29 Հոկտեմբեր, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ՄԻԱՑԵԱԼ՝ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ
Անցեալ Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբերին, Արցախի ու Հայաստանի դէմ թուրք-ազերի յարձակման առաջին ամիսը նշուեցաւ։ Անհանդուրժելի է այս յարձակումին առթած ցաւը՝  աւելի քան 1.000 հայ զինուորներու կորուստին դիմաց, որոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդներ էին իրենց ծաղիկ հասակին մէջ։ Հայաստանի պէս երեք միլիոննոց բնակչութեամբ երկրի մը համար, ասիկա համազօր է Միացեալ Նահանգներու նման 300 միլիոննոց երկրի մը մէջ 100.000 հոգիի կորուստին։

Այս հերոսները ո՛չ միայն մեր հայրենիքը կը պաշտպանեն, այլեւ իբրեւ ազգ ապրելու մեր իրաւունքը։ Արդարեւ, պէտք չէ խաբէութեան մատնուիլ։ Ատրպէյճանը՝ եղծանուած (corrupt) ու ոճրամիտ բռնատիրութիւն մը, որ մեծաքանակ զինանոց ապահոված է քարիւղի տոլարներու շնորհիւ, Հայաստանի դէմ պատերազմը շղթայազերծած է՝ թրքական ցեղասպան պետութեան աջակցութեամբ։ Նպատակը՝ թուրք նախահայրերու «գործը վերջացնել» է, ինչպէս Թուրքիոյ մենատէր Ռէճէփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր անցեալ Յուլիս 14ին խորհրդարանին ուղղուած ճառի մը մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, այս պատերազմը վերաբացած է դեռ չբուժուած վէրքեր, որոնք աննախընթաց միասնականութիւն յառաջ բերած են՝ յաճախ հատուածական մեր իրականութեան մէջ։ Քրիստոնեայ կամ այլազգ կրօններու հետեւող տիրակալներու տիրապետութեան տակ եղած ենք այնքան յաճախ, որ անոնց պատճառած պառակտումները աւելի յարատեւող եղած են, քան զանոնք ծնունդ տուած պատմական պարագաները։

Այս ճակատագրական պահուն, մեր ժողովուրդը աւելի միասնական է քան երբեք՝ երկու թշնամիներու դէմ մեր պայքարին, զոր կը մղենք բոլորովին առանձին, մոռցուած՝ աշխարհի մը կողմէ, որուն համար ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները զուտ ձեւական արժէք կը թուին ունենալ։ Ասիկա մեր սերունդի Վարդանանց պատերազմն է ու Սարտարապատի հերոսամարտը։ Մեր նահատակուած հերոսներուն եւ մեր հայրենիքի սիրոյն, այլեւս չենք կրնար հանդուրժել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հայասպան ճիգերը։ Ելքը մէկ է՝ յաղթելու ենք։ 
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՏԻԹՐՈՅԻԹԻ ԵՒ ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 25 Հոկտեմբերին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպըրն, Միշիկըն) մէջ։ (Քարոզի լման բնագրին համար, տե՛ս ստորեւ)։ Այս առիթով, նշուեցան գաղութի հիմնադրութեան 88ամեակը, եկեղեցւոյ նոր շէնքի 68ամեակը եւ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանի քահանայական ձեռնադրութեան 10ամեակը։

Իր կեցութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը այցելութիւն մը տուաւ տիկ. Արփինէ Պողիկեան-Կարպուշեանին, որ հակառակ 100 տարեկանը բոլորած ըլլալուն, կը շարունակէ աշխոյժ ծառայութիւն բերել եկեղեցւոյ աշխատանքներուն։

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որուն կ՚ընկերանար Տ. Հրանդ Քհն., այցելեց Ամենայն Սրբոց եկեղեցին (Կլենվիւ, Իլինոյ)։ Յաւարտ գոհաբանական աղօթքի, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ քոյր կազմակերպութիւններուն հետ։ 

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՔԸՆԵԹԻՔԸԹԻ ՄԷՋ
Կիրակի, Նոյեմբեր 1ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Պրիթըն, Քընեթիքըթ)։ Պիտի պատարագէ Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան։ Մեր հաւատացեալները արարողութեան կրնան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։ 
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ
ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՒ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՈՒԺԸ
Այսօր, Հայց. Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, Սուրբ Խաչը գտնուելու տօնն է, ծանօթ՝ Գիւտ Խաչի անունով, զոր կը պարտինք Կոստանդիանոս կայսեր մօր՝ Հեղինէ մայր թագուհիին: 327 թուականին ան Հռոմէն ուխտագնացութեան գնաց Երուսաղէմ մէկ նպատակով՝ Խաչափայտը գտնել: Երկար փնտռտուքներէ ետք, Յուդա անուն հրեայի մը օգնութեամբ կը գտնուին երեք խաչափայտեր: Քրիստոսի խաչափայտի իսկութիւնը կը ստուգուի անով որ այդ պահուն յուղարկաւորներ կ՚անցնէին այդ տեղէն։ Երեք խաչափայտերը յաջորդաբար կը զետեղուին մեռեալին վրայ, որ անմիջապէս կեանքի կուգայ երբ վերջին խաչը կը հպի անոր մարմնին:

Խաչափայտը՝ որպէս աննշան մասնիկ մը նիւթական մեր աշխարհին, որքան որ կը ներկայանայ որպէս անարգ մահուան գործիք, Քրիստոսի սուրբ արեան հեղումով փրկագործութեան խորհուրդին սուրբ Սեղանը դարձաւ, եւ Աստուծոյ զօրութեան յայտարարը, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ «Մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա» (Ա Կոր 118)։
         
Արդարեւ, խաչը նիւթական իր հասկացողութեան մէջ Խաչեալով կը պարփակէ նիւթը անդրանցնող խորհուրդ մը, որ է սիրով ու անսակարկ յանձնառութեամբ, անշեղ ու անխախտ կամքով նուիրում՝ գերագոյն սրբազան նպատակի մը համար։ Այնպէս ինչպէս լուսափայլ Խաչի երեւումը չորրորդ դարուն տարածուեցաւ Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ, նմանապէս Խաչի խորհուրդը՝ որպէս Աստուծոյ փրկագործութեան սիրոյ արտայայտութիւն, կը տարածուի ստեղծագործութենէն մինչեւ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը եւ անհուն յաւիտենականութիւն։

Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագիրը՝ հակառակ արարածներու կողմէ ամէն տեսակի անտեսումի եւ ուրացումի, իսկ Չարին կողմէ խաչահաններու ձեռքով խափանման փորձերուն, կը մնայ անխախտելի։ Նուիրական այդ ծրագրի իրագործումը կախեալ չէ ստեղծուածներու կամքէն, այլ միայն ու միայն՝ Աստուծոյ, որ միակ Տէրն է, Արարիչը եւ Տնօրինողը։ Խափանարարութիւնները նշան են ո՛չ թէ Ամենաբարիին տկարութեան, անկարողութեան, այլ՝ սիրոյն, ներողամտութեան ու համբերութեան, ըստ այնմ՝ Աստուած արդար դատաստանով կը վճռէ անտեսումը եւ ուրացումը իր անսահման սիրոյն, ինչպէս Քրիստոս ըսաւ. «Անոր որ շատ տրուի, անկէ շատ պիտի պահանջուի» (Ղկ 12.48)։

Ինչպէս Քրիստոս յաւիտեաններու մէջ գիտակցութեամբ, հեզութեամբ ու սիրով խաչը կրեց, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ երբ հաւատացեալի իր ինքնութեան գիւտը կատարէ, այլ խօսքով՝ խաչակրութեան ամբողջական գիտակցութեամբ գործէ, Խաչեալին օրինակը ունենալով, անիկա անշեղ, անխախտ կ՚ընթանայ՝ հակառակ կեանքի իւրաքանչիւր քայլին իր դիմաց ցցուած ամէն տեսակի արգելքներու, որովհետեւ յստակ կը տեսնէ նպատակակէտը իր գոյութեան եւ առաքելութեան, ինչպէս Քրիստոս ըսաւ. «Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ, եւ այժմ կը թողում աշխարհը եւ կ՛երթամ Հօր մօտ» (Յհ 16.28)։

Հայ ժողովուրդը մարդկութեան նուէր՝ Նախախնամութեան սէրը դիմաւորող առաջին ժողովուրդներէն եղաւ Ա դարուն, առաջինը եղաւ զայն որդեգրելու որպէս պետական կրօն չորրորդ դարուն, իսկ առաջինը եղաւ իր արեան գնով զայն յայտարարելու որպէս ճշմարիտ հաւատք հինգերորդ դարուն։ Այնուհետեւ, ինչպէս օտար հեղինակներ իսկ կը վկայեն, Հայոց պատմութիւնը եղաւ «Նահատակութեան Պատմութիւն»։

Հայ ժողովուրդը մարդկային մեծ ընտանիքին մէջ որքան որ դիմագրաւեց անարդարութիւն, սակայն միշտ Խաչի խորհուրդն ու զօրութիւնը իր կեանքի համարեայ բոլոր բնագաւառներուն մէջ թարգմանելով, անշեղ մնաց Արարիչին փրկագործ ծրագրէն, եւ միշտ՝ քալեց Խաչի խորհուրդի յաղթական տեսլականով։ Քանիցս դատապարտուեցաւ փոշիանալու, սակայն ընձիւղուեցաւ նոր աւիշով։

Եւ այսօր, Գիւտ Խաչի տօնին, երբ ազգովին կը քալենք ամենափշոտ ու արիւնոտ գոյապայքարի ճանապարհով, սաղմոսասացին հետ մե՛նք եւս կը կրկնենք, թէ «Թշնամիներս ցուլերու պէս զիս պաշարեցին, պաշարեցին զիս Բաշանի կատաղի ցուլերուն պէս։ Իրենց բերանը բացին իմ վրաս լայն բացին՝ մռնչող ու բզկտող առիւծի պէս․․․Բայց Դուն, ո՛վ Տէր, Դո՛ւն ես պաշտպան վահանս, դո/ւն եւ փառքս, գլուխս բարձր պահողը» (Սղ 2212-12; 33)։ Այո՛, աշխարհը որքան դիտորդի դերին մէջ է եւ կը զգուշանայ յայտարարելու ճշմարտութիւնը, բայց նաեւ վկայ է, թէ բառին ամբողջական իմաստով ռազմական անհամեմատելի գերազանցութեամբ եւ սադրանքներով զինուած անդատապարտ մնացած դահիճ ազգը, իր ձախողութեան մէջ խելակորոյս դարձած կը սպառնայ համայն աշխարհի խաղաղութեան։

Խաչի խորհուրդն ու զօրութիւնը անգամ մը եւս կը լուսաճաճանչէ մեր խոհեմազարդ հրամանատարներուն եւ գիտակից ու քաջարի զինուորներու նահատակութեան, մեր հայրենի եւ աշխարհացրիւ ժողովուրդի յանձնառութեան եւ միասնականութեան ընդմէջէն։ Մեր վէրքերով ու երգերով, ստեղծագործութիւններով ու մարդասիրութիւններով, անշեղ քալենք պիտի, Խաչի ճամբով ու յարութեան յաղթանակով, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։   
ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔԻ ԱՐՇԱՒ
Ազգ. Առաջնորդարանի ազգային տուրքի արշաւի երկրորդ փուլը սկսած է։ Երախտապարտ ենք այն բազմաթիւ անդամներուն եւ բարեկամներուն, որոնք չեն զլացած իրենց առատաձեռն օժանդակութիւնը։ 
 
Ձեր աջակցութիւնը անհրաժեշտ է՝ աւելի քան երբեք, մեր ծրագիրները զարգացնելու համար։ Ան մեզ կը խթանէ յարատեւելու մեր յանձնառութեան մէջ։ «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ. Կր 9.7):   
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏ
Մեր հաւատացեալներուն նուիրատուութեան շնորհիւ, Ազգային Առաջնորդարանի դրամահաւաքը լիբանանահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար հասած է 365.014 տոլարի գումարին։ Ձեր նուիրատուութիւնը լիբանանահայ համայնքին կը բաշխուի Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի գլխաւորած Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնին կողմէ։
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւններու տասներկրորդ ցանկը, եւ այստեղ՝ ամբողջական ցանկը կարդալու համար։  
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1
Ը. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ
 
ՃՇ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես 22։15-25
 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:17-21
Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ: Ուրեմն ուշադիր եղէք թէ ի՛նչպէս կ’ընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի:
Յիսուսի մայրն ու եղբայրները իրեն եկան, բայց խուռն բազմութեան պատճառով չկրցան իրեն մօտենալ: Լուր տուին իրեն, ըսելով.
Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ’ուզեն քեզ տեսնել:
Յիսուս ըսաւ.
Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն:
 
ԹՈՒՂԹ ԵՓԵՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-14
Ես՝ Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Քրիստոս Յիսուսի առաքեալը, կը գրեմ Եփեսոս բնակող եղբայրներուդ, Քրիստոս Յիսուսի հաւատացողներուդ: Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:
 
Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով մեզ օրհնեց երկինքի մէջ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութեամբ: Անիկա աշխարհի գոյութենէն իսկ առաջ մեզ ընտրած էր՝ Քրիստոսի միջոցաւ իրեն պատկանելու համար, որպէս սուրբ եւ անարատ ժողովուրդ, եւ իր սիրով մեզ նախասահմանեց՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով իր որդիները ըլլալու, որովհետեւ ա՛յդ էր իր կամքը եւ ծրագիրը:
 
Ուստի գովենք զինք այն փառքին համար, որ մեզի շնորհեց իր սիրելի Որդիին միջոցաւ: Արդարեւ, անով փրկուեցանք եւ անոր արիւնով մեր մեղքերուն թողութիւն գտանք: Որքա՜ն մեծ է իր շնորհքը, որ առատօրէն տուաւ մեզի՝ ամենայն իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ: Որովհետեւ իր կամքին համաձայն մեզի յայտնեց շատ կանուխէն պատրաստած իր ծրագիրը, որ Քրիստոսով պիտի իրագործուի: Եւ այդ ծրագիրը սա է, որ երբ ժամանակները իրենց լրումին հասնին, Քրիստոս իրմով պիտի բովանդակէ ամէն ինչ որ կայ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ:

Քրիստոսի միջոցաւ է որ ժառանգորդ դարձանք փրկութեան: Աստուած, որ ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ իր առաջադրած ծրագրին ու կամքին, անով առաջուց հրաւիրեց մեզ՝ իր փառքը գովերգելու. մենք՝ որ Քրիստոսի յուսացողներուն առաջիններէն եղանք: Դուք ալ, երբ լսեցիք ճշմարիտ քարոզութիւնը, այսինքն Աւետարանը որ ձեզի փրկութիւն բերաւ, հաւատացիք Քրիստոսի եւ խոստացուած Սուրբ Հոգիով կնքուեցաք: Եւ Սուրբ Հոգին գրաւական է, թէ պիտի ժառանգենք Աստուծոյ խոստումը, երբ Աստուած պիտի փրկէ իր սեփական ժողովուրդը, որպէսզի իր փառքը գովերգենք։ 
Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ
Այսօր, Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Յովհան Ոսկեբերանը` նշանաւոր եկեղեցական ու քարոզիչ Սուրիոյ եւ Կ. Պոլսոյ մէջ ։ Այս հոգեւորականը, որ իբրեւ սուրբ ճանչցուած է Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէ, նշանաւոր էր իր պերճախօսութեամբ, ուրկէ կու գայ անոր Ոսկեբերան անուանումը։ Սուրբը մեծարուած է նաեւ Կաթողիկէ ու Անկլիքան Եկեղեցիներուն կողմէ։
 
Ոսկեբերան 21 տարեկանին քրիստոնէութիւնը ընդունած է 368 թուականին։ Հրաժարած է մեծ ժառանգութենէ եւ խոստմնալից իրաւաբանական ասպարէզէ, քաշուելով լեռնային քարանձաւ մը՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Եկեղեցական օծուելէ ետք, անոր քարոզները մեծ լսարաններ հրապուրած են։ Քննադատած է հարուստ քրիստոնեաներ, որոնք պարզապէս թանկագին իրեր կը նուիրէին՝ եկեղեցիներու մէջ ցուցադրուելու համար։
 
Յովհան Ոսկեբերանի սուր քննադատութիւնները լուրջ պատճառ եղած են, որ քանիցս աքսորուի։ Անոր խօսքն ու գործը խոր ազդեցութիւն ունեցած են Հայց. Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ու աստուածաբանութեան վրայ, քանի որ աքսորի վերջին տարիները Հայաստանի մէջ անցուցած է։ Ոսկեբերանի քանի մը կարեւոր գործեր մեզի հասած են միայն հայերէն թարգմանուած ձեռագիրներու միջոցաւ։

Ոսկեբերան հռչակուած է Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝ 451 թուականին, Չորրորդ Տիեզերական ժողովին (Քաղկեդոնի Ժողով) եւ դասուած քարոզիչներու հովանաւոր՝ Հռոմի Պիոս Ժ. Պապին կողմէ:

ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ՏՕՆ
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31ին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ամենայն Սրբոց տօնը, Նորոց եւ Հնոց, Յայտից եւ Անյայտից։ Այս տօնը կը ներառնէ բոլոր այն սուրբերը, որոնք Եկեղեցւոյ ցանկէն կրնան բացակայ ըլլալ եւ որոնք մեզի յայտնի չեն։ Արեւմտեան եկեղեցիները նոյն տօնը Նոյեմբեր 1ին կը նշեն։ Ըստ մեր եկեղեցական աւանդութեան, թուականը փոփոխական է ու կապուած՝ Խաչի տօնին հետ։ Հետեւաբար, Հոկտեմբերի վերջաւորութեան կամ Նոյեմբերին կրնայ նշուիլ։  
 
Այս շաբաթ նաեւ կը յիշուին՝
 
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2՝ Սուրբ Ստեփանոս, Հռոմի հայրապետ
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3՝  Ակիփսիմեայ Եպիսկոպոս
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑԵՐէՆ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՏՆՕՐԷՆ ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ Կ՚ՈԳԵՒՈՐԷ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Անկասկած որ մեր պատանիներն են մեր ապագան։ Այս սկզբունքով, «Սիամանթօ» լսարանը Շաբաթ օրուան իր դասերէն ետք առիթը ունեցաւ Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Արամ Համբարեանի zoom-այցելութիւնը վայելելու։ Պրն. Համբարեան իր ջերմ ու ոգեւորիչ խօսքերով արագ տեղեկութիւն տուաւ արցախեան մերօրեայ հերոսամարտին ու հայ ժողովուրդի բացարձակ միասնականութեան մասին։ Ան ի գործ հրաւիրեց աշակերտները, որպէսզի գիտակցին, թէ իրենք իրենց բաժինը պէտք է բերեն ցոյցերէն դուրս ալ՝ ծնողներու հետ համագործակցութեամբ։
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 50.000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՀԱՒԱՔԷ ՄԵՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Պրն. Մովսէս Մուսայէլեան, պրն. Արմէն Մորեան, Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, պրն. Ռազմիկ Արզումանեան եւ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան
Կիրակի, 18 Հոկտեմբերին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին յատուկ հանգանակութեան մը ձեռնարկեց «Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամ»ին ի նպաստ՝ «Ահա մեր հերոսներուն համար» խորագրով, խոստանալով հաւասարեցնել նուիրատուութիւնները մինչեւ 25.000 տոլարի գումարը։ Այս հիմնադրամը միակ մարդասիրական նախաձեռնութիւնն է, որ բացառաբար մարտի դաշտը գտնուող մեր զինուորներուն կը ծառայէ։

Ձեռնարկը կը վայելէր թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութիւնը։ Հանգանակութեան բացումը տեղի ունեցաւ յաւարտ Ս. Պատարագի «Բաշալեան» սրահին մէջ, 30 ծխականներու ներկայութեամբ, եւ սփռուեցաւ համացանցի վրայ։ Առաջին ձեռնարկն էր համավարակի սկզբնաւորումէն ասդին։

Յայտագիրը ներկայացուց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, եւ զայն վարեց հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Արմէն Մորեան։ «Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամ»ի հիմնադիրներէն պրն. Ռազմիկ Արզումանեան ներկայացուց անոր աշխատանքը։ Բոլորն ալ խօսեցան Սփիւռքի պարտականութեան մասին՝ մեր զինուորներուն զօրավիգ կանգնելու։ Պրն. Արզումանեան շեշտեց, որ հիմնադրամի՝ ամերիկեան բանակի հիմնական օգնութեան կազմածները ամէն օր հայ զինուորներու կեանքը կը փրկեն արցախեան պատերազմին։

Ցարդ, այս յատուկ հանգանակութիւնը աւելի քան 50.000 տոլար հաւաքած է՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ 25.000 տոլարի խոստումը ներառեալ, եւ այս յաջողութեան պատճառով, եկեղեցին որոշած է մէկ շաբաթով երկարաձգել դրամահաւաքը։ Շարունակեցէ՛ք նուիրատուութիւնը՝ սեղմելով այստեղ։ 
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։ 
 
Այս շաբթուան նամակի հեղինակը Նարեկն է, որ կ՚ապրի Զովունի գիւղին մէջ եւ կը հովանաւորուի տէր եւ տիկ. Նիքի եւ Լիտիա Առաքելեաններու կողմէ։ 

«Մեր շատ սիրելի հովանաւորներ՝ պարոն Նիկի, տիկին Լիդիա,

Ստացանք ձեր գրած նամակը, շատ ուրախացանք։ Ես ու մայրիկս լաւ ենք, քոյրիկներս նոյնպէս լաւ են։ Ամէն անգամ մեծ սիրով յիշում ենք մեր եւ Լիայի հանդիպումը։ Մենք շատ սիրեցինք Լիային, Ձեզ՝ բոլորիդ նոյնպէս շատ ենք սիրում, կ՚ուզենայինք մի գեղեցիկ օր էլ Ձեզ հետ հանդիպէինք։

Այս COVID-19 իր վատ ազդեցութիւնը ունեցաւ մեզ մօտ, ինչպէս որ ամբողջ աշխարհում։ Ուսումնական տարին սկսուեց նոյնպէս դիմակներով։ Դպրոց յաճախում ենք օրը մէջ։ Որպէսզի դասարանում շատ չլինենք։ Մի մասը տնից է դաս անում, միւսը դպրոցում։ Կարծես մի քիչ նուազել էր վարակի տարածումը, բայց այսօր նորից բարձրացաւ վարակուածների քանակը։

Արդէն 12-րդ դասարանում եմ սովորում։ Աւարտելուց յետոյ կ՚ընդունուեմ, կը գնամ հայոց բանակում ծառայելու, Աստուած տայ այդ ժամանակ պատերազմ չլինի, կը վերադառնամ եւ կը գնամ ուսումս շարունակելու։ Ուզում եմ մասնագիտութեամբ դառնալ դերասան։

Դեռ վարակը չվերջացած մեզ մօր սկսուեց Արցախեան պատերազմ։ Մեր դարաւոր թշնամին յարձակուեց հայերիս վրայ։ Ընտանիքով ամէն օր աղօթում ենք, թէ երբ է վերջանալու այս դաժան պատերազմը։

Ես ուզում եմ կրկին անգամ մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել Ձեզ, Ձեր կատարած բարեգործութեան համար։ Թող Աստուած օրհնի Ձեզ եւ Ձեր առաքելութիւնը»։

Այստեղ սեղմեցէք մինչեւ 18 տարեկան որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։

Այստեղ սեղմեցէք համալսարանական ուսում ստացող որբերու առցանց հովանաւորութեան համար

Դուք միշտ կրնաք դիմել Ազգային Առաջնորդարանին՝ ելեկտրոնային նամակով ([email protected]) կամ հեռաձայնով (212-689-7810), «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագրին մասնակցելու համար
«ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ» (Ա., Բ., Գ. հատոր)
ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
Յակոբ Օշականի նշանաւոր այս վէպը առաջին անգամ առանձին գիրքով լոյս տեսած է 1932-1934ին, եւ աւելի քան կէս դար ետք Օշականի աշակերտներէն՝ գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեամբ վերահրատարակուած է։ Մեծ գրագէտին այս գլուխ-գործոցը կ՚ընդգըկէ «ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ տարագրութեան դժոխքը երկարող» ժամանակահատուածը։ Իբրեւ հիմնական նիւթ երկու ընտանիքներու կեանքը ունի՝ Նիկիոյ լիճին շրջակայքը դարեր առաջ բնակութիւն հաստատած հայ գիւղերէն մէկուն փարթամ ընտանիքի մը աւարտական փուլը, եւ Պրուսայի թուրք բարձրաստիճան զինուորականի մը բարդ առօրեան։ Ան կը նկարագրէ հայ գիւղն ու գիւղացին՝ իրենց անցեալով ու ներկայով, եւ թուրք քաղաքն ու քաղաքացին՝ իրենց ողջ բնորոշ գիծերով։ Օշական, ճանաչման խորունկ ու հաւաստի տուեալներով, կը ներկայացնէ երկու ժողովուրդներուն յարաբերութիւնը, անոնց հանդիպման առաջին օրերէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրեակը։
Այս գիրքը տրամադրելի է  Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։














 
































ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԱԶՄԱՆԵԱՆ (մահ՝ 29 Հոկտեմբեր, 1971)
Միքայէլ Մազմանեան ծանօթ ու ազդեցիկ անուն մը եղած է խորհրդահայ ճարտարապետութեան մէջ, որուն աշխատանքը Հայաստանի սահմաններէն շատ հեռու հասած է՝ ստալինեան մաքրագործումներուն պատճառով։

Ծնած է Թիֆլիս, 21 Նոյեմբեր, 1899ին։ 1918ին «Ներսիսեան» դպրոցէն շրջանաւարտ եղած է։ Նախապէս, 1916ին, մասնակցած էր Անիի պեղումներուն եւ ընդօրինակած Ս. Գրիգոր (Տիգրան Հոնենցի կողմէ կառուցուած) եկեղեցւոյ պատկերները՝ հետեւելով պատմաբան ու հնագէտ Նիկողայոս Մառի ցուցմունքներուն։ Ան նաեւ ցուցադրած էր իր գեղարուեստական կարողութիւնները, մասնակցելով Թիֆլիսի Հայ Արուեստագէտներու Միութեան առաջին (1917) եւ երկրորդ (1919) ցուցահանդէսներուն՝ ծաղրանկարներով եւ գեղանկարներով։

Մարտիրոս Սարեանի յանձնարարութեամբ, 1921ին, Մազմանեան մտած է նոր հիմնուած «Վխուտեմաս»ը (Բարձրագոյն գեղարուեստա-թեքնիք արհեստանոցներ) Մոսկուայի մէջ։ Ուսման տարիներուն, ստեղծած է որմազդերու եւ ծաղրանկարներու շարքեր, պատկերազարդած է գիրքեր, նկարած է բեմադրութիւններ եւ թարգմանած է գիրքեր։ Ան բարեկամացած է Եղիշէ Չարենցի հետ եւ մասնակցած՝ անոր Standart գրական խմբակցութեան, 1924ին։

1926ին, «Վխուտեմաս»ը վերակազմակերպուած է, դառնալով «Վխուտէին»ը (Բարձրագոյն գեղարուեստա-թեքնիք հիմնարկ) Լենինկրատի (այժմ՝ Ս. Փեթերսպուրկ) մէջ։ Մազմանեան շրջանաւարտ եղած է 1929ին։ Հիմնադիր անդամ եղած է համառուսական Պրոլետարական Ճարտարապետներու Միութեան (1929) եւ Հայաստանի Պրոլետարական Ճարտարապետներու Միութեան (1932)։

1920ականներու մեծ մասը Ռուսաստան անցընելէ ետք, Մազմանեան գործուղուած է Հայաստան 1929ին։ Երկրի թեքնիք կրթութեան կազմակերպիչներէն մէկը եղած է իբրեւ Երեւանի Շինարարութեան հիմնարկի առաջին տնօրէն (1930-1935)։ Ալավերտիի, Ղափանի (Կապան), Լենինականի (Գիւմրի) եւ Կիրովականի (Վանաձոր) գլխաւոր յատակագիծերը պատրաստուած են անոր ղեկավարութեամբ, 1929-1937ին։ Ան նաեւ նախագծած է Երեւանի կարգ մը յայտնի շէնքեր, ինչպէս շինարարներու ակումբը (1928-1929, այժմ՝ ռուսական թատրոնը եւ սպորտի կոմիտէն), գրապալատը (1935-1940), կեդրոնական հանրախանութը (1936-1937)։ Մազմանեան եւ իր պաշտօնակից Գէորգ Քոչար գլխաւորած են «Գիպրոգոր» նախագծային գրասենեակի ճարտարապետական աշխատանոցը (1932-1937) եւ նախագծած են Գրողներու Միութեան գրողներու հիւրանոցը Սեւանի մէջ (1932)։

Երկու ճարտարապետները ստալինեան բռնութիւններու հերթական զոհերը եղած են։ Ձերբակալուած ու աքսորուած են հիւսիսային բեւեռի մերձակայ շրջանը։ Տասնհինգ տարի պարտադրուած են ապրիլ աշխարհի ամենացուրտ տեղը եւ այդ միջոցին նախագծած ու կառուցած են Նորիլսկ քաղաքը (1939-1954), այնուհետեւ՝ Տուտինկա քաղաքը (1949-1954)։ Ստալինի մահէն ետք, անոնց գործը վերանայուած է ու Մազմանեան վերադարձած է Երեւան, 1954ին։

Աքսորի շրջանէն ետք, Մազմանեանի կեանքի երկրորդ բեղուն շրջանը սկսած է։ Ան նշանակուած է Երեւանի քաղաքային խորհուրդի նախագծային գրասենեակի տնօրէն (1954) եւ «Երեւաննախագիծ» կազմակերպութեան քաղաքաշինութեան բաժնի վարիչ (1958)։ Ղեկավարած է քաղաքի տարբեր թաղամասերու նախագծումը (1955-1969) եւ քաղաքի գլխաւոր յատակագծի պատրաստութիւնը (1967-1968)։ 1957-1971ին, Ս. Էջմիածնի ճարտարապետութեան ու շինարարութեան յանձնաժողովի նախագահն էր։ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստի գործիչի (1959) եւ վաստակաւոր ճարտարապետի (1968) տիտղոսներուն արժանացած է, ինչպէս եւ կարգ մը շքանշաններու։

Միքայէլ Մազմանեանի վերջին ծրագիրը եղած է Երեւանի՝ մէկ միլիոննոց քաղաքի գլխաւոր նախագիծը (1971)։ Ան մահացած է 29 Հոկտեմբեր, 1971ին։ Երեւանի փողոցներէն մէկը կը կրէ անոր անունը։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)
ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՔ

Լիբանանահայութիւնը ձեր օգնութեան պէտք ունի աւելի քան երբեք
 
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւն մը ընելու համար,
կամ
ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝


Armenian Prelacy
138 E. 39th Street
New York, NY 10016
Ձեր չէքերը գրեցէք՝ Armenian Apostolic Church of Americaին
(Memo: Lebanon Relief Fund)


ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ [email protected]։    
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆ— Առցանց կը հանդիպի ամէն Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 10:30-12:30ին (արեւելեան ժամով)։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք  [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7231 թիւին։
 
Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ— Հոկտեմբեր 14-Դեկտեմբեր 2ին։ Առցանց, նուիրուած՝ Պօղոս Առաքեալի Փիլիպպեցիներուն ուղղուած թուղթին։ Չորեքշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 8:00-9:00ին արեւելեան ժամով։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք [email protected] հասցէին։
 
21 Նոյեմբեր —Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մասաչուսեթս) ուտեստեղէնի տարեկան տօնավաճառ։  

6 Դեկտեմբեր —Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ) 66րդ տարեդարձ, ընդ նախագահութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/