2 Ապրիլ, 2020
ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԴԵՂԱԳԻՐԸ՝ ԱՂՕԹՔ, ԽՈՀԵՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
ՀԵՏԵՒԵՑԷՔ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ՝ ԱՌՑԱՆՑ
Ամէն Կիրակի առաւօտ, ժամը 11:00ին, կրնաք Ս. Պատարագի արարողութեան հետեւիլ Ազգ. Առաջնորհարանի կայքէջէն ( www.armenianprelacy.org ) կամ Դիմատետրի էջէն (Armenian Prelacy of the Eastern United States)։  

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Կիրակի, Ապրիլ 5ը Ծաղկազարդ է։ Կը տօնենք Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ Աւագ Շաբթուան սկիզբը։ Եկեղեցին ցնծութեան մէջ է՝ քառասուն օրուան ապաշխարութենէ ետք։ Քրիստոս Երուսաղէմ կու գայ Տիրոջ անունով՝ մարգարէութիւնը գործադրելու համար (Զաքարիա 9: 9-16)։
 
«Ցնծա՛, Երուսաղէմ, եւ զարդարեա զառագաստ քո, Սիոն, քանզի՝ ահա թագաւոր քո Քրիստոս նստեալ ’ի յաւանակի նորոյ՝ հեզութիւն ցուցանելով գայ մտանէ յառագաստ քո։ Եւ մեք աղաղակեմք, ո՛վսաննա օրհնեալ եկեալ ’ի յանուն Տեառն, որ ունի զմեծ ողորմութիւն» (Ծաղկազարդի Ժամամուտ)։  

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ Է
Արեւելեան թեմի Ազգային Վարչութիւնը յանձնառու է իր կանոնաւոր աշխատանքը շարունակելու, որքան որ պայմանները կը թոյլատրեն։ Ան գումարեց իր հերթական նիստը Ուրբաթ, Մարտ 27ին, տեսաժողովի (videoconference) միջոցով։

 Վարչութիւնը որոշած է՝ ըստ թեմի կանոնագրութեան 87րդ յօդուածի տրամադրութիւներուն, յետաձգել յառաջիկայ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի գումարումը, որ տեղի պիտի ունենար Մայիս 13-16, 2020ին, Ֆիլատելֆիայի (Փենսիլվէնիա) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Միացեալ Նահանգները ներկայիս անդամալուծող պսակաձեւ ժահրի (coronavirus) համավարակի լոյսին տակ։

Ազգային Վարչութիւնը հետագային մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի հաղորդէ՝ 2020ի Երեսփոխանական Ժողովը այս տարի աւելի ուշ գումարելու մասին։

ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ. ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻՆ
Դատաւոր մը կը մերժէ խեղճ այրիի մը խնդրանքները։ Սակայն, այրին կը յաջողի յարատեւութեամբ եւ վճռակամ հաւատքով։ Ղուկասի Աւետարանին մէջ (18:1-8) ներկայացուած առածին ամբողջական իմաստին ծանօթանանք։ Դատաւորի Կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, կը խորհրդածէ միշտ յարատեւելու կարեւորութեան մասին, քանի որ Աստուած միշտ կը լսէ մեր աղօթքները։ Կարդացէք այստեղ ։

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԿԵԱՆՔԸ ԻԲՐԵՒ ՕՐԻՆԱԿ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ
Ըստ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, Մեծ Պահքի վեցերորդ Կիրակին ծանօթ է Գալստեան Կիրակի անունով։ Այս շաբաթավերջը կրկնակի հոգեկան կարեւորութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ անցեալ Շաբաթ օր տօնախմբեցինք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապ։ Գալստեան Կիրակիի քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կ՚ողջունէ մեր մեծ սուրբ օրինակը՝ անսասան հաւատքով դիմագրաւելու բոլոր փորձութիւնները։ Կարդացէք այստեղ ։  

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԷՆ
Երէկ մեր ընթերցողները առիթը ունեցած էին դիտելու Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի պատգամը, որ նկարահանուած էր անցեալ Կիրակի, յաւարտ Ս. Պատարագի, եւ սփռուած՝ Հայաստանի «Շանթ» հեռատեսիլի կայանէն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կ՚անդրադառնար համավարակի յարուցած դժուարութիւններուն եւ խուճապի չմատնուելու ու մեր հաւատքը յոյսի աղբիւր դարձնելու կարեւորութեան։ 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, 

Բոլոր անոնք որոնք ծանօթ են պատմութեան, գիտեն հետեւեալ խօսքը. «Աննիբալը դրան մօտ է»։ Այլ խօսքով՝ վտանգը մօտեցած է։ 

Աւելի քան երեք ամիսներ, պսակաձեւ ժահրը (coronavirus) ո՛չ միայն կը թակէ մեր դռները, այլ ներթափանցած է հինգ ցամաքամասերուն ապրող մարդկային ցեղի բոլոր տարրերուն եւ կը սպառնայ անոնց գոյութիւնը։ Ներկայիս, Նիւ Եորքի նահանգը, մանաւանդ քաղաքը, 40.000է աւելի պարագաներ արձանագրած է։ Ուրախ եմ յայտնելու որ գէթ ինծի ծանօթ միայն երեք հայեր վարակուած են այս ժահրէն, որոնցմէ մին արդէն իսկ գտած է իր առողջութիւնը եւ կը վերադառնայ իր կեանքին որպէս բժիշկ՝ փրկելու համար ուրիշներու կեանքը։ 

Անորոշութեան, տագնապի, մտալլկումի այս ժամանակաշրջանին, ահաւասիկ այս առաւօտ եկած ենք Սուրբ Սարգիս եկեղեցի եւ, Սուրբ Պատարագը մատուցանելէ ետք, սրտի խօսքս կ՚ուղղեմ 5.000 տարիներ աւելի Հայկ Նահապետի ազատութեան եւ մարտունակութեան ոգիով զրահուած եւ 2.000 տարիէ աւելի Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով խարսխուած մեր ժողովուրդին բոլոր զաւակներուն ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ 
 
Սիրելիներ, մարդ արարածը՝ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած է եւ գերագոյն գանձերով, բարիքներով օժտուած՝ բանականութեամբ եւ հաւատքով։

Առաջին հերթին, հետեւելով պետական, առողջապահական շրջանակներու բոլոր ցուցմունքներուն, գործածելով մեր գիտակցութիւնը, ամենայն բծախնդրութեամբ հետեւինք մեզի տրուած ցուցմունքներուն։ 

Երկրորդ՝ որքան վտանգաւոր է եւ մահասփիւռ պսակաձեւ ժահրը, նոյնքան եւ աւելի մահացու է վախի ժահրը, որ կրնայ անդամալուծել մեր ողջ մտային, հոգեկան, ֆիզիքական աշխարհը։ Հետեւաբար՝ «այո՛» կ՚ըսեմ, հարիւր առ հարիւր, զգուշութեան, խոհեմութեան, բայց բացարձակապէս «ո՛չ»՝ վախի եւ իրարանցումի։ 

Գալով աստուածապարգեւ երկրորդ գանձին՝ հաւատքին, իսկապէս որ հաւատքը ո՛չ միայն հոգեկան աշխարհի, այլ նաեւ ֆիզիքական, անձնական, ընտանեկան, հաւաքական կեանքի մէջ գերագոյն աղբիւրն է յոյսի, առողջութեան եւ ստեղծագործութեան։ Այս շաբաթ, Հայաստանեայց Եկեղեցին տօնախմբեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապի տօնը։ Մեծ սուրբը Խոր Վիրապի մէջ դատապարտուած էր մահուան, եւ սակայն, առ Աստուած իր հաւատքովը, համբերութեամբը եւ աղօքթովը յաղթահարեց դատավճիռը։ Նմանապէս՝ մենք եւս, որ կղզիացած ենք մեր տուներուն մէջ, առանց գանգատելու, գիտակցաբար, հաւատքով, աղօթե՛նք Աստուծոյ, որպէսզի, ինչպէս սուրբին, նաեւ բոլոր անոնց որոնք Իրմէ կը յուսան, երբեք անօգ չի ձգէ։ 

Սիրելիներ, երբեք եւ երբեք մի՛ ըսէք. «Աստուած մոռցած է, Աստուած մեզ լքած է»։ Այնպէս ինչպէս զաւակները կրնան լքել, ապերախտ գտնուիլ, ուրանալ իրենց ծնողները, բայց մօր մը, հօր մը սիրտը մինչեւ իր կեանքին վերջը միշտ իր զաւակներուն համար է որ կը տրոփէ։ Նմանապէս, Աստուծոյ անհուն սէրը մեզի համար կը տրոփէ եւ կ՚ըսէ. «Դարձէ՛ք ինծի, եւ ես պիտի դառնամ ձեզի»։ 

Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ եւ այս հաւատքով, միասնաբար աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի ինչպէս մեր ժողովուրդը եւ համայն մարդկութիւնը որ ստեղծած է Իր աչքի բիբի նման եւ զանոնք կը պահէ Իր նախախնամութեամբ, շարունակէ իր առատաբեր օգնութիւնը մեր վրայ հոսեցնել, որպէսզի մենք կարենանք մահուան մէջէն դուրս գալ եւ անգամ մը եւս ողջունել եւ փառաւորել Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ 

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 5 ԱՊՐԻԼ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Երգ Երգոց 1:1-2:3
Զաքարիա 9:9-15

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԱՒԵՏՄԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
Երգ. 1:1-11, Առակաց 11:30-12:4, Եսայի 52-7:10, Զաքարիա 2:10-13, Մաղաքիա 3:1-2, Կորնթացիներուն 6:16-7:11, Ղուկաս 1:26-38


ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 4: 4-7

Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ’ըսեմ՝ ուրախ եղէք: Բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէք: Շուտով Տէրը կու գայ: Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհաբանութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են:


ՄԱՏԹԷՈՍ 20:29-21:17

Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները Երիքովէն դուրս կ’ելլէին, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ իրեն: Ճամբու եզերքին նստած երկու կոյրեր, երբ լսեցին որ Յիսուս կ’անցնի, սկսան աղաղակել.
Ողորմէ՛ մեզի, Յիսո՜ւս, Դաւիթի՛ Որդի:
Ժողովուրդը սաստեց զանոնք որ լռեն, բայց անոնք աւելի բարձր ձայնով շարունակեցին աղաղակել.
Ողորմէ՛ մեզի, Տէ՜ր, Դաւիթի՛ Որդի:
Յիսուս կանգ առաւ, իր մօտ կանչեց կոյրերը եւ հարցուց.
Ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ ձեզի:
Անոնք պատասխանեցին.
Տէ՛ր, թող մեր աչքերը բացուին:
Յիսուս գթաց եւ անոնց աչքերուն դպաւ: Կոյրերը անմիջապէս սկսան տեսնել եւ հետեւեցան Յիսուսի:

Երբ Երուսաղէմի մօտեցան եւ հասան Բեթփագէ, Ձիթենեաց լեռան կողին, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց՝ անոնց պատուիրելով.
Գացէք սա դիմացի գիւղը եւ անմիջապէս հոն կապուած էշ մը պիտի գտնէք իր աւանակին հետ. քակեցէք եւ ինծի բերէք: Եւ եթէ մէկը առարկէ, ըսէք. «Տէրը պէտք ունի», եւ անմիջապէս թոյլ պիտի տայ ձեզի:

Ասիկա պատահեցաւ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը ըսած էր մարգարէին բերնով.-«Երուսաղէմի ըսէք.-
Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ.
անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ»:

Աշակերտները գացին եւ կատարեցին ինչ որ Յիսուս պատուիրեց իրենց: Բերին էշն ու աւանակը եւ իրենց վերարկուները անոնց վրայ դրին: Ապա Յիսուս նստաւ աւանակին վրայ: Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ: Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ’երթար կամ կը հետեւէր իրեն, կ’աղաղակէր.-
«Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին,
օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով:
Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին»:

Երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ:
Ո՞վ է ասիկա,- կը հարցնէին քաղաքի բնակիչները:
Եւ ամբոխը կը պատասխանէր.
Ասիկա Յիսուս մարգարէն է, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն:

Ապա Յիսուս տաճար մտաւ եւ դուրս վռնտեց բոլոր անոնք, որոնք տաճարի շրջափակին մէջ առուծախ կ’ընէին. լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնեվաճառներուն աթոռները շրջեց եւ ըսաւ անոնց.
Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի», մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք:

Տաճարին մէջ Յիսուսի մօտեցան կոյրեր ու կաղեր, եւ անիկա բժշկեց զանոնք: Երբ աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները տեսան Յիսուսի կատարած հրաշքները եւ լսեցին աղաղակը մանուկներուն, որոնք տաճարին մէջ կը գոչէին. «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին», բարկացան եւ Յիսուսի ըսին.
Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք:
Յիսուս պատասխանեց.
Այո՛, չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքին սա խօսքը, թէ «Մանուկներու եւ կաթնկեր երեխաներու բերնով գովեստ հիւսեցիր»:

Ապա Յիսուս զանոնք ձգելով քաղաքէն դուրս ելաւ՝ դէպի Բեթանիա, եւ հոն գիշերեց:
ՂԱԶԱՐՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթ, Ապրիլ 4ին, կը նշենք Ղազարոսի յարութիւնը, որ նկարագրուած է Յովհաննէսի Աւետարանի 11րդ գլուխին մէջ։ Ղազարոսն ու իր քոյրերը՝ Մարիամ եւ Մարթա, Յիսուսի լաւ բարեկամներն էին։ Ամէն անգամ, որ Երուսաղէմ այցելէր, Յիսուս անոնց տունը կը մնար՝ Բեթանիայի մէջ, Երուսաղէմի մօտերը։ Ղազարոսի յանկարծական մահը խոր սուգի մատնեց անոր քոյրերը։ Յիսուս ալ լացաւ իր բարեկամին համար։ Յովհաննէսի Աւետարանը կը շեշտէ, որ Ղազարոս մահացած էր ու անոր մարմինը՝ արդէն գերեզման դրուած։ Յիսուսի կողմէ Ղազարոսի յարութիւնը բազմաթիւ մարդիկ համոզեց անոր աստուածային կարողութեան մասին, ինչ որ մղեց իշխանութիւնները, ըստ Յովհաննէսի, քայլերու ձեռնարկելու՝ զայն լռեցնելու համար։
 
Ղազարոս կը ներկայացնէ մարդկութիւնը, իսկ Բեթանիա՝ ամբողջ աշխարհը։ Այս օրուան գլխաւոր նիւթերն են՝ Քրիստոսի գալիք յաղթանակը մահուան վրայ, սիրոյ գերագոյն զոհողութիւնը եւ յարութիւնը՝ իբրեւ սիրոյ գերագոյն յաղթանակը։

Մեծ Պահքի քառասուն օրերը իրենց աւարտին կը հասնին՝ Ղազարոսի յարութեան յիշատակութեան նախորդ օրուան՝ Ուրբաթ երեկոյեան ժամերգութեամբ։ Աւագ Շաբթուան ծոմի նոր շրջան մը կը սկսի Երկուշաբթի օր ու կը շարունակուի մինչեւ Աւագ Շաբաթ։
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԱՒԵՏՄԱՆ ՏՕՆ
Երեքշաբթի, 7 Ապրիլին, Ս. Աստուածածնի Աւետման տօնն է, որ կը կատարուի Ս. Ծնունդէն ինը ամիս առաջ։ Այս տօնակատարութիւնը կը նշէ Քրիստոսի ապագայ ծնունդի աւետումը` Կոյս Մարիամին, ինչպէս արձանագրուած է Ղուկասի Աւետարանին մէջ.

«Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես: Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի: Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը՝ Դաւիթի գահը, եւ անիկա Յակոբի սերունդներուն վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ: Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ» (Ղուկաս 1:31-33):
 
«Խորհուրդն անճառ ծածկեալ յազգաց եւ յաւիտեանց, յայտնեցաւ իջմամբ հրեշտակապետին այսօր առ կոյսն մարիամ. զոր առ տէր ունիմք բարեխօս վասն անձանց մերոց»։

(Ազգերէն եւ յաւիտեաններէն ծածկուած անճառ խորհուրդը, այսօր հրեշտակապետին Կոյս Մարիամին մօտ իջնելով յայտնուեցաւ, որ մեզի համար Տիրոջ մօտ բարեխօս ունինք)։
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ «Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» 34ՐԴ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԻՆ
«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» կրօնական դաստիարակութեան ամառնային ծրագրի կազմակերպումը ընթացքի մէջ է։ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ նախաձեռնուած ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ, 28 Յունիսէն մինչեւ 5 Յուլիս։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել  այստեղ ։ 
1993էն ի վեր, որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Շաբաթական ձեւով այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։

Այս օրուան նամակը գրած է Մարին, որուն հովանաւորն է Մարալ Թաշճեանը։  
«Բարեւ, իմ սիրելի սփիւռքահայ բարեկամ,
 
Վերջին նամակը գրելուց յետոյ շատ բան է փոխուել իմ կեանքում։ Այժմ, ուզում եմ Ձեզ պատմել ամենակարեւոր իրադարձութիւնների մասին։

Դասերիս առաջին կիսամեակը աւարտեցի շատ լաւ առաջադիմութեամբ։ Յետոյ սկսուեց բոլորիս կողմից շատ սիրուած ձմեռային արձակուրդը։

Շատ հետաքրքիր արձակուրդ ունեցայ։ Արտերկրից Կապան էին եկել մեր բարեկամները, որոնց հետ դիմաւորեցինք Նոր Տարին։ Այս տարի եղանակը այդքան ձմեռային չէր, քանի որ Նոր Տարին դիմաւորեցինք տաք ու գարնանային տրամադրութեամբ։ Բոլորս սպասում էինք, որ ձիւն կը տեղայ, բայց եղանակը մեզ յուսախաբ արեց։
 
Սիրելի բարեկամ, անցած նամակումս նշել էի, որ եղբայրս ընդունուել է իր նախընտրած համալսարանը։ Այժմ նա ծառայում է Զինուած Ուժերում։ Երկու տարի ծառայելուց յետոյ նորից կը շարունակի ուսումը, մի քանի օր առաջ նրան տեսակցելու էինք գնացել։ Գնացել էինք, որպէսզի մասնակցենք նրա երդման արարողութեանը։ Նրա բանակում ծառայելը մեծ հպարտութիւն է մեր ամբողջ ընտանիքի համար։  
 
Ձմեռային արձակուրդները վաղուց վերջացել են։ Կիսամեակը սկսել եմ լաւ տրամադրութեամբ եւ նոր գիտելիքներ ստանալու յոյսով։ Դասերիս հետ միաժամանակ, յաճախում եմ անգլերենի պարապմունքների։ Կարծում եմ՝ օտար լեզուներ իմանալը մեծ հնարաւորութիւն է էլ աւելի մեծ յաջողութիւնների հասնելու համար։  
 
Սիրելի բարերար, մայրիկս ինձ ասաց, որ իմ սփիւռքահայ բարեկամը նուէր է ուղարկել՝ գումարի տեսքով։ Ասաց, որ 25 դոլար էք ուղարկել, որի համար շատ շնորհակալ եմ։
 
Ահա եւ վերջ, իմ շատ սիրելի բարեկամ։ Յոյսով եմ՝ միւս նամակս աւելի հետաքրքիր կը լինի։
 
Յարգանքներով՝ Մարի»
ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.

ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։

բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։    

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել,  սեղմեցէք այստեղ  արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, անչափահաս թէ չափահաս որբերու հովանաւորութեան համար, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( [email protected] )   կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։      
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Անդրանիկ Ա. քհն. Պալճեան, Ուոթըրթաունի ոստիկանութեան նուիրեց վինիլի եւ պաշտպանական ռետինէ ձեռնոցներ՝ ոստիկաններու եւ հրշէջներու ապահովութեան համար։ 
«ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԴԷՄՔԵՐ. ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ (ԻՐ ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԸ)»

ԱՐՇԱԿ ԱԼՊՕՅԱՃԵԱՆ 
Այս գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած էր 1919ին, Մեծ Եղեռնի մեծագոյն զոհերէն մէկուն՝ գրագէտ ու իրաւաբան Գրիգոր Զօհրապի մահէն չորս տարի ետք։ Բանասէր Արշակ Ալպօյաճեանի (1879-1962) հեղինակած այս հատորը առաջին անգամ վերատպուած է 2018ին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Գէորգ Մելիտինեցի» Գրական Մրցանակի մատենաշարով։ «Նորավէպի իշխան»ին նուիրուած այս առաջին հատորը ամփոփ անդրադարձ մը կը պարունակէ անոր հրապարակագրութեան , գրական հայեացքներուն եւ, ընդհանրապէս, կեանքին ու գործունէութեան, որուն համար հեղինակը մեծապէս օգտուած է ժամանակի մամուլէն, յաճախ մեջբերելով ընդարձակ քաղուածքներ կամ ամբողջ բնագիրը։ 
Այս գիրքերը տրամադրելի են  Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք [email protected]   հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

 ԼԱՒԻՆԻԱ ԲԱԺԲԷՈՒԿ-ՄԵԼԻՔԵԱՆ (ծնունդ՝ Ապրիլ 3, 1922)
Թիֆլիսեցի նշանաւոր նկարիչ Ալեքսանդր Բաժբէուկ-Մելիքեանի (1891-1966) երեք զաւակները՝ Լաւինիա, Զուլէյկա (1939) եւ Վազգէն (1941-2004), հօր հետեւած են՝ դառնալով նկարիչներ։ Հայրը իր առաջին աղջիկը կոչած է Լաւինիա՝ իտալացի նշանավոր նկարիչ Տիցիանի աղջկան անունով։

Լաւինիա Բաժբէուկ-Մելիքեան ծնած է Թիֆլիս, Ապրիլ 3, 1922ին: Երեւան փոխադրուած է 1935ին։ 1941-1944ին ուսանած է Երեւանի Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանին մէջ, իսկ 1951ին աւարտած է Մոսկուայի Սուրիկովի անուան գեղարուեստի հիմնարկը։

1962ին Երեւանի մէջ մասնակցած է «Հինգ»ի ցուցահանդէսին՝ Մինաս Աւետիսեանի, Ալեքսանդր Գրիգորեանի, Արփենիկ Ղափանցեանի եւ Հենրիկ Սիրաւեանի հետ։ 1967ին արժանացած է Հայաստանի վաստակավոր նկարիչի եւ 1983ին` ժողովրդական նկարիչի կոչումներուն։ 1988ին Ռուսաստանի գեղարուեստի ակադեմիայի թղթակից անդամ ընտրուած է, իսկ 2002ին՝ լիիրաւ անդամ։ 1997ին Ռուսաստանի վաստակաւոր արուեստի գործիչի կոչումին արժանացած է։

Իր ժամանակակիցները հոգեբանական ճշմարտացի նրբերանգներով մարմնաւորած է։ Յատկապէս նշանաւոր եղած են Լ. Բաժբէուկ-Մելիքեանի դիմանկարները՝ «Ինքնանկար Ս. Ժիլինսկայայի հետ» (1965), «Ռեժիսոր Մարատ Վարժապետեանը» (1973), «Ինքնանկար» (1979, նկարուած՝վերը), «Զուլէյկայի դիմանկարը» (1987), «Արշակ» (2003)։ Անոնց կողքին ստեղծած է բնանկարներ` «Ժայռեր» (1976), իրանկարներ` «Նատիւրմորտ արձանիկով» (1965), «Նատիւրմորտ» (1972), «Նատիւրմորտ Վեներայի դիմակով» (2000) եւ խորհրդանշական պատկերներ` «Հրեշտակ» (1998), որոնք բնորոշ են գոյներու եւ նրբերանգներու կենսունակութեամբ։ Գործերը կը գտնուին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին, արդի արուեստի թանգարանին եւ այլ հաւաքածոներու մէջ։

Օգոստոս 2003ին նկարիչի երեւանեան բնակարանէն գողցուած են հօր՝ Ալ. Բաժբէուկ-Մելիքեանի 21 կարեւոր գործերը։ Թէեւ գողերը դատուած ու դատապարտուած են, սակայն գողութեան մանրամասնութիւնները չեն բացայայտուած, ինչպէս եւ նկարներուն ճակատագիրը, որոնց մասին մամուլի մէջ կատարուած են իրերամերժ յայտարարութիւններ ու հրապարակումներ։ Գողութեան հետեւանքով կրած ծանր ապրումներուն եւ իրավիճակէն բխած անկարողութեան պատճառով, Լաւինիա Բաժբէուկ-Մելիքեան հիւանդացած եւ 83 տարեկանին մահացած է Նոյեմբեր 8, 2005ին, Երեւանի մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՄԱՍԻՆ
«Ապա Յիսուս նստաւ աւանակին վրայ: Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ» (Մատթ. 21:8): Ահա Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի նկարագրութիւնը, որ կը նշուի Ծաղկազարդին։

Ծաղկազարդ ընդունուած է իբրեւ տօնին հայկական անունը, ի տարբերութիւն այլ լեզուներու Palm Sundayի (անգլ. «Արմաւենիի Կիրակի) կամ Domingo de Ramos (սպան. «Ոստերու Կիրակի»)։ Ասիկա արդէն ցոյց կու տայ, որ հայկական անունը ինքնուրոյն նշանակութիւն մը ունի։ Ինչպէս շատ մը այլ տօներու պարագային, քրիստոնէութիւնը հայոց մէջ արմատացած հեթանոսական տօնը իւրացուցած ու յարմարցուցած է։

Արդարեւ, այդ թուականին կը նշուէր գարնան հինաւուրց պաշտամունքի տօնը, որ նուիրուած էր նաեւ ծառերուն ու ծաղիկներուն, ու Կենաց ծառի գաղափարը կը պարունակէր։ Ծաղկազարդին ընդունուած էր ծառերը զարդարել գունաւոր լաթերով, որուն պատճառով տօնը ստացած է ժողովրդական Ծառզարդար անունը։

Ծաղկազարդին նաեւ ցախաւելով կամ փայտով պատրաստուած են անձրեւի եւ երաշտի հետ կապուած տիկնիկներ, որոնք տարբեր անուններով ծանօթ էին շրջաններու մէջ, բայց գլխաւորաբար կոչուած է Նուրի (կ՚ենթադրուի, որ Նար ջրի աստուածութեան արտայայտութիւնն է)։ Այս տիկնկին դէմքը կը պատրաստուէր ճերմակ լաթով, գօտին՝ գունաւոր կտորով, քօղը՝ փայլուն հլուններով, եւ գլխուն ծաղկեպսակ մը կը զետեղուէր։

Նուրին կը պտտցնէին հրապարակներուն ու թաղերուն մէջ։ Մարդիկ պատուհաններէն ու դռներէն կուժերով ջուր կը թափէին թափօրին վրայ եւ նուէրներ կու տային անոր մասնակիցներուն։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
“Crossroads”ի խմբագրութեան հասցէին ( [email protected]   ) թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը   Երեքշաբթի երեկոյ է։

Հաճոյքով կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները։

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
4 Ապրիլ —Պսակային ժահրի տիրող պայմաններէբն ելլելով, « Սիամանթօ» լսարանը իր յաջորդ հանդիպումը պիտի ունենայ համացանցային Zօօm ծրագրի օժանդակութեամբ, նոյն ժամուն՝ 10:30ին։ Տակաւին չարձանագրուած աշակերտները թող փութան իրենց հրաւէրին պատասխանելու։

13-16 Մայիս (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
 
17 Մայիս —Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)։ Հանդիպում՝ պատմաբան ու գրագէտ Ռուբինա Փիրումեանի հետ։
 
31 Մայիս —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։
 
28 Յունիս—5 Յուլիս —Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագրի 34րդ տարեշրջանը՝ 13էն 18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence Centerին մէջ (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ կամ կապ հաստատել գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Գազանճեանին հետ, հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով [email protected] հասցէին։  

26-27 Սեպտեմբեր —  Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։

17 Հոկտեմբեր Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ “Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ”ու կողմէ։ Կը մասնակցին՝ Սթիւ Ոսպիկեան, կրտսեր, Մալ Պարսամեան, Ճան Պէրպէրեան, Արա Տինքճեան եւ Ճէյսըն Նարոյեան։ DoubleTree պանդոկ, Անտովըր, Մասաչուսեթս։ Այցելեցէք ArmenianFriendsofAmerica.org կամ հեռաձայնեցէք Շաքէին՝ 978-808-0598 թիւին։

15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/