16 Յուլիս, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ
Երկուշաբթի, 13 Յուլիսի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ իր օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց քաջարի բանակին, որ կը դիմագրաւէ Ատրպէյճանի հերթական յարձակումը Յուլիս 12էն ի վեր Տաւուշի շրջանին մէջ։

Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը նաեւ կապ հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Արամ Ա. Կաթողիկոս իր մտահոգութիւնը յայտնելէ ետք ստեղծուած կացութեան, իր հայրական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը հաղորդեց հայոց բանակին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ չորս հայ զինուորներ նահատակուած են Երեքշաբթի, Յուլիս 14ին, մինչ Ատրպէյճան կը շարունակէ անյաջող փորձերը՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանը թափանցելու։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ցարդ հաղորդած է 11 մեռելներու մասին, ներառեալ՝ զօրավար մը եւ չորս գնդապետներ։ Յուլիս 13ին, ատրպէյճանական զօրքերը նաեւ ռմբակոծած են Չինարիի եւ Բերդի խաղաղ բնակչութիւնը, բայց մարդկային կորուստներ չկան։ Միօրեայ դադարէ ետք, Յուլիս 16ին ատրպէյճանական զինեալ ուժերու յատուկ ջոկատներ յարձակած են Մովսէս եւ Այգեպար գիւղերուն ուղղութեամբ՝ «Անվախ» կոչուող սահմանապահ դիրքը գրաւելու նպատակով։ Հայոց բանակի դիրքապահները կասեցուցած են թշնամիին ներթափանցման փորձը եւ ետ մղած են զայն՝ անոր պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ։ Այնուհետեւ, երկու գիւղերը ռմբակոծման ենթարկուած են։ 
Կ՚ԱՂՕԹԵՆՔ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂ, ԿԱՅՈՒՆ ԵՒ ԲԱՐԳԱԻԱՃ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ
ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԱՅԱ ՍՈՖԻԱ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԶԿԻԹԻ ՎԵՐԱԾՈՒՄԸ
Քիչ առաջ համացանցի ճամբով իմացանք, թէ թրքական դատարանը որոշած է Կոստանդնուպոլսոյ յունաց Այա Սոֆիա պատմական Մայր Տաճարը վերածել մզկիթի։

Արդարեւ, 537 թուականին կառուցուած այս տաճարը բիւզանդական ճարտարապետական արուեստի գագաթը կը նկատուի։ Բիւզանդական կայսրութեան անկումով եւ Օսմանեան կայսրութեան գրաւումով, 1453ին տաճարը վերածուած էր մզկիթի եւ ապա, 1935ին՝ թանգարանի։

Անցնող օրերուն, եկեղեցիներու պետեր եւ ընդհանրապէս միջազգային շրջանակներ կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ չդիմելու Այա Սոֆիան վերստին մզկիթի վերածելու քայլին եւ պահելու անոր ներկայ կարգավիճակը։ Հայ թէ օտար մամլոյ ներկայացուցիչներ ուզեցին Մեր տեսակէտը ունենալ այս մասին։ Մենք չուզեցինք կարծիք յայտնել՝ նախատեսելով թրքական դատարանին առնելիք որոշումին բնոյթը։ Կ՛ուզենք հետեւեալ ընդգծումները կատարել։

Առաջին, Թուրքիան իր նախագահին ներկայ նախաձեռնութեան ճամբով, հոգեւոր ու մշակութային արժէքներ ոտնահարելու, միջազգային օրէնքով ճշդուած սկզբունքներ անտեսելու եւ պատմութիւնը նենգափոխելու իր վարքագիծը փաստօրէն կը շարունակէ։
Երկրորդ, մեկնելով ներկայի եւ ապագայի իր ներքին թէ արտաքին շահերէն, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական նպատակներէն, Թուրքիան նոյնիսկ կ՛անտեսէ իր հին թէ նոր բարեկամներու թելադրութիւնը։

Երրորդ, Թուրքիա իր այս որոշումով գիտակցօրէն կը հարուածէ քրիստոնեայ-իսլամ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած համակեցութիւնը՝ տեղական, շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ, հակառակ այս գծով կատարուած զգուշացումներուն։

Չորրորդ, Թուրքիա իր ներկայ քայլով կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ Արեւմուտքին եւ քրիստոնեայ համայնքներուն բացուելու իր ցոյց տուած նշանները կեղծ էին։

Հինգերորդ, ո՞ւր էին արեւմտեան աշխարհի ղեկավարները, քաղաքական թէ հոգեւոր, երբ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին պատկանող հազարաւոր եկեղեցիներ ախոռներու, սրճարաններու, մզկիթներու եւ այլ հանրային վայրերու վերածուեցան…։

Այո՛, ցեղասպանութիւնը ա՛յլապէս կը շարունակուի նո՛յն ցեղասպանին կողմէ, աշխարհի լռութեան դիմաց։ Օսմանեան կայսրութեան այլամերժ գաղափարախօսութիւնը ա՛յլապէս կը թափանցէ ամէն տեղ՝ արաբական աշխարհէն սկսեալ մինչեւ արեւմտեան երկիրներ, աշխարհի լռութեան դիմաց։

ԱՐԱՄ Ա.
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 
13 Յուլիս, 2020

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՄԷՐԻԼԷՆՏԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 19 Յուլիսին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին եւ քարոզէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ)։ Պատարագը պիտի մատուցանէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։

ՑԱՒԱԿՑԵԼՈՒ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Կիրակի, Յուլիս 12ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Նարեկ Քհն. Թրթռեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։

Հայց. Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն այսօր Հոգեգալուստի վեցերորդ Կիրակին՝ մեր հոգեւոր սնունդը վայելեցինք կարդալով Աւետարան ըստ Մատթէոսի 14:13-21:

Բոլորիս ծանօթ հատուած մը, ուր կը պատմուի հրաշալի կերակրումը հինգ հացով եւ երկու ձուկով հինգ հազար անձերու, որոնք մինչեւ անապատ հետեւած էին Քրիստոսին՝ վայելելու անոր բարիքները: Որքան որ հրաշքը ինքնին հմայիչ է, կ՚ուզեմ աւելի կեդրոնանալ հրաշքը կանխող հետեւեալ տողերուն վրայ, որոնց մէջ մեր առօրեայ կեանքը սնուցանող հոյակապ նիւթ կը գտնենք: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատումը լսելէ ետք՝ կ՚ուզէ առանձնանալ եւ նաւով կ՚անցնի ծովուն միւս կողմը: Հազիւ ափ հասած՝ կը տեսնէ ժողովուրդի հսկայ զանգուած մը, որ դէպի իրեն կու գար: Աւետարանիչը մեր Տիրոջ էութիւնը նկարագրող սրտառուչ բայ մը կը գործածէ ըսելով, Յիսուս տեսնելով զանոնք գթաց անոնց վրայ եւ բժշկեց անոնց հիւանդները:

Այս տողերուն առաջին բաժինը կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ աստուածային եւ մարդկային բնութեանց կատարեալ միախառնումը: Քրիստոս որքան որ Աստուած էր, նոյնքան եւ մարդ, եւ ըստ այնմ շատ բնական կերպով առանձնութիւն կը փնտռէր իր ազգակիցին ու մկրտիչին եւ իր առաքելութիւնը գուշակող մարգարէին կորուստը սգալու համար: Սակայն, յաւերժական կեանքի վստահութիւնը ունենալով, իր սուգը լրիւ տարբեր հանգամանք ունէր: Ան կ՚ողբար ոչ թէ անձի մը սպաննումը, այլ՝ արդարութեան ձայնը լռեցնելու եւ թաղելու մարդկային մնայուն ոճիրին համար: Ան կ՚ողբար մեղքի ենթակայ մարդկային անկեալ բնութեան վրայ, որ անկարող էր վերականգնելու, բայց մանաւանդ անոր համար, որ մարդիկ բուժուելու, նորոգուելու աստուածային հրաւէրը ո՛չ միայն դարերու ընթացքին մերժած էին, այլ կը շարունակէին անտեսել, երբ նոյնիսկ Աստուած մարդացած էր: Ահա, թէ ինչու դիպուկ պատկեր մր գործածելով Ան ողբացած էր մարդոց մերժողական վերաբերումին վրայ, ըսելով՝ «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ… քանի՜ անգամ ուզեցի որդիներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ թեւերուն տակ, բայց դո՛ւք, Երուսաղէմի բնակիչներ, չուզեցիք» (Մտ 27.37): Յիսուս անապատ առանձնանալու արարքով մեզի կը սորվեցնէ, թէ կորուստի մը պարագային՝ ցաւիլն ու սգալը բնական վիճակներ են, միաժամանակ Ան զգաստութեան կոչ կ՚ուղղէր ե՛ւ իր ժամանակակիցներուն ե՛ւ բոլոր դարերու մարդկային ցեղին, թէ հոգիի մահը աւելի ճակատագրական է, քան մարմնական մահը: Ուստի, հաւատքով վերածնածներս պէտք է խիստ զգոյշ եւ հոգածու ըլլանք ո՛չ միայն մարմնի, այլ նաեւ հոգիի առողջութեան նկատմամբ: Այս ճշմարտութիւնը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Հայրերը մի՛շտ շեշտած են: Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը իր «Աշխարհ ամենայն» գողտրիկ հոգեւոր երգին մէջ ինքզինք կը նկարագրէ հետեւեալ ձեւով «մեռեալ եմ հոգւովս, մոլորեալ՝ մտօքս, միայն կամ մարմնովս», այսինքն՝ «հոգիով մեռած եմ, մտքովս՝ մոլորած, միայն մարմինով կամ»: Եթէ այս մեծ սուրբը բառին ամբողջական իմաստով ամենայն խիզախութեամբ կը խոստովանի, որ հոգիով վիրաւոր ու մեռած է, որքան աւելի մենք խոնարհաբար պէտք է ընդառաջենք մեր Տիրոջ հրաւէրը՝ զղջումի, ապաշխարութեան եւ վերակենդանացման:

Երկրորդ պատգամը, որ վերեւի տողերէն կը քաղենք, այն է՝ որ մեր Տէրը իր անձնական ցաւը, սուգը մոռնալով կը գթայ բազմութեան վրայ: Գթալ չի նշանակեր մեղքնալ կարիքաւորի մը, որպէս խեղճ ու տկար արարած, այլ որպէս բնութենակից՝ ցաւակցիլ, կարեկցիլ, բաժնել անոր տագնապը, մանաւանդ՝ լծակից ըլլալ անոր կացութեան բարւոքման: Կը պատմուի, թէ մեր եկեղեցւոյ հայրերէն Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի Արքեպիսկոպոս՝ քրոջորդին Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին, առիթով մը, երբ որպէս Առաջնորդ Սկեւռա վանքէն Տարսոն քաղաք կ՛երթար, ճամբու եզրին կը տեսնէ գինով մը որ ցեխերուն մէջ կը տապլտկէր: Սրբակեաց եկեղեցականը, փոխանակ յանդիմանելու եւ անտեսելու զայն, ինքզինք մեղադրելով կ՚ըսէ. «Վա՛յ ինծի, մեղաւորիս, որ չեմ կրցած օգնել այս մարդուն, որ դժբախտութեան յանձնած է ինքզինք»:

Գթալը ո՛չ միայն միակողմանի, այլ երկկողմանի բարիք կը յառաջացնէ: Վստահաբար ամէնքս տարբեր պարագաներու մէջ ունեցած ենք անձնական փորձառութիւն՝ ձախորդութեան, հիւանդութեան, հարազատի մահուան եւ կամ կեանքի այլ վերիվայրումներու: Եթէ պատահած է, որ մեր անձնական ցաւին մէջէն կրցած ենք այնքան մը բարձրանալ, որ ուրիշին բեռը, ցաւը կամ մտահոգութիւնը կիսած ենք, կամ յոյսի նշոյլ մը իր մէջ արթնցուցած ենք, վստահաբար վկայած ենք, որ օգտակար եղած ենք ո՛չ միայն այդ անձին, այլ անբացատրելի փոփոխութիւն մը թեթեւցուցած է նաեւ՝ մեր ցաւն ու բեռը, պատճառ դառնալով ներքին երանական վիճակի, խաղաղութեան եւ օրհնութեան: Սա կախարդանք չէ, այլ մեր կեանքին մէջ կը վայելենք իրականացումը Աստուծոյ խօսքին, թէ՝ «Իմ մտածումներս տարբեր են ձեր մտածումներէն. իմ ճամբաներս տարբեր են ձերիններէն» (Ես 55.8): Այո՛, երբ հետեւինք Աստուծոյ պատուիրաններուն, կ՚ողողուինք այնպիսի բարիքներով, որոնք ո՛չ միայն մեզ երանելի կը դարձնեն ժամանակաւոր այս կեանքին, այլ նաեւ յաւիտենականութեան մէջ:

Ուստի, թագաձեւ ժահրի այս փորձառութեան մէջ, երբ առհասարակ համայն մարդկութիւնը, ընդ որս եւ մենք՝ հաւատացեալներս, այնքան ցնցուեցանք մահուան մօտիկութեամբ, եւ յանձն առինք զգուշ քայլեր՝ ողջ եւ առողջ մնալու համար, աղաչելով կ՚աղաչեմ, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, որ նոյնքան եւ աւելի զգուշութեամբ վերաբերինք մեր հոգիներուն նկատմամբ, որպէսզի ապրինք ո՛չ միայն քանի մը տասնամեակներ, այլ յաւերժաբար՝ փառաւորելով կեանքը պարգեւող ու նախախնամող Ամենասուրբ Երրորդութիւնը յաւիտեանս։ Ամէն:

ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ
ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
Կիրակի, 19 Յուլիսին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ իր երրորդ «տաղաւար»ը (կարեւոր տօնը)՝ մեր Տիրոջ Այլակերպութիւնը, որ նաեւ ծանօթ է Վարդավառ անունով։ Այս տօնը կը նշուի Զատիկէն տասնչորս շաբաթ ետք, եւ հետեւաբար թուականը կրնայ տարուբերիլ 28 Յունիսէն մինչեւ 1 Օգոստոս։  
 
Այլակերպումը տեղի ունեցաւ Թաբոր լերան վրայ, ծանօթ՝ «Սրբազան Լեռ» անունով, ուր Յիսուս գացած էր իր երեք աշակերտներուն՝ Յովհաննէսի, Յակոբի եւ Պետրոսի հետ։ Անոր աղօթքի ընթացքին, «դէմքը արեւու նման փայլեցաւ եւ հագուստները լոյսի պէս ճերմակ դարձան»։ Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները անոր կողքին յայտնուեցան։ Այդ պահուն, անոր երեւոյթը «այլակերպուեցաւ», ու Ան ինքզինք յայտնեց իբրեւ Աստուած իր աշակերտներուն, մինչ վերէն ձայն մը կ՚ըսէր. «Ասիկա իմ սիրեցեալ Որդիս է, որուն ես հաճեցայ։ Մտիկ ըրէք անոր»։ Յիսուս յորդորեց իր աշակերտները, որ չպատմեն իրենց տեսածը մինչեւ Իր Յարութիւնը։  
 
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ միացուց Վարդավառի նախաքրիստոնէական ու Այլակերպութեան քրիստոնէական տօները։ Հեթանոսական ժամանակներուն, հայերը սիրոյ, գեղեցիկութեան, բեղմնաւորութեան եւ ջուրի աստուածուհի Աստղիկի տաճարը վարդերով կը զարդարէին, աղաւնիներ կը թռցնէին եւ ջրախաղեր կը կատարէին։ Հինգերորդ դարուն, Եղիշէ պատմիչը գրած է այս տօնին առիթով եկեղեցւոյ մէջ արտասանուող աղօթքը. «Օրհնեա՛, Տէր, զամս այս, եւ զպտուղ տարւոյս այսորիկ՝ պահելով անփորձ յամենայն ցասմանէ, լինելով աջ քո Տէր ի վերայ մեր ի սկզբանէ տարւոյս մինչեւ ցկատարումն»  (Օրհնէ՛, Տէր, այս տարին, եւ պտուղն այս տարուան՝ պահելով անփորձ ամէն վտանգէ, քու աջը ըլլալով մեր վրայ՝ տարուան սկիզբէն մինչեւ վերջը)։
 
Վարդավառը ուխտագնացութեան աւանդական տօն դարձած է Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի անունը կրող եկեղեցիներուն։ Ամենէն հռչակաւոր ուխտավայրը Տարօն գաւառի Մշոյ Ս Կարապետն էր, հիմնուած՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ («Կարապետ» բառը կը նշանակէ ռահվիրայ՝ Յովհաննէս Մկրտիչի ակնարկութեամբ)։ Ընդարձակ վանքը կառուցուած էր ամրոցի մը պէս լեռներուն մէջ։ Աւելի քան հազար ուխտաւոր կրնար ընդունիլ: 1915էն ետք, համալիրը գոյութիւն ունենալէ դադրած է: Վանքը քանդուած է թրքական բանակին կողմէ, որուն գործը ամբողջացուցած են ժամանակը, եղանակը եւ աւազակները։ 
 
Այս Կիրակի անուան տօնն է բոլոր անոնց, որոնք կր կրեն հետեւեալ անուններէն մէկը՝ Վարդգէս, Վարդավառ, Վարդ, Վարդուհի, Ալվարդ, Սիրվարդ, Նուարդ, Լուսվարդ, Հայվարդ, Պայծառ, Վարդանոյշ, Վարդիվառ, Վարվառ։

ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ - 2020
ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՄԱՐԴԻԿ՝ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Մեր ջանքերը բազմապատկուած են, եւ զուգահեռաբար մեր կարիքներն ալ նոյնքան մեծցած են։ Ձեր աջակցութիւնը անհրաժեշտ է աւելի քան երբեք։ Ձեր առատաձեռն օժանդակութիւնը կը խնդրենք, «յիշելով այն խօսքը, որ Տէր Յիսուս ինք ըսաւ, թէ՝ “Աւելի լաւ է տալը, քան առնելը”» (Գործք 20.35):
 
Միասնական ջանքերով կատարուած իրագործումները ձեր օգնութեան պէտք ունին, որպէսզի մնայուն դառնան եւ մեր գործը շարունակենք առաւել թափով։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՅՈՒԼԻՍ
ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
(ՎԱՐԴԱՎԱՌ)
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Իմստ 7:25-8:4, Զք. 14:16-21
Ա. ԹՈՒՂԹ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 1:1-7
Մենք լսեցինք, մեր աչքերով տեսանք եւ մեր ձեռքերով շօշափեցինք Որդին, Բանը, որ սկիզբէն իսկ կեանքի ստեղծիչն էր: Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ: Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքին մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ: Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ մասնակից դառնաք այն հաղորդակցութեան որ մենք ունինք Հօրը եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ, եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ: Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրենք ձեզի այս նամակը:
Պատգամը, որ իրմէ լսեցինք եւ ձեզի կը փոխանցենք, սա է՝ թէ Աստուած լոյս է, բնաւ խաւար չկայ անոր մէջ: Արդ, եթէ ըսենք՝ «Հաղորդակից ենք իրեն», եւ միւս կողմէ շարունակենք խաւարի մէջ ապրիլ, կը ստենք ահա եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր: Իսկ եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս ինք լոյսի մէջ է, այն ատեն ճշմարտապէս հաղորդակից կ’ըլլանք իրարու, եւ իր Որդւոյն Յիսուսի արիւնը կը սրբէ մեզ ամէն մեղքէ:
 
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:13-17:13
Երբ Յիսուս Փիլիպպոսի կառուցած Կեսարիայի կողմերը եկաւ, իր աշակերտներուն հարցուց.

Մարդիկ ի՞նչ կ’ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես:

Անոնք պատասխանեցին.

Ոմանք քեզ Յովհաննէս Մկրտիչը կը կարծեն, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը:

Յիսուս հարցուց անոնց.

Իսկ դո՞ւք ով կը կարծէք զիս:

Սիմոն Պետրոս պատասխանեց.

Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին:

Յիսուս ըսաւ անոր.

Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի, որովհետեւ ատիկա քեզի յայտնողը մարդ մը
չէր, այլ իմ Հայրս, որ երկինքի մէջ է: Քեզի կ’ըսեմ՝ թէ ժայռ ես դուն, եւ այդ ժայռին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս, զոր մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկրնայ յաղթահարել: Քեզի պիտի տամ երկինքի արքայութեան բանալիները, եւ ինչ որ կապես երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որ արձակես երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ:

Ապա Յիսուս խստիւ պատուիրեց իր աշակերտներուն, որ ոեւէ մէկուն չըսեն թէ ինքն է Քրիստոսը:

Այս դէպքէն ետք, Յիսուս սկսաւ յայտնել իր աշակերտներուն, թէ պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ, ուր շատ պիտի չարչարուի աւագ քահանաներէն, Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ երէցներէն, թէ պէտք է որ սպաննուի, եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէ:
Ասոր վրայ Պետրոս զինք մէկ կողմ տարաւ եւ սկսաւ հակառակելով վիճիլ.

Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, այդպիսի բան թող չպատահի քեզի:

Յիսուս Պետրոսի դառնալով ըսաւ.

Ետի՛ս գնա, Սատանա՛յ, դուն արգելք ես ինծի, որովհետեւ Աստուծոյ ծրագիրը չէ որ կը խորհիս, այլ մարդոց մտահոգութիւնը կ’արտայայտես:

Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ: Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն: Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար: Արդարեւ, Մարդու Որդին պիտի գայ իր Հօրը փառքով՝ իր հրեշտակներուն հետ, եւ այն ատեն իւրաքանչիւրին իր գործերուն համաձայն հատուցում պիտի կատարէ: Վստահ եղէք, որ հոս գտնուողներէն ոմանք պիտի չմեռնին՝ մինչեւ տեսնեն Մարդու Որդին որ կու գայ իր թագաւորութեամբ:

Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան: Եւ ահա երեւցան Մովսէսն ու Եղիան, որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ: Պետրոս ըսաւ Յիսուսի.

Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք. եթէ կ’ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար:

Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ’ըսէր.
Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք:

Երբ աշակերտները լսեցին ասիկա, սարսափահար՝ երեսի վրայ գետին ինկան: Յիսուս մօտենալով՝ դպաւ անոնց եւ ըսաւ.

Ոտքի՛ ելէք, մի՛ վախնաք:

Աշակերտները իրենց աչքերը վեր բարձրացուցին եւ Յիսուսէ զատ մարդ չտեսան:
Եւ մինչ լեռնէն վար կ’իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց, ըսելով.

Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չառնէ, ձեր տեսածը ոեւէ մէկուն մի՛ պատմէք:

Այն ատեն աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.

Հապա ինչո՞ւ Օրէնքի ուսուցիչները կ’ըսեն թէ նախ Եղիան պէտք է գայ:
Յիսուս պատասխանեց.

Ճիշդ է, Եղիան նախ գալով՝ պիտի պատրաստէ ամէն ինչ. բայց գիտցէք որ Եղիան արդէն իսկ եկած է, սակայն մարդիկ զայն չճանչցան եւ անոր հետ վարուեցան ինչպէս որ ուզեցին: Նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնց կողմէ:

Այն ատեն աշակերտները հասկցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին կը խօսէր ան:
ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԻՆ ՏԱՊԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ՏՕՆ ՆՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 
Շաբաթ, 18 Յուլիսին, Հին Տապանակի յիշատակն է ու Նոր Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնը։ Այս զուգորդուած տօները տեղի կ՚ունենան Այլակերպութեան Տօնին նախորդող Շաբաթ օրը։ Հինն ու նորը միատեղ տօնելը կը հաստատէ Եկեղեցւոյ շարունակականութիւնը։ Աստուած աստիճանաբար յայտնուեցաւ մարդ արարածին Ադամի, Նոյի, Աբրահամի, Մովսէսի եւ մարգարէներուն միջոցաւ։ Եկեղեցին գոյութիւն ունէր սկիզբէն, եւ ահա այդ պատճառով է, որ Հին Կտակարանը ընդունուած է իբրեւ Աստուածաշունչին մէկ մասը եւ ճանչցուած իբրեւ Նոր Կտակարանը առաջնորդող նախաբան։ Այս օրուան յատկացուած շարականը կը հաստատէ

«Որ ի սկզբանէ իմաստութեամբ հաստատեցեր զեկեղեցի հօր իմաստութիւն զոր նախանկար տեսութեամբ նշանակեալ Մովսէս խորանաւն երկնահանգոյն ի Սինա լերինն, լուսաւորելով փառօքն Աստուծոյ» 
(Իմաստութիւն Հօր, դուն սկիզբէն իմաստութեամբ հաստատեցիր եկեղեցին զոր Մովսէս նախանկար տեսութեամբ նշանակեց երկնանման տապանակով Սինա լերան վրայ, լուսաւորելով Աստուծոյ փառքով)։
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  
 
Այս շաբթուան նամակին հեղինակը՝ Մարկը, կը հովանաւորուի Լիտա Սուրէնեանի կողմէ։  
«Բարեւ, ի՛մ շատ սիրելի հովանաւոր,
Ես մեծացել եմ, բայց դեռ գրել չգիտեմ… Դպրոց չեմ գնում, բայց շատ եմ ուզում գնալ։ Երբ տեսնում եմ մեծ եղբօրս, թէ ինչպէս է սովորում, դպրոց (մանկապարտէզ) գնալու մեծ ցանկութիւն է առաջանում։ Ես նրա հետ սովորում եմ ռուսերէն, անգլերէն խօսել, հաշուել, գիտեմ գումարել եւ հանել։

Շնորհակալ եմ Ձեզանից շատ-շատ-շատ…
Աստուած օրհնի Ձեզ»։
 

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ՍՊԱՍՈՂ ՈՐԲԵՐ
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.
 
ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։
 
բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։                       
 
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել (այժմ աւելցած են, դժբախտաբար, պսակաձեւ ժահրի զոհերու զաւակներ), կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով՝   [email protected],       կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել վարի կապին վրայ։  
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12ԻՆ
Տասնամեակներէ ի վեր, Ազգ. Առաջնորդարանը կը հովանաւորէ տարեկան վիճակահանութիւն մը՝ ի նպաստ իր դաստիարակչական եւ կրօնական ծրագիրներուն։ Սովորաբար, թիւերը կը քաշուին Մայիսին՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի աւարտին։ Այս տարի, սակայն, պսակաձեւ ժահրի համավարակը բռնկեցաւ, երբ վիճակահանութեան տոմսերու վաճառքը ընթացքի մէջ էր, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը յետաձգուեցաւ։
 
Ուրախ ենք յայտնելու, որ վիճակահանութեան նոր թուականը ճշդուած է Սեպտեմբեր 12ին։ Գլխաւոր մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակներ ալ պիտի ըլլան՝ 1.000ական տոլարի արժողութեամբ։ Այսուհանդերձ, ինչպէս սովոր ենք ըսել, այս վիճակահանութեան մէջ բոլորս կը շահինք, քանի որ ամբողջ գումարը կը նպաստէ Առաջնորդարանի ծրագիրներուն։ Վիճակահանութեան տոմսերը 100 տոլար են։ Տեղեկութիւններու, ինչպէս եւ տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ Առաջնորդարանի գրասենեակ ( [email protected] կամ 212-689-7810)։

ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ «ՄՈՒՐԱՏ» ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ
Լալա Տէմիրճեան-Աթթարեան |   Ճուն Մանկասարեան

Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Մուրատ» ազգային վարժարանի Խնամակալ Մարմինը յայտարարեց, որ դպրոցի նոր համատնօրէններ նշանակուած են տիկիններ Լալա Տէմիրճեան-Աթթարեան եւ Ճուն Մանկասարեան: Անոնք սիրայօժար յանձնառութեամբ ստանձնեցին իրենց փոխանցուած հայ լեզուի օճախի ջահը, որ նախկին տնօրէնուհիներ՝ տիկ. Անահիտ Քիպարեան եւ հանգուցեալ տիկ. Արաքսի Արզումանեան, մօտ 30 տարի վառ պահեցին իրենց մանկավարժական հմտութեան եւ փորձառութեան շնորհիւ:

Խնամակալ Մարմինը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց նախկին տնօրէնուհիներուն ու շնորհաւորեց նորանշանակ համատնօրէնները, որոնք խանդավառութեամբ ընդունած են այս գործակցութիւնը եւ ի գործ դնելով իրենց տաղանդն ու փորձառութիւնը՝ մեծապէս պիտի նպաստեն հայեցի դաստիարակութեան:

Լալա Տէմիրճեան-Աթթարեան ծնած է Լիբանան։ Աւարտած է Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան ընթացքը։ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանէն վկայուած է որպէս մանկավարժ եւ ապա համեմատական ու միջազգային կրթութեան մասնագիտացման հետեւած է Անգլիոյ Օքսֆորտ համալսարանին մէջ։ Ան նաեւ զբաղած է միջազգային կրթութեան մարզէն ներս ուսումնասիրութիւններ կատարելով։ Լիբանանի մէջ, աշխատակցած է ՄԱԿ-ի եւ տեղական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու, կեդրոնանալով գաղթականներու աշխատանքի հետ մարզերուն վրայ։

2008ին հաստատուելով Միացեալ Նահանգներ, աշխատած է հայկան կրթական հաստատութիւններէ ներս՝ Սան Ֆրանսիսքօ եւ ապա Պոսթըն։ Տիկ. Տէմիրճեան- Աթթարեան ներկայիս ստանձնած է ՀՕՄի կեդրոնական գրասենեակի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը։

Ճուն Մանկասարեան 40 տարիներէ ի վեր նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին: Պաշտօնավարած է Գալիֆորնիոյ «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպպոս» դպրոցի եւ ՀԲԸՄի Պելմոնթ (Մասաչուսեթս) նախակրթարաններուն մէջ: 1979ին, փոխադրուած է Ռոտ Այլընտ, ուր ստացած է իր մագիստրոսի վկայականը եւ ապա մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ կարգի անգլերէնը որպէս երկրորդ լեզու դասաւանդելու պաշտօնական մասնագիտական վկայագիրը: Վերջին 30 տարիներուն պաշտօնավարած է Ռոտ Այլընտի տարբեր քաղաքներու դպրոցներուն մէջ։ Անցեալ տարեշրջանին ան միացած էր «Մուրատ» ազգ. վարժարանի կազմին՝ տիկ Քիպարեանի բացակայութեան վարելով դպրոցը: 

ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ Ա․ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
«Սիամանթօ» լսարանի 2019-2020 տարեշրջանի աշակերտներուն հետ խորհրդակցական ժողովի մը ընթացքին ծրագրուեցան նոր դասեր Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն համար։ Ուրբաթ, 10 Յուլիսի կէսօրէն ետք, տեղի ունեցաւ առաջին նիստը՝ հեռավար (Zoom) հանդիպումով։

Այս անգամ ծրագիրը տարբեր էր։ Հայերէնի տարբեր խաղեր կազմակերպած էին ուսուցչուհիները՝ տիկ. Սիլվա Պետեանը (Շիքակօ), օր. Նարինէ Ապրիմեանը (Ուոթըրթաուն) եւ օր. Սօսի Էսաճանեանը (Նիւ Ճըրզի)։ Մասնագիտացած ուսուցչուհիներու այս եռեակը նաեւ հեղինակն է Հայերէնը որպէս Երկրորդ Լեզու (ASL-Armenian as Second Language) ծրագրին, որ արդէն հասանելի է մեր դպրոցներուն Hye Teachers’ Hubի ( hyeteachershub.org ) վրայ, սերտողութեան եւ օգտագործման համար։ Անոնք աշակերտներուն հետ տարբեր խաղերով հետաքրքրութիւն շարժեցին դէպի լեզուն, ուղղագրութիւնը, նաեւ՝ դէպի ինքնութեան զանազան տարրերը։ Վերջաւորութեան հետաքրքրական էր լսել մասնակից աշակերտներուն ցանկութիւնները։ Ոմանք ուզեցին յաջորդին ուղղագրութեան պահ ունենալ, ոմանք՝ հայոց պատմութեան, ոմանք ալ՝ հայերէն խօսիլ սորվիլ։

Մօտեցումը քաջալերելի էր՝ անոնց մէջ արթնցած էր բանով մը իրենց ինքնութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը։

«Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ ամառնային հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 24 Յուլիսին, ժամը 4։00ին։ 
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՌՑԱՆՑ ՃԱՄԲԱՐ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ
Այս շաբաթ, 16 պատանիներ կը մասնակցին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) ամառնային առցանց ճամբարին՝ Պերճ եւ Ճէյն Զօպեանի ղեկավարութեամբ։ Ամէն առաւօտ, խումբը միասնաբար կ՚աղօթէ, Ս. Գիրքէն դասերու կը հետեւի, ձեռային աշխատանքներ կը կատարէ եւ զԱստուած կը փառաբանէ երգով ու երաժշտութեամբ։ Թէեւ առցանց հարթակ մըն է, սակայն խումբին անդամները միշտ խանդավառ տրամադրութեամբ կը մասնակցին 45 վայրկեաննոց ամէնօրեայ աշխատանքներուն։ 
«ՅՈՒՇԵՐ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՐԲՈՒԹԵԱՆ»
(ԳԱՌՆԻԿ ԲԱՆԵԱՆ)
Գառնիկ Բանեանի ներկայ գործը՝ ութ գլուխներու մէջ սեղմուած, կը ներկայացնէ իր մինչեւ հինգ տարեկան երջանիկ մանկութիւնը եւ հինգէն մինչեւ ինը տարեկան տառապալից որբութիւնը։

Հազիւ դպրոց յաճախել սկսած, կը հասնին բռնագաղթի եւ կոտորածի դժոխային օրերը։ Կիւրինցիները կը տարագրուին դէպի Համա։ Հեղձուցիչ տաքէն, քաղցէն ու ծարաւէն շուտով կը հիւծին ու կը մահանան փոքրիկ Գառնիկի մայրը, իրմէ փոքր քոյրն ու եղբայրը, այլ հարազատներու եւ զանազան շրջաններէ հոն՝ անապատ քշուած հարիւրաւորներու շարքին։ Մեծ հայրը ատենին կը փութայ յանձնել զինք Համայի մէջ հայ պատուելիի մը հաստատած որբանոցը։ Դժբախտաբար, երկար չի տեւեր այս որբանոցը։ Ճեմալ փաշայի հրամանով բոլոր որբերը կը փոխադրուին Լիբանան, ֆրանչիսկեաններու ընդարձակ վանքը, Անթուրա, հոն թուրքերուն կողմէ եւ զուտ թրքական մթնոլորտի մէջ դաստիարակուելու համար որպէս ապագայ տիպար թուրքեր։ Անթուրան կատարեալ դժոխք մը կ՚ըլլայ շուրջ հազար տարաբախտ որբերուն համար, որոնք հոն կ՚անցընեն անօթութեան, զրկանքի, անխնայ ծեծի ու անարգանքի չորս դժոխային տարիներ։
ՇԱՐԱ ՏԱԼԵԱՆ (ծնունդ՝ 16 Յուլիս, 1893)
Շարա Տալեան անցեալ դարու հայ ժողովրդական եւ օփերային երգի արտակարգ մեներգիչներէն մէկը եղած է, յատկապէս՝ «Անոյշ» օփերայի Սարոյի դերի չգերազանցուած մեկնաբանը։

Ծնած է 16 Յուլիս, 1893ին, Թիֆլիսի մէջ։ Տալեաններու ընտանիքը նշանաւոր էր երաժշտութեան մէջ. ապագայ երգիչին հօր պապը նշանավոր աշուղ Քամալին էր, հայրը յայտնի աշուղ Ջամալն էր, իսկ հօր մօտ ազգականներէն էր աշուղ Շերամը (Գրիգոր Տալեան): Շարա Տալեան մանկութենէն ցուցաբերած է երաժշտութեան հանդէպ իր սէրն ու երաժշտական ընդունակութիւնը։ 1901-1913 թուականներուն իր ուսումը ստացած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ, իսկ միաժամանակ երաժշտութեան դասեր առած է երգահան Գրիգոր Սիւնիէն եւ Կոմիտաս Վարդապետի աշակերտ Սպիրիդոն Մելիքեանէն։ Դպրոցի երգչախումբին մէջ իբրեւ մեներգիչ սկսած է ելոյթ ունենալ 13 տարեկանին, իսկ 1911-1912ին Շուլաւէրի եւ Թիֆլիսի մէջ իր առաջին մենահամերգները տուած է։

1912ին, դեռ դպրոցը չաւարտած, Տալեան մասնակցած է Տիգրան Չուխաճ ե անի «Լէպլէպիճի Հօր-Հօր աղա» օփերէթի բեմադրութեան՝ Հօր-հօր աղայի գլխաւոր դերերգով, իսկ Օգոստոս 1912ին դարձեալ արական գլխաւոր՝ Սարոյի դերը առած է Արմէն Տիգրանեանի հռչակաւոր «Անոյշ» օփերայի առաջին բեմադրութեան, որ տեղի ունեցած է երգահանի ծննդավայրին՝ Ալեքսանդրապոլի (այժմ՝ Գիւմրի) մէջ, ժողովրդային մեծ յաջողութեամբ։

1913-1916ին երգիչը աշխատած է իբրեւ երգի ուսուցիչ եւ խմբավար Հիւսիսային Կովկասի Սվիատոյ Քրեստ (այժմ՝ Պուտիոնովսկ) քաղաքի հայկական դպրոցին մէջ, իսկ 1916-1917ին ուսանած է Ս. Փեթերպուրկի երաժշտանոցին մէջ, զուգահեռաբար մենակատարելով հայկական եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ։ Այդ տարիներուն, Շարա Տալեան իբրեւ երգիչ ելոյթ ունեցած է Անդրկովկասի շատ քաղաքներու մէջ իր ստեղծած թատերական խումբերուն հետ։ 1923ին կազմակերպած ու ղեկավարած է Ալեքսանդրապոլի օփերայի եւ օփերէթի խումբը։

1927ին փոխադրուած է Երեւան, ուր կազմակերպած է «Հայ աշուղներ» ազգագրական խումբը, իսկ 1936ին՝ գուսանական երգերու համոյթը:
Շարա Տալեան կազմակերպիչներէն մէկը եղած է 1933ին հիմնուած օփերայի թատրոնին, իսկ 1933-1954ին՝ մեներգիչ։ Ստեղծած է աւելի քան երեսուն դերերգեր՝ Սարոյի կերպարի կողքին, որոնց շարքին՝ Արշակ թագաւորի («Արշակ Բ.», Տիգրան Չուխաճեան) եւ Դաւիթ Բէկի («Դաւիթ Բէկ», Արմէն Տիգրանեան) կերպարները։

Այսուհանդերձ, անոր ստեղծագործութեան գագաթնակէտը հայ աշուղական երգը եղած է։ «Հայ երգի երեկոյ» խորագրով, ան բազմաթիւ համերգներ տուած է Հայաստանի ու արտասահմանի մէջ, հնչեցնելով հայկական ժողովրդական մեղեդիները։ Մուշեղ Աղայեանի հետ գրի առած, կազմած ու խմբագրած է Սայեաթ-Նովայի (1946, 1963) եւ հաւաքած ու կազմած՝ Ջիւանիի (1955) ձայնանիշերով առաջին ժողովածուները։

Շ. Տալեան 1939ին արժանացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման, իսկ 1946ին՝ Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին։ Երկար տարիներ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր եղած է։ 1956ին իր վերջին ելոյթը ունեցած է Մոսկուայի Մեծ թատրոնին մէջ՝ հայկական արուեստի եւ գրականութեան երկրորդ տասնօրեակի եզրափակիչ համերգին։ Ան իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ, Նոյեմբեր 7, 1965ին։ Անոր անունով կը կոչուի Վանաձորի երաժշտական դպրոցներէն մէկը, ինչպէս եւ փողոցներ՝ Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է
Ահա այն նիւթը, զոր Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս) հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան, քննարկած է քրիստոնէական տեսանկիւնէ իր նորագոյն անգլերէն յօդուածին մէջ։ Կրնաք կարդալ այստեղ ։
ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ [email protected]։  
  
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
24 Յուլիս —Ամառնային «Սիամանթօ» լսարանի առցանց առաջին հանդիպում, Ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ ([email protected] կամ 212-689-7810)։
 
12 Սեպտեմբեր —Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ առցանց, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի։  

4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
 
15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/