21 Մարտ, 2019
CAMECTԻ ԺՈՂՈՎԸ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
CAMECTի ժողովի մասնակիցները 
Քրիստոնեայ արաբ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու յանձնախումբի (Christian Arab and Middle Eastern Churches Together, CAMECT) ներկայացուցիչներ Չորեքշաբթի, 20 Մարտին հանդիպեցան Ազգ. Առաջորդարանին մէջ իրենց կիսամեայ ժողովին գումարելու։ CAMECTը միջին արեւելեան եկեղեցիներու հետ կապուած համայնքներու միասնական աշխատանք է, ուր ընդգրկուած են հետեւեալ եկեղեցիները՝ Անտիոքեան Ուղղափառ, Հայց. Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական, Արեւելեան Ասորի, Քաղդէական Կաթողիկէ, Ղպտի Ուղղափառ, Աւետարանական Լութերական, Մարոնի Կաթողիկէ, Մելքիթ Յոյն Կաթողիկէ, Երիցական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթողիկէ։

Ժողովականները քննեցին յանձնախումբին աշխատանքները եւ իրենց եկեղեցիներուն իրավիճակին մասին վերջին նորութիւնները հաղորդեցին։ Օրակարգի վրայ էր նաեւ դիւանի ընտրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ հետեւեալ արդիւնքներով.- ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, քարտուղար՝ Գերշ. Տ. Կրեկըրի Մանսուր, ատենադպիր՝ Թոմըս Ծ. վրդ. Զային։

Ներկայացուցիչները նաեւ քննարկեցին Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի լրասփիւռներուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն հասնելու լաւագոյն ձեւերը, եւ In Defense of Christians կազմակերպութենէն թարմ տեղեկատուութիւն ստացան։ 
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԶՈՅԳԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔՈՅԹԻ ՄԸ
Շաբաթ, 23 Մարտին, Անուշաւան արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ երիտասարդ զոյգերու ընթրիքի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ափըր Սէտըլ Ռիվըրի մէջ (Նիւ Ճըրզի)՝ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Թալին Չաղլասեանի հիւրընկալութեամբ։ Հաւաքոյթին գաղափարը Չաղլասեան ամոլին կողմէ առաջարկուած էր Սրբազան Հօր, որպէս սկիզբը շատ մը ուրիշներու, որոնք երիտասարդ զոյգեր քով-քովի պիտի բերեն եւ գաղափարներու անկեղծ փոխանակումի առիթ հանդիսանան։

Անուշաւան Սրբազան դիտել տուաւ, թէ կը յուսայ, որ այս հանդիպումը սկիզբ մը ըլլայ «օգնելով մեզի ստեղծել ու հաստատել նոր ծրագիրներ, որոնք մեր երիտասարդութիւնը կրնան ներգրաւել հայ քրիստոնէական արժէքներու ուսուցումին մէջ, եւ ընկերային ու դաստիարակչական առիթներ ընծայել անոր համար»։

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ՝ 2-4 ՅՈՒԼԻՍԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ, հայ մամուլին նուիրուած համաժողով մը տեղի պիտի ունենայ՝ յառաջիկայ 2-4 Յուլիսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Համաժողովը, որ կ՚արձանագրուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած Հայ Մամուլի տարուան ծիրին մէջ, համահայկական բնոյթ պիտի ունենայ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մամուլի խմբագիրներու եւ մամուլի գործիչներու մասնակցութեամբ։ Պիտի քննարկուին հայկական լրատուադաշտին մերօրեայ մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական մեթոտները, տեղեկատուական ապահովութեան խնդիրները, ապատեղեկատուութեան յարուցած դժուարութիւններն ու ընկերային ցանցերու դերը լրատուական աշխարհին մէջ, հայ տպագիր մամուլին այսօրուան տագնապները, հայապահպանման առաքելութեան վերիմաստաւորումը եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստող գործնական աշխատանքները։

Համաժողովին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է դիմեն Կաթողիկոսարան՝ պրն. Խաչիկ Տէտէեանին, մինչեւ 15 Ապրիլ, հետեւեալ հասցէին՝ [email protected] , կամ հեռաձայնին՝ +961 4 410001։

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ» 2019
Կիրակի, 17 Մարտի համերգը «Միւզիքըլ Արմինիա» շարքի պատմութեան ուրիշ մեծ յաջողութիւն մը արձանագրեց։ Համերգին մասնակցեցան երիտասարդ ու տաղանդաւոր արուեստագէտներ՝ Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ), Քարա Պօղոսեան (ջութ) եւ Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։ Երեքն ալ իրենց ուսումը կը շարունակեն՝ ելոյթներու կողքին. Քարա Պօղոսեան՝ Ֆիլատելֆիայի մէջ, Էդուարդ Պօղոսեան՝ Պելճիքայի մէջ, իսկ Վաչէ Ճամպազեան՝ Նիւ Եորքի մէջ։ Յառաջիկայ շաբաթ համերգի ամբողջական նկարագրականը պիտի տանք։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՄԱՐՏ
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ Դ. ԿԻՐԱԿԻ – ՏՆՏԵՍԻՆ ԿԻՐԱԿԻ

ԵՓԵՍԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:17-5:14


Արդ, Տիրոջ կողմէ կ’ազդարարեմ ձեզի.- Չըլլայ որ կրկին դառնաք այն կենցաղին, որով հեթանոսները կ’ապրին անմտօրէն: Անոնց միտքը խաւարած է. իրենց տգիտութեան եւ յամառ անտարբերութեան պատճառով՝ օտարացած են Աստուծոյ կեանքին, եւ քանի այդ կեանքին յոյսը չունին, իրենք զիրենք անառակութեան տուած՝ ամէն պղծութիւն կը գործեն անյագօրէն: Բայց ես ձեզի սորվեցուցի, թէ այդ չէ՛ Քրիստոսի ճամբան: Դուք լսեցիք իր պատգամները եւ իրեն միանալով սորվեցաք՝ թէ Յիսուսի մէջ է ճշմարտութիւնը: Ուստի մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն՝ ձեր նախկին ապրելակերպը, որ խաբուսիկ ցանկութիւններով ապականած էր, վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ:

Հետեւաբար ստախօսութենէն հրաժարեցէ՛ք: «Ամէն մարդ ճշմարտութիւնը թող ըսէ իր ընկերոջ», ինչպէս կ’ըսէ մարգարէն, որովհետեւ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ իրարու անդամներ ենք: Եւ ինչպէս սաղմոսերգուն կ’ըսէ՝ «Նոյնիսկ երբ բարկանաք՝ չըլլայ որ մեղանչէք». եւ բարկացած չմնաք մինչեւ իրիկուն: Բնաւ առիթ մի՛ տաք Սատանային: Ով որ գողութեամբ կ’ապրէր՝ թող այլեւս չգողնայ, այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են: Ոեւէ տգեղ խօսք չելլէ՛ ձեր բերանէն: Խօսեցէք միայն ինչ որ պէտք է, ինչ որ բարի է՝ ուրիշներուն հաւատքը ամրապնդելու համար, որպէսզի լսողները Աստուծոյ շնորհքովը լեցուին: Մի՛ տրտմեցնէք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, որով կնքուեցաք՝ փրկութեան օրուան հասնելու համար: Ձեզմէ արմատախի՛լ ըրէք ամէն դառնութիւն, բարկութիւն ու զայրոյթ, պոռչտուք եւ հայհոյութիւն, եւ առաջքը առած կ’ըլլաք անոնց չար հետեւանքներուն: Իրարու հանդէպ քաղցր ու գթած եղէք եւ ներեցէ՛ք իրարու, ինչպէս Աստուած ալ Քրիստոսի միջոցաւ ներեց մեզի:

Աստուծոյ նմանեցէք, որպէս իր սիրելի որդիները, եւ սիրով շարժեցէք, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս մեզ սիրեց եւ մեզ փրկելու համար ինքզինքը Աստուծոյ ընծայեց որպէս անուշահոտ ընծայ եւ զոհ: Պոռնկութեան, ոեւէ պղծութեան կամ ագահութեան խօսքն իսկ թող չըլլայ ձեր մէջ, որովհետեւ այդպէ՛ս կը վայելէ Աստուծոյ ժողովուրդին: Վայել չէ որ լկտի եւ ամբարիշտ խօսակցութիւններով կամ խեղկատակութեամբ զբաղիք. այլ՝ ձեր խօսակցութիւնը միշտ գոհաբանութիւն պէտք է ըլլայ: Մէկ բան վստահ գիտցէք, թէ ոեւէ մէկը որ պոռնկութիւն կ’ընէ, պղծասէր է կամ ագահ ինչ որ կռապաշտութիւն է ժառանգութիւն պիտի չունենա՛յ Քրիստոսի եւ Աստուծոյ արքայութեան մէջ: Հետեւաբար, չըլլայ որ ոեւէ մէկը պարապ խօսքերով ձեզ խաբէ. որովհետեւ այս բաներուն համար Աստուած իր բարկութիւնը պիտի թափէ անհնազանդ մարդոց վրայ: Ասկէ ետք ոեւէ յարաբերութիւն մի՛ ունենաք այնպիսիներուն հետ, որովհետեւ թէպէտ ժամանակ մը խաւար էիք, սակայն հիմա որ Տիրոջ միացաք՝ լոյս էք: Հետեւաբար լոյսի որդիներուն վայել ձեւով ապրեցէք. որովհետեւ լոյսին պտուղներն են՝ բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը: Ջանացէք հասկնալ, թէ Աստուած ի՛նչ կ’ուզէ ձեզմէ, եւ բնաւ մասնակից մի՛ ըլլաք խաւարին գործերուն, որոնք Աստուծոյ կամեցած պտուղները չեն տար: Ընդհակառակը, ձաղկեցէ՛ք զանոնք, որովհետեւ մութին մէջ կը գործուին անոնց արարքները, որոնց մասին խօսիլն իսկ ամօթ է: Բայց բոլոր այդ ծածուկ արարքները Քրիստոսի լոյսով կը յայտնուին եւ կը յանդիմանուին, որովհետեւ լոյսը կը յայտնէ ամէն բան: Ահա թէ ինչո՛ւ երգը կ’ըսէ.-
«Արթնցի՛ր, ո՜վ քնացած.
դո՛ւրս եկուր մեռելութենէդ,
եւ Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ»:


ՂՈՒԿԱՍ 16:1-31


Իր աշակերտներուն Յիսուս այս առակը պատմեց.
Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ իր ստացուածքներուն վրայ տնտես մը ունէր: Երբ տնտեսին մասին մարդիկ ամբաստանութիւն ըրին՝ ըսելով թէ իր տիրոջ հարստութիւնը կը վատնէ, մեծահարուստը կանչեց զինք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ են քու մասիդ այս ըսուածները: Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր: Այլեւս իմ տնտեսս չես կրնար ըլլալ»:
Տնտեսը ինքնիրեն խորհեցաւ. «Ի՞նչ կրնամ ընել. ահա տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն կը զրկէ: Բանուորութիւն չեմ կրնար ընել, մուրալու կ’ամչնամ: Սակայն գիտեմ թէ ինչ պէտք է ընեմ, որ երբ տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն հեռացնէ, մարդիկ ընդունին զիս իրենց տուներէն ներս»: Ապա մէկ առ մէկ կանչեց իր տիրոջ պարտապանները եւ առաջինին հարցուց. «Ո՞րքան պարտք ունիս տիրոջս»: Անիկա պատասխանեց. «Երկու հարիւր թիթեղ ձէթ»: Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ անմիջապէս գրէ՝ հարիւր»: Յետոյ հարցուց միւսին. «Դո՞ւն որքան պարտք ունիս»: Անիկա պատասխանեց. «Չորս հարիւր յիսուն պարկ ցորեն»: Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ գրէ՝ երեք հարիւր յիսուն»: Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար: Որովհետեւ այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են քան լոյսի որդիները: Եւ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին:

Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է: Հետեւաբար, եթէ աշխարհիկ հարստութիւնը գործածելուն մէջ հաւատարիմ չեղաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի վստահի ձեզի: Այսինքն, եթէ հաւատարիմ չեղաք աշխարհիկ հարստութեան, որ ձերը չէ, ինչպէ՞ս կ’ուզէք որ Աստուած ձեզի տայ ձեզի սպասող ճշմարիտ հարստութիւնը: Ոչ մէկ ծառայ կրնայ երկու տէրերու ծառայել, որովհետեւ՝ կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կամ՝ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ: Չէք կրնար միեւնոյն ատեն թէ՛ Աստուծոյ ծառայել եւ թէ՛ դրամին:

Փարիսեցիները, որոնք դրամասէր էին, երբ այս բոլորը լսեցին, սկսան հեգնել զինք: Յիսուս ըսաւ անոնց.

Դուք ձեզ ուրիշներուն արդար ցոյց կու տաք, սակայն Աստուած գիտէ ձեր սիրտերը: Որովհետեւ մարդոց աչքին փառաւորը Աստուծոյ աչքին անարգ է: Մովսէսի Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները մինչեւ Յովհաննէս ի զօրու էին. անկէ ասդին Աստուծոյ արքայութիւնը կ’աւետարանուի եւ ամէն մարդ կը փութայ բռնութեամբ ներս մտնել: Աւելի դիւրին է որ երկինքն ու երկիրը կորսուին, քան Օրէնքին ամենափոքր տառը:
Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ կը շնայ. նոյնպէս կը շնայ ան՝ որ արձակուած կնոջ հետ կ’ամուսնանայ:

Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ բեհեզ եւ ծիրանի հագուստներ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւոր խնճոյք կ’ընէր: Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար, որ անոր դռան առջեւ կը նստէր եւ կը յուսար իր փորը լեցնել մեծահարուստին սեղանի աւելցուքներով: Ղազարոս վէրքերով ծածկուած էր, եւ շուներ կու գային իր վէրքերը կը լզէին: Աղքատը մեռաւ եւ հրեշտակները զինք տարին Աբրահամի մօտ: Մեծահարուստն ալ մեռաւ եւ թաղուեցաւ: Դժոխքին մէջ, մինչ մեծահարուստը կը տանջուէր, աչքերը բարձրացուց եւ հեռուն Աբրահամը տեսաւ, ինչպէս նաեւ Ղազարոսը՝ անոր քով: Մեծահարուստը աղաղակեց. «Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ՛ ինծի եւ ղրկէ Ղազարոսը, որ մատին ծայրը ջուրին թաթխէ եւ զովացնէ լեզուս, որովհետեւ այս կրակին մէջ ծարաւէն կը տառապիմ»: Աբրահամ ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ, յիշէ՛ թէ ի՛նչպէս դուն քու կեանքիդ ընթացքին ամէն բարիք վայելեցիր, մինչ Ղազարոս չարչարուեցաւ: Հիմա անիկա հոս կը հանգստանայ, մինչ դուն հոդ կը տառապիս: Գիտցի՛ր նաեւ, որ մեծ անդունդ մը կայ մեր եւ ձեր միջեւ: Եթէ ուզեն այստեղէն ձեր մօտ անցնիլ՝ չեն կրնար, եւ ոչ ալ մէկը հոնկէ մեր մօտ կրնայ գալ»: Մեծահարուստը ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, հա՛յր, Ղազարոսը ղրկէ իմ հօրս տունը, ուր հինգ եղբայրներ ունիմ. թող զանոնք նախազգուշացնէ՝ որպէսզի անոնք ալ տանջանքի այս վայրը չգան»: Աբրահամ ըսաւ անոր. «Անոնք Մովսէսի Օրէնքն ու մարգարէները ունին. թող անոնց պատուիրանները լսեն եւ գործադրեն»: Մեծահարուստը ըսաւ. «Ատիկա բաւական չէ, հա՛յր

Աբրահամ. բայց եթէ մեռելներէն մէկը յարութիւն առնէ եւ երթայ իրենց՝ պիտի ապաշխարեն»: Աբրահամ պատասխանեց. «Եթէ Մովսէսի Օրէնքին եւ մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, մեռելներէն յարութիւն առնող մըն ալ պիտի չկարենայ համոզել զիրենք»:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 56:1-57:21
ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ
Մեծ Պահքի չորրորդ Կիրակին՝ 24 Մարտ, Տնտեսի Կիրակին է։ Անիրաւ տնտեսին առակը Ղուկասի աւետարանին մէջ կը գտնուի, գլուխ 16 (տե՛ս վերի ընթերցումը)։ Առակը մեծահարուստ մարդու մը եւ անոր տնտեսին մասին է։ Վերջինս իր անձնական շահին կը նայէր եւ, հնարամիտ ձեւերով, կարգադրութիւններ ըրած էր իր տիրոջ պարտապաններուն հետ։ Յիսուս այս առակը գործածեց ո՛չ թէ տնտեսին վարմունքը, այլ ճշմարիտ աշակերտներու կեանքին մէջ պահանջուող բարեմասնութիւններ վեր հանելու համար։ Քանի որ աշխարհի տնտեսներ ենք, մեր Տիրոջ հաշուետու ենք մեր ունեցած տաղանդին եւ մեզի վստահուած բաներուն համար։

Յիսուս միշտ օգտագործած է առակները իբրեւ դաստիարակչական միջոց։ Անոր առարկները պարզ պատմութիւններ էին, սովորաբար կարճ ու միշտ հետաքրքրական։ Ընդհանրապէս, Ան զանոնք գործածած է բարոյական կարեւոր դասեր տալու համար։ Կարգ մը առակներ պարզ ու դիւրահասկնալի են, մինչ ուրիշներ՝ աւելի բարդ ու կեդրոնացում պահանջող։
ՇԱԲԱԹ ՕՐ ՈԳԵԿՈՉՈՒՈՂ ՍՈՒՐԲԵՐ
Շաբաթ, 23 Մարտին, Հայց. Եկեղեցին հետեւեալ չորս սուրբերը կ՚ոգեկոչէ. 
Ս. Յովհաննէս՝ Երուսաղէմի պատրիարք, յաջորդած է Ս. Կիւրեղին (386-417)։ Իր վանական կրթութիւնը ստացած է Նիթրիայի վանքին մէջ (Եգիպտոս), ուր սորված է քրիստոնէութեան եւ Որոգինէսի ուսմունքին մասին։ Յատկապէս յիշուած է իր մտաւորական կարողութիւններուն համար եւ կ՚ըսուի, թէ ներշնչող ու պերճախօս քարոզիչ մըն էր։ 
Յովհան Օձնեցի  կաթողիկոս եղած է 717-728 տարիներուն, երբ Հայաստանը արաբական տիրապետութեան տակ կը գտնուէր։ Ան հայերը պաշտպանած է բռնի կրօնափոխութենէ եւ յաջողած՝ անոնց քրիստոնէական պաշտամունքի իրաւունքը ապահովել։ Նաեւ կարողացած է տուրքէ զերծի կարգավիճակ ապահովել Եկեղեցւոյ համար։ Ան համատարած հիացումի եւ յարգանքի արժանացած է։
Յովհան Որոտնեցի  ծնած է 1317ին։ Ձեռնադրութենէն ետք, ծառայած է Գլաձորի եւ Տաթեւի վանքերուն մէջ։ Իր ջանքերը ուղղած է ուղղափառ հաւատքի պահպանումին եւ հայ ու հռոմէական եկեղեցիները միաձուլելու փորձին դէմ։ Յովհաննէսի Աւետարանի եւ Պօղոս Առաքեալի թուղթերուն մասին մեկնութիւններ գրած է։ 
Գրիգոր Տաթեւացի   թերեւս այս քառեակին ամենէն ծանօթ անունն է։ Ծնած է 1346ին Վայոց Ձոր նահանգին մէջ։ Յովհան Որոտնեցիի աշակերտ եղած է եւ Հայց. Եկեղեցւոյ մեծ պաշտպան։ Փայլուն գիտնական էր, քաջածանօթ՝ լատիներէնի, եւ լայնօրէն ուսումնասիրած էր յոյն փիլիսոփաներու գործերը։ Ամենէն ծանօթ գործը «Գիրք Հարցմանց»ն է, որ հաւատքի հարցերու կ՚անդրադառնայ։ Քարոզախօսութեան բարձր չափանիշեր հաստատած է եւ յաճախ կը յիշուի «երկրորդ Լուսաւորիչ» տիտղոսով։ Տաթեւացի մահացած է 1409ին, ըլլալով վերջին անձը, որ սրբադասման արժանացած էր Հայց. Եկեղեցւոյ կողմէ մինչեւ չորս տարի առաջ, երբ Ապրիլեան նահատակները սրբադասուեցան՝ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով։ 
ՄԻՋԻՆՔ
Չորեքշաբթի, 27 Մարտին, Միջինք կը նշուի։ Մեծ Պահքի 24րդ օրն է, որ չորրորդ շաբթուան Չորեքշաբթի օրուան կը զուգադիպի։ Թէեւ կրօնական որեւէ մասնաւոր նշանակութիւն չունի, այս օրը աւանդականօրէն նշուած է իբրեւ Պահքի ճաշ մը միասնաբար ընելու եւ ընկերական պահ մը վայելելու յատուկ օր։ 
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Մեծ Պահքի վեց դասախօսութիւններու շարքին երրորդը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 20 Մարտին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Երեկոյեան նիւթն էր «Լսել եւ հասկնալ», իսկ դասախօսը՝ Նիւ Պրիթընի (Քենեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ այցելու եկեղեցականը՝ Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան։ Եթէ դասախօսութեան ուղղակի պատկերասփռումը չէք դիտած, կրնաք դիտել զայն՝ սեղմելով այստեղ ։

Յաջորդ դասախօսը պիտի ըլլայ Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, որ Չորեքշաբթի, 27 Մարտին պիտի խօսի «“Լոյս”՝ հայ կրօնական պարբերական մը» նիւթին շուրջ։

Յայտագիրը կը հովանաւորեն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը։ Ան կը բաղկանայ երեք մասերէ՝
– եկեղեցական կարճ արարողութիւն մը՝ ժամը 7:00ին,
– 20 վայրկեաննոց դասախօսութիւն մը՝ ժամը 7:30ին
– ընթրիք՝ ժամը 8:00ին։
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, 23 Մարտին, միօրեայ դասընթացք մը տեղի պիտի ունենայ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի ղեկավարութեամբ՝ «Հետազօտութիւն Ս. Պատարագի» վերնագրով։ Արձանագրութեան ժամկէտը 15 Մարտ է։ Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք կապուիլ Մայր Եկեղեցւոյ գրասենեակին՝ հեռաձայնով (212-689-5880) կամ ելեկտրոնային նամակով՝ [email protected]։
ՈՒՍ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏՆՕՐԷՆԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ԵՒ ԹՐԸՄՊԸԼԻ ՄԷՋ
Վարդան Մատթէոսեան «Աղօթարան»ը կը ներկայացնէ Ֆիլատելֆիայի մէջ 

«Աղօթարան»ը կը ներկայացուի նաեւ Թրըմպըլի մէջ (Քենեթիքըթ)
Ինչպէս յայտնի է, անցեալ Դեկտեմբերին, Անուշաւան արքեպիսկոպոսի ընտրութիւնը մեծարող ճաշկերոյթին առիթով լոյս տեսած էր ամերիկահայ նշանաւոր գրագէտ Համաստեղի «Աղօթարան»ի երկլեզու՝ հայերէն-անգլերէն հրատարակութիւնը։ Ճաշկերոյթին մասնակիցներէն իւրաքանչիւրին յանձնուած էր գիրքէն օրինակ մը՝ իբրեւ յուշանուէր։ Գեղատիպ հատոր, զոր հովանաւորած են Սթանչիու եւ Քոչումեան ընտանիքները, Փետրուարին ներկայացուած էր Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Գիրքին թարգմանիչը՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, անցեալ շաբաթավերջին ճամբորդած էր Փենսիլվենիա եւ Քենեթիքըթ։ Ուրբաթ, 15 Մարտի երեկոյեան, դոկտ. Մատթէոսեան գիրքն ու հեղինակը ներկայացուց Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Մեծ Պահքի ծրագրի ընթացքին։ Դասախօսը ներկայացուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեանի կողմէ։

Կիրակի, 17 Մարտին, Թրըմպըլի Ս. Համբարձում եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ընձակ քհնյ. Նալպանտեանի եւ շաբաթօրեայ ու կիրակնօրեայ դպրոցներու հրաւէրով, յաւարտ Ս. Պատարագի, դոկտ. Մատթէոսեան «Աղօթարան»ի ներկայացումը կատարեց ։
«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑ Է
«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրի կազմակերպումը արդէն ընթացքի մէջ է։ Կրօնական դաստիարակութեան այս եզակի ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութիւնն է։ Ան տեղի պիտի ունենայ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ, 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ ։ 
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԸ
ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ԿԸ ՆՇԷ
Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը Բուն Բարեկենդանը նշեց Կիրակի, 2 Մարտին, ընթրիք-պարահանդէսով։ Երեկոյեան իրենց երաժշտական մասնակցութիւնը բերին՝ Կարօ Թորոսեան, Վիգէն Մաքուշեան եւ DJ Neptune։ Յատուկ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը։ 
ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԱՆՈՅՇ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Չորեքշաբթի, 20 Մարտին, Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանն էի՝ Պոստըն, փոխարինելով տղաս՝ կրօնքի դասին մէջ։ Կը բացատրէի Մեծ Պահքի աւանդութիւնները։ Երբ աշակերտներուն ըսի, թէ պահքի աւանդական սովորութիւնն էր ապրող էակներու մարմինը կամ արտադրանքը չուտել, հարցումներու տարափը սկսաւ.

«Կրնա՞նք կաթ խմել»։

«Ոչ»։

«Մածուն ուտե՞լ»։

«Ոչ»։

«Հապա՞ հաւկիթ»։

«Ոչ»։

«Իսկ պանի՞ր»։

«Ոչ»։

Յետոյ, փոքրիկ աղջիկ մը, տեսակ մը խուճապահար դէմքով, հարցուց, թէ շաքարը արգիլուա՞ծ էր։ Ան բաւական թեթեւցած երեւցաւ, երբ ըսի իրեն, թէ շաքարը չուտուելիքներու շարքին չէր պատկաներ։

Բայց յետոյ ուրիշ պզտիկ աղջիկ մը հարցուց, թէ ճի՞շդ է մեղր ուտելը։ Պէտք է խոստովանիմ, որ շփոթեցայ։ Սկզբունքով կ՚ենթադրեմ, որ պէտք չէ ուտուի, քանի որ ապրող էակի մը արտադրանքն է, եթէ աւանդական պահքի մէջ ենք։ Միւս կողմէ, միտքս Յովհաննէս Մկրտիչի պատմութեան գնաց, քանի որ ան «ուղտի մազէ շինուած հագուստ մը հագած էր եւ մէջքին կապած կաշիէ գօտի մը: Իր կերակուրը մարախ եւ վայրի մեղր էր» (Մարկոս 1:6)։ Ասիկա յիշեցի անոր եւ խոստացայ, որ յաջորդ օրը առաւօտեան մեր առաջնորդին՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսին պիտի հեռաձայնէի ու հարցնէի։ Այդպէս ալ ըրի։ Անուշաւան Սրբազան Հայրը շատ տպաւորուած էր երրորդ դասարանի այս աշակերտի սրամտութեամբ, եւ հիմնականօրէն ըսաւ ինծի, թէ իմ բացատրութիւնս ճիշդ պատասխանն էր, եւ թէ մեղրը Մեծ Պահքի «արգիլուած» ուտելիքներու ցուցակին մաս չի կազմեր։
Ըստ էութեան, պիտի ըսէի, թէ անոյշ վերջաբան մըն էր։

Տ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՊԱԼՃԵԱՆ
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԾԱՆՕԹ ՎԱՅՐԵՐՈՒ ԳԻՒՏԱՒՈՐ ՆԱՅՈՒԱԾՔ ՄԸ
Յովսէփ Տաղտիկեան կը ներկայացնէ «չտեսնուած Հայաստան»ը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ 

Կիրակի, 17 Մարտին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին յատկապէս հրաւիրած էր պրն. Յովսէփ Տաղտիկեանը (Մասաչուսեթս), որ «Չտեսնուած Հայաստան» խորագրով դասախօսութիւն մը ներկայացուց։

Տարիներէ ի վեր, Յովսէփն ու իր ընկերը՝ Վովա Ծաղարեան, «Էրեբունի» պատմա-հնագիտական արգելոց-թանգարանի Շէնգաւիթի մասնաճիւղի նախկին տնօրէնը, միասնաբար ճամբորդած են Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի ու Արեւմտեան Հայաստանի գիւղական շրջանները՝ փնտռելով հնավայրեր, մոռցուած յուշարձաններ, բնական հրաշալիքներ եւ գիւղական սովորութիւններ։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան ներկայացուց դասախօսը, գովաբանելով անոր յանձնառու կեցուածքը։ Ամերիկահայ Յովսէփ Տաղտիկեան չափահաս տարիքին հայերէն խօսիլ սորված է՝ Անթիլիասի դպրեվանքի ու «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի մէջ անցուցած ժամանակին շնորհիւ։

Պրն. Տաղտիկեան ծխականները տարաւ իւրայատուկ շրջապտոյտի մը, «այցելելով» բազմաթիւ վայրեր, որոնցմէ շատեր անծանօթ են սփիւռքահայերու, ինչպէս եւ շատ մը հայաստանաբնակ հայերու։ Անոնց շարքին էին, օրինակ՝ Սիսիանի շրջանի մատուռ մը, ուր Վարդան Մամիկոնեան աղօթած է՝ ճակատամարտի երթալէ առաջ, Արագած լերան տիեզերական ճառագայթներու բաժանմունքը եւ մուսատաղցի հայերու տօնախմբութիւնները։

Այս դասախօսութիւնը յիշեցում մըն էր, թէ հեռաւոր վայրեր ապրող հայերը ամենէն հիւրասէր ու սիրալիր անձերէն են, որոնք պատրաստ են հիւրեր ընդունելու եւ գիւղական պատմութիւնն ու բանահիւսութիւնը ծանօթացնելու։ Նման այցելութիւններ նաեւ առիթ ընծայած են հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանն ու Սփիւռքը կրնան օգնել նման հայերու, որպէսզի զարգանան ու երկրի մոռցուած մարդիկը չնկատուին։

Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՆՑ ԱԿՈՒՄԲԸ ԵՒ ԱՆՕԹԵՒԱՆՆԵՐԸ ԿԵՐԱԿՐԵԼՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Տ. Գաբրիէլ ու Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կամաւորները 

Rescue Missionի հիւրերը ընթրիք մը կը վայելեն

Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Արանց Ակումբը եւ անոնց բարեկամները անգամ մը եւս անօթեւաններու կերակուր մատակարարելու գործով զբաղած էին Ուրբաթ, 15 Մարտին, Փրաւիտընսի Rescue Missionին մէջ։ Այս անգամ, աշխատանքը երկու հերթով տեղի ունեցաւ։ Վերջին եօթը տարիներուն, Արանց Ակումբը նման տաք ճաշեր հայթայթած է տարեկան չորս կամ հինգ անգամ։ Ասիկա վարձահատոյց փորձառութիւն մըն էր թէ՛ տիկ. Էնն Թիքոյեանի, որ հովանաւորեց վերջին այս ընթրիքը, եւ թէ՛ 12 կամաւորներուն, որոնք ճաշերը պատրաստեցին ու մատուցեցին, ինչպէս եւ ընթրիքով հիւրասիրուողներուն համար։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ։ Արդէն ապահովուած է յառաջիկայ ինը ընթրիքներու հովանաւորութիւնը՝ Ռոտ Այլընտի համայնքի անհատներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ։ Յաջորդ ընթրիքը Յունիսին տեղի պիտի ունենայ։

Աւելորդ չէ նշել, թէ Փրաւիտընսի Rescue Missionը ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որ բացի անօթեւան անձերու պատսպարան ու կերակուր տալէ, Յիսուսի Աւետարանը կը քարոզէ՝ իւրաքանչիւր անհատի հանդէպ արժանապատուութեամբ ու յարգանքով վերաբերելու կողքին։ Անոնք կ՚օգտուին բազմաթիւ անձերու հաւատաւոր աջակցութենէն, եւ այս ամբողջ ծառայութիւնը ձրիաբար կը մատուցեն։ Ահա թէ ինչու Արանց Ակումբը այս կազմակերպութիւնը ընտրած է իր բարեսիրական գործունէութեան համար։
Ժագ Տուվալեան (մահ՝ 26 Մարտ, 2008)

«Բաւական է արտասանել Ժակ Դուվալեան անունը եւ աչքերիդ առջեւ կը յառնի 1950-ականների վերջերի, 60-ականների սկզբի Երեւանը՝ գեղեցիկ, ուրախ, բազմագոյն մի քաղաք՝ նոր, լայն փողոցներով, պուրակներով, գարնանը հոտաւէտ ակացիաներով, ամրանը՝ փշատի նուրբ հոտով: Իսկ երգչի երգերը զարմանալիօրէն ներդաշնակ էին այդ տարիների երեւանեան ռոմանտիկայի հետ», երաժշտագէտ Մարգարիտ Ռուխկեան յայտնած է վերջերս։

Ժագ Տուվալեան ծնած էր Հալէպ, 1 Յունուար 1920ին, Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու ընտանիքի մէջ։ 1925ին ընտանեօք փոխադրուած են Փարիզ։ Հակառակ թուաբանութեան եւ ճշգրիտ գիտութիւններու հանդէպ իր հետաքրքրութեան, ան ստիպուած էր միջնակարգը լքել եւ աշխատիլ՝ ընտանեկան տնտեսութեան նպաստելու համար։ Այնուհետեւ Տուվալեանի մէջ երաժշտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցած է, սկսած է երգեր յօրինել ու երգել։ Երգած է սրճարաններու մէջ, 1940ական թուականներուն բարեկամանալով Շառլ Ազնաւուրի եւ այլ երգիչներու հետ։ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, քանի մը երգահանդէսներ տուած է։
Տուվալեան Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած է 1954ին՝ մօրը հետ։ Աստղագիտութիւն ուսանելու նպատակ ունեցած է, բայց միտքը փոխելով, շարունակած է երգել։ 1956ին դարձած է Կոստանդին Օրբելեանի ղեկավարած Հայաստանի պետական էսդրատային նուագախումբի գլխաւոր երգիչը։ Նուագախումբին հիւրախաղերը խորհրդային բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ջերմօրէն ընդունուած են, յատկապէս՝ նոր երգիչին մեկնաբանութիւնները։

1959ին, Տուվալեան հրաւիրուած է Մոսկուա՝ մաս կազմելու Եուրի Սաուլսկիի ղեկավարած համոյթին։ Անոր հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն երգերը մեծ յաջողութեան արժանացած են։ Հեղինակած է քանի մը երգերու խօսքեր, ինչպէս՝ «Երեւանի փողոցներում»։ Անոր ձայնին որոշակի ֆրանսական երանգը, Երեւանն ու Փարիզը կը միանային այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ ֆրանսական շարժապատկերն ու երգերը խորհրդային աշխարհը մուտք կը գործէին։

Յստակ չէ, թէ ի՞նչ պատահած է յետոյ։ Մ. Ռուխկեան յիշած է, որ «երբ 1964թ. աշնանը գնացի նրանց տուն՝ պայմանաւորուելու հեռուստատեսային հաղորդման համար, հենց երգչից լսեցի իր՝ Ֆրանսիա մեկնելու մասին լուրը: Մայրը լուռ յանդիմանանքով նայեց ինձ, երբ ես ափսոսանք յայտնեցի Հայաստանը թողնելու որդու որոշման մասին»: Պէտք է յիշել, որ 1956ին, Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարար Քրիստիան Փինոյի Երեւան այցելութենէն ետք, 1946-1948ին եւ աւելի ուշ Հայաստան ներգաղթած բազմաթիւ ֆրանսահայեր դիմումներ կատարած էին՝ Ֆրանսա վերադառնալու, ընկերային ու քաղաքական սեղմումներու պատճառով։ Թերեւս Տուվալեանի Ֆրանսա վերադարձը, երբ ժողովրդական անուն մըն էր ո՛չ միայն հայրենիքի մէջ, այլեւ համախորհրդային չափանիշերով, այս երեւոյթին հետ կապուած էր։

Ամէն պարագայի, Ֆրանսա հաստատուելէ ետք, երգիչը անհետացած է արուեստի աշխարհէն եւ երբեք չէ վերադարձած բեմ։ Ան իր մահկանացուն կնքած է Վերսայլի մէջ, 26 Մարտ 2008ին։ 2015ին, Ժագ Տուվալեանի ծննդեան 95ամեակին առիթով, Մարգարիտ Ռուխկեան հրատարակած է անոր լաւագոյն ձայնագրութիւններուն խտասալիկ մը՝ «Յիշիր ապագայի մասին»։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org  
ԾԱՌԸ ԵՒ ԵԱՐԸ
Աստուածաշունչին մէջ յիշուած է ժանտաթուզը, որուն բարձրացաւ Զաքէոսը՝ տեսնելու համար Յիսուսի անցնիլը (Ղուկ. 19:47)։ Այս ծառը թզենին կը յիշեցնէ, իսկ տերեւները՝ թթենիի տերեւները։ Ահա թէ ինչու անգլերէնով «թզենի-թթենի» (fig-mulberry) կը կոչուի։

Սակայն, այս ծառին տարբեր տեսակները կան աշխարհի մէջ, որոնցմէ մէկը արեւելեանն է՝ Platanus orientalis, որ յունական պատմութեան ու գրականութեան մէջ platane անունով ծանօթ էր, եւ յայտնի է Փոքր Ասիայէն մինչեւ Հնդկաստան։ Անիկա մեծ դեր մը ունէր պարսկական պարտէզներուն մէջ, եւ յայտնի էր չինար անունով։

Արդ, այս բառը մտած է թէ՛ անգլերէնի եւ թէ՛ հայերէնի մէջ, վերջինին՝ բարբառային ձեւով։ Հայ երգարուեստի ծանօթ ոեւէ մէկուն յայտնի պէտք է ըլլայ Կոմիտաս վարդապետի երաժշտութեամբ «Չինար ես», ինչպէս եւ «Իմ չինարի եարը» երգերը։

Շահեկան է նշել, որ ըստ Ստեփանոս Մալխասեանցի «Հայերէն բացատրական բառարան»ին, «չինար» անունը գործածուած է երեք ծառատեսակներու համար՝ սօսիին, հաճարենին եւ բարտիին։ Աւելի՛ն. որոշ միջնադարեան աղբիւրներու մէջ յիշատակուած է անուշահոտ ծաղիկ մը՝ չինարու անունով, բայց ո՛չ բառարանները նշած են, թէ ի՛նչ ծաղիկ է եւ ո՛չ բառին ծագումը յայտնի է։ Դժուար թէ ծառի մը պարսկերէն անունը ծաղիկի մը հայերէն անունը դառնար։

Ինչպէս վերը տեսանք, չինարը միայն ծառատեսակ մը չէ։ Սիրային երգերը համեմատած են սիրած անձերը չինարի մը հետ, եւ նման երգերու մէջ «չինար պոյ»ը սովորական երեւոյթ է (պոյը, ինչպէս գիտենք, թրքերէնի մէջ նոյն բառն է՝ «հասակ» իմաստով»)։ Չինար հասակ ունեցող աղջիկը բարձրահասակ, սլացիկ մէկը պէտք է ըլլար։ Ի հարկէ, հին ժամանակներու մեր գիւղացիները «բարձրահասակ» կամ «սլացիկ» բառերը պիտի չգործածէին, այլ... այդ գաղափարը ներշնչող ծառի մը անունը։ 
Previous entries in “The Armenian Language Corner” are on the Prelacy’s web site ( www.armenianprelacy.org ).
ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ՝ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
Տ. Պետրոս քհնյ. Շիթիլեան՝ Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, յօդուած մը գրած է՝ «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ զիս լքած ես» վերնագրով, որ լոյս տեսած է «Pravmir.com» առցանց հրատարակութեան մէջ։ Յօդուածը կ՚արծարծէ այնպիսի նիւթեր, ինչպէս՝ ինչո՞ւ բարի մարդ էակները կը տառապին, իսկ չարերը երջանիկ են, ինչո՞ւ որոշ մարդիկ կանուխ կը մեռնին հիւանդութեան պատճառով, իսկ չարերը երկար կ՚ապրին, ինչպէ՞ս կրնանք բացատրել աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող չարիքը, երբ Աստուած ամենակալ ու արդար է։ Ամբողջ յօդուածը կարդալու համար, այցելեցէ՛ք http://www.pravmir.com/my-god-my-god-why-have-you-forsaken-me-about-theodicy/
ԵԹԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԻՔ...
. . . գրեցէք մեզի [email protected] հասցէին։

Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “Crossroads”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ Հաճոյքով պիտի հրատարակենք ձեր նամակները։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝ [email protected] կամ՝ 212-689-7810։ Յաջորդ դասը՝ Շաբաթ, 13 Ապրիլին։

23 Մարտ —Ս. Պատարագի մեկնաբանութիւն, առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, ղեկավարութեամբ՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի (Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի վարիչ)։ Արձանագրութիւն՝ մինչեւ 15 Մարտ։

23 Մարտ —Ազգ. Առաջնորդարանի երիտասարդ զոյգերու ակումբին ներկայացումը, հիւրընկալութեամբ՝ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Թալին Չաղլասեանի, Ափըր Սէտլ Ռիվըրի մէջ (Նիւ Ճըրզի)։ Տեղեկութիւններու համար հաճեցէք հեռաձայնել՝ 212-689-7810 թիւին։

24 Մարտ —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) Տիկնանց Միութեան Միջինքի ճաշկերոյթ՝ յաւարտ Ս. Պատարագի։

28 Մարտ-7 Ապրիլ —ՀՕՄի Նիւ Ճըրզիի «Ակնունի», Պերկըն գաունթիի «Արմենուհի», «Շաքէ» եւ «Սպիտակ» մասնաճիւղերը առցանց աճուրդ մը կը կատարեն՝ ի նպաստ ՀՕՄի հիմնադրամին։ Տեղեկութիւններու համար՝ [email protected] .

29 Մարտ —Ժողովրդային հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար՝ պրն. Դաւիթ Տօնոյեանի հետ, կազմակերպութեամբ՝ ԱՄՆի ՀՀ դեսպանատան կողմէ։ Երեկոյեան ժամը 6:30, «Գաւուքճեան» սրահ, Էջմիածնական թեմի Առաջնորդարան, 630 Second Avenue, NYC։ Տեղ ապահովելու համար, գրեցէ՛ք [email protected] հասցէին։

30 Մարտ —ՀՕՄի «Ակնունի» եւ «Պերկըն» մասնաճիւղերը եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինը կը ներկայացնեն «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան նոր հաւաքածոն, որ նուիրուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100ամեակին։ Տեղի կ՚ունենայ սուրիական եկեղեցւոյ մէջ, Փարամըս, Նիւ Ճըրզի։

1-2 Ապրիլ —«Մէրի Թ. Քլարք» ձեռնարկ (Reid Castle, Մանհաթընվիլ գոլէճ, Փըրչէյս, Նիւ Եորք)։ Տարբեր բանախօսներ պիտի քննարկեն «Յետ-ճշմարտութեան աշխարհի մը մէջ ապրիլ» նիւթը։ Ձեռնարկը կը վերջանայ 2 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:00ին, տարեկան «Մէրի Թ. Քլարք» դասախօսութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի կողմէ։ Տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնեցէք 315-731-0958 թիւին։

7 Ապրիլ —Դոկտ. Մելինէ Անումեանի “Acknowledgment and Condemnation: The Trials of Young Turks in 1919-1921 and 1926” գիրքին ներկայացումը՝ հայերէն եւ անգլերէն, հեղինակին կողմէ։ Կազմակերպութեամբ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան։ Եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ, ժամը 1։00ին։

7 Ապրիլ —«Մեր արմատները գտնելու համար՝ տոհմաբանութիւն», դասախօսութիւն՝ Ճորճ Աղճայեանի կողմէ (անգլերէն)։ Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեթս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին՝ ճաշէ ետք։

7 Ապրիլ —Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 85ամեակի նշում եւ ճաշկերոյթ։ Առաւօտեան ժամը 10ին թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան պիտի պատարագէ ու քարոզէ։

12-14 Ապրիլ —Ս. Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը կը ներկայացնէ Արթըր Փինաճեանի (1914-1999) գործերու ցուցադրութիւն Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ, Նիւ Եորք։ Վաճառքի եկամուտին մէկ մասը պիտի յատկացուի ի նպաստ դպրոցին։ 

24 Ապրիլ —«Քայլարշաւ՝ Արդարութեան համար», յիշելով Հայկական Ցեղասպանութեան Նահատակները, Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Անուշաւան արք Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ։ Ս Պատարագ՝ ժամը 10։00ին, Ս Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 E. 27 th Street, New York City։ Քայլարշաւը կը սկսի ժամը 12։30ին, Մայր Եկեղեցիէն մինչեւ թրքական հիւպատոսարան։ 

27 Ապրիլ —Հայկական Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցի յիշատակում Քենեթիքըթի Hall of the House-ի մէջ, State Capitol, 210 Capitol Avenue, Hartford, Connecticut, ժամը 11։00ին։ Գլխաւոր բանախօս՝ Սալբի Ղազարեան, տնօրէն՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական Ուսմանց Հիմնարկին։

5 Մայիս —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակի ճաշկերոյթ՝ «60 տարի՝ սերունդէ սերունդ» բնաբանով, եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին Կարապետեան, Միրաքեան, Նաճարեան եւ Սարաճեան ընտանիքները։

16-18 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ Ուայթընսվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ։

30 Յունիս-7 Յուլիս —33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնին։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբի մասնակցութեամբ։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/