23 Յուլիս, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ
ԱՐՑԱԽԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ
Այսօր, Հինգշաբթի, 23 Յուլիսին, ԱՄՆի Ներկայացուցիչներու Տունը վաւերացուց հայանպաստ բանաձեւ մը, զոր ներկայացուցած էին հայկական խմբաւորման համատենապետուհի Ճէքի Սփայըր, ներկայացուցիչներ Թ. Ճ. Գոքս, Կաս Պիլիրաքիս, Ռաժա Քրիշնամուրթի եւ աւելի քան 35 պաշտօնակիցներ, որպէսզի շարունակուին ականազերծման աշխատանքները Արցախի մէջ։
 
Արցախի մասին սրբագրութիւնը (amendment) Ներկայացուցիչներու Տան թիւ 7608 բանաձեւին 1.400.000 տոլար կը յատկացնէ HALO Trustի կողմէ ականազերծման ջանքերուն։ Ներկայացուցիչներու Տան Կանոններու յանձնաժողովի ատենապետ ատենապետ Ճիմ Մաք Կովըրն վճռական դեր ունեցաւ, թոյլ տալով սրբագրութեան քուէարկութիւնը, հակառակ ազերիամէտ  լոպպի ի ուժեղ առարկութիւններուն։  

Միացեալ Նահանգները 1998էն սկսեալ Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու նիւթական բաժինը ապահոված է, հայթայթելով ըմպելի ջուր գիւղական համայնքներու համար, մայրական եւ մանկական առողջապահութեան աջակցութիւնը եւ ականազերծման օժանդակութիւն։ HALO Trustը ականազերծման աշխատանքով զբաղած է 2001էն։ Մօտ 20 տարուան ընթացքին, մաքրած է 61.000 ականներ՝ ականային դաշտերու 62.000 օրավար (acre) վերածելով արտադրական հողամասերու։ Ամերիկեան օժանդակութիւնը 2003էն ի վեր նաեւ ապահոված է Արցախի իւրաքանչիւր աշակերտի դաստիարակութիւնը ականներու վտանգին մասին։

Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը Արցախի տրուող ամերիկեան օժանդակութեան դէմ բուռն պայքար մղած է երկար տարիներէ ի վեր, իսկ ամերիկեան կառավարութիւնը միացած է այդ պայքարին վերջին երկու տարիներուն, մինչ կ՚աւելցնէ  պաշտպանութեան եւ ապահովութեան հետ կապուած՝ Պաքուի տրուող օժանդակութիւնը։ 

Յոյն-ամերիկեան ղեկավարութեան խորհուրդը եւ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» կազմակերպութիւնը նոյնպէս զօրավիգ կանգնեցան այս հայանպաստ սրբագրութեան։ 

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայիս կ՚աշխատի ամերիկեան Ծերակոյտի ղեկավարներու հետ՝ Արցախի օգնութիւնը մուծելու համար 2021ի օտար օժանդակութեան բանաձեւին մէջ։  

ՈՒՂԻՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Համայն մարդկութիւնը մինչ կը պայքարի անտեսանելի թշնամի՝ պսակաձեւ ժահրին դէմ , դժբախտաբար Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը՝ իր ներքին ձախորդութիւնները պարտկելու նպատակով Հայաստանի դէմ ձեռնարկած է ռազմական գործողութիւններու։ Ազերի իշխանութիւնները իրենց իսկ խոստովանութեամբ կը հաւատան ու կը յայտարարեն թէ Զօրութիւնը Իրաւունք է։ Բարեբախտաբար, իւրաքանչիւր յարձակում մեր Հայրենիքին դէմ ձախողութեան մատնուած է քաջարի Հայ զինուորին կողմէ։ Անցնող երկու շաբաթներուն տեղի ունեցած կռիւներուն արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ Ազերի կառավարութիւնը միայն մէկ ճանապարհ ունի՝ հաշտարար սեղանի շուրջ նստիլ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն հետ, եւ աշխատիլ փոխադարձ հասակացողութեամբ լուծել ներկայ տագնապը։ Կը հաւատանք որ ասիկա միակ ճիշդ ձեւն է տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում ստեղծելու համար։ 

Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի
ԱՅՆՔԱՆ ՇԱՏ ՊԱՐՏՔ՝ ԱՅՆՔԱՆ ՔԻՉԵՐՈՒ
Ատրպէյճանի ուժերը հերթական անգամ անցեալ շաբաթէն դիմած են յարձակման, այս անգամ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան բուն տարածքին վրայ, թիրախ դարձնելով հայ քաղաքացիները, իրենց տուներն ու ագարակները, ինչ որ բնորոշ է Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին նման բռնատիրութիւններու համար։ Ատրպէյճանը հետեւողականօրէն դասակարգուած է աշխարհի ամենէն եղծանուած (corrupt) երկիրներու շարքին, բայց նաեւ ամենէն բռնատիրականներէն մէկն է։ Ամէն տեսակ ազատութիւններ կրճատուած են ի շահ Ալիեւի ու իր ընտանիքին, որ նաեւ կը սպառէ քարիւղի այն հարստութիւնը, որուն վրայ նստած է իրենց երկիրը։ 

Այս բոլորը, սակայն, յաւելուածական է։ Կարեւորը այն է, որ Հայաստան ետ մղած է այս յարձակումները, ցարդ վճարելով հինգ զինուորներու արեան գինը։Իւրաքանչիւր կեանք անգին է, եւ սակայն, ցեղասպանութենէն ետք, թրքական (կամ ատրպէյճանական, որ գրեթէ նոյն բանն է) յարձակումի զոհ գացող ամէն հայ կեանքով՝ հին վէրքերը վերստին կը բացուին։ «1.500.000 + 1»ի զգացում մըն է, ինչպէս որ եղած էր Հրանդ Տինքի ոճիրի պարագային։ 

Միաժամանակ, ասիկա մեր վճռակամութիւնը կը վերահաստատէ մեր հասարակաց թշնամիներուն դէմ յանդիման։ Որովհետեւ, չսխալինք, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը միացած են այս գործին մէջ, ինչպէս Պաքուի մէջ տեւաբար քաջալերուող հակահայ հռետորաբանութիւնը ցոյց կու տայ խօսուն կերպով։ Ասիկա խոր հետեւանքներ ունի պատմական ներկայ հանգոյցին, որովհետեւ անգամ մը եւս իր գլուխը կը ցցէ երբեմնի այն հրէշը (թուրք բռնատիրական պետութեան պարբերաբար կրկնուող համաթրքութիւնը), որ մեր ազգը ոչնչացման եզրին բերած էր։ 

Այա Սոֆիա Մայր Տաճարի սրբապղծումը՝ մզկիթի վերածումով, որպէս վերջին նմոյշ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ բռնագրաւուած հողերու այնքան հայկական եկեղեցիներու ճակատագրին, ատրպէյճանական յարձակումը եւ թրքական իշխանութիւններուն հաւանութիւնը մաս կը կազմեն Ռէճէպ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգի նոր-օսմանեան օրակարգին։  

Մեր թշնամիներուն բուն դէմքը կը տեսնենք անգամ մը եւս, մինչ կ՚աղօթենք Հայաստանի ու աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար։ Ռազմաճակատին մէջ զոհուած մեր երիտասարդ զինուորները ողջ կը պահեն մեր հայրենիքը բոլոր հայերուն համար, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Ինչպէս Չըրչիլի հռչակաւոր խօսքը կ՚ըսէր՝ գոյութենական այլ պատերազմի մի ընթացքին, «այնքան շատ մարդիկ երբեք այնքան շատ պարտք չեն ունեցած այնքան քիչ մարդոց»։ 

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝
Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 26 Յուլիսին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին եւ քարոզէ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Պատարագը պիտի մատուցանէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։

ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Կիրակի, Յուլիս 19ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր կը տօնախմբէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպման կամ Պայծառակերպութիւն տօնը, որ անվարան կրնանք անուանել երկրի վրայ երկնային գերերջանիկ բարիքներու նախաճաշակման բացառիկ տօնը։ Այս մասին կը կարդանք Մատթէոսի Աւետարանի 17րդ գլխուն մէջ (1-9 համարները) դրուագ մը՝ հոյակապ գանձ մը, որ կը լուսաբանէ հոգեւոր կեանքի փնտռտուքի ճամբուն վրայ յարուցուած բազմազան առեղծուած նկատուող հարցեր, եւ կը պայծառակերպէ մեր մտածողութիւնը, համոզումներն ու կեանքի նպատակակէտը։

Յիսուս, իր հետ առնելով իր երեք առաքեալները՝ Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, լեռ մը կը բարձրանայ եւ հոն կ՚այլակերպի անոնց դիմաց: Իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր կը դառնայ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ կ՚ըլլան։ Առաքեալները Յիսուսի կողքին կը տեսնեն Մովսէսն ու Եղիան, որոնք կը խօսին Իր հետ։ Պետրոս կ՚ըսէ Յիսուսին. «Տէր, ի՜նչ լաւ կ՚ըլլայ որ հոս մնանք. եթէ կ՚ուզես երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար»։ Աւետարանի ընթերցումը կը շարունակուի այս բոլորին վաւերացումը յայտարարող երկնային վկայութեամբ, թէ՝ «այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ, Անոր մտիկ ըրէք»։ Այնուհետեւ դրուագը կ՚եզրափակուի երբ Քրիստոս դարձեալ կը մնայ իր երեք աշակերտներով, որոնց կը պատուիրէ մինչեւ իր յարութիւնը այս մասին ոչ ոքի պատմել։

Մովսէս ու Եղիա մարգարէներու երեւումը՝ Քրիստոսի կողքին, կը լուսաբանէ հաւատքի վերաբերեալ կարեւոր կէտ մը։ Հին Կտակարանի հաշուարկումով, Մովսէս մարգարէ Աստուծոյ հրամանին համաձայն վախճանեցաւ 120 տարեկանին, Ք.Ա. շուրջ 1500 թուականին, իսկ Եղիա հրեղէն կառքով երկինք համբարձաւ, դարձեալ Ք.Ա. շուրջ 800 թուականին։ Արդ, անոնց երեւումը անառարկելի փաստ մըն է որ յետ մահու մեր գոյութիւնը կը շարունակուի։ Այս հասկացողութեամբ Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար մահէն ետք ոչնչանալու, անէանալու (nihilism) եւ կամ վերամարմնանալու (reincarnation) ուսուցումները բացարձակապէս տեղ չունին։ Ընդհակառակը՝ միեւնոյն անձնաւորութեան երկրաւոր կեանքի ուխտագնացութիւնը կը շարունակուի, Պօղոս Առաքեալի բնութագրումով՝ «փառաւորեալ մարմնով»։

Երկրորդ կէտը որուն կ՚ուզեմ անդրադառնալ՝ Պետրոս Առաքեալի անմիջական արտայայտութիւնն է ի դիմաց Քրիստոսի այլակերպման եւ Մարգարէներուն ներկայութեան անզուգական վայելքին: Առաքեալը մանուկի մը միամտութեամբ եւ հրճուանքով կը բացագանչէ. «Տէր, ի՜նչ լաւ կ՚ըլլայ որ հոս մնանք»: Այո՛, մանուկի մը անմեղութեամբ, որովհետեւ որպէս ծնողներ վստահ եմ վկայած էք, թէ ինչպէս երբ ձեր զաւակները հաճելի խաղընկերներով շրջապատուած ըլլան, որքան դժուար կ՚ըլլայ զիրենք բաժնել այդ շրջանակէն: Եւ ամէն անգամ որ ազդարարէք որ պէտք է մեկնիք, անոնք կ՚աղաչեն ըսելով՝ հայր/մայր քիչ մըն ալ մնանք: Բայց ինչո՞ւ մանուկներու մասին միայն խօսիլ, նոյնիսկ չափահասներս, երբ մեր սիրած բարեկամներով ժամանց կ՚ունենանք, չենք զգար ժամերու սահիլը եւ ցանկալով կը ցանկանք որ ժամանակը կանգ առնէ, եւ սիրոյ ու անկեղծութեան այդ մթնոլորտը անաւարտ ըլլայ: Ահա զգայարանքներով փորձարկուած այս վայելքր նախաճաշակն է այն յարազուարճ, անվերջանալի գերագոյն վայելքին, որ յաւիտեանս պիտի ունենանք երբ Քրիստոսի հետ ըլլանք Իր երկնային փառքին մէջ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Աստուած զինք սիրողներուն համար պատրաստեց այնպիսի փառք մը, որ ոեւէ աչք չէ տեսած, ոեւէ ականջ չէ լսած, եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած» (Ա Կր 2.9)։ Եւ այդ անզուգական երանելի վիճակին նախաճաշակը ունենալու առանձնաշնորհումը ընծայուեցաւ երեք առաքեալներուն, որպէս համոզիչ փաստ՝ բոլոր սերունդներու հաւատացեալներուն:

Այլակերպման տօնին առընթեր, Եկեղեցին պահած է այլ աւանդ մը՝ Հայ Ժողովուրդի նախաքրիստոնէական հաւատքի իւրայատուկ տօներէն մին՝ Վարդավառը, նուիրուած՝ Աստղիկ դիցուհիին, երբ հայորդիք մեծ խանդավառութեամբ զիրար կ՚ողջունէին իրարու վրայ ջուր սրսկելով եւ վարդեր սփռելով։ Արդարեւ, մեր նախնեաց հաւատքին մէջ կը գտնենք սերմերը վեհ սկզբունքներու, ինչպիսիք են՝ մաքրութիւնը, պարկեշտութիւնը եւ այլ առաքինութիւններ:

Քրիստոնէական եւ նախաքրիստոնէական տօներու պահպանումը եւ ոգեկոչումը իրաւ որ մաս կը կազմէ Հայ Եկեղեցւոյ իւրայատուկ նկարագրին, ինչ որ առիթ կ՚ընծայէ, որ մենք աւելի գիտակից գուրգուրանքով վերաբերինք մեր մայր եկեղեցւոյ հանդէպ: Արդարեւ, շատ յաճախ անտեղի սուր կը ճօճուի, թէ մեր ժողովուրդի քրիստոնէացմամբ բնաջնջուեցաւ մեր նախնեաց հարստութիւնը: Այսօրուան տօնախմբումը, սակայն, հերքումն է այդ անհիմն մեղադրանքին եւ անժխտելի փաստն է այն ճշմարտութեան, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին այնքան հմտութեամբ բիւրեղացուցած, ընդելուզած ու պահպանած է նախաքրիստոնէական աւանդութեանց թանկագին տարրերը: Դարձեալ, անոնք որ բախտաւորութիւնը ունեցած են ուխտագնացութեամբ գտնուիլ Սուրբ Էջմիածին եւ Մայր Տաճարի ներքեւ այցելել, այնտեղ տեսած են դեռ եւս պահպանուած հեթանոսական մեհեանի մնացորդացը, որ ինքնին կը հաստատէ նոյն իրողութիւնը: Արդարեւ, քարոզի մը սահմաններուն մէջ կարելի չէ մի առ մի թուել Հայ եկեղեցւոյ ցուցաբերած լայնախոհութիւնը իր անցեալի ժառանգին հանդէպ։ Բաւ է ըսել, թէ սերունդէ սերունդ ամենայն գիտակցութեամբ ան փոխանցած է մեր ժողովուրդի ոգիին, նկարագրին եւ ինքնութեան անկորնչելի հարստութիւնը:

Ահա թէ ինչու, երբ փարինք մեր եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր հարստութեան, երբ մեր կեանքը ապրինք մեր եկեղեցւոյ տօներով, սուրբերով ու հաւատքով, մենք մեզ պատսպարած կ՛ըլլանք ոգեղէն այնպիսի պարիսպով որ ո՛չ ժամանակի ու տարածքի եւ ո՛չ ալ հիւծումի ու ձուլումի սպառնալիքները կրնան մեզ մաշեցնել։ Ընդհակառակը՝ մեր մէջ առաւել եւս կ՛աճեցնեն աստուածապարգեւ մեր տաղանդները եւ կը պայծառակերպեն մեր էութիւնը՝ նորանոր նուաճումներ վայելելու:     

Սիրելի հաւատաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր,

Շաբաթէ մը ի վեր մեր հայրենիքը անգամ մը եւս ճգնաժամային վիճակի մատնուեցաւ եւ ողջ հայութիւնը ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի ցնցուեցաւ հարեւան երկրի ներխուժման պատճառաւ, որ հետեւանքն էր տուեալ երկրի ղեկավարութեան ձախող քաղաքականութիւնը ծածկելու փորձին: Անգամ մը եւս փա՜ռք Ամենակալին, փա՜ռք Հայ զինուորին ու բանակին, որ նոր յաղթանակ մը եւս արձանագրեցին Հայ Ժողովուրդի լինելութեան հերոսական երթին մէջ: Որքա՛ն դիպուկ է եւ իրապաշտ դար մը առաջ Բանաստեղծին հաստատումը, թէ՝ «ամպերն այն ձեր շատ շանթեր են արձակած, բայց զգո՜յշ, այս լերան դէմ անձրեւի չվերածուին»: Այո՛, զգո՜յշ, որովհետեւ 1918ի, 1994ի, 2016ի եւ ներկայ 2020 թուականի Հայ զինուորներն ու կամաւորները մրրկածին դիւցազուններ են՝ ծնած ու սնած Հայ հողի ու Հայ նահատակներու արդարութեան կանչով: Օրհնեա՜լ ըլլան Հայ մայրերը, որոնք ծնունդ կու տան նման անմահ հերոսներու, որոնք իրենց կեանքը կը զոհեն հայրենիքի եւ ժողովուրդի յաւերժութեան համար:

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնով պայծառակերպուած՝ գոհութիւն յայտնենք Ամենակալ Աստուծոյ, որ իր պահապան Աջին հովանիով կ՚առաջնորդէ մեր ժողովուրդը դարերու խորախորհուրդ փապուղիներուն ընդմէջէն, եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը. Ամէն:      

Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի
 
ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ - 2020
ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ՝ 
ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ԱՐՇԱՒԸ  
«Շնորհակալութիւն ձեր կատարած աշխատանքին, որպէսզի հաւատքը պահենք եւ յոյս ունենանք ապագայի հանդէպ…», գրած է նուիրատու մը։

Ազգ. Առաջնորդարանս երախտապարտութեամբ կ՚արձանագրէ բազմաթիւ անդամներու եւ բարեկամներու առատաձեռն օժանդակութիւնը, երբ բոլորս աննախընթաց առողջապահական իրավիճակի հետեւանքները կը դիմագրաւենք։ Ազգային տուրքի մեր արշաւի սկզբնական այս շրջանին ձեր նիւթական քաջալերութիւնը մեզ կը խթանէ յարատեւելու մեր յանձնառութեան մէջ՝ մեր ծուխերուն եւ հաւատացեալներուն ծառայելու, մինչ կը յարմարինք համավարակի ընդմէջէն ապրելու իւրայատկութիւններուն։ «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ: Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու (Բ. Կորնթ. 9.7-8):
ԱԶԵՐԻ ՆՈՐ ՍԱԴՐԱՆՔ
Կիրակի, Յուլիս 19ի առաւօտեան, օգտուելով Ս. Պատարագի մատուցման ժամանակէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջն ու ընկերային ցանցերու պաշտօնական էջերը թիրախ դարձան ազերի կայքահէններու (hacker)։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հայոց բանակին ուղղուած կոչերն ու յայտարարութիւնները ըստ երեւոյթին անհանգստացուցած են ազերիները, որոնք քարոզչական արտայայտութիւններ կատարած ենԿաթողիկոսարանի ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ։

Արդարեւ, անոնք կրցած էին ձեռք ձգել Կաթողիկոսարանի  #Instagram -ի պաշտօնական էջը (@holyseeofcilicia)։ Սակայն, շնորհիւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի աշխատակիցներուն, կարելի եղաւ առաջքը առնել յիշեալ հակահայ յարձակումներուն եւ վերականգնել Instagram-ի պաշտօնական էջը։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 26 ՅՈՒԼԻՍ
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՄԱՆ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 3:16-4:1
Ա. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:22-2:5
Եւ թէպէտ Հրեաներ հրաշք կ’ուզեն, իսկ Յոյներ իմաստութիւն կը փնտռեն, մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք, որ գայթակղութիւն է Հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հե­թանոսներուն համար, թէպէտ նոյն այդ Հրեաներէն ու Յոյներէն կանչուած­ներուն եւ դարձի եկածներուն համար՝ անիկա Քրիստոսն է, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը: Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինու­թիւնը, որ Յոյներ յիմարութիւն կ’որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային ոեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ Հրեաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն:

Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց: Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով: Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար. եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները: Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ Աստուած ի՛նքն էր որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբու­թիւնը եւ փրկութիւնը, որպէսզի, ինչպէս մարգարէութեան մէջ գրուած է. «Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ»:
Ես ալ, եղբայրնե՛ր, երբ ձեզի եկայ՝ իմաստասիրական 
մեծ-մեծ խօսքերով չէր որ ձեզի պատմեցի Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին մասին, որովհետեւ միակ նպատակ դրած էի՝ ձեզի ճանչցնել Յիսուսը՝ Քրիստոսը, այսինքն նոյնինքն խաչուած Փրկիչը: Եւ ձեր քով եկած ատենս ալ տկար էի, սաստիկ վախ ու դողի մէջ, եւ իմաստութեան ճարտար խօսքերով չէր որ խօսեցայ կամ քարոզեցի, այլ՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ ներգործու­թեամբ, որպէսզի ձեր հաւատքը հիմնուի Աստուծոյ զօրութեան վրայ, եւ ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան:
 
ՄԱՏԹԷՈՍ 18:10-14
Զգո՜յշ, մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը. գիտցէք, որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հայրս: Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու համար:
 
Ի՞նչ կը կարծէք. եթէ մարդ մը իր հարիւր ոչխարներէն մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր ինըսունինը ոչխարները լեռան վրայ եւ չ’ե՞րթար փնտռելու կորսուած ոչխարը: Եւ եթէ պատահի որ գտնէ, վստահ եղէք որ աւելի՛ կ’ուրախանայ այդ ոչխարին համար, քան թէ ինըսունինը ոչխարներուն համար, որոնք կորսուած չեն: Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չ’ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի:
ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
Այսօր, Հինգշաբթի, 23 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Եսայի մարգարէն տօնը։ Ան յայտնի է իր անունը կրող՝ Հին Կտակարանի ամենէն երկար (66 գլուխ) գիրքին համար։ Եսայի մարգարէ կը կանխատեսէ Մեսիային ծնունդը կոյսի մը կողմէ եւ կը նկարագրէ Մեսիային եկեղեցւոյ տառապանքը։ Յիսուսի շատ մը խօսքեր ը կ՚անդրադառնան այս մարգարէի գիրքին, որ ճանչցուած է իբրեւ Հին Կտակարանի աւետարանիչ, հաշուի առնելով անոր մարգարէութիւնը Քրիստոս Փրկիչի մասին։ Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած չէ, կը կարծուի, որ Եսայի մարգարէն նահատակուած է հրեայ թագաւոր Մանասէի հրահանգով։ Մարգարէին նշխարները կը պահպանուին Յունաստանի Աթոս լերան յոյն ուղղափառ Խիլենտարիա վանքին մէջ։
Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԿՈՅՍԸ
Շաբաթ, 25 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Հայաստանի մէջ քարոզած երկու առաքեալներէն մէկուն՝ Ս. Թադէոսի, եւ Սանատրուկ թագաւորի դստեր՝ Սրբուհի Սանդուխտի տօնը։ Չափազանցութիւն չէ ըսել, թէ Թադէոս առաքեալն ու Սանդուխտ կոյսը քրիստոնէութիւնը Հայաստան տարածելու ռահվիրաները եղած են Ա. դարուն։
 
Սանդուխտ իշխանուհին քրիստոնէութեան լոյսին հասաւ Թադէոս առաքեալի շնորհիւ, եւ իր կարգին, շատ ուրիշներ դարձի բերաւ։ Սանատրուկ թագաւոր նախ փորձեց զինք հրաժարեցնել նոր դաւանանքէն եւ, ի վերջոյ, ընտրել տուաւ թագի եւ սուրի միջեւ։ Սանդուխտ ընտրեց սուրը եւ դարձաւ քրիստոնէութեան առաջին վկան Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջին սուրբը։ Անոր նահատակութենէն ետք, Թադէոս առաքեալն ալ նահատակուեցաւ Արտազի մէջ (այսօր՝ հիւսիսային Իրան)։

Ս. Թադէի վանքը շինուած է սուրբին գերեզմանին վրայ։ Անցեալ դարու սկիզբին, վանքը ճամբորդներու եւ ուխտագնացներու կարեւոր հանդիպման վայր մըն էր։ Այս տօնին զուգադիպելով, աշխարհի հայերու տարեկան ուխտագնացութիւն մը տեղի կ՚ունենայ Յուլիս ամսուն։ Քառօրեայ այս ձեռնարկին ընթացքին, հազարաւոր մարդիկ կը մնան վանքի տարածքին զետեղուած վրաններու մէջ։

Ս. ԿԻՊՐԻԱՆՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԵՒ 45 ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ
Երկուշաբթի, 27 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Կարթագէնի եպիսկոպոս Ս. Կիպրիանոսը եւ 45 նահատակներ։ Կիպրիանոս ափրիկեան Եկեղեցւոյ կարեւոր աստուածաբան ու գրագէտ մըն էր։ Մեզի հասած են լատիներէնով գրուած անոր գործերէն շատերը՝ նամակներ, ճառեր, հովուական թուղթեր, որոնցմէ ամենէն ծանօթներէն է «Եկեղեցւոյ միութեան մասին» գործը։ Ան յորդորած է քրիստոնեաները, որ Տէրունական Աղօթքը ըսեն ամէն օր՝ խորհրդածելով իւրաքանչիւր նախադասութեան մասին։ Գրած է Տէրունական Աղօթքի մեկնութիւն մը՝ զայն աղօթքի տիպար նկատելով։
 
Կիպրիանոս ծնած է 200 թուականին՝ հարուստ ընտանիքի մը ծոցին մէջ։ Ըլլալով հռետորութեան եւ գրականութեան ուսուցիչ, միջին տարիքին քրիստոնեայ դարձած եւ հոգեւորական օծուած է՝ ընտրուելով Կարթագէնի եպիսկոպոս։ Հալածանքի ենթարկուած է եւ 258 թուականին գլխատուած՝ 45 նահատակներու հետ միասին։
 
« Երբ կ՚աղօթենք, պէտք է վստահ ըլլանք, որ կը հասկնանք մեր գործածած բառերը։ Պէտք է համեստ ըլլանք, գիտակից՝ մեր սեփական տկարութիւններուն, եւ պատրաստ՝ Աստուծոյ շնորհը ստանալու։ Մեր մարմնի կեցուածքը եւ մեր ձայնի հնչիւնը պէտք է ցոլացնեն այն փաստը, որ աղօթքի միջոցով Աստուծոյ կը ներկայանանք։ Աստուծոյ բարձր ձայնով խօսիլ՝ անամօթ պիտի ըլլար, հետեւաբար՝ պատշաճ է լուռ ու համեստ եղանակը։ Տէրը մեզի դաստիարակած է, որ պէտք է սովորաբար աղօթել մենք մեզի համար, նոյնիսկ մեր սեփական ննջասենեակներուն մէջ։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուած ամէնուրեք է, որ կը տեսնէ ու կը լսէ ամէն ինչ, եւ որ կը թափանցէ մեր սրտերուն ամենախոր գաղտնիքներուն»
(Կիպրիանոս Կարթագենացիի «Տէրունական Աղօթքին մասին» մեկնութենէն)
 
Այս շաբաթ նաեւ կ՚ոգեկոչուին
Երեքշաբթի, 28 Յուլիս՝ Ս. Աթանագինէ եպիսկոպոս, տասը աշակերտները եւ հինգ վկաներ 
ՆԱՄԱԿ ԵՐԱԽՏԻՔԻ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ
Հիանալի բան է լսել մեր հոգեւոր հայրերուն առօրեայ տպաւորիչ խորհրդածութիւնները։ Նիւթերու ընտրութիւնն ու պարզ ներկայացումը գնահատելի են։ Շնորհակալութիւն Ազգային Առաջնորդարանին, որ այսքան հրաշալի հոգեւոր ծառայութիւն մը կը մատուցանէ։

ՆՈՐԻԿ ՉԵՔՈՍՔԻ
«Սիամանթօ» լսարանի նախկին տնօրէնուհի 
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  
 
Այս շաբթուան նամակին հեղինակը՝ Էմման, հովանաւորի կը սպասէ։ Էմման Տաւուշ կ՚ապրի, որ յաճախ Ատրպէյճանի զինեալ գրոհներու թիրախն է, վերջինը՝ անցեալ շաբաթ, երբ չորս հայ զինուորներ զոհուեցան՝ հայկական բանակի յաջող պաշտպանութեան ընթացքին։  
«Իմ սիրելի հովանաւոր,
Իմ անունը Էմմա է, ազգանունս՝ ….., պապայիս անունը՝ Գնէլ։ Ես հազիւ եմ յիշում հայրիկիս, քանի որ նա հեռացել է մեզանից, երբ ես եղել եմ 2 տարեկան։ Հիմա ես մեծացել եմ, ապրում եմ Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանի Արճիս գիւղում։ Ե արդէն 12 տարեկան եմ, սովորում եմ 6րդ դասարանում։ Ընտանիքում 4 հոգի ենք՝ ես ու քոյրկիս, որին շատ եմ սիրում, մայրիկս է ու պապկիս, որը թոշակառու է ու չի աշխատում։ Իմ մասին այսքանը։

Շնորհակալ եմ ձեզ ինձ հովանաւորելու համար։ Ցանկանում եմ ձեզ առողջութիւն եւ Աստուած ձեզ պահապան։
Էմմա»։

ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ անչափահաս որբեր (մինչեւ 18 տարեկան) եւ չափահաս որբեր, որոնք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։ Այժմ աւելցած են, դժբախտաբար, պսակաձեւ ժահրի զոհերու զաւակներ։         
 
Մեր սպասման ցուցակին մէջ գտնուող որբ մը հովանաւորելու համար, Ազգ. Առաջնորդարանիս հետ կապուեցէք ելեկտրոնային նամակով՝ [email protected] հասցէին, կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել վարի կապին վրայ։      

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12ԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ազգային Առաջնորդարանի աւանդական վիճակահանութեան թուականը Սեպտեմբեր 12 է։ Գլխաւոր մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակներ ալ պիտի ըլլան՝ 1.000ական տոլարի արժողութեամբ։

Այսուհանդերձ, ինչպէս սովոր ենք ըսել, այս վիճակահանութեան մէջ բոլորս կը շահինք, քանի որ ամբողջ գումարը կը նպաստէ Առաջնորդարանի դաստիարակչական եւ կրօնական ծրագիրներուն։ 
 
Վիճակահանութեան տոմսերը 100 տոլար են։ Տեղեկութիւններու, ինչպէս եւ տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ Առաջնորդարանի գրասենեակ ( [email protected] կամ 212-689-7810)։
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՈՐՊԷՍ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼԵԶՈՒ ՄԻՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ 
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի գրասենեակը շուրջ չորս տարի առաջ միօրեայ դպրոցներուն համար «Հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու» ծրագրի (ASL Program) մը ստեղծումին գաղափարը յղացած էր։

Այդ գաղափարը իրագործեց յանձնախումբ մը, որ կարճ ձեւով կը կոչենք՝ ASL-ի եռեակ։ Այդ յանձնախումբը կը բաղկանայ երեք ուսուցչուհիներէ՝ Նարինէ Ապրիմեան Սօսի Էսաճանեան եւ Սիլվա Պետեան, որոնք մեկնելով իրենց տարիներու փորձառութենէն, ո՛չ միայն հայկական միօրեայ դպրոցներու, այլեւ ամերիկեան վարժարաններու մէջ, յարատեւ ջանքերով պատրաստած են այս ծրագիրը, որուն յղկումին աւելի ժամանակ յատկացուցին այս վերջին տարին։

Ծրագիրը ուսուցիչներուն հասանելի դարձնելու միտումով, արդէն տեղադրուած է Առաջնորդարանիս կայքէջին վրայ, Ուսումնական Խորհուրդի բաժնին մէջ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան թեմի վարժարաններու ուսուցիչներուն յատուկ կայքէջի մը վրայ ( www.hyeteachershub.org/asl ) ։ Այսպիսով, որեւէ դպրոցի ուսուցիչ, պատասխանատու կամ առհասարակ ուսումնական հարցերով զբաղող անհատ կրնայ օգտուիլ անկէ։ Աւելի՛ն. ծրագիրը յարատեւ թարմացման հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ։ Հոն տեղադրուած են՝ ծրագրի ծանօթացումը, ուսուցիչներու ուղեցոյցը, ծրագիրը՝ չորս մակարդակներու համար անջատ-անջատ, եւ աղբիւրներու ցանկ, որոնցմով օգտուողները իրենց դասերը կրնան կազմակերպել եւ կամ հարստացնել։ Ի դէպ՝ ուսուցիչներու աղբիւրները յետագային աւելի պիտի ճոխանան։

Այս ծրագիրը այժմ մասամբ կ՚օգտագործուի «Սիամանթօ» ամառնային լսարանին կողմէ որպէս փորձ։ Ցարդ աշակերտները խանդավառ են պահերու ընթացքին։

Յառաջիկային ուսուցողական տեսերիզներ եւ օրինակ-դասեր պիտի պատրաստուին ու տեղադրուին զոյգ հասցէներուն մէջ։

Ուսումնական Խորհուրդը կ՚ակնկալէ ստանալ ծրագիրէն օգտուող անձերուն կարծիքները։ 
Ուսուցիչներու կայքէջ՝ HyeTeachers Hub
Ազգ. Առաջնորդարանի վարժարաններու ուսուցիչներուն յատուկ կայքէջ մըն է, պատրաստուած՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդին կողմէ ՝ www.hyeteachershub.org հասցէով։ Այս հասցէն կ՚օգտագործուի որպէս յենարան մեր դասատուներուն։

Անոնք հոն կը գտնեն ներկայիս օգտագործուող դասագիրքերու պատկերները (հեղինակային իրաւունքները յարգելով, չենք նկարած ընդհանուրը), ինչպէս եւ այլ աղբիւրներու՝ յաւելուածներու, կայքէջերու, վաւերագրական տեսերիզներու, երգերու, անցեալին օգտագործուած դասագիրքերու շարք մը եւ յարակից օգտակար նկատուած գիրքեր եւ այլ նիւթեր։

Այս կայքէջը նաեւ «հաւաքավայր» (forum) մը ունի, ուր ուսուցիչներ իրարու ծանօթանալով, հարցեր կու տան այլեւայլ նիւթերու, դասերու հանգոյցներու լուծման, տիպար դասերու, խաղերու եւ վարժութիւններու մասին, ու իրարմէ կը ստանան պատասխաններ ու փորձառութիւններ՝ այլ նահանգներու հայկական դպրոցներու մէջ շահուած։ 

Ի վերջոյ, այսպիսի կայքէջի մը օգտաւէտ կողմերը շատ են, որոնք ժամանակի ընթացքին կը հարստանան։ Այդ ալ պատճառներէն մէկն է, որ կայքէջը տակաւին աշխատանք կ՚ենթադրէ։ Անոր առաւել արագ աճին համար կ՚ակնկալուի օգտագործողներուն ներդրումը։

«ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐ» (Ա. ՀԱՏՈՐ)
ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Աշխատասիրողը՝ մեղուաջան աշխատանքով, այստեղ մէկտեղած է 28 բանաստեղծներ, 24 արձակագիրներ եւ 7 թատերագիրներ, իըենց կենսագրականներով, լուսանկարներով, մատենագիտութեամբ եւ գործերու նմոյշներով։ Գիրքը կը բացուի պոլսահայ գրականութեան նուիրուած քանի մը բնորոշ յօդուած-ուսումնասիրութիւններով։ Յաւելուածին մէջ, ընդգրկուած են 33 գրագէտներու անուններ, որոնք մահացած են, տարբեր համայնք մը հաստատուած, գրելէ դադրած կամ ցանցառօրէն ստեղծագործող դարձած՝ իրենց կենսագրական թէ մատենագիտական տուեալներով։ Պարզ ընթերցողին, թէ ուսումնասիրողին համար, այս գործը անփոխարինելի ատաղձ մը կը կազմէ պոլսահայ գրականութեան վերջին հարիւրամեակի մասին։
Այս գիրքը տրամադրելի է   Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք  [email protected]    հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։















 


















ԱՂԴԱՄԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ (24 Յուլիս, 1993)
Խորհրդային Ատրպէյճանի Աղդամ քաղաքը, որուն մերձակայքը աւելի քան 2000 տարի առաջ Մեծն Տիգրան կառուցած է Տիգրանակերտ քաղաքը, 1988 թուականին հակահայ գործունէութեան կեդրոն դարձած էր, իսկ արցախեան պատերազմի սկզբնաւորութենէն ետք՝ ռազմավարական յենակէտ։ Ատրպէյճանական զօրքերը այստեղէն մշտապէս կը ռմբակոծէին Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու յարակից բնակավայրերը։

Օրհասական վիճակին լուծում մը տալու նպատակով, հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերու հրամանատարութիւնը որոշած է ազատագրել հայկական պատմական այդ հողամասը։

Նախապատրաստութիւնը սկսած է Յուլիս 4, 1993ին, երբ Ասկերանի պաշտպանութեան մարտիկները յարձակման անցած էին՝ Աղդամի մատոյցները հսկող Չուխուրմահլա, «Ուղտի մէջք», Խըդըրլու և այլ յենակէտեր չէզոքացնելու նպատակով։ Օրուան վերջաւորութեան, չորս գումարտակները ազատագրած են Չուխուրմահլա, Խըդըրլու, Ահմեդավար գիւղերը, «Ուղտի մէջք», «Հանգստեան տուն» դիրքերը եւ 579.1 բարձունքը։

11 Յուլիսին, Մարտունիի յենակէտի մարտիկները ատրպէյճանական կրակակէտերը լռեցնելու նպատակով Շելլի եւ Քիւրդալար բնակավայրերը թշնամիներէ մաքրած են։ Հայ մարտիկները յաջողութեամբ դէմ դրած են թշնամիի փորձին՝ կորսուած բարձունքները վերագրաւելու։ 16 Յուլիսին, ազերի հետեւակազօրքը յարձակած է «Ուղտի մէջք» բարձունքին ուղղութեամբ, ռմբակոծելով Շելլիի եւ Շահբուլախի հայկական պաշտպանական դիրքերը։ Ասկերանի գումարտակները Կըզըլ, Քենգեռլի, Թալըշլար, Մահսուդլու եւ Թարնայիւդ բնակավայրերու եւ 610 բարձունքի թշնամիի կրակակէտերը չէզոքացուցած է։ Հայկական զօրքերը, այս խնդիրը լուծելէ ետք, ձեռնարկած են Աղդամի մէջ տեղաւորուած աւելի մեծ ու Ստեփանակերտի ապահովութեան անմիջականօրէն սպառնացող ռազմակայանի չէզոքացման։ 

Առաջին հերթին, 21 Յուլիսին, Վ. Սաֆարեանի և Ռ. Յակոբջանեանի գումարտակներէն 30ական մարտիկներ, երկու կողմէ գրոհելով, մտած են Կասումլու, Կարադաղլու եւ Փոլադլու գիւղերը, իսկ կեդրոնական պաշտպանութեան խումբի մարտիկները ոչնչացուցած են Սայբալուի եւ յարակից կրակակէտերը։ Յաջորդ օրը, Ասկերանի մարտիկները, երեք խումբի բաժնուած, Աղդամի «Յաղթանակի յուշարձան»ը հասած են։ 

23 Յուլիսին տեղի ունեցած են արիւնահեղ մարտեր Աղդամի տարբեր հատուածներու մէջ։ Նահանջի ճանապարհին, հակառակորդը գործարաններ եւ բնակելի շէնքեր պայթեցուցած է։ Ասկերանի երեք գումարտակները յարձակած են տարբեր ուղղութիւններով, եւ Կեդրոնական ու Մարտունիի պաշտպանական շրջաններու ազատամարտիկները քաղաք մտած են հարաւ-արեւելեան կողմէն։ Հայ ազատամարտիկները յաղթահարած են թշնամիի դիմադրութիւնը։ Տարբեր գործողութիւններէ ետք, օրուան վերջաւորութեան Աղդամ քաղաքը եւ շրջակայքը Արցախի բանակի հսկողութեան տակ անցած է։ Այս ռազմական գործողութեան հետեւանքով Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ շրջակայ գիւղերու վրայ ռմբակոծումներու վտանգը անհետացած է։

Աղդամի գրաւումէն ետք, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը հրադադարի դիմում ներկայացուցած է Արցախի իշխանութիւններուն, որուն հետեւանքով առժամեայ դադար մը կնքուած է Յուլիս 25-28ին։ Յուլիս 28ին, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները պայմանաւորուած են եօթը օրով երկարաձգել հրադադարը, բայց յաջորդ օրը Ատրպէյճանի մերժած է իր պարտականութիւնները կատարել եւ պատերազմը շարունակուած է մինչեւ Մայիս 1994ի հրադադարը, որ ի զօրու է մինչեւ օրս՝ հակառակ ատրպէյճանական պարբերական խախտումներուն։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԱԴԱՄԱՆԴԻ ՊԷՍ ՏՈԿՈՒՆ
Անոնց համար, որոնք յունարէն գիտեն, այս ստուգաբանութիւնը դիւրին է։ Հայերէն ադամանդ բառը կու գայ յունարէն adamantos բառէն, որ adamas բառի սեռական հոլովն է։

Երկու բառերն ալ, անշուշտ, մեր գիտցած թանկագին քարի նշանակութիւնը ունին, իսկ յունարէնը դարձած է բազմաթիւ լեզուներու աղբիւրը՝ լատիներէն adamas, ֆրանսերէն diamant, անգլերէն diamond (ֆրանսերէնի ճամբով), վրացերէն adamanti, եւ այլն։

Արդ, հետաքրքրականը այն է, որ adamas բառը «հաստատուն, անկոտրելի» կը նշանակէր յունարէնով։ Անկէ բխած է լատիներէն adamantem բառը («ամենապինդ երկաթ»), իսկ անգլերէն adamant գոյականը («շատ պինդ քար») լատիներէնէն եկած է՝ կա՛մ ուղղակի կերպով եւ կա՛մ անուղղակի (դարձեալ ֆրանսերէնի ճամբով)։ Անգլերէն adamant («անդրդուելի») ածականը կու գայ նոյն այս գոյականէն։

Ադամանդ բառը հայերէնի մէջ գործածուած է՝ Աստուածաշունչի թարգմանութենէն սկսեալ, թանկագին քարին կամ «անկոտրելի» նշանակութիւնը տալու համար։ Բայց նաեւ օգտագործուած է «մագնիս» իմաստով։ Այս վերջին իմաստն ալ պահած է հին ժամանակ հ գիրի յաւելումով՝ հանդամանտ, խանդումանտ եւ այլ ձեւերով, որոնք արդի ժամանակներուն կորսուած են։

Կը թուի, թէ պարսկերէն ալմաս բառը (որ թրքերէնի եւ քրտերէնի հաւանական աղբիւրն է) նոյնպէս եկած է յունարէն adamantos բառէն, թէեւ վերջերս ենթադրուած է, որ բուն աղբիւրը կրնայ սեմական եղած ըլլալ։ Հայերէն բարբառային ալմաս բառը, որ մեզի եկած է պարսկերէնէն, դարձած է ալմաստ (հմմտ. Սալմաս-Սալմաստ »։ Վերջինս դարձած է իգական Ալմաստ անունը, որ հռչակաւոր դարձած է շնորհիւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի համանուն օփերային, որ յետմահու բեմադրուած է առաջին անգամ 1930 թուականին։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ [email protected]։

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
24 Յուլիս —«Սիամանթօ» լսարանի ամառնային առցանց երկրորդ հանդիպում, Ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ ([email protected] կամ 212-689-7810)։
 
10, 17 եւ 24 Օգոստոս —Ս. Գիրքի առցանց սերտողութիւն՝ երեք մասով, նուիրուած՝ Պօղոս Առաքեալի Փիլեմոնին ուղղուած թուղթին։ Երկուշաբթի, երեկոյեան ժամը 8:00էն 9:00։ Սերտողութիւնը կը վարէ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմուքի տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։ Արձանագրուելու համար, հաճեցեք գրել ձեր անունը, հասցէն ու հեռաձայնի թիւը [email protected] հասցէին։

12 Սեպտեմբեր —Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ առցանց, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի։  

4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/