17 Սեպտեմբեր, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԸ
Շաբաթ, 12 Սեպտեմբերին, Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը առաջին անգամ ըլլալով գումարուեցաւ՝ առցանց տեսաժողովի ձեւաչափով, 70 երեսփոխաններու ներկայութեամբ՝ 76ի փոխարէն։ Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, կատարեց բացման աղօթքը։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հօր հրաւէրով, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, աղօթք մը կատարեց 19 տարի առաջ՝ Սեպտեմբեր 11, 2001ի ահաբեկչական արարքին զոհերուն ի յիշատակ։
 
Ժողովի դիւանը կը կազմէին տիկ. Սիմոնէ Թոփուզեան՝ ատենապետուհի, եւ տիկ. Ժանէթ Հարոյեան՝ ատենադպրուհի։ Ժողովի ընթացքին, երեսփոխաններու լիազօրագիրները, Ազգային Վարչութեան տեղեկագիրը, ելեւմտական տեղեկագիրը եւ պիւտճէի նախագիծը վաւերացուեցան միաձայնութեամբ։ Տեղեկագիրներն ու նախագիծը նախօրօք տրամադրուած էին երեսփոխաններուն, եւ Ազգային Վարչութիւնը գրաւոր ձեւով պատասխանած էր անոնց հարցումներուն՝ ըստ նախապէս ճշդուած ժամանակացոյցին։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս այնուհետեւ հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ Անթիլիասի Մայրավանքէն ուղիղ սփռումով իր պատգամը տուաւ ներկաներուն։ «Տարբեր բնոյթի եւ չափի ահաւոր դժուարութիւններու հակառակ, Թեմը՝ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ, եւ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու գործակցութեամբ, փառք Աստուծոյ, նշանակալից իրագործումներ արձանագրած է», Արամ Կաթողիկոս ըսաւ։ «Բոլորն ալ, փաստօրէն՝ դուք, արժանի էք իմ ջերմ շնորհակալութեան եւ խոր գնահատանքին»։
 
«Անսովոր ժամանակներու մէջ կ՚ապրինք», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ «Մարդկութիւնը տակաւին պսակաձեւ ժահրի համավարակի յարատեւ եւ վախազդու սպառնալիքին տակ է, եւ կը թուի, թէ այս համավարակին ստեղծած մարտահրաւէրները, մտահոգութիւնները եւ խնդիրները մօտաւոր ապագային պիտի շարունակեն շրջապատել մեզ»։ Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն «իրապաշտ ըլլալ՝ Թեմի, ինչպէս եւ մեր ծուխերու գործունէութիւնն ու առաջնահերթութիւնները ծրագրելու եւ կազմակերպելու ընթացքին»։
 
Իր խօսքին մէջ, Կաթողիկոսը նշեց իր պատուէրը՝ խրախուսելով ծուխերը, որ կիներու եւ երիտասարդներու վստահին ղեկավար պաշտօններ։ Ան նաեւ յայտնեց իր ուրախութիւնը՝ «Սորվիլ եւ աճիլ միասին» բնաբանին առնչութեամբ, քանի որ սորվիլը անընդհատ հոլովոյթ մըն է անձի մը, կազմակերպութեան մը եւ համայնքի մը կեանքին մէջ։ Բոլորս ալ պէտք է աղբիւր դառնանք ուսուցման, նոյնիսկ սորվելով համավարակէն, ըսաւ ան։
 
Իր փակման խօսքին մէջ, Վեհափառը կոչ ըրաւ մեր ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու։
 
«Պէտք է խորացնենք միասնութեան զգացումը. մէկ ազգ ու մէկ ժողովուրդ ենք, մէկ ու համայնք ու մէկ Եկեղեցի ենք», ըսաւ Արամ Ա.։ «Միասնութեան այդ զգացումը մեզ քով-քովի կը բերէ։ Պէտք է ամրապնդենք այս կապը»։
 
Տիկ. Թոփուզեանի խնդրանքով, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան ընտրական ընթացակարգը ներկայացուց եւ փորձնական քուէարկութիւն մը վարեց Ընտրողական Յանձնախումբի անունով։ Միջոցին, ատենապետուհին հրաւիրեց Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը իր պատգամը յղելու ժողովին (տե՛ս ամբողջական բնագիրը ստորեւ)։
 
Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուրուագծեց այն մարտահրաւէրները, զորս թեմը դիմագրաւած է այս աննախընթաց տարեշրջանին ընթացքին, ինչպէս եւ անոնց հանդէպ ցոյց տրուած հակազդեցութիւնը։
 
«Երբ իւրաքանչիւր անձ ահազանգի մատնուեցաւ ինքզինք նկատելու որպէս ժահրի հաւանական պարագայ, իրաւ որ մեր գոյութեան, գիտութեան եւ հաւատքի հիմերը սասանեցան աննախընթաց անորոշութեան դիմաց», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ «Յամենայն դէպս, կրցանք ձեռք ձգել ու սորվիլ գոյատեւման նոր ուղի մը»։ Ակնարկեց պսակաձեւ ժահրի համավարակի վճարուած գինին, ընդգծելով, որ դժուար ճամբայ մը կայ մեր առջեւ։ «Կասկած չկայ որ սուղ գին վճարեցինք՝ թանկագին կեանքերու կորուստով եւ տնտեսական անկումով, եւ դեռ երկար ճանապարհ ունինք այս ուղղութեամբ կտրելիք ամբողջական կերպով վերագտնելու երբեմնի մեր բնականոն կեանքը», ըսաւ, «բայց եւ այնպէս այն իրողութիւնը, որ ահաւոր մարտահրաւէր մը դիմագրաւեցինք բայց չպարտուեցանք, ինքնին անվիճելի ճշմարտութիւն է որ մեր կորուստները ի զուր չէին, այլ հիմը դրին նոր շրջանի մը»։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր մտածումները ամփոփեց երեք հիմնական գաղափարներու շուրջ.

Նախախնամութեան առաջնորդութիւն։ Փառք Աստուծոյ, որ թէեւ զրկուեցանք Ծաղկազարդը, Աւագ Շաբաթը, Սուրբ Յարութիւնը եւ յաջորդող տօները համախմբուած եւ ցնծութեամբ նշելէ, Ան մեզ կը շարունակէ առաջնորդել Յարութեամբ խարսխուած մեր յոյսով «Հաւատքի զօրութեան նոր տարածք մը գտնելու՝ դիմագրաւելով վախը, անորոշութիւնը եւ մասամբ նորին սպառնալիքները»։

Համագործակցութիւն։ «Ըսուած է թէ աղէտներ երբեմն աւելի կը մօտեցնեն մարդիկ իրարու քան բարգաւաճ վիճակը», ըսաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ «Համավարակը բացառութիւն մը չեղաւ նաեւ այս պարագային։ Ընդհանուր գիծերու մէջ, երբ քննարկենք համավարակի սկզբնաւորութենէն հետզհետէ բնականոն վիճակի ընթացող հանգրուանները, պիտի վկայենք, որ Համագործակցութիւնը բանալի դեր խաղաց հաւաքական մեր յաջողութեան ընթացքին մէջ» աւելցուց, ընդգծելով բժիշկներու, պաշտօնատարներու եւ հանրութեան զոհողութիւնը համավարակի ընթացքին։
 
Նորարարութիւն։ «“Կարիքը մայրն է հնարամտութեան” խօսքը համավարակի ամբողջ ընթացքին դարձաւ Առաջնորդարանի բոլոր ծրագիրները, յայտագիրներն ու աշխատանքները արդիւնաւորելու հոյակապ ոյժը։ Առաջնորդարանը իր բոլոր եկեղեցիներով ու մարմիններով կարճ ժամանակամիջոցով յարմարեցաւ ներկայ կացութեան պահանջքներուն՝ դրական ու գործնական միջոցներ գտնելով»։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեց Պատարագի աղօթքը՝ «Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի քո անշարժ պահեա, եւ զերկրպագուս անուանդ քում պահեա ի խաղաղութեան», եւ աւելցուց.
 
«Իրաւ որ Աստուած իր խորհրդաւոր ճամբաներով կը գործէ իւրաքանչիւրիս մէջէն՝ իրարու համար։
 
Մեր սուրբ հայրերու՝ Լուսաւորիչներու, Նարեկացիներու եւ Շնորհալիներու Աստուածը թող համայն աշխարհը պահպանէ երեւելի եւ աներեւոյթ ամէն տեսակի ժահրերէ, թշնամիներէ եւ ոյժերէ։ Անսասան պահէ Քրիստոնեայ աշխարհը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, եւ խաղաղութեան մէջ պահէ իր անուան երկրպագուները»։

Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու ընտրութիւններու աւարտէն եւ ատենագրութեան վաւերացումէն ետք, ատենապետուհի տիկ. Թոփուզեան հրաւիրեց թեմիս բարեջան առաջնորդը իր փակման խօսքը կատարելու։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք երեսփոխաններուն իրենց մասնակցութեան համար, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս վերստին կոչ ուղղեց բոլորին «հաւատք ունենալու՝ վախէ աւելի», այն վճռակամութեամբ, որ համավարակէն աւելի հզօրացած դուրս պիտի գանք։
 
Ընտրութիւններու արդիւնքը պիտի հաղորդենք Արամ Ա. Վեհափառի Հայրապետի վաւերացումէն ետք։ 
Ազգ. Առաջնորդարանի վիճակահանութիւնը 
Ժողովի փակումէն ետք, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի տարեկան վիճակահանութեան ուղիղ հեռասփռումը Ս. Սարգիս եկեղեցիէն (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Էտուըրտ Ասատուրեան (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ) բախտաւորուեցաւ գլխաւոր մրցանակով՝ 5.000 տոլար։Յաջորդ մրցանակները շահեցան՝ Էտուըրտ Պարսամեան (Վուտսայտ, Նիւ Եորք)՝ 2.000 տոլար, եւ Վաչէ Ասատուրեան (Ֆէրվիւ, Նիւ Ճըրզի), Պերճ Տէյիրմէնճեան-Միլլըր (Ուեսթ Չեսթըր, Փենսիլվէնիա) ու Մելիսա Սիմոնեան (Նորթ Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)՝ 1.000ական տոլար։ 

«ՍՈՐՎԻԼ ԵՒ ԱՃԻԼ ՄԻԱՍԻՆ»
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին 
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի առթիւ իմ խօսքը՝ «Սորվիլ եւ աճիլ միասին»թեմայով, եթէ ուղղած ըլլայի 14 Մայիսին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ, ինչպէս որ կանխաւ ծրագրուած էր, լրիւ տարբեր պիտի ըլլար։ Համավարակը փոխեց համաշխարհային կեանքի բնականոն ընթացքը եւ միաժամանակսորվելու եւ աճելունոր փորձառութիւն մը եղաւ, մեր մէջ զօրաշարժի ենթարկելով այս նոր իրադարձութիւնը յաղթահարելու մեր թաքուն կարողութիւնները, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ․«Նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5․4):
 
Համավարակի առաջքը առնելու նպատակաւ երբ կառավարութիւնը օրինադրեց մեր բնակարաններուն մէջ մնալ, շատեր մտահոգուեցան եւ ուրիշներ տառացիօրէն սարսափեցան, թէ ինչպէ՞ս կրնան ամբողջ շաբաթ մը կղզիացած կեանք ապրիլ։ Այնուհանդերձ, երբ կացութիւնը վատթարացաւ եւ երկարաձգուեցաւ ամիսներու վրայ, անկարելի թուացող այդ վիճակը դարձաւ մեր ընթացիկ առօրեան, եւ բոլորս ալ սկսանք մտածել՝ գուցէ մեր բոլոր կառոյցները փուլ պիտի գան կամ անդամալուծուին աննախատեսելի այս իրավիճակին դիմաց։ Յամենայն դէպս, կրցանք ձեռք ձգել ու սորվիլ գոյատեւման նոր ուղի մր։ Կասկած չկայ որ սուղ գին վճարեցինք՝ թանկագին կեանքերու կորուստով եւ տնտեսական անկումով, եւ դեռ երկար ճանապարհ ունինք այս ուղղութեամբ կտրելիք ամբողջական կերպով վերագտնելու երբեմնի մեր բնականոն կեանքը, բայց եւ այնպէս այն իրողութիւնը, որ ահաւոր մարտահրաւէր մը դիմագրաւեցինք, բայց չպարտուեցանք, ինքնին անվիճելի ճշմարտութիւն է որ մեր կորուստները ի զուր չէին, այլ հիմը դրին նոր շրջանի մը։
 
Այս հասկացողութեամբ կ՚ուզեմ ներկայ համավարակէն քաղուած երեք մտածումներ բաժնեկցիլ ձեզի հետ։ Ամենայն խոնարհութեամբ, պէտք է խոստովանիմ որ անցնող վեց ամիսներու հոգեմտաւոր զարգացումս բաղդատած վեց տասնամեակներու կեանքի փորձառութեանս հետ, չափազանց նկատառելի է։ Նկատի ունենալով պատկառելի ժողովիս խիստ սահմանափակ ժամանակացոյցը, կ՚ուզեմ մտքերս խտացնել հետեւեալ երեք կէտերու մէջ՝ Նախախնամութեան առաջնորդութիւն, Համագործակցութիւն եւ Նորարարութիւն։
 
Նախախնամութեան առաջնորդութիւն։ Յետադարձ ակնարկով երբ վերաքաղ ընենք Մարտ ամիսէն սկսեալ մանրադիտակային գոյութեամբ թագաձեւ ժահրի ստեղծած համաշխարհային սպառնալիքին առընթեր ամէնօրեայ երբեմն զիրար հակադրող լուրերը, այնքան յառաջդիմած մարդկային ընկերութիւնը ականատես եղաւ առողջապահական համակարգերու (healthcare systems) եւ արհեստագիտութեան (technology) անկարողութեան։ Աւելի՛ն. երբ իւրաքանչիւր անձ ահազանգի մատնուեցաւ ինքզինք նկատելու որպէս ժահրի հաւանական պարագայ, իրաւ որ մեր գոյութեան, գիտութեան եւ հաւատքի հիմերը սասանեցան։ Աննախընթաց անորոշութեան դիմաց չեմ սխալիր եթէ ըսեմ, թէ աւելի վախցանք քան նախամարդ Ադամը երբ առաջին վերջալոյսը կը դիտէր, եւ խաւարով պատուածչէր գիտեր,թէ ի՞նչ պիտի յաջորդէ։ Փա՜ռք Աստուծոյ, եւ հազար փառք, իր նախախնամութեան համար, որ արեւածագը չուշացուց, եւ թէկուզ մանրաքայլ բայց հաստատ քայլերով դէպի յառաջ ընթացանք։ Ճիշդ է որ զրկուեցանք Ծաղկազարդը, Աւագ Շաբաթը, Սուրբ Յարութիւնը եւ յաջորդող տօները համախմբուած եւ ցնծութեամբ նշելէ, այսուամենայնիւ՝ առաջնորդեց մեզ Յարութեամբ խարսխուած մեր յոյսով Հաւատքի զօրութեան նոր տարածք (dimension) մը գտնելու՝ դիմագրաւելով վախը, անորոշութիւնը եւ մասամբ նորին սպառնալիքները։ Երախտապարտ եմԱմենակալին,որ ուղղեց զիս՝ առողջապահական հաստատութեանց ցուցմունքներուն համաձայն, ըստ կարելւոյն ցամաքի ճամբով այցելել մեր եկեղեցիները, փոխանցելով իրենց՝ մեր վճռակամութիւնը, թէ համավարակը եթէ ընկերային գետնի վրայ յաջողեցաւ ժամանակաւոր կերպով մեզ իրարմէ հեռացնել, սակայն երբե՛ք չի կրնար Ազգային Առաջնորդարանը իր համայնքներէն հեռացնել։ Նաեւ՝ մեր ծխականներուն փոխանցելու այն խոր հաւատքը, որ միասնաբար պիտի յաղթահարենք համավարակին Առաջնորդարանի դեղատոմսով, որ է՝ Աղօթք, Զգուշութիւն/Խոհեմութիւն եւ Համբերութիւն։
 
Համագործակցութիւն։ Ըսուած է թէ աղէտներ երբեմն աւելի կը մօտեցնեն մարդիկ իրարու քան բարգաւաճ վիճակը։ Համավարակը բացառութիւն մը չեղաւ նաեւ այս պարագային։ Ընդհանուր գիծերու մէջ, երբ քննարկենք համավարակի սկզբնաւորութենէն հետզհետէ բնականոն վիճակի ընթացող հանգրուանները, պիտի վկայենք, որ Համագործակցութիւնը բանալի դեր խաղաց հաւաքական մեր յաջողութեան ընթացքին մէջ։ Արդարեւ, անտեսանելի պատերազմի առաջնահերթ գծի վրայ գտնուող բժիշկ-բժշկուհիներու եւ բժշկական անձնակազմերու հերոսական զոհողութիւնը, հանրային ու ընկերային սպասարկուներու ծառայութիւնը, ժահրի գիւտը կատարելու գիտնականներուն յանձնառութիւնը եւ զիրենք քաջալերող պետական շրջանակներուն նախանձախնդրութիւնը, ինչպէս նաեւ օրէնքներու գործադրման ուղղութեամբ քաղաքացինորու գործակցութիւնը, այս ամէնքը դարձան բաղադրիչ տարրը յաջողութեան։
 
Նմանապէս, համավարակի ամբողջ ընթացքին Համագործակցութիւնը Ազգային Առաջնորդարանի ընդհանուր աշխատանքներուն մղիչ ոյժը դարձաւ, աւելի քան որեւէ ժամանակ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը խորհրդակցելէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, արտօնեց մեզի ծիսական կեանքէն ներս ժամանակաւոր կերպով աննախընթաց փոփոխութիւններ կատարել։ Համավարակի սկիզբէն ի վեր, հոգեւորականաց դասը ամէն Երկուշաբթի խորհրդակցական ժողով ունեցաւ թարմացնելու հովուական կեանքէն ներս ձեռք ձգուած փորձառութիւնը, միշտ որոնելով գործնական նոր քայլեր՝ հաւատարիմ մնալու Եկեղեցւոյ առաքելութեան, միաժամանակ ապահովելու հաւատացեալներու ապահովութիւնը։ Ամենայն կանոնաւորութեամբ կապի մէջ եղանք Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի՝ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Դանիէլ Եպս. Ֆնտըգեանի՝ Էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ, եւ վսեմաշուք տիար Վարուժան Ներսիսեանի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ԱՄՆի դեսպանին հետ, բաժնեկցելով անսովոր այս ժամանակներու մեր հասարակաց մտահոգութիւններն ու անոնց լուծումները։ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները ամենայն կանոնաւորութեամբ գումարեցին իրենց նիստերը, ապահովելով փոխանցման յարաբերաբար հեզասահ շրջան մը։ Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան հետ հերթական հանդիպումները տեղի ունեցան կանոնաւորութեամբ։ Հոգեւոր հովիւներու եւ հոգաբարձութեանց հետ աշխատակցելով, կարողացանք համայնքներու կայունութիւնը ապահովել հարթելով բնականոնացման ընթացքը։ Դպրոցներու տնօրէններու հետ կարելի եղաւ հայեցի ուսման կենսական կորիզը հայթայթել նորահաս սերունդին։ Հայ կեանքի սահմաններէն ներս գործող Հայրենիքի եւ Սփիւռքի տեղեկատուական մարմիններու հետ շփման մէջ ըլլալով կարելի եղաւ տուեալ կացութեանց համապարփակ պատկերը ներկայացնող կարեւոր ծանօթութիւններ փոխանակել։ Այս ամէնքը եւ աւելին մաս կը կազմեն հրաշագործ բառի մը՝ համագործակցութեան, որ նոր թափ եւ ուժականութիւն ստացաւ Լիբանանի վերջին ահաւոր պայթումէն ետք, երբ աշխարհացրիւ հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն զօրավիգ եղաւ հոգեպէս, բարոյապէս եւ նիւթապէս։ Այստեղ կ՛ուզեմ ուրախութեամբ յայտնել, թէ այսօրուան հաշուով 316,984 տոլար հանգանակուեցաւ օժանդակութեան համար։ Կ՚աղօթենք որ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ մեր գործակցութեամբ այս աղէտի սպիները դարմանուին եւ մայրիներու երկիրը խաղաղ ու վերանորոգեալ կեանքը ողջունէ, եւ իր դրական ներդրումը ունենայ միջազգային ընտանիքէն ներս։

Նորարարութիւն։ «Կարիքը մայրն է հնարամտութեան» խօսքը համավարակի ամբողջ ընթացքին դարձաւ Առաջնորդարանի բոլոր ծրագիրները, յայտագիրներն ու աշխատանքները արդիւնաւորելու հոյակապ ոյժը։ Առաջնորդարանը իր բոլոր եկեղեցիներով ու մարմիններով կարճ ժամանակամիջոցով յարմարեցաւ ներկայ կացութեան պահանջքներուն՝ դրական ու գործնական միջոցներ գտնելով։ Ի պատիւ մեր հոգեւոր հովիւներուն, ամէն օր օգտաշատ խորհրդածութիւն մատուցին հաւատացեալներուն՝ կիրակնօրեայ Պատարագներու փոխարէն, ինչպէս նաեւ մոմավառութեամբ յատուկ աղօթքներ՝ ննջեցեալներու կամ հիւանդներու համար։ Սուրբ Գրոց սերտողութիւններ, յատուկ նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններ, մանուկներու համար Սուրբ Գրքի, ինչպէս նաեւ հայ գրականութենէն ընթերցումներ, «Տաթեւ» եւ «Սիամանթօ» լսարաններու դասընթացքներ, այս բոլոր ծրագիրները յաջողութեամբ պսակուեցան արդարացնելով մեր ժողովուրդի կարիքները։ Տարեսկիզբին եթէ ինծի հարցուէր թէ ի՞նչ կը նշանակէ «zoom» բառը, ի հետեւումն բառարանի սահմանումին պիտի ըսէի՝ «կեդրոնանալ իրի մը վրայ, աւելի մօտէն քննելու զայն»։ Իսկ անցեալ Մարտէն սկսեալ zoomը դարձաւ հրաշագործ միջոցը մեր բոլոր ժողովներուն՝ Ազգային Վարչութեան, հոգեւորականներու, պաշտօնէութեան, հոգաբարձուներու, տնօրէնութեանց, եւ այսօր՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի պատգամաւորներուն հետ։
 
Համավարակի դրական ներգործութեամբ աշխուժացած, դէպի յառաջ կը նայինք աւելի դրական եւ յստակ տեսլականով։ Պաշտօնավարութեանս երկրորդ շրջանին, շուտով պիտի ունենանք ամերիկածին քահանայական թեկնածուի ձեռնադրութիւն։ Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ Հաղորդակցութեան բաժանմունքները գաղութներու հետ նոր ծրագիրներով կը կանխատեսեն վերաորակաւորել դաստիարակչական ծրագիրներ, արհեստագիտութեան արդիական միջոցները լաւագոյնս օգտագործելով։ Կ՛աղօթենք որ Ամենաբարձեալը յաջողցնէ մեր նոր ծրագիրները յառաջիկայ տարուան ընթացքին։
 
Հուսկ բանիս, իմ անհուն երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Ամենակալ Աստուծոյ իր նախախնամութեան համար, որ առաջնորդեց մեզ սորվելու եւ աճելու ոչ միայն միայն խաղաղ ու բարգաւաճ ժամանակներու մէջ, այլ նաեւ տագնապի ու անորոշութեան մէջ։ Որդիական շնորհակալութիւնս կ՚ուղղեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսին որ այս դժուարին պայմաններուն մէջ մեզի ուղեցոյց հանդիսացաւ։ Խորին շնորհակալութիւններս պաշտօնակիցներուս՝ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու անդամներուն, իրենց անսակարկ գործակցութեան համար. Հոգեւոր հովիւներուն, որ Տէրունական սիրոյ եւ ծառայութեան լուծը գիտակցութեան բարձրագոյն մակարդակով կրեցին. Ազգ Երեսփոխանական Ժողովի պատգամաւորներուն, որ իրենց համայնքներուն ամբողջականութիւնը պահպանեցին։ Նաեւ կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել մեր բոլոր ծխականներուն եւ բարեկամներուն հետեւեալ խոստովանանքը ընելով։

Համավարակի ընթացքին երբ շաբաթը անգամ մը Առաջնորդարան կ՛այցելէի որպէսզի նամակները վերցնեմ, խոր յուզմունքով պատուած հոգաբարձութեանց եւ ծխականներու ու բարեկամներու ղրկած նամակները հաւաքելով, մի առ մի անունները կը կարդայի։ Ընթերցումիս հետ, Հոգելոյս Խորէն Ա Կաթողիկոսի ձայնը կ՚արձագանգէր ողջ էութեանս մէջ, որ կ՛ըսէր «Տղա՛ս, ծառայութեանդ տարիներուն ընդմէջէն պիտի վկայես որ ոսկեայ սրտով ինչպիսի ժողովուրդի մը կը ծառայես»։ Եւ արտասուալից աչքերս առ Աստուած յարելով, Պատարագի բառերու աղօթքը որպէս մրմունջ կը բարձրանար՝ «Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի քո անշարժ պահեա, եւ զերկրպագուս անուանդ քում պահեա ի խաղաղութեան»։ Իրաւ որ Աստուած իր խորհրդաւոր ճամբաներով կը գործէ իւրաքանչիւրիս մէջէն՝ իրարու համար։
 
Մեր սուրբ հայրերու՝ Լուսաւորիչներու, Նարեկացիներու եւ Շնորհալիներու Աստուածը թող համայն աշխարհը պահպանէ երեւելի եւ աներեւոյթ ամէն տեսակի ժահրերէ, թշնամիներէ եւ ոյժերէ։ Անսասան պահէ Քրիստոնեայ աշխարհը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, եւ խաղաղութեան մէջ պահէ իր անուան երկրպագուները»։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏ
ԵՐԲԵՔ ՅՈՅՍԴ ՄԻ՛ ԿՈՐՍՆՑՆԵՐ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
 
Քառասուն օրեր սահեցան Լիբանանի սարսափելի պայթումէն ի վեր։ Երբ առաջին անգամ աղէտի լուրը առի, հեռախօսով շատ մօտիկ բարեկամի մը կապուեցայ։ Ձայնէն իսկ զգացի որ լրիւ փլուզուած էր։ «Ամէն ինչ խլեցին մեզմէ՝ տուն, գործ, խնայողութիւն, նոյնիսկ յոյս» ըսաւ ան, «այլեւս ո՛չ մէկ պատճառ կայ որ այս երկիրը մնանք»։
 
Բառացիօրէն անխօս դարձայ։ Ենթական այնպիսի անձնաւորութիւն մըն էր որ ականատես եղած էր 1975էն ի վեր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենէն աղիտալի օրերուն, եւ երբե՛ք նման արտայայտութիւն չէր ունեցած։ Որպէս եկեղեցական պէտք էր քաջալերէի զինք, բայց անձնապէս զգացի որ ե՛ս պէտք ունէի այդ ներքին ինքնաթարմացման ոյժին։
 
Քանի մը օր ետք, նոյն անձէն կարճ պատգամ մը ստացայ, զոր կ՛ուզեմ բաժնել ձեզի հետ։ «Երբեք յոյսդ մի կորսնցներ։ Երբ կը մտածես թէ ամէն ինչ վերջացած է, Աստուած քեզի հրաշք մը կը ղրկէ։ Ամէն»։ Չէի կրնար հաւատալ այսքան կարճ ժամանակուան մէջ այս հրաշալի փոփոխութեան, բայց եւ այնպէս իրողութիւն էր որ պատահեցաւ բարեկամիս։ Եւ այդ հրաշքը սկսաւ իր դրական ազդեցութեամբ՝ Լիբանանի ժողովուրդին եւ մեր կեանքին մէջ։
 
Բարեկամիս այս հրաշալուր փոփոխութեան լոյսին տակ, կարծէք աւելի խորքը թափանցեցի Պօղոս Առաքեալի խօսքին՝ ուղղուած Կորնթացիներուն։ Առաքեալը կ՛ըսէ «Եղբայրնե՛ր եւ քոյրեր, կ’ուզեմ որ գիտնաք՝ թէ ի՜նչ նեղութիւն կրեցինք Ասիա նահանգին մէջ: Մեր կարողութենէն ա՛յնքան վեր էր բեռը, որ գրեթէ ապրելու յոյսը կորսնցուցինք: Զգացինք որ մահուան վճիռը կախուած է մեր վրայ: Բայց ատիկա եղաւ, որպէսզի սորվինք մենք մեզի չապաւինիլ, այլ՝ Աստուծոյ, որ կը յարուցանէ մեռելները: Ա՛ն էր որ այդպիսի ահաւոր մահուընէ մը փրկեց մեզ, կը փրկէ, եւ վստահ ենք որ յառաջիկային եւս պիտի փրկէ՝ մեզի համար ձեր կատարած աղօթքներուն օգնութեամբ» (Բ Կոր 18-11)։
 
Այո՛, սիրելիներ, Յոյս կը նշանակէ ունենալ անկորնչելի բան մը երբ ոչինչ ունինք։ Յոյսը նոր սկիզբ մըն է երբ ամէն ելք ու ճար սպառած է։ Եւ յուսաշող այդ սկիզբը սկսած է ու պիտի շարունակուի։
 
Ուրախ եմ յայտնելու որ մեր հոգեւոր հովիւներու գործակցութեամբ եւ մեր ժողովուրդի սրտաբուխ նուիրատուութեամբ 324,981 տոլարի գումար հանգանակուած է ցարդ։ Այսօր փոխանցեցինք մեր վեցերորդ 50,000ի գումարը։ Առ ի յիշեցում, այս օժանդակութիւնը պիտի բաշխուի մեր ժողովուրդին Լիբանանի վերակառուցման Կեդրոնական Մարմնին հսկողութեամբ, ընդ նախագահութեամբ Լիբանանի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանի։
 
Աստուած օրհնէ եւ ուղղէ մեզ յոյսի ուխտագնացութեան մէջ։  

ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւններու վեցերորդ ցանկը, եւ այստեղ՝ ամբողջական ցանկը կարդալու համար։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԻՆՏԻԸՆ ՕՐՉԸՐՏԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 20 Սեպտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին եւ քարոզէ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս)։ Պիտի պատարագէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ 30ԱՄԵԱԿԻՆ
Հայաստանը կը պատրաստուի իր անկախութեան 29րդ տարեդարձը տօնելու, ինչ որ քիչ բան չէ՝ Խորհրդային Միութեան տնտեսական ու քաղաքական փլուզումէն ծնունդ առած երկրի մը համար։
 
Երբ Հայաստան կը շարժէր դէպի անկախութիւն, կը կրէր երկրաշարժի հարուածը, մինչ Ատրպէյճան թրքավայել կերպով իր գոյնը ցոյց կու տար՝ հայերու ջարդեր կազմակերպելով յատկապէս Սումկայթի եւ Պաքուի մէջ։
 
Այս 29 տարիներուն՝ անկախութեան ամենէն երկար միջոցը վեց դարերու ընթացքին, ժողովրդավարութիւնը, իր թերացումներով հանդերձ, հարցադրումի տակ եղած չէ Հայաստանի մէջ։ Իշխանափոխութիւնները, որոնց չեն պակսած տրամաթիք պահեր, մեծաւ մասամբ խաղաղ եւ անարիւն եղած են. վերջինը՝ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, ժողովրդային տօն մըն էր, որ լաւագոյնս ցուցադրեց Հայաստանը իր քաղաքական դերակատարներու եւ քաղաքացիներու վարուելակերպով։
 
Յետադարձ հայեացքով, կ՚անդրադառնանք, որ Ղարաբաղի ազատագրումը դիւրին բան չէր։ Եւ սակայն, Արցախը այսօր հայկական է, ինչպէս միշտ եղած է, եւ միայն հաշուետու՝ իր բնակիչներուն եւ հայ ազգին։
 
Հակառակ տակաւին փոքր տնտեսութեան մը մարտահրաւէրներուն, արտագաղթին եւ այժմ՝ պսակաձեւ ժահրին, Հայաստանը ծաղկող տնտեսութիւն մըն է, թէեւ ասիկա պէտք եղած ձեւով ցոյց չէ տրուած։ Աշխարհագրական ու աշխարհաքաղաքացիական բազմաթիւ սահմանափակումներով հանդերձ, Հայաստանի տնտեսութիւնը առողջ է։ Համախառն ներքին արտադրութիւնը (ՀՆԱ) 7,5 առ հարիւր էր 2017ին, 5,2 առ հարիւր՝ 2018ին, եւ աւելի ուժեղ ընթացք ունեցած է 2019ին՝ 7,6 առ հարիւրով։
 
Այս բոլորը գին մը ունի, զոր կը վճարեն իրենց պարտականութիւն ճամբուն վրայ ինկող հայ երիտասարդ զինուորները եւ անոնց ետին մնացող ընտանիքները։ Հայաստանի դիմագրաւած մեծագոյն աղէտը անոր անքաղաքակիրթ դրացիներն են ՝ Թուրքիան եւ վերջինիս փոքր զարմիկ Ատրպէյճանը, որոնք կը շարունակեն խայտառակուիլ օսմանեան մեծամոլութենէ եւ յարակից պատրանքներէ տառապող իրենց տիրակալներով։
 
Հայաստան պիտի յարատեւէ, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն՝ ներկայ եւ ապագայ, որովհետեւ մեր երիտասարդ երրորդ հանրապետութիւնը 29 տարեկան կը դառնայ, բայց մեր ազգը յաւերժական է։

ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հրահանգով, այս Կիրակի, 20 Սեպետմբերին, Արեւելեան թեմի եկեղեցիները յատուկ աղօթք պիտի կատարեն Հայաստանի Հանրապետութեան համար՝ անկախութեան 29ամեակին առիթով։ Հոգեհանգստեան ընթացքին, աղօթք պիտի կատարուի Արցախի անկախութեան պայքարի նոր նահատակներու հոգիներուն համար։

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄԸ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Կիրակի, 13 Սեպտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Թրոյ, Նիւ Եորք)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։
 
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին այսօր կը տօնէ Քրիստոսի Խաչի փառաւոր պանծացումը, ծանօթ՝ Խաչվերաց անունով, որ հիմնուած է պատմական դէպքի մը վրայ: 326 թուին Հեղինէ մայր թագուհին պատմական ուխտագնացութիւն մը կատարելով դէպի Երուսաղէմ, կը գտնէ Քրիստոսի խաչափայտը եւ կը պահէ հոն: 614 թուականին Պարսից զօրքը գրաւելով Երուսաղէմը, կը գերեվարէ Խաչափայտը՝ քրիստոնէական հաւատքի խորհրդանիշը, ցոյց տալու համար իրենց հաւատքի գերակայութիւնը: Հերակլ կայսր, հակայարձակողականի անցնելով, կ՚ազատագրէ Խաչը եւ Հայաստանի վրայով կը փոխադրէ Կ. Պոլիս, ուր մեծ հանդիսութեամբ Խաչը կը բարձրացուի եւ կ՚արժանանայ ժողովրդային յարգանքին: Այդ թուականէն սկսեալ, Խաչվերացի տօնը Ծնունդի, Զատկի, Այլակերպման եւ Ս. Աստուածածնի տօներու կողքին կը դառնայ հինգերորդ տաղաւարը, իսկ Խաչի նուիրուած տօներուն չորրորդը:
 
Անկախ իր նիւթական արժէքէն՝ ըլլայ փայտ, արծաթ կամ ոսկի, նաեւ անկախ այն երեւոյթներէն որ մեր կուրծքը կը կրենք կամ թափօրի ժամանակ կը բարձրացնենք, խորանի վրայ կը զետեղենք կամ գմբէթի վրայ կը հաստատենք, Խաչը յուշարար մըն է բոլոր ժամանակներու մարդկութեան հանդէպ աստուածային անհուն սիրոյն: Նաեւ մեզի կը յիշեցնէ սրբազան մեր առաքելութիւնը, ինչպէս Քրիստոս պատուիրեց. «Ան որ իր խաչը չառնէ եւ չհետեւի ինծի, արժանի չէ ինծի» (Մտ 10.38), նաեւ՝ «Ոեւէ մէկը որ կ՛ուզէ ինծի աշակերտիլ, պէտք է իր խաչը առնէ եւ հետեւի ինծի»: Քրիստոսի այս խօսքերը յստակ կերպով մեզի կը պատգամեն, որ Խաչի փորձառութիւնը մեր ինքնութեան կենսական կորիզը կը կազմէ, եւ ըստ այնմ կը յանձնարարէ լիովին յանձնուիլ Աստուծոյ կամքին, որ գիտէ մեր եւ համայն մարդկութեան գերագոյն բարիքը:
 
Սուրբ Խաչը այս բոլորին կողքին եւ այս բոլորէն վեր Աստուծոյ էութիւնը կը ճանչցնէ մեզի, ինչպէս Քրիստոսով ճանչցանք Հայր Աստուածը, համաձայն Թովմաս Առաքեալի ուղղուած այն խօսքին, թէ «եթէ զիս գիտէք, հայրս ալ պիտի գիտնաք» (Յհ 4.6). Արդարեւ, մեր Տէրը վստահեցուց մեզի, որ երբ կլանուինք Իրմով, մեր մտային ու հոգեւոր աշխարահայեացքը կ՚ընդարձակուի ու կ՚անհունանայ։ Աւելի՛ն. ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը վկայէ« կը յափշտակուինք այնպիսի բարիքներով, զորս Աստուած պատրաստած է իր սիրելիներուն համար, «եւ զորս ոչ աչքերը տեսած են, ոչ ականջները լսած,եւ ո՛չ մարդկային սիրտը յղացած է» (Ա Կոր 2.9)։ Այս ուղղութեամբ կը հաւատամ թէ Խաչը աստուածային էութեան հարազատ խորքը կը յայտնաբերէ՝ Սէրը իր տառապանքով: Այո՛, ճիշդ է որ խաչը կը յիշեցնէ մեզի Աստուծոյ սէրը, նաեւ Մարդացեալով ժառանգուած սրբազան առաքելութիւնը, բայց նաեւ կը յայտնաբերէ աստուածային տառապանքը նախահօր անկումէն ետք, եւ ինչո՞ւ չէ՝ նախքան անկումը: Արդարեւ, Աստուած ամենագէտ ըլլալով, հաստատ գիտէր որ Իր Սիրոյ արտայայտութիւնը եղող ստեղծագործութեան պիտի յաջորդէր մնայուն տառապանք մինչեւ Գողգոթա եւ նոյնիսկ խաչելութենէն անդին՝ մարդոց քարացած անհաւատութեան պատճառաւ: Այնուհանդերձ Սէրը իշխելով տառապանքին վրայ, Աստուած ըսաւ. «Թող լոյս ըլլայ»։ Եւ լոյս եղաւ ու կեանք:
 
Այո՛, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուած անհուն սէր ըլլալով, Անոր տառապանքն ալ մեր հասկացողութենէն վեր է: Վստահաբար ծնողական սէրն ու տառապանքը միայն որպէս մանրանկար, կարենայ նշոյլ մը տալ այս փորձառութեան: Երբ ցկեանս երկարող ծնողական հոգածութիւնը, հասկացողութիւնը, մտատանջութիւնը, համբերութիւնը, ներողամտութիւնը նկատի ունենանք զաւակներուն հանդէպ, եւ միւս կողմէ զաւակներուն երախտագիտութեան կողքին ապերախտութիւնը, հնազանդութեան կողքին անհնազանդութիւնն ու անտարբերութիւնը, այն ատեն գուցէ ըմբռնենք մեր երկնաւոր Հօր մորմոքը՝ մեր տգիտութեան, անտարբերութեան եւ ուրացման պատճառաւ: Բոլոր դարերու մարդկային ցեղի իւրաքանչիւր անարդարութեան, անբարոյական ու անպատասխանատու արարքին հետեւանքով Արարիչին սիրտը կը տխրի, կը մղկտայ ու կ՚արիւնի, ակնկալելով որ իր պատկերը կրող արարածները պիտի անդրադառնան իրենց սխալներուն ու զղջան: Աստուած նոյնիսկ կը ցաւի, երբ իր արարածները առանց անդրադառնալու իրենք զիրենք յաւիտենական պատիժի կը դատապարտեն
 
Ահա թէ ինչու Սուրբ Խաչի տօնակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ պատասխանատուութեան գերագոյն գիտակցութեան: Ուստի, գիտնալէ ետք որ անհուն սիրով զեղուն երկնաւոր Հայր մը ունինք, մենք եւս մեր մասնակցութիւնը բերենք Ստեղծագործութեան առաւել պայծառացման: Աստուած չ՚ակնկալեր որ տիեզերքի հոգը կրենք եւ ոչ ալ յոյն դիցաբանութեան մէջ ծանօթ՝ Ատլասի նման երկրագունդը կրենք, միակ բանը որ ան կը սպասէ՝ ըլլանք այն որ ենք որպէս Աստուծոյ զաւակները, Իր լոյսը ճառագայթելով խաւար հոգիներուն մէջ, յոյս բերելով յուսահատներու կեանքին մէջ, ուրախութիւն պատճառելով բեկանուած սրտերու: Այս բոլորը եւ դրական այլ գործեր ընելով ու առաքինի կեանք ապրելով ոչ միայն կը կրենք քրիստոնեայի սուրբ անունը, այլ նաեւ սրբազան Խաչը, որ Յիսուսի խօսքով «քաղցր եւ է եւ թեթեւ» (Մտ 11.30), բոլոր անոնց համար որոնք կը վստահին եւ կը հետեւին Իրեն:

Այս հաւատքով եւ հասկացողութեամբ ցնծութեամբ տօնենք Սուրբ Խաչի վերացման տօնը, մեր սրտերուն մէջ եւս բարձրացնելով Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ առաքինութիւնները, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑ
(ՎԱՐԱԳԱՅ ԽԱՉԻ ՊԱՀՔԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 14:3-17
 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ (10:1-12)
 
Յիսուս հոնկէ ելլելով, եկաւ Հրէաստանի սահմանները, Յորդանան գետին դիմացի կողմը, եւ դարձեալ ժողովուրդը խռնուեցաւ իր շուրջ, եւ ինք իր սովորութեան համաձայն նորէն անոնց կ’ուսուցանէր:
Փարիսեցիները Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին.
Մեր Օրէնքին համաձայն մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
Մովսէս ի՞նչ օրէնք սահմանեց ձեզի:
Անոնք պատասխանեցին.
Մովսէս մեզի արտօնութիւն տուաւ բաժանման թուղթ տալու կնոջ եւ արձակելու զայն:
Յիսուս ըսաւ անոնց.
Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց: Սակայն սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը» եւ ըսաւ անոնց. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին: Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց:
Տան մէջ աշակերտները դարձեալ նոյն նիւթին շուրջ հարցուցին Յիսուսի: Անիկա պատասխանեց.
Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ առաջինին դէմ: Կինն ալ, եթէ իր ամուսինէն արձակուելէն ետք ուրիշի մը հետ ամուսնանայ՝ կը շնայ:
 
* * *
 
Բ. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ (10:18-11:10)

Իսկապէս ընտրուածը ան չէ՛ որ ինքզինք կը գովէ, այլ ան՝ որ Տիրոջ կողմէ կը գովուի:
 
Սակայն կը յուսամ քիչ մը ներողամիտ կ’ըլլաք, եթէ անմտօրէն ես ալ պարծենամ, ըրածներս յիշեցնելով ձեզի: Իսկ դուք համբերութեամբ լսեցէք: Ես ձեզի հանդէպ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ լեցուած՝ կ’ուզեմ որ միայն Քրիստոսը սիրէք, ինչպէս մաքուր կոյս մը որ իր սէրը կը վերապահէ անոր՝ որ իր ամուսինը պիտի ըլլայ: Բայց կը վախնամ որ ձեր միտքը ապականի եւ հեռանաք Քրիստոսի հանդէպ ամբողջական եւ
մաքուր նուիրումէն, ճիշդ ինչպէս Եւան խաբուեցաւ օձին խորամանկ սուտերէն: Կը վախնամ որ նոյնքան դիւրութեամբ ընդունիք ո՛եւէ մէկը՝ որ մեր քարոզածէն տարբեր փրկիչ մը, ձեր ստացած Հոգիէն տարբեր հոգի մը, կամ ձեր ընդունած Աւետարանէն տարբեր աւետարան մը կը քարոզէ ձեզի:
 
Չեմ գիտեր թէ ես ձեր այդ նշանաւոր «առաքեալ»ներէն բանով մը ետ կը մնա՞մ: Թէպէտ ճարտար խօսող մը չեմ, բայց խօսածս գիտեմ: Եւ կարծեմ ատիկա ապացուցանեցի ձեզի ամէն ինչով: Արդեօք մե՞ղք գործեցի, որ Աստուծոյ Աւետարանը ձրիօրէն քարոզեցի ձեզի եւ ինքզինքս խոնարհեցուցի՝ ձեզ բարձրացնելու համար: Ձեւով մը միւս եկեղեցիները կողոպտած եղայ, ապրուստս անոնցմէ առնելով, որպէսզի ձեզի ծառայեմ ձրիօրէն: Ձեր քով եղած ատենս նոյնիսկ երբ կարիքի մէջ եղայ, ձեզմէ ոեւէ մէկուն բեռ չեղայ. Մակեդոնիայէն եկած եղբայրները հոգացին պէտքերս: Եւ ինչպէս անցեալին զգուշացայ, ասկէ ետք եւս ամէն կերպով պիտի զգուշանամ ձեզի բեռ ըլլալէ: Բայց Քրիստոսի ճշմարտութեամբը, որ իմ ներսիդիս է, կ’ըսեմ՝ թէ այս բաներով պիտի պարծենամ ամբողջ Աքայիայի մէջ, բոլորին պատմելով:  
ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին, Վարագայ Ս. Խաչ Պահքի Բարեկենդանն է։ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրերը պահքի օրեր են, որոնք կը կանխեն Կիրակի, 29 Սեպտեմբերի Վարագայ Ս. Խաչի տօնը։ 
ՓԵԲՐՈՆԷ, ՄԱՐԻԱՆԷ ԵՒ ՇՈՒՇԱՆ ՍՈՒՐԲ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՏՕՆԸ 
Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնէ Փեբրոնէ, Մարիանէ եւ Շուշան սուրբ կոյսերը։ Ամենէն ծանօթը Շուշանն է՝ Վարդան Մամիկոնեանի դուստրը եւ Սահակ Պարթեւի ծոռը։ Ան դաստիարակուած էր մօր՝ Սահականոյշի, եւ Ս. Սահակի շունչին տակ։ Անոր հօր կեանքն ու նահատակութիւնը ներշնչած էին զայն՝ նուիրեալ ու հաւատացեալ քրիստոնեայ մը դառնալու։ Աւազանի անունը Վարդենի էր, բայց կոչուած էր Շուշան՝ արտակարգ բարեպաշտութեան պատճառով։ Ամուսնացած էր Վրաստանի թագաւորի որդիներէն մէկուն՝ Վազգէնին հետ, եւ ունէր երեք որդի ու դուստր մը։ Աներոջ մահէն ետք, իշխանատենչ ամուսինը մեկնած էր Պարսկաստան, հրաժարած՝ քրիստոնէութենէ, եւ Վրաստան վերադարձած՝ ուրիշ կնոջ մը հետ։ Փորձեց որ Շուշանը հրաժարէր իր քրիստոնէական հաւատքէն։ Բանտարկութեան ու չարչարանքի տարիներէ ետք, ան մերժեց հրաժարիլ այն հաւատքէն, որուն համար իր հայրը քաջաբար կռուած ու զոհուած էր։
 
Փեբրոնէ արտակարգ գեղեցկութեամբ կոյս մըն էր, որ Մծբին (Միջագետք) կ՚ապրէր եւ որուն առաջարկուեցաւ հրաժարիլ իր կրօնքէն՝ հալածանքէ ու չարչարանքէ զերծ մնալու համար։ Ան մերժեց ու չարաչար նահատակուեցաւ։
 
Քրիստոնեայ կին մը թաքուն մեծցուցած էր կռապաշտներու դուստր Մարիանէն, որ տասներկու տարեկանին մկրտուելէ ետքտասնհինգ տարեկանին հօրը խոստովանած էր իր քրիստոնեայ ըլլալը։ Մերժած էր թէ՛ հրաժարիլ իր կրօնքէն եւ թէ՛ ամուսնանալ տեղական պաշտօնատարի մը հետորուն յայտնած էրթէ «ամուսնացած էր Քրիստոսի հետ»։ Այդ պատճառով ան եւս իր կեանքը աւարտած էր չարչարանքով ու նահատակութեամբ։

Այս շաբաթ նաեւ կը յիշուին՝
Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր՝ Ս. Մամաս, Փիլիկտիմոն եւ Սիմէոն Սիւնակեաց։
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐէՆ
ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 Սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ ռեհանի ու մատաղի օրհնութիւն։ Աւանդական մատաղը նուիրուած էր Մուսա Տաղի ինքնապաշտպանութեան 105ամեակին։ 
Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) տօնէն տեսարան մը

Խաչվերացը տօնուեցաւ նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ (Ռէյսին, Ուիսքանսըն)՝ ռեհանի աւանդական օրհնութեամբ։ 

Ռեհանի օրհնութիւն՝ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ (Կլենվիւ, Իլինոյ)

Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին (Ֆիլատելֆիա) մատաղօրհնէք կատարեց Խաչվերացին՝ ի յիշատակ Լիբանանի ահաւոր պայթումին, որուն զոհ գացին նաեւ 15 հայեր։ Մատաղը կը հովանաւորէին տէր եւ տիկ. Նուպար եւ Անի Մկրեան, իսկ տէր եւ տիկ. Թոնի եւ Լենա Սթրիթըր նուիրեցին ու պատրաստեցին զայն։ Մատաղօրհնութիւնը տեղի ունեցաւ բացօթեայ կերպով, որպէսզի առողջապահական սահմանափակումներու հետեւանքով մուտք գործել կրցող ծխականները կարենային մասնակիլ։ Օրհնութենէն ետք, ծխականները մատաղ ու ռեհան ստացան ձեռամբ Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի։  

Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) տօնէն տեսարան մը

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսեթս) տօնէն տեսարան մը
Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս) ծուխը հաւաքուած էր Խաչվերացի տօնին 
ՍԻԱՄԱՆԹՕ ԼՍԱՐԱՆԻ 2020-2021 ԱՌՑԱՆՑ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
Միօրեայ դպրոցներու համագործակցութեամբ։
Հանդիպումները կը սկսին 26 Սեպտեմբեր, 2020
Առաւօտեան ժամը 10:30ին։
Արձանագրութեան համար հետեւեցէք կապին՝

«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։ 
 
Այս շաբթուան նամակի հեղինակը Խաչիկն է, որ կը հովանաւորուի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս) Տիկնանց Միութեան կողմէ։  
«Բարեւ, յարգելի հովանաւոր,
Սկզբում նշեմ իմ մասին. այս տարի փոխադրուած եմ 12րդ դասարան, սովորում եմ գերազանց առաջադիմութեամբ, վերջին տարիներին հետաքրքրուած եմ մաթեմատիկայով եւ հետագայ ուսումս ամենայն հաւանականութեամբ կը շարունակեմ այդ ուղղութեամբ։ Եւ ցանկանում եմ նշել, որ կեանքիս այս ոչ հեշտ շրջանում Ձեր օգնութիւնը իր կարեւորագոյն տեղն ունի։

Մարդու մէջ ամենաաստուածայինը այն է, որ նա կարողանում է բարեգործութիւն անել։ Նրանք գնահատում են կարիքաւոր երեխաների ձգտումներն ու կարիքները եւ օգնում են ոտքի կանգնել նրանց։
Ես ի սրտէ շնորհակալութիւն եմ յայտնում Ձեզ եւ մաղթում եմ Ձեզ քաջառողջութիւն, Ձեր գործեին յաջողութիւն։ Աստուած պահապան Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքին։

Յարգանքներով՝
Խաչիկ»
Այստեղ սեղմեցէք մինչեւ 18 տարեկան որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։

Այստեղ սեղմեցէք համալսարանական ուսում ստացող որբերու առցանց հովանաւորութեան համար
 
Դուք միշտ կրնաք դիմել Ազգային Առաջնորդարանին՝ ելեկտրոնային նամակով ([email protected]) կամ հեռաձայնով (212-689-7810), «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագրին մասնակցելու համար
«ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ՇՈՒՐՋ»
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Այս ուսումնասիրութիւնը 20րդ դարու մեր գրականութեան ամենէն իւրայատուկ դէմքերէն մէկուն՝ արձակագիր եւ բանաստեղծ Կոստան Զարեանի կեանքին ու գործին նուիրուած առաջին գործն է։ Հեղինակը՝ վաւերաթուղթերու եւ մատենագիտական ընդարձակ ատաղձի մը վրայ, լուսաբանած է Զարեանի կեանքի բազմաթիւ էջեր, վերլուծելով նաեւ անոր կարգ մը գործերը եւ վեր հանելով անոր կապերը հայ եւ օտար գրագէտներու հետ։
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Ստանալու համար, դիմեցէք [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։















 
































ՄԱՐԱՋԱԽՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԲԱՂՐԱՄԵԱՆ (մահ՝ 21 Սեպտեմբեր, 1982)
Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան՝ Սարդարապատի հերոսամարտի մասնակից եւ խորհրդային բանակի հայ բարձրագոյն զինուորականներէն մէկը եղած է Բ. Աշխատրհամարտին, վճռական յաղթանակներ տանելով գերմանական բանակներուն դէմ։ Յետագային Խորհրդային Միութեան Պաշտպանութեան փոխնախարար եղած է։

Ծնած է Դեկտեմբեր 2, 1897ին, Էլիզավետպոլ (պատմական Գանձակը, այժմ՝ Գեանջա, Ատրպէյճանի մէջ), երկաթուղային բանուորի ընտանիքին մէջ։ Ուսումը ստացած է տեղւոյն երկամեայ դպրոցին մէջ, զոր աւարտած է 1912ին։ 

1915ին իբրեւ կամաւոր ընդգրկուած է Ռուսաստանի բանակի 2րդ Կովկասեան սահմանային գունդին մէջ, եւ կռուած է Կովկասի ճակատին մէջ Օսմանեան կայսրութեան դէմ։ 1918ին, հայկական բանակի կազմին մէջ մասնակցած է Սարիղամիշի եւ Կարսի տարածքին մէջ թուրքերու դէմ կռիւներուն, ինչպէս նաեւ Սարդարապատի հերոսամարտին՝ իբրեւ դասակի հրամանատար։

1925 թուականին, Բաղրամեան աւարտած է Լենինկրատի (այժմ՝ Ս. Փեթերպուրկ) հեծելազօրային դպրոցը, իսկ 1934ին՝ Ֆրունզէի անուան ռազմական ակադեմիան։ Այդ ընթացքին ծառայած է Հայաստան տեղակայուած խորհրդային զօրքերուն՝ Էջմիածնի, Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ։
1934-1936 թուականներուն ծառայած է իբրեւ Կարմիր Բանակի 5րդ հեծեալ բաժնի սպայակոյտի պետ, իսկ 1938էն սկսեալ դասախօսած է Խորհրդային Միութեան զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի ռազմական ակադեմիային մէջ։ Այդ ընթացքին, կարճ ժամանակով ձերբակալուած է ստալինեան մաքրագործումներու շրջանին։ Հրամանատարական ծառայութեան վերադարձած է 1940ին, դառնալով Կիեւի (Ուկրանիա) յատուկ ռազմական շրջանի գործողութիւններու բաժնի պետ։

Յունիս 1941ին, նացիական Գերմանիոյ Խորհրդային Միութիւն ներխուժումէն ետք, Բաղրամեան նշանակուած է սպայակոյտի պետի տեղակալ հարաւ-արեւմտեան ռազմաճակատին վրայ, որուն սպայակոյտը Կիեւ կը գտնուէր։ Մասնակցած է հրասայլային մեծ ճակատամարտերուն Ուկրանիոյ արեւմուտքը եւ Կիեւի պաշտպանութեան ճակատամարտին։ Վերջինիս հրամանատարը՝ զօր. Միխայիլ Կիրպոնոս, սպաննուեցաւ, եւ ամբողջ զօրքը գերի ինկած է գերմանացիներուն։ Բաղրամեան այն քիչ սպաներէն էր, որ կարողացած է խուսափիլ գերութենէն։ Ապա նշանակուած է մարաջախտ Սեմէոն Տիմոշենկոյի սպայակոյտի պետ եւ կռուած՝ Ռոստովի մօտ, ինչպէս նաեւ մասնակցած՝ Խարկովի հակայարձակման (1942)։ Այս ժամանակ Բաղրամեանը անյաջող հակայարձակման համար խնդիրներ ունեցած է, որոնք շուտով հարթուած են ու ան նշանակուած է 16-րդ բանակի հրամանատար, որ արդէն կը կոչուէր 11-րդ պահակային բանակ: Այս բանակի հրամանատարի պաշտօնին վրայ, ան վարած է քանի մը բացառիկ յաջողած ռազմական գործողութիւններ։ Նոյեմբեր 1943ին, Բաղրամեան զօրավար-գնդապետի կոչումով նշանակուած է առաջին Մերձպալթեան ճակատի հրամանատար եւ մասնակցած՝ 1944 թուականի խորհրդային մեծ յարձակման Պելառուսի եւ Լատուիոյ մէջ («Բագրատիոն» գործողութիւն)։ Անոր բանակները ճեղքած ու հասած են Պալթիք ծովը, շրջապատելով 30 գերմանական բաժանմունքներու Լատուիոյ մէջ։ Այս ռազմական քաջագործութեան համար, Բաղրամեան արժանացած է Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման։

Բաղրամեանի բանակը 1945ի սկիզբը մասնակցած է Արեւելեան Պրուսիոյ գրաւման եւ նոյն տարուան Մայիսին Մերձպալթեան շրջանը գտնուող գերմանական հզօր զօրախումբը պարտադրած է յանձնուիլ։

Պատերազմէն ետք, Բաղրամեան մնացած է իբրեւ Պալթեան ռազմական շրջանի հրամանատար։ 1954 թուականին նշանակուած է խորհրդային Պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր տեսուչ, իսկ 1955ին՝ փոխնախարար, ստանալով Խորհրդային Միութան մարաջախտի կոչում։ Ան նաեւ զինեալ ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի ակադեմիայի պետն էր եւ խորհրդային պահեստի ուժերու հրամանատարը։ Հանգստեան կոչուած է 1968ին։ Արժանացած է Խորհրդային Միութեան հերոսի կրկնակի տիտղոսին եւ ստացած՝ երկրի ամենաբարձր պարգեւատրումները։ Հրատարակած է իր յուշերը ռուսերէն լեզուով։

Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան մահացած է 21 Սեպտեմբեր, 1982ին։ Անոր անունով կոչուած են Երեւանի կեդրոնական փողոց մը, գետնուղիի կայարան մը, Արմաւիրի մարզի մէկ գիւղը։ 1997ին Հայաստանի Պաշտպանութիւնը հաստատած է «Մարշալ Բաղրամեան» մետալը, որով կը պարգեւատրուին աչքի ինկող հայ սպաներն ու զօրավարները։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Հոկտեմբեր 1957 Խորէն արք. Բարոյեանը ղրկեց իբրեւ հայրապետական նուիրակ նորահաստատ Միացեալ Նահանգներու թեմին։ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան 1958ին տեղապահ ընտրուեցաւ, իսկ 1961ին՝ առաջնորդ։ Պաշտօնավարած է մինչեւ 1973՝ թեմի ընդհանուր զարգացման շրջանին։

Առաջին տարիներուն, Ազգ. Առաջնորդարանը հաստատուած է գրասենեկային դրութեամբ, մինչեւ որ համայնքը կարողացած է մնայուն կեդրոնատեղի մը գնել Մանհաթընի մէջ։ Աջակիցներու յանձնախումբ մը կազմուած է, որ յանձն առած է նոր գրասենեակին կազմակերպումը՝ դրամահաւաք կատարելով անոր ծախսերը հոգալու համար։ Այս յանձնախումբը ժողովներ գումարած է կանոնաւորապէս՝ դրամահաւաքի ձեռնարկներ կազմակերպելու, գրասենեակի կահաւորման օժանդակելու եւ նոյնիսկ ժամանակ տրամադրելու գրասենեակի առօրեայ գործունէութեան։ Այս լուսանկարը, զոր կը պարտինք տիկ. Ճիւլի Իշխանեանին, արնուած է առաջին ժողովներէն մէկուն։ Ուրիշներ նաեւ իրենց բաժինը բերած են այս աշխատանքներուն։

Լուսանկարին մէջ, նստած՝ ձախէն աջ, Մարի Շէշէտեան, Մէյպըլ Մանուկեան, Հրանդ եպս. Խաչատուրեան, Խորէն արք. Բարոյեան, Ճիւլի Իշխանեան, Նուարդ Գաբրիէլեան, Արսէն Սայեան, Գրիգոր Ասատուրեան, Տ. Գուրգէն Քհն. Եարալեան, ծնրադիր՝ Հէրի Մանուկեան, Հայկ Գոհարեան, Արմէն Պապամեան, աջ ծայրը՝ Նշան Քհն. Փափազեան։ Լուսանկարիչը՝ յանձնախումբի անդամներէն Վահէ Իշխանեանն էր։ 
Եթէ մեր համայնքէն հին լուսանկարներ ունիք, հաճեցէք տրամադրել մեզի՝ Ազգ. Առաջնորդարանին դիւանապետի ուշադրութեան յանձնելով։
ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՔ

Լիբանանահայութիւնը ձեր օգնութեան պէտք ունի աւելի քան երբեք
 
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւն մը ընելու համար,
կամ
ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝


Armenian Prelacy
138 E. 39th Street
New York, NY 10016
Ձեր չէքերը գրեցէք՝ Armenian Apostolic Church of Americaին
(Memo: Lebanon Relief Fund)

ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՁԵՐ ՆԻՒԹԵՐՈՒՆ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ [email protected]։

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
26 Սեպտեմբեր — «Սիամանթօ» լսարանի 2020-2021 տարեշրջանի վերամուտ, առաւօտեան ժամը 10:30ին, առցանց։ Մեր բոլոր ծուխերէն աշակերտները կրնան մասնակցիլ։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/