22 Օգոստոս, 2019
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԵՒ ԷԼՓԻՏՈՖՈՐՈՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երեքշաբթի, Օգոստոս 20ին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, բարեկամական այցելեցութիւն տուաւ Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին եւ շնորհաւորեց անոր վերջերս տեղի ունեցած ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանային Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան եւ Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ՝ Տ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան։

Երկու արքեպիսկոպոսները քննարկեցին զիրենք մտահոգող կարգ մը հարցեր: Զրոյցի ընթացքին Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոս յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ պատմութեան շուրջ իր ունեցած ծանօթութեան մասին, ծանօթ եւ աշխատած ըլլալով Կոստանդնուպոլսոյ Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդներու հետ, ուր Արքեպիսկոպոսը ծնած ու հասակ առած էր եւ տարիներ ծառայած: Յոյն եկեղեցականը ջերմութեամբ յիշեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինի ղեկավարութիւնը՝ որպէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհրդի Ատենապետ:

Երկու եկեղեցականները համաձայն եղան, որ իրենց հանդիպումները պէտք է ըլլան յաճախակի, միասնաբար աշխատին քրիստոնէական ոգիով եւ յետագային ա՛լ աւելի ամրապնդեն հայ եւ յունական ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ կապը:
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԾՈՒԽԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ
ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔԸ
Կիրակի, 18 Օգոստոսին, մեր թեմի ծուխերը Վերափոխման տօնն ու Խաղողօրհնէքը նշեցին։ Արեւոտ եղանակին շնորհիւ, կարգ մը ծուխեր միացուցած էին տօնն ու տարեկան դաշտահանդէսը, հաւատացեալները քով-քովի բերելով՝ Խաղողօրհնէքի ու մատաղօրհնէքի համար։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կը կատարէ Խաղողօրհնէքը Ուայթընզվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէսին։ Սրբազան Հայրը կը շրջապատեն, ձախէն աջ՝ Տ. Միքայէլ քհն. Տէր Խոսրովեան, Տ. Ստեփան քհն. Պալճեան, Տ. Անդրանիկ Ա. քհն. Պալճեան, Տ. Արամ Ա. քհն. Ստեփանեան, Տ. Պետրոս քհն. Շիթիլեան եւ Տ. Թորգոմ քհն. Չորպաճեան։ 

Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք), Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան խաղողները կ՚օրհնէ՝ սարկաւագներու եւ խորանի ծառաներու օժանդակութեամբ

Օշական Արքեպիսկոպոս Խաղողօրհնէքը կը կատարէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն) գլխաւոր սրահին մէջ 

Տարօն Ա. քհն. Ստեփանեան արարողութիւնը կը գլխաւորէ Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ

Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան Խաղողօրհնէքը կը կատարէ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ 

Ներսէս Ա. քհն. Մանուկեան խաղողները կ՚օրհնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա)

Կոմիտաս Ա. քհն. Պաղսարեան Խաղողօրհնէքը կը կատարէ Թրոյի (Նիւ Եորք) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ
Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեթս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, Անդրանիկ Ա. քհն. Պալճեան Խաղողօրհնէքը կը կատարէ 

Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ (Կլենվիւ, Իլինոյ), Շահէ արք. Փանոսեան, Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Բէնդէզեան եւ Տ. Անդրէաս քհն. Կարապետեան կը մասնակցին Խաղողօրհնէքին

Տ. Ստեփան քհն. Պալճեան Խաղողօրհնէքը կը կատարէ Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ 

Տ. Սարգիս քհն. Ագթաւուգեան խաղողը կ՚օրհնէ Պեթեստայի (Մէրիլէնտ) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ

Տ. Հրանդ քհն. Գէորգեան Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը կը կատարէ՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիթրոյիթ) սարկաւագներուն հետ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 25 ՕԳՈՍՏՈՍ
Ա. ԿԻՐԱԿԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 1:39-56
Նոյն օրերուն, Մարիամ ճամբայ ելլելով՝ աճապարանքով գնաց Յուդայի լեռնային շրջանի քաղաքներէն մէկը: Հոն Զաքարիայի տունը մտնելով՝ Եղիսաբէթի ողջոյն տուաւ: Երբ Եղիսաբէթ Մարիամի ողջոյնը լսեց, իր որովայնին մէջ երեխան շարժեցաւ, եւ Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով ներշնչուած՝ բարձրաձայն ըսաւ.
 
Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ: Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ’այցելէ. որովհետեւ երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ: Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին:
 
Մարիամ ըսաւ.
 
«Տէրը պիտի գովաբանեմ.
Ահա հոգիս կ’ուրախանայ
Աստուծմով, իմ Փրկիչովս,
որովհետեւ ան տեսաւ
իր աղախինին հեզութիւնը:
Ասկէ ետք բոլոր սերունդները
երանի պիտի տան ինծի,
քանի հզօրն Աստուած ինծի համար
մեծամեծ գործեր կատարեց.
սուրբ է անունը անոր:
Բոլոր ժամանակներուն մէջ
ողորմութեամբ ան կը նայի
աստուածավախ մարդոց վրայ:
Իր բազուկով ան զօրութիւն ցոյց տուաւ,
ոչնչացուց հպարտները՝
իրենց բոլոր խորհուրդներով:
Գահազրկեց արքաները
եւ բարձրացուց խոնարհները:
Անօթիները բարիքներով լիացուց,
մինչ հարուստները դատարկաձեռն արձակեց:
Պաշտպան եղաւ իր ծառային՝ Իսրայէլի,
հաւատարիմ մնալով իր ողորմութեան,
ինչպէս որ խոստացած էր մեր հայրերուն՝
Աբրահամի եւ անոր զաւակներուն»:
 
Մարիամ Եղիսաբէթի մօտ շուրջ երեք ամիս մնալէ ետք վերադարձաւ իր տունը:
 
Բ. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:16-7:1
Ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններուն միջեւ:
 
Արդարեւ, մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած ինք ըսաւ.-
«Անոնց մէջ պիտի բնակիմ
եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ:
Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ
եւ անոնք՝ իմ ժողովուրդս»:

Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կը հրահանգէ մեզի.-
«Անջատ եւ հեռո՛ւ կեցէք հեթանոսներէն.
պիղծ բաներու մի՛ դպչիք,
եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ:
Ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ
եւ դուք իմ տղաքս ու աղջիկներս պիտի ըլլաք,-
կ’ըսէ ամենակալ Տէրը»:
Սիրելինե՛ր, այս խոստումները մեզի եղած են: Ուստի հեռո՛ւ մնանք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ, մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք՝ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով:
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Առակներ 11:30-12:4
Զաքարիա 2:10-13

ՍՈՒՐԲ ՅՈՎԱԿԻՄ ԵՒ ԱՆՆԱ ԵՒ ԻՒՂԱԲԵՐ ԿԱՆԱՅՔ
Երեքշաբթի, 27 Օգոստոսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշատակէ Աստուածամօր Մարիամի ծնողները՝ Յովակիմ եւ Աննա սուրբերը։ Բարպաթիրի որդի Յովակիմ՝ Դաւիթ թագաւորի շառաւիղ մըն էր, որուն Աստուած յայտնած էր, թէ աշխարհի Փրկիչը անոր շառաւիղներուն ընդմէջէն պիտի ծնէր։ Աննա Լեւիի ցեղի յետնորդ էր՝ հօր կողմէ, եւ Յուդայի ցեղի՝ մօր կողմէ։ Տարիներու ամուսնութենէ ետք, Յովակիմ եւ Աննա անզաւակ մնացած էին։ Ի վերջոյ ապաւինելով Աստուծոյ կամքին՝ Յովակիմ ծոմ պահեց քառասուն օր անապատին մէջ եւ երկուքն ալ աղօթեցին զաւակի մը համար։ Հրեշտակ մը յայտնուեցաւ իւրաքանչիւրին յայտնելով, թէ հակառակ անոնց յառաջացած տարիքին՝ աղջկան մը ծնողքը պիտի ըլլային։

Միեւնոյն օրը, Եկեղեցին կը յիշէ իւղաբեր կիները։ Այս ութը կիները չորս Աւետարաններուն մէջ յիշուած են որպէս իւղ եւ զմուռս բերողները, որոնք տարբեր դերեր ունէին Քրիստոսի քարոզչութեան, Խաչի մօտ եւ գերեզմանին՝ ՝ Զատկուան առաւօտեան։ Ութը կիներն էին՝ Մարիամ Մագթաղենացի, Մարիամ (Աստուածամայր), Եոհաննա, Սողոմէ, Մարիամ (Կլէոպասի կինը), Սուսաննա, Մարիամ Բեթանիացի եւ Մարթա Բեթանիացի։

Խունկ ու զմուռսը «թագաւորական ընծաներ»ն էին՝ ոսկիէն աւելի արժէքաւոր։ Զմուռսը յաճախ կը յիշուի Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ։ Ինչպէս յայտնի է, երեք մոգերը ոսկի, խունկ եւ զմուռս բերած էին Մարիամին՝ իբրեւ երախտագիտութիւն Աստուծոյ Որդիին ծնունդ տուած ըլլալուն համար։ Զմուռսը երբեմն կը յիշուի Յիսուսի կեանքին ընթացքին. «Հոն զմուռսով խառնուած գինի տուին իրեն» (Մարկոս 15:23)։ Անոր մահէն ետք, «Նիկոդեմոս իրեն հետ շուրջ երեսուն քիլօ հալուէով խառն զմուռս», որ գործածուեցաւ Յիսուսի մարմինը թաղման պատրաստելու համար (Յովհաննէս 19:39)։

Հայց. Եկեղեցւոյ՝ Յովակիմին եւ Աննայի նուիրուած կանոնը կ՚ըսէ.

«Որ նախիմաց իմաստութեամբ տնօրինեցեր զխորհուրդ սուրբ եկեղեցւոյ. խորագոյն արկեալ հիմունս հաստատութեան զդասս արդարոց. աղաչանօք սոցա խնայեա ի մեզ։
Որ զօրհնութիւն նախաստեղծիցն աստուածազոյգ արուաց եւ իգաց. պայծառացեալ վայելչապէս ծաղկեցուցեր այսօր ի Յովակիմ եւ ի յԱննա. աղաչանօք սոցա խնայեա ի մեզ։
Որ զխոստումն Աբրահամու նահապետին մեր ըստ հոգւոյ. քահանայական եւ թագաւորական գաւազանացն միացեալ ցուցեր այսօր ի յԱննայէ. աղաչանօք սոցա խնայեա ի մեզ։
Անսկիզբն աստուած անճառելի անբաւ զօրութիւն. որ ի սկզբանէ յաւիտենից խնամարկեցեր զորդիս Ադամայ. գերագոյն այսօր շնորհիւ փայլեալ ցուցեր ծննդեամբ զմայր միածնիդ քո ընտրելոյ. աղաչանօք սորա խնայեա ի մեզ»։

(Դուն որ նախագէտ իմաստութեամբ սուրբ եկեղեցւոյ խորհուրդը տնօրինեցիր եւ արդարներուն դասերը խորագոյն հաստատ հիմք դրիր, անոնց աղաչանքներով ողորմէ մեզի։
Դուն որ նախաստեղծ աստուածազոյգ արուներուն եւ էգերուն օրհնութիւնը այսօր վայելուչ պայծառութեամբ Յովակիմի եւ Աննայի միջոցաւ ծաղկեցուցիր, անոնց աղաչանքներով ողորմէ մեզի։
Դուն որ մեր հոգեւոր նահապետին՝ Աբրահամին քու ըրած խոստումը քահանայական եւ թագաւորական իշխանութիւններուն միացած ցոյց տուիր այսօր Աննայէն, անոնց աղաչանքներով ողորմէ մեզի։
Անսկիզբ Աստուած, անճառելի անբաւ զօրութիւնռ, դուն որ յաւերժի սկիզբէն Ադամին որդիները խնամեցիր, այսօր քու ծննդեամբդ՝ գերագույն շնորհքով փայլած Միածնիդ ընտրեալ մայրը ցոյց տուիր. անոր աղաչանքներով ողորմէ մեզի)։

Ս. ԵՐԵՄԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷ
Հինգշաբթի, Oգոստոս 29-ին, Հայ Եկեղեցին կը յիշէ Հին Կտակարանի գլխաւոր մարգարէներէն մէկը՝ Երեմիան։ Անոր գրուածքները հաւաքուած են Հին Կտակարանին Մարգարէութիւն Երեմիայի, Ա ․ եւ Բ․ Թագաւորներու եւ Ողբք Երեմեայ գիրքերուն մէջ: Աստուած Երեմիային նշանակեց դիմակայելու Յուդային եւ Երուսաղէմին՝ կուռքերու երկրպագութեան եւ ուխտի այլ խախտումներու համար, որոնք նկարագրուած են Գիրք Օրինացին մէջ: Երեմիա գալիք աղէտին պատճառը բացատրելու պարտականութիւնը ունէր՝ Բաբելոնեան բանակին կողմէ ոչնչացումն ու գերութիւնը. «Եւ երբ ժողովուրդդ ըսէ. “Ինչո՞ւ Տէրը՝ մեր Աստուածը, այս բոլորը ըրաւ մեզի” դուն իրենց պիտի ըսես, “Քանի որ դուք լքեցիք զիս եւ ծառայեցիք օտար աստուածներու ձեր երկրին մէջ, այնպէս որ օտարներուն պիտի ծառայէք՝ անոնց երկրին մէջ, որ ձերը չէ”»:

ՆԱՄԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Նամակներէն նմոյշներ ներկայացնելով, անոնց անունները միայն կը յիշենք՝ ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Այս շաբթուան նամակը գրուած է երեք տարեկան Գայիանէին անունով, որ տակաւին հովանաւոր չունի, բայց առժամաբար օժանդակութիւն կը ստանայ Առաջնորդարանի «Փօլա Հարթ» հիմնադրամին միջոցով։ 
Բարեւ, յարգելի հովանաւոր,
 
Քանի որ ես 3,5 տարեկան եմ, խնդրել եմ իմ փոխարէն քեզ գրի հայրիկս։ Ես Գայիանէն եմ, ծնուել եմ ք. Երեւանում, 3,5 տարեկան եմ, ապրում եմ տատիկիս եւ հայրիկիս հետ։ Յաճախում եմ մանկապարտէզ, սիրում եմ խաղալ ընկերներիս հետ, զբօսնել, նկարել եւ շատ չարութիւններ անել։ Ինձ տատիկս է խնամում, բայց ինքն էլ խնամքի կարիք ունի։ Մայրիկս գնացել էր ինձ քոյրիկ բերելու, բայց ոչ մայրիկս եկաւ ինձ մօտ, ոչ էլ քոյրիկս։ Հայրիկս ասում է որ նրանք շատ հեռու են եւ յաճախ են ինձ տեսնում, ես շատ եմ կարօտում մայրիկիս։

Յարգելի հովանաւոր, ես շատ եմ ուզում պարի կամ լողի հետեւել եւ յոյս ունեմ քո օգնութեամբ կը կարողանամ։

Շնորհակալ եմ շատ, որ օգնում ես իմ նման շատ բալիկների։

                                                                                   Գայիանէ [գրուած՝ հօր կողմէ]
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք որբ մը հովանաւորել, հաճեցէք կապուիլ Առաջնորդարանին հետ։ Կրնաք Սոֆիին դիմել ելեկտրոնային նամակով ([email protected]) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։  

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
Միացեալ Նահանգներու Հայաստանի դեսպանատունը եւ ՄԱԿի Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը համայնքը կը հրաւիրեն մասնակցելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան տաճարի «Հայկ եւ Ալիս Գաւուքճեան» սրահին մէջ (630 2nd Avenue, New York, NY 10016): Հաճեցէք արձանագրուիլ մինչեւ Սեպտեմբեր 20՝ https://bit.ly/30pCIYi  կայքէջին մէջ։
ԱՐԹՈՒՐ ԱԴԱՄՈՎ (ծնունդ՝ 23 Օգոստոս, 1908)
Անհեթեթին թատրոնը 1950-1960ական թուականներու թատրոնի յառաջադէմ ուղղութիւններէն մէկն էր, որ Բ. Աշխարհամարտի պատճառած մեծ ցնցումէն ծնունդ առած է։ Անոր հիմնադիրներէն մէկը Ֆրանսա հաստատուած հայազգի գրագէտ մըն էր՝ Արթիւր (Յարութիւն) Ադամով։

Ապագայ գրագէտը ծնած է 23 Օգոստոս, 1908ին Կիսլովոդսկի մէջ (իր հանքային ջուրերով նշանաւոր քաղաք մը հիւսիսային Կովկասի մէջ)։ Հայրը՝ Սուրէն Ադամով (Ադամեան), ղարաբաղցի էր ու նաւթահորերու տէր։ Իր ինքնակենսագրական վէպերէն մէկուն մէջ, Ա. Ադամով պիտի գրէր. «Մոռցայ ըսել, թէ ընտանիքս հայկական ծագում ունի։ Ժամանակին, նոյնիսկ խօսած եմ այդ լեզուն…»։ 1914ին Ադամով ընտանիքը Ռուսաստանը ձգած ու Գերմանիա հաստատուած էր, ուր Արթիւր յաճախած է ֆրանսական դպրոց մը։ Սակայն, ռուսահպատակ ըլլալուն պատճառով, ընտանիքը պարտաւորուած էր ձգել Գերմանիան ու փոխադրուիլ Զուիցերիա, ուր ապրած են մինչեւ 1922։ Միջոցին, սակայն, Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնը ճակատագրական եղած է Ադամովներուն համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց գրեթէ ամբողջ հարստութիւնը։ Սուրէն Ադամով, որ ծանօթ խաղամոլ էր, այդ հարստութեան վերջին մնացորդները թղթախաղի մէջ պիտի կորսնցնէր, անձնասպան ըլլալով 1933ին։

1922ին, Ադամով ընտանիքը փոխադրուած էր Ֆրանսա, երկու տարի ետք Փարիզ հաստատուելով։ Արթիւր Ադամով իր կեանքը պիտի անցընէր ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ։ Տարագիր կեանքի դառնութիւններն ու զրկանքները վճռական պիտի դառնային անոր աշխարհահայեացքի կազմաւորման մէջ։ 1920ականներու վերջաւորութեան, ան պիտի միանար գերիրապաշտ շարժումին, բարեկամութիւն հաստատելով հռչակաւոր բանաստեղծ Փօլ Էլիւարի հետ։ Նաեւ խմբագրած է գերիրապաշտ Discontinuité հանդէսը։ Գերիրապաշտ ոճով գրուած անոր առաջին բանաստեղծութիւնները իր յոռետեսութեան արտայայտութիւնն են։ 1930ական թուականներուն, Ադամով գործօն կերպով մասնակցած է Ֆրանսա կազմուած ֆաշական խումբերուն դէմ պայքարին։ 1938ին, ջղային խանգարում մը ունեցած է, որուն ցոլացումը արձանագրած է ինքնակենսագրական «Խոստովանութիւնը» գործին մէջ, որ գրուած է 1938-1943ին եւ հրատարակուած՝ 1946ին։ Այս գործը անոր օտարումի զգացողութիւնը պարզած է, նախապատրաստելով անհեթեթի թատրոնի ամենէն զօրաւոր գործերէն մէկ քանին։ Գերմանական գրաւումէն ետք, շուրջ տարի մը անցուցած է Արժելի կեդրոնացման ճամբարին մէջ (հարաւային Ֆրանսա)։

Յետպատերազմեան շրջանին, շուէտացի թատերագիր Օկիւստ Ստրինտպէրկի եւ Ֆրանց Քաֆքայի ազդեցութեան տակ, Ադամով ձեռնարկած է թատերագրութեան։ Անոր առաջին թատերախաղը եղած է՝ «Ծաղրանմանութիւնը» (1947)։ Անոր ամենածանօթ գործերէն մէկուն՝ «Փրոֆեսոր Թարան»ի (1953) գլխաւոր կերպարը կը մեղադրուի զանազան յանցանքներով։ Երբ զանոնք կը մերժէ, այդ մերժումները կը դառնան նոր չարագործութիւններու ապացոյց։ Ադամովի ամենածանօթ թատերախաղը եղած է «Փինկ-փոնկ» (1957)։ Ուշ գործերը («Փաոլօ Փաոլի», 1957,«Գարուն-71», 1961, «Աղբի քաղաքականութիւնը», 1963) ծայրայեղ քաղաքական յայտարարութիւններ բերած են՝ թատերական փորձարարութեան մշտական հետաքրքրութեան կողքին։ 1960ական թուականներուն նախ՝ համայնավար, ապա՝ ծայրայեղ ձախակողմեան գաղափարներու յարած է։ Գերմանացի հեղինակներու եւ ռուս դասականներու կարգ մը գործեր ֆրանսերէնի թարգմանած է։

Կեանքի վերջին տարիներուն, Ադամով սկսած է խմել եւ թմրեցուցիչ գործածել, մինչ Անհեթեթի գլխաւոր եռեակին միւս անդամները՝ Սամուէլ Պէքէթ եւ Էօժէն Իոնեսկօ, համաշխարհային ճանաչումի պիտի արժանանային։ Պէքէթ Նոպէլեան մրցանակ ստացած է 1969ին, իսկ Իոնեսկօ Ֆրանսական Ակադեմիա մտած է 1970ին։ Սակայն, մոռցուած, մենակեաց եւ աղքատութեան մէջ մնացած Արթիւր Ադամովը մահացած է Փարիզ, 16 Մարտ, 1970ին։ Մահուան պատճառը կրնայ եղած ըլլալ արկածով անձնասպանութիւն մը՝ թմրեցուցիչ դեղերու աւելորդ քանակ մը առնելու հետեւանքով։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org    
PIPE Ի ՄԸ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԻՄԱՍՏՆԵՐԸ

Ամէն լեզու ունի «խանգարող» բառեր, որոնք նոյն ձեւով կը գրուին ու կը հնչուին, բայց բազմաթիւ տարբեր իմաստներ կ՚ունենան։ Կը խանգարեն, որովհետեւ երբ ձեզի կը հարցնեն անոր իմաստը, միայն կրնաք պատասխանել, եթէ իմանաք ի՞նչ ծիրի մէջ կը գործածուի։

Այդպիսի օրինակներէն մէկը անգլերէն  pipe  բառն է, որ կու գայ լատիներէն * pipa  բառէն («խողովակ, խողովակի ձեւով նուագարան»)։ Բայց, ինչպէս յայտնի է, անգլերէն բառը նաեւ կը գործածուի անուանելու համար ծխելու գործիք մը, հեղուկի անցք մը կամ գինիի կարաս մը։ Շատ դիւրին է ըսել  «Ես փայփ կը ծխեմ»,   «Փայփը պայթեցաւ»   կամ  «Գինիի փայփը պարպեցի»,  կարծէք  փայփ  հայերէն բառ մը ըլլար։

Այո, եթէ հայերէնը չէք գիտեր կամ ձեր միտքը չի գար, կրնաք  փայփ ը գործածել իբրեւ ժամանակաւոր փոխառութիւն, բայց երբեմն-երբեմն բառարան բանալը… մտային խանգարում չի պատճառեր։

Այդ պարագային, դուք պիտի նշմարէք, որ «խողովակ» բառը արդէն Աստուածաշունչի թարգմանութեան մէջ ներկայ էր՝ Ե. դարուն։ (Ծագումը անորոշ է, թերեւս նախահնդեւրոպական արմատի մը հետ առնչուած է)։ Հետեւաբար, եթէ դժբախտութիւն մը ունենաք եւ տան մէկ խողովակը պայթելու ըլլայ, յաջորդ անգամ կրնաք ըսել «Խողովակը պայթեցաւ» ։

Գինիի պարագան աւելի դիւրին է։ Անգլերէն  barrel, cask  կամ  pipe  բառերուն համապատասխան հայերէնը «տակառ»ն է (հարկաւ՝ նաեւ կարելի է «կարաս» ըսել)։ Եթէ  պարմիլ  կը գործածէք, կարծելով, որ ասիկա անգլերէն  barrel  բառին մօտիկ հայերէն բառ մըն է, շա՛տ սխալ էք։ Արդարեւ, այդ բառը միայն կարելի է լսել միջին արեւելքցի հայերու բերնէն. barrel  բառի  արաբերէնը ։

Ա՛լ աւելի դիւրին է  pipe  նուագարան գործիքի պարագան, որ անգլերէն  flute  բառի հոմանիշն է։ Հետեւաբար՝ հայերէնը «սրինգ» կ՚ըլլայ։

Վերջապէս, պէտք է անդրադառնալ ծխելու գործիքին։ Ծխելու սովորութիւնը կը թուի բաւական արդիական եղած ըլլալ մեր մէջ, թէեւ  pipe երու նմանող գործիքներ հին ժամանակներէ գտնուած են աշխարհի զանազան կողմեր։ Հայերէն համապատասխան բառը գրաբարի մէջ չկայ։ Բարդ բառ մըն է, որ աշխարհաբարի մէջ ստեղծուած է. «ծխամորճ» բարդ բառը կազմուած է հինաւուրց «ծուխ» բառով, որուն միացած է ուրիշ հին բառ մը՝ «մորճ» («դալար ճիւղ»), որ այլեւս չի գործածուիր եւ որ միայն կեանքի կու գայ ամէն անգամ, որ դուք ծխախոտ կը դնէք… ձեր ծխամորճին մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org    

ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓ
Խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները յղեցէք [email protected] հասցէին։ Հաճոյքով կը հրատարակենք մեր ստացած նամակները։

Կը յիշեցնենք, որ Crossroadsին նիւթեր յանձնելու պայմանաժամը Չորեքշաբթի կէսօր է։

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Այս տարուան սկիզբը, Ազգ. Առաջնորդարանը լուսանկարներ եւ կարեւոր փաստաթուղթեր թուայնացնելու խիստ անհրաժեշտ գործընթացի մը ձեռնարկեց։ Պարբերաբար մեր արխիւներուն մէջ գտնուող հետաքրքրական նիւթեր պիտի բաժնեկցինք ընթերցողներուն հետ։
1993 Նոյեմբերին, Ազգ. Առաջնորդարանը Կիլիկիոյ հայկական պետութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը հովանաւորեց։ Եռօրեայ գիտաժողովը Նիւ Եորքի French Institute / Alliance Françaiseի մէջ տեղի ունեցաւ, քով-քովի բերելով Եւրոպայէն, Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն եւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկայէն ականաւոր գիտնականներ։ Դասախօսութիւններուն կողքին, գիտաժողովը նաեւ կ՚ընդգրկէր Հրանդ Մարգարեանի «Հեթում թագաւոր» թատերախաղին առաջին ցուցադրութիւնը, Waverly Consort նուագախումբին կողմէ միջնադարեան երաժշտութեան համերգ մը եւ կիլիկեան շրջանի կերակուրը, հագուածքն ու յարդարումը յիշեցնող փակման ճաշկերույթ մը։ Զարմանալիօրէն, բոլոր դասախօսութիւններուն ու ձեռնարկներուն տոմսակները սպառած էին քանի մը շաբաթ առաջ։

Ձախէն աջ, նստած՝ փրոֆեսոր Փիթըր Քաուի, փրոֆեսոր Հրաչ Զատոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ., թեմիս օրուան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Աշճեան, եւ փրոֆեսոր Նինա Կարսոյեան, որ այս առիթով ստացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալը։ Անոնք շրջապատուած են մասնակցող գիտնականներով։
 
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
7 Սեպտեմբեր —Նուարքի Արուեստի թանգարանը կը ներկայացնէ երգահան Միշէլ Էքիզեանի «Կորքիի երազային պարտէզը»՝ սիրոյ, քաջութեան եւ արդի արուեստի երաժշտա-թատերական օփերան, հիմնուած՝ Արշիլ Կորքիի կեանքին վրայ, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին։ Հասցէ՝ Newark Museum of Art, 49 Washington Street, Newark, New Jersey։ Օփերային մուտքի սակը ներառեալ է թանգարանի մուտքի վճարումին մէջ։ Տեղեկութիւններու համար՝  www.newarkmuseum.org կամ 973-596-6550։

8 Սեպտեմբեր —Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսեթս)։ Տարեկան դաշտահանդէս՝ կէսօրէն մինչեւ ժամը 5:30, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Խաչի թափօր՝ ժամը 2:30ին։  

22 Սեպտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէս եւ գնդ. Չարլզ Ալեքսի 100րդ տարեդարձի անակնկալ տօն՝ եկեղեցւոյ սրահին եւ տարածքին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00էն մինչեւ ժամը 4:00։

28 Սեպտեմբեր —Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը կը ներկայացնէ երգչուհի Լիլիթ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ՝«Նայիրի» պարախումբի յատուկ ելոյթ։ Երեկոյեան ժամը 8:00ին, Felician University, Breslin Hall, Lodi, New Jersey։ Տոմսակները միայն առցանց կը վաճառուին՝ yap.events/lilithovhannisyan։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
 
12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
 
19 Հոկտեմբեր —Հրանդ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան 65ամեակ եւ ծննդեան 80րդ տարեդարձ։ Theatre in the Park, Flushing Meadows, Queens, New York, երեկոյեան ժամը 7:05ին։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 
                                                           
9-10 Նոյեմբեր —Armenian Fest 2019։ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարեկան ճաշերու փառատօն, Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston։ Շաբաթ՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 401-831-6399։

17 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
 
13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։   

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/