերախտ, սրբութիւնները ոտնակոխող, տմարդի, անգութ, չարախօս, անհանդուրժող, դաժան, բարիին թշնամի, մատնիչ, անպատկառ, գոռոզ, եւ աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած: Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան: Զգուշացի՛ր անոնցմէ: Անոնց մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք տունէ տուն կը մտնեն եւ իրենցմով կը հրապուրեն մեղքերով ծանրաբեռնուած եւ զանազան ցանկութիւններէ բռնուած թեթեւաբարոյ կիները, որոնք միշտ կ’ուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր: Այնպէս ինչպէս Եանէս եւ Եամբրէս մոգերը Մովսէսի հակառակեցան, միտքով ապականած եւ հաւատքով սնանկ այս մարդիկն ալ ճշմարտութեան կը հակառակին: Բայց իրենց յաջողութիւնը երկար չի տեւեր, որովհետեւ իրենց անմտութիւնը շուտով յայտնի պիտի ըլլայ բոլորին, ճիշդ ինչպէս այն երկուքինը եղաւ:
 
Բայց դուն կառչա՛ծ մնա իմ ուսուցումիս, կեանքի օրինակիս, յօժարութեանս, հաւատքիս, համբերատարութեանս, սիրոյս եւ յարատեւութեանս, որոնք ցուցաբերեցի՝ նոյնիսկ հալածանքներուս եւ չարչարանքներուս մէջ: Գիտես թէ ի՛նչ պատահեցաւ ինծի Անտիոքի, Իկոնիոնի եւ Լիստրայի մէջ. թէ ի՛նչպիսի հալածանքներ կրեցի, եւ այդ բոլորէն Տէրը զիս ազատեց: Նոյնպէս, բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ Քրիստոս Յիսուսի միացած ապրիլ, անպայման հալածանքներու պիտի ենթարկուին:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 63:7-18
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ
Այսօր, Հինգշաբթի, 14 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը տօնէ Տիրոջ քառասնօրեայ գալուստը տաճար՝ Տեառնընդառաջը (նաեւ ծանօթ՝ Տրնդէզ ժողովրդական անունով)։ Այս տօնը միշտ կը նշուի 14 Փետրուարին՝ Ս. Ծնունդէն 40 օր ետք։
 
Այդ օր Մարիամ եւ Յովսէփ մանուկ Քրիստոսը ընծայեցին տաճար՝ ըստ մովսիսական օրէնքի (տե՛ս Թիւեր կամ Թուոց գիրք 18:15)։ Տաճարին մէջ, Սիմէոն անունով ուղղամիտ եւ աստուածանուէր մարդ մը, որուն յայտնուած էր, թէ մահը պիտի չտեսնէր՝ Տէրը տեսնելէ առաջ, Յիսուսը իր ձեռքը առաւ, զԱստուած գոհաբանեց եւ ըսաւ.
 « – Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝
ձգէ՛ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի.
որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը
որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն,
որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու
 եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի փառք ըլլալու» (տե՛ս Ղուկաս 2: 22-40):
 
Որոշ հայկական նախաքրիստոնէական սովորութիւններ մտած են այս տօնին մէջ, որոնցմէ մէկը՝ խարոյկ վառելը, մնացած է մինչեւ օրս, յատկապէս Միջին Արեւելք եւ Հայաստան, ներկայիս վերակենդանացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ նաեւ։ Նախատօնակին, խորանէն բոցով մը՝ խարոյկ կը վառենք եկեղեցիէն դուրս։ Երիտասարդներ, յատկապէս՝ նորապսակներ, կրակին շուրջ կը հաւաքուին եւ, երբ բոցերը կը սկսին մարիլ, կը ցատկեն բոցերուն վրայէն։ Խարոյկին լոյսը կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, որ յաւերժական Կեանքը եւ աշխարհի Լոյսն է։ Ուր որ հնարաւոր է, եկեղեցիէն վառած մոմեր, երբեմն լամբեր կը փորձեն տուն հասցնել՝ Քրիստոսի լոյսով բնակարանը լուսաւորելու համար։

ՅՈՎՆԱՆ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
Ուրբաթ, 15 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշէ կրտսեր մարգարէներէն մէկը՝ Յովնան մարգարէն։ Կրտսեր մարգարէները նուազ կարեւոր չեն, քան աւագ մարգարէները, բայց անոնց գրքերը աւելի կարճ են։ Բոլոր կրտսեր մարգարէները Աստուծոյ ծառաներ էին, որոնք Անոր կամքը հռչակեցին զղջումի կարօտ մարդոց։

Յովնանի եւ կէտ ձուկին պատմութիւնը ամենածանօթներէն մէկն է Հին Կտակարանին մէջ։ Յովնանի տօնը կը զուգադիպի Առաջաւորաց պահքի վերջին օրուան, եւ երեք օրերու ընդհատումով, վաղուան ընթերցումը Յովնանի ամբողջ գիրքն է։ Ինչպէս Նինուէի ժողովուրդը ծոմ պահեց ու զղջաց իր չարագործ վարքէն, միեւնոյն ձեւով Աստուծոյ ժողովուրդը կը պահէ Մեծ Պահքին նախորդող հնգօրեայ այս պահքը։ 

Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐ
Շաբաթ, 16 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Ս. Սարգիս զօրավարը, անոր Մարտիրոս որդին եւ 14 հաւատացեալ զինուորները։ Այս շարժական տօնը կ՚իյնայ 11 Յունուարի եւ 16 Փետրուարի միջեւ։ Կը հետեւի Առաջաւորաց պահքին, որ Ս. Սարգիսի հետ կապ չունի, բայց այս սուրբին հետ կապակցուած է, եւ նոյնիսկ կը յիշուի յաճախ իբրեւ Ս. Սարգիսի պահք։

Սարգիս 4րդ դարու հռոմէացի զինուոր մըն էր, որ քրիստոնեայ դարձաւ։ Զինուորական աստիճաններէն բարձրացաւ՝ Կոստանդին կայսեր անունով իր քաջարի պայքարին համար։ Յուլիանոս կայսեր գահակալութեամբ, Սարգիս եւ իր որդին ապաստան գտան Հայաստան, ուր քրիստոնէութիւնը արդէն պետական կրօնք դարձած էր։ Այնուհետեւ, անոնք Պարսկաստան անցան՝ պարսից բանակին միանալով ընդդէմ Յուլիանոսի։ Հայր ու որդի բացառիկ քաջութեամբ կռուեցան։ Սակայն, պարսից Շապուհ Բ. թագաւորը փորձեց զանոնք համոզել, որ քրիստոնէութիւնը լքէին եւ զրադաշտական դառնային։ Հայր ու որդի մերժեցին եւ նահատակուեցան։ Տասնչորս հաւատարիմ քրիստոնեայ զինուորներ, որոնք ներկայացան մարմինները պահանջելու, նոյնպէս սպաննուեցան։ Ի վերջոյ, քրիստոնեաները ապահովեցին աճիւնները եւ Ասորեստան ղրկեցին։ 5րդ դարուն, Ս․ Մեսրոպ Մաշտոց նահատակներուն աճիւնները փոխադրել տուաւ Վասպուրականի Կարպի քաղաքը, ուր վանք մը կառուցուեցաւ գերեզմաններու վայրին վրայ։

Այս շաբաթ նաեւ կը յիշուին
Երկուշաբթի, 18 Փետրուար՝  Սրբոց Ատովմանց զօրավարացն
Երեքշաբթի, 19 Փետրուար՝ Սրբոց Սուքիասեանց վկայիցն
Հինգշաբթի, 21 Փետրուար՝ Սրբոց Ոսկեանց քահանայիցն

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻ 6 ՄԱՐՏԻՆ
Մեծ Պահոց շրջանը կը սկսի 4 Մարտին։ Ըստ աւանդութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի յայտագիրը պիտի գործադրուի Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, իրերայաջորդ վեց շաբաթներ, սկսելով Չորեշքաբթի, 6 Մարտին։
Յայտագիրը պիտի բաղկանայ՝
– եկեղեցական կարճ արարողութենէ մը՝ ժամը 7:00ին, ապա՝
– 20 վայրկեաննոց դասախօսութիւն մը՝ ժամը 7:30ին
– ընթրիք՝ ժամը 8:00ին։
 
Խօսք պիտի առնեն՝
– Այրիս Փափազեան (6 Մարտ)
– Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան (13 Մարտ)
– Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան (20 Մարտ)
– Տ. Ներսէս քհնյ. Մանուկեան (27 Մարտ)
– Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան (3 Ապրիլ)
– Փրոֆ. Շոպան Նաշ-Մարշալ (10 Ապրիլ)։
 
Յայտագիրը կը հովանաւորեն Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը։ Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներու առանցքը։ Ծրագրին մաս կը կազմէ հովանաւորուած երեխաներու թղթակցութիւնը իրենց հովանաւորին հետ։

Նամակները յուզիչ ընթերցանութեան նիւթ են։ Անուշաւան Սրբազան Հօր խնդրանքով, որոշած ենք պարբերաբար անոնցմէ նմոյշներ ներկայացնել “Crossroads”ի միջոցով։ Մականունները զանց պիտի ընենք հասկնալի պատճառներով։ Ստորեւ կու տանք չորսամեայ Յովհաննէսին նամակը, որ անոր անունով գրուած է քրոջ կողմէ։  
   
Բարեւ, իմ յարգելի բարեկամ,
Ձեզ գրում է Յովհաննէսի քոյրը, քանի որ եղբայրս փոքր է եւ ինքնուրոյն չի կարող գրել։
Անչափ շնորհակալ ենք ձեզ, որ հովանաւորում էք եղբօրս, քանի որ հօրս զոհուելուց յետոյ մենք շատ ենք զգում օգնող ուժի կարիք։
2016 թ. ապրիլեան պատերազմը արմատապէս փոխեց մեր կեանքը։ Մենք որ երբեք ոչ մի կարիք չենք զգացել, հայրս որ իր զինուորներին իր սեփական երեխաներից չի տարբերել, ծառայութեան ժամանակ օգնել է եւ չի թողել ոչնչի կարիք զգան, այսօր իր կեանքն է տուել յանուն մեր ազատութեան եւ այսօր մենք յայտնուել ենք անապահով վիճակում եւ շնորհակալ ենք որ դուք օգնում եք մեզ։
Յովհաննէսը 4 տարեկան է, յաճախում է մանկապարտէզ։ Շատ խելացի եւ առոյգ տղայ է մեծանում։ Սիրում է զբօսնել եւ խաղալ իմ հետ։
Շատ է սիրում լսել հայրիկի մասին պատմութիւններ եւ աշխատում է նմանուել հայրիկին։ Երազում է մեծանայ եւ հայրիկի նման լաւ օրինակելի զինուորական դառնայ։
Շնորհաւորում եմ ձեր եւ ձեր ընտանիքի անդամների ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը, ցանկանալով Ձեզ ամենալաւն ու բարին։
Ձեզ շատ սիրող ու յարգող՝ Յովհանննէս։

ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ 
Տ. ԱՐԱՄ ՔՀՆՅ. ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ ԵՒ ԵՐԷՑԿԻՆ ՄԱՐԿՐԷԹ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԸ 
Տ. Արամ Աւ. քհնյ. Ստեփանեան կը խօսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի դասարանի մը 
Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըըզի) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը Կիրակի, 10 Փետրուարին, վայելեց Տ. Արամ Աւ. քհնյ. Ստեփանեանի եւ երէցկին Մարկրէթ Ստեփանեանի այցելութիւնը։ Երէցկինը աշակերտներուն խօսեցաւ ճակատագրական որոշումներ տալու մասին՝ Աստուա՛ծ միշտ ի մտի պահելով։ Տէր Արամ խօսեցաւ Աստուծոյ ու Յիսուսի հանդէպ սիրոյ եւ նուիրումի մասին։ Ան նաեւ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչները իրարու հետ կապուած են եւ օրհնեց բոլոր ներկաները։ Աշակերտները խանդավառ էին հիւրերու ներշնչող խօսքերով եւ կրկին կ՚ակնկալեն նմանօրինակ այցելութիւններ։ 
ՏԻՐՊՈՐՆԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆ 
Տ. Հրանդ քհնյ. Գէորգեան ամսական մանուկներու քարոզը կու տայ Տիրպորնի (Միշիկըն) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Ան իր ձեռքը ունի մազի խոզանակ մը, զոր աշակերտները ընտրած էին իբրեւ քարոզի առարկայ։ 
Տիրպորնի (Միշիկըն) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Հրանդ քհնյ. Գէորգեան ամսական քարոզ մը կու տայ՝ յատկապէս մանուկներու համար։ «Տէր Հրանդին մարտահրաւէր կարդանք» բնաբանով, աշակերտները սովորական առարկայ մը կ՚ընտրեն, որուն վրայ Տէր Հայրը իր քարոզը կը հիմնէ։ Յունուարի առարկան մազի խոզանակ մըն էր։ Աշակերտները մեծ անհամբերութեամբ կը սպասեն այս ամսական մարտահրաւէրին։ 
Երէցկին Թամար մկրտութեան խորհուրդը կը բացատրէ «կեղծ» մկրտութեամբ
Երէցկին Թամարի կիրակնօրեայ դպրոցի դասարանը «կեղծ» մկրտութիւն մը կատարեց ընդհանուր ժողովի պահուն։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ստանձնեցին այս դերակատարումը, մինչ երէցկինը ամբողջ արարողութիւնը մանրամասնօրէն կը բացատրէր։ Ուսանելի փորձառութիւն մըն էր թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ՛ ուսուցիչներուն համար։ 

Հ. ԿՂԵՄԵՍ ՎՐԴ. ՍԻՊԻԼԵԱՆ (ծնունդ՝ 17 Փետրուար, 1824)

19րդ դարը մեր անցեալի վերյայտնութեան ժամանակն էր, իսկ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի ու Վիեննայի երկու ճիւղերը՝ գլխաւորած են այդ շարժումը։ Վիեննական միաբաններէն՝ Հ. Կղեմես վրդ. Սիպիլեան հայ դրամագիտութեան ռահվիրան պիտի դառնար։

Աւազանի անունով՝ Մկրտիչ, ծնած է Կ. Պոլիս, 17 Փետրուար 1824ին։ 1838ին մտած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, միաբանութեան անդամակցելով չորս տարի ետք։ 1845ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, Կղեմես անունը առնելով։ Նորօծ վարդապետը սկսած էր դրամագիտութիւն սորվիլ աբբահայր Արիստակէս Ազարեանի դասերուն շնորհիւ. վերջինս միաբանութեան դրամներու հաւաքածոն հիմնած էր 1825ին։

Սիպիլեան սկսած է գրել իր գլխաւոր գործը՝ «Դասաւորութիւն Ռուբէնեան դրամոց», 1846ին, բայց հասկնալով որ տակաւին հետազօտական մեծ աշխատանք պէտք է կատարուէր, աշխատանքը յետաձգած է։ 1847-1849ին Փոքր Հայք ճամբորդելէ ետք, 1851ին երկու գիրք հրատարակած է Վիեննայի մէջ, նուիրուած՝ Մեքսիքոյի նուաճումին սպանացիներու կողմէ եւ Տրդատ թագաւորի վերջին օրերուն ու մահուան հանգամանքներուն։ Իզմիր գտնուելով 1853-1855ին, փորձած է Կիլիկիա ճամբորդել, բայց այս փորձը ձախողած է, երբ իր մեծաւորները զինք Պոլիս ղրկած են ու ապա՝ Հոկտեմբեր 1856ին Պարսկաստան, ուր տասներու տարի Սպահանի հայ կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետը եղած է։ Միջոցին, սկսած էր դրամագիտութեան եւ հնախօսութեան նիւթերով յօդուածներ հրատարակել հայ եւ եւրոպական պարբերականներու մէջ։

 Պարսկաստան ապրած տարիներուն, Սիպիլեան այցելած է Թեհրան (1857), Վան (1861), Թիֆլիս եւ Էջմիածին (1864)։ Այսպէս, ան ծանօթացած է Հայաստանի անցեալին, որ իր անմիջական հետաքրքրութեան առարկան էր, եւ անոր ներկային։ 1868ին Պոլիս վերադառնալով, կրկին Փոքր Ասիա ճամբորդած է մինչեւ 1870։ Իւրաքանչիւր ճամբորդութիւն առիթ մըն էր դրամներ եւ այլ հնատիպ նիւթեր հաւաքելու, զորս նուիրած է միաբանութեան թանգարանին եւ այլ հաստատութիւններու։ Վիեննա կարճատեւ վերադարձէ մը ետք, ան կրկին մեկնած է Պոլիս, ուր սկսած է գործակցիլ քաղաքի բոլոր հայ մշակութային հաստատութիւններուն հետ։ Ան դասախօսութիւններ տուած է դպրոցներու մէջ եւ հրատարակած է աշխարհագրութեան դասագիրք մը (1877)։

1875ին Սիպիլեան Վիեննայի Դրամագիտական Ընկերութեան թղթակից անդամ նշանակուած է՝ յունական եւ հայկական դրամներու իր մասնագիտութեան բերումով։ Ան դասաւորած է Պոլսոյ Օսմանեան թանգարանի հին շրջանի նիւթերը, իսկ 1876ին սուլթան Ապտիւլ-Ազիզ գնահատելով անոր արժանիքները, թանգարանի երկրորդ տեսուչ նշանակած է։ 1876ի վերջերուն, անխոնջ վանականը յաջողած է Կիլիկիա այցելելու իր երազը իրականացնել, իսկ Ապրիլ 1877ին, թանգարանին կողմէ առաքուած է Միջագետք՝ նիւթեր ձեռք բերելու համար։ Այս ճամբորդութիւնը ճակատագրական պիտի ըլլար։ Հ. Կղեմես Սիպիլեան, ֆիզիքապէս տկարացած՝ մնայուն ճամբորդութիւններու պատճառով, ծանրօրէն հիւանդացաւ թանջքով (dysentery)։ Գրեթէ կիսամահ հասնելով Տիգրանակերտ, ութը օր ետք իր մահկանացուն կնքած է՝ 23 Մայիս, 1878ին, ու հոն թաղուած։

Իր մահէն քիչ առաջ, Սիպիլեան ամբողջացուցած էր «Դասաւորութիւն Ռուբէնեան դրամոց» աշխատութիւնը, ուր առաջին անգամ ըլլալով մշակած, դասաւորած ու ժամանակագրական քննութեան ենթարկած էր Կիլիկիոյ հայկական պետութեան աւելի քան 2.000 դրամներ։ Ձեռագիրը մնացած է ընտանիքին մօտ, մինչեւ որ Մխիթարեան միաբանութիւնը գնած ու հրատարակած է 1892ին, Վիեննայի մէջ, Հ. Գրիգորիս Գալեմքեարեանի խմբագրութեամբ եւ լրացումներով։ Յառաջաբանին մէջ, հրատարակիչը նշած է, թէ միաբանութիւնը արդէն ունէր 15.000 դրամներու հաւաքածոյ մը, ներառելով՝ Արշակունեաց թագաւորութեան 220 եւ կիլիկեան ժամանակաշրջանէ 2.232 դրամներ, շնորհիւ Սիպիլեանի մնայուն ջանքերուն։ Իր գրախօսականին մէջ, Ս. Էջմիածնի «Արարատ» պաշտօնաթերթը գրած է. «Ահա մի գիրք, որ արժանի է զարդարելու իւրաքանչիւր հայի սեղան, եթէ թանկ են նրա համար իւր նախնեաց յիշատակարանները, եթէ նա ցանկանում է այդ յիշատակարանների անփոփոխ պատկերը իւր առաջ ունենալ»։

1980ին Քալիֆորնիոյ Հայ Դրամագիտական Ընկերութիւնը հրատարակած է յատուկ հատոր մը՝ Հ. Կղեմես վրդ. Սիպիլեանի մահուան հարիւրամեակին առիթով։


Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ
Կռիւն ու ռմբակոծումները վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին
գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել
ձեր աղօթքներուն մէջ ու քսակներէն բաժին յատկացնել։ 

Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։ 

Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
սեղմեցէ՛ք այստեղ եւ ընտրեցէ՛ք
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։

Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Prelacy
138 E. 39 th  Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)

Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, 23 Մարտին, միօրեայ դասընթացք մը տեղի պիտի ունենայ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, Շանթ Աւ. սրկ. Գազանճեանի ղեկավարութեամբ՝ «Հետազօտութիւն Ս. Պատարագի» վերնագրով։ Արձանագրութեան ժամկէտը 15 Մարտ է։ Մասնակցիլ փափաքողները տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար կրնան կապուիլ Մայր Եկեղեցւոյ գրասենեակին՝ հեռաձայնով (212-689-5880) կամ ելեկտրոնային նամակով՝ [email protected]։

Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾԸ՝
«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ»
Ւնտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Պետրոս քհնյ. Շիթիլեան, յօդուած մը գրած է՝ «Աստուծոյ գոյութիւնը» խորագրով, որ առցանց հրատարակուած է “Today’s American Catholic”ի մէջ։ Յօդուածին մէջ, ան կը բացատրէ. «Ես պիտի չգրեմ այս խնդրին վերաբերող գրականութեան եւ տեսութիւններուն մասին, որովհետեւ զանոնք կարելի է ձեռք բերել գիրքերէ եւ համացանցէն։ Այս յօդուածը՝ այս խնդրին առնչուող իմ անձնական փորձառութեանս մասին է»։ Յօդուածը կարդացէք այստեղ ։

ԵԹԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԻՔ...
․․․ գրեցէք մեզի [email protected] հասցէին։

Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “Crossroads”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ Ստորեւ հաճոյքով կը հրատարակենք ստացած երկու կարծիք.

Տոքթ. Ալթա Միքայէլեանէն
Շնորհաւորութիւններ ձեզի եւ ձեր անձնակազմին՝ “Crossroads”ի «կրկնակ» տարբերակներուն համար։ Անգլերէնն ու հայերէնը կողք-կողքի դնելու կարելութիւնը մեծապէս կ՚օգնէ հայերէն ընթերցանութեան եւ բառապաշարին, ինչ որ լեզուական հմտութիւնս պահելու եւ բարելաւելու աւելի հետաքրքրական ձեւ մըն է։ Հրաշալի գաղափար մըն է՝ մե՛ծ օգուտներով։

Կլատիս Սարոյեանէն
Կը գրեմ ձեզի, որ իմանաք, թէ «Հայ լեզուի անկիւնը» գրողը շատ լաւ անձ մըն է, որ այսքան բարձրորակ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ մեզի լեզուաբանութեան մասին։ Անոր զուարթախոհութիւնն ( հիւմըր ) ալ շատ լաւ է։ Շատ կը սիրեմ բառերու ծագումը եւ ամէն ինչ, որ կապ ունի բառերու հետ, եւ իսկապէս հրաշալի նուէր մը կ՚ընէք մեզի։ Կ՚ուզեմ ծափահարել գրողը, որ իր գիտութիւնը այսքան առատաձեռնութեամբ կը բաշխէ։

Կ՚ուզեմ աւելցնել, որ կը գնահատեմ այն յաւելեալ տեղեկութիւնները, զորս ան կու տայ, ինչպէս Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութեան եւ Հրաչեայ Աճառեանի կամ ուրիշներու գիւտերու մասին։ Կ՚ամչնամ ըսելէ, թէ չէի գիտեր անոնց մասին, եւ անմիջապէս գացի հետազօտելու։ Ի՜նչ պատմութիւններ։ Նոյնիսկ ակկադերէ՛ն բառեր կը սորվեցնեն մեզի։ 
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝ [email protected]   կամ՝  212-689-7810։ Յաջորդ դասը՝ Շաբաթ, 16 Փետրուարին։

 16 Փետրուար —Վալենթայնի օրուան ճաշկերոյթ-պարահանդէս, Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, ի նպաստ ՀՕՄի ծրագիրներուն եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին ասորի եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Փարամըս։

2 Մարտ —Տարեկան Hye Hearts Dance-ի երրորդ պարահանդէսը հովանաւորութեամբ՝ Մեծագոյն Հարթֆըրտի եւ Արեւմտեան Մասաչուսեթսի հինգ հայ եկեղեցիներուն, Holiday Inn պանդոկ, Հարթֆըրտ (Քընեթիքըթ)։

3 Մարտ —ՀՕՄի «Շաքէ» մասնաճիւղի Բուն Բարեկենդանի անուշեղէններու վաճառք, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մեծ սրահին մէջ։

9 Մարտ —«Քիրքոսթաս» համերգ (երաժշտութիւն, պար, կատակերգութիւն եւ ընթրիք)։ Հայ-յոյն ամերիկացի դաշնակահար եւ երգահան Մարք Քիրքոսթասի յիշատակին։ 5710 Hewlett Street, Little Neck, New York, երեկոյեան ժամը 7:00ին։

17 Մարտ “Musical Armenia” համերգ, ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill Recital Hallի մէջ, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։ Երաժիշտներ՝ Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ), Քարա Պօղոսեան (ջութ), Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։ 

23 Մարտ —Ս. Պատարագի մեկնաբանութիւն, առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, ղեկավարութեամբ՝ Շանթ Աւ. սրկ. Գազանճեանի (Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի վարիչ)։ Արձանագրութիւն՝ մինչեւ 15 Մարտ։

30 Մարտ —ՀՕՄի «Ակնունի» եւ «Պերկըն» մասնաճիւղերը եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինը կը ներկայացնեն «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան նոր հաւաքածոն, որ նուիրուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100ամեակին։ Տեղի կ՚ունենայ Սուրիա եկեղեցւոյ մէջ, Փարամըս, Նիւ Ճըրզի։

12-14 Ապրիլ —Ս. Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը կը ներկայացնէ Արթըր Փինաճեանի (1914-1999) գործերու ցուցադրութիւն մը Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ, Նիւ Եորք։ Վաճառքի եկամուտին մէկ մասը պիտի յատկացուի ի նպաստ դպրոցին։ 

5 Մայիս —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակ։ Թուականը նկատի ունենալ։

16-19 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ Ուայթինսվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ։

30 Յունիս-7 Յուլիս —33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվանիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնին։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ Մոնթէպէլլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մասաչուսեթս)։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/