4 Յունիս , 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԱՂՕԹՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Չորեքշաբթի, Յունիս 3ի կէսօրին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), տեղի ունեցաւ խաղաղութեան նուիրուած յատուկ արարողութիւն մը, նախագահութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, որուն կ՚ընկերանային Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եւ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք)։ Աղօթքը սփռուեցաւ համացանցի վրայ։

Արարողութեան սկիզբը, Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան նշեց, թէ աղօթքը ուղղուած էր աշխարհի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Նիւ Եորքի համար խաղաղութիւն հայցելու։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը տուաւ, ընդգծելով, թէ Հայաստանեայց Եկեղեցին կը դատապարտէ խտրականութիւնը, որ հիմնովին դէմ է մարդկային յարաբերութեան բնոյթին եւ կը վնասէ Միացեալ Նահանգներու բուն ոգիին։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս դատապարտեց անիշխանութեան բոլոր դէպքերը, որոնք քաոսի եւ չարագործութեան կը յանգին։ Միաժամանակ, ան կոչ ուղղեց միասնաբար աշխատանք տանելու՝ ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան վերջ դնելու եւ բուժման ճանապարհը հարթելու։ Քահանայ հայրերը աղօթքներ կարդացին, որոնց ընդմէջէն տեղի ունեցաւ «Տէր ողորմեա»յի եւ «Հայր մեր»ի երգեցողութիւնը։ Սրբազան Հօր պատգամին ամբողջութիւնը կարելի է կարդալ ստորեւ։ 


ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, քաղաքացիներ եւ բնակիչներ «Ազատներու Երկրին» (Land of the Free),

Անցեալ շաբաթ վկայ եղած ենք տեսերիզներու սփռումին, որոնք ցոյց կու տան Ճորճ Ֆլոյտի անիմաստ սպանութիւնը մահացու ուժի կիրարկումով։ Այս զարհուրելի դէպքը ուրիշ արտայայտութիւն մըն է այն բռնութեան, որ կը գործադրուի ընդդէմ անոնց, որոնք ենթակայ են խտրականութեան։


Հայաստանեայց Եկեղեցին, ինչպէս բոլոր եկեղեցիներն ու կրօնական հաստատութիւնները, կը դատապարտէ խտրականութիւնը իր բոլոր ձեւերով, որովհետեւ մարդկային յարաբերութեան բնութեան հիմնովին դէմ է եւ կը վնասէ իսկական ոգիին մեր օրհնեալ երկրին։ Միաժամանակ, կը դատապարտենք անիշխանութեան բնոյթ ստացող իւրաքանչիւր արարք, որ աւելի վատ է, քան որեւէ համավարակ, եւ կ՚առաջնորդէ քաոսային վիճակի ստեղծման եւ չարագործութեան կը յանգի՝ ազատութեան ծածկին տակ։

Կ՚աղօթենք բոլոր վիրաւորներուն, իրենց կեանքը կորսնցնողներու հոգիներուն եւ բոլոր սգաւորներուն համար՝ ներկայ տագնապին մէջ։ Մեր աղօթքներուն որպէս լրացում, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մեր Թեմը կոչ կ՚ուղղէ երկրիս ընտրեալ պաշտօնատարներուն, իրաւապահ ուժերուն, քաղաքացիական եւ կրօնական ղեկավարներուն, թաղային հսկիչներուն եւ ընկերութեան բոլոր խաւերու պատկանող քաղաքացիներուն, որ միասնաբար անհրաժեշտ քայլերը առնեն՝ ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան վերջ դնելու եւ բուժման ճանապարհը հարթելու։

Հոգեգալստեան տօնի մթնլորտին մէջ, կը հայցենք Սուրբ Հոգիի ներկայութիւնը որպէսզի մեզ մղէ գործակցելու՝ հաստատելու համար խաղաղութիւն եւ հասկացողութիւն, հանդուրժողութիւն եւ յարգանք՝ ի խնդիր ապահովութեան եւ բարգաւաճման «Արիներու Տան» (Home of the Brave)։
  
Աղօթարար՝
Առաջնորդ Արեւելեան ԱՄՆ-ի Թեմի

Ի ՅԻՇԱՏԱԿ
ՏՈՔԹ. ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ
1938—2020
Տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեան անտարակոյս լաւածանօթ անուն մըն հայ աշխարհին մէջ։ Անոր աշխոյժ մասնակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բարեսիրական նախաձեռնութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կրնայ բազմաթիւ էջեր լեցնել։ Ան մշտապէս զօրավիգ կանգնած է կարիքաւոր անձերու եւ օժանդակած է մեր առողջութեան ու բարօրութեան յանձնառու խումբերուն եւ կազմակերպութիւններուն։ Իրագործումներ ու գործունէութիւններ կը տպաւորէին զինք, անկախաբար անձնական կամ քաղաքական կողմերէ։ Անոր նպատակը չէր իր անունը տեսնել շէնքերու վրայ, այլ՝ մաս կազմել մարդ արարածի բուժման։ Ամէն բանէ աւելի, անսակարկ կերպով նուիրուած էր Աստուծոյ եւ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ իր հաւատքին։

Րաֆֆի Յովհաննէսեան իր մահնականցուն կնքեց Չորեքշաբթի, Մայիս 27ին, 81 տարեկան հասակին։ Դժուար է կրկնել անոր վաստակը, որ կրնայ օրինակ հանդիսանալ բարեյաջող ապրուած կեանքի մը։ Անոր սգակիր հարազատներն են կինը՝ Վիքի Շողակ, զաւակները՝ Արմէն, Անի եւ Էյլին, եւ եօթը թոռներ։ 
 
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Յունիս 1ին, Ս. Վարդան Մայր Տաճարի հրապարակին վրայ, նախագահութեամբ էջմիածնական թեմի առաջնորդ Դանիէլ Եպիսկոպոսի եւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հետեւեալ ցաւակցական նամակը յղած էր Յովհաննէսեան ընտանիքին.-

Սիրելի՛ տիկին Յովհաննէսեան,

Խոր ցաւով իմացանք ձեր սիրելի ամուսնոյն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարեկամ ու բարերար Տքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանի մահուան գոյժը։

Առաջին հերթին Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի եւ Ձեր զաւակներուն։ Կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ մխիթարէ Ձեզ եւ Ձեր սգակիր հարազատները։

Արդարեւ, Ձեր ընտանիքին անունը Մեր նախորդ Երջանկայիշատակ Հայրապետներու օրերէն ի վեր սերտօրէն առնչուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Մեր յիշողութեան մէջ թարմ է տակաւին, թէ ինչպէս հանգուցեալը մօտէն հետեւեցաւ Գարեգին Վեհափառի առողջական վիճակին եւ Կիլիկեան դարաւոր Սուրբ Աթոռը միշտ ներկայ եղած է Րաֆֆիին եւ Ձեր սրտին ու հոգիին մէջ. վկայ՝ այս Հոգեւոր Կեդրոնին Ձեր մատուցած բարոյական թէ նիւթական սատարն ու զօրակցութիւնը, եւ յատկապէս մեր միաբան հայրերու համալսարանական ուսումը քաջալերելու ձգտող Ձեր հաստատած հիմնադրամը։

Տքթ. Րաֆֆին իր կեանքին ու ծառայութեան ողջ ընթացքին եղաւ ու մնաց ազնիւ ու խոնարհ, հեռու՝ փառքէ ու պատիւէ։ Իր մօտեցումներուն ու տեսակէտներուն մէջ եղաւ ու մնաց հաւասարակշռուած։ Եղաւ բոլորին հետ ու բոլորին համար, եւ անձերէն ու կառոյցներէ վեր՝ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին համար։ Եւ դուք, Սիրելի՛ Տիկին Շողակ, միշտ եղաք Ձեր սիրելի ամուսնոյն կողքին՝ գործակից ու զօրակից իրեն։

Կիլիկեան Իշխանի շքանշանակիր Տքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանի անունը անջնջելի կերպով արձանագրուած պիտի մնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տարեգրութեան մէջ։ Վստահ ենք որ նո՛յն ոգիով ու նախանձախնդրութեամբ պիտի շարունակէք Ձեր կապուածութիւնը մեր Սուրբ Աթոռին նկատմամբ։

Մարդու երկրային կեանքին վախճանը հանդիսացող մահուան դառն իրականութեան դիմաց, մեր միակ մխիթարութիւնը քրիստոնէական հաւատքին մեզի տուած յարութեան յոյսն է։ Այդ յոյսով գօտեպնդուած, կ՚աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ երկնային երանական խաղաղութեան մէջ ընդունի Տքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հոգին, եւ իր յիշատակը վառ պահէ միշտ Ձեր, Ձեր սիրելի զաւակներուն, հարազատներուն ու բարեկամներուն հոգիներուն մէջ։ Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

Հայրապետական օրհնութեամբ,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Վեհափառ Հայրապետի եւ Արեւելեան թեմի Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան անունով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնեց սգաւոր ընտանիքին.
«Սիրելի սգակիր եղբայրներ եւ քոյրեր,
 
Հաւաքուած ենք մեր սիրոյ, հաւատքի արտայայտութիւն եղող վերջին աղօթքով հրաժեշտ տալու սիրելի ամուսին, հայր, մեծ հայր, եղբայր, հօրեղբայր եւ հարազատ տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանին՝ Սուրբ Վարդան Մայր Եկեղեցւոյ սեմին։  
 
Իր ընտանիքի կողքին, տոքթոր Րաֆֆիի սիրտը տրոփեց միայն ու միայն մեր եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքի ու Սփիւռքի եւ մեր ժողովուրդի երազներու իրագործման համար։ Եթէ մէկ նախադասութեամբ պիտի ուզէի բնութագրել տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կեանքը, պիտի ըսէի, թէ ան եղաւ բոլորին հետ, բոլորին համար։

Որպէս բժիշկ, ան ո՛չ միայն եղաւ մարմիններու բժիշկ, իր հաւատքով, իր բարեհամբոյր բնաւորութեամբ, իր լայնախոհութեամբ, իր ծնողներէն՝ մեր ժողովուրդին ժառանգութիւն եղող իմաստութեամբ բժիշկ եղաւ շատ-շատերու ո՛չ միայն մարմիններուն, այլ նաեւ միտքերուն եւ հոգիներուն, խաղաղութիւն, անդորրութիւն, ուրախութիւն բերելով անոնց կեանքին մէջ։

Այս տխուր առիթով, կ՚ուզեմ խորին եւ սրտազգաց ցաւակցութիւն յայտնել յանուն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու, եւ համայն Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին, Տոքթ. Րաֆֆիին սրտակից կողակից Շողակին, որ եղած է միշտ պաշտպան հանգուցեալի գործունէութեան եւ բոլոր երազներուն իրագործման։ Ցաւակցութիւններ նաեւ զաւակներուն եւ առհասարակ բոլոր հարազատներուն։ Թող Աստուած Իր բարի հրեշտակին միջոցաւ Տոքթ. Րաֆֆիի հոգին փոխադրէ եւ հանգչեցնէ յաւիտենական լուսոյ խորաններուն մէջ » ։

Հանգուցեալ տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանի թաղումը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի (Գալիֆորնիա) մէջ եւ մարմինը պիտի ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ։
 
* * *
 
Մեծ Եղեռնէն վերապրողներ Առաքել եւ Տիրուհի Յովհաննէսեանի զաւակը՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեան, իր աճման տարիները ապրած է Հալէպի մէջ, ուր յաճախած է նախակրթարան եւ երկրորդական վարժարան։ 1958ին գիտութեան վկայական ստացած է, իսկ 1962ին՝ բժշկութեան վկայական Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն։ Ամուսնացած է իր 55 տարուան կողակիցին՝ Վիքի Շողակի հետ, Պէյրութի մէջ։ Պսակը կատարած է անոր բարեկամը՝ երիտասարդ Գարեգին վրդ. Սարգիսեանը (հետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ.), որուն հետ բարեկամացած էր տարիներ առաջ՝ Ամերիկեան համալսարանին մէջ ուսանողական քրիստոնէական ընկերակցութիւն մը միասին կազմակերպելու ժամանակ։ Այդ բարեկամութիւնը շարունակուած է տասնամեակներ շարունակ, մինչեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա.ի վախճանումը 1999ին։

Յովհաննէսեան ամոլը հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր տոքթ. Րաֆֆի շարունակած է իր ուսումը Նիւ Ճըրզիի եւ ապա՝ Պալթիմորի Ճոնզ Հոփքինս համալսարանին մէջ։ Վիեթնամի պատերազմին, տոքթ. Յովհաննէսեան զինուորագրուած է ամերիկեան բանակին մէջ, ստացած է հազարապետի աստիճանը եւ վարած է բանակի համայնքային հիւանդանոցը Ֆորթ Նոքսի մէջ (Քենթաքի)։
 
Երեք զաւակներու ծնունդէն ետք, Յովհաննէսեանները փոխադրուած են Ինտիանա նահանգի հիւսիս-արեւմուտքը, Շիքակոյի մօտերը, ուր տոքթ. Յովհաննէսեան հաստատած է իր սեփական բժշկական գրասենեակը։ Ան լայն ժամանակ ու ջանք տրամադրած է՝ իր սեփական ծուխին, Հայց. Եկեղեցւոյ՝ Անթիլիասի եւ Էջմիածնի միջոցով, կամ բարեսիրական, բժշկական եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններու համար, կատարուած աշխատանքի եւ ապագայի կարիքներու գիտակցութիւնը բարձրացնելու համար։ Ծառայութեան եւ գործի մարդ էր։ Կանուխէն զօրավիգ կանգնած է կրթութեան, երբ իր կնոջ հետ հոգեւորականներու բարձրագոյն կրթութեան քանի մը հիմնադրամ հաստատած են։

Բազմաթիւ մրցանակներու եւ կոչումներու արժանացած է, որոնց շարքին՝ Հայց. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն պարգեւներուն՝ Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռի Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիոյ Իշխանի շքանշաններուն։

Տոքթ. Յովհաննէսեան Ս. Պատարագի սիրահար էր եւ, քանի մը տարի առաջ հիւսիսային Նիւ Ճըրզի փոխադրուելէ ետք, իր կնոջ հետ Կիրակի օրերը Ս. Վարդանանց եկեղեցի կը յաճախէր։ Անոր ժպտուն դէմքն ու լաւատես բնաւորութիւնը միշտ ժպիտ եւ դրական ոգի կը յառաջացնէին իր շրջապատին մէջ։
 
Թող իր ազնիւ հոգին խաղաղութեամբ հանգչի լուսոյ խորաններուն մէջ եւ իր յիշատակը վառ մնայ մեր սրտերուն մէջ առյաւէտ։ 

ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ
Կիրակի, Մայիս 31ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ուստըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։
Հայց. Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, այսօր՝ Սուրբ Յարութեան ութերորդ Կիրակին, ծանօթ է Հոգեգալուստ, նաեւ Պենտեկոստէ անուններով, երբ կ՚ոգեկոչենք Սուրբ Հոգիի Գալուստը եւ էջքը առաքեալներուն վրայ, համաձայն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խոստումին, որով մարդկային մտքին համար անըմբռնելի կերպով անոնք վերստին ծնան՝ ամբողջութեամբ նոր մարդիկ դարձան, նոր անհատականութեամբ ու կարողութիւններով, երբ Համբարձումէն տասը օրեր ետք Վերնատան մէջ միասիրտ եւ միախորհուրդ կ՛աղօթէին: Շարականագիրին բառերով Առաքեալները «հրազինուեցան» եւ անպատմելի զօրութիւն մը զգացին իրենց մէջ, որուն շնորհիւ Պօղոս Առաքեալի բառերով երկրաւոր ո՛չ մէկ ոյժ կրցաւ զիրենք բաժնել Քրիստոսի սէրէն (Հռ 8.38): Անոնք աւելի միացած զգացին Քրիստոսի քան այն երեք տարիները որ ցերեկ ու գիշեր անցուցին միասին, լսեցին Անոր վարդապետութիւնները եւ ականատես եղան անթիւ ու անհամար հրաշագործութիւններուն:

Արդարեւ, ինչպէս խաւարէն դուրս եկող անձ մը արեւի լոյսն ու բարիքները կը վայելէ, նմանապէս Սուրբ Հոգիով լեցուիլ կը նշանակէ Աստուծոյ բացուիլ եւ Անոր լոյս շնորհքով ողողուիլ, մշտական նորոգուիլ, եւ ինչպէս շարականագիր վարդապետը կ՛երգէ՝ «Ծովուն մէջէն ցամաքով կը քալենք»: Աստուածային այս պարգեւի ստացման առանձնաշնորհման անդրանիկ պտուղը կ՛ըլլայ այն, որ Պետրոս Առաքեալ՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած, ինքնաբուխ կերպով Քրիստոնէական հաւատքի անդրանիկ ճառը, քարոզը կը խօսի եւ կը գրաւէ բազմաթիւ երկիրներէ Երուսաղէմ այցելած ուխտաւորներու սրտերը, որոնցմէ երեք հազար հոգիներ Քրիստոնեայ կը դառնան:

Այնուհետեւ, Լոյսի հաւատքի տարածումը ծայր կ՚առնէ ալիք առ ալիք՝ աշխարհի չորս ծագերուն, մինչեւ մեր օրերուն, եւ շարունակուելով մինչեւ աշխարհի վախճանը:

Քրիստոսի ծնունդը եթէ համեստ կերպով մսուրի մէջ հովիւներու յայտնուեցաւ՝ կէս գիշերին, իսկ յարութիւնը ալ աւելի լուռ կերպով արշալոյսի առաջին պահերուն՝ գերեզմանին վրայ աչալուրջ կերպով հսկող զինուորներու ներկայութեան, սակայն Հոգեգալուստը օր ցերեկով վկայուեցաւ բազմահազար մարդոց կողմէ, որուն մասին կը կարդանք Գործք Առաքելոցի երկրորդ գլխուն մէջ: Սա արդէն ամենէն տոկուն, շօշափելի երաշխիքն է աստուածային ծրագրի մը հանգրուանային յայտնութեան, որուն առջեւ ամէնքս միայն ու միայն կը խոնարհինք եւ միայն ու միայն փառք կուտանք ստեղծագործ Աստուծոյ եւ մեր երկնաւոր Հօր: Այժմ անդրադառնանք Հոգեգալուստի տօնին էութեան մասին հետեւեալ երեք կէտերոն մէջ.-

ա. Պենտեկոստէի տօնը Հին Կտակարանին մէջ Աստուծոյ յանձնած Օրէնքի ստացումն էր Մովսէս մարգարէին կողմէ: Քրիստոսի խօսքը, թէ «Ես եկայ ո՛չ թէ լուծելու օրէնքը, այլ՝ ամբողջացնելու», առաւել եւս կը յստականար որ ո՛չ միայն Հին Կտակարանի մէջ յայտնուած օրէնքը այլ նաեւ տօները կը գտնէին իրենց գերագոյն լրումն ու իմաստը, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «այդ բոլորը գալիք իրականութեանց շուքն են, իսկ իրականութիւնը Քրիստոսի մէջ է» (Կող 2.17): Արդարեւ, Պենտեկոստէով՝ եթէ հին օրէնքի ստացումը կը տօնուէր, իսկ Հոգեգալուստով Սուրբ Հոգիով օծուն՝ Քրիստոսի նոր օրէնքը սեփականութիւնը կը դառնար ո՛չ միայն ազգի մը, այլ համայն մարդկութեան: 

բ. Քրիստոսի ուսուցումը հոյակապ է ո՛չ միայն որպէս աստուածաբանութիւն, այլ նաեւ բիւրեղեայ ճշմարտութիւն, որ կը յայտնաբերուի կեանքի իւրաքանչիւր քայլին: Այսպէս, մեր Տէրը Նիկոդեմոս անուն հրեայ իշխանի մը հետ երկխօսութեան ատեն հետեւեալը կը յայտնէ. «Եթէ մէկը վերստին չծնի, չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը … որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի» (Յհ 3.2,6): Առաքեալները այս խորհուրդ խորին՝ հոգեւոր վերածնունդի անդրանիկ վկաները եղան: Արդարեւ, Պետրոս առաքեալ, որ երիցս ուրացաւ ե՛ւ իր ինքնութիւնը ե՛ւ իր Տէրը, որ կասկածեցաւ Իւղաբեր կիներուն կողմէ յարութեան բարի լուրին, եւ Տիբերիոյ ծովափին՝ աշխարհիկ հոգերու մէջ մխրճուած չճանչցաւ իր հետ խօսող յարուցեալ Քրիստոսը, Սուրբ Հոգիով վերստին ծնելով, իրաւ որ որպէս նոր մարդ, պարծանքով իր ինքնութիւնը յայտնեց աշխարհին՝ անվեհեր քարոզելով յարուցեալ Քրիստոսը:

գ. Հոգեգալուստի օրը Պետրոս Առաքեալի ճառին արդիւնքը իրեն համար իսկ զարմանահրաշ էր: Որպէս ձկնորս անիկա վարժ էր երբեմն գոհացուցիչ եւ երբեմն ապարդիւն անցընել երկար գիշերներ ծովուն բացերը ծփացող ձկնորսկան իր նաւով: Երեք հազարի քրիստոնէական հաւատքը ընդունելուն ականատես ըլլալով, իր հաւատքը առաւել եւս արմատաւորուեցաւ ու ամրացաւ, թէ անկարելի բաներ Աստուծմով կարելի կը դառնան: Աւելի՛ն. Քրիստոսի խօսքերը ո՛չ միայն որպէս լսող ու քարոզող, այլ ապրող եղաւ, եւ ըստ աւանդութեան, ան արժանի չնկատելով ինքզինք իր Վարդապետին պէս խաչուիլ, ուզեց որ գլխիվայր խաչուի:
    
Հոգեգալուստը որպէս եկեղեցւոյ պատմութեան հիմնական դարձակէտ, մեր կեանքը առանցքաւորող հիմնական ներկայութիւն դարձնելու նպատակաւ, կ՚ուզեմ հետեւեալ երեք կէտերը ձեզի հետ բաժնել.

ա. Հին եւ Նոր Կտակարանները անքակտելի միութիւն կը կազմեն եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն: Այս իմաստով երբ բաղդատական ընենք Հին Ուխտին Բաբելոնի աշտարակին, որ կոթողական խորհրդանիշը կը մնայ մարդկութեան Աստուծոյ դէմ ըմբոստացումին եւ ուրացումին, որուն հետեւանքով յառաջացաւ մարդկային ցեղի տարտղնումը, փոխադարձ անհասկացողութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, եւ միւս կողմէ գեղեցիկ հակապատկերով, Հոգեգալուստի ընդմէջէն Աստուծոյ սիրով՝ իրարմէ հեռացածներու միաւորումը, կ՚անդրադառնանք, որ ներքին անտեսանելի կապ մը կը զօդէ տիեզերքի սկիզբէն մինչեւ երկրորդ Գալուստ շատէն քիչը արձանագրուած դէպքերը, ինչպէս կը վկայէ Յովհաննէս Առաքեալ (Յհ. 21.24): Ըստ այնմ, տարբեր ժամանակներու պատահած երկու դէպքերուն ընդմէջէն Պօղոս Առաքեալի խօսքին համաձայն մենք եւս կը վկայենք, որ «Աստուածաշունչի գրքերը օգտակար են» (2 Տիմ 3.16), որոնք մեր հոգիի աչքերը կը բանան որպէսզի մեր կեանքին մէջ յստակ նպատակ տեսնենք եւ աստուածային ծրագրի իրականացումով լեցնենք մեր ամէն մէկ օրը:

բ. Սուրբ Հոգիի ներգործութիւնը ո՛չ մէկ կասկած որ մարդկային մեր ըմբռնումէն վեր է, ինչպէս կը վկայեն անխտիր Եկեղեցւոյ Հայրերը: Այսուհանդերձ, հաստատ կրնանք ըսել որ անոր բարիքները ճշմարիտ են՝ տեսանելի ու շօշափելի բոլոր այլ իրականութեանց պէս: Արդարեւ, Առաքեալները միայն ու միայն Սուրբ Հոգին ստանալէ ետք ամբողջական կերպով վերապրեցան եւ հասկցան Քրիստոսի խօսքերուն էութիւնր, վաւերականութիւնը եւ իմաստը, ինչպէս Յովհաննէս Առաքեալ ի՛նք իսկ կը վկայէ. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի» (Յհ 15.26): Արդարեւ, որքան որ մեր մարդկային իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը թանկագին են, որպէս աստուածային անգնահատելի պարգեւ, այսուհանդերձ Սուրբ Հոգիո՛վ միայն առաքեալներու նման կրնանք վերստին ծնիլ ու նոր մարդ դառնալ, եւ աստուածային խորհուրդներուն ու ծրագիրներուն տեղեակ ըլլալ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ «մենք ո՛չ միայն երեւելի բաները գիտենք, այլ նաեւ աներեւոյթները» (Բ Կր 4.18):  

գ. Սուրբ Հոգիի օրհնութիւնները անթիւ ու անհամար են: Ան հովիւները մարգարէ ու թագաւոր կ՚ընէ, ձկնորսները՝ փառաց թագաւորին պատգամաբերները, Խոր Վիրապի մէջ մահուան դատապարտուածները՝ Լուսաւորիչներ, մեղաւորները՝ արդարներ, երկրայինները՝ երկնայիններ: Սուրբ Հոգին ո՛չ միայն անցեալին, այլ բոլոր ժամանակներուն կը գործէ, ինչպէս Յովէլ մարգարէն կ՛ըսէ. «Իմ Հոգիս պիտի հեղում բոլոր մարդոց վրայ. ձեր զաւակներն ու դուստրերը պիտի մարգարէանան, տարեցները երազներ, իսկ երիտասարդները տեսիլքներ պիտի ունենան» (Յովէլ 2.28): Ահ թէ ինչու ամէն անգամ որ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանենք, մեր Հաւատոյ Հանգանակին մէջ կը խոստովանինք, թէ «Սուրբ Հոգին խօսեցաւ Օրէնքին, Մարգարէներուն եւ Աւետարանին ընդմէջէն: Ան իջաւ Յորդանան գետ (Մկրտուող Յիսուսի վրայ), Առաքեալներուն վրայ (Վերնատունը Պենտեկոստէի օրը), եւ բնակեցաւ սուրբերուն մէջ», այլ խօսքով իւրաքանչիւր հաւատացեալի մէջ որ Քրիստոսով կ՛ապրի: Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր առօրեայ կեանքին մէջ Սուրբ Հոգիի անմիջական բարիքներուն, որոնցմով կը հարստանանք մարմնով, մտքով ու հոգիով, դարձեալ Պօղոս Առաքեալ այնքան իրաապաշտ եւ ցանկալի պատկերացումով կ՛երաշխաւորէ Անոր ներկայութիւնը, ըսելով՝ «Սուրբ Հոգիին արդիւնքներն են՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, ազնուութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն», որոնց այքան կարիքը ունի մարդկութիւնը, մանաւանդ այս օրերուն, ինչպէս անապատի չոր ու ցամքած աւազները՝ երկնապարգեւ անձրեւին:

Ուստի, Քրիստոսով սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, գիտնալէ ետք, որ Աստուած Սուրբ Հոգիի միջոցաւ առատապէս կը բաշխէ այս եւ աւելի բարիքներ, ներկայ եւ հանդերձեալ կեանքի մէջ, Առաքեալներուն նման յաղթահարենք կեանքէն մեզի հրամցուցած ամէն դառնութեանց, գօտեպնդուինք Իրմով, մանաւանդ մերօրեայ ճնշիչ եւ յուսահատեցուցիչ տագնապալից այս շրջանին, եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը յաւիտեանս. Ամէն:

ԿԱՐԳ ՄԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ԱՐԴԷՆ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԱԾ ԵՆ
Կիրակի, 31 Մայիսին, հետեւելով նահանգային իշխանութիւններու կողմէ ցուցմունքներուն, Արեւելեան Թեմի կարգ մը եկեղեցիներ վերաբացուեցան՝ հաւատացեալներու առողջութիւնը ապահովելու կոչուած անհրաժեշտ միջոցները առնուելէ ետք։ Այդ եկեղեցիներն են՝ Ս. Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Ս. Վարդանանց (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), Ս. Երրորդութիւն (Ուստըր, Մասաչուսեթս), Ս. Աստուածածին (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսեթս), Ս. Գրիգոր (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսեթս) եւ Ս. Գրիգոր (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս)։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12ԻՆ
Տասնամեակներէ ի վեր, Ազգ. Առաջնորդարանը կը հովանաւորէ տարեկան վիճակահանութիւն մը՝ ի նպաստ իր դաստիարակչական եւ կրօնական ծրագիրներուն։ Սովորաբար, թիւերը կը քաշուին Մայիսին՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի աւարտին։ Այս տարի, սակայն, պսակաձեւ ժահրի համավարակը բռնկեցաւ, երբ վիճակահանութեան տոմսերու վաճառքը ընթացքի մէջ էր, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը, որ սկզբնապէս Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած էր, յետաձգուեցաւ։
 
Ուրախ ենք յայտնելու, որ վիճակահանութեան նոր թուականը ճշդուած է Սեպտեմբեր 12ին։ Գլխաւոր մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակներ ալ պիտի ըլլան՝ 1.000ական տոլար արժողութեամբ։ Այսուհանդերձ, ինչպէս սովոր ենք ըսել, այս վիճակահանութեան մէջ բոլորս կը շահինք, քանի որ ամբողջ գումարը կը նպաստէ Առաջնորդարանի ծրագիրներուն։ Վիճակահանութեան տոմսերը 100 տոլար են։ Տեղեկութիւններու, ինչպէս եւ տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ կապուիլ Առաջնորդարանի գրասենեակին հետ ( [email protected] կամ 212-689-7810) ։  
«ԱՌՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»Ը՝
ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՁԳՏՈՒՄ
Գերաշնորհ Սրբազան Հայր,

Ողջոյններ Նիւ Պեռնէն (Հիւսիսային Գարոլայնա)։ Ուզեցի այս երկտողը ղրկել ձեզի՝ շնորհակալութիւն յայտնելու մեր հոգեւորականներուն հոյակապ «Առօրեայ խորհրդածութիւններ»ուն համար։ Ի՜նչ լաւ ձեւ պատգամ մը հաղորդելու եւ մեր թեմի բոլոր եկեղեցականներուն ծանօթանալու։

Աւելի քան 65 տարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Ուաշինկթըն) անդամ եղած եմ, մինչեւ որ կինս՝ Միշէլ, ու ես գրեթէ երկու տարի առաջ տեղափոխուեցանք Նիւ Պեռն (Հիւսիսային Գարոլայնա)։ Նոր եկեղեցի մը գտած ենք՝ Christ Episcopal Church, Քրիստոսի հետ մեր ճամբորդութիւնը շարունակելու համար։

Շատ պիտի ուզէի սենեակը եղած ըլլալ, երբ ղեկավարութիւնը որոշեց այս խորհրդածութիւնը նաեւ անգլերէնով կատարել։ Այն փաստը, որ անգլիախօս հայերը երկար ժամանակ անտեսուած են, ինծի լաւատեսութիւն կը ներշնչէ ձեր ընտրած ուղղութեան նկատմամբ։

Կը ներփակեմ չէք մը։ Հաճեցէք գործածել կրօնական դաստիարակութեան համար՝ ինչպէս որ յարմար դատէք։ Անգամ մը եւս, շնորհակալ եմ այս համարձակ նախաձեռնութեան համար՝ Յիսուս Քրիստոսը աւելի մօտեցնելու հաւատացեալներուն։

Յարգանքներով՝
ՓԻԹԸՐ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 7 ՅՈՒՆԻՍ
Ա. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
Գ. Թագ. 18:29-46, Դ. Թագ. 2:1-15

ՅԱԿՈԲՈՍ 5:16-20
 
Հետեւաբար ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք. որովհետեւ արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ’օգնէ: Եղիա մեզի նման կիրքերու ենթակայ մարդ էր. բայց երբ աղօթեց որ անձրեւ չգայ, երեքուկէս տարի չանձրեւեց երկրի վրայ: Ապա դարձեալ աղօթեց, եւ երկինքը անձրեւ տեղաց ու երկիրը իր բերքը տուաւ:
 
Եղբայրնե՛րս, երբ ձեզմէ ոեւէ մէկը ճշմարտութեան ուղիէն մոլորի, եւ ուրիշ մը յաջողի զայն վերադարձնել, գիտցէք՝ թէ մեղաւորը իր մոլար ճամբէն դարձնողը թէ՛ անոր հոգին մահուընէ կը փրկէ եւ թէ՛ իր բազմաթիւ մեղքերուն թողութիւն կը գտնէ:
 
ՂՈՒԿԱՍ 4:25-30
 
Ձեզի օրինակներով խօսիմ: Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ այրիներ կային Եղիայի օրերուն, երբ երեքուկէս տարի երկինքը չանձրեւեց եւ ամբողջ երկրին մէջ սաստիկ սով տիրեց: Բայց Եղիա անոնցմէ ոեւէ մէկուն չղրկուեցաւ, այլ ղրկուեցաւ Սիդոնի մօտիկ Սարեփթա գիւղը բնակող այրի կնոջ մը: Նոյնպէս, Եղիսէ մարգարէի օրերուն Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ բորոտներ կային, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը բժշկուեցաւ, այլ միայն Նէեման անունով Ասորի մը:
 
Այս ակնարկութիւնները լսելով՝ ժողովարանին մէջ գտնուողները բարկութեամբ լեցուեցան: Ելան, Յիսուսը քաղաքէն դուրս հանեցին եւ, գահավէժ ընելու նպատակով, զայն տարին մինչեւ կատարը այն լեռան, որուն վրայ շինուած էր իրենց քաղաքը: Բայց Յիսուս անոնց մէջէն անցաւ գնաց:

ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ
Այս Կիրակի, 7 Յունիս, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշէ Եղիան՝ Հին Կտակարանի մեծագոյն մարգարէներէն մէկն է (Գ. եւ Դ. Թագաւորներու գիրքեր)։ Այլակերպման ժամանակ երեւցած է Մովսէսի հետ որպէս կեանքի եւ նոր ուխտի մարգարէ։ Արեւելեան բոլոր եկեղեցիներուն նման, Հայ Եկեղեցին մեծ յարգանք կը տածէ Եղիա մարգարէի հանդէպ։ Եղիա չէ մահացած, այլ երկինք վերափոխուած է՝ Աստուածամօր պէս։ Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին երգուող «Ի վերին Երուսաղէմ» շարականին մէջ, Եղիա մարգարէ հետեւեալ ձեւով կը յիշուի.
 
«Ի վերին Երուսաղէմ ի բնակարանս հրեշտակաց, ուր Ենովք եւ Եղիաս կան ծերացեալ աղաւնակերպ, ի դրախտին եդեմական պայծառացեալ արժանապէս. ողորմած Տէր, ողորմեա հոգւոցն մեր ննջեցելոց»
(Ընդունէ՛ մեզ վերին Երուսաղէմի մէջ, որ հրեշտակներու բնակարանն է, Եդեմի դրախտը, ուր Ենովք եւ Եղիա աղաւնիի անբծութեամբ վայելչապէս պայծառացած՝ հինէն ի վեր կը գտնուին։ Ողորմա՜ծ Տէր, ողորմէ՛ մեր ննջեցեալներու հոգիներուն)։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԵՒ ԳԱՅԻԱՆԷ ԿՈՅՍԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԸՆԿԵՐԱԿԻՑՆԵՐԸ 
Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի, 8 եւ 9 Յունիսին, Հայ Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Հռիփսիմէ եւ Գայիանէ սուրբ կոյսերն ու անոնց ընկերուհիները։ Գայիանէի գլխաւորութեամբ՝ 33 կոյսեր Հռոմը լքեցին եւ Հայաստան ապաստան գտան, խոյս տալով հռոմայեցի կայսրէն, որ կը ցանկար կոյսերէն մէկուն՝ գեղանի Հռիփսիմէին։ Հայոց Տրդատ թագաւորը, իր կարգին, Հռիփսիմէի գեղեցկութենէն գերուած, ուզեց ամուսնանալ անոր հետ։ Մերժուելով, զայրացած թագաւորը Հռիփսիմէն եւ միւս կոյսերը բանտարկել ու չարչարել տուաւ մինչեւ մահ։
 
Երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն դուրս ելաւ, մատուռներ կառուցեց կոյսերու աճիւններուն վրայ, որոնք նորոգուեցան Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին կողմէ՝ 4րդ դարու վերջերուն։ Կոմիտաս կաթողիկոսի կողմէ 7րդ դարուն շինուած Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին գլուխ գործոց մը կը համարուի, որ հայկական ճարտարապետութեան հետագայ ընթացքին վրայ ազդած է։ Կաթողիկոսը նաեւ շարական մը գրած է կոյսերուն յիշատակին՝ քաջածանօթ «Անձինք նուիրեալք»ը։
 
Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Գայիանէ եկեղեցիները, ինչպէս եւ Ս. Շողակաթ եկեղեցին, կը գտնուին Վաղարշապատ քաղաքը, ոչ հեռու՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համալիրէն, որ ԻՒՆԵՍՔՕի կողմէ «Աշխարհի ժառանգութեան» վայր նշանակուած է։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՌՑԱՆՑ
Շաբաթ օրերուն, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-2:30, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, վեց մասերէ բաղկացած Սուրբ Գիրքի առցանց սերտողութիւն մը կը վարէ։ Սերտողութիւնը նուիրուած է Քրիստոսի Յարութեան յաջորդող երեւումներուն, ըստ Նոր Կտակարանի նկարագրութիւններուն։ Հինգերորդ նիստին արձանագրուելու համար, հաճեցէք ձեր անունը, ել-նամակի հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը ղրկել Շանթ Սարկաւագին։
«ՏԱԹԵՒ» ԼՍԱՐԱՆԻՆ ԱՌՑԱՆՑ ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԷՔ
Ազգային Առաջնորդարանի «Տաթեւ» լսարանը Zoom-ով տեղի պիտի ունենայ այս ամառ՝ Երկուշաբթի, 29 Յունիսէն մինչեւ Ուրբաթ, 3 Յուլիս:
 
13-18 տարեկան պատանիներու համար ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ ամէն առաւօտ ժամը 11:00-12:00 (արեւելեան ժամով) եւ պիտի ներառնէ խտացուած դասախօսութիւններ եւ քննարկումներ կրօնական նիւթերու շուրջ։
 
Մասնակցողները կրնան արձանագրուիլ այս անվճար դասընթացքին ղրկելով հարկ եղած տեղեկութիւնները (անուն, մականուն, բջիջային հեռաձայնի թիւ, ել-նամակի հասցէ եւ ծննդեան թուական) [email protected] հասցէին, որպէսզի ղրկենք Zoom-ի անհրաժեշտ կապը՝ նիստերուն հետեւելու համար։

Հարցումներու պարագային, գրեցէք Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանին վերի հասցէին կամ հեռաձայնեցէք (212) 689-7810 թիւին։

«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  
 
Այս շաբթուան նամակին հեղինակը՝ Էմմանուէլ, կը հովանաւորուի Անի Եսայեանի կողմէ։    

«Բարեւ ձեզ, յարգելի բարեկամ՝ Անի Եսայեան,

Սրտանց ողջունում ենք Ձեզ եւ ձեր ընտանիքի բոլոր անդամներին։

Յարգելի Անի Եսայեան, ես լաւ եմ, սովորում եմ ութերորդ դասարանում։ Բաւականին բարդացել են առարկաները, բայց ես աշխատում են լաւ սովորել։ Շատ եմ սիրում քիմիա ն ու ֆիզիկա ն։

Յաճախում եմ նաեւ «Թումօ» կենտրոն։ Առողջական խնդիրներս նոյնն են։

Սրտանց շնորհակալ եմ այն ամէնի համար, ինչ դուք անում էք։

Մաղթում եմ ձեզ ամենայն լաւը՝ քաջառողջութիւն, երկար տարիների կեանք եւ անամպ երկինք։

Ձեզ սիրով յիշող՝ Էմմանուէլ, Անուշ»։

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ՍՊԱՍՈՂ ՈՐԲԵՐ
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.
 
ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։
 
բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։           
 
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել (այժմ աւելցած են, դժբախտաբար, պսակաձեւ ժահրի զոհերու զաւակներ), կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( [email protected] ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել վարի կապին վրայ։     

ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
«ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
ԿԸ ԴԻՄԱՆԱՅ՝ ՓՈՐՁԱՆԱՒՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄԸ»  
Այսպէս կը գրէ Կլենվիւի (Իլինոյ) շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի՝ տիկին Թալին Արթինեանը, աւելցնելով.

  «Պարոյր Սեւակի “Մեր ժառանգութեան մեծագոյն գանձը մեր լեզուն է” խօսքով ներշնչուած Դանիէլ Վարուժան վարժարանը կը շարունակէ իր վեհ գործը պսակաձեւ ժահրի համավարակի օրերուն։ Ան չկրցաւ խանգարել մեր ուսուցիչներու եւ ուսանողներու ուսումնական կեանքի ընթացքը։ Իբրեւ Եղեռնի վերապրողներու շառաւիղներ, շատ լաւ գիտենք ինչպէ՞ս դիմանալ եւ յարատեւել ․․․ »։

Դպրոցին ուսուցիչները, ծնողներն ու աշակերտները անմիջապէս գտան գործակցելու եւ հայոց լեզուն ու ոգին կենդանի պահելու ձեւերը։ Գործնական դասեր տեղի ունեցան ել-նամակի, Zoomի, Whatsappի եւ YouTubeի միջոցով։
Յաճախ աշակերտները իրենց ընթերցումները արձանագրած, ուրիշներ՝ իրենց ստացած պարտականութիւնները կատարած կ՚ուղարկէին դասատուներուն, թելադրուած եղանակները կ՚ունկնդրէին, իրենց ծնողներուն ուղղուած նամակներ ու բացիկներ կը գրէին։

Դպրոցական տարին աւարտեցաւ Շաբաթ, 16 Մայիսին, առանց աւանդական հանդէսի, առանց մրցանակաբաշխութեան եւ շրջանաւարտից հանդիսութեան։ Յամենայնդէպս, կը նախատեսուի դպրոցին բացումը տօնել աշնան՝ մրցանակաբաշխութեան միացնելով մանկապարտէզի եւ եօթներորդ դասարանի աշակերտներուն շրջանաւարտութեան հանդէսը։

«Մեր հպարտութիւնն ու երջանկութիւնը մեր աշակերտներուն ձեռք բերած յաջողութիւններն են», կ՚եզրափակէ տիկին Արթինեան, ինչպէս ցոյց կու տան կցուած տեսերիզները։

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՄԱՅԻՍ 30Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
«Սիամանթօ» լսարանի Zoom-հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 30 Մայիսի առաւօտեան։

Օրուան դասախօսը պատմաբան դոկտ Խաչիկ Մուրատեանն էր, որ կը դասախօսէ Գոլումպիա համալսարանին մէջ։ Ան իւրայատուկ ճկունութեամբ պատանիները կապեց իր նիւթին, որ այնքան հարուստ կողմեր ունէր։ Դոկտ Մուրատեան խօսեցաւ պատմութեան, մշակոյթի, ազգային ինքնութիւնը պահպանելու եւ փոխանցելու ու օտարներուն ծանօթացնելու մասին, սակայն առանց քարոզչութեան։ Դասախօսին կեանքին հարուստ կողմերուն զուգահեռ, հարստացուցիչ էր նաեւ անոր խօսքը, որ ժամէ մը աւելի առինքնեց մեր պատանիները։

«Սիամանթօ» լսարանին յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 13ին։ 
«ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ»
ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
(Ա., Բ., Է., Ը. հատորներ)
Հռչակաւոր վիպագիր եւ գրական քննադատ Յակոբ Օշական (1883-1948) իր կեանքի վերջին տարիներուն գրած է կոթողական «Համապատկեր»ը, որուն տասը հատորներէն միայն առաջինը լոյս տեսած է անոր ողջութեան։ Հեղինակը «արեւմտահայ գրականութեան վէպ» կոչած է իր գործը, ուր ներկայացուցած է 1850-1915 ժամանակաշրջանի մեծ ու փոքր բազմաթիւ դէմքեր, վերջին հատորը վերապահելով ինքնավերլուծումի։ 1979-1982ին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հրատարակած է վերջին չորս հատորները, իսկ 2015-2019ին Կաթողիկոսարանի «Գէորգ Մելիտինեցի» հիմնադրամը վերահրատարակած է առաջին վեց հատորները, որոնք 1945-1968ին լոյս տեսած էին Երուսաղէմի եւ Պէյրութի մէջ։

Այս գիրքերը տրամադրելի են  Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք  [email protected]   հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
ԵՐՈՒԱՆԴ ՈՍԿԱՆ (մահ՝ 10 Յունիս, 1914)
Քանդակագործ ու նկարիչ Երուանդ Ոսկան Թուրքիոյ առաջին քանդակագործը կը նկատուի։

Ծնած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, 1855ին։ Հայրը բանաստեղծ Յակոբ Ոսկանն էր (1824-1907)։ Ծննդավայրի կաթողիկէ Մաքրուհեան վարժարանը (Պէշիկթաշ) յաճախելէ ետք, հօր նման ուսանած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը, զոր աւարտած է 1872 ին, իսկ հինգ տարի ետք Հռոմի Գեղարուեստի Ակադեմիայէն շրջանաւարտ եղած է։ 1878ին Փարիզ մեկնած է՝ կատարելագործելու իր արուեստը։ Մասնակցած է նոյն տարին ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային ցուցահանդէսին, արժանանալով երկու արծաթէ մետալներու։ 1881ին վերադարած է Կ. Պոլիս։

Ոսկանի ստեղծած իրապաշտ կերպարները կը բնորոշուին հոգեբանական խորութեամբ։ Հիմնականին անոր գործերը կեդրոնացած են յատուկ նիւթերով քանդակներու ( « Դափնէ », « Ռազմիկներ ու աստուածուհիներ », « Աղախինը », « Զէյպէկ կնոջ պարը », « Զէյպէկի թուրով պարը » ) եւ դիմաքանդակներու վրայ («Օսման Համտի պէյ » , «Տիգրան Չուխաճեան», « Ինքնադիմաքանդակ » Այս գործերէն մէկ քանին պահպանուած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին եւ Երեւանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին մէջ։

Զբաղած է նաեւ նկարչութեամբ։ Նկարչական գործերէն երկու նմոյշ՝ «Հօրը դիմանկար» եւ «Թուրը սրել տուող զէյպէկ», պահպանուած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ։

1883ին Ոսկան հիմնած է Պոլսոյ գեղարուեստի ուսումնարանի (այժմ՝ Գեղարուեստի պետական ակադեմիա) քանդակագործութեան բաժանմունքը, ուր դասախօսած է մինչեւ 1908։ Ոսկան եւ թուրք նկարիչ ու հնագէտ Օսման Համտի պէյ (1842-1910), որ գեղարուեստի ուսումնարանի հիմնադիր տնօրէնն էր, միասնաբար պեղած են Նեմրութ լեռը, ուր կը գտնուի Կոմմագենէի թագաւոր Անտիոքոս Ա. Երուանդունիի (Ք.Ա. 69-34) կառուցած դամբարան-սրբավայրը (1883), ինչ որ հանդիսացած է Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին հնագիտական պեղումը՝ տեղական խումբի մը կողմէ։ Անոնք 1878ի եւ 1887ի միջեւ նաեւ միասնաբար պեղած են այսպէս կոչուած Աղեքսանդրի դագաղը (sarcophagus) Սիտոնի մէջ (այժմ՝ Սայտա, Լիբանան), իսկ Ոսկան եղած է դագաղին գլխաւոր վերականգնողը, գործակցելով Օսման Համտիի ղեկավարած հնագիտական թանգարանին։

Երուանդ Ոսկան Պոլսոյ եւ նոր շրջանի հայ առաջին արհեստավարժ քանդակագործը եղած է։ Անոր աշակերտած են թուրք յայտնի քանդակագործներ Մ. Իհսան (1867-1944) եւ Մ. Թոմրուկ (1884-1949)։ 1885ին եւ 1904ին կայսերական մետալներ ստացած է իբրեւ գնահատանք իր գործունէութեան։ 1885ին նաեւ մետալ ստացած է գերմանական կառավարութեան կողմէ։ 

Ոսկան իր մահկանացուն կնքած է 10 Յունիս, 1914ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
ՕԳՆԵՑԷ՛Ք ԱՅՍ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԻ ԼՈՒԾՄԱՆ
Աւելի տխուր բան չկայ, քան հանդիպիլ հին լուսանկարի մը, որ որեւէ բացատրագիր չունի։ Դժբախտաբար, Ազգային Առաջնորդարանի արխիւին շատ են նմանօրինակ լուսանկարները։ Ժամանակ առ ժամանակ անոնցմէ նմոյշներ պիտի ներկայացնենք, այն յոյսով, որ մեր ընթերցողներէն մէկը կրնայ օգնել առեղծուածը լուծելու։ Գաղափար չունինք թէ ո՞վ յանձնած է այս նկարը մեզի, ոչ ալ գիտենք թէ ե՞րբ կամ ինչո՞ւ։ Լուսաննկարին ետեւը ընդամէնը հայերէն ձեռագիր գրութիւն մը կայ՝ «Հալէպ 1920»։ Շատ ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ որեւէ տեղեկութիւն ստանանք, որ օգնէ պարզելու լուսանկարուածներուն ինքնութիւնը եւ լուսանկարին առիթը։ Կը խնդրենք, որ ձեր մտածումները յղէք մեզի [email protected]   հասցէին։ Թէեւ անցեալ տարի սկսած էինք թուայնացնել մեր բոլոր լուսանկարները, համավարակը ընդհատեց այս անհրաժեշտ ու արդէն ուշացած աշխատանքը։ Կը յուսանք, որ շուտով կը կարողանանք վերադառնալ անոր իրագործումին։

ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Նկատի ունեցէք, որ տուեալ շաբաթը հրատարակուելիք նիւթերը՝ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր, պէտք է մեր ձեռքը հասած ըլլան մինչեւ Երեքշաբթի երեկոյ։  
 
Ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները հաճոյքով կը հրատարակենք։ Մեր հասցէն՝ [email protected]։

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
9 Մայիս-13 Յունիս —Ս. Գիրքի սերտողութիւն՝ Zoomի միջոցով։ Կը ներկայացնէ՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն, Շաբաթ օրերը, ժամը 2:00-2:30ին։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

13-16 Մայիս —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը։

13 Յունիս «Սիամանթօ» լսարանի առցանց հանդիպում, ժամը 10:30ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ ( [email protected] կամ 212-689-7810)։
 
29 Յունիս—3 Յուլիս —Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագիր՝ առցանց։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
 
26-27 Սեպտեմբեր —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
 
17 Հոկտեմբեր (ՋՆՋՈՒԱԾ) Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ «Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ»ու կողմէ։
 
15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/