19 Մարտ, 2020
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
«Առաւօտ Լուսոյ»

Կը կարդայ՝ Նայիրի Ուրլեան
(Ս. Սարգիս եկեղեցի, Տիրպորն, Միշիկըն)  

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ի հետեւումն Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի որոշումին, այսու կը յայտնենք Թեմիս բոլոր Հոգեւոր Հովիւներուն, Հոգաբարձութեանց եւ բարեպաշտ ժողովուրդին որ յաջորդ երեք Կիրակիներուն (Մարտ 22, Մարտ 29, Ապրիլ 5) մեր եկեղեցիներուն մէջ, ըստ տեղւոյն պայմաններուն, դռնփակ՝ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի կամ Առաւօտեան յատուկ Ժամերգութիւն տեղի պիտի ունենայ։ Այսուհանդերձ կը յարգենք հաւատացեալներու սրտաբուխ փափաքը՝ մոմ վառելու եկեղեցւոյ մէջ, պայմանաւ որ անոնց ներկայութիւնը պետական եւ առողջապահական հաստատութեանց սահմանափակած թիւին համապատասխան ըլլայ։ Թելադրելի է, ըստ կարելւոյն, Սուրբ Պատարագը կամ Առաւօտեան արարողութիւնը սփռել ընկերային ցանցերու միջոցաւ։

Մինչ այդ, դարձեալ ըստ կարելւոյն, Մեծ Պահոց յատուկ արարողութիւնները՝ Արեւագալ եւ Հսկում, դռնփակ կատարել։ Սուրբ Գրոց սերտողութիւնները, նաեւ յարակից բոլոր ձեռնարկները կը դադրին տեղի ունենալէ։

Վստահ ենք որ եկեղեցիներու եւ տուներու մէջ բարձրացած մեր աղօթքներն ու աղաչանքները զիրար ամբողջացնելով, լսելի պիտի ըլլան Բարեգութ Աստուծոյ կողմէ, որ փրկէ մեզ Պսակաձեւ Ժահռի առթած համաշխարհային համաճարակէն, նաեւ ամէն տեսակի երեւելի եւ աներեւոյթ փորձութիւններէ։

Արարողութեանց առընթեր, խիստ անհրաժեշտութեան պարագային կը թելադրենք Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը կատարել սահմանափակ թիւով անձերու ներկայութեան։ Նոյն հասկացողութեամբ կատարել նաեւ Թաղման Կարգը։

Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան թեմի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԿՈՉԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
Սիրելի հայորդիներ,

Ցնցուած է ողջ աշխարհը: Տագնապը, խուճապը ու անորոշութիւնը դարձած են տիրական ներկայութիւն բոլո՛ր երկրամասերէն եւ բոլո՛ր ազգերու կեանքէն ներս: Գիտնականներ, բժիշկներ, պետական թէ կրօնական պատասխանատուներ, իւրաքանչիւրը իր մարզէն ներս, կը փորձեն կասեցնել Քորոնավիրուս կոչուող ժահրին պատճառած համաճարակը: Սակայն, հակառակ տարուող հետեւողական աշխատանքներուն, փաստօրէն, համաճարակը սարսափ ու մահ կը սփռէ ամէ՛ն տեղ:

Մենք խորապէս մտահոգ ենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ եւ մօտէն կը հետեւինք Հայաստանի եւ Սփիւռքի գաղութներէն ներս ստեղծուած մթնոլորտին: Իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ահաւոր փոթորիկներէ անցած մեր ժողովուրդը դարձեալ կը գտնուի նոր փորձանքի մը դիմաց: Հարկ է ըլլալ իրապաշտ, խոհեմ եւ զգոյշ: Հարկ է անհատական եւ հաւաքական ճիգով ու պատասխանատու մօտեցումով դիմագրաւել այս վտանգալից տագնապը:

Արդ, հայրական կոչ կ'ուղղենք մեր սիրելի զաւակներուն.-
1) Իւրաքանչիւր հայ, ընտանիք կամ համայնք, իւրաքանչիւրը իր անմիջական ծիրէն ներս, բարձրագոյն աստիճանի լրջութեամբ, զգուշաւորութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պէտք է մօտենայ համայն մարդկութիւնը ու նաեւ մեր ժողովուրդը յուզող ներկայ կացութեան:

2) Տեղական թէ միջազգային լրատուական ցանցերը մնայուն կերպով լայն տեղեկութիւններ կը փոխանցեն համաճարակին մասին ու մանաւանդ անհրաժեշտ լուսաբանութիւն եւ ցուցմունք կու տան՝ զայն յաղթահարելու գործնական կարելիութիւններուն ու միջոցներուն գծով: Անհրաժեշտ է մօտէն հետեւիլ տրուած մասնագիտական բացատրութիւններուն եւ առաւելագոյն չափով գործադրել զանոնք մեր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքին մէջ:

3) Բժիշկներուն կողմէ կատարուած զգուշաւորութեան կոչին մէջ հիմնականը՝ հեռու մնալ է ֆիզիքական ու ընկերային շփումներէ, յարաբերութիւններէ եւ հաւաքներէ: Մեր անձին, ընտանիքին, համայնքին, ազգին եւ բոլորին առողջութեան համար անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութեամբ նկատի ունենալ այս պարագան: Բոլոր մասնագէտներու համոզումով, յիշեալ գործնական միջոցներով միայն կարելի է կասեցնել ներկայ համաճարակին տարածումը:

Սակայն, աղօ՛թքը պէտք է դառնայ մղիչ ուժը մեր կեանքին, մեր մտածումներուն ու գործերուն: Հաւատքով շաղախուած աղօթքն է, որ մեզի հոգեկան քաջութիւն կու տայ դիմագրաւելու կեանքի բոլոր չարերն ու չարիքները: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ՝ « Ինչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրանքը պիտի տրուի ձեզի » (Մր 11.24): Սիրելի հայորդիներ, « Միշտ աղօթեցէ՛ք, որ արժանի ըլլաք այս պատահելիքներէն ազատելու », Աստուծոյ որդւոյն խոստումին համաձայն:

Հետեւաբար, եկէ՛ք դառնանք Քրիստոսին ու Սաղմոսին աղօթասաց բառերով ըսենք.- դո՛ւն ես իմ յոյսը, Տէր, ... ինձմէ հեռու մի մնար, փութա՛, ինծի օգնութեան հասիր (71. 5,12): Այս հաւատքով ու յոյսով, եկէք միա՛սնաբար աղօթենք մեր եկեղեցւոյ աղօթքին պարզ, սակայն խորունկ բառերով.-

«Ո՜վ Տէր, մեր Աստուածը, քու ժողովուրդէդ փարատէ՛ ցաւերը եւ բժշկէ՛ հիւանդութիւնները. կատարեալ առողջութիւն շնորհէ բոլորին՝ քու ամենայաղթ Խաչիդ նշանով, որով մարդոց տկարութիւնները քու վրադ առիր եւ դատապարտեցիր կեանքի ու փրկութեան թշնամին: Դո՛ւն ես մեր կեանքն ու փրկութիւնը, բարերա՜ր եւ բազումողորմ Աստուած. միայն դո՛ւն կրնաս մեր մեղքերը ներել եւ ցաւերն ու հիւանդութիւնները վանել մեզմէ, որովհետեւ քեզի ծանօթ են մեր կարիքները: Ո՜վ բարիքներու Պարգեւիչ, իւրաքանչիւրին կարիքներուն համաձայն՝ քու առատ ողորմութի՛ւնդ պարգեւէ արարածներուդ, որոնք միշտ կը փառաւորեն ու կ'օրհնաբանեն քեզ ամենասո՜ւրբ Երրորդութիւն, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»:


ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
15 Մարտ, 2020

ԱՂՕԹՔ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ 
Ո՜վ ամենակարող, բազումողորմ ու մարդասէր Աստուած, սա պահուն քեզի ապաւինող զաւակներդ կ'օրհնենք ու կը փառաւորենք քու սուրբ անունդ եւ կը գովերքենք քու փառքդ ո՛վ սիրոյ ու բարութեան անսպառ աղբիւր եւ երկնապարգեւ շնորհներու ու օրհնութիւններու երկնային գանձարան:

Լսէ՛ մեր աղօթքը ու աղաչանքը, ո՜վ Տէր: Ցաւի ու նեղութեանց ալիքները շրջապատած են մեր ժողովուրդի զաւակները ամէ՛ն տեղ: Ահաւոր դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու դիմաց կը գտնուինք՝ տնտեսական, բարոյական, ընկերային եւ մանաւանդ՝ պսակաձեւ ( Քորոնա ) ժահրի հիւանդութեան համաճարակին արագ տարածումը սկսած է աւեր գործել ամէ՛ն տեղ:

Ո՜վ Տէր, Դո՛ւն, որ արդար ես ու բարեգութ, սիրող ու խնամող հայր, եւ չես լքեր անոնք՝ որոնք քեզի կը դիմեն հաւատքով ու յոյսով, կ'աղաչենք ո՜վ Բժշկապետ, քու բժշկարար օրհնութիւնդ սփռէ ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներուն վրայ: Երկնային ցնծութեամբ լեցուր մեր խռովեալ հոգիները: Երկնային լոյսովդ լուսաւորէ մեր կեանքի ամպամած երկինքը:
Տէ՛ր Յիսուս, դո՛ւն ես մեր լոյսն ու փրկութիւնը, որմէ՞ պիտի վախնանք: Դո՛ւն ես մեր կեանքն ու ապաւէնը, որմէ՞ պիտի դողանք: Կարկառէ՛ քու սուրբ ձեռքդ եւ մենք պիտի վերականգնինք: Հպի՛ր քու սուրբ աջովդ եւ մենք պիտի ապաքինինք՝ ինչպէս բժշկութիւն գտան եւ վերստին կեանքի կոչուեցան հաւատքով քեզի մօտեցողները:

Ո՜վ Տէր, դո՛ւն ես մեր օգնականը ու պաշտպանը, քեզմո՛վ միայն կ'ուրախանան մեր սրտերը, քեզմով միայն կը լուսաւորուին մեր կեանքի ճամբաները, քեզմով միայն կը փարատին մեր ցաւերը ու կը բժշկուին մեր վէրքերը: Քու թեւերուդ հովանիին տակ պահէ ու պահպանէ քու զաւակներդ:
Ո՜վ ամենակարող Աստուած, քու հրաշագործ զօրութեամբ բժշկէ՛ եւ վերականգնէ՛ համայն մարդկութիւնը եւ մեր ազգի զաւակները՝ ի Հայաստան, յԱրցախ, Լիբանան եւ Սփիւռս աշխարհի: Թող քու բժշկարար ներկայութեամբ մարդկային կեանքէն հեռանան ցաւ ու տառապանք, չար ու չարիք: Փառք ու գոհութիւն Ամենասուրբ Երրորդութեանդ, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄՒՋԻՆՔԻ ՈՒԺԸ ԱՅՍ ՓՈՐՁԱՆԱՒՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
Սիրելի Հաւատացեալներ

Հայց Առաք Ս Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, այս օրը ծանօթ է Միջինք անունով, որ կը ցուցանշէ միջնակէտը մեր հոգեւոր ուխտագնացութեան՝ տօնախմբելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը։ Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, մեծ Պահոց ամբողջ շրջանին Հայ եկեղեցիներու խորանի վարագոյրը կը մնայ փակ, Սուրբ Հաղորդութիւն չի մատակարարուիր եւ խաղաղութեան համբոյր չի փոխանցուիր։

Խորհրդանշական կերպով այս ամէնքը մեզի կը յիշեցնեն մարդկութեան զրկումը երանական կեանքէն, որ վիճակուած էր իրեն նախքան անկումը։ Այսուհանդերձ, Վարագոյրը շուտով պիտի բացուի, վերյիշեցնելով մեզի Բարեգութ Աստուծոյ անհուն սէրն ու գորովանքը, եւ մենք պիտի տօնախմբենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կենարար Յարութիւնը, որ ըսաւ «Ես եմ ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը»։

Կեանքի առնչուող Տէրունական այս հաստատումը որեւէ ժամանակէ աւելի հրամայական է այսօր՝ մեր սերունդին համար։ Բոլոր անոնք որոնք ծանօթ են Պատմութեան, գիտեն հետեւեալ ասացուածքը՝ «Աննիբալը դրան մօտ է», որ կը նշանակէ՝ վտանգը մեր դուռը կը թակէ։ Ընթացիկ տարւոյս Յունուար ամիսէն սկսեալ համաշխարհային բնոյթ ստացած corona virus – պսակաձեւ ժահր ի ստեղծած համաճարակը ո՛չ միայն մեր դուռը կը թակէ, այլ թափանցած է հինգ ցամաքամասերու վրայ ապրող մարդկային ընկերութեան բոլոր խաւերէն ներս, անդամալուծելով կեանքի բնականոն ընթացքը։ Պետութիւններ եւ առողջապահական հաստատութիւններ ահազանգ հնչեցուցած են, եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ կանխարգելիչ միջողառումներ կը պատգամեն հասարակութեան, կասեցնելու համար աննախընթաց Ժահրին անարգել տարածումը՝ որոնելով անոր դարմանը։

Որպէս հաւատացեալներ մեր պարտականութիւնն է խստիւ հետեւիլ պետական եւ առողջապահական հաստատութեանց ցուցմունքներուն։ Նաեւ՝ ներոյժ ստանալ մեր Երկնաւոր Հօրմէն՝ աղբիւրը կեանքի, բժշկութեան եւ բոլոր բարիքներու։ Առ հասարակ Շաբաթապահքերը, եւ մանաւանդ Մեծ Պահքը կանոնադրուած է Եկեղեցւոյ Հայրերուն կողմէ, որպէսզի խոնարհաբար վերատեսնենք մեր տկարութիւնները՝ այսպէս կոչուած մարդկային մեր մեղքերը, ինքնաքննութեամբ ու աղօթքով, որպէսզի նորոգուինք մեր Տիրոջ շնորհքով Սուրբ Խաչին վրայ մեզի պարգեւուած նորոգութեամբ։

Նման աղէտներ մեր հաւատքի փորձարկում են։ Այսպիսի պարագաներու որպէս մարդ արարած ենթակայ ենք կասկածի, վախի, տագնապի, իրարանցումի, եւն ։ Այնուամենայնիւ կը հաւատանք թէ բոլոր անոնք որոնք խարսխուած են Աստուծմով, պիտի գտնեն Նախախնամութեան օգնութիւնն ու զօրութիւնը՝ յաղթահարելու համար մեր բնութեան տկարութեանց։

Ուստի, համաշխարհային համաճարակի այս փոթորկոտ ժամանակաշրջանին աչալուրջ կերպով ըլլա՛նք զգոյշ եւ խոհեմ, բայց մանաւանդ զոհ չդառնանք գերիրարանցումի։ Ի խորոց սրտի աղօթենք բոլոր անոնց համար որոնք արդէն իսկ վարակուած են այս ժահրէն։ Աղօթենք նաեւ որ շուտափոյթ դարմանը գտնուի անոր։

Կը հաւատանք որ Ամենակարող Աստուած որ Պօղոս Առաքեալի ձեռքով զարմանազան հրաշքներ գործեց, ինչպէս կը կարդանք Գործք Առաքելոցի 19րդ գլխուն մէջ, նմանապէս լսելով մեր պաղատանքներուն, գիտնականներու միջոցաւ պիտի գործէ ու բաշխէ բժշկութիւն եւ յոյս համայն մարդկութեան, փառաւորելու համար իր Սուրբ անունը Ամէն։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Առաջնորդ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Կիրակի, Մարտ 15ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս այցելեց Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին եւ մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագի եւ Արեւագալի ժամերգութեան եւ քարոզեց։

Անդրադառնալով մահասփիւռ պսակաձեւ ժահրի ստեղծած համաշխարհային ահաւոր թոհուբոհին եւ պետական շրջանակներու ու առողջապահական հաստատութեանց բացառիկ զգուշութեան կոչերուն, Սրբազան Հայրը արձագանգեց հրամայական բնոյթի այդ պատգամներուն։ Միաժամանակ, ան աւելցուց որ Եկեղեցին որքան որ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ ֆիզիքական մեր առողջութեան, որովհետեւ Պօղոս Առաքեալի բառերով անիկա տաճարը կը հանդիսանայ Հոգիին (Ա. Կորնթ. 6:19), միաժամանակ կը շեշտէ զգուշութիւն՝ հոգեկան առողջութեան հանդէպ, որ աշխարհը կ՚անտեսէ դժբախտաբար։

Սրբազան Հայրը կատարեց երկու մէջբերումներ, առաջինը՝ Գիշերային ժամերգութենէն, ուր « զգուշութեամբ եւ անարատ կեանք ապրելու» պատգամը կը տրուի Աղօթքի ընթացքին, եւ երկրորդ՝ Սուրբ Պատարագի «Ողջոյն»էն անմիջապէս ետք Սարկաւագը կը հրաւիրէ որ զգուշութեամբ հաւատացեալներ իրենց մտքի ու հոգիի դռները առ Աստուած ընծայեն, որպէսզի վայելեն հաւատքի գերագոյն բարիքները։

Եւ վերջապէս, Սրբազան Հայրը փակեց իր մտածումները Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Աշխարհ ամենայն» գողտրիկ հոգեւոր բանաստեղծութիւն-երգէն հատուածով մը, ուր կ՚ըսուի՝ «Մեռեալ եմ հոգւով / Մոլորեալ մարմնով / Միայն կամ մարմնով»։ Ան ցոյց տուաւ թէ ինչպէս մեր Հայրերը մանրադիտակային նախանձախնդրութեամբ զգոյշ էին հոգիի առողջութեան, որ գրաւականն է մտքի եւ մարմնի առողջութեան։ Ուստի, քաջալերելով ներկայ հաւատացեալները, մաղթեց բոլորին հաւատքով զօրանալ եւ զգուշութեամբ դիմագրաւել ներկայ տագնապը, միշտ ապաւինելով Բարեգութ Աստուծոյ։  

Ի ՅԻՇԱՏԱԿ
ՏԻՐԱՅՐ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ (1937-2020)
Սրտի դառն կսկիծով իմացանք Կիլիկեան Միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Տիրայր արք. Փանոսեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Մարտ 18ի երեկոյեան։

Հանգուցեալ Սրբազան Հօր վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Ուրբաթ, Մարտ 20ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։ Ապա, մարմինը պիտի ամփոփուի Մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ։

Տիրայր արք. Փանոսեան (աւազանի անունով՝ Փանոս) ծնած է Հալէպ (Սուրիա), 1937-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կրթասիրաց ազգ. վարժարանին մէջ, եւ 1961ին ընդունուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը։ 1963ին ձեռնադրուած է սարկաւագ եւ 1965-ին՝ աբեղայ, վերակոչուելով Տ. Տիրայր։ 1967ին ստացած է վարդապետական աստիճան, որպէս աւարտաճառ ներկայացնելով «Համառօտ պատմութիւն հայ-լատինական յարաբերութեանց սկիզբէն մինչեւ 1382 թուական», որ հրատարակուած է 1973ին։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Անգլիոյ մէջ, 1968-70ին, ստանալով Leader of Christian Education վկայագիրը։ 1995ին ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան, 1997ին՝ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում, իսկ 2010ին՝ արքութեան տիտղոս։

1965-72ին վարած է Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի լուսարարապետի պաշտօնը, իսկ 1972-79ին եղած է Ատրպատականի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ։

Ուսուցչական պաշտօններ վարած է Դպրեվանքի եւ զանազան վարժարաններու մէջ։ 1966-72ին վարած է Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէնի պաշտօնը եւ հինգ տարի հրատարակած՝ «Դրազարկ» տարեգիրքը։ Մայրավանքին մէջ, այլ պաշտօններու կողքին մատենադարանապետ եղած է (1984-97, 2005-2019)։ 1999-2000ին «Թռչնոց Բոյն»ի տեսչութիւնը վարած է։

Յաւիտենական խաղաղութիւն հանգուցեալի հոգւոյն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՄԱՐՏ
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ Ե. ԿԻՐԱԿԻ – ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻ
 
ԹՈՒՂԹ ՓԻԼԻՊՑԻՆԵՐՈՒՆ 3:1-4:9
 
Հետեւաբար, եղբայրնե՛րս, Տիրոջմով ուրախացէք: Նոյն բաները գրելը ինծի համար ձանձրոյթ չէ, բայց ձեզ ճշմարտութեան մէջ կը հաստատէ:
Զգուշացէք այն մարդոցմէ, այն շուներէն, որոնք չարիք կը սերմանեն՝ ստիպելով որ թլփատուիք: Իսկական թլփատուածները մե՛նք ենք, որովհետեւ Աստուծոյ Հոգիով լեցուած պաշտամունք կը կատարենք եւ միայն Քրիստոս Յիսուսի միացած ըլլալով կը պարծենանք, եւ ո՛չ թէ Օրէնքին գործադրութեամբ կամ Աբրահամի մարմնաւոր զաւակը ըլլալով: Եթէ ատոնք բաւարար ըլլային փրկուելու համար, ինծի ոչինչ պիտի պակսէր. եւ եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ թէ մարմնական այդ կապին կրնայ վստահիլ, ես աւելիով կրնամ, քանի ութօրեայ թլփատուած Իսրայէլացի մըն եմ, Բենիամինի ցեղէն, զտարիւն Եբրայեցի եւ օրինապահ Փարիսեցի: Ա՛յնքան նախանձախնդիր էի, որ Քրիստոսի եկեղեցին կը հալածէի. եւ արդար էի այնքան՝ որքան Օրէնքին անթերի գործադրութիւնը կրնար տալ: Սակայն այս բոլորը, որ ժամանակ մը առաւելութիւն կը սեպէի, հիմա վնաս կը համարեմ՝ Քրիստոսի սիրոյն համար: Եւ իրաւ, ամէն ինչ վնաս կը համարեմ՝ համեմատած այն գերազանց շահին հետ, որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալն է: Այդ գիտութիւնը ունենալու համար՝ ամէն ինչ թողուցի, ոչնչութիւն սեպելով, որպէսզի Քրիստոսը շահիմ, եւ կատարելապէս անոր միանամ: Այնպէս որ, իմ արդարութիւնս այլեւս Օրէնքի գործադրութենէն չի՛ գար, այլ՝ Քրիստոսի հանդէպ ունեցած հաւատքէս, եւ այդ արդարութիւնը Աստուծմէ եկած արդարութիւնն է, հիմնուած՝ հաւատքի վրայ: Հիմա միակ փափաքս է՝ ճանչնալ Քրիստոսը, անոր յարութեան զօրութիւնը, եւ անոր չարչարանքներուն մասնակից դառնալ՝ անոր մահուան օրինակը իմ վրաս առնելով, որպէսզի ես ալ արժանի ըլլամ մեռելներէն յարութիւն առնելու:
 
Չեմ ըսեր թէ արդէն յաջողած եւ կատարելութեան հասած եմ, բայց հասնելու կը ձգտիմ, որովհետեւ ճիշդ ատոր համար Քրիստոս Յիսուս զիս պահեց: Եղբայրնե՛ր, ինքզինքս դեռ կատարելութեան հասած չեմ համարեր. բայց կ’աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ, եւ ուշադիր կերպով կը վազեմ դէպի նպատակակէտը, իբրեւ մրցանակ ստանալու համար յաւիտենական կեանքը, որուն կը հրաւիրէ մեզ Աստուած, Քրիստոս Յիսուսով:

Արդ, մենք որ կատարեալ ենք՝ նոյն ձեւով խորհինք: Իսկ եթէ դուք որոշ կէտերու շուրջ տարբեր կը խորհիք, Աստուած ինք ձեզ պիտի լուսաբանէ: Ամէն պարագայի, միասնաբար քալենք այն կանոններով, որոնցմով ընթացանք մինչեւ հիմա:

Եղբայրնե՛ր, ինծի՛ նմանեցէք, եւ հետեւեցէք անոնց՝ որոնք ձեզի տուած մեր օրինակով կ’ընթանան: Որովհետեւ, ինչպէս յաճախ կ’ըսէի եւ հիմա եւս լալով կ’ըսեմ, մեր մէջ կան շատեր՝ որոնց կեանքը թշնամանք է Քրիստոսի խաչին: Անոնց վերջը կորուստ է, որովհետեւ իրենց աստուածը իրենց փորն է: Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին: Մենք, սակայն, երկինքի քաղաքացիներ ենք եւ հոնկէ՛ կը սպասենք որ գայ մեր Փրկիչը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ իր զօրութեամբը, որով կրնայ ամէն ինչ իր իշխանութեան ենթարկել:
 
Ուստի, սիրելի՛ եւ կարօտալի եղբայրներ, դուք՝ որ իմ ուրախութիւնս էք եւ պսակս, այսպէս ամրօրէն Տիրոջ միացած մնացէք, սիրելինե՛ր:

Եւոդիային ու Սինտիքին կ’աղաչեմ, եւ կը թելադրեմ՝ որ իրարու հետ հաշտուին, քանի Տիրոջ միացած են: Դո՛ւն ալ, ո՜վ հաւատարիմ լծակիցս, կը խնդրեմ որ օգնես այս երկու կիներուն, որովհետեւ ինծի հետ պայքարեցան Աւետարանին տարածման համար, Կղեմէսի եւ միւս գործակիցներուս հետ միասին, որոնց անունները Կեանքի գիրքին մէջ արձանագրուած են:

Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ’ըսեմ՝ ուրախ եղէք: Բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէք: Շուտով Տէրը կու գայ: Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհաբանութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են:
Ի վերջոյ, եղբայրնե՛ր, խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի: Եւ գործքո՛վ կատարեցէք այն՝ ինչ որ ինձմէ սորվեցաք եւ ընդունեցիք, ինձմէ լսեցիք եւ իմ վրաս տեսաք. եւ Աստուած, որ խաղաղութիւն կու տայ, ձեզի հետ պիտի ըլլայ:
 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 17:20-18:14
 
Փարիսեցիներ Յիսուսի հարցուցին, թէ ե՛րբ պիտի գայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Անիկա պատասխանեց.

Աստուծոյ թագաւորութիւնը արտաքնապէս տեսանելի նշաներով պիտի չգայ. կամ պիտի չըսեն թէ «Ահա հոս է կամ՝ հոն», որովհետեւ ահա Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր մէջ կը գտնուի:

Ապա իր աշակերտներուն ըսաւ.

Ժամանակ պիտի գայ, երբ դուք պիտի ցանկաք Մարդու Որդիին այս օրերէն մէկը տեսնել, բայց պիտի չտեսնէք: Եւ եթէ ձեզի ըսեն՝ «Ահա հոս է կամ հոն», մտիկ մի՛ ընէք, մի՛ հետեւիք անոնց: Որովհետեւ՝ ինչպէս կայծակը փայլատակելով կը լուսաւորէ երկնակամարին մէկ կողմէն մինչեւ միւսը, նոյնպէս պիտի ըլլայ Մարդու Որդին իր գալստեան օրը: Սակայն նախ պէտք է որ անիկա շատ չարչարանքներ կրէ եւ մերժուի այս սերունդէն: Եւ ինչպէս որ Նոյի ժամանակ Աստուծոյ պատիժը յանկարծակի վրայ հասաւ, նոյնպէս պիտի պատահի Մարդու Որդիին օրերուն ալ: Անոնք ալ կ’ուտէին, կը խմէին, այր կամ կին կ’առնէին, մինչեւ այն օրը, երբ Նոյ տապան մտաւ, եւ ջրհեղեղը եկաւ բնաջնջեց զանոնք: Կամ ինչպէս Ղովտի օրերուն պատահեցաւ. կ’ուտէին, կը խմէին, կը գնէին, կը ծախէին, կը տնկէին ու կը շինէին. բայց այն օրը որ Ղովտ Սոդոմը ձգեց, երկինքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բնաջնջեց բոլորը: Նոյնը պիտի պատահի այն օրը, երբ Մարդու Որդին յայտնուի:

Այդ օրը, ան որ տանիք ելած է՝ վար իջնելէ ետք թող տուն չմտնէ՝ հոն գտնուող իր գոյքերը առնելու համար: Նոյնպէս, ան որ դաշտին մէջ է՝ թող տուն չվերադառնայ ունեցածները առնելու համար: Յիշեցէ՛ք Ղովտի կնոջ պարագան: Ով որ կը ջանայ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն: Կ’ըսեմ ձեզի, այդ գիշեր եթէ մէկ անկողինի մէջ երկու հոգի ըլլան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ երկու կին միասին ցորեն կ’աղան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ արտին մէջ երկու հոգի ըլլան, անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի:

Աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.

Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի պատահի ատիկա:

Անիկա պատասխանեց.

Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ:
 
Յիսուս առակ մը պատմեց իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու: Եւ ըսաւ.

Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ’ամչնար: Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մըն ալ կար, որ անոր կը դիմէր եւ կը խնդրէր, ըսելով «Իրաւունքս պաշտպանէ հակառակորդէս»: Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ»:

Ապա Տէրը շարունակեց.

Լսեցէք թէ ի՛նչ կ’ըսէ անիրաւ դատաւորը: Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան. պիտի չպաշտպանէ՞ զանոնք, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը դիմեն: Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի՝ որ անոնց իրաւունքը անմիջապէս պիտի պաշտպանէ: Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ:
 
Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են, եւ ուրիշները կ’արհամարհէին:

Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր: Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ’աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ: Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»: Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ’ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»:

Կ’ըսեմ ձեզի,- եզրակացուց Յիսուս,- մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ:
 
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 65:8-25
ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻՆ
Արդէն Մեծ Պահքի կէսը անցած ենք (Չորեքշաբթի, 18 Մարտ Միջինք էր)։ Այս Կիրակի, 22 Մարտ, Դատաւորի Կիրակի է։ Օրուան ընթերցումը Յիսուսի առակն է այրիի մը եւ դատաւորի մը մասին (տե՛ս վերը)։ Առակին դատաւորը յամառ եւ անսկզբունք կը նկատուի, ու կը գործէ առանց երկիւղի Աստուծմէ կամ կարեկցելու մարդոց։ Միեւնոյն քաղաքը ապրող այրի մը վատ վերաբերմունքի արժանացած է եւ դատաւորին ներկայացած՝ արդարութեան պահանջով։ Թէեւ անոր դատը արդար է, սակայն դատաւորը կարեւորութիւն չի տար։ Սակայն, ան կը յարատեւէ եւ կրկին ու կրկին միեւնոյն դիմումը կը կատարէ, մինչեւ որ դատաւորը կ՚որոշէ արդարութիւն տնօրինել, բայց ո՛չ թէ արդարութեան սիրոյն, այլ՝ այրիէն ձերբազատելու նպատակով։ Առակը կը պատգամէ, որ պէտք է յարատեւենք իրաւունքի ու արդարութեան մեր հետապնդումին մէջ այն վստահութեամբ, որ յարատեւութիւնը, յատկապէս՝ աղօթքի պարագային, իր հատուցումը կը ստանայ։ 

ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ
Շաբաթ, 21 Մարտին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Սեբաստիոյ քառասուն նահատակ երիտասարդ զինուորներուն տօնը կը նշէ, որոնք «մանուկ» կը կոչուին ( մանուկ  բառը գրաբարով թէ՛ «երիտասարդ» եւ թէ՛ «զինուոր» կը նշանակէ)։ Թէեւ անոնց ինքնութիւնը ծանօթ չէ, կը կարծուի, որ Փոքր Հայքի բնիկ էին եւ ծառայած են հռոմէական բանակին մէջ։
 
Ըստ Ս. Բարսեղ Կեսարացիի, զինուորները, որոնք 320 թուականին Սեբաստիոյ հռոմէական կայազօրին մաս կը կազմէին, մերժած են պաշտել հռոմէացի կայսրը։ Անոնք հաւատարիմ մնացած են իրենց քրիստոնէական հաւատքին, որուն համար դատի ենթարկուած են եւ դատապարտուած՝ քարկոծուելու։  Երբ  դատավճիռը կը գործադրուէր, քարերը՝ փոխանակ դատապարտեալները հարուածելու, հրաշքով ետ ցատկած ու քար նետողները զարկած են։ Այնուհետեւ, զինուորները նետուած են սառած լիճի մը մէջ, ուր պիտի մնային մինչեւ որ իրենց հաւատքը ուրանային։ Քառասունէն միայն մէկ հոգի ետդարձ կատարած է եւ դուրս եկած՝ լիճէն։ Մինչ այդ, քառասուն լուսապսակներ երկինքէն կ՚իջնեն, իսկ ատիկա տեսնող պահակներէն մէկը իսկոյն ինքզինք քրիստոնեայ հռչակած եւ ուրացողին տեղը առած է։ Քառասուն զինուորները ի վերջոյ մահացած են։
 
Եկեղեցւոյ մեծ հայրերէն մէկ քանին, ինչպէս Բարսեղ Կեսարացի, Գրիգոր Նիւսացի, Եփրեմ Ասորի եւ Սիսիանոս Սեբաստացի, ներբողեաններ գրած են քառասուն նահատակներուն մասին, որոնք իւրաքանչիւր տարի Մեծ Պահքին կը յիշուին՝ Միջինքի յաջորդ Շաբաթ օրը։ Բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ աշխարհի մէջ «Քառասուն Մանկանց» անունը կը կրեն։  

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳՐԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Պսակաձեւ ժահրի հետ կապուած հանրային առողջապահութեան յանձնարարութիւններուն հետեւելով, Չորեքշաբթի, Մարտ 18ին, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան հովանաւորած Մեծ Պահքի յայտագիրը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։

Արդարեւ, Հսկումի արարողութեան, տիկ. Լուիզ Քանեանի դասախօսութեան եւ ընթրիքի փոխարէն, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան արք. Դանիէլեան Միջինքի առնչուած խորհրդածութիւն մը կատարեց (բնագիրն ու տեսերիզը տե՛ս վերը)։  

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑ Է
«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրի կազմակերպումը արդէն ընթացքի մէջ է։ Կրօնական դաստիարակութեան այս եզակի ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութիւնն է։ Տեղի պիտի ունենայ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ, 28 Յունիսէն մինչեւ 5 Յուլիս։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ ։   

ԱՅՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Այս շաբթուան խորհրդածութեան մէջ, Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Ստեփան քհն. Պալճեան կ՚անդրադառնայ այս Կիրակի օրուան՝ Դատաւորի Կիրակիի Սուրբ Գիրքի ընթերցումին։ 
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։

Այս շաբթուան նամակը գրած է Նարինէն, զոր կը հովանաւորեն Տ. Նարեկ քհն. Թրթռեան եւ երէցկին Անի Թրթռեան։ 

«Ողջոյն, սիրելի հովանաւոր։ Ես Նարինէն եմ։
 
Ապրում եմ Դրախտիկ գիւղում, սովորում եմ 7րդ դասարանում։ Ճիշտն ասած, ես այդքան լաւ չեմ սովորում դպրոցում։ Մեր դասարանի միակ աղջիկն եմ, երեւի դա է պատճառը որ շատ չարաճճի եմ եւ այդքան էլ չեմ սիրում սովորել։ 
 
Չեմ սովորում, բայց սիրում եմ ուլունքներով զարդեր պատրաստել։ Տանը օգնում եմ մայրիկիս տան գործերը անելուն։ Ես շատ եմ սիրում երեխաների հետ խաղալ, դրա համար ազատ ժամանակ խաղում եմ մեր հարեւանի երեխաների հետ, դրանով ես օգնում եմ մեր հարեւաններին։
 
Ես շատ շնորհակալ եմ Ձեզ՝ մեզ 50 դոլար ուղարկելու համար։ Քանի որ հայրիկս ժամանակից շուտ լքեց մեզ եւ մայրիկս մեծ դժուարութեամբ է հասցնում մեր հոգսերը հոգալ, մենք այդ գումարով սննդամթերք կը գնենք եւ ինձ համար տաք հագուստ, որի կարիքը ես շատ ունէի։ Ես շատ շնորհակալ եմ Ձեզ այս օգնութեան համար»։
 
ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.

ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։

բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։  

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել,  սեղմեցէք այստեղ  արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, անչափահաս թէ չափահաս որբերու հովանաւորութեան համար, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org )  կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։    
ՄԵՐ ԴՊՐՈՅՆԵՐԷՆ
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԸՆԹՐԻՔ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, Մարտ 11ին, Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Հայ Օգնութեան Միութեան «Անի» եւ «Արաքս» մասնաճիւղերը Մեծ Պահքի ընթրիք մը կազմակերպեցին՝ ձուկի մատուցումով, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որուն եկամուտը տրամադրուած է «Մուրատ» ազգ. վարժարանին։ Ընթրիքէն ետք, Հսկումի արարողութեան ընթացքին, դպրոցի աշակերտները կարդացին Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Հաւատով խոստովանիմ»ի աղօթքները գրաբարով։ Արարողութեան ընթացքին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ նախկին հոգեւոր հովիւ՝ Կոմիտաս Ա. քհն. Պաղսարեան, Մեծ Պահքի նուիրուած խորհրդածութիւն մը կատարեց։ 
«ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՂՄՆ ԱՇԽԱՐՀԻ. ՀԱՅԵՐԸ ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 1950»
Վարդան Մատթէոսեան

Հայախօս ընթերցողին համար, Լատին Ամերիկայի հայութեան անցեալն ու ներկան թանձր մշուշով ծածկուած են։ Անոր կրնան յայտնի ըլլալ քանի մը փաստեր, մէկ-երկու հայազգի նշանաւոր անձեր, մամուլի անուններ, այս կամ այն հաստատութեան կամ միութեան տեղական մասնաճիւղ մը, եւ այլն։ Այս հատորը շրջանի հայութեան առաջին պատմական համապարփակ ուսումնասիրութեան փորձն է, որ նաեւ կը պարունակէ յաւելուածական երկու գլուխ՝ ներկայ վիճակին մասին։ 
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք books@armenianprelacy.org   հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
ՀԱՐՐԻ ՊԱՊԱՍԻՆ (ծնունդ՝ 19 Մարտ, 1921)
Հարրի Պապասին կը պատկանի հայազգի մարդոց այն փաղանգին, որ անուն հանած է ոչ-հայկական շրջապատին մէջ՝ կեղծանունով կամ այլափոխուած մականուններով։ Կարեւոր ներկայութիւն մը եղած է ամերիկեան ճազի աշխարհին մէջ՝ իբրեւ ստեղծագործ ու նորարար պաս կիթառ նուագող։
 
Երուանդ Հարրի Պապասին (Պապասեան) ծնած է Մարտ 19, 1921ին, Տալասի մէջ (Թեքսաս)։ Հայրը ատամնաբոյժ էր, իսկ ամերիկացի մայրը՝ դպրոցի երաժշտութեան ուսուցչուհի։ Յաճախած է Նորթ Թեքսաս նահանգային համալսարանը, դառնալով այդ համալսարանի բազմաթիւ ճազ նուագող երաժիշտներէն մէկը։ Անոնց շարքին էին Ճիմի Ճուֆրէ եւ Հերպ Էլիս, որոնց հետ նուագած է 1940ական թուականներու սկիզբին։
 
1942ին, Պապասին մաս կազմած է Չարլի Ֆիսքի նուագախումբին ու լքած համալսարանը՝ շրջապտոյտի մեկնելու համար։ 1940ական թուականներուն, այլ ծանօթ երաժիշտներու հետ ալ շրջապտոյտներ կատարած է։ 1945ին, հաստատուած է Լոս Անճելըս՝ աշխատելով Չարլի Պառնէթի հետ, եւ միացած է Պենի Կուտմընի նուագախումբին, որուն հետ ձայնագրած է բազմաթիւ ձայնապնակներ։ 1947ին, առաջինը եղած է, որ թաւջութակով ճազի մենանուագներ ձայնագրած է։
 
1948ին, երեւցած է Հաուըրտ Հօքսի «Երգ մը ծնած է» ժապաւէնին մէջ, որուն գլխաւոր դերակատարը համբաւաւոր դերասան Տանի Քէյն էր։ Ճազի բազմաթիւ աստղեր դեր ունեցած են, ներառեալ՝ Պենի Կուտմըն, Չարլի Պառնէթ, Լուիս Արմսթրոնկ, Լայոնէլ Համփթըն եւ ուրիշներ։ Նկարահանման ընթացքին, ծանօթացած է պրազիլացի կիթառահար Լաուրինտօ Ալմէյտային, որուն հետ կազմած է քառեակ մը (միւս անդամներն էին թմբկահար Ռոյ Հարթ եւ սաքսոֆոնահար Պըտ Շէնք), որ պրազիլական երաժշտութիւնն ու ամերիկեան ճազը համախառնելու վաղագոյն փորձը կատարած է։ Անոր ձայնապնակները՝ 1954ին, կանխած են  պոսա նովա  պրազիլական երաժշտութեան ծաւալումը 1950ականներու վերջերուն եւ 1960ականներու սկիզբներուն։ 1950ականներու կէսերուն, երաժիշտը իր սեփական խումբը ստեղծած է՝ “Harry Babasin & the Jazzpickers”, դառնալով իր սերունդի հազուագիւտ պաս կիթառ նուագողներէն, որ նաեւ նուագախումբի ղեկավար էր։ Այս խումբը երեք ձայնապնակ հրատարակած է։ Պապասին նաեւ համահիմնադիրներէն եղած է բարձր գնահատանքի արժանացած «Նոքթըրն» ձայնապնակի հրատարակչատան, որ կարճատեւ կեանք ունեցած է։
 
1960ական թուականներուն, Պապասինի գործունէութիւնը դանդաղած է։ Ան վերստին աշխատած է Չարլի Պառնէթի հետ, աջակցելով նշանաւոր կատակերգակ Պոպ Հոփին, որ ամերիկեան զօրքերուն առջեւ ելոյթ կ՚ունենար։ 1970ական թուականներուն, Պապասին ու Ռոյ Հարթ հիմնած են Los Angeles Theaseumը՝ ԱՄՆի արեւելեան ափի ճազի պատմութեան արխիւ մը։
 
Պապասինի երաժշտական վերջին շրջապտոյտը տեղի ունեցած է 1985ին՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Ճոն Պանիսթըրի, որ “The Bear” («Արջը») անունով մկրտած էր զայն՝ տպաւորիչ կերպարանքին եւ պաս կիթառ նուագելու ուժգին ձեւին համար։ Մահացած է Լոս Անճելըսի մէջ, Մայիս 21, 1988ին, մասնակցած ըլլալով թերեւս 1.500 ձայնագրութիւններու՝ իբրեւ պաս կիթառահար, առանց հաշուելու թաւջութակով աշխատանքը։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (   www.armenianprelacy.org          
ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ԲԱՌԵՐ
Այս եւ յառաջիկայ օրերուն, coronavirusը տիրական նիւթն է հանրային եւ մասնաւոր խօսակցութիւններու՝ այստեղ եւ այլուր։ Կ՚արժէ յիշեցնել զրոյցներու մէջ յաճախ օգտագործուող քանի մը բառերու հայերէն համարժէքը:

Pandemic - Յունական ծագումով այս բառը, որ համատարած հիւանդութիւն մը կը նշէ, անգլերէնի մէջ մտած է 19րդ դարուն, բայց հայերէն համարժէքը նորաբանութիւն մըն է փաստօրէն։ Մինչ յունարէն արմատը կը նշանակէ «բոլորին վերաբերող», հայերէն բառը՝ համավարակ, բառացի թարգմանութիւն չէ։ Կը նշանակէ «բոլորի վարակ» (virus)։ 
 
Epidemic Նոյնպէս յունական ծագումով այս բառը («ժողովուրդի մէջ») իր հայերէն համարժէքը ունի համաճարակ ձեւով, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «ամէն բան ուտող, փճացնող»։

Virus  –  Լատիներէն բառը կը նշանակէ «թոյն»։ Հայերէն օգտագործուող երկու բառերը  ժահր   եւ  վարակ  են։ Առաջինը կը նշանակէ թէ՛ թոյն եւ թէ՛ virus։ «Վարակ» կը գործածուի ամէն տեսակ մանրէներու համար, որոնք մեր առողջութեան կրնան վնասել եւ «վարակել» բային արմատն է։   

Ի դէպ, “coronavirus” բառը հայերէն թարգմանութիւններու երկար շարքի մը տեղի տուած է արդէն՝ պսակաձեւ ժահր, թագաժահր, թագավարակ, եւ այլն։ Պէտք է տեսնել, թէ հետագային ո՞ր մէկը պիտի պարտադրէ ինքզինք։   
 
Vaccine Հայերէն բառի՝ պատուաստ ի նախնական իմաստը «տունկերու միացում» է։ Մարմնի մը օտար բան մը ներառնելու գործողութիւնը ծագում տուած է «պատուաստ»ի երկրորդ իմաստին։
 
Diagnose Յունարէն ծագումով այս բառը կը նշանակէ «որոշում», բայց եթէ հիւանդութեան մը նշաններէն կ՚ուզենք ճշդել անոր գոյութիւնը, աւելի լաւ է հայերէն բառին դիմել, որ կը համադրէ հիւանդութիւն եւ որոշում։ Բառը ստեղծողը, փոխանակ «հիւանդութիւն»ի դիմելու, անոր մէկ հոմանիշը օգտագործած է՝ ախտ, եւ երկու բառերուն համադրումը եղած է ախտորոշում ։ 

Symptom Նոյնպէս յունական ծագումով այս բառը կը նշանակէ «պատահար, արկած, հիւանդութիւն»։ Սակայն, քանի որ անոր արդիական օգտագործումը «հիւանդութեան մը նշան» է, հայերէն բառը ճիշդ ատիկա կը ցոլացնէ՝ ախտանիշ ( ախտանշան ձեւն ալ ընդունելի է)։

Ամէն բանէ վեր, սակայն, յիշատակութեան արժանի կարեւորագոյն բառը  առողջութիւն ն   է, ինչ որ կը մաղթենք մեր իւրաքանչիւր ընթերցողին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (   www.armenianprelacy.org   )
ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ
Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, որ “Crossroads”ի խմբագրութեան հասցէին ( crossroads@armenianprelacy.org ) թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը, այսուհետեւ,  Երեքշաբթի երեկոյեան է։

Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները։
ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՕCP լրատուական կայքէջին մէջ լոյս տեսած նոր յօդուածով՝ «Աւանդութիւնը կարեւո՞ր է. Եկեղեցւոյ սովորութիւններու եւ կանոններու մասին», Տ. Պետրոս քհն. Շիթիլեան կը խորհրդածէ, թէ արդեօք կարելի՞ է հոգեւոր կեանք վարել առանց կանոններու եւ սովորութիւններու։ Յօդուածը կրնաք կարդալ այստեղ ։ 
ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ
Ազգ. Առաջնորդարանը կը բաժնեկցի պսակաձեւ ժահրի (coronavirus) կամ COVID-19ի համաճարակի նկատմամբ տիրող մտահոգութիւնը Արեւելեան թեմի բոլոր ծուխերուն հետ։ Խորհուրդ կու տանք բոլորին, որ տեղական իշխանութիւններուն դիմէք կանխարգիլման ցուցմունքներու համար, եւ հետեւիք եկեղեցական արարողութիւններու եւ ընկերային ձեռնարկներու վերաբերեալ բոլոր կիրարկելի խորհուրդներուն։ Արագօրէն զարգացող իրավիճակին կը հետեւինք եւ տեղեկատուութիւնը պիտի թարմացնենք՝ ըստ անհրաժեշտութեան։   
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
25 Ապրիլ – Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, Քընեթիքըթի House of Chamberի-ի մէջ, State Capitol, Connecticut, ժամը 11։00ին։ Գլխաւոր բանախօս՝ դոկտ․ Արմէն Տէր Կիւրեղեան, պատուոյ նախագահ՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA), որ պիտի խօսի «Ուսումը որպէս անկիւնաքար՝ հայ երիտասարդութեան դիմացկունութիւնը կառուցելու եւ Հայաստանը զարգացնելու համար»։

13-16 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 
 
17 Մայիս —Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)։ Հանդիպում՝ պատմաբան ու գրագէտ Ռուբինա Փիրումեանի հետ։

31 Մայիս —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։

28 Յունիս—5 Յուլիս —Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագրի 34րդ տարեշրջանը՝ 13էն 18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence Centerին մէջ (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ կամ կապ հաստատել գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Գազանճեանին հետ, հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով arec@armenianprelacy.org հասցէին։  

26-27 Սեպտեմբեր —  Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։

17 Հոկտեմբեր Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ “Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ”ու կողմէ։ Կը մասնակցին՝ Սթիւ Ոսպիկեան Jr., Մալ Պարսամեան, Ճան Պէրպէրեան, Արա Տինքճեան եւ Ճէյսըն Նարոյեան։ DoubleTree պանդոկ, Անտովըր, Մասաչուսեթս։ Այցելեցէք ArmenianFriendsofAmerica.org կամ հեռաձայնեցէք Շաքէին՝ 978-808-0598 թիւին։

15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/