14 Մայիս, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԻԼ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ
Ինչպէս մեր բոլոր գաղութներէն ներս , նոյնպէս նաեւ Լիբանանի հայ համայնքին մէջ ստեղծուած ընկերա - տնտեսական դժուարութիւնները կը շարունակուին՝ հարուածելով մեր կառոյցները եւ յատկապէս ընտանիքները։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չէր կրնար անտարբեր մնալ այս կացութեան դիմաց ։

Անցնող ամիսներուն , Ն . Ս . Օ . Տ . Տ . Արամ Ա . Վեհափառ Հայրապետը հետեւողական կերպով թելադրած է թեմերուն՝ իրենց կարելին կատարել մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու համար : Միաժամանակ , Կաթողիկոսարանը օգտակար հանդիսացած է լիբանանահայ կառոյցներուն , շտապ մարմինին , ինչպէս նաեւ ընկերային օգնութեան կարօտ ընտանիքներուն։ Վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին , Կաթողիկոսարանը նոյն մօտեցումով օժանդակած է՝ սննդեղէն հայթայթելով կամ համարժէք գումարներ տրամադրելով Ֆանարի , ինչպէս եւ Ժունիէն մինչեւ Թրիփոլի երկարող շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներուն ։

Միացեալ Նահանգներէն , Լիբանանէն , Քուէյթէն , Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն , Զուիցերիայէն եւ Մոնաքոյէն ազնիւ նուիրատուներ իրենց օժանդակութիւնը բերած են այս ծրագրին իրագործման։ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ծառայելու հեռանկարով , օժանդակութեան նոր ծրագիրներ կը մշակուին Կաթողիկոսարանին կողմէ։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ
Կիրակի, Մայիս 17ին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին Ուայթընզվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան, իսկ Սրբազան Հայրը օրուան քարոզը պիտի տայ։ Արարողութիւնը ուղիղ կերպով պիտի հեռասփռուի։  

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՁԱՅՆ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՀԵՏ 
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, «Սփիւռքի ձայն» հեռատեսիլի յայտագրի վարիչ Կարինէ Քոչարեանին հետ կատարած հարցազրոյցի մը ընթացքին, նկարագրեց թէ Առաջնորդարանը ինչպէ՞ս կ՚օգտագործէ արհեստագիտական ձեւերը՝ իր կրօնական, մարդասիրական եւ կրթական գործունէութիւնը հետապնդելու համար։ Անցեալ Կիրակի, Մայիս 10-ին սփռուած հեռատեսային խօսակցութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը թուեց Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւնները, ներառեալ բոլոր հոգեւոր հովիւներուն առօրեայ խորհրդածութիւններու առցանց մատակարարումը, մանկական եւ երիտասարդական լսարանները, շաբաթը երկու անգամ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնը եւ այլ ծաւալուն ծրագիրները, որոնցմով Առաջնորդարանը լայնօրէն բացած է աշխատանքային շրջագիծը։ Ի պատասխան այդ ուղղութեամբ հարցումի մը, Սրբազան Հայրը նաեւ յիշեց Թեմին «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան տասնամեակներէ ի վեր բերած օգնութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հարիւրաւոր որբերու հոգատարութեամբ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, որոնք տագնապի այս օրերուն նոյն թափով կը շարունակեն իրենց բարերարութեամբ մեր ծրագիրները աշխոյժ պահել։
 
Սրբազան Հայրը կրկնեց ժահրի օրերուն իր հոգեւոր դեղագիրը՝ «աղօթք, խոհեմութիւն եւ համբերութիւն»։ «Աղօթքի կողքին», ըսաւ ան, «պէտք է միշտ զգոյշ ըլլանք»։
 
«Եղեռնեան արհաւիրքի յաղթահարումը», ըսաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, «հայ ազգին մէջ ամրացուցած է թագավարակի պէս մահասփիւռ սպառնալիքներ դիմագրաւելու կարողութիւնը»։
 
«Որպէս ազգ, իւրաքանչիւրս ունինք այդ փորձառութիւնը, մանաւանդ՝ եղեռնեան փորձառութիւնը։ Մեզի համար, Ապրիլեան Եղեռնը պարզ ոգեկոչում մը պէտք չէ ըլլայ, այլ ընդհակառակը՝ ձեւով մը մեր ժողովուրդին փորձառութեան ոսկեայ հանքը պէտք է ըլլայ… ոչ թէ հռետորական ոճով, ոչ թէ բանաստեղծական խմբագրումով՝ այլ ընդհակառակը, կրակի մէջէն անցնելով, ինչպէս որ ոսկին՝ կրակի մէջէն անցնելով աւելի տոկուն, փայլուն եւ արժէքաւոր կը դառնայ։ Եթէ մենք կրցանք գոյատեւել եւ ո՛չ միայն գոյատեւել, այլ ընդհակառակը՝ մեր նպաստը բերել մարդկութեան, ես կասկած չունիմ, որ պիտի կարենանք յաղթահարել այս համաշխարհային աղէտը», շեշտեց Սրբազան Հայրը։
 
«Կարեւորը սակայն, այն է, որ մենք միշտ իրարու հետ, իրարու համար, գործակցաբար, կարենանք աշխատիլ, ծրագրել, եւ մեր փորձառութիւնները իրարու հետ բաժնեկցելով, իրարու հետ կամրջելով, մեր ժողովուրդը դուրս պիտի գայ։ Ինչպէս Սաղմոս ԻԳ. կ՚ըսէ՝ “նոյնիսկ եթէ մահուան ձորին մէջէն ես քալեմ, պիտի չվախնամ, որովհետեւ, ով Տէր, Դուն իմ հետս ես”։ Սա ինծի համար պարզ, կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտի մը սորված սաղմոսը չէ, այլ ինծի համար եղած է իսկապէս կեանքի նշանաբան։ Ամենէն գեղեցիկ, ամենէն տոկուն, ամենէն զօրաւոր՝ ձեւով մը ներուժ արտադրող խօսքը եղած է, որովհետեւ որեւէ մէկ ատեն, որ մենք անցնինք այդ մահուան ձորին մէջէն, միշտ պիտի կարենանք տեսնել հաւատքի ճամբով այն լոյսը, որ կու գայ խաչէն։ Խաչը ինքը գերագոյն վիշտի, տառապանքի ձորն է, բայց խաչին վրայէն կը ճառագայթէ յարութեան յոյսը։ Եւ ես կ՚ուզեմ, որ մեր ժողովուրդը, վերաթարմանալով իր հաւատքին մէջ, որ Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս առաքեալներով եկաւ եւ Գրիգոր Լուսաւորիչով առաւել եւս ամրապնդուեցաւ, մենք մեր հաւատքի մէջը իսկապէս խորանանք, վերազարթնինք, եւ այդ ձեւով պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս այս համաշխարհային աղէտը մեր ետին պիտի թողունք եւ նոր արշալոյսներ պիտի դիմաւորենք», եզրափակեց Սրբազան Հայրը։ 
 
Հարցազրոյցը կարելի է դիտել այցելելով՝ http://voiceofarmenians.com/programs/interview-with-archbishop-anoushavan-tanielian կայքէջը։

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ԵՐԵՒՈՒՄԸ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը
Կիրակի, Մայիս 10ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Թրոյի (Նիւ Եորք) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։  

Այսօր, Հայց. Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, Սուրբ Յարութեան հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի՝ Սուրբ Խաչի երեւման տօն: 351 թուականին, Կոստանդիանոս Մեծ կայսեր զաւկին՝ Կոստանդի եւ Երուսաղէմի Կիւրեղ Պատրիարքի օրով արտակարգ լոյսի ճառագայթումով սուրբ խաչը կը յայտնուի Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռը՝ շուրջ երկու մղոն տարածքով: Ահա հատուած մը կայսեր ուղղուած Պատրիարքին նամակէն:

«Արդարեւ, Ս. Պենտեկոստէի օրերուն, Ահեկան ամսուան սկիզբը, երրորդ ժամուն, լոյսէ կազմուած ամենայաղթ Խաչը, երկինքին վրայ Ս. Գողգոթային վերեւէն մինչեւ Ձիթենեաց սուրբ լեռը ցոլալով կ’երեւէր: Ո՛չ թէ մէկ կամ երկու հոգիներու կողմէ միայն տեսնուեցաւ, այլ քաղաքիս ամբողջ բազմութեան յայտնապէս կ’երեւէր: Ո՛չ թէ հարեւանցի եւ արագ անցնող տեսիլքի պէս, այլ ժամերով ակնյայտնի կերպով երկինքի երեսը տեսանելի էր: Ու իր բոցաճաճանչ փայլով արեգակի ճառագայթներուն կը յաղթէր: Եւ այն աստիճան ուժգին էր դիտողներուս համար անոր ճառագայթումը, որ առհասարակ քաղաքի ամբողջ բազմութիւնը սուրբ եկեղեցի փութաց, եւ աստուածային այս տեսիլքէն ուրախութեամբ լեցուած մանուկներ եւ ծերեր, այրեր եւ կիներ եւ ամէն տարիքի մարդիկ, ըլլան բնիկ եւ ըլլան դուրսէն եկած քրիստոնեաներ, միահամուռ եւ միաբերան կ’օրհնէին եւ կը գովաբանէին մեր Տէրը եւ Աստուծոյ Միածին Որդին: Քանզի փորձով եւ գործնականապէս ապացուցուեցաւ թէ քրիստոնէական կրօնքը ո՛չ միայն խօսքի իմաստութեամբ կը հաստատուի, այլ նաեւ Հոգիին յայտնութեամբ եւ Անոր զօրութեամբ: Մարդոցմէ չէ միայն որ կը պատմուի, այլ նաեւ երկինքէն կը վկայուի»:

Խաչի երեւումը անգամ մը եւս կր բորբոքէ բարեպաշտներու հաւատքը, անոնց յիշեցնելով, որ Խաչեալը միշտ անոնց հետ է, որոնք Խաչի ճամբով կը քալեն: Նաեւ խաչը սոսկ փայտ մը չէր Գողգոթային վրայ բարձրացած, այլ մեր Տիրոջ խոստումին համաձայն, անիկա նշանը պիտի ըլլայ իր փառաւոր երկրորդ Գալուստին:

Այս հասկացողութեամբ, Խաչը որքան որ մահուան գործիք էր, մեր Տիրոջ փրկագործութեան Խորհուրդին ընդմէջէն զգեցաւ նոր իմաստ, եւ յետ Յարութեան դարձաւ յաղթանակի նշան եւ բարեպաշտութեան առարկայ: Անոնք, որոնք ծանօթ են Սուրբերու կեանքին, գիտեն թէ ինչպէս Կիպրիանոս կախարդը դարձաւ քրիստոնեայ մեծ աղօթող մը եւ ժառանգ թողուց իր անունով ծանօթ Կիպրիանոս աղօթագիրքը՝ շնորհիւ Խաչի նշանին: Այո՛, երբ հեթանոս իշխան մը կը դիմէ իրեն խնդրելով որ չար դեւերու միջոցաւ սիրաշահի Յուստիանէ անուն քրիստոնեայ կոյսի մը սիրտը, որպէսզի ամուսնանայ անոր հետ, եւ դեւերը՝ ձախողած իրենց առաքելութեան մէջ, զարհուրած կը վերադառնան, Կիպրիանոս իմանալով պատճառը, թէ Կոյսը խաչ կը կրէր իր կուրծքին, կը բացագանչէ՝ «Եթէ խաչը այսքան զօրաւոր է, հապա որքան աւելի Խաչեալը», անմիջապէս կը հրաժարի իր վատահամբաւ ասպարէզէն եւ կը դառնայ Խաչեալին վկաներէն մին:   
 
Նմանապէս, ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութենէն կ՚իմանանք, թէ ինչպէս Կոստանդիանոս կայսրը, երբ ճակատագրական պատերազմ պիտի մղէր իր մրցակից՝ Լիկինիանոսի դէմ, երկինքէն Խաչի նշանով իրեն կը յայտնուէր, թէ «Ասով պիտի յաղթես»: Իր յաղթանակէն ետք, Միլանի հրովարտակով ան քրիստոնէութիւնը ազատ կրօն հռչակեց, իսկ աւելի ուշ իր մայրը՝ Հեղինէ թագուհին, յատուկ ուխտագնացութեամբ դէպի Երուսաղէմ՝ Խաչափայտը գտաւ, որ ինքնին Խաչին նուիրուած տարբեր տօն մըն է:

Խաչը, ե՛ւ որպէս նիւթեղէն առակայ, որ դարձաւ մեր Տիրոջ զոհաբերման սեղանը Գողգոթային վրայ, ե՛ւ որպէս զոհաբերման գաղափար մարդկութեան Փրկագործութեամբ նուիրականացած, իր իւրայատուկ տեղը ունի Ուղղափառ թէ Կաթողիկէ եկեղեցիներու հաւաքական, թէ բարեպաշտի անհատական կեանքին մէջ: Խաչակնքումով, խաչը համբուրելով, խաչին առջեւ խոնարհելով հաւատացեալին պաշտամունքը անվերապահօրէն Խաչեալին կ՛երթայ: Դժբախտաբար, այս յարաբերութիւնը սխալ բացատրուած ու հասկցուած է շատ յաճախ, թէ ի՛նչ կարիքը կայ նիւթեղէն առարկայ մը բարեպաշտութեան առարկայ դարձնելու: Ընթացիկ կեանքէն օրինակ մը վերցնենք լուսաբանուելու համար: Երբ ծնող մը իր զաւկին կամ թոռան, եւ կամ նշանուած զոյգերէն մին իր սիրեցեալին նկարը դրամապանակէն հանելէ ու հիացումով դիտելէ ետք, երբ զայն համբուրէ, արդեօք թուղթի կտո՞րն է որ կը համբուրէ, թէ՞ ոչ իր սէրը սիրեցեալին կ՚ուղղէ: Անկասկած՝ վերջինն է իրականութիւնը: Նմանապէս Խաչով կը միանանք Խաչեալին, որուն զօրութիւնը մեզ կր զօրացնէ մեր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն:

Ո՛չ միայն մեր եկեղեցական կամ աշխարհական կրօնի ուսուցիչները, այլ մեր մայրերը մեզ այս հաւատքով մեծցուցին: Երբ անոնք խմորը կը շաղէին, վրան կը խաչակնքէին, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութիւնը, «պէրէքէթը» անպակաս ըլլայ ե՛ւ տան անդամներուն ե՛ւ հիւրերուն վրայէն: Երբ մայրեր իրենց երեխաներուն լոգանք կու տային տաշտերու մէջ, ջուրի վերջին բաժակը կը խաչակնքէին, որպէսզի Տէրը ի՛ր շնորհքով մաքուր պահէ զաւակը: Երբ տան մէկ անդամը երկար ճամբորդութիւն պիտի կատարէր, ջրամանը խաչակնքելով ջուրը կը թափէին ետեւէն, որպէսզի հեզասահ ըլլայ անոր ճամբան: Երբ տան հայրը իր գործատեղին պիտի բանար, խաչանիշով կը կնքէր կղպանքը, որպէսզի Տէրը ինք ըլլայ օրուան աշխատանքի առաջնորդն ու պահապանը:

Նման բարեպաշտական արտայայտութիւններ, սիրելի հաւատացեալ, երբե՛ք մոռացութեան չյանձնենք, մանաւանդ՝ մեր այս տագնապալի օրերուն, այլ խաչի յաղթանակի հաւատքով մեր իւրաքանչիւր օրը լեցնենք, որպէսզի երբե՛ք չյուսալքուինք, չճզմուինք երկարող համավարակի ամէն տեսակի ճնշումներուն տակ, այլ գիտնանք, որ Խաչի յոյսով աւելի զօրացած դուրս պիտի գանք՝ ողջունելով կեանքի մեծ ու փոքր բարիքները գոհութեամբ եւ երախտագիտութեամբ:

Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
1 7 ՄԱՅԻՍ
ԶԱՏԿՈՒԱՆ Զ. ԿԻՐԱԿԻ

Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 20 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (31 Մայիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ա. Յովհ. 3.2-6
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐ 20.17-38
 
Միլետոսէն Պօղոս լուր ղրկեց Եփեսոս եւ եկեղեցւոյ երէցները իր քով կանչեց: Երբ անոնք եկան, ըսաւ անոնց.

Դուք անձամբ գիտէք, թէ Ասիա գալուս առաջին օրէն ի վեր ի՛նչպէս վարուեցայ ձեզի հետ, ամբողջ այս ժամանակամիջոցին: Ամենայն խոնարհութեամբ եւ յաճախ արցունքով ծառայեցի Տիրոջ, Հրեաներուն նիւթած բոլոր փորձութիւնները կրելով: Գիտէք, թէ բնաւ չքաշուեցայ ձեզմէ, օգտակար բաներու մասին խօսեցայ եւ սորվեցուցի ձեզի, հրապարակաւ ըլլայ թէ տուներու մէջ: Թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ՛ հեթանոսներուն տուի նոյն վկայութիւնը եւ պատգամը՝ ապաշխարութեամբ Աստուծոյ դառնալու եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալու:

Հիմա, ահաւասիկ, Սուրբ Հոգիին մղումով Երուսաղէմ կ’երթամ: Չեմ գիտեր թէ հոն ի՛նչ պիտի պատահի ինծի: Միայն գիտեմ, թէ ամէն մէկ քաղաքի մէջ Սուրբ Հոգին կ’ազդարարէ ինծի, ըսելով թէ բանտարկութիւն եւ նեղութիւն կը սպասեն ինծի: Բայց հոգս չէ. ինծի համար կարեւորը կեանքս չէ, այլ՝ կ’ուզեմ ուրախութեամբ իր վախճանին հասցնել սկսած գործս, այն պաշտօնը որ Տէր Յիսուս տուաւ ինծի՝ Աստուծոյ շնորհքը աւետարանելու:

Հիմա գիտեմ, թէ այսուհետեւ պիտի չտեսնէք զիս: Եկայ ձեզի բոլորիդ, շրջեցայ եւ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեցի, եւ ահաւասիկ կը յայտարարեմ այսօր՝ թէ խիղճս հանդարտ է, որովհետեւ առանց քաշուելու յայտնեցի ձեզի Աստուծոյ կամքը: Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին: Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ ան իր արիւնով գնեց: Որովհետեւ գիտեմ, թէ իմ մեկնումէս ետք յափշտակիչ գայլեր պիտի մտնեն ձեր մէջ, որոնք պիտի չխնայեն հօտին: Ձեր մէջէն եւս պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք սխալ բաներ պիտի ուսուցանեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար: Հետեւաբար արթո՛ւն եղէք, յիշեցէք թէ ի՛նչպէս երեք տարի անդադար, գիշեր ու ցերեկ, արցունքով խրատեցի իւրաքանչիւրդ: Եւ հիմա ձեզ կը յանձնեմ Աստուծոյ եւ իր շնորհքի Աւետարանին, որ կրնայ ձեզ հոգեւորապէս աճեցնել եւ իր բոլոր սուրբերուն ժառանգակից դարձնել: Ոեւէ մէկուն արծաթին, ոսկիին կամ հագուստին չցանկացի: Դուք ինքնին գիտէք, թէ իմ այս ձեռքերովս շահեցայ եւ հոգացի թէ՛ իմ եւ թէ՛ ընկերակիցներուս պէտքերը: Եւ կեանքիս օրինակով ցոյց տուի՝ թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս ինք ըսաւ, թէ՝ «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը»:

Իր խօսքը վերջացնելէ ետք, Պօղոս բոլորին հետ ծունկի եկաւ եւ աղօթեց: Բոլորը սկսան լալ եւ Պօղոսի վիզին փաթթուելով կը համբուրէին զինք: Կը մորմոքէին մանաւանդ անոր համար, որ կ’ըսէր՝ թէ այլեւս զինք պիտի չտեսնեն: Ապա անոր ընկերացան մինչեւ նաւ:
 
 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 9.39-10.10
 
Յիսուս ըսաւ.

Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան:

Փարիսեցիներէն ոմանք, որ շուրջն էին, լսեցին ասիկա եւ հարցուցին.

Արդեօք մե՞նք ալ կոյր ենք:

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք. բայց քանի կ’ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք:
 
 Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ. իսկ ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է: Դռնապանը դուռը կը բանայ անոր, եւ ոչխարները իր ձայնին կը հետեւին: Իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները եւ դուրս կը տանի զանոնք: Եւ երբ իր ոչխարները դուրս կը հանէ՝ ի՛նք կ’առաջնորդէ, եւ ոչխարները կը հետեւին իրեն, որովհետեւ իր ձայնը կը ճանչնան: Օտարին չեն հետեւիր. ընդհակառակը, կը փախչին անկէ, որովհետեւ օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար:

Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց, սակայն անոնք չհասկցան թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէր իրենց: Ուստի Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց.

Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը: Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ. բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան: Ե՛ս եմ դուռը: Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ: Գողը կու գայ միայն գողնալու, սպաննելու եւ փճացնելու համար: Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան:
 
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՌՑԱՆՑ
Շաբաթ, Մայիս 9ին, Ազգային Առաջնորդարանը սկսաւ Սուրբ Գիրքի առցանց սերտողութեան՝ Zoomի օգտագործումով, որ նուիրուած է Քրիստոսի Յարութեան յաջորդող երեւումներուն, ինչպէս որ նկարագրուած են Նոր Կտակարանի էջերուն մէջ։ Վեց մասերով այս սերտողութիւնը կը վարէ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, եւ տեղի կ՚ունենայ իւրաքանչիւր Շաբաթ օր, ժամը 2:00-2:30ին։ Աւելի քան 30 հոգի արձանագրուած են։ Յառաջիկայ նիստերուն մասնակցելու համար, հաճեցէք ձեր անունը, ել. նամակի հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը ղրկել Շանթ Սարկաւագին։ 
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ ԼՍԱՐԱՆԸ ԱՌՑԱՆՑ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Պսակաձեւ ժահրի՝ ներկայ համավարակի (pandemic) ստեղծած աննախադէպ տագնապին հետեւանքով, Ազգային Առաջնորդարանի «Տաթեւ» լսարանի աւանդական դասընթացքը, որ տեղի կ՚ունենայ Փենսիլվանիոյ մէջ, իր ձեւաչափը պիտի փոխէ եւ արհեստագիտութեան ընձեռած Zoomի միջոցով տեղի պիտի ունենայ:
 
Երկուշաբթի, 29 Յունիսէն մինչեւ Ուրբաթ, 3 Յուլիս, ամէն առաւօտ մէկ ժամի տեւողութեամբ, ժամը 11-12ին պիտի ունենանք խտացուած յայտագիր մը՝ ժամերգութեամբ, Աստուածաշունչ մատեանի ծանօթացումով, հայոց պատմութեամբ ու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեամբ եւ ներկայ հարցերու հաւաքական քննարկումով (panel discussion):
 
Ներկայ յայտարարութեամբ կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր Տաթեւացիներուն: Անոնք, որոնք կ՚ուզեն մասնակցիլ, շուտով պէտք է հարկ եղած ծանօթութիւնը՝ անուն, մականուն, բջիջային հեռաձայնի թիւ, ե-նամակի հասցէ, ուղարկեն Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանին՝ [email protected] հասցէին։ Հեռաձայն՝ (212) 689-7810:
 
Դիմում կրնան կատարել անցեալ տարուան եւ նորեկ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներու շրջանաւարտներ: Մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին հետագային:

«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  
 
Գայիանէ՝ այս շաբթուան նամակին հեղինակը, կը հովանաւորուի պրն. Մալքոմ Թորոսեանի կողմէ։

«Բարեւ ձեզ, յարգելի բարերար։

Ես Գայիանէ ......., ապրում եմ Արմաւիրի մարզի Ծիածան գիւղում։ Ես 10 տարեկան եմ, սովորում եմ 4րդ դասարանում։ Դպրոցում ցուցաբերում եմ բարձր յառաջադիմութիւն։

Դպրոցից բացի ես յաճախում եմ նաեւ պարի խմբակի, որը նոյնպէս շա՜տ-շա՜տ եմ սիրում։

Յարգելի բարերար, ես ապրում եմ մայրիկիս եւ եղբօրս հետ։

Այս նամակով ես ուզում եմ իմ մեծ շնորհակալութիւնը յայտնել Ձեզ, իմ ընտանիքին աջակցելու համար։ Ես Ձեզ չեմ ճանաչում բայց շատ եմ սիրում։
Սիրով՝
փոքրիկ Գայիանէ»

ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ՈՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.
 
ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։
 
բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։       
 
Սպասման ցանկին մէջ գտնուող անչափահաս թէ չափահաս որբերու հովանաւորութեան համար, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով    ( [email protected] )       կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել վարի կապին վրայ։  
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ “CROSSROADS”ԻՆ՝ ՄՈՆԹՐԷԱԼԷՆ
Բարեւ ձեզ,

Կ՚ուզեմ շնորհաւորել ձեզ Crossroads ի , մանաւանդ անոր հայերէն տարբերակ աւելցնելու ձեր որոշումին ու հոյակապ աշխատանքին համար։ Կը ստանամ զայն ելեկտրոնային նամակատուփիս մէջ ու մինչեւ ծայր կը նայիմ։ Ուրախ եմ որ Ազգային Առաջնորդարանը իր հաղորդակցութեան այս հիմնական միջոցին մէջ հայերէնը որդեգրելով զայն հաւասարէ հաւասար կը նկատէ երկրիս հիմնական լեզուի կողքին։ Հարիւր տարի առաջ հայերէնով սկսուած պարբերական մամուլի շատ օրինակներ կան ամերիկահայ կեանքին մէջ , որոնք առ այսօր կը շարունակուին , ուր սակայն միակ հայերէնը որուն կը հանդիպիք մնացած է վերնագրին մէջ , այդ ալ ոչ միշտ հայատառ։ Ափսոս է , թէեւ իրականութիւն։ Առաջնորդարանի առած այս քայլը հակառակ ուղղութեամբ յստակ պատգամ մըն է կամքի ու նպատակներու գծով։ Վերջապէս ի՞նչն է որ մեզ կը զանազանէ իբրեւ քրիստոնեայ ազգ համայնք ու ընդհանրական եկեղեցիէն , եթէ ոչ լեզուն ու անով եկող ամբողջ աշխարհահայեացք մը ։

Կ՚ուզեմ շնորհաւորել նաեւ հետաքրքրական պարունակութեան համար , որ կու տայ ե՛ւ ազգայինը ( պատմական ակնարկներով , հրամցուած գիրքերով ), եւ կրօնականը անշուշտ՝ գիտելիքներու , հարցազրոյցներու , սուրբ գրային ընթերցումներու , ինչպէս նաեւ նամականիի ու ընդհանուր համայնքային ու եկեղեցական ժամանակացոյցին հետ առնչուած պարունակութեամբ։ Հիանալի ու օրինակելի աշխատանք է ու յստակ կերպով գիտակից ու կազմակերպուած մօտեցումի մը հայելին կը հանդիսանայ։
Յարատեւութիւն կը մաղթեմ ձեզի ։

Մնամ յարգանօք ,

ՐԱՖՖԻ ԱՃԷՄԵԱՆ , Մոնթրէալ

Այս ծաւալուն հատորը կ՚ընդգրկէ արուեստաբան ու գեղանկարիչ հեղինակի աւելի քան չորս տասնամեակներու ընթացքին գրած յօդուածները, որոնք ուղղուած են ընթերցողին նկարչութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը արթնցնելու։ Նիւթերը կ՚ընդգրկեն եւրոպացի համբաւաւոր նկարիչներ ու շարժումներ, ինչպէս եւ Արշիլ Կորքիի, Յովհաննէս Այվազովսկիի, Երուանդ Քոչարի, Ժան Գառզուի, Էտկար Շահինի, Մարտիրոս Սարեանի արուեստը։ Հակառակ մասնագիտական բնոյթ ունենալուն, հատորը ընթերցանութեան հաճելի վայելք կու տայ նաեւ արուեստասէր ընթերցողներուն։ 

Այս գիրքը տրամադրելի է  Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք [email protected]  հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
ՄՈՎՍԷՍ Գ. ՏԱԹԵՒԱՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ (մահ՝ Մայիս 14, 1632)

15-17րդ դարերու խաւարի ժամանակաշրջանը Հայաստանի մէջ նաեւ զուգադիպեցաւ Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսութեան անկումի շրջանին, երբ կայուն եկեղեցական իշխանութիւն չկար, վանքերը ամայացած էին, իսկ եկեղեցականներու մեծամասնութիւնը զուրկ էր հոգեւոր կրթութենէ։ 1441-1629ի անկումային շրջանը, երբ եկեղեցականներ իրար ձեռքէն կը խլէին կաթողիկոսական աթոռը, վերջ գտած է Մովսէս Գ. կաթողիկոսի գործունէութեամբ ու պաշտօնավարութեամբ։

Մովսէս Տաթեւացի ծնած է 1578ին, Սիւնիքի Բաղք գաւառի Խոտանան գիւղի մէջ, ուր անցուցած է իր մանկութիւնը։ Մանուկ հասակէն բացառիկ սէր ունեցած է եկեղեցւոյ հանդէպ։ Յաճախ գացած է մօտակայ Տաթեւի մենաստանը։ Ազգականական կապ ունեցած է Տաթեւի Յովհաննէս արքեպիսկոպոսին հետ, որուն կողմէ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1593ին։ Տաթեւի միաբան ըլլալով, յիշուած է իբրեւ Տաթեւացի, թէեւ յաճախ նաեւ կը հանդիպինք Սիւնեցի կամ Խոտանանցի անուանումներուն։

Այնուհետեւ մեկնած է Ամիտ (Տիարպեքիր) եւ մինչեւ 1606 աշակերտած՝ Սրապիոն Եդեսացիին։ 1610ին մեկնած է Երուսաղէմ, դառնալով Ս. Յարութիւն տաճարի լուսարար։ 1611ին մեկնած է Կ. Պոլիս, ուր իր ուսուցիչը՝ Գրիգոր Կեսարացի, պատրիարք դարձած էր։ Վերջինս զինք վարդապետ ձեռնադրած է։ 1613ին վերադառնալով Տաթեւ, մտած է Սիւնեաց Մեծ անապատը։ Կաթողիկոս դառնալէ առաջ, դպրոցներ հիմնած ու անոնց բարեկարգութեան հարցերով զբաղած է, ինչպէս եւ Սիւնիքի վանքերը կարգաւորած է։ Նաեւ քրիստոնէական վայելուչ կեանքի քարոզախօսութեամբ զբաղած է։

1620ի շուրջ Երեւանի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ քարոզած է, վերաշինած է քաղաքի Ս. Անանիա առաքեալի անապատը, կարգաւորած է Այրարատ նահանգի եկեղեցիներն ու վանքերը եւ վերաբացած՝ Յովհաննավանքի եւ Սաղմոսավանքի վանական դպրոցները։ 1623ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, իսկ 1626ին Սպահան գտնուած է։ 1627ի Յունուարին Ս. Ծննդեան տօնին ներկայ գտնուելով, Պարսկաստանի Աբբաս Ա. շահը (1587-1628) հիացած է Մովսէս Տաթեւացիի կատարած արարողութեամբ։ Այդ առիթով որպէս պարգեւ ընդառաջած է Ս. Էջմիածնի վանքի լուսարարի պաշտօնը ստանալու խնդրանքին, ինչպէս եւ վանքը նորոգելու թոյլտուութեան՝ յանձնելով հրովարտակը։ Յունիս 1627ին կը սկսի վերանորոգել Ս. Էջմիածնի վանքը, Վեհարանը, օժանդակ կառոյցները եւ պարիսպները։ Մովսէս Տաթեւացի յիշուած է իբրեւ «ընտրեալ կաթողիկոս» 1628ի սկիզբէն եւ պաշտօնապէս օծուած՝ Յունուար 13, 1629ին։

Մովսես Գ. կաթողիկոսը Աբբաս Ա.ի յաջորդ Սէֆի շահէն ստացած է իր կաթողիկոսութեան հաստատման եւ Ս. Էջմիածնի վանքին պարտքի զիջման հրովարտակները։ Իր կարճատեւ պաշտօնավարութեան ընթացքին, ան վճարած է Ս. Էջմիածնի յետնեալ պարտքերը, հաստատած է նոր դպրոցներ ու վանքեր եւ կազմակերպած է վանական կեանքը։ 

Մովսէս կաթողիկոս վախճանած է Մայիս 14, 1632ին, Ս. Անանիա առաքեալի անապատին մէջ, Երեւան։ Թաղուած է Երեւանի Կոզեռնի գերեզմանատունը, Կոնդի թաղամասը (Ս. Զօրաւոր եկեղեցիի կողքին)։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԵՐԲ ԲԱՆՋԱՐԱՎԱՃԱՌԻՆ Կ՚ԵՐԹԱՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Եթէ դուք լաւ հայերէն գիտէք, դժուարութիւն չէք կրնար ունենալ ձեր «չգիտցած» ճիւղը հասկնալու, ըլլայ արեմտահայերէն, թէ արեւելահայերէն։ Սակայն, ընդունինք, որ երկու ճիւղերուն միջեւ բառային հետաքրքրական տարբերութիւններ կան, որոնք երբեմն ժպիտ յառաջացնող վիճակ կը ստեղծեն։

Այս անգամ, պիտի անդրադառնանք չորս բանջարեղէններու՝ լոլիկ, սմբուկ, գետնախնձոր եւ ստեպղին։ Առաջին երկուքի պարագային, մինչեւ վերջին 10-15 տարիներուն, երեւանեան փողոցներու մէջ հազուադէպ կը գտնուէր մէկը, որ հասկնար, թէ «լոլիկ»ն ու «սմբուկ»ը իր գիտցած պոմիդոր ն ու բադրիջան ն էին։ Առաջինը, ինչպէս գիտէք, ռուսերէնի ճամբով մտած իտալերէն pomidoro բառն է (բառացիօրէն՝ «ոսկեայ խնձոր»), իսկ երկրորդ՝ գաւառաբարբառներու միջոցով գրական լեզու մտած թրքերէն պատլըճան բառը։ Սակայն, վերջին տարիներուն, սկսած են խանութներ յայտնուիլ, ուր լոլիկ ն ու սմբուկ ը կը ծանուցուին, իսկ ժողովրդային խօսակցութեան մէջ այդ բառերը որոշ տարածում ստացած են։ Թէեւ, անշուշտ, պէտք է պատրաստ ըլլաք պոմիդոր ին ու բադրիջան ին (հնչել՝ պատրիճան  

Ինչ կը վերաբերի «գետնախնձոր»ին, զոր արեւմտահայերէնը որդեգրած է թրքերէն փաթաթէս ին փոխարէն, հայաստանեան արեւելահայերէնի մէջ կարտոֆիլ կամ կարտոշկա ն է, որ գերմաներէն Kartoffel բառն է՝ ռուսերէնի ճամբով մտած։ Իսկ գետնախնձոր ը (նաեւ՝ գետնատանձ ) արեւելահայերէն խօսողներու համար մեր գիտցած գետնախնձորին պէս նոյնպէս ամերիկեան ծագումով ուրիշ բանջարեղէն մըն է, որուն գիտական անունը Helianthus tuberosa է, անգլերէն՝ Jerusalem artichoke կամ sunroot։

Վերջապէս, անհրաժեշտ է դիտել տալ, որ այսօր իսկ, Հայաստան մարդ պիտի չգտնէք, որ ձեզ հասկնայ, երբ «ստեպղին» կ՚ուզէք։ Օրինակ՝ եթէ carrot juice կ՚ուզէք խմել, պէտք է պատուիրէք գազարի հիւթ։ Գազար ը պարսկերէն gazar բառն է, որ ներկայ է Երեւանի եւ Թիֆլիսի բարբառներուն մէջ։ Ի դէպ, ստեպղին բառի արմատը յունարէն staphylinos բառն է, իսկ «ստեպղին»ը ներկայ եղած է արեւմտահայ բարբառներուն մէջ միայն, ինչ որ կը բացատրէ թէ ինչո՞ւ մեր երկու լեզուաճիւղերը տարբեր բառեր ունին միեւնոյն բանջարեղէնը կոչելու համար։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը Երեքշաբթի երեկոյ է։
 
Հաճոյքով կը հրատարակենք “Crossroads”ի խմբագրութեան ուղղուած ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները։
 
Մեր հասցէն՝ [email protected]։
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
9 Մայիս-13 Յունիս —Ս. Գիրքի սերտողութիւն՝ Zoomի միջոցով։ Կը ներկայացնէ՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն, Շաբաթ օրերը, ժամը 2:00-2:30ին։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

13-16 Մայիս —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը։

16 Մայիս «Սիամանթօ» լսարանի առցանց յաջորդ հանդիպումը, ժամը 10:30ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ ([email protected] կամ 212-689-7810)։

17 Մայիս (ՋՆՋՈՒԱԾ) Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)։ Հանդիպում՝ պատմաբան ու գրագէտ Ռուբինա Փիրումեանի հետ։

31 Մայիս —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։
 
29 Յունիս—3 Յուլիս —Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագիր՝ առցանց։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
 
26-27 Սեպտեմբեր —  Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
 
17 Հոկտեմբեր (ՋՆՋՈՒԱԾ) Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ «Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ»ու կողմէ։
 
15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/