3 Սեպտեմբեր, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՆՑԱՒ ՔԱՌՈՐԴ ՄԻԼԻՈՆԸ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Հոգելոյս Խորէն Ա.,Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիասի նորահաստատ դպրեվանքի երկրորդ հունձքի սերունդ էր։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ան առիթը չունեցաւ շարունակելու իր բարձրագոյն ուսումը, այլ ուղղակի ծառայութեան դաշտ առաքուեցաւ՝ Հիւսիսային Սուրիոյ Գամիշլի-Ճէզիրէի շրջանը։ Յետագային, ան ընտրուեցաւ լիբանանահայոց առաջնորդ, նշանակուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայրապետական պատուիրակ, եւ ի վերջոյ եղաւ ազգընտիր հայրապետ։ Պրն Մուշեղ Իշխան, դպրեվանքի հոգեբանութեան եւ մանկավարժութեան մեր ուսուցիչը, առիթով մը խօսելով բնածին տաղանդներու մասին, ըսաւ, թէ Խորէն Կաթողիկոս բնածին հոգեբան մըն է։ Անկեղծ ըսած՝ չըմբռնեցինք իր հաստատումին խորքը։ Պրն Իշխան, գուշակելով մեր շփոթը, իր քաղցր ժպիտով աւելցուց. «Տղա՛ք, այո՛, Խորէն Կաթողիկոսը բնածին հոգեբան է ան շատ լաւ գիտէ հոգեբանութիւնը եւ ըստ այնմ զայն կը գործադրէ։ Ան գիտէ ինչպէս պիտի խօսի մարդոց մտքին ու սրտին, եւ ըստ այնմ կը յաջողցնէ իր բոլոր աստուածահաճոյ ու ազգաշէն ծրագիրները»։  
 
Տարիներ ետք, երբ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցայ, միաբանակից եղբայրներուս հետ վայելեցի Խորէն Կաթողիկոսի հայրական խնամքը, իմաստութիւնը եւ դաստիարակիչ ժամանցի պահերը։ Առիթով մը իրեն հարց տուի ու ըսի. «Վեհափառ հայր, պատմահայր Մովսէս Խորենացիէն սորված ենք, թէ Հայկ նահապետ Բէլի դէմ ապստամբելէ ետք դէպի հիւսիս ուղղուեցաւ եւ հոն հաստատեց իր իշխանութիւնը։ Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր, որ հարաւ ուղղուէր, եւ փոխանակ քարքարուտ երկրի մը, ոսկեայ հանքով կամ քարիւղով հարուստ երկիր մը ժառանգ թողուր մեզի»։ Վեհը խոհեմ ժպիտով մը պատասխանեց «Տղա՛ս, դեռ շատ երիտասարդ ես, տարիներու փորձառութեամբդ դուն ինքդ պիտի վկայես, որ ոսկեայ սրտով հարուստ ժողովուրդի մը կը ծառայես»։
 
Որքան ծառայութեան տարիներուս մէջ յառաջացայ եւ ականատես եղայ անպատմելի բազմաթիւ տխուր իրադարձութեանց, ինչպիսիք են Լիբանանի քաղաքացիական ահաւոր պատերազմը, Հայաստանի սահմռկեցուցիչ երկրաշարժը, Սումկայիթի տխրահռչակ ջարդերն ու Արցախի ազատագրական կռիւները, Նիւ Եորքի զոյգ շէնքերու ահաւոր փլուզումը, բնաշխարհի զանազան աղէտները, եւ դարձեալ աշխարհը ցնցող Պէյրութի վերջին պայթումը, իսկ միւս կողմէ Արեւելքէն մինչեւ Արեւմուտք, եւ Հիւսիսէն մ ինչեւ Հարաւ աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը, որպէսզի դարման եւ յոյս բերեն մեր եղբայրներու կորուստներուն ու ցաւերուն, Խորէն Կաթողիկոսի խօսքը կրկին ու կրկին արձագանգեց. «Տղա՛ս, ոսկեայ սրտով հարուստ ժողովուրդի մը կը ծառայես»։
 
Եւ այսօր, հրապարակաւ իմ որդիական խորազգաց երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ հոգելոյս հայրապետին, որ ծառայութեանս սկիզբը ինծի սորվեցուց ոսկեայ օրէնքը՝ ճանչնալու մեր պատուական ժողովուրդի սիրտը, էութիւնն ու նկարագիրը։
 
Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, գերերջանիկ կը զգամ ինքզինքս, երբ ձեր սրտաբուխ նուէրներուն դիմաց յայտարարեմ, որ Լիբանանի շտապ օգնութեան գծով արդէն իսկ աւելի քան քառորդ միլիոնի հանգանակութիւն ըրած ենք՝ 258.324 տոլար։ Այսօր իսկ կատարեցինք 50.000 տոլարի մեր չորրորդ փոխանցումը։ Ինչպէս ըսած եմ, միանուագ չենք կրնար այդ գումարէն աւելի ղրկել։ Սոյն հանգանակութիւնը Լիբանանահայութեան Վերակառուցման Մարմինի միջոցաւ, որ կը բաղկանայ հայ համայնքի բոլոր յարանուանութիւններէն ու կազմակերպութիւններէն, պիտի բաշխուի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։
 
Թող Աստուած առ յաւէտ առողջ պահէ մեր ժողովուրդի ոսկեայ սիրտը, որպէսզի միշտ տրոփէ ի խնդիր կարիքաւորներու՝ հայ ըլլան կամ ոչ։
 
Հայկական առածով փակելով խօսքս, կ՛ըսեմ «Հող բռնէք, ոսկի դառնայ»։  

Աղօթարար՝
ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւններու չորրորդ ցանկը կարդալու, եւ այստեղ՝ ամբողջական ցանկը կարդալու համար։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Կիրակի, Սեպտեմբեր 6ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 28 Օգոստոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանական հաւաք, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ 22 վանաբնակ միաբաններուն: Միաբանական համագումարը տեղի պիտի ունենար Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ շուրջ երկու ամիս առաջ, սակայն յետաձգուեցաւ՝ ստեղծուած անբնական պայմաններուն հետեւանքով:
 
Ողջունելով միաբան հայրերու ներկայութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց, որ միաբանութիւնը թէ՛ Մայրավանքէն եւ թէ թեմերէն ներս նուիրումով կը կատարէ իր ծառայութիւնը: Ան յիշեցուց, թէ միաբանութիւնը մէկ ամբողջութիւն է: Միաբան հայրերը ո՛ւր որ ծառայեն եւ ի՛նչ հանգամանքով, անոնք ամբողջական մասը կը կազմեն միաբանութեան: Ապա Հայրապետը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.-

1) Ներկայ անբնական պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է մեր ծառայութիւնը դարձնել աւելի կազմակերպ ու հետեւողական՝ առաւելագոյն չափով նոր ծաւալ ու մղում տալով դէպի ժողովուրդ ուղղուած մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան:
 
2) Պսակաձեւ ժահրը առաւելագոյն չափով մեր կեանքէն հեռու պահելու գծով անհրաժեշտ է ժողովուրդին զգոյշ ըլլալու եւ կանխարգելիչ միջոցներու դիմելու հրամայական, ինչպէս եւ օրինակ հանդիսանալը:
 
3) Կաթողիկոսութիւնը եւ մեր թեմերը թէ՛ կարիքաւոր ընտանիքներու նպաստաբաշխումի ճամբով, թէ՛ դեղորայք հայթայթելով եւ թէ բարերարներ ապահովելով կը շարունակեն օգտակար ըլլալ մեր ազգի զաւակներուն:
 
4) Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ Դպրեվանքի տեսուչ նշանակած է Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը, իսկ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան եւ Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան տեսչութեան մաս պիտի կազմեն՝ որպէս հսկիչներ: Նախկին տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան թեմական ծառայութեան պիտի մեկնի: Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան «Թռչնոց Բոյն»ի տեսուչ նշանակուեցաւ: Կաթողիկոսարանի երգչախումբերու ղեկավարի պաշտօնին առընթեր, Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանը Վեհափառ Հայրապետին գաւազանակիր նշանակուեցաւ: Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շառոյեան մատենադարանապետի եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէններու օգնական նշանակուեցաւ: Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն թեմական ծառայութեան մէջ գտնուող կարգ մը միաբան հայրեր պիտի վերադառնան եւ ուրիշներ պիտի մեկնին:
 
5) Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի հրամայականին: Հանգանակութիւնը սկսած է, ինչպէս նաեւ վերականգնումի աշխատանքները: Կ՚ակնկալուի, որ բոլոր գաղութները եւ ազգայինները իրենց աջակցութիւնը ուղղեն մէկ հասցէի ու մէկ նպատակի՝ լիբանանահայութեան վերականգնում:
  
6) Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ, հակառակ ստեղծուած դժուար պայմաններուն, Կաթողիկոսարանի աշխատանքներուն՝ դաստիարակչական, հրատարակչական, միջ-եկեղեցական եւ այլ մարզերու մէջ:
 
7) Որպէս եզրակացութիւն, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն թեմական ծառայութեան մէջ գտնուող միաբան հայրերուն հետ առանձնաբար առցանց կապ պիտի պահէ՝ մօտէն իմանալու անոնց կատարած աշխատանքներուն ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Նոյնպէս, Վեհափառ Հայրապետը առցանց եւ առանձնաբար աշխատանքային զրոյց պիտի ունենայ թեմակալ առաջնորդներու եւ Ազգային Վարչութեանց ատենապետերուն հետ, որպէսզի աւելի ամբողջական կերպով տեղեակ դառնայ վերջին ամիսներու թեմական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գծով տարուող աշխատանքներուն:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
25 Օգոստոսին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանին հետ, մօտէն հետաքրքրուելու սուրիահայութեան առնչուած հարցերով։ Առաջնորդ Սրբազանը Նորին Սրբութեան զեկոյց մը տուաւ համայնքի կեանքին մէջ համաճարակին եւ տնտեսական կացութեան հետեւանքներուն մասին ։
 
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, թէ համաճարակով վարակուած հայորդիներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է եւ շատեր առողջացած են, սակայն տնտեսական տագնապը տակաւին կը շարունակուի: Այս առիթով, Սրբազանը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վերջին շրջանին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սուրիահայութեան կատարուած օժանդակութեան համար:
 
Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ մեր Ս. Աթոռը միշտ պատրաստ է իր աջակցութիւնը ընծայելու Սուրիոյ հայ համայնքի զաւակներուն։

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ Գ. ԿԻՐԱԿԻ
Բացատրութիւն՝ Աւետարան Ըստ Մարկոսի 4.25-41
Այսօրուան Աւետարանի ընթերցումը Սուրբ Մարկոսի Աւետարանէն էր, չորրորդ գլուխ, թիւ 35-41 համարներ: Քրիստոս իր աշակերտներուն հետ նաւով Գալիլիոյ ծովուն միւս ափը կ՚անցնի: Անակնկալ փոթորիկ մը կը խանգարէ հեզասահ ընթացքը, այն աստիճան որ ընկղմելու սպառնալիքը կը ստիպէ աշակերտները որ արթնցնեն իրենց Տէրը, որ քնացած էր նաւուն յետնամասը, եւ կարծէք յանդիմանական շեշտով մը Անոր կ՚ըսեն. «Վարդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»: Յիսուս արթննալով կը յանդիմանէ հովը եւ ծովուն կը հրամայէ որ հանդարտի: Մրրկաշունչ քամին իսկոյն կը դադրի եւ ծովը կը հանդարտի: Յիսուս իր աշակերտներուն կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք»: Անոնք պատահածէն սարսափահար, կը հարցնեն իրարու. «Ո՞վ է ասիկա որուն հովն ու ծովը կը հնազանդին»:
 
Հրաշքները առհասարակ կը սքանչացնեն ու կը զարմացնեն մարդկային միտքը: Ի մասնաւորի այս հատուածին մէջ ո՛չ միայն բժշկութեան նոր պարագայ մը կը տեսնենք, այլ լրիւ նորանշան երեւոյթ մը, այն՝ որ բնութիւնը կը հնազանդի Արարիչի հրամանին: Այսուհանդերձ, աւելի պարզ երեւոյթ մը զիս աւելի կը գրաւէ ու կը մօտեցնէ Յիսուս Քրիստոսին քան հրաշքը: Բայց նախ քան այդ, քննենք ներքնապէս իրարու ագուցուած երկու կէտեր: Երբ փոթորիկը կը բարձրանայ, աշակերտները որպէս վարժ ձկնորսներ, ծովու գաղտնիքներուն քաջածանօթ ըլլալով կը փորձեն կացութեան տէր դառնալ, բայց երբ կը ձախողին, ինչպէս վերեւ նշեցինք, յանդիմանական ոճով մը կը դիմեն Անոր, կարծէք թէ Ան անտարբեր ըլլար իրենց ապահովութեան նկատմամբ: Առհասարակ, մարդ արարածը կը փորձէ հարցերու լուծում գտնել իր միջոցներով, ինչ որ գովելի է, եւ պէտք է այդպէս ըլլայ, որովհետեւ Աստուած մեզ ինքնիշխան ստեղծած է: Ինչ որ սակայն անբնական է, այն է որ ինչ-ինչ պատճառներով, ինչպէս հայկական առածը կ՛ըսէ, «տան հաշիւը շուկայի հաշիւին չի բռներ», մեր ակնկալածէն դուրս բաներ կը պատահին: Ահա այն ատեն փոխանակ ամենայն խոնարհութեամբ ընդունելու մեր սխալը եւ կամ չնախատեսուած ազդակները, վարժ ենք ուրիշները մեղադրել: Ցաւալին այն է, որ նման պարագաներու նոյնիսկ զԱստուած կը մեղադրենք, ինչ որ կ՛ընեն աշակերտները: Այս ուղղութեամբ Սաղմոս 121.1 մեզի շատ դրական մօտեցում մը կը սորվեցնէ: Դաւիթ թագաւոր երբ առիթով մը շրջապատուած էր հակառակորդներով, եւ օգնութիւն կ՛ակնկալէր իր բարեկամներէն, հիասթափ կ՚ըլլայ երբ չստանար ակնկալածը: Այն ատեն իրա՛ւ օգնութեան՝ Աստուծոյ դիմելով ան կը հեղինակէ այս սաղմոսը, ըսելով. «Աչքերս դէպի լեռները բարձրացուցի, ուրկէ օգնութիւն պիտի գայ ինծի: Իմ օգնութիւնս Տիրոջմէ պիտի գայ որ արարիչն է երկինքին ու երկրին»:
 
Ոչ բանական բնութեան եւ Արարիչ Աստուծոյ միջեւ այս անիմանալի կապը խորապէս ներշնչած է մեր եկեղեցւոյ հայրերը: Աստուածայայտնութեան օրը, Քրիստոսի Մկրտութեան «Ով զարմանալի» շարականին մէջ Քրիստոս եւ Յորդանան գետը դիմառնական կերպով կը խօսին իրարու հետ: Երբ մեր Տէրը Յորդանան գետ կը մտնէ, գետը այս անպատմելի առանձնաշնորհումէն կը սարսռայ, ինչպէս Հրեշտակները՝ որոնք չեն համարձակիր նայիլ Անոր (Ես 6.3): Եւ ահա Քրիստոս կ՛ըսէ. «Գե՛տ, մի՛ զարհուրիր, քու արարիչդ եմ ես, եկած եմ մկրտուելու եւ լուալու մեղքերը»: Այո՛, բնութիւնը կը ճանչնայ, կենդանական աշխարհը կը ճանչնայ Արարիչը, ինչպէս Եսայի մարգարէն կ՛ըսէ (Ես 1.3), իսկ մարդը՝ բանաւոր այս արարածը, կը դժուարանայ եւ կամ լրիւ կը մերժէ: Ինչո՞ւ, վերագրելով հանդերձ Փորձիչ չարին, կը մնայ խորհուրդ մը մինչեւ Գալստեան օրը: 
 
Այժմ անցնինք այն կէտին որ մեզ աւելի մօտ կը զգացնէ մեր Արարիչին, այն՝ որ երբ աշակերտները կը մաքառէին փոթորիկին դէմ, Յիսուս նաւու յետնամասը կը քնանար, ինչ որ կ՚ենթադրէ, որ սպառիչ օրէ մը ետք պէտք ունէր կատարեալ հանգիստի: Ի՜նչ պարզ, սակայն պարզութեան մէջ իսկ խորիմաստ տեսարան մը՝ Արարիչն Աստուած, ինչպէս մսուրին մէջ, այս անգամ նաւու յետնամասին՝ կենսական քունը կը վայելէ հանգիստ պարգեւող մանուկի մը նման: Դարձեալ. Սաղմոս 121, 4րդ համարին մէջ կը կարդանք, «Ան չի ննջեր եւ չի՛ քնանար, իր ժողովուրդին Պահապանն է Ան»: Արդեօք Աստուածշունչի մէջ զիրար հակասող իրողութիւննե՞ր կան, որոնցմէ մին կը հանդիսանայ ասիկա: Բացարձակապէս ո՛չ: Այս պարզ, բայց հոյակապ իրավիճակը մեզ կ՛առաջնոորդէ այն ճշմարտութեան, որ Քրիստոսի մէջ մենք կը վկայենք աստուածային եւ մարդկային զոյգ բնութիւններուն միախառնումը՝ հրաշալի մէկ բնութեան մէջ, ինչ որ ամէն Կիրակի կը խոստովանինք Նիկիական հանգանակով: Քրիստոս որքան որ Աստուած է, նոյնքան եւ մարդ է: Ան մեզի պէս յոգնեցաւ ու քնացաւ, մեզի պէս ծարաւցաւ ու խաչին վրայ ջուր խնդրեց, թէպէտ քացախ հրամցուեցաւ իրեն: Այլ խօսքով, ան բացի մեղքէն, ամէն բանով մեզի պէս եղաւ: Եզրակացութի՞ւն. Աստուածային բնութեամբ Քրիստոս եթէ յաղթահարեց մարդկային տկարութիւններուն, ուստի մե՛նք եւս Աստուծմով կրնանք յաղթել բոլոր փորձութիւններուն, որոնք մեզ կը հեռացնեն մեր նախաստեղծ ինքնութենէն՝ աստուածային պատկերէն, ինչպէս Քրիստոս հաւաստիացուց, ըսելով. «Աստուծմով ամէն ինչ կարելի է» (Մր 10.27): Պօղոս Առաքեալ եւս ի հետեւումն Տէրունական հաստատումին, անձնական փորձառութեամբ կ՛ըսէ. «Ամէն ինչ կրնամ ընել շնորհիւ Քրիստոսի» (Փիլ 4.13):
 
Որպէս գիտութեան յառաջացած մակարդակի սերունդ, գիտենք թէ առհասարակ արհեստագիտութեան բոլոր մարզերէն ներս մեր գիւտերը կը հիմնաւորենք վիճակագրութեամբ: Եթէ նոյն սկզբունքով առաջնորդուինք նաեւ աստուածգիտութեան մէջ, պիտի տեսնենք որ նախահայր Նոյէն ու Աբրահամէն, եւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն մինչեւ մեր օրերու սուրբերը յաջողած են Աստուծմով այնպիսի վարք ու բարք ունենալ, որ այլապէս անկարելի պիտի ըլլար բացատրել: Ուստի, երբ հաւատքը եւ բանականութիւնը նոյն նպատակակէտին մեզ կ՛առաջնորդեն, մենք որ Քրիստոսի սուրբ անունը կը կրենք, մեր ժամանակը չվատնենք չարէն խաբուելով, թէ մենք անկարող ենք անոնց օրինակով ապրիլ, այլ հետեւելով Օծեալ Քրիստոսին եւ իր բոլոր սուրբերուն, Իրմով յաղթահարենք ամէն չարիքի, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը յաւիտեանս։ Ամէն:  

ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ-2020
ԽՈՐԱՊԷՍ ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԵՆՔ
Նուիրատուութիւնները կը շարունակեն հասնիլ մեզի։ Ազգ. Առաջնորդարանս երախտապարտ է այն բազմաթիւ անդամներուն եւ բարեկամներուն, որոնք չեն զլացած իրենց առատաձեռն օժանդակութիւնը ազգային տուրքի մեր արշաւին։ Շատերու զգացումը խտացած է նուիրատուի մը խօսքին մէջ. «Շնորհակալութիւն ձեր կատարած աշխատանքին, որպէսզի հաւատքը պահենք եւ յոյս ունենանք ապագայի հանդէպ…»։
 
Ձեր նիւթական քաջալերութիւնը մեզ կը խթանէ յարատեւելու մեր յանձնառութեան մէջ՝ առողջապահական աննախընթաց իրավիճակի բոլոր խոչընդոտներուն հակառակ։ «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ: Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու» (Բ. Կր 9.7-8):  

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 3 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ 
ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 13:1-11

ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Առակ. 31:29-31, Ես. 61:9, Գաղ. 3:24-29, Մատթ. 1:1-17
 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 7:31-37
Յիսուս Տիւրոսի սահմաններէն մեկնելով, Սիդոնի վրայով անցաւ Դեկապոլիսի սահմաններէն եւ եկաւ Գալիլեայի լիճին եզերքը: Եւ ահա իրեն բերին խուլ եւ համր մարդ մը, խնդրելով որ ձեռքը դնէ անոր վրայ: Յիսուս զայն ամբոխէն հեռու՝ մէկ կողմ տարաւ, մատները անոր ականջներուն մէջ դրաւ, յետոյ թքեց եւ դպաւ անոր լեզուին: Ապա երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ.
Եփփաթա՛, որ կը նշանակէ՝ «Բացուէ՛»:
Նոյն վայրկեանին անոր ականջները բացուեցան, եւ լեզուն բացուելով՝ սկսաւ կանոնաւոր կերպով խօսիլ: Յետոյ Յիսուս պատուիրեց ժողովուրդին, որ ոեւէ մէկուն չըսեն: Սակայն ի՛նչքան ալ անիկա կը պատուիրէր որ չտարածեն, անոնք առաւել չափով կը պատմէին այս մասին: Մարդիկ ծայր աստիճան կը զարմանային եւ կ’ըսէին.
 Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ. նոյնիսկ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ:

***

Բ. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:4-16
Մեծ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ. մեծապէս հպարտ եմ ձեզմով: Մեր կրած բոլոր նեղութեանց մէջ ինքզինքս մեծապէս մխիթարուած եւ անսահմանօրէն ուրախ կը զգամ: Որովհետեւ Մակեդոնիա մեր հասնելէն ի վեր երբեք հանգիստ չունեցանք, այլ՝ ամէն կողմէ նեղութիւն: Մէկ կողմէ արտաքին թշնամիները կը նեղէին մեզ, իսկ ներքնապէս՝ մեր վախը: Բայց Աստուած, որ կը մխիթարէ սրտաբեկները, Տիտոսի գալովը մեզ մխիթարեց:
Ուրախացուցիչը միայն Տիտոսի գալը չէր: Ուրախացանք մանաւանդ, եր բ լսեցինք թէ ի՛նչպէս գոհ մնացած էր ձեզմէ: Մեզի պատմեց՝ թէ անձկութեամբ կը սպասէք ինծի, թէ ո՛րքան ցաւած էք պատահածին համար եւ թէ ի՛նչպէս կապուած էք ինծի: Չէք կրնար երեւակայել որքա՜ն ուրախ եմ: Ճիշդ է որ նամակովս քիչ մը վշտացուցի ձեզ, բայց հիմա չեմ զղջար ըրածիս, թէպէտ գրելէս ետք զղջացեր էի. քանի կը տեսնեմ թէ այդ նամակս միայն կարճ ժամանակ մը վշտացուցեր է ձեզ: Ուրախ եմ հիմա, ո՛չ թէ ձեզ տրտմեցուցած ըլլալուս համար, այլ՝ որովհետեւ այդ տրտմութիւնը պատճառ եղաւ որ ձեր վարմունքը փոխէք: Եւ որովհետեւ ձեր տրտմութիւնը Աստուծոյ գործին ծառայեց, ես պէտք չունիմ այլեւս խստութեամբ գալու ձեզի: Աստուած երբեմն մեզ կը ցաւցնէ՝ ապաշխարութեան միջոցաւ փրկութեան առաջնորդելու նպատակով, որուն համար չենք զղջար բնաւ: Մինչդեռ աշխարհի ցաւը մահուան կ’առաջնորդէ: Արդ, տեսէք թէ Աստուծոյ պատճառած ցաւը ի՛նչպէս անտարբերութենէն դուրս բերաւ ձեզ եւ մղեց՝ որ դուք ձեզ արդարացնէք: Զայրացաք, տագնապեցաք, անձկութեամբ լեցուեցաք: Բայց յետոյ նախանձախնդրութեամբ վառեցաք եւ սխալը մէջտեղէն վերցուցիք, եւ ամէն կերպով ցոյց տուիք, թէ դուք յանցանք չունիք այդ խնդրին մէջ: Հիմա ըսեմ, թէ նախորդ նամակը գրելուս պատճառը միայն այդ յանցաւոր մարդը չէր, ո՛չ ալ անոր հայրը՝ որուն դէմ գործուեցաւ յանցանքը. այլ՝ որպէսզի յայտնուի այն հոգածութիւնը, որ փոխադարձաբար իրարու հանդէպ ունինք Աստուծոյ առջեւ: Ուստի մենք մեզ մխիթարուած կը զգանք:
Մեր զգացած մխիթարութեան վրայ Տիտոս աւելի՛ եւս ուրախացուց մեզ, ուրախութեամբ պատմելով՝ թէ ի՛նչպէս բոլորդ ալ գոհ ձգած էք զինք: Ձեզի համար պարծանքս յայտնած էի իրեն, եւ ամօթով չմնացի. եւ ինչպէս ձեզի խօսածներս բոլորը ճշմարիտ էին, նոյնպէս ալ Տիտոսի յայտնած պարծանքս ճշմարտուեցաւ: Գիտէ՞ք թէ որքան մեծ սիրով Տիտոս կը խօսէր ձեր մասին. կը յիշէր՝ թէ ինչպիսի՜ երկիւղած յարգանքով ընդուներ էք զինք: Արդ, ուրախ եմ որ կատարեալ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ:

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՒ ՅՈԲ ԵՐԱՆԵԼԻ
Այսօր՝ Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Ս. Յովհաննէս Կարապետը եւ Յոբ Երանելին։ Յովհաննէս, որ ծանօթ է Կարապետ եւ Մկրտիչ մակդիրներով, ընդունուած է իբրեւ Մեսիայի առաքելութեան ճանապարհը հարթող։ Ապրելով իբրեւ ճգնաւոր Յուդայի անապատին մէջ, երեսուն տարեկանին սկսած է քարոզել ժամանակի չարիքներուն դէմ եւ կոչ ուղղած է ապաշխարութեան ու մկրտութեան, որովհետեւ «երկինքի արքայութիւնը մօտ է»։
 
Յոբ բարի եւ ուղղամիտ անձ մըն է, որ կը դիմագրաւէ իրերայաջորդ աղէտներ, բայց կը դիմանայ բոլորին։ Հետեւաբար, «Յոբի համբերութիւն» խօսքը ժողովրդային լեզուի մաս կազմած է։ Յոբի գիրքը Աստուածաշունչի հինգ «բանաստեղծական գիրքեր»էն մէկն է։ Անոր կեդրոնական նիւթը տառապանքի խորհուրդն է։ Ի վերջոյ, Յոբ կը հատուցուի, որովհետեւ «Տէրը Յոբի կեանքի վերջին շրջանը աւելի օրհնեց, քան առաջին շրջանը» եւ «Յոբ, այս հարուածներէն ետք, ապրեցաւ հարիւր եօթանասուն տարի (ան ապրեցաւ ընդամէնը երկու հարիւր քառասուն եւ ութ տարի)։ Յոբ տեսաւ իր զաւակները, որդիներու որդիները, մինչեւ չորրորդ սերունդը։ Ու Յոբը վախճանեցաւ զառամեալ հասակի մէջ, տարիներու բեռին տակ կքած»։ 

ՆԻԿԻՈՅ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ
Նիկիոյ համաժողովը գումարուեցաւ 325 թուականին Մեծն Կոստանդին կայսեր հրաւէրով եւ եկեղեցական ղեկավարներու առաջարկով: Կոստանդին հռոմէական հսկայական կայսրութեան տարածքին գտնուող քրիստոնեայ եկեղեցւոյ 1800 եպիսկոպոսներ հրաւիրեց: Մասնակցողներու տարբեր թիւեր տրուած են  երեք ներկաներու կողմէ, բայց 318 թիւը պատուիրակներու ընդունուած պաշտօնական թիւն է: Քանի որ իւրաքանչիւր պատուիրակ իր հետ կրնար բերել երկու քահանայ եւ երեք սարկաւագ, հետեւաբար ներկաներու թիւը աւելի էր: Այդ ժողովին քննարկուեցան շարք մը վիճայարոյց նիւթեր, որոնց շարքին՝ արիոսականութեան հարցը, Զատկի թուականը, Եկեղեցւոյ կազմակերպումն ու կառուցուածքը, աղօթքի պահուն ծունկի գալու հարցը եւ այլն: Թերեւս ամենէն կարեւոր արդիւնքը Հաւատամքի՝ քրիստոնէական հաւատքի հռչակագրի ստեղծումն էր։ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5ին, կը նշենք այս բացառիկ իրադարձութիւնը՝ առաջին Տիեզերական Ժողովը։
 
Ժողովի եզրափակումէն առաջ, պատուիրակները նշեցին Կոստանդին կայսեր 20ամեակը, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ արտայայտեց իր հակակրանքը դաւանական բանավէճերու հանդէպ, յայտնելով այն փափաքը, որ Եկեղեցին ապրի ներդաշնակ, խաղաղ եւ միասնական:
 
Հայ Եկեղեցին կը ներկայացնէր Գրիգոր Լուսաւորիչի որդին՝ Արիստակէսը: Համաժողովը յիշուած է Մովսէս Խորենացիի եւ Ագաթանգեղոսի կողմէ: Յետագայ դարերուն, Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը ակնածանքով կ՚անդրադառնան Նիկիոյ ժողովին իրենց բոլոր վարդապետական գրութիւններուն մէջ: Համաժողովը դատապարտեց արիոսականութիւնը, որ կը ժխտէ Քրիստոսի լիարժէք աստուածութիւնը, եւ յայտարարեց ուղղափառութիւնը.  «Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ, ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ՝ միածին, այսինքն յԷութենէ Հօր։ Աստուած յԱստուծոյ, լոյս ի լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ, ծնունդ եւ ոչ արարած»  («Կը հաւատանք մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ Որդիին,, որ Հօր Աստուծմէ ծնած է որպէս միակ ծնունդ այսինքն՝ Հօրը էութենէն է։ Աստուած է՝ Աստուծմէ ծնած, լոյս է՝ լոյսէն յառաջ եկած։ Ճշմարիտ Աստուծմէն ծնած ճշմարիտ Աստուած է, եւ ո՛չ՝ արարած»)։ Նիկիոյ Հանգանակը կ՛արտասանուի Ս. Պատարագի ընթացքին: 

ՏՕՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ
Շաբաթ, 5 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Աստուածածնի Ծննդեան տօնը։ Աստուածամօր ծնունդը յիշուած չէ Աստուածաշունչին մէջ. անոր նկարագրութիւնը մեզի հասած է այլ գրութիւններու ճամբով, որոնք Նոր Կտակարանի մաս չեն կազմեր։ Ըստ աւանդութեան, Յովակիմն ու Աննան հաւատարիմ ու բարեպաշտ մարդիկ էին, որոնք կը սպասէին խոստացուած Մեսիայի գալուստին։ Տարեց ու անզաւակ ամուսինները աղօթեցին Աստուծոյ՝ զաւակի մը խնդրանքով, եւ օրհնուեցան դուստրով մը, զոր կոչեցին Մարիամ եւ որ դարձաւ Մեսիայի մայրը։ 

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ
Կիրակի, 6 Սեպտեմբերին, Խաչվերացի Բարեկենդանն է։ Ըլլալով տաղաւար տօն, Խաչվերացին կը նախորդէ պահքի շաբաթ մը (Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ) ու կը հետեւի՝ մեռելոցի օր մը։ 
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ծրագրած Ուսուցչաց Վերաորակաւորման Ծրագիրը խանդավառութեամբ սպասուած ձեռնարկ մըն էր մեր դաստիարակներուն կողմէ։
 
Շաբաթ, 29 Օգոստոսին, 2020ին, Ամերիկայի արեւելեան ժամով 10։00ին տեղի ունեցաւ Ուս. Խորհուրդի հովանաւորած դպրոցներու ուսուցիչներուն համար ձեւաւորուած այս ծրագրի առաջին հանդիպումը։ Դասընթացքին արձանագրուած էին 30 դաստիարակներ։
 
Վաստակաւոր մանկավարժ տիկ. Անի Կարմիրեան, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Արեւմտահայերէնի Տարածման պատասխանատուն է, սիրով ստանձնեց այս ծանր պարտականութիւնը։ Անոր պիտի ընկերակցին երեք երիտասարդ պատրաստուած ուժեր՝ աշխատանիստերու ընթացքին։ Տիկ. Կարմիրեանին առաջարկած դաստիարակչական եղանակը ինքզինք շատոնց փաստած է, վկայ աշակերտներու փաղանգը, որոնք այսօր անոր գործի ուղեկիցներն են արդէն։
 
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ միշտ զօրավիգ է նման ձեռնարկներու, իր ուրախութիւնը յայտնեց ծրագրին սկսելուն եւ իր օրհնութիւնը տուաւ։
 
Ողջունելի էր բաւական մեծ թիւով երիտասարդ դաստիարակներու մասնակցութիւնը, այդ նշան է, որ մեր տնօրէնները եւ ուսուցիչները՝ իրենց ինքնութեան գիտակից, սիրով կը փոխանցեն հայեցի դաստիարակութեան դրօշը։ 
 
Աշխատանքի ու միասնաբար մտածելու պահեր էին հանդիպման մօտ վեց ժամերը։ Սկզբնապէս որոշուած էր չորս ժամ, սակայն ոգեւորուած մասնակիցները այնքան հարցնելիք ունէին, որ ժամացոյցէն տեղեակ չէին։ Շնորհակալական խօսքերը սկսան արդէն իսկ տեղւոյն վրայ ու շարունակուեցան իմակներով։ Գեղեցիկը այն էր, որ երիտասարդները շատ խանդավառ էին։
 
Այս ձեռնարկը պիտի տեւէ ամբողջ տարուան ընթացքին եւ կրկնուի ու աճի ամէն տարի, աւարտին՝ վկայելով մեր մասնակցող դաստիարակները։
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։ 
 
Այս շաբթուան նամակի հեղինակը գիւմրեցի երիտասարդ մըն է՝ Նարեկը, որ շուտով պիտի սկսի իր զինուորական ծառայութիւնը, եւ զոր կը հովանաւորեն տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Յասմիկ Տոմպալակեանները։ 
«Բարեւ ձեզ, յարգելի բարերար,
 
Ես Նարեկ ………. եմ, Գիւմրիից։ Ես 17 տարեկան եմ, սովորում եմ Գիւմրու Ղ. Ալիշանի անուան թիւ 8 միջնակարգ դպրոցի 12րդ դասարանում։ Դասերից բացի ընդունուել եմ Երեւանի կինոյի եւ թատրոնի պետական համալսարանի Գիւմրու մասնաճիւղում՝ թատերական բաժին։ Ներկայումս սովորում եմ 0 կուրսում՝ մինչեւ Մայիս, Մայիսին ունեմ քննութիւններ, որից յետոյ էլ կը սովորեմ 1 կուրսում։ Ես ընտրել եմ թատերական բաժին, որովհետեւ ինձ ազատ եմ զգում այդ ոճում, ընտրել եմ այն ինչ թելադրել է սիրտս։
 
2020 թուականի Դեկտեմբերին կամ Յունուարին գնում եմ բանակ ծառայելու Հայաստանի Հանրապետութեանը։ Գնում եմ բանակ որպէսզի պաշտպանեմ մեր սահմանները, որ այստեղ սահմանից այս կողմ բոլորը ապրեն խաղաղ եւ գիշերը հանգիստ քնեն։ Իմ կարծիքով իւրաքանչիւր տղայ պէտք է ծառայի իր հայրենիքին ու պէտք է պաշտպանի իր սահմանները։
 
Ւմ ամբողջ օրը անցնում է դասերի հետ, առաւօտեան գնում եմ դպրոց՝ այնտեղ սովորում, դպրոցից յետոյ գնում եմ համալսարան՝ այնտեղ դաս անում, իսկ երեկոյեան սովորում եմ դասերս եւ պատրաստւում քննութիւններին։
 
Ես ձեզանից շատ շնորհակալ եմ, սիրելի բարերար, որ օգնում էք մեզ, որ այդ գումարով մայրիկս մի որոշ հոգս է հոգում։
 
Ձեզ շատ սիրող՝ Նարեկ»

Այստեղ սեղմեցէք մինչեւ 18 տարեկան որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։

Այստեղ սեղմեցէք համալսարանական ուսում ստացող որբերու առցանց հովանաւորութեան համար
 
Դուք միշտ կրնաք դիմել Ազգային Առաջնորդարանին՝ ելեկտրոնային նամակով ([email protected]) կամ հեռաձայնով (212-689-7810), «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագրին մասնակցելու համար
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՔԱՆԻ ՄԸ ՕՐԷՆ
Ազգային Առաջնորդարանի աւանդական վիճակահանութեան թուականը Սեպտեմբեր 12 է։ Գլխաւոր մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակներ ալ պիտի ըլլան՝ 1.000ական տոլարի արժողութեամբ։
 
Ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի Առաջնորդարանի դաստիարակչական եւ կրօնական ծրագիրներուն։ 
 
Վիճակահանութեան տոմսերը 100 տոլար են։ Տեղեկութիւններու, ինչպէս եւ տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ Առաջնորդարանի գրասենեակ ([email protected] կամ 212-689-7810)։
«ԴՈ՛Ւ, ՅԱՒԵՐԺՈՂ ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»
(ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ)
Նշանաւոր բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի թոռը՝ գրականագէտ Աւիկ Իսահակեան, այս հատորը կազմած ու անոր յառաջաբանը գրած է, տալով շահեկան կենսագրական մանրամասնութիւններ։ Հատորը կ՚ընդգրկէ Ա. Իսահակեանի բանաստեղծութիւնները՝ «Հայդուկի երգեր» եւ «Բանաստեղծութիւններ» ենթաբաժիններով, աւելի լայն չափածոներու բաժին մը՝ «Պոեմ, լեգենդներ եւ բալլադներ» խորագրով, շարք մը պատմուածքներ, «Հայկական հարց» խորագրուած հատուածներ ծոցատետրէն եւ օրագիրներէն, եւ 40 նամակներ։
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։















 
































ԱՐՇԱԿ ԲՈՒՐՋԱԼԵԱՆ (մահ՝ 4 Սեպտեմբեր, 1946)
Արշակ Բուրջալեան ռուսական եւ հայկական թատրոնի ծանօթ դէմքերէն եղած է՝ իբրեւ նորարար դերասան ու բեմադրիչ։ Ծնած է Աստրախան (Ռուսաստան), 7 Յունուար, 1880ին։ Աւագ եղբայրը՝ Գէորգ Բուրջալեան, ռուսական թատրոնի յայտնի գործիչ եղած է ու ռուս աշխարհահռչակ բեմադրիչ ու տեսաբան Կոնստանդին Ստանիսլաւսկիի մտերիմ բարեկամը։

Աստրախանի ռէալական ուսումնարանը աւարտելէ ետք, Բուրջալեան Մոսկուա մեկնած է ուսումը շարունակելու համար։ Հոն հաղորդակից դարձած է աւագ եղբօր թատերական առօրեային ու որոշած է մտնել Արուեստի ու Գրականութեան Ընկերութիւնը, զոր կը ղեկավարէր Ստանիսլաւսկին եւ արդէն յայտնի էր ամբողջ Ռուսաստանի մէջ։

1898ին Բուրջալեան փոխադրուած է Ս. Փեթերպուրկ՝ ծովային ուսումնարան ուսանելու։ Աւարտելով 1902-1903 թուականներուն, Փարիզ մեկնած է։ 1908ին Մոսկուա վերադառնալով, Ստանիսլաւսկիի յանձնարարականով ընդունուած է «Չղջիկ» թատրոնը, որ ստեղծուած էր Ստանիսլավսկիի նախաձեռնութեամբ, անոր հիմնած Մոսկուայի Գեղարուեստական թատրոնի դերասաններու կազմակերպած յայտնի կատակախաղերէն։ «Չղջիկ»ի ոգին այդ թատրոնի հայ դերասան Մկրտիչ Բալեանն էր (Նիկիտա Բալիեւ)։ Հոն, Ա. Բուրջալեան սորվեցաւ գնահատել դերասանի վարպետութիւնը, խաղի արհեստը եւ մարմինին տիրապետելու կարողութիւնը։

1919ին, «Կորշի» թատերախումբին հետ, ան Դոնի Ռոստով մեկնած է, սակայն հակայեղափոխական ուժերու յարձակման հետեւանքով, խումբը շուտով ցրուած է, իսկ հայ դերասանը Ռոստով մնացած է։ Բուրջալեանի եռանդուն մասնակցութեամբ, հոն ստեղծուած են «Ջղջիկ»ի հետեւողութեամբ երկու ռուսական թատրոններ, ուր ան յաճախ իբրեւ դերասան ելոյթ ունեցած է։ Անոր վարպետութիւնը այնքան ակնառու եղած է, որ Ռոստովի «Ռենեսանս» շարժանկարի արուեստանոցը զինք հրաւիրած է դիմախաղի մասին դասախօսութիւններ տալու։ Ռոստովի մէջ, առաջին անգամ գործակցած է թատերագիր Ալեքսանդր Աբելեանի կողմէ ստեղծուած հայկական թատերախումբին հետ։

Այնուհետեւ, Բուրջալեան մեկնած է Թիֆլիս, ուր շուտով յայտնի դարձած է «քապարէ-թատրոն»ի իր վարպետութեամբ։ Անոր բեմադրութիւնները յատկանշուած են իրենց գունագեղ բնոյթով։ Յեղափոխական ոգիով ներշնչուած ներկայացումներ բեմադրած է «Յեղափոխական գեղարուեստական թատրոն»ին համար։

1922ին, բեմադրիչը հրաւիրուած է Թիֆլիսի «Հայ Դրամա»ն եւ «Հայարտուն»ի թատերական բաժինը ղեկավարելու։ Մօտիկէն շփուելով հայ թատերական արուեստին, այնուհետեւ անոր նուիրաբերած է իր յետագայ կեանքը։ Ան շուտով նշանակուած է «Հայարտուն»ին կից թատերական աշխատանոցի ղեկավարը։ Երեք տարուան ընթացքին (1922-1924), Թիֆլիսի տարբեր թատրոններու մէջ բեմադրուած տասնեակ ներկայացումներու կողքին, Բուրջալեան իրականացուցած է 25 բեմադրութիւն «Հայ Դրամա»յի, հայկական աշխատանոցի ուսումնական բեմին եւ Երեւանի Առաջին պետթատրոնին մէջ, որոնք յատկանշուած են իրենց նորարարութեամբ։

1923-1927ին Առաջին պետթատրոնին մէջ աշխատելէ ետք, Ա. Բուրջալեան նորէն ղեկավարած է Թիֆլիսի հայ թատրոնը յաջորդ երեք տարիներուն եւ շարք մը թատերախաղեր բեմադրած՝ Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ։ 1931ին, Դոնի Ռոստովի հայկական դրամատիկական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եղած է, իսկ 1931-1932ին՝ Թիֆլիսի ատրպէյճանական թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ։ 1932ին հրաւիրուած է Երեւանի Սպենդիարեանի անուան օփերայի ու պալէի թատրոն՝ գլխաւոր բեմադրիչի պաշտօնով։ Ան հսկայական աշխատանք կատարած է մինչեւ 1938՝ երիտասարդ դերասանական ուժերու պատրաստութեան եւ օփերայի բեմադրական արուեստի բարելաւման ուղղութեամբ։ 

Մայիս 1938էն աշխատած է Երեւանի Ջ. Ջաբարլիի անուան ատրպէյճանական թատրոնին մէջ իբրեւ գեղարուեստական ղեկավար ու կատարած է հետաքրքրական բեմադրութիւններ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ։ 1941-1943 թուականներուն ղեկավարած է Լենինականի դրամատիկական թատրոնը։ 

Գործունէութեան վերջին տարիներուն Բուրջալեան մշտական աշխատանքէ զրկուած էր, մէկ թատրոնէն միւսը ուղարկուելով։ 1943ին ծանր հիւանդանալով, թատրոնէն բոլորովին կտրուած է։ Արշակ Բուրջալեան իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած է Թիֆլիսի մէջ, ուր մահացած է Սեպտեմբեր 4, 1946ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)
ՆՈՐ ԲԱՌԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԱՐԴԷՆ ՀԻՆ ԵՆ
Մեր լեզուն միշտ ցոյց տուած է արտակարգ ճկունութիւն՝ ժամանակին հետ քայլ պահելու եւ հին կամ նոր երեւոյթներու մասին բազմաթիւ նորաբանութիւններ ստեղծելու։ 18-19րդ դարերուն, երբ արեւմտահայերէն աշխարհաբարը կը ձեւաւորուի, Մխիթարեանները եւ իրենց աշակերտած սերունդները նման նոր բառերով ճոխացուցած են լեզուն։

Եղած են նաեւ ուրիշներ, որոնք անկախաբար այդ աշխատանքով զբաղած են։ Օրինակ՝ Նահապետ Ռուսինեանը (1819-1876), «Կիլիկիա» հանրայայտ բանաստեղծութեան հեղինակը, զբաղած է ո՛չ միայն աշխարհաբարը կանոնաւորելու փորձերով, այլ նաեւ նոր բառեր հնարելու աշխատանքով։ Զանազան բառերու շարքին, հոս պիտի յիշենք երկու բառ, որոնք աւելի քան մէկ ու կէս դարէ ի վեր ապրած ու մինչեւ օրս կը գործածուին մեր առօրեայ լեզուին մէջ։

19րդ դարուն, ֆրանսական մամուլը սովոր էր ամէն օր նոր վէպերը տպելու հատուած առ հատուած՝ թերթի էջի վարի մասը։ Ֆրանսական այս սովորութիւնը՝ feuilleton անունով, ընդօրինակուած է հայ մամուլին կողմէ՝ թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ Թիֆլիսի մէջ, ու մեր գրականութեան բազմաթիւ նոր գործեր առաջին անգամ մամուլին մէջ լոյս տեսած են՝ հատորով ամփոփուելէ առաջ, թէեւ երբեմն անոնք չեն արժանացած կամ հասած տպուելու։

Ֆրանսերէն feuilleton բառէն ներշնչուելով (ֆրանսերէն feuille «թերթ, էջ») եւ հաւանաբար, հայերէն «թերթ» բայարմատը գործածելով, Ռուսինեան առաջարկած է թերթօն հայացումը։

Ռուսինեանի առաջարկած երկրորդ ու առօրեայ գործածութիւն ունեցող հայերէն բառը ֆրանսերէն perruqueին թարգմանութիւնն է։ Այստեղ՝ հեղինակը արմատին հետ որեւէ կապ հաստատելու միջոց չունէր, ուրեմն դիմած է բառիմաստի թարգմանութեան։ Ֆրանսերէն բառը կը գործածուի տղամարդոց թէ կիներու կողմէ օգտագործուող կեղծ մազերը անուանելու համար։ «Մազ» բառը քանի մը հայերէն հոմանիշեր ունի, ինչպէս «հեր», «ծամ» եւ «վարս»։ Ռուսինեան ընտրած է ամենէն դժուար եւ թերեւս վիճելի ճանապարհը. քով-քովի բերելով «կեղծ» եւ «ծամ» բառերը, որոնց օրինաչափ կերպով «կեղծածամ» բարդ բառը պիտի յառաջացնէին, ստեղծած է կեղծամ բառը՝ զեղչելով անբարեհունչ միջանկեալ «ծա» վանկը։ Եթէ առարկութիւններ եղած են, յայտնի չեն, քանի որ բառը մինչեւ օրս հաւասարապէս կը գործածուի արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)

ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՁԵՐ ՆԻՒԹԵՐՈՒՆ
ՄԻ՝ ՄՈՌՆԱՔ

Լիբանանահայութիւնը ձեր օգնութեան պէտք ունի աւելի քան երբեք
 
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւն մը ընելու համար,
կամ
ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝

 

Armenian Prelacy
138 E. 39th Street
New York, NY 10016
Ձեր չէքերը գրեցէք՝ Armenian Apostolic Church of Americaին
(Memo: Lebanon Relief Fund)

ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՁԵՐ ՆԻՒԹԵՐՈՒՆ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ [email protected]։  

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
12 Սեպտեմբեր —Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ առցանց, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի։

12 Սեպտեմբեր —Ուսումնական Խորհուրդի Ուսուցչաց Վերաորակաւորման Ծրագրի երկրորդ դասը, առցանց։ Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-5:30 (արեւելեան ժամով)։

26 Սեպտեմբեր — «Սիամանթօ» լսարանի 2020-2021 տարեշրջանի առաջին դաս, առաւօտեան ժամը 10:30ին, առցանց։ Մեր բոլոր ծուխերէն աշակերտները կրնան մասնակցիլ։ Այցելեցեք https://www.armenianprelacy.org/siamanto.html։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/