25 Յունիս, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ
Կիրակի, Յունիս 28ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին եւ քարոզէ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։ Պատարագը պիտի մատուցանէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։

ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
Արամ Ա. Վեհափառի ընտրութեան 25ամեակը
Եթէ ղեկավարները տարբեր գործէին, պատմութեան ընթացքը տարբե՞ր պիտի ըլլար։ Թերեւս այս դարաշրջանի գերարդիական համակարգիչները կարենան լուծել փիլիսոփաներ, պատմաբաննր եւ գրագէտներ չարչարած առեղծուածը։ Լեւ Թոլսթոյը, իր գլուխ գործոց՝ «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» հռչակաւոր գործի վերջաբանին մէջ, պնդած է, որ պատմութեան յառաջընթացքը ապահովող ուժերը կ՚աւլեն-կը տանին մեծ զօրավարներն ու իրենց բանակները, մարտավարութիւններն ու գործողութիւնները։

Թոլսթոյ զարմանալիօրէն նախատեսած էր պատմական որոշադրականութիւնը (determinism) որ պիտի ձեւաւորէր իր հայրենիքին մտածելակերպը յաջորդ մէկ դարուն՝ խորհրդային կառավարութեան մարքս-լենինեան գաղափարախօսութեան ազդեցութեան տակ։ Այսպէս, ան առաջադրած է, որ անխուսափելի էր Նափոլէոնի ձախողութիւնը՝ Ռուսաստանը պարտութեան մատնելու իր փորձին մէջ։ Ոեւէ զօրավար կամ կայսր չի կրնար ազդել այն գործօններուն վրայ, որոնք արդէն ձեւաւորած էին այդ դէպքերը, որոնց ընթացքը որեւէ ձեւով պիտի չփոխէին ֆրանսական զօրքերուն ուժը եւ գորսիքացի զօրավարին կամքը։ 

Թոլսթոյի քննարկումները չհամոզեցին փիլիսոփայ Այզայա Պերլինը, ինչպէս ան գրած է իր կարճ բայց հռչակաւոր փորձագրութեան մէջ՝ «Ոզնին եւ աղուէսը»։ Փիլիսոփաներու եւ պատմաբաններու երկար շարքի մը անլոյծ ձգած հարցին պատասխանը մեր հասողութենէն վեր է, սակայն կրնանք բարձրաձայն խորհրդածել, թէ արդեօք բռնուած ենք Պատմութեան նենգ, բռնաւոր ծովերուն ու հովերուն ողորմութեան յանձնուած նաւերու մէ՞ջ ։    

Ինչպէս 20րդ դարու պատմութիւնը սորվեցուցած ըլլալու է մեզի՝ պատասխանը հաւանաբար ժխտական է։ Մարդիկ տարբերութեան պատճառ եղած են՝ թէ՛ աւելի լաւի ու թէ՛ աւելի վատի ուղղութեամբ, ինչ որ նաեւ կիրարկելի է հայոց պարագային։ Հաւանական է, որ արեւուն տակ տեղ չունենայինք իբրեւ ազգ՝ իր սեփական հայրենիքով, եթէ Եղեռնէն ետք մեր ժողովուրդի վերածնունդը առաջնորդող սերունդները չըլլային։ Անոնք կ՚ընդգրկեն 25 տարի առաջ գահ բարձրացած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախորդները։ Անոնք՝ Սահակ Բ. (1915ին Սսոյ պատմական աթոռի տեղափոխումը վկան, որուն վիճակուեցաւ իր հօտը վարելու տառապալից գործը՝ տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան օրերուն), Բաբգէն Ա., Պետրոս Դ., Գարեգին Ա., Զարեհ Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ., ապահովեցին մեր պատմութեան հնագոյն ու անընդհատ գործող հաստատութեան՝ Հայ Եկեղեցւոյ այս պատմական աթոռին շարունակականութիւնը։

Արամ Վեհափառը, որուն եկեղեցական երկարատեւ գործունէութիւնը նաեւ ընդգրկած է Լիբանանի քաղաքացիական եղբայրասպան պատերազմը, օտար չէ իր հայրենիքին եւ այն հողի տառապանքին, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերականգնած է, պատրաստելով հոգեւորականներու հոյլ մը, որ կ՚առաջնորդէ աշխարհի ամէն կողմ բազմացած մեր ազգը։

Արամ Վեհափառի աշխատութիւններուն մասնակի քննութիւնը արդէն ցոյց կու տայ եկեղեցական ու պատմական ոլորտներու հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնը։ Կը բաւէ յիշել անոր քանի մը անգլերէն հատորներուն խորագիրները. «Հայ Եկեղեցւոյ վկայութիւնը սփիւռքեան իրավիճակի մը մէջ» (1978), «Ուղղափառ տեսակէտներ առաքելութեան մասին» (1992), «Եկեղեցի ըլլալու մարտահրաւէրը յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ» (1997), «Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, Մարդու որդին» (1999), «Ի խնդիր Եկեղեցիի մը՝ իր պատերէն անդին» (2006) եւ «Հայ Եկեղեցին» (2016)։ Իսկ «Դէպի էքիւմենիք բարոյական մը՝ ի խնդիր կայուն ընկերութեան մը կայուն արարչութեան մը մէջ» (1994) գործը մեզի կը յիշեցնէ իբրեւ քրիստոնեայ ղեկավար անոր մշտապէս արծարծած նիւթերէն մէկը՝ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները։ 

25 ամեայ գահակալութեան ընթացքին, Արամ Վեհափառ անխոնջ կերպով նուիրուած է Եկեղեցւոյ հիմքերը ամուր պահելու գործին՝ ընդդէմ անխուսափելի հարուածներուն, որոնք առօրեայ դէպքերէն կու գան, որուն համար նաեւ աճեցուցած է միաբանութեան անդամներուն թիւը աննախընթաց կերպով։ Թերեւս ոեւէ սերունդ ընկերային արժէքներու եւ սովորութիւններու այսպիսի արագ փոփոխութեան մը ենթարկուած չէ, ինչ որ քիչ բան չի պարտիր արհեստագիտական անհաւատալիօրէն արագ յառաջընթացին։ Սակայն, մարդկային հոգին չէ փոխուած եւ միշտ կարիքը ունինք Եկեղեցւոյ մատուցած առաջնորդութեան՝ աստուածային շնորհքին հետեւող իր առաքելութեամբ։

Այսուհանդերձ, Եկեղեցին նաեւ այս աշխարհին կը պատկանի, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը պատկանի հայերուն, յատկապէս անոնց, որոնք ցեղասպանութենէն դար մը ետք տակաւին դարմանումի եւ արդարութեան կարօտ են։ Այդ նպատակով, Արամ Վեհափառը դատի տուած է թրքական պետութիւնը՝ Սիսի պատմական Աթոռի վերադարձին ի խնդիր, որ 1921ին բռնագրաւուեցաւ՝ երեսնամեայ ցեղասպանութեան վերջին փուլին։ Եւ քայլ պահած է մեր ապրած ժամանակին հետ, 2013էն սկսեալ տարեկան հռչակագիրներով յիշելով այն երեւոյթները, որոնք մեր ինքնութիւնը կը սահմանեն եւ մեր կեանքերը արժանի կը դարձնեն ապրուելու. «Մայրը», «Սուրբ Գիրքը», «Հայ Գիրքը», «Ծերերը» եւ, այս տարի, «Յատուկ Կարիքներ ունեցող Հայերը»։

Բոլորս նոյն նաւուն մէջ կրնանք ըլլալ, պատմութեան եւ մեր ազգի թշնամիներու քմայքներուն դէմ յանդիման, բայց Արամ Վեհափառը ունինք ղեկի ետին, իսկ անոր հետ՝ մեր Եկեղեցին, որ 1700 տարուան ընթացքին մեր ապահով նաւահանգիստն ու անառիկ տունը եղած է։  

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ ԹԵՄԻՍ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի ընտրութեան (Յունիս 28, 1995) 25ամեակին առիթով, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հրահանգով, այս Կիրակի Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Հայրապետական Մաղթանք Արեւելեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ 

ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Կիրակի, Յունիս 21ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Քհն. Լագիսեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։
Հայց . Եկեղեցին երէկ ոգեկոչեց տօնը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ծոռ՝ Ներսէս Հայրապետին , որ եկեղեցական եւ քաղաքական բացառիկ տաղանդներով օժտուած անձնաւորութիւն մըն էր : Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաքին մէջ իր կրթութիւնը ստանալէ ետք , ան վստահութիւնը շահելով Արշակ Բ . թագաւորին՝ նշանակուեցաւ իր սենեկապանը , իսկ 24 տարեկան հասակին ազգին միահամուռ վստահութիւնը շահելով ընտրուեցաւ եւ օծուեցաւ Կաթողիկոս :
 
Տեսիլքի եւ գործի զոյգ արժանիքներով շնորհազարդուած երիտասարդ եւ կորովի հայրապետը երկու տասնամեակի վրայ տարածուած այնքան բեղուն ծառայութիւն մատուցեց եկեղեցւոյ եւ ազգին , որ Հայ ժողովուրդը իր ծոցէն ծնած Քրիստոսատիպ այս հոգեւորականը անմահացուց ՄԵԾ մակդիրով եւ պատմութեան մէջ ճանչցուեցաւ որպէս Մեծն Ներսէս հայրապետ : Հայ ժողովուրդը չէր սխալած իր ընտրանքին մէջ , որովհետեւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. « Երկնքի արքայութեան մէջ Մեծ պիտի կոչուի ան որ կը գործէ եւ կը սորվեցնէ » ( Մտ 5.19): Ուստի , եթէ ան հրաւուիրուած էր Մեծ կոչուելու երկնքի մէջ , ո՛չ մէկ կանխարգելիչ պատճառ կար որ Մեծ կոչուի նաեւ երկրի վրայ : Հայ Եկեղեցին նաեւ պատուած է իր անձնդիր հովուապետը որպէս « Սրտերու Լուսաւորիչ », նկատի ունենալով Սուրբ Գրիգորը որպէս « Հոգիներու Լուսաւորիչ », իսկ Սուրբ Սահակը եւ Մեսրոպը՝ « Մտքերու Լուսաւորիչ »:
 
Սուրբ Ներսէս դժուարին ժամանակաշրջան մը կաթողիկոսական գահ բարձրացաւ : Զինք կանխող գահակալները դժբախտաբար նսեմացուցած էին Լուսաւորչի սուրբ Աթոռին փայլքը : Ինչ կը վերաբերի քաղաքական կեանքին , անկայուն վիճակ մը կը տիրէր Հայաստանէն ներս՝ պարսից Շապուհ թագաւորի մնայուն ասպատակութեանց հետեւանքով , պատճառ դառնալով աւերումի , նախարարական տոհմերու միջեւ պառակտումներու , հաւատքի ուրացման , բարոյական անկումի եւ ընկերային այլ տագնապներու : Մանուկ Քրիստոնեայ Հայաստանի հիմերը լրջօրէն սկսած էին սասանիլ , երբ ահա երկնակամարին վրայ կը շողայ սրտի ու մտքի փայլուն աստղը յանձին Ներսէս Կաթողիկոսի :

Կարճ ժամանակուան մէջ ան կը կերպարանափոխէ Հայ կեանքը : Կը կառուցէ հիւանդանոցներ , ինչպէս նաեւ ընկերութենէ մերժուած զանազան հիւանդներու յատուկ բուժարաններ : Կը բանայ դպրոցներ , աշակերտներ կը ղրկէ արտասահման՝ սերմերը ցանելով կէս դար ետք Հայ մշակոյթի հիմնադիրներու առաքելութեան : Աւա՜ղ որ 44 տարեկան հասակին այն սիրտը որ միայն ու միայն տրոփեց իր ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարգացման ու բարօրութեան համար , դադրեցաւ բաբախելէ , եւ միացաւ Լուսաւորիչներու երկնային համաստեղութեան : Սողոմոն Իմաստունի խօսքերով՝ « կատարեալ ըլլալով այս կարճ ժամանակի մէջ , ան բազմարդիւն կեանք ապրեցաւ » ( Իմաս . 4.13): Ծառայութեամբ իրա՛ւ մեծ այս սուրբը , եղաւ մնայուն ներշնչումի աղբիւր սրբութեան , անվեհերութեան եւ բարեգործութեան : Իրա՛ւ որ իր անունը կրող յետագայի եկեղեցականներ դարձան Հայ երկնակամարին վրայ « Ներսէսեան համաստեղութեան » նորանոր աստղերը : Այսպէս , Ներսէս Շինող՝ բանաստեղծ , երաժշտագէտ եւ Սուրբ Հռիփսիմէի եկեղեցին կառուցող կաթողիկոսը , Ներսէս Շնորհալի՝ բազմատաղանդ կաթողիկոսը, եւ իր քրոջորդին Ներսէս Արքեպիսկոպոս Լամբրոնացի՝ ծանօթ որպէս Տարսոնացի երկրորդ Պօղոս Առաքեալ , Ներսէս Կաթողիկոս Աշտարակեցի՝ 19 րդ դարու Հայ ազատագրութան ռահվիրաներէն , Ներսէս Արք . Մելիք Թանգեան՝ 20 րդ դարու Ատրպատականի Հայոց խիզախ առաջնորդը եւ Հայ եկեղեցւոյ օրէնսգիտութեան հմուտ բանասէրը , եւ ուրիշներ :

Մեծ սուրբի կեանքէն շողարձակուած լոյսի երեք ճառագայթներով այժմ կ՚ուզեմ լուսաւորել մեր սերունդի բարեպաշտ զաւակներու սրտերն ու միտքերը :

ա . Ծնունդով ազնուական ընտանիքէ սերած , ժամանակակից բարձրագոյն կրթութիւն ստացած եւ պալատական կեանքէն ներս նախանձելի դիրք գրաւած այս երիտասարդը ամենայն հաւատարմութեամբ ծառայելէ ետք երկրաւոր թագաւորին , երբ ժամը հնչեց ծառայելու երկնաւոր թագաւորին եւ իր ժողովուրդին , սիրով ընդառաջեց գերագոյն կոչին : Արդարեւ , պատմութիւնը վկայ է թէ ինչպէս Հայ Եկեղեցին դարերու ընթացքին միշտ հմայած է երիտասարդ , զարգացած ու մասնագիտացեալ անձինք , զինուորագրելով զանոնք երկնաւոր Թագաւորին : Տիրոջ ծառայելը սոսկ ասպարէզ մը չէ , այլ ընդառաջել է երկնային հրաւէրին՝ քալելու Աստուծոյ եւ ժողովուրդին հետ : Այդ ծառայութեան զոյգ բեւեռներն են՝ Սէր եւ   Անձնուրացութիւն , որոնք մղիչ ոյժը դառնալով նուիրեալին , գետի նման հոսելով անտառներու եւ դաշտերու ընդմէջէն , ան կ՚ոռոգէ մարդ անդաստանի միտքը , սիրտն ու հոգին : Այս ոգիով է որ Մարգարէները , Առաքեալները եւ Սուրբերը Աստուածամօր բառերով երկնային կոչին պատասխանեցին , ըսելով՝ « Աստուծոյ ծառան եմ , թող Քու կամքդ կատարուի » ( Ղկ 1.38): Այսօր , Մեծն Ներսէս Հայրապետը կոչումի ձայնն է որ կը բարձրացնէ եւ կը հրաւիրէ առհասարակ ամէնքս ծառայութեան գիտակից ոգիով ու սիրով բռնկուելու :

բ . Ներսէս Մեծ հայրապետը որպէս երիտասարդ որքան որ տեսլականի տէր մարդ էր , ան երբե՛ք չմնաց իտէալներու ոլորտին մէջ , ընդհակառակը , դիմագրաւելով ամէն տեսակի դժուարութիւններ , զանոնք վերածեց դրական ու շօշափելի բարիքներու : Արդարեւ , մարտահրաւէրները ո՛չ թէ պատնէշներ են կասեցնելու մեր երթն ու թռիչքը , այլ փորձարկութիւններ (testing) են որոնք կը դարբնեն մեր մէջ աստուածատուր կարողութիւնները : Մեծ Սուրբը որպէս ձեռներէց գործնական անձ՝ արցունքները վերածեց ժպիտի , տգիտութեան խաւարը՝ ուսման լուսաւորումի յուսահատութեան մշուշր՝ յոյսի ճառագայթումի : Սուրբին նկարագրային այս գիծը որքա՜ն դաստիարակչական է մանաւանդ երիտասարդութեան համար , որ ազգի մը ողնայարը կը կազմէ : Արդարեւ , երիտասարդութիւնը կը յատկանշուի ընկերութիւնը փոխակերպելու եւ նորոգելու ներքին ուժականութեամբ : Սակայն , շատ յաճախ երիտասարդներ երբ դէմ յանդիման կու գան դառն իրականութեան , դժբախտաբար իրենց կրանիթեայ կամքը փշրուելով , մեկուսացումի եւ անտարբերութեան պատեանին մէջ կ՛ապաստանին : Ահա թէ ինչու Սուրբ Ներսէս որպէս բոլոր ժամանակներու ներշնչումի աղբիւր՝ կը հրաւիրէ ամէնքս, որպէսզի երբե՛ք եւ երբե՛ք չհրաժարինք մեր սնուցած երազներէն , այլ հաւատարիմ մնանք մեր տեսիլքները իրականացնելու :      

գ . Հայ ժողովուրդը երկու անձնաւորութիւններ անմահացուցած է ՄԵԾ տիտղոսով , առաջինը Տիգրան Մեծ , իսկ երկրորդը՝ Մեծն Ներսէս : Արժան եւ իրա՛ւ : Երկու տիտաններ էին , որոնցմէ առաջինը պատմական Հայաստանի քարտէսը դարձուց ծովէ ծով , Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական ծով , իսկ երկրորդը՝ Քրիստոնէական Հաւատքը Սիրոյ լեզուով թարգմանեց Հայ մարդու կեանքին մէջ : Առաջինին փառքը սկսաւ եւ վերջացաւ իրմով , որովհետեւ կենդանութեան իսկ ականատես եղաւ իր ստեղծած կայսրութեան փլուզումին , դաւաճանուելով իր զաւկին կողմէ , իսկ երկրորդին մեծութիւնը կայանալով ծառայութեան մէջ , որպէս սրտի Մարդ՝ բարեգործութեամբ իր ժողովուրդի սրտին մէջ ցանած սերմերը աճեցան , ընդարձակուեցան , անդրանցնելով ժամանակ ու տարածք , հասնելով հո՛ն ուր հայը պանդուխտի ցուպն ի ձեռին նոր բոյն շինեց , եւ ... միշտ իր հին բոյնը յիշեց : Բարեգործութիւնը դարձաւ Հայ մարդու էական առաքինութիւններէն մին , որուն շնորհիւ աշխարհացրիւ հայը աճեցաւ որպէս կազմակերպուած համայնք՝ պետական կառոյցներու մանրանկարով : Այս ըմբռնումով Հայ եկեղեցին , եւ ի մասնաւորի Արեւելեան Ամերիկայի Ազգային Առաջնորդարանը սրբազան Պատարագի բառերով՝ « զՔոյս ի քոյոց քեզ մատուցանեմք » ժողովուրդի սրտէն բխած հրաշք լումաները ժողովուրդին վերադարձնելով , այլազան ծրագիրներու կողքին անցնող երեսուն տարիներուն Երեւանի մէջ հաստատած «Մեծն Ներսէս» Բարեգործական Հաստատութեան ընդմէջէն բազմածաւալ ծրագիրներով իր համեստ բաժինը բերաւ եւ կր շարունակէ բերել մեր հայրենիքի վերաշինութեան եւ ժողովուրդի բարօրութեան վերելքին՝ յատկապէս նահատակ ունեցող ընտանիքներու բեկեալ սրտերը ամոքելով , հերոսներու ընտանիքներու արժանապատուութիւնը բարձր պահելով , եւ յոյսի ջահը բոցավառելով անոնց մէջ , մանաւանդ քաջալերելով որ երիտասարդներ ստանան բարձրագոյն ուսում :

Այս առիթով , յանուն Ազգային Առաջնորդարանիս Վարչութեան մեր սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք անխտիր մեր բոլոր   նուիրատուներուն , որոնք Մեծն Ներսէս Բարեսիրական Հաստատութեան ծնունդէն մինչեւ օրս գիտակցութեամբ եւ ուրախութեամբ ձեռք կ՚երկարեն իրենց կարօտեալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն : Կ՚ընդգծեմ « գիտակցութեամբ եւ ուրախութեամբ » բառերը , որովհետեւ ազնուական հոգիներ կան որոնց սրտին մէջ սիրոյ կրակը բորբոքելով մէկի փոխարէն տասը , երբեմն յիսուն եւ նոյնիսկ 175 անուշիկ մանուկներու բարերարութիւնը ստանձնեցին , եւ կամ « Երջանիկ Ընտանիք » անունով իւրայատուկ ծրագիրի մը կեանք տուին : Կրկնակի շնորհակալ եմ բոլորին , որովհետեւ անձնապէս ականատես եղայ թէ ինչպէս մեր բոլոր նուիրատուները ներկայ համավարակի տագնապի ընթացքին առանց տատամսումի , անընդմիջաբար շարունակեցին   օժանդակել Հայաստանի մէջ Քրիստոսի փոքրիկ եղբայրներուն եւ քոյրերուն :
 
Այսօր , նաեւ հայրերու տօն ըլլալով կը շնորհաւորեմ բոլոր հայրերը , ըլլան անոնք կենսաբանական ծնողներ , եւ կամ մտաւոր ու հոգեւոր հայրեր , մաղթելով քաջառողջութիւն եւ անսպառ կորով իրենց զոհողութեան մէջ : Նաեւ՝ հաւաքաբար , հայրութիւն ընենք մեր ժողովուրդի բոլոր կարօտեալ զաւակներուն : Արդարեւ , վստահ ըլլանք , չի՛ մեռնիր այն ժողովուրդը որ գիտէ հայրութի՛ւն ընել , տիրութի՛ւն ընել իր տառապեալ որբեւայրիներուն , որբերուն , ուր որ ալ գտնուին անոնք , որովհետեւ մարգարէին խօսքով՝ ա՛յս է հաճելին Ամենակալ Տիրոջ , ա՛յս է ընդունելի պատարագը Խաչին վրայ ինքզինք զոհած մարդասէր Աստուծոյ
 
Մեծն Ներսէս Հայրապետի ոգիով տոգորուած շարունակենք   մեր Հայ Քրիստոնեայի ուխտագնացութիւնը կեանքէ դէպի Կեանք , յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն , որովհետեւ Քրիստոնէական հաւատքի էութիւնը եւ նպատակը Սէր ու Ծառայութիւն է՝ յաղթանակով ոսկեզօծուած , եւ « կեանք առաւել կեանք » Քրիստոսով՝ լի խաղաղութեամբ , ուրախութամբ , բարութեամբ : Բոլորս միասին անձանձրոյթ   աղօթենք որպէսզի Ամենագութն Աստուած համավարակի ահաւոր աղէտէն եւ ընկերային անարդարութեան ճիրաններէն դուրս բերէ մարդկութիւնը , եւ մենք գոհութեամբ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը . Ամէն :

ՕՆՆԻԿ ՏԻՆՔՃԵԱՆ Կ՚ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԻՆ
Ամերիկահայ յայտնի երաժիշտ ու երգիչ Օննիկ Տինքճեան ստացած է Ազգային Ժառանգութեան Պարգեւը (National Heritage Fellowship), որ Միացեալ Նահանգներու Արուեստներու Ազգային Հիմնադրամի կողմէ կը տրուի ժողովրդական ու աւանդական արուեստներու։ Երկրի մեծարանքի ամենաբարձր արտայայտութիւնը կը համարուի այս կալուածին մէջ։

Օննիկ Տինքճեանի կողքին, Արուեստներու Ազգային Հիմնադրամի 25.000 տոլարի պարգեւին արժանացած են ինը այլ ամերիկացի երգիչներ, երաժիշտներ, պարողներ, աւանդական արուեստի հետեւորդներ եւ ձայնասփիւռի արտադրողներ։ «Ամէն տարի, Ժառանգութեան Պարգեւները կ՚ընդգծեն մեր երկրի համայնքներու առանձնայատուկ ապրող աւանդութիւնները, ինչպէս եւ թէ ինչպէ՞ս մեր պարգեւատրեալները հպարտութեան, գեղեցկութեան եւ մշակութային շարունակականութեան զգացում մը կը ներարկեն իրենց արուեստով», յայտնեց Մէրի Էնն Գարթըր՝ Արուեստներու Ազգային Հիմնադրամի ատենապետուհին, յայտարարելով պարգեւատրեալներու անունները։
Օննիկ Տինքճեան ծնած է Ֆրանսա, 1929ին։ Մեծ Եղեռնէն վերապրող իր տիգրանակերտցի ծնողներուն հետ, Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է 1946ին։ «Ամերիկայի մէջ ամենէն սիրուած ու ազդեցիկ հայ երգիչներէն մէկուն՝ Տինքճեանի թենորի ձայնը սփոփիչ ու արտայայտիչ է, հաղորդելով թէ՛ անոր հայկական ժառանգութեան լիարժէք ուրախութիւնն ու բուռն զգացմունքը եւ թէ՛ վերջինիս ցաւալի պատմութեան խոր վիշտը», կ՚ըսէ Արուեստներու Ազգային Հիմնադրամի յայտարարութիւնը։

Օննիկ Տինքճեանն ու իր որդին՝ Արա, որ նաեւ հանրածանօթ երաժիշտ է, մշտական ներկայութիւն մը եղած են Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Ճըրզի)։ Դեկտեմբեր 2019ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալով պարգեւատրեց Օննիկ Տինքճեանը՝ հայկական աւանդական երաժշտութեան մէջ իր երկարամեայ գործունէութեան համար։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇԻՆՔԻՆ
Հայաստանը միացաւ Կրօնական Ազատութեան Միջազգային Դաշինքին , տեղեկացուց Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ 2020 ի Փետրուարին ձեւաւորուած այս դաշինքին ցարդ անդամակցած են 29 երկիրներ : Որպէս մարդու իրաւունքներու ջատագով, Հայաստանը մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ կրօնքի ազատութեան որպէս մարդու անբռնաբարելի իրաւունք :

Միանալով այս դաշինքին, Հայաստանը վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը՝ կրօնական խումբերու հանդէպ հանդուրժողականութեան ամրապնդման եւ կրօնական հիմքով ոտնձգութիւններու կանխարգիլման ի խնդիր գործադրուող համատեղ ջանքերուն։ 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12ԻՆ
Տասնամեակներէ ի վեր, Ազգ. Առաջնորդարանը կը հովանաւորէ տարեկան վիճակահանութիւն մը՝ ի նպաստ իր դաստիարակչական եւ կրօնական ծրագիրներուն։ Սովորաբար, թիւերը կը քաշուին Մայիսին՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի աւարտին։ Այս տարի, սակայն, պսակաձեւ ժահրի համավարակը բռնկեցաւ, երբ վիճակահանութեան տոմսերու վաճառքը ընթացքի մէջ էր, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը յետաձգուեցաւ։
 
Ուրախ ենք յայտնելու, որ վիճակահանութեան նոր թուականը ճշդուած է Սեպտեմբեր 12ին։ Գլխաւոր մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակներ ալ պիտի ըլլան՝ 1.000ական տոլարի արժողութեամբ։ Այսուհանդերձ, ինչպէս սովոր ենք ըսել, այս վիճակահանութեան մէջ բոլորս կը շահինք, քանի որ ամբողջ գումարը կը նպաստէ Առաջնորդարանի ծրագիրներուն։ Վիճակահանութեան տոմսերը 100 տոլար են։ Տեղեկութիւններու, ինչպէս եւ տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ Առաջնորդարանի գրասենեակ ( email@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810) ։  

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՅՈՒՆԻՍ
Դ. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 1:21-31

ԹՈՒՂԹ ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:25-8:11
Ապա ուրեմն , ես ինքս միտքով Աստուծոյ Օրէնքին կը ծառայեմ , իսկ մարմինով՝ մեղքի օրէնքին :
 
Եթէ այդպէս է , կը նշանակէ թէ անոնք որ Քրիստոս Յիսուսի միացած են , դատապարտութեան ենթակայ չեն , քանի մարմնաւորապէս չեն ապրիր , այլ՝ հոգեւորապէս : Որովհետեւ Հոգիին Օրէնքը զիս Քրիստոս Յիսուսի միացնելով կենդանացուց եւ ազատեց մեղքի եւ մահուան ենթակայութենէն : Արդարեւ , ինչ որ Օրէնքը չէր կրնար ընել , մարդկային բնութեան տկար ըլլալուն պատճառով , Աստուած իրագործեց՝ աշխարհ ղրկելով իր Որդին , որ մեղքը յաղթահարելու համար մեր մեղանչական բնութիւնը իր վրայ առաւ եւ իր մարմինին մէջ դատապարտեց մեղքը , որպէսզի մենք , որ հոգեւորապէս կ ապրինք եւ ո՛չ մարմնաւորապէս , կարենանք լրիւ գործադրել Օրէնքին բոլոր պահանջքները : Անոնք որ միայն իրենց մարմնական պահանջքներով կը ղեկավարուին , անոնց մտածելակերպը մարմնական է . մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ ապրին , անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է : Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ , մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն : Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է , որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր , ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ : Ահա թէ ինչու , անոնք որ մարմնականին կը հետեւին , Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ :
 
Եթէ իրապէս Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի , կը նշանակէ՝ թէ դուք այլեւս մարմնական ցանկութիւններուն համաձայն չէք ապրիր , այլ՝ Սուրբ Հոգիին կամեցած ձեւով : Իսկ ով որ Քրիստոսի Հոգին չունի , անոր չի պատկանիր : Եթէ Քրիստոս ձեր մէջն է , թէպէտեւ ձեր մարմինները պիտի մեռնին , որովհետեւ մեղանչեցիք , սակայն Սուրբ Հոգին դարձեալ կեանք պիտի տայ ձեզի , որովհետեւ արդարացաք։ Այսինքն , եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի , Աստուած՝ որ Յիսուս Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց , իր Հոգիին միջոցաւ՝ որ ձեր մէջ կը բնակի , պիտի կենդանացնէ նաեւ ձեր մահկանացու մարմինները։
 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:38-45  
Այն ատեն Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին Յիսուսի.
Վարդապե՛տ, կ’ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
 
Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ’ուզէք, բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի: Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ: Դատաստանի օրը Նինուէացիները ձեզի դէմ պիտի ելլեն եւ դատապարտեն ձեզ, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար: Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Դարձեալ, Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին պիտի ելլէ եւ դատապարտէ ձեզ, որովհետեւ անիկա իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոնի իմաստուն ուսուցումները լսելու համար: Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս:
 
Երբ չար ոգին դուրս կ’ելլէ մարդու մը մէջէն, կ’երթայ եւ անջրդի վայրեր կը շրջի՝ հանգիստ տեղ մը գտնելու համար: Եւ երբ չի գտներ, ինքնիրեն կ’ըսէ. «Ելլեմ երթամ իմ տունս, ուրկէ ելայ»: Ուստի կը վերադառնայ իր նախկին տունը եւ զայն կը գտնէ պարապ, մաքուր եւ յարդարուած: Ապա կ’երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ’ըլլայ: Գիտցէ՛ք, որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ այս չար սերունդին:

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՆՇԽԱՐՆԵՐՈՒ ԳԻՒՏԸ
Շաբաթ, 27 Յունիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած տօներէն մէկը՝ անոր նշխարներուն գիւտը։ Լուսաւորիչը՝ մեր եկեղեցւոյ հովանաւոր սուրբը, քրիստոնէութեան լոյսը սփռած է ամբողջ Հայաստանի մէջ, շինած է եկեղեցիներ, որոնց շարքին՝ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը, հաստատած է առաջին կանոնագիրքը, գրած է բազմաթիւ աղօթքներ եւ կազմակերպած է եկեղեցական արարողութիւնները։
 
Տարիներու տքնաջան աւետարանչական գործէ ետք, Ս. Գրիգոր ընտրած է առանձնութիւնն ու ճգնաւորական կեանքը, հաստատուելով Սեպուհ լերան մէկ քարայրին մէջ, ուր եւ վախճանած է։ Անոր մարմինը գտնուած է հովիւներու կողմէ, որոնք զինք թաղած են քարակոյտի մը տակ՝ առանց անդրադառնալու անոր ինքնութեան։ Աւելի ուշ, Գառնիկ Բասենցի անունով ճգնաւոր մը, որ Գրիգորի աշակերտը եղած էր, տեսիլքի մը հետեւելով՝ Սեպուհ լեռ գացած ու թաղման վայրը գտած է։ Ան սուրբին աճիւնները տարած է Թորդան աւանը՝ Տրդատ թագաւորի գերեզմանավայրը, ու հոն թաղած։
 
Ս. Գրիգորի աջէն նշխարներ՝ ոսկեայ բազուկի մէջ զետեղուած, կը գտնուին մեր երկու կաթողիկոսարաններէն ներս՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ Աթոռ, Անթիլիաս։ Հինաւուրց աւանդութեան հետեւելով, կաթողիկոսները Ս. Գրիգորի աջով իրարու կը խառնեն նոր ու հին միւռոնները։ 
ԴԱՆԻԷԼ ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԵՒ ԻՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ 
Երեքշաբթի, 30 Յունիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Դանիէլ մարգարէն ու անոր ընկերները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբէթնագօ։ Գերութենէն ետք, Դանիէլն ու ընկերները արժանացած էին Բաբելոնի թագաւոր Նաբուգոդոնոսորի բարեհաճութեան։ Սակայն, անոնք մերժեցին հնազանդիլ թագաւորի հրամանին՝ իր մեծադիր արձանը աստուծոյ նման պաշտելու եւ երեքով նետուեցան խոշոր հնոցի մը մէջ։ Բոցերը դուրս եկան հնոցէն ու լափեցին շուրջը գտնուողները, մինչ երեք պատանիները անվնաս կը քալէին անոնց մէջ։ Ասիկա տեսնելով, թագաւորը հրամայեց, որ ազատ արձակուէին։ (Ամբողջական պատումին համար, տե՛ս Դանիէլի գիրք, գլ. 1-3)։   
 
Այս շաբթուան այլ տօներ
Երկուշաբթի , 29 Յունիս՝ Ս. Անտոնինոս, Ս. Թէոփիլոս, Ս. Անիքտոս եւ Ս. Փոտինոս 
«ՏԱԹԵՒ» ԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԷՔ՝ ԱՌՑԱՆՑ
Ազգային Առաջնորդարանի «Տաթեւ» լսարանը Zoom-ով տեղի պիտի ունենայ այս ամառ՝ Երկուշաբթի, 29 Յունիսէն մինչեւ Ուրբաթ, 3 Յուլիս, ամէն առաւօտ ժամը 11:00-12:00 (արեւելեան ժամով):
 
Այս անվճար դասընթացքը 13-18 տարեկան պատանիներու համար պիտի ներառնէ խտացուած դասախօսութիւններ եւ քննարկումներ կրօնական նիւթերու շուրջ։
 
Հետաքրքրուողները կրնան արձանագրուիլ հարկ եղած տեղեկութիւնները (անուն, մականուն, բջիջային հեռաձայնի թիւ, ել-նամակի հասցէ եւ ծննդեան թուական) ղրկելով shant@armenianprelacy.org հասցէին, որպէսզի ստանան Zoom-ի անհրաժեշտ կապը՝ նիստերուն հետեւելու համար։
 
Հարցումներու պարագային, գրեցէք Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանին վերի հասցէին կամ հեռաձայնեցէք (212) 689-7810 թիւին։

«ԱՂՕԹՔԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆ»
Ապրիլի սկիզբը, Ազգային Առաջնորդարանը շաբաթական առցանց շարք մը սկսաւ՝ «Աղօթքի միջոցներու հետազօտողութիւն» անունով, զոր վարեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։ Ներածական բաժնին մէջ, Շանթ Սարկաւագ շեշտը դրաւ աղօթքի հիմնական երեք տարրերուն վրայ՝ Տէրունական Աղօթքը, Սաղմոսարանը եւ Ժամագիրքը։

Յաջորդ տասնմէկ շաբաթներուն, Բարշ. Սարկաւագը յատկապէս կեդրոնացաւ Տէրունական Աղօթքին վրայ, ընդգծելով, որ Հայր Մերը քրիստոնէական բոլոր աղօթքներուն յարացոյցն է եւ ամէն քրիստոնեայ պէտք է աղօթէ Տէրունական Աղօթքի ոգիով։ Դասախօսը ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացուց իւրաքանչիւր նախադասութեան խորքը, սկսելով դիմումէն առ Աստուած («Հայր մեր որ յերկինս ես»), անցնելով վեց խնդրանքներուն եւ ապա՝ փառաբանութեան՝ «Զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս։ Ամէն»։

Յաջորդ երկու դասախօսութիւններով, Շանթ Սարկաւագ անդրադարձաւ Տէրունական Աղօթքը աւանդաբար սկսելու երկու ձեւերուն («Օրհնեալ Տէր Յիսուս Քրիստոս։ Ամէն» եւ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Ամէն»), իսկ 12րդ ու վերջին դասով, հետազօտութիւնը հասաւ իր աւարտին Լերան քարոզի ծիրին մէջ (Մատթէոս 5-7) Տէրունական Աղօթքի քննարկումով։

Մօտ ատենէն, Շանթ Սարկաւագ պիտի վերսկսի դասընթացքը Սաղմոսարանի ուսումնասիրութեամբ։

«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  
 
Այս շաբթուան նամակին հեղինակը՝ Միլենան, կը հովանաւորուի տիկ. Քերէն Քոլավեքիոյի կողմէ։     
«Բարեւ, սիրելի Քերէն,
Մեծ ուրախութիւն եւ ջերմութիւն եմ զգում ամէն անգամ կարդալիս կամ Ձեզ նամակ գրելիս, քանի որ շատ մտերիմ եւ հարազատ էք դարձել ինձ։ Ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզ, Ձեր ուղարկած 100 ԱՄՆ դոլարի համար, այդ գումարը մեզ շատ անհրաժեշտ էր, մայրս ինձ համար գնեց մի քանի տաք հագուստ, ինչպէս նաեւ գրքեր, որոնք անհրաժեշտ էին դպրոցում։

Սիրելի Քերէն, ես ամէն օր իմ աղօթքներում յիշում եմ Ձեզ, խնդրելով Աստծուց Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքին տալ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն։ Մի փոքր պատմեմ իմ մասին, չնայած, որ փոփոխութիւնները այնքան էլ մեծ չեն։ Յաճախում եմ դասերիս, գնում եմ պարի, օգնում մայրիկիս տան գործերում եւ այլն։ Կը ցանկանայի Ձեր յաջորդ նամակում մի փոքր պատմէիք Ձեր մասին, ինչպէս է Ձեր առողջութիւնը, ինչպէս է անցնում Ձեր օրը։

Սիրելի Քերէն, պէտք է նշեմ, որ ամէն անգամ նամակ գրելիս մտածում եմ մեր հանդիպման մասին, ես շատ կը ցանկանայի տեսնել Ձեզ, զգալ Ձեր ջերմութիւնը։ Ես շնորհակալ եմ Աստծուց, որ Ձեզ պէս մարդ կայ աշխարհի վրայ, թէկուզ այդքան հեռաւորութեան վրայ, շնորհակալ եմ, որ կաք իմ կեանքում։ Անհամբեր կը սպասեմ Ձեր նամակին։

Սիրով՝ Միլենա»

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ՍՊԱՍՈՂ ՈՐԲԵՐ
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.
 
ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։
 
բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։           
 
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել (այժմ աւելցած են, դժբախտաբար, պսակաձեւ ժահրի զոհերու զաւակներ), կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել վարի կապին վրայ։      
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ «ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Ֆիլատելֆիայի «Հայկազեան» վարժարանը պսակաձեւ ժահրի համավարակին պատճառով փակեց իր դռները Մարտ ամսուան կիսուն։ Սակայն, կարճ դադարէ մը ետք , դասաւանդութիւնները վերսկսան Zoom ի միջոցով։

Աշակերտները ամէն Կիրակի , ժամը 11:00 էն սկսեալ մեծ պատրաստակամութեամբ մասնակցեցան իրենց դասընթացքին։ Անոնք միշտ աշխոյժ ու ճշդապահ կերպով միացան իրենց ուսուցչուհիներուն եւ ընկերներուն , ու վեց շաբթուան ընթացքին սորվեցան նոր շատ բան՝ հայերէնով։ Գնահատելի էր յատկապէս ծնողներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը՝ այս նոր ծրագիրը լաւագոյնս կատարելու համար։

Դասընթացքները կ՚ընդգրկէին հետեւեալ նիւթերը՝ նոր տառերու ճանաչում , ընթերցանութիւն , ուղղագրութիւն , հականիշ բառեր , ինչպէս նաեւ թիւերը հայերէնով մինչեւ հազար հաշուել։ Սորվեցան նաեւ գտնել շարքին չպատկանող բառը։ Ամբողջ տարուան ընթացքին նաեւ սորվեցան ընդհանուր զարգացման օգնող հարցումներ։ Անոնք մեծ եռանդով պատրաստուեցան տարեվերջի մրցումին։

ՀՕՄ-Ի 110ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ՅԻՇԵՑԷՔ ՁԵՐ ՍԻՐԵԼԻՆԵՐԸ
Հիմնադրութեան 110ամեակին առիթով, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը կայքէջ մը նուիրած է այս նշանակալից տօնին։ Առիթ մըն է նաեւ, որպէսզի մեր համայնքի անդամները կանացի այս առաջատար կազմակերպութեան զօրավիգ կանգնին՝ 110 տոլարով «տարեդարձի նուիրատու» դառնալով։ Այս գումարով, նուիրատուները կրնան մեծարել ու յիշել կազմակերպութեան անդամ մը, ընտանեկան անդամ մը կամ նոյնինքն ՀՕՄը։ Բոլոր նուիրատուներուն անուններն ու ձօները պիտի ցուցակագրուին 110ամեակի կայքէջին մէջ։ 

«ԳՐԱԿԱՆ-ԲԱՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Այս հատորին մէջ, հեղինակը խմբած է 1987-2008 թուականներուն հրատարակուած, ինչպէս նաեւ փոքր թիւով անտիպ՝ 19րդ-20րդ դարու հայ գրականութեան ու բանասիրութեան հարցերու նուիրուած 24 ուսումնասիրութիւններ, 18 գրախօսականներ եւ 6 փորձագրութիւններ, որոնք ենթարկուած են վերամշակման։ Ընթերցողը կը գտնէ կենսագրական, մատենագիտական, վերլուծական եւ բանավիճային տարբեր նիւթեր, որոնք կ՚ընդգրկեն բազմաթիւ արեւմտահայ, արեւելահայ, սփիւռքահայ եւ հայրենի գրագէտներու կեանքն ու գործը։
Այս գիրքը տրամադրելի է    Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք books@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

ՍԵՐՕ ԽԱՆԶԱԴԵԱՆ (մահ՝ 26 Յունիս, 1998)
Պատերազմի ու ժամանակակից նիւթերով իր գրական գործունէութիւնը սկսած Սերօ Խանզադեան 1960ական թուականներուն դարձած է խորհրդահայ պատմավէպի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը։ 

Ծնած է 3 Դեկտեմբեր, 1915ին, Գորիսի մէջ։ 1934ին աւարտած է քաղաքի մանկավարժական դպրոցը, իսկ նոյն տարին հրատարակած է իր առաջին պատմուածքը Գորիսի «Կարմիր Զանգեզուր» թերթին մէջ։ 1934-1941 զբաղած է ուսուցչութեամբ Գորիսի շրջանի Տաթեւ եւ Խնածախ գիւղերուն մէջ։ Մասնակցած է Բ. Աշխարհամարտին (1941-1945)։

19 50ին, հրատարակած է իր առաջին հատորը՝ « Մեր գնդի մարդիկ » վէպը , Բ. Աշխարհամարտի նիւթով։ Նոյն տարին, Գրողներու Միութեան անդամ դարձած է։ Յաջորդ գործը՝ երկհատոր «Հողը» վէպը (1954-1955) ճանաչում բերած է իրեն։ Այստեղ անդրադարձած է գիւղերու պարպումի հարցին, ցոյց տալով, որ Քարակերտի բնակիչներու բարեկեցութիւնը չի լուծուիր Արարատեան դաշտ տեղափոխուելով, այլ ապառաժները փշրելով ու հողը ծաղկեցնելով։

1955-1961 թուականներուն հրատարակած է շարք մը մանկապատանեկան ստեղծագործութիւններ եւ երկու պատմուածքներու հատորներ՝ «Կարմիր շուշաններ» (1958) եւ «Հարստութիւնը լեռներում» (1961)։

1961ին լոյս տեսած «Մխիթար սպարապետ» պատմավէպը լայն ժողովրդականութիւն բերած է Խանզադեանին Հայաստանի մէջ։ Գիրքը 1961-1963ին չորս տպագրութիւն ունեցած է Երեւանի, Պէյրութի եւ Գահիրէի մէջ։ Գրագէտը հայ պատմավէպի աւանդները շարունակած է՝ մեր ժողովրդի պատմութեան հերոսական էջերէն մէկը արդիականութեան տեսակէտէն դիտելով։ 18րդ դարու առաջին քառորդի ազատագրական փորձերու հենքին վրայ հիմնուած են Դաւիթ Բէկի եւ Մխիթար սպարապետի կերպարները իբրեւ պարսկա-թրքական լուծին դէմ պայքարի առաջնորդներ։

Այնուհետեւ, Խանզադեանի բեղուն գրիչը բազմաթիւ հատորներ նուիրած է, մեծաւ մասամբ, ժամանակակից նիւթերու. « Կորած արահետներ » (1964 ) , « Քաջարան » (1965 ) , « Այրուած տունը » (1965), « Մատեան եղելութեանց » (1966 ) , « Անձրեւից յետոյ » (1969 ) , « Ինչո՞ւ , ինչո՞ւ » (1970 ) , « Երեք տարի , 291 օր » (1972 ) , « Սեւանի լուսաբացը » (1974 ) , « Խօսէք , Հայաստանի լեռներ » (1976

Սերօ Խանզադեան 1972 թուականէն գրական խորհրդականի պաշտօն վարած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան մէջ։ 1974ին Հայաստանի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսը ստացած է, իսկ 1977ին շահած է Հայաստանի պետական մրցանակը («Երեք տարի 291 օր» ռազմաճակատային օրագրութեան համար)։ Ստացած է նաեւ բազմաթիւ շքանշաններ։

Այնուհետեւ, Խանզադեան իր գրական գործերուն առանցքը դարձուցած է հայոց պատմութիւնը։ Հայ ժողովուրդի հեռաւոր անցեալի ինքնատիպ վերակազմութիւն մը տուած է « Թագուհին հայոց » պատմավէպին մէջ (197 8)։ Այնուհետեւ, ան հրատարակած է « Արաքսը պղտորւում է » (1985), « Անդրանիկ » (1989), « Շուշի » (1991) եւ « Գարեգին Նժդեհ » (1993) պատմավէպերը , « Հօրս հետ եւ առանց հօրս » (1986), « Ինչպէս յիշում եմ » (1988) եւ « Ղարաբաղը կրակների մէջ » (1998) ինքնակենսագրական եւ յուշագրական գրքերը եւ « Պըլը Պուղի » (1988) եւ « Կորած արահետներ » (1989) պատմուածքներու հատորները։

Գրագէտը յաճախ արտայայտուած է պատմական, գրական եւ այժմէական հարցերու մասին։ Անոր շատ մը գործերը թարգմանուած են ռուսերէնի եւ այլ լեզուներու, իսկ երկու գործեր՝ «Այրուած տունը» («Լքուած հեքիաթների կիրճը» խորագրով, 1974) եւ «Մխիթար սպարապետ» (1978) շարժանկարի վերածուած են։

Սերօ Խանզադեան մահացած է 26 Յունիս, 1998ին, Երեւան։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ      ( www.armenianprelacy.org ). 
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԼԻԶԵԼԸ ԱԶԴԵՑ ԼԵԶՈՒԻՆ ՎՐԱՅ

Թերեւս իրենց կերպարանքէն կրնաք հետեւցնել, որ անգլերէն language եւ հայերէն լեզու բառերը ազգական են իրարու։ Եւ ճիշդ էք։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ երկուքն ալ նոյն հնդեւրոպական արմատէն կու գան։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին փոփոխութեան ենթարկուած են, ինչպէս բոլոր քոյր հնդեւրոպական լեզուներու նոյնիմաստ բառերը։

Բուն բառը նախահնդեւրոպական լեզուին մէջ *dnghua, *dnghu ձեւը ունեցած է։ Սակայն, երեւոյթ մը կայ, որ ժողովրդական ստուգաբանութիւն (folk etymology) կը կոչուի, երբ մարդիկ կը կարծեն, որ երկու իրարու նմանող բառեր իսկական կապ մը ունին (օրինակ՝ մէկը կրնայ կարծել, որ անգլերէն bad բառը հայերէն վատ էն կու գայ, քանի որ երկուքն ալ «ստոր, չար» կը նշանակեն)։ Այս պարագային, հնդեւրոպացիները *dnghua («լեզու») բառը կապած են *leigh («լիզել») բառին հետ, եւ հետեւանքը այն եղած է, որ բոլոր հնդեւրոպական լեզուներուն մէջ «լեզու» բառը մայր բառէն բոլորովին տարբեր ձեւ ստացած է։ Օրինակ՝ հին լատիներէն dingua բառը դարձած է lingua՝ ազդուելով lingo («լիզել») բառէն, որմէ բխած է ֆրանսերէն langage , ու վերջինէս՝ անգլերէն language բառը։ Հայերէն բառը, որ տնձու պիտի ըլլար, լեզուլ/լիզուլ բայի ազդեցութեամբ դարձած է լեզու, իսկ գաւառաբարբառներուն մէջ՝ լիզու ։

Հետաքրքրական է, սակայն, որ անգլերէնը պահած է զանազանութիւնը մարմնի գործարանին՝ լեզուի ( tongue ) եւ միտք արտայայտելու ընդունակութեան ( language ) միջեւ, թէեւ tongue բառը կը գործածուի վերջինիս իբրեւ մասնակի հոմանիշ (օրինակ՝ mother tongue «մայրենի լեզու»), իսկ հայերէնը լեզու բառը կը գործածէ երկու իմաստներուն համար, թէեւ բարբառ բառը կրնայ գործածուիլ իբրեւ հոմանիշ՝ երկրորդ պարագային (օրինակ՝ մայրենի բարբառ = մայրենի լեզու)։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ      ( www.armenianprelacy.org ). 
ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։    

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
29 Յունիս—3 Յուլիս —Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագիր՝ առցանց։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք shant@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

10 Յուլիս —Ամառնային «Սիամանթօ» լսարանի առցանց առաջին հանդիպում, ժամը 4:00ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ (anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
 
12 Սեպտեմբեր —Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ առցանց, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի։  

26-27 Սեպտեմբեր — (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
 
17 Հոկտեմբեր (ՋՆՋՈՒԱԾ) Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ «Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ»ու կողմէ։
 
15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/