30 Յուլիս, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 2 Օգոստոսին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին եւ քարոզէ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս)։ Պատարագը պիտի մատուցանէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։

ՑՈՅՑ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԱՌՋԵՒ
Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը ոտքի կանգնած է վերջին օրերուն՝ քաղաքական աշխատանքներով ու ցոյցերով իր զօրակցութիւնը բերելու հայրենիքին, որ կը դիմագրաւէ Ատրպէյճանի հերթական յարձակումը, այս անգամ Տաւուշի շրջանին մէջ։

Կիրակի, 26 Յուլիսին, Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի հայութիւնը խաղաղ ցոյց մը կազմակերպած էր ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան մուտքին (Նիւ Եորք): Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած հաւաքին ներկայ եղան ամէն տարիքի շուրջ 250 ցուցարարներ: Յոյն համայնքի անդամներ ալ միացած էին ցոյցին։

Ներկայ էր նաեւ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, որ նաեւ խօսք առաւ։ Անոր կ՚ընկերանային առաջնորդական փոխանորդ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան։ Հաւաքին խօսք առին Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամներ, որոնք բուռն կերպով քննադատեցին ազերի կառավարութեան սադրանքն ու բանակին կոյր ռմբակոծումները: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց ներկաները եւ ըսաւ. «Չի՛ մեռնիր այն ժողովուրդը, որ ձեզի նման երիտասարդներ ունի Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։ Ողջ մնացէ՛ք եւ միշտ յառաջ ընթացէ՛ք՝ նահատակ ցեղի անմահներ, յաղթանակէ յաղթանակ»։ Հաւաքը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» խմբերգով։ 
ՇԱՀԷ ԱՐՔ ՓԱՆՈՍԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ
Ուրբաթ, 24 Յուլիսին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովը միաձայնութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ ընտրեց Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը, որ անցեալ Մարտին կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ: Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ներկայացուած ընտրելի միաբաններու եռանուն ցանկին մաս կը կազմէին նաեւ Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան:

Ժողովի աւարտին, խօսք առաւ նորընտիր առաջնորդը, որ հաստատեց, թէ հաւաքական ճիգով պէտք է յաղթահարել լիբանանահայութեան դժուարութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային երեսփոխաններուն, խոստանալով, որ յառաջիկային իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս պիտի դնէ ծառայելու եկեղեցւոյ եւ ազգին:

Վեհափառ Հայրապետը ընտրութեան արդիւնքը վաւերացուց Երկուշաբթի, 27 Մարտին։ Այս առթիւ, արքութեան տիտղոսը շնորհեց նորընտիր առաջնորդին։ 

Ի ՅԻՇԱՏԱԿ
ՍԻԼՎԱ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
(1941-2020) 
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ազգային Վարչութիւնը, Կրօնական Ժողովը եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Յանձնախումբը ցաւով իմացան, որ Երեքշաբթի, 28 Յուլիսին, տիկ. Սիլվա Ծատուրեան իր մահկանացուն կնքած է Նիւ Ճըրզիի մէջ։

Տիկ. Ծատուրեան մեր համայնքի գործօն անդամ եղած էր։ Աշխատած էր բազմաթիւ կազմակերպութիւններու մէջ, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Յանձնախումբին անդամակցելով աւելի քան 20 տարի։ 

Տարիներ առաջ, հանգուցեալը կորսնցուցած էր իր ամուսինը՝ պրն. Արամ Ծատուրեանը։ Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր զաւակներուն՝ պրն. Արա Ծատուրեանին եւ տէր եւ տիկ. Լեւոն եւ Ալին Գասապեանին, ինչպէս եւ թոռներուն՝ Փաթիլ Ծատուրեանին եւ Արմէն եւ Ալեքս Գասապեանին։

Պսակաձեւ ժահրի պատճառով ընտանեկան յուղարկաւորութիւն տեղի պիտի ունենայ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, Շաբաթ, Օգոստոս 1ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Տան կարգէն (առաւօտեան ժամը 10:30-11:00) եւ եկեղեցւոյ կարգէն ետք (10:30-11:00), թաղումը տեղի պիտի ունենայ Փարամըսի «Ճորճ Ուաշինկթըն» գերեզմանատան մէջ։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել Ազգ. Առաջնորդարանի երիտասարդական ծրագիրներուն (Armenian Prelacy. Memo: Youth Education) կամ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ։
ՏՈՔԹ. ՌԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Ընդ նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Կիրակի, 26 Յուլիս, 2020ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յԱնթիլիաս, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութիւն Կաթողիկոսարանի հաւատարիմ բարեկամ ու բարերար եւ Կիլիկեան Իշխանի շքանշանակիր` նորոգ հանգուցեալ տոքթ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի մահուան քառասունքին առթիւ։ 

Նորին Սրբութիւնը լաւագոյնս նկարագրած էր հանգուցեալին տիպարը ցաւակցական իր նամակին մէջ, ուղղուած այրիին` տիկ. Շողակ Յովհաննէսեանին, ըսելով.- «Տոքթ Ռաֆֆին իր կեանքին ու ծառայութեան ողջ ընթացքին եղած ու մնացած էր ազնիւ ու խոնարհ, հեռու՝ փառքէ ու պատիւէ։ Իր մօտեցումներուն ու տեսակէտներուն մէջ եղած էր ու մնացած հաւասարակշիռ։ Եղած էր բոլորին հետ ու բոլորին համար, եւ անձերէն ու կառոյցներէն վեր՝ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին համար»։

Տօքթ Ռաֆֆիին ազգասիրութեան ու եկեղեցասիրութեան փաստացի վկայութեան լաւագոյն նմոյշներէն մին եղաւ այն, որ, հաւատալով բարձրագոյն ուսման հրամայական կարեւորութեան, ամենայն հեռատեսութեամբ իր ազնուափայլ տիկնոջ հետ հաստատեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերու համալսարանական ուսումը քաջալերելու ձգտող «Տոքթ. Ռաֆֆի եւ Վիքի Շողակ Յովհաննէսեան՝ հոգեւորականներու դաստիարակութեան հիմնադրամ»ը։ 
 
Հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ ընդ նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Նիւ Եորքի Ս․ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԿՈՅՍԸ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Կիրակի, Յուլիս 26ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։

Հայաստանեայց Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց իր առաջին նահատակ՝ սրբուհի Սանդուխտի, ինչպէս նաեւ առաջին լուսաւորիչ՝ Թադէոս առաքեալի տօնը, որով կեանք առաւ Հայ Եկեղեցւոյ ինքնուրոյն պատմութիւնը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ շրջագծէն ներս:

Սանդուխտ դուստրն էր Սանատրուկ թագաւորին: Երբ Թադէոս Առաքեալ քրիստոնէական հաւատքի սերմերը ցանեց Հայաստան աշխարհի մէջ, ան եղաւ առաջիններէն որ, Աւետարանին մէջ յիշուած իմաստուն ադամանդավաճառին նման, երբ գտաւ ամենէն թանկարժէք քարը, իր բոլոր ունեցածը ծախելով զայն գնեց (Մտ 13.45): Այո՛, Սանդուխտ կոյսը իր դիրքով ունէր երջանկութեան բոլոր տուեալները՝ հարստութիւն, փառք, պատիւ, յարգանք ու աւելին, սակայն քրիստոնէական հաւատքի՛ն մէջ ան տեսաւ այս ամէնքը ընդգրկող եւ գերազանցող միակ հոգեւոր ճշմարտութիւնը:

Կեանքի երջանկութիւնը դժբախտաբար պայմանաւորուած չէ միայն մեր նախընտրութեամբ, այլ ենթակայ է բազմակողմանի ազդակներու: Եւ ահա երբ կոյսը նոր հաւատքի սիրով բորբոքած կ՚ուզէր զայն ապրիլ եւ բաժնեկցիլ, առաջին եւ ճակատագրական արգելքը կու գայ իր հօրմէն որ կը ստիպէ զինք ուրանալ իր հաւատքը: Սանդուխտ անդրդուելի կը մնայ ի գին ամէն տեսակի չարչարանքներու եւ ի վերջոյ նահատակութեամբ արժանի կ՚ըլլայ փառաց պսակին, որուն շուտով մասնակից կը դառնայ նաեւ Թադէոս Առաքեալ: 

Քրիստոսի խօսքին համաձայն՝ թէ ցորենի հատիկը հողին մէջ իյնալով երբ մեռնի բազում արդիւնք կուտայ (Յh 12.24), նմանապէս սրբուհի Սանդուխտի արիւնով ոռոգուած Հայ կեանքի անդաստանը բազմարդիւն պտուղներ տուաւ ո՛չ միայն հաւատքի, այլ Հայ կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, դարերով սերունդներ ներշնչեց ներկան ապրելու յաւիտենական կեանքի հաստատ հաւատքով ու յոյսով: Եւ այսօր իսկ երբ մեր երիտասարդներն ու պարմանուհիներն ուզեն ապրիլ Սուրբ Սանդուխտի ուղեցոյցով, հետեւեալ երեք օգտաշատ կէտերը կրնան քաղել անոր կեանքէն:

ա. Սուրբի կերպարը շատ յաճախ առնչուած է եկեղեցականի կամ ճգնաւորի, չափահասի կամ տարեցի, սրբակեաց կամ հրաշքներ գործող անձերու հետ, ինչ որ արդար է. սակայն տարիքը բացարձակապէս նախապայման չէ սրբութեան: Սուրբ Գիրքը կը խօսի մանուկ կամ պատանի աստուածահաճոյ անձանց մասին, ինչպիսիք են Յովսէփը, Սամուէլը, Դաւիթը, Մարիամը, որոնք արժանացած են այդ կոչումին: Ճիշդ է, որ հաւատքի խոստովանութիւնը կ՛ենթադրէ որոշ հասունութիւն եւ հասկացողութիւն, սակայն չմոռնանք սրբութեան մեկնակէտը, այն՝ որ Աստուած իր շնորհքը անխտիր կը բաժնէ իր արարածներուն, անկախ տարիքէ ու սեռէ, ինչպէս Ովսեայ մարգարէին բերնով յայտարարած է. «Իմ հոգիս բոլոր արարածներուն պիտի բաշխեմ, ձեր մանչերն ու դուստրերը պիտի մարգարէանան» (Ովս 2.28): Երբ հաւատացեալ մը իր ապրելակերպով կամ նահատակութեամբ կ՚ընդառաջէ Աստուծոյ անհուն սիրոյն որ յայտնուեցաւ Քրիստոսով, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ՝ «Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը յայտնեց անով, որ երբ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռ 5.8), այդ նուիրումը կատարեալ պատասխանը կ՛ըլլայ երկինքէն յայտնուած սիրոյն: Սուրբ Սանդուխտ այս հասկացողութեամբ տիպար օրինակ է բոլորիս, մանաւանդ երիտասարդներուն, թէ բացի մեր կամքէն ո՛չ տարիքը եւ ո՛չ մէկ այլ արգելք կրնայ մեզ զրկել յաւիտենական կեանքի վայելքը ունենալ երկրի վրայ:

բ. Երիտասարդութեան կեանքին մէջ Աստուծոյ եւ հաւատքի դերը գրաւիչ դարձնելու գլխաւոր պատուարներէն մէկը այն սխալ տպաւորութիւնն է, որ աստուածահաճոյ կեանք վարել կը նշանակէ զրկուիլ ամէն տեսակ ուրախութիւններէ, հաճոյքներէ, որով կեանքը այլեւս անհրապոյր կը դառնայ: Խորքին մէջ, Աստուածաշունչի գլխաւոր թեմաներէն մէկը նոյնինքն ուրախութիւնն է: Պօղոս Առաքեալ կրկնակի շեշտելով այս իրողութիւնը կ՚ըսէ. «Ուրա՛խ եղէք միշտ Տիրոջմով, դարձեա՛լ կ՚ըսեմ, ուրա՛խ եղէք»: Էականը մեր մօտեցումն է այս նիւթին հանդէպ (Փիլ 4.4): Այլ խօսքով, երկրաւոր ուրախութիւնը կախեալ է արտաքին ազդակներէ, ինչպիսիք են առողջութիւնը, հարստութիւնը, բարեկամութիւնը եւ այլ բազմաթիւ պարագաներ: Անոնց անհետացումով մեր ուրախութիւնը կը նուազի, երբեմն լրիւ կ՚անհետանայ, աւելին՝ անոնց բացակայութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենայ մեր վրայ: Մինչ Տիրոջմով ուրախութիւնը ներքին եւ մնայուն է: Մեզ միշտ կը նորոգէ, կ՚աշխուժացնէ: Անբացատրելի խաղաղութիւն մը կը պարգեւէ խռովքի մէջ իսկ, դրական յոյսով կը պատէ մեզ նոյնիսկ անելի մէջ, եւ դեռ աւելին: Հետեւաբար, հարցը ո՛չ թէ ուրախութիւններէ զրկուիլն է, այլ ուղիղ ընտրութիւն ընելը՝ կա՛մ ժամանակաւոր ու դիւրաբեկ զգայարանքներով հաճոյքը նախապատուելը, եւ կա՛մ յաւերժական ուրախութիւնը, որ գերիվեր է մեր ակնկալութիւններէն ու երեւակայութենէն, ինչպէս Առաքեալը կը նշէ (Ա. Կր 1.9): Սրբուհի Սանդուխտ ինչ որ շատերու փափաքելի ու երազային ուրախութիւն է, զայն ոչինչ համարելով ընտրեց անկորնչելի ուրախութիւնը:

գ. Սանդուխտ կոյսի Քրիստոսի սէրը գերակայ նկատել մահ սպառնացող հօր մը սպառնալիքէն, ծնողք-զաւակ յարաբերութեան մէջ մեզ կ՚առաջնորդէ շատ զգայուն հարցի մը: Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ հայր մը, որուն համար երբ մէկ նժարի մէջ եթէ ամբողջ աշխարհը դրուի, իսկ միւսին մէջ զաւակը, եւ կամ եթէ հարկ ըլլայ զաւկին կեանքը վտանգէ փրկելու՝ ի՛ր իսկ կեանքը կը զոհէ, յանկարծ արժեչափերը կը փոխուին եւ զաւկին մահը կը վճռէ: Սա արդէն շատ խորունկ հարց մըն է, որուն վերլուծումը կը բացայայտուի Ֆրանսացի բժիշկ Ալէքսիս Քարէլի գրքի վերնագրով «Մարդը՝ այս անծանօթը»: Այո՛, թէ ինչպէս մեծ սէրերը ատելութեան կը վերածուին կամ բարեկամութիւնները թշնամութեանց եւ փոխադարձաբար՝ թշնամութիւնները բարեկամութեանց, սա ցոյց կուտայ մարդու ներաշխարհի անսահման ոլորտները:

Քարոզի մը սահմաններուն մէջ բաւ է նշել հետեւեալը: Ընտրութեանց նախապատուութիւնը միշտ կը տրուի ծնողաց որպէս իրենց զաւակներուն հոգատարները, նաեւ որպէս աւելի հասուն՝ կեանքի փորձառութեանց մէջ: Ո՛չ մէկ կասկած որ ծնողներ լաւագոյնը կը տնօրինեն իրենց զաւակներուն երջանկութեան եւ յաջողութեան համար, եւ կը ջանան իրենց արժէքներով մեծցնել զանոնք: Բայց եւ այնպէս, ծնողներ պէտք չէ մոռնան որ իրե՛նք ալ Աստուծոյ զաւակներն են, եւ ըստ այնմ պէտք է նկատի ունենան որ իրենց իմաստութիւնն ու որոշումները Աստուծոյ կամքի գործադրութի՞ւն են, թէ՞ ոչ: Վստահ եմ, որ մեր կեանքին մէջ վկայած եղած ենք այնպիսի պարագաներու երբ ծնողաց նախընտրութիւնը ո՛չ թէ ուրախութեան, այլ դժբախտութեան պատճառ եղած է իրենց զաւակներուն համար: Սանատրուկ չաստուածներու հանդէպ իր նախանձախնդիր հաւատարմութենէն մղուած տուաւ իր ողբերգական վճիռը, մինչ իր մատղաշ դուստրը ընտրեց տիեզերքի արարիչ եւ բոլորիս երկնաւոր Հօր աստուածահաճոյ ճանապարհը, զոր աշխարհի թանձրացեալ իմաստութիւնը անկարող է ըմբռնել, ինչպէս Առաքեալը կը նշէ (Ա. Կր 3.19): Ուստի, ծնողք եւ զաւակ միշտ հետամուտ ըլլանք Աստուծոյ կամքը կատարել, որ յայտնուեցաւ ու գործադրուեցաւ Քրիստոսի եւ սուրբերուն կողմէ, որ բոլորին համար երջանկութիւն կ՚ապահովէ:

Սրբուհի Սանդուխտ, առաջնորդուած՝ երկնային իմաստութեամբ, հանդիսացաւ անդրանիկ մարտիրոսը Հայաստան աշխարհին, որ դարձեալ երկնային իմաստութեամբ առաջնորդուած եղաւ առաջին Քրիստոնեայ պետութիւնը, որ «մահ իմացեալ՝ անմահութիւն» նշանաբանով, դարերու հուրի ու սուրի ընդմէջէն անցնելով, մեզի կտակուած է որպէս աստուածապարգեւ գերագոյն աւանդ, ի պահանջել հարկին մեր արեան գնով գուրգուրալու անոր անվտանգութեան, մեր ժողովուրդի գոյապահպանման ու բարօրութեան, նաեւ ազգերու մեծ ընտանիքի յառաջդիմութեան ի խնդիր:   

Այս մեծ սուրբի տօնին առթիւ աղօթենք, որ Ամենաբարին Աստուած իր իմաստութեամբ առաջնորդէ մեզ բոլորս, որպէսզի ուղիղ ընտրութիւն ընենք մեր կեանքի բոլոր պարագաներուն, նաեւ պաշտպանէ ու փրկէ մեզ ամէն տեսակի երեւելի ու աներեւոյթ ժահրերէ, թշնամիներէ ու զօրութիւններէ: Եւ միշտ՝ ուրախ սրտով փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն:    

Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի

ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ - 2020
ԽՈՐԱՊԷՍ ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԵՆՔ 
«Շնորհակալութիւն ձեր կատարած աշխատանքին, որպէսզի հաւատքը պահենք եւ յոյս ունենանք ապագայի հանդէպ…», գրած է նուիրատու մը։

Ազգ. Առաջնորդարանս երախտապարտութեամբ կ՚արձանագրէ բազմաթիւ անդամներու եւ բարեկամներու առատաձեռն օժանդակութիւնը՝ ազգային տուրքի մեր արշաւի սկզբնական այս շրջանին։ Ձեր նիւթական քաջալերութիւնը մեզ կը խթանէ յարատեւելու մեր յանձնառութեան մէջ՝ մեր ծուխերուն եւ հաւատացեալներուն ծառայելու, հակառակ առողջապահական աննախընթաց իրավիճակի բոլոր խոչընդոտներուն։ «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ: Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու (Բ. Կր 9.7-8):
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 2
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՄԱՆ
(ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 5:1-10
 
Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:18-7:11

Հետեւաբար պոռնկութենէ հեռո՛ւ փախէք: Բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ, իր մարմինին հետ կապ չունին. բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ: Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի: Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, այլ Աստուած՝ որ փրկագինով ձեզ գնեց: Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք, որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով:
Ձեր նամակին մէջ ինծի գրած էիք նաեւ այն մասին, թէ մարդ լաւ կ’ընէ՝ եթէ բնաւ չամուսնանայ: Բայց որպէսզի պոռնկութեան մէջ չիյնաք՝ ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ եւ ամէն կին՝ իր ամուսինը, որպէսզի կնոջ պէտքերը այրը գոհացնէ եւ ամուսինին պէտքերը՝ կինը: Որովհետեւ կինը իր մարմինին տէրը չէ, այլ՝ ամուսինը. ո՛չ ալ այրը իր մարմինին տէրն է, այլ՝ կինը: Երկար ատեն հեռու մի՛ մնաք իրարմէ: Եթէ կ’ուզէք աղօթքի նուիրուիլ, կրնաք փոխադարձ համաձայնութեամբ ժամանակ մը իրարմէ հեռու մնալ. բայց յետոյ վերադարձէ՛ք ձեր կենակցութեան, որպէսզի չըլլայ որ Սատանան ձեզ փորձութեան մղէ՝ ձեր անժուժկալութենէն օգտուելով: Հրահանգ մը չէ այս տուածս, այլ պարզապէս՝ ներողամիտ կեցուածք: Որովհետեւ ես պիտի ուզէի որ ամէն մարդ ինծի պէս ապրէր, բայց Աստուած իւրաքան­չիւրին իրեն յատուկ շնորհք մը տուած է. մէկուն՝ այսպէս ապրելու շնորհք, միւսին՝ այնպէս:

Սակայն ամուրիներուն եւ այրիներուն կ’ըսեմ.- Աւելի լաւ կ’ընեն՝ եթէ ինծի պէս մնան. բայց եթէ չեն կրնար տոկալ՝ թող ամուսնանան, որովհետեւ նախընտրելի է ամուսնանալ քան ցանկութեամբ եռալ: Իսկ ամուսնացած զոյգերուն հետեւեալ պատուէրը կու տամ, ո՛չ թէ ես, այլ Տէրը.- Ոեւէ կին իր ամուսինէն թող չբաժնուի. իսկ եթէ բաժնուի, կա՛մ առանց ամուսնութեան թող ապրի եւ կամ դարձեալ հաշտուի իր ամուսինին հետ: Նոյնպէս, ոեւէ այր իր կինը թող չձգէ:

ՄԱՏԹԷՈՍ 19:3-12

Փարիսեցիներ Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին.

Մեր Օրէնքով մէկը իրաւունք ունի՞ ոեւէ պատճառով իր կինը արձակելու:

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

Չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքերուն մէջ, թէ Աստուած սկիզբէն «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը եւ ըսաւ անոնց. “Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան”»: Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին: Ուրեմն ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք, որ Աստուած միացուց:

Փարիսեցիները դարձեալ հարցուցին.

Հապա ինչո՞ւ Մովսէս օրէնք սահմանեց՝ բաժանման թուղթ տալ կնոջ եւ արձակել զայն:

Յիսուս պատասխանեց.

Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով արտօնեց արձակել ձեր կիները, սակայն ստեղծագործութեան ժամանակ արձակելու խօսք չկար: Գիտցէք նաեւ, թէ ո՛վ որ իր կինը կ’արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ’առնէ՝ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ, եւ ով որ արձակուած կինը կ’առնէ՝ ան ալ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ:

Աշակերտները ըսին Յիսուսի.

Եթէ ամուսնութիւնը այդպէս դատապարտութեան պատճառ կրնայ ըլլալ այր մարդուն եւ կնոջ համար, աւելի լաւ է չամուսնանալ:

Յիսուս ըսաւ.

Բայց ամէն մարդ չի կրնար առանց ամուսնութեան մնալ, այլ միայն անոնք՝ որոնց Աստուած կարողութիւն տուած է: Որովհետեւ մարդիկ չեն ամուսնանար ա՛յն պարագաներուն, երբ ծնունդով ներքինի են, կամ՝ մարդոց կողմէ ներքինի եղած են եւ կամ՝ իրենք զիրենք ներքինի դարձուցած են երկինքի արքայութեան համար: Ով որ կրնայ ընդունիլ իմ հաստատումս, թող կատարէ զայն:
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ՈՐԴԻՆԵՐՆ ՈՒ ԹՈՌՆԵՐԸ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը ձեռնադրէ իր աւագ որդին՝ Արիստակէսը (Տիգրան Հոնենց եկեղեցի, Անի)
Հայաստանեայց Եկեղեցին հաւաքաբար կը նշէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներուն ու թոռներուն տօնը այս Շաբաթ, Օգոստոս 1ին։ Անոնք են՝ Ս. Արիստակէս, Վրթանէս, Յուսիկ եւ Գրիգորիս, ինչպէս եւ Դանիէլ, որ թէեւ ազգականական կապ չունէր, բայց աչքառու եւ սիրուած աշակերտ մըն էր։ Բոլորը շարունակած են Ս. Գրիգորի գործը՝ Քրիստոսի խօսքի քարոզութեամբ, իրենց սեփական անձը վտանգի ենթարկելու գնով։

Գրիգոր երկու որդի ունէր՝ Արիստակէս եւ Վրթանէս։ Կրտսեր որդին՝ Արիստակէսը, իր հօրը յաջորդեց իբրեւ Կաթողիկոս եւ նահատակուեցաւ 333 թուականին շուրջ։ Ան ներկայացուցած էր Հայ Եկեղեցին Նիկիոյ առաջին ընդհանրական ժողովին (325)։ Մինչեւ օրս Ս. Պատարագի ընթացքին հռչակուող Նիկիոյ հանգանակը գրուած ու որդեգրուած է այս ժողովին։ Վրթանէս, որ այդ ժամանակ աւելի քան 70 տարեկան էր, յաջորդած է Արիստակէսին եւ ութը տարի գահակալած է իբրեւ կաթողիկոս մինչեւ մահը։ Վրթանէս ունեցած է երկու որդի՝ Գրիգորիս եւ Յուսիկ։ Գրիգորիս քարոզած է Վրաստանի եւ Աղուանքի մէջ (մերօրեայ Ատրպէյճան), ուր եւ նահատակուած է։ Թէեւ հոգեւորական չէր, Յուսիկ կաթիկոսական աթոռին կոչուած է ու նահատկուած՝ 347ին։ Դանիէլ կը խմբուի որդիներուն ու թոռներուն հետ՝ նկատի ունենալով անոր մտերիմ յարաբերութիւնը ընտանիքին հետ։ Ան ընտրուած է յաջորդելու Յուսիկին, բայց երբեք չէ ծառայած, քանի որ ան ան նահատակուած է 348 թուականին։

Աւելցնենք նաեւ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռներն են նաեւ Մեծն Ներսէս եւ Սահակ Պարթեւ հայրապետները, որոնց տօնը առանձին կը նշուի։

Այս շաբաթ նաեւ կը յիշուին՝

Հինգշաբթի, 30 Յուլիս ՝ սուրբ նախահայրերը, ներառեալ՝ Ադամ, Աբէլ, Սեթ, Ենովք, Նոյ, Մելքիսեդեկ, Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ, Յովսէփ, Մովսէս, Ահարոն, Եղիազար, Յեսու, Սամուէլ, Սամփսոն, Յեփթայի, Բարակ եւ Գէդէոն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 3՝ սուրբ Մակաբայեցիները՝ Եղիազար քահանան, Շամուն եւ իր եօթը որդիները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4՝ տասներկու սուրբ մարգարէները՝ Ովսէ, Ամովս, Միքիա, Յովել, Աբդի, Նաւում, Ամբակում, Յովնան, Սոփոնիա, Անգիա, Զաքարիա եւ Մաղաքիա։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  
 
Այս շաբթուան նամակի հեղինակը Ռիման է, որ կը հովանաւորուի տէր եւ տիկ. Արթըր Պետրոսեանի կողմէ։    
«Բարեւ ձեզ,

Ես ……. Ռիման եմ։ Ապրում եմ Աբովեան քաղաքում։ Սովորում եմ 9րդ դասարանում։ Ապրում եմ մայրիկիս, քոյրիկիս եւ եղբօրս հետ։ Ցաւօք, հայրիկս մահացել է եւ մայրիկս մեզ դժուարութեամբ է պահում։ Ես շատ եմ սիրում դպրոց յաճախել, լաւ եմ սովորում եւ ուզում եմ ուսումս շարունակել բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնում։ Շատ եմ սիրում պարել, նկարել եւ երազանք ունեմ դառնալ դիմայարդար։

Եղբայրս շուտով բանակ է գնալու եւ մայրիկիս հոգսերը շատանալու են, քանի որ ան աշխատում է եւ օգնում մայրիկիս։ Երբ իմացայ որ ինձ վերցրել էք ձեր հովանաւորութեան տակ, ես շատ ուրախացայ, չէ՞ որ դա եւս օգնութիւն է մայրիկիս։ Ես եւ իմ ընտանիքը շատ շնորհակալ ենք ձեզ եւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեանը»։ 

ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ անչափահաս որբեր (մինչեւ 18 տարեկան) եւ չափահաս որբեր, որոնք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։ Այժմ աւելցած են, դժբախտաբար, պսակաձեւ ժահրի զոհերու զաւակներ։         
 
Մեր սպասման ցուցակին մէջ գտնուող որբ մը հովանաւորելու համար, Ազգ. Առաջնորդարանիս հետ կապուեցէք ելեկտրոնային նամակով՝ sophie@armenianprelacy.org հասցէին, կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել վարի կապին վրայ։      
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12ԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ազգային Առաջնորդարանի աւանդական վիճակահանութեան թուականը Սեպտեմբեր 12 է։ Գլխաւոր մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակներ ալ պիտի ըլլան՝ 1.000ական տոլարի արժողութեամբ։

Այսուհանդերձ, ինչպէս սովոր ենք ըսել, այս վիճակահանութեան մէջ բոլորս կը շահինք, քանի որ ամբողջ գումարը կը նպաստէ Առաջնորդարանի դաստիարակչական եւ կրօնական ծրագիրներուն։ 
 
Վիճակահանութեան տոմսերը 100 տոլար են։ Տեղեկութիւններու, ինչպէս եւ տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ Առաջնորդարանի գրասենեակ ( email@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ Բ․ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Ամառնային «Սիամանթօ» լսարանի 2019-2020 տարեշրջանի Բ․ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Յուլիսին, հեռավար (Zoom) ձեւով։

Այս հանդիպումը տարբեր բնոյթ ունէր։ Հաւաքին սկիզբն ու վերջը խմբային հանդիպում ունեցան, իսկ միջոցին երեք դասարաններու բաժնուած՝ տարբեր ուսուցիչներով եւ նիւթերու դասաւանդումով։ Դասերը վարեցին հայերէնի մեր նուիրուած ուսուցչուհիներէն՝ տիկ. Սիլվա Պետեանը (Շիքակօ), օրդ. Նարինէ Ապրիմեանը (Ուոթըրթաուն) եւ օրդ. Սօսի Էսաճանեանը (Նիւ Ճըրզի), որոնք ինչպէս յիշած էինք նախապէս, հեղինակներն են՝ Հայերէնը որպէս Երկրորդ Լեզու (ASL-Armenian as Second Language) ծրագրին։ Այս ծրագիրը այլեւս հասանելի է Ազգ. Ուսումնական Խորհուրդի դպրոցներու դասատուներուն համար՝ Hye Teachers’ Hubի (hyeteachershub.org) վրայ, իսկ Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջին վրայ՝ ընդհանուր սերտողութեան եւ օգտագործման համար ( www.armenianprelacy.org/asl.html

Ամառնային «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 7 Օգոստոսին։ 

ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՆՑ ԱԿՈՒՄԲԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՆՏՈՒՆ ՄԱՐԴՈՑ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԻԼ
Ուրբաթ, 24 Յուլիսին, հինգերորդ անգամ ըլլալով՝ համավարակի սկզբնաւորութենէն, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) Արանց Ակումբը (Men’s Club) ընթրիք մատուցած է կարիքաւոր մարդոց Providence Rescue Missionի մէջ։ Ակումբի գանձապահ Սթիւ Էլմասեան նշեց, թէ աւելի քան 130 անտուն այր ու կիներու կերակուր ղրկուած է։ Նուիրատուութիւնը կատարած են Աշըքեան ընտանիքը՝ Ալպերթ Աշըքեանի յիշատակին, եւ Մելիսա Սիմոնեան՝ իր ծնողաց՝ Արշակ եւ Սիւզան Սիմոնեանի յիշատակին։
«ՀԱՅ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔՆՆԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԵԱՄԲ»
Լ. Գ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Այս եռահատոր աշխատութիւնը կ՚ուսումնասիրէ հայ մատենագրութեան տեսական բնոյթ կրող երկերը։ Լեւոն Գ. Խաչերեան շարադրած է ո՛չ միայն հայագիր դպրութեան յառաջացման ու զարգացման գործընթացը, այլեւ բացայայտած է տարբեր ուսուցչապետերու եւ իմաստասէրներու մշակած տեսական հարցադրումները եւ ընդհանրացումները։ 
Այս գիրքը տրամադրելի է  Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք  books@armenianprelacy.org  հասցէին
կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։















 

















ՀՐԱՆԴ ՇԱՀԻՆԵԱՆ (ծնունդ՝ 30 Յուլիս, 1923)
Հրանդ Շահինեան արդի ողիմպիականներուն մէջ մետալ շահող առաջին հայը եղած է՝ Հելսինքիի ողիմպիական խաղերուն (1952) երկու ոսկեայ մետալներու արժանանալով։

Ծնած է Գիւլագարակ գիւղը (Լոռի), 30 Յուլիս, 1923ին։ 1930ին, ընտանիքը փոխադրուած է Երեւան։ Սկսած է մարմնամարզութեան ուսումը Յարութիւն Գարգալոյեանի հետ, իսկ 1939ին Խորհրդային Միութեան պատանի ախոյեան հանդիսացած է։

1941ին, Շահինեան իբրեւ կամաւոր մեկնած է Բ. Աշխարհամարտին մասնակցելու եւ ոտքը վիրաւորուելէ ետք, 1943ին վերադարձած է Հայաստան։ Երկար վերականգնողական աշխատանքէ ետք, 1946ին կարողացած է վերսկսիլ մարզումները եւ աստիճանաբար մեծ յաջողութիւններ արձանագրել։ 1949ին, Պուտափեշտի մէջ, երիտասարդներու եւ ուսանողներու համաշխարհային փառատօնին վեց մետալ շահած է։

1952ին, Հելսինկիի ողիմպիական խաղերուն մեկնած է իբրեւ խորհրդային հաւաքականի անդամ։ Շահինեան փայլած է օղակներու վրայ վարժութեան մէջ, ստանալով 9,9 միաւոր եւ ոսկեայ մետալակիր: Ան նժոյգաթափի ու բազմամարտի մէջ արծաթ մետալներ ալ ստացած է։ Նժոյգաթափի մէջ, Շահինեան առաջին անգամ գործադրած է հնարք մը, որ հետագային անոր անունով կոչուած է։ Ան նաեւ շահած է ուրիշ ոսկեայ մետալ մը՝ խմբական մրցումին մէջ։ 1952ին ալ ստացած է Խորհրդային Միութեան մարզանքի վարպետի կոչումը։

1954ին, Շահինեան Հռոմի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած է՝ ոսկեայ մետալ շահելով նժոյգաթափին եւ խմբական մրցումին մէջ, եւ արծաթեայ մետալ՝ բազմամարտի մէջ։ Անոր յաջողութիւններն ու անձնական հմայքը պատճառ դարձած են իր ժողովրդականութեան Հայրենիքի մէջ։

1956 թուականին Խորհրդային Միութեան հաւաքականի մարզիչները կը սկսին աւելի երիտասարդական մարմնամարզիկներ ընդգրկել խումբին մէջ։ Շահինեան կ՚որոշէ աւարտել իր ասպարէզը ու աստիճանաբար անցնիլ մարզիչի գործունէութեան։

Հրանդ Շահինեան կը փափաքէր, որ Հայաստան ունենար մարմնամարզութեան մեծ համալիր, ուր կարողանար իր փորձառութիւնը հաղորդել երիտասարդներուն։ Անոր անմիջական ջանքերուն շնորհիւ, Երեւանի մէջ ստեղծուած է այդպիսի մասնագիտացած դպրոց մը 1958ին, որուն առաջին տնօրէնն ալ եղած է ինք։ 1961ին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչի տիտղոսին, իսկ 1966ին՝ Խորհրդային Միութեան վաստակաւոր մարզական գործիչի տիտղոսին։ 1966-1969 թուականներուն գլխաւորած է Հայաստանի մարզական կոմիտէն, այնուհետեւ անոր փոխնախագահը ըլլալով (1969-1975)։

1975-1980 թուականներուն, Շահինեան վարած է Սուրիոյ մարմնամարզութեան հաւաքականը Դամասկոսի մէջ։ Այնուհետեւ վերադարձած է Հայաստան, ուր մահացած է Մայիս 29, 1996ին։

2014ին, Հրանդ Շահինեանի արձանը զետեղուած է անոր անունը կրող մարմնամարզութեան դպրոցի մուտքին՝ Երեւանի մէջ։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
7 Օգոստոս —«Սիամանթօ» լսարանի ամառնային առցանց երրորդ հանդիպում, Ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ ( anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
 
9 Օգոստոս — Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր) տարեկան դաշտահանդէս՝ ճաշերու take out սպասարկումով, կէսօրուան ժամը 12:00ին։
 
10, 17 եւ 24 Օգոստոս —Ս. Գիրքի առցանց սերտողութիւն՝ երեք մասով, նուիրուած՝ Պօղոս Առաքեալի Փիլեմոնին ուղղուած թուղթին։ Երկուշաբթի, երեկոյեան ժամը 8:00էն 9:00։ Սերտողութիւնը կը վարէ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմուքի տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։ Արձանագրուելու համար, հաճեցեք գրել ձեր անունը, հասցէն ու հեռաձայնի թիւը shant@armenianprelacy.org հասցէին։

16 Օգոստոս — Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) տարեկան դաշտահանդէս եւ խաղողօրհնէք՝ ճաշերու take out սպասարկումով, առաւօտեան ժամը 11:45-12:45ին։

16 Օգոստոս — Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ) խաղողօրհնէք եւ տարեկան դաշտահանդէս։

12 Սեպտեմբեր —Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ առցանց, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի։  

4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։

Հետեւեցէ՛ք մեզի ընկերային ցանցերուն մէջ
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/