15 Հոկտեմբեր, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
Թուրքիոյ անմիջական հովանաւորութեամբ եւ ահաբեկիչներու ու վարձկաններու մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմը Արցախի դէմ մեզ դրաւ նոր իրականութեան մը դիմաց՝ իր զինուորական, քաղաքական, իրաւական եւ աշխարհաքաղաքական երեսներով ու հետեւանքներով: Հետեւաբար, ներկայ իրականութիւնը պէտք է Արցախը, Հայաստանը, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքը մղէ մտածելու ու գործելու մէկ ուղղութեամբ՝ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում, այլ ընտրանք չկայ:

Ազրպէյճան-Արցախ վերջին պատերազմի զարգացումներուն մօտէն հետեւողը յստակօրէն պիտի տեսնէ, թէ՝ առաջին, Ազրպէյճանը կը վայելէ Թուրքիոյ քաղաքական ու զինուորական անվերապահ ու ամբողջական զօրակցութիւնը եւ Իսրայէլի մասնագիտական նեցուկը: Երկրորդ, ներկայ պատերազմը սոսկ տեղական բնոյթ չունի, այլ յղի է շրջանային եւ միջազգային հետեւանքներ ունենալու լայն կարելիութիւններով: Երրորդ, Թուրքիան իր փանթուրանական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան նոր ձեւաւորում ու շեշտաւորում տալով, Միջին Արեւելքէն ու իսլամական աշխարհէն սկսեալ մինչեւ արեւելեան Եւրոպա ու Միջերկրականի ափերը, իր ազդեցութիւնը տարածելու իր հետեւողական ճիգին առընթեր այժմ նո՛յնը կը փորձէ Կովկասէն ներս՝ շահագործելով Ազրպէյճանը:

Սուրիոյ գծով Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան ստեղծուած որոշ համաձայնութիւնը փաստօրէն կը մղէ Ռուսիան եւ Իրանը չափաւոր ու զգուշաւոր մօտեցում որդեգրելու Թուրքիոյ կողմէ հրահրուած եւ Ազրպէյճանի նախաձեռնած պատերազմին նկատմամբ: Սակայն, իրենց զգուշաւոր մօտեցումը չի կրնար երկար տեւել՝ լուրջ վտանգներով եւ ծանր հետեւանքներով լեցուն այս պայթուցիկ կացութեան դիմաց, երբ մանաւանդ իրենց ու յատկապէս Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական շահերը կը սկսին վտանգուիլ շրջանէն ներս:
 
Ազրպէյճանը միշտ փորձեց զէնքի ոյժով Արցախը վերագրաւել՝ հակադրուելով քաղաքական ու բանակցային ճամբով Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման միջազգային որոշումներուն: Ազրպէյճանի այս վերջին փորձը եւս, որուն եկաւ նոր տարածք ու մղում տալու համաթրքական փանթուրանիզմը, կը հետապնդէր նո՛յն նպատակը:
 
Հայոց բանակը հերոսութեամբ կը շարունակէ պաշտպանել Արցախը, մեր իրաւունքը ու արժանապատուութիւնը: Արիւն թափեցինք, ահաւոր քանդում ու աւեր ունեցանք, հսկայ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցանք, սակայն կը շարունակենք տոկալ: Արդարեւ, թրքական աջակցութեամբ ու իսրայէլեան զինուժով օժտուած ազերիական յարձակումներուն դէմ դնելը ինքնին յաղթանակ է: Բանակի կողքին Հայաստանի ու Արցախի դիւանագիտական արշաւը, Սփիւռքի կողմէ լայնածաւալ քարոզչութիւնը, կազմակերպուած բողոքի ու զօրակցական ցոյցերը մեր ողջ ժողովուրդը զօրակոչի ենթարկեցին:
 
Կացութիւնը կը շարունակէ մնալ աւելի քան կնճռոտ ու փխրուն:
 
30 տարիներ շարունակ աշխարհին դիմաց ըսինք Արցախը մե՛րն է, մեր ինքնորոշման իրաւունքը արեան գնով հաստատեցինք եւ մեր հայեացքները, մեր մտածումներն ու աշխատանքը ուղղեցինք դէպի Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում: Անցնող տարիներուն այս գծով նաեւ խոհեմ զգուշաւորութիւն ցոյց տուինք՝ առիթ տալով քաղաքական բանակցութիւններուն: Սակայն, ներկայ պատերազմը եկաւ անգամ մը եւս ցոյց տալու, թէ Ազրպէյճանը չի հաւատար բանակցութիւններու եւ բացայայտօրէն վայելելով Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութիւնը, մեզ հանգիստ պիտի չձգէ՝ դիմելով մաշումի պատերազմի, եւ աւելին՝ պիտի շահագործուի Թուրքիոյ կողմէ Արցախէն շատ աւելի մեծ ու հեռաւոր նպատակներու համար:
 
Մենք չենք կրնար մի քանի տարին անգամ մը մարդկային զոհեր տալ, ինչպէս նաեւ ենթարկուիլ նիւթական եւ տնտեսական ահաւոր վնասներու: Անհրաժեշտ է, որ յստակօրէն ճշդենք մեր ռազմավարական ու մարտավարական մօտեցումները, կարճաշունչ ու երկարաշունչ հանգրուաններով, միշտ իրապաշտ ոգիով եւ համահունչ ներկայ աշխարհաքաղաքական տուեալներուն ու պայմաններուն:
 
Առաջին, անհրաժեշտ է ամէն գնով եւ անմիջապէս ամբողջական զինադադար հաստատել եւ վերսկսիլ քաղաքական բանակցութիւններուն:
 
Երկրորդ, ծրագրուած աշխատանք տանիլ Արցախի միջազգային ճանաչման գծով: Այլեւս չենք կրնար երկար սպասել. սա ի վնաս մեզի է՝ ամէ՛ն իմաստով: Գիտենք, որ նման քայլ մը կրնայ նոր բարդութիւններ ստեղծել եւ միջազգային համայնքի ընդառաջումը կրնայ դրական չըլլալ գէթ այս հանգրուանին: Սակայն, այլ ճանապարհ չկայ: Ներկայ պատերազմէն աւելի ծանր ի՞նչ կրնայ ըլլալ, երբ Ազրպէյճանը նոյնիսկ կ՚անտեսէ պատերազմի ու զինադադարի առնչուած միջազգային օրէնքին սկզբունքները:
 
Երրորդ, Ռուսիոյ դերը ճշդորոշիչ է Արցախի առնչուած որեւէ հարցին լուծման գծով: Ռուսիոյ դանդաղ ու զգուշաւոր մօտեցումը կրնայ զանազան մեկնաբանութիւններու դուռ բանալ: Սակայն, ինչ ալ ըլլան Ռուսիոյ ներկայ մարտավարական մօտեցումներն ու հաշիւները, Ռուսիան երբեք պիտի չ՚արտօնէ իր կողքին այլ ոյժի մը ներկայութիւնը Կովկասէն ներս: Այս համոզումէն մեկնելով, Ռուսիոյ հետ մեր գործակցութիւնը պէտք է ըլլայ փոխադարձ վստահութեան հիման վրայ ու հասարակաց շահերով պայմանաւորուած:
 
Չորրորդ, Արցախին ճանաչում ապահովելու յոյժ կարեւոր իրաւաքաղաքական նախաձեռնութիւնը միջազգային համայնքին ներկայացնելը լուրջ նախապատրաստութիւն, յարաբերական ու դիւանագիտական լայնածիր աշխատանք եւ հետեւողական գործընթացք կ՚ենթադրէ, որուն հարկ է լծուիլ անմիջապէս: Միջազգային օրէնքը կը պարզէ ճանաչման զանազան կերպերը, եղանակներն ու պահանջները: Անհրաժեշտ է համապարփակ ու մասնագիտական մօտեցումով ուսումնասիրել ճանաչման առնչուած խնդիրները եւ քոնքրէթ պարագաները:
 
Կը գտնուինք մեր պատմութեան մէկ ճակատագրական խաչմերուկին: Զինուորական գետնի վրայ յաղթանակ տանիլը առանցքն է, իսկ միջազգային կարծիքին հայանպաստ դիրքորոշումը մղիչ ոյժն է մեր յաջողութեան: Հարկ է ըլլալ զգօն ու խոհեմ եւ միշտ միակամ:
 
Հետեւաբար, կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի մեծարգոյ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ զինադադարի ամրապնդումէն անմիջապէս ետք իր մօտ հրաւիրէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի քաղաքական կուսակցութեանց պետերը, հոգեւոր պետերը եւ Հայաստանի ու Արցախի պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, միասնաբար խորհրդակցելու ներկայ իրավիճակին եւ յետագայ հանգրուաններուն մասին: Նման հաւաք մը, մէկ կողմէն, յաչս օտարներուն, ցոյց պիտի տայ մեր ժողովուրդին միասնական ոգին ու ամուր կեցուածքը եւ միւս կողմէն՝ առիթ պիտի հանդիսանայ տեսակէտներու ու մօտեցումներու փոխանակման: Մեր առաջարկն է նաեւ, որ յիշեալ հաւաքէն ետք փորձագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմուի, որպէսզի վարչապետին գլխաւորութեամբ կարենայ ծրագրել միջազգային ճանաչման առնչուած գործընթացքը՝ իր իրաւագիտական, դիւանագիտական, յարաբերական ու քարոզչական երեսներով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Անթիլիաս, Լիբանան
13 Հոկտեմբեր, 2020
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԸ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեամբ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը յայտարարութիւն մը կատարեց, կոչ ուղղելով զինադադարը յարգելու, ինչպէս նաեւ դատապարտելով Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցւոյ ռմբակոծումը:

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերէն ի զօրու նկատուող զինադադարի խախտումին գծով:

12 Հոկտեմբեր թուակիր հաղորդագրութեամբ, յիշեալ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոհան Սօսա իր եւ Խորհուրդին անունով խոր մտահոգութիւն յայտնեց զինադադարի խախտումին պատճառով ինկած զոհերուն համար: Ան ըսաւ, թէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ ռմբակոծումը, ուր ապաստանած էին քաղաքացիներ, խորապէս ցնցիչ էր: Հաղորդագրութիւնը խիստ կերպով դատապարտեց կրօնական եւ մշակութային կեդրոններու վրայ յարձակումները:

Հաղորդագրութիւնը այս առիթով կոչ ուղղեց շինիչ երկխօսութեան` մաղթելով, որ հոգեւոր պետեր եւ որոշում կայացնող ղեկավարներ խորհրդակցին եւ խաղաղ եզրայանգումի հասնին, յարգելով փոխադարձ մարդկային արժանապատուութիւնը, սրբավայրերն ու խաղաղ համերաշխութիւնը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑՈՑՅ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերին, բազմահազար հայեր ցոյցի ելած էին Մանհաթընի մէջ, երիտասարդութեան կազմակերպութեամբ ու աչքառու մասնակցութեամբ։ Ցոյցը սկսաւ քայլարշաւով՝ NBC հեռատեսիլի կայանէն մինչեւ ABC կայանը, որուն դիմաց տեղի ունեցաւ հանրահաւաքը։ Խուռներամ ներկայութիւնը տեղ-տեղ ստիպեց ոստիկանութիւնը, որ երթեւեկութիւնը կանգնեցնէր։
 
«Ճշմարտութիւնը տեղեկագրեցէք» բնաբանով ցոյցը ուղղուած էր լրասփիւռներուն, որպէսզի աւելի ուշադրութիւն ընծայեն Արցախի դէմ ազերի-թրքական յարձակման ու աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաղորդեն։ Նիւ Եորքի ABC, CBS եւ PIX 11 հեռաետիլի կայանները անդրադարձան թէ՛ ցոյցին եւ թէ՛ այնուհետեւ Պրուքլինի կամուրջի փակման՝ խումբ մը ցուցարարներու կողմէ։

Ստորեւ կու տանք թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի պատգամը բողոքի ցոյցին ընթացքին.
«Սիրելի հայրենակիցներ եւ բոլոր անոնք, որոնք հոս եկած են որպէս Ազատներու Երկրի քաղաքացիներ,
 
Այսօր հաւաքուած ենք մեր ձայնը բարձրացնելու յանուն Արդարութեան եւ Խաղաղութեան, այն երկու բեւեռները, որոնք մարդկութիւնը կը պահեն այս երկրագունդին մէջ, որ մեր հասարակաց տունն է։
 
Սեպտեմբեր 27էն ի վեր, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները՝ Թուրքիոյ աջակցութեամբ, ամիսներով գրգռիչ յայտարարութիւններ կատարելէ ետք, կատաղի յարձակման ձեռնարկած են մեր հայրենի հողին մէկ մասին՝ Արցախի վրայ։
 
Անցեալ երկու շաբաթներուն, իր արդիական զէնքերով, ազերի բանակը անողոք կերպով ռմբակոծած է քաղաքային թիրախներ, ներառեալ՝ դպրոցներ, հիւանդանոցներ, եկեղեցիներ, բնակելի շէնքեր եւ այլ ենթակառոյցներ Արցախի մէջ, ամբողջովին անտեսելով միջազգային բոլոր համաձայնութիւնները, 1994ին կնքուած հրադադարի պայմանները եւ Մինսկի խումբը ատենապետող երկիրներու, որոնց շարքին մեր երկրի՝ Միացեալ Նահանգներու ուղղակի կոչերը։ Ազրպէյճանի յարձակողական ջանքերը մինչեւ օրս անյաջող անցած են, քանի Արցախի քաղաքացիները, իրենց Հայաստանէն եղբայրներու օգնութեամբ, չէզոքացուցած են մեր հայրենիքին դէմ յարձակումները։
 
Դժբախտաբար, Ազրպէյճանի պատերազմական ոճիրներու կողքին, վկայ ենք միջազգային լրատուներու անկարողութեան՝ այս յարձակումը իր բուն բնոյթով ներկայացնելու, այսինքն՝ հայ ժողովուրդի ինքնիշխան տարածքի ուղղակի ներխուժում, այն ժողովուրդը, որ 1991ին Արցախի Հանրապետութիւնը հաստատեց, հետեւելու նախկին Խորհրդային Միութեան օրինական կարգուսարքին։ Փոխարէնը՝ լրատուները յաճախ այս յարձակումը կը ներկայացնեն որպէս տեղական կռիւ մը, կամ հակամարտութիւն մը, ուր երկու կողմերը ձեւով մը յանցաւոր են՝ փոխադարձաբար ռմբակոծելով իրարու դիրքերը։ Ճշմարտութենէն աւելի հեռու բան կարելի չէ երեւակայել։
 
Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր այստեղ ենք՝ մեր ձայնը բարձրացնելու եւ լրատուներուն յիշեցնելու իրենց բարոյական պարտաւորութիւնը՝ փաստերը տեղեկագրելու առարկայօրէն, անկողմնակալօրէն եւ ճշմարտօրէն, որպէսզի աշխարհը իմանայ Ատրպէյճանի առանց դրդապատճառի եւ վտանգաւոր ռազմական արարքին մասին, որ Թուրքիոյ օժանդակութիւնը եւ հովանաւորութիւնը ունի։ 
 
Այսօր այստեղ կը գտնուինք ո՛չ թէ լրատուական միջոցներէն խնդրելու, որ Հայաստանի կամ Արցախի կողմը բռնեն, այլ պահանջելու, որ հանրութեան ճշմարտութիւնը մատուցանեն։ Ճշմարտութիւն մը, որ հիմնուած է հետեւեալ իրողութիւններուն վրայ.
 
-- Թուրքիա՝ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից մը, զինուած ամերիկեան Ֆ-16 կործանիչներով, կը ռմբակոծէ Հայաստանը առանց գրգրռութեան, Արցախի վրայ ազերի յարձակումը շրջանային պատերազմի վերածելու կարելիութիւնը ընդլայնելով։
 
-- Թուրքիա՝ իբրեւ Ազրպէյճանի ընծայած աջակցութեան մէկ մասը, ճիհատականներու ահաբեկչական խումբեր կը տրամադրէ, նոր Ալ-Քայտան, Միացեալ Նահանգներու նոյն թշնամին, որ 2001ին այս երկրի վրայ յարձակում մը գործադրեց, որ արժեց աւելի քան 3.000 անմեղ ամերիկացի տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու կեանքը, ինչպէս եւ միլիառաւոր տոլարներու կորուստ։
-          
-- Արցախի բանակը իր ռումբերը անմեղ քաղաքացիներու վրայ չի տեղացներ, ինչպէս ազերիները կ՚ընեն, այլ միայն զինուորական ռազմագիտական վայրեր թիրախ կը դարձնէ, ինչպէս Գանձակի օդակայնը, ինքնապաշտպանական նպատակներով։
 
-- Արցախը Ազրպէյճանի պատմական մաս չի կազմեր, այլ կցուած է Ազրպէյճանին 1923ին՝ Ստալինի քմայքոտ որոշումով, նախքան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իր ինքնորոշման սահմանադրական իրաւունքը գործադրէր՝ նախկին Խորհրդային Միութենէն անկախութիւն հռչակելով 1991ին եւ իրենց ազատութիւնն ու ինքնութիւնը վերահաստատելով։
 
-- Լեռնային Ղարաբաղի դէմ մղուող պատերազմը դիւրութեամբ շրջանային հակամարտութիւն մը կրնայ դառնալ եւ ամէն ակնկալութենէ անդին անցնիլ, բացի եթէ համաշխարհային հանրութիւնը իր իրաւական ու բարոյական հեղինակութիւնը հաստատէ եւ վերջ դնէ Արցախի հայութեան դէմ այս օրինազանց յարձակման։
           
Այո՛, այսօր հոս ենք՝ արդարութեան եւ խաղաղութեան համար։ Հոս ենք ո՛չ միայն հասկացողութիւն խնդրելու, այլ ճշմարտութիւն պահանջելու, ճշմարտութիւն մը, որ պատասխանատու լրագրութեան ու լրատուութեան առաքելութեան, արժանապատուութեան եւ համբաւի անկիւնաքարն է։ Հոս ենք բոլոր լրատուներուն կոչ ուղղելու, որ ուշադրութիւն դարձնեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ օրինազանց արարքներուն վրայ՝ հայոց հայրենիքի, յատկապէս՝ Արցախի վրայ յարձակելով։ Թող Աստուած  օրհնէ բոլորս՝ մեր ղեկավարները, մեր լրատուները, եւ ընկերութեան իւրաքանչիւր բաղադրիչ, պատասխանելով մեր աղօթքներուն եւ խնդրանքներուն՝ ի խնդիր արդարութեան, խաղաղութեան ու բարգաւաճման՝ մարդկութեան եւ յատկապէս մեր արցախեան հողի բարօրութեան համար»։ 

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ (ՆԻՒ ԵՈՐՔ)
Կիրակի, Հոկտեմբեր 18ին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին ու քարոզէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Պիտի պատարագէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԾԱԾՈՒԿ Կ՚ԸՆԷ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։

Այսօր՝ Սուրբ Խաչի վերացման հինգերորդ Կիրակի օրուան Աւետարանական ընթերցումը Մարկոսի Աւետարանէն է (15.35-44): Իրաւ, որ գեղեցիկ եւ դիպուկ հատուած մըն է, որ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կը բերէ Նախախնամութեան հոգատարութիւնը: Առիթով մը, երբ մեր Տէրը Սողոմոնի Տաճարին մէջ կը գտնուէր, գանձանակին դիմաց կեցած, կը նշմարէ որ հարուստ մարդիկ շօշափելի գումար կը դնեն անոր մէջ, իսկ աղքատ այրի մը երկու լումայ կը դնէ: Յիսուս աշակերտները իր մօտը կանչելով կ՚ըսէ անոնց. « Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը»: 
 
Այս համեստ տեսարանը կ՚առաջնորդէ մեզ վայելելու նշոյլ մը աստուածային սիրոյ էութենէն, եւ համոզուելու մեր Տիրոջ նախախնամութեան հոգատարութեան: Այսօրուան ընթերցումէն հետեւեալ երկու կարեւոր պատգամները կը քաղենք:
 
ա. Հոգեւոր կեանքին պրիսմակէն դիտելով, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կեանքը մեզի կ՚ուսուցանէ Աստուծոյ հետ մեր անձնական յարաբերութեան հրամայականը, ինչպէս նաեւ համայնքային ձեւով Աստուծոյ հետ ըլլալու կարեւորութիւնը: Ան միշտ առանձնութիւնը փնտռեց Հօր Աստուծոյ հետ ըլլալու, միաժամանակ եղաւ սինակոկի ու Տաճարին մէջ, մեզի սորվեցնելով աղօթական կեանքի զոյգ երեսները, որով պէտք է առանձնակի յատուկ ժամանակ տրամադրենք մեր երկնաւոր Հօր հետ խօսակցելու՝ աղօթելու, միաժամանակ հաւաքաբար պէտք է աղօթենք ու փառաբանենք Զինք:
 
Յատուկ ժամանակ տրամադրել՝ առանձնական աղօթքի, ինչպէս նաեւ ընտանիքով ու բարեկամներով համայնական պաշտամունքի աղօթաժամ ունենալը խիստ կարեւոր են մեր հաւատքի ու հոգեւոր կեանքի աճման ու զարգացման համար:
 
բ. Համայն ստեղծագործութեան հետ մարդ արարածները աւելիով կը վայելեն Աստուծոյ բարիքները, անկախ իրենց դիրքէն: Աստուած բոլոր ժամանակներուն եւ բոլորին հանդէպ անխտիր ուշադիր է եւ հոգատար: Այնպէս ինչպէս լսեց Եզեկիա (Դ Թագ 20.8-11) եւ Դաւիթ (Սղ 50.1) թագաւորներուն աղօթքը, նոյնպէս լսեց Սամուէլ մարգարէի մօր՝ Աննայի մրմունջ աղօթքը, նաեւ Երիքովի ճամբուն վրայ բարձրագոչ աղաղակող կոյրերու խնդրանքը (Մտ 20.30): Դարձեալ, ինչպէս որ Անոր աչքերը կը դիտեն համայն տիեզերքն ու մեծահարուստներու թանկարժէք նուէրները, նմանապէս իր հայեացքէն չեն վրիպիր համեստ շուշաններն ու աղքատ այրիներու լումաները:
 
Մեր նուէրները` խօսքով թէ նիւթականով, որքան ալ շռնդալից ըլլան, ոչինչ կ՚աւելցնեն Աստուծոյ փառքին վրայ, ինչպէս Սաղմոսասացը կ՛ըսէ. «Տիրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը, աշխարհն ու անոր բնակիչներ» (Սղ 24.1): Յիսուսի նպատակը չէր հարուստները բաղդատել աղքատներու հետ եւ ո՛չ ալ նուէրներու չափը, այլ շեշտել էր անոնց մտադրութիւնը, թէ՝ «հարուստները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին. մինչ այրին՝ իր ամբողջ ապրուստը տուաւ»:
 
Այս հաստատումով, Քրիստոս մեզի կը պատգամէ թէ Աստուծոյ համար աւելի կարեւոր է թէ ինչպէ՞ս կու տանք, քան ի՛նչ կու տանք: Ան կը սիրէ երբ ամբողջ սրտով կու տանք: Որքան ալ աննշան ըլլայ մեր տուածը, Աստուած մեծ հաճոյքով կ՚ընդունի զայն եւ կը հրաւիրէ մեզ որ գիտակցինք, թէ հաւասար կերպով կը վայելենք իր խնամքը: Ուստի, պէտք չունինք ստորակայութեան բարդոյթէ տառապելու, թէ ո՛վ ենք կամ ի՞նչ ունինք, այլ գիտակցինք լիովին գործածել մեր տաղանդները, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ ճարտար կերպով կ՛ըսէ. «Մեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհք մը տրուած է, Քրիստոսի պարգեւած չափով… Եւ ինք է որ «պարգեւներ բաշխեց մարդոց», որպէսզի ոմանք առաքեալ ըլլան, ոմանք՝ մարգարէ, ոմանք՝ աւետարանիչ, ոմանք՝ հովիւ եւ ուսուցանող»:
 
Ուստի, Քրիստոսի աստուածադիր գնահատանքր լսելէ եւ Առաքեալին խօսքը իմանալէ ետք, ուշադիր ըլլանք մեր թաքուն կամ յայտնի ձիրքերը գործածելու, ըլլան անոնք քաղցր ժպիտ մը, անոյշ խօսք մը, ազնիւ արարք մը, նուրբ վերաբերում մը, աննշան ծառայութիւն մը կամ շօշափելի նուիրատուութիւն մը, պայմանաւ որ միշտ ըլլան սրտանց, գիտակից եւ ուրախութեամբ: Նաեւ վստահ ըլլանք, որ մարդիկ անդրադառնան ու գնահատեն կամ ոչ, էականը՝ Աստուած ծածուկ կը տեսնէ եւ յայտնապէս կը վարձատրէ:
 
Այսօր, երրորդ շաբաթը թեւակոխեցինք Արցախեան ազատագրութեան ճանապարհին վրայ: Բազմահարիւր երիտասարդներ հերոսաբար իրենց կեանքը՝ ամբողջ ունեցածը նուիրեցին Հայ ժողովուրդի լինելութեան գանձարանին, որուն առջեւ հերթի կանգնած է աշխարհի չորս ծագերուն իւրաքանչիւր հայ՝ իր լաւագոյնը ընծայելու:
 
Փա՜ռք Ամենակալին որ խոհեմ եւ արիասիրտ հրամանատարներով կ՚առաջնորդէ Հայոց բանակը: Փա՜ռք մեր մայրերուն, որոնք բոլոր դարերու նման ո՛չ միայն ծնունդ կու տան խիզախ կորիւններու, այլ մեր օրերուն ամբողջ ունեցածնին՝ իրենց վեցամսեայ երեխան, նախախնամութեան վստահելով օրօրոցին կը յանձնեն եւ իրենք ճակատամարտի առաջին գծին վրայ մայր հայրենիքը կը պաշտպանեն:
 
Սրտերն ու միտքերը քննող Աստուած թող իր նախախնամութեամբ պահպանէ մեր ժողովուրդը, եւ առհասարակ վանէ չարին բոլոր փորձութիւնները աշխարհէն, եւ մենք խոնարհաբար փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն:  

Առաջնորդ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔԻ ԱՐՇԱՒԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Ազգ. Առաջնորդարանի ազգային տուրքի արշաւի երկրորդ փուլը սկսած է։ Երախտապարտ ենք այն բազմաթիւ անդամներուն եւ բարեկամներուն, որոնք մինչեւ հիմա չեն զլացած իրենց առատաձեռն օժանդակութիւնը։ 
 
Ձեր աջակցութիւնը հարկաւոր է՝ աւելի քան երբեք, մեր ծրագիրները զարգացնելու համար։ Ան մեզ կը խթանէ յարատեւելու մեր յանձնառութեան մէջ։ «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ. Կր 9.7):  
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏ
Մեր հաւատացեալներուն առատաձեռն նուիրատուութեան եւ մեր հոգեւորականներու գործակցութեան շնորհիւ, այսօրուան տուեալներով Ազգային Առաջնորդարանի դրամահաւաքը լիբանանահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, հասած է 360.613 տոլարի գումարին։ Ձեր նուիրատուութիւնը լիբանանահայ համայնքին կը բաշխուի Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի գլխաւորած Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնին կողմէ։
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւններու տասներորդ ցանկը, եւ այստեղ՝ ամբողջական ցանկը կարդալու համար։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Զ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 20:2-21:6
 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 4:14-23
 
Յիսուս Գալիլեա վերադարձաւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, եւ ամբողջ գաւառին մէջ իր համբաւը տարածուեցաւ: Անոնց ժողովարաններուն մէջ կ’ուսուցանէր՝ արժանանալով բոլորին հիացումին ու գովասանքին:
 
Եկաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր, եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց: Երբ ոտքի ելաւ կարդալու համար օրուան ընթերցուածը, իրեն տուին Եսայի մարգարէին գիրքը: Բացաւ եւ գտաւ այն տեղը ուր կ’ըսէր.-
«Տիրոջ Հոգին վրաս է.
որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝
աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու,
սրտաբեկները մխիթարելու,
գերիներուն ազատութիւն բերելու,
կոյրերուն աչքերը բանալու,
հարստահարուածները ազատելու
եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը,
երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը» ։
 
Ապա գոցեց գիրքը, տուաւ պաշտօնեային եւ նստաւ: Ժողովարանին մէջ գտնուողներուն բոլորին աչքերը իրեն սեւեռած էին, երբ ըսաւ.
Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ:
 
Ամէնքն ալ տպաւորուած էին իրմէ եւ հիանալով անոր շնորհալի խօսքերուն վրայ՝ կ’ըսէին.
Այս մարդը Յովսէփի որդին չէ՞:
 
Յիսուս ըսաւ.
Անկասկած ինծի պիտի ըսէք հետեւեալ առածը. «Բժի՛շկ, դուն քեզ բժշկէ»: Եւ ինչ որ լսեցինք որ գործեր ես Կափառնաումի մէջ, այստեղ՝ քու հայրենի գաւառիդ մէջ ալ կատարէ։
 
****
 
ԹՈՒՂԹ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:3-18
 
Նոյնն է մեր ալ պարագան: Որքան ատեն որ հոգեւորապէս անչափահաս էինք՝ բնութեան ոյժերուն կ’ենթարկուէինք ու կը ծառայէինք: Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքին գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ: Արդ, որովհետեւ իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք: Ուստի այլեւս ծառայ չէք, այլ՝ որդի. եւ քանի որդի էք՝ Աստուծոյ խոստումը պիտի ժառանգէք:
Ճիշդ է որ նախապէս երբ զԱստուած չէիք ճանչնար, չաստուածներու կը ծառայէիք: Բայց հիմա որ զԱստուած ճանչցանք եւ մանաւանդ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս կրկին կը վերադառնաք բնութեան տկար ու խեղճ ոյժերու պաշտամունքին եւ վերստին կ’ուզէք անոնց ծառայել. յատուկ կարեւորութիւն կու տաք որոշ օրերու եւ ամիսներու, որոշ ժամանակներու կամ տարիներու: Կը վախնամ որ ձեզի համար տարած ամբողջ աշխատանքս զուր անցած ըլլայ:
 
Կը խնդրեմ, եղբայրնե՛ր, ինծի պէս եղէք, քանի ես ալ ժամանակ մը ձեզի պէս էի:
Ձեզի դէմ բնաւ գանգատ մը չունիմ: Ընդհակառակը. հարկաւ գիտէք թէ սկիզբը, երբ Աւետարանը ձեզի քարոզելու եկայ, տկար էի մարմնով. եւ հակառակ անոր որ հիւանդ վիճակովս փորձանք եղայ ձեզի, չանարգեցիք զիս, ո՛չ ալ արհամարհեցիք. այլ զիս ընդունեցիք այնպէս՝ ինչպէս Աստուծոյ հրեշտակը կամ Քրիստոս Յիսուսը պիտի ընդունէիք. եւ ուրախութեամբ ըրիք ատիկա: Հիմա ի՞նչ պատահեցաւ: Կրնամ վկայել ձեզի համար, որ եթէ կարելի ըլլար՝ ձեր աչքերը կը հանէիք եւ կու տայիք ինծի: Միթէ ճշմարիտը խօսած ըլլալուս համար թշնամի՞ եղայ ձեզի: Մի՛ կարծէք թէ ձեզի հանդէպ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերող այդ մարդիկը ձեր բարիքը կը խորհին: Ո՛չ: Անոնք կ’ուզեն ձեզ ինձմէ բաժնել, որպէսզի ամբողջութեամբ իրենց հետեւիք: Բայց երանի տե՛ւաբար բարիին նախանձախնդիր ըլլայիք, եւ ո՛չ միայն երբ որ ես ձեր մէջ ներկայ եմ։ 
ՉՈՐՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐԸ
Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Սուրբ Աւետարանիչները՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս։ «Աւետարանիչ» կը նշանակէ «ան որ բարի լուր կը բերէ»։ Սուրբ Հոգին աւետարանիչներուն մասնայատուկ կարողութիւնը կու տայ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը պարզ ու մեկին հաղորդելու։ Տիեզերական եկեղեցւոյ առաջին օրերուն, աւետարանչականութիւնը առաքեալներուն գործն էր։ 3րդ դարուն, չորս կանոնական Աւետարաններուն հեղինակները իբրեւ Սուրբ Աւետարանիչներ ճանչցուեցան, իսկ Եկեղեցւոյ աճը պատճառ դարձաւ, որ «աւետարանիչ» բառը սկսէր սահմանել յատուկ պաշտօն մը, որ կը ներառնէր «առաքեալներ, մարգարէներ, աւետարանիչներ, հովիւներ եւ ուսուցիչներ» (Թուղթ Եփեսացիներուն, 4:11-12)։
 
Մատթէոս Եկեղեցւոյ առաքելութեան հովանաւորն է։ Մատթէոսի Աւետարանը կը փակուի Յիսուսի հրահանգով Իր աշակերտներուն ու հետեւորդներուն. «Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք: Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները, որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մատթ. 28: 19-20)։
           
Մարկոս կարեւոր դեր խաղացած է քրիստոնէութեան յառաջդիմութեան մէջ։ Թէեւ Մարկոսի Աւետարանը Յիսուսի կեանքի պատում մըն է, աստուածաբանները զայն աշակերտութեան ձեռնարկ մը կը նկատեն։ Անոր տիրական պատգամը այն է, որ քրիստոնեայ ըլլալը ո՛չ միայն Քրիստոսի հաւատալ է, այլեւ Յիսուսի հաստատած օրինակով ապրիլ։ Ըստ աւանդութեան, Մարկոս Աղեքսանդրիոյ առաջին եպիսկոպոսը եղած է։ Անոր նշխարները Եգիպտոսի եւ Վենետիկի մէջ կը գտնուին։ 
           
Ղուկաս հեղինակած է երրորդ Աւետարանը եւ Գործք Առաքելոցը։ Բժիշկներու եւ արուեստագէտներու հովանաւորը կը համարուի։ Ղուկասի Աւետարանը Յիսուսը կը նկարագրէ իբրեւ աշխարհի ցաւերը բուժող։ Այս Աւետարանը կը բնորոշուի աղքատներու, կիներու եւ ընկերութենէն մերժուածներու նկատմամբ իր մտահոգութեամբ։ Ան չի վերջանար Յարութեամբ, այլ կ՚անդրադառնայ Հոգեգալուստին եւ Քրիստոսի յաւերժական ներկայութեան։ Աւանդաբար կը կարծուի, որ Ղուկաս մաս կը կազմէր Յիսուսի կազմած 72 առաքեալներու խումբին եւ որ Էմմաւսի ճամբուն վրայ Յիսուսին հանդիպած անանուն աշակերտն էր։  
           
Յովհաննէս, յաճախ՝ «սիրեցեալ աշակերտ» կոչուած, չորրորդ Աւետարանի հեղինակն է։ Տասներկու աշակերտներէն միակն է, որ Քրիստոսը լքած չէ եւ Խաչին ներքեւ կանգնած է։ Խաչելութեան օրը, Յիսուս իր մայրը վստահած է Յովհաննէսին։ Յովհաննէսի Աւետարանին ամենածանօթ համարը հետեւեալն է. «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Ըստ աւանդութեան, Յովհաննէս ձգած է Երուսաղէմը առաջին տիեզերական ժողովէն ետք ու Փոքր Ասիա մեկնած, հաստատուելով Եփեսոսի մէջ։ Այնուհետեւ աքսորուած է Պատմոսի կղզին, ուր գրած է Յայտնութեան գիրքը։
  
Այս շաբաթ կը յիշուին նաեւ հետեւեալ սուրբերը՝  
Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր՝ Դիոնիսոս Արիոպագացի։
Երկուշաբթի, 19 Հոկտեմբեր՝ Ղունկիանոս հայրապետ, Յովսէփ Աստուածահայր, Յովսէփ Արիմաթացի, Մարթա եւ Մարիամ։ 
Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր՝ Թէոդիտոն քահանայ, Զենոն զինուոր, Մակար, Եւդոքս եւ Ռամել։ 
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ 
Չորեքշաբթի, 14 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, սկսաւ Ս. Գիրքի սերտողութիւն մը, որ ութը շաբթուան ընթացքին հեռավար ձեւով պիտի անդրադառնայ Պօղոս Առաքեալի Փիլիպպեցիներուն ուղղուած թուղթին։ Ցարդ արձանագրուած է 60 հոգի եւ արձանագրութիւնը տակաւին բաց է։ Մասնակցելու համար, հաճեցէք ձեր անունն ու հեռաձայնի թիւը յղել [email protected] հասցէին։ 
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ՍԿՍԱԾ Է ՄԻՇԻԿԸՆԻ ՄԷՋ 
Կիրակի, 20 Սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպըրն, Միշիկըն) կիրակնօրեայ դպրոցի բացումը։ Դպրոցը խառն բնոյթ ունի, քանի որ դասերը տեղի կ՚ունենան թէ՛ հեռավար եւ թէ՛ անձնական ներկայութեամբ։ Տնօրէնուհի տիկ. Քնար Վարդանեան եւ ուսուցչական կազմը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին աշակերտները։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, բացումը կատարեց յատուկ պատգամով եւ աղօթքով։ 
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐէՆ
ՊԱՏԱՆԻԻ ՄԸ ՆԵՐՇՆՉՈՂ ՕՐԻՆԱԿԸ 
Տէր եւ տիկ. Արամ եւ Զառա Եկորեանի որդին՝ 11ամեայ Մայքլ Ռուբէնը, խորհեցաւ, որ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10ի բողոքի ցոյցը Մանհաթընի մէջ լաւ առիթ մը պիտի ըլլար «Հայաստան» հիմնադրամի ի նպաստ հանգականութիւն մը ընելով։ Իր հետ տարաւ պարզ ուղերձ մը, մեծ շիշ մը եւ աւելի մեծ սիրտ մը։ Օրուան աւարտին՝ պատանի Մայքին հաւաքած էր 7.502 տոլար։ Ան դրամը յանձնեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Արցախի օգնութեան ֆոնտին։
 
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, յայտնեց իր հպարտութիւնն ու երախտագիտութիւնը Մայքիի օրինակելի կարեկցութեան, խանդավառութեան ու ջանքին՝ մեր սիրելի զինուորներուն եւ Հայաստանի ու Արցախի քոյր ու եղբայրներուն հանդէպ այս ճակատագրական պահերուն։
 
Տ. Մեսրոպ հրաւէր կարդացած է Մայր Եկեղեցւոյ ծխականներուն բարեկամներուն՝ պատանիի օրինակէն ներշնչուելու եւ անոր հաւաքած գումարը հաւասարելու կամ բազմապատկելու։ 

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԻՏՈՅՔՆԵՐՈՒ ՀԱՆԳԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ 
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2ին, Մեծն Տիթրոյթի չորս եկեղեցիները եւ համայնքի կազմակերպութիւնները մեծ մասը գործակցաբար լեցուցին դպրոցական պիտոյքներու բեռնարկղ (container) մը, որ այժմ Լիբանանի ճամբուն վրայ կը գտնուի։
ՑՈՅՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԴԷՄ՝ ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ 
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7ին, Տիթրոյթի հայ համայնքը ցոյց ու աղօթք կատարեց՝ ատրպէյճանական յարձակման դէմ բողոքելու համար։
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։ 
 
Այս շաբթուան նամակի հեղինակը Մարին է, որ կ՚ապրի Նոյեմբերեանի մէջ եւ կը հովանաւորուի Վարուժան Յարութիւնեանի կողմէ։ 
«Բարեւ, իմ սիրելի հովանաւոր,

Ես արդէն իննը տարեկան եմ, մի քանի օր առաջ ընկերներիս եւ հարազատներիս հետ նշել եմ տարեդարձս։ Ամառային արձակուրդս անցկացնում եմ տանը։ COVID 19-ի՝ այս համաճարակի պատճառով տանից դուրս չեմ գալիս։
 
Ժամանակս անցկացնում եմ քոյրիկիս հետ, իմ թերի խօսելու եւ խնդիրների պատճառով չեմ կարողանում երկար զրուցել քոյրիկիս կամ եղբօրս հետ, բայց խաղում եմ նրանց հետ։ Նրանք օգնում են իւրաքանչիւր հարցում։
 
Ես ցանկանում եմ բուժուել եւ մնացած բոլոր երեխաների պէս շփուել բոլորի հետ, ազատ խաղալ ընկերներիս հետ։ Շնորհակալ եմ ձեզ՝ մեզ ֆինանսապէս օգնելու համար։
 
Սիրով ձեր՝
Մերի»
Այստեղ սեղմեցէք մինչեւ 18 տարեկան որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։

Այստեղ սեղմեցէք համալսարանական ուսում ստացող որբերու առցանց հովանաւորութեան համար

Դուք միշտ կրնաք դիմել Ազգային Առաջնորդարանին՝ ելեկտրոնային նամակով ([email protected]) կամ հեռաձայնով (212-689-7810), «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագրին մասնակցելու համար
«ԱՆԿՐԿՆԵԼԻՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ»
(Խմբագիր՝ Պօղոս Սնապեան)
Այս օրերուն, երբ մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ Արցախի երկրորդ պատերազմը, տեղին է վերադառնալ այս հատորին, որ իր 400 էջերուն մէջ կը ներկայացնէ Արցախի առաջին պատերազմի՝ 90ական թուականներու սկիզբին զոհուած հերոսներուն մասին գրութիւններ։ Անոնք, կերպով մը, նախագծած են այն ճամբան, որուն կը հետեւին մեր հողերը այսօր պաշտպանող քաջերը։
Այս գիրքը տրամադրելի է  Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։














 
































ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ (ծնունդ՝ 15 Հոկտեմբեր, 1809)
Խաչատուր Աբովեան նշանաւոր է իբրեւ արեւելահայ աշխարհաբար գրականութեան հիմնադիր՝ «Վէրք Հայաստանի» վէպով (գրուած՝ Քանաքեռի բարբառով)։ Իր առեղծուածային վախճանն ալ սերունդներու ուշադրութիւնը գրաւած է։ Անոր ստեղծագործութիւնը հայ գրականութեան նոր փուլի սկիզբը դրած է։

Աբովեան ծնած է Երեւանի մօտ գտնուող Քանաքեռ գիւղը (այժմ՝ Երեւանի շրջան) 15 Հոկտեմբեր, 1809ին, նահապետական նշանաւոր ընտանիքի մը ծոցին մէջ։

1819ին, ծնողքը զինք տարած է Էջմիածին, յանձնելով ընտանիքի բարեկամ Եփրեմ Ա. Կաթողիկոսին, ուր ստացած է իր նախնական ուսումը մինչեւ 1822։ Այնուհետեւ, մեկնած է Թիֆլիս, ուր յայտնի հայկաբան Պօղոս վարդապետի քով երկու տարի ուսումը շարունակելէ ետք, 1824ին մտած է նորաբաց Ներսիսեան դպրոցը, որուն առաջին շրջանաւարտներէն մէկը եղած է 1826ին։ Նոյն տարին բռնկած ռուս-պարսկական պատերազմը խանգարած է Աբովեանի ծրագիրը՝ ուսումը շարունակելու։ Հայրենիք վերադառնալով, կէս տարի դասաւանդած է Սանահինի վանական դպրոցին մէջ, իսկ յետոյ կարգուած է սարկաւագ ու թարգման՝ Էջմիածնի մէջ։

1829ին, Աբովեան ընկերացած է Դորպատի համալսարանի դասախօս Ֆրիտրիխ Փարրոթին՝ Արարատի գագաթը մագլցելու։ Երրորդ փորձէն ետք, արշաւախումբը գագաթ հասած է Հոկտեմբեր 9, 1829ին։ Հետագային Արարատի գագաթ բարձրանալը յայտարարուած է «սրբապղծութիւն» եւ Աբովեան հալածուած է հոգեւորականներու կողմէ։ Տարիներ անց՝ 1845ին, Աբովեան գերմանացի բնագէտ Օթթօ ֆոն Ապիխի հետ կրկին բարձրացած է լերան գագաթը, իսկ երորրդ ու վերջին անգամ Արարատի գագաթ բարձրացած է 1846ին՝ անգլիացի Հենրի Տէնպի Սէյմուրի հետ։
 
Փարրոթի աջակցութեամբ, 1830-1836ին Աբովեան պետական թոշակով ուսանած է Դորպատի համալսարանը եւ յատուկ ծրագրով նախապատրաստուած՝ ուսուցչական գործունէութեան։ Ուսումնասիրած է բնական եւ ընկերային գիտութիւններ, լեզուներ (գերմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, լատիներէն), եւրոպական գրականութիւն ու փիլիսոփայութիւն, երաժշտութիւն եւ արհեստներ։

1836ին վերադառնալով հայրենիք, Աբովեան նպատակ դրած էր կրթական գործունէութիւն ծաւալել, սակայն հոգեւորականութիւնը անվստահութեամբ վերաբերած է անոր հանդէպ՝ «այլադաւաններ»ու (այսինքն՝ աւետարանական) միջավայրի մէջ կրթուած ըլլալուն համար։ Աբովեան հրաժարած է հոգեւոր կոչումէն եւ 1837-1843ին վարած է Թիֆլիսի գաւառական դպրոցի տեսուչի պաշտօնը։ Հիմնադրած է նաեւ մասնաւոր դպրոց մը՝ ժողովրդական դպրոցներու ուսուցիչներ պատրաստելու համար։

Հակառակ ցարական պաշտօնէութեան եւ հայ պահպանողական մտաւորականներու յարուցած խոչընդոտներուն, Աբովեան կարողացած է ստեղծել իր ամենէն նշանաւոր երկերը, ինչպէս «Վէրք Հայաստանի» վէպը (1841, հրատարակուած՝ 1858ի), որոնք մեծ մասամբ լոյս տեսած են յետմահու։ Գրած է նաեւ այլ արձակ գործեր, բանաստեղծութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, դպրոցական դասագիրքեր, եւ այլն։ 

1843-1848ին աշխատած է Երեւանի գաւառական դպրոցներուն մէջ։ Ժամանակի ցարական պաշտօնէութեան հակահայ քաղաքականութիւնը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցած է ազատամիտ ու յառաջդիմական ոգիով տոգորուած Աբովեանի վրայ։ Ռուսաստանի հանդէպ խանդավառ վերաբերմունք ունեցող գրագէտը գաղափարական շրջադարձի բոլոր նախադրեալները՝ ի տես դպրոց ստեղծելու ծրագիրներու եւ հայ ժողովուրդի սեփական պետութիւն վերականգնելու բոլոր ձգտումներու ձախողութիւններուն։ Այս բոլորի հետեւանքը եղած է Աբովեանի առեղծուածային անհետացումը։

1848 Ապրիլ 2ին, առաւօտ կանուխ, Աբովեան տունէն դուրս ելած է ու այլեւս վերադարձած չէ։ Տարբեր վարկածներ յառաջացած են՝ ինքնասպանութենէն մինչեւ պարտապան թուրքերու կողմէ սպանութիւնը, Եւրոպա անցնելէն՝ 1848ի յեղափոխութիւններուն մասնակցելու, մինչեւ Սիպիր աքսորը։ Հարցը դեռ կը մնայ անլոյծ։

Աբովեան ձգած է գրական հարուստ ժառանգութիւն, թէեւ իր ողջութեան միայն հրատարակած է «Նախաշաւիղ կրթութեան» դասագիրքը։ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան 1948-1961ին հրատարակած է անոր երկերը՝ 10 հատորով։

Անոր անունով կը կոչուին շրջան, քաղաք, գիւղ, երկաթուղային կայարան, Երեւանի մանկավարժական համալսարանը եւ այլ հաստատութիւններ, փողոցներ, եւ այլն։ Աբովեանի յուշարձաններ զետեղուած են Երեւանի ու Քանաքեռի մէջ, ուր կը գտնուի անոր տուն-թանգարանը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)
ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՔ

Լիբանանահայութիւնը ձեր օգնութեան պէտք ունի աւելի քան երբեք
 
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւն մը ընելու համար,
կամ
ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝


Armenian Prelacy
138 E. 39th Street
New York, NY 10016
Ձեր չէքերը գրեցէք՝ Armenian Apostolic Church of Americaին
(Memo: Lebanon Relief Fund)

ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ [email protected]։    
«ՉԱՐԻՔԻ ՅԱՂԹԱՆԱ՞ԿԸ. ԱՆԿԱՐԵԼԻՆ»
Ինտիըն Օրչըրտի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան, նոր յօդուած մը գրած է Pan-Orthodox Media Network կայքէջին համար։ Յօդուածը կրնաք կարդալ այստեղ։
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆ Առցանց կը հանդիպի ամէն Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 10:30-12:30ին (արեւելեան ժամով)։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք  [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7231 թիւին։
 
Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ Հոկտեմբեր 14-Դեկտեմբեր 2ին։ Առցանց, նուիրուած՝ Պօղոս Առաքեալի Փիլիպպեցիներուն ուղղուած թուղթին։ Չորեքշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 8:00-9:00ին արեւելեան ժամով։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք [email protected] հասցէին։
 
Հոկտեմբեր 17 —Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ) ուտեստեղէնի տօնավաճառ։
 
Հոկտեմբեր 25Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպըրն, Միշիկըն) 58րդ տարեդարձ, ընդ նախագահութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
 
Նոյեմբեր 21 Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մասաչուսեթս) ուտեստեղէնի տարեկան տօնավաճառ։  
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/