5 Սեպտեմբեր, 2019
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՒ ՅՈԲ ԵՐԱՆԵԼԻ 
Այսօր՝ Հինգշաբթի, 5 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Ս. Յովհաննէս Կարապետը եւ Յոբ Երանելին։ Յովհաննէս, որ ծանօթ է Կարապետ եւ Մկրտիչ մակդիրներով, ընդունուած է իբրեւ Մեսիայի նախակարապետը։ Յոբ բարի եւ ուղղամիտ անձ մըն է, որ կը դիմագրաւէ իրերայաջորդ աղէտներ, բայց կը դիմանայ բոլորին։ Կարդացէ՛ք անցեալ շաբթուան “Crossroads”ը՝ Ս. Յովհաննէսի եւ Յոբի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար։ 
«ՏՈՐԻԱՆ» ՓՈԹՈՐԻԿԸ ՈՉՆՉԱՑՈՒՑ ՊԱՀԱՄԱՍԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ
Crossroads-ի այս թիւի պատրաստութեան ատեն, բնութեան գործած աւերներուն փաստը անգամ մը եւս ունեցանք, մինչ «Տորիան» անուանուած 5-րդ մակարդակի փոթորիկը, որ Ատլանտեանի կողմ հասած ցարդ ամենէն ուժեղ փոթորիկներէն մէկն է, դանդաղօրէն կը ճամբորդէ ամերիկեան ծովափն ի վեր՝ երկու օր շարունակ անխնայ հարուածելէ ետք Պահամաս կղզիներու հիւսիս-արեւմտեան շրջանները: Այս պահուն լիարժէք տեղեկութիւն չունինք քանդման չափերուն մասին, բայց գիտենք, որ տուժած տարածաշրջանի բնակիչները հսկայ օժանդակութեան կարիքը պիտի ունենան։ Կը խնդրենք, որ իրազեկ ըլլաք եւ մտածէք նուիրատուութիւններ կատարել ձեր նախընտրած բարեսիրական հաստատութեան, ըլլայ այդ Կարմիր Խաչը, AmeriCares- ը կամ այլք:
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԷՋ
Այս Կիրակի, 8 Սեպտեմբերին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ հանդիսապետէ Ս. Խաչի թափօրին՝ Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։  

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Հ.Ե.Դ.Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը կը յղէ երիտասարդութեան 
Աւանդութեան հետեւելով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս անցեալ շաբաթավերջին ճամբորդած էր Շիքակօ, ուր Կիրակի օր պատարագեց ու քարոզեց Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ (Կլենվիւ), եւ ապա՝ աղօթքը կատարեց ու պատգամը տուաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան տարեկան ողիմպիականներու բացման։ 

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Հ. Ե. Դաշնակցութեան 86րդ ողիմպիական խաղերուն, այլ հրաւիրեալներու կողքին։ Ձախէն աջ՝ Կլենվիւի (Իլինոյ) Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Բենդէզեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Հայաստանի Հանրապետութեան Շիքակոյի պատուոյ հիւպատոս Օսքըր Թադոսեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Արամ Գալուստեան եւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի հերթապահ Ճորճ Աղճայեան։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Արեւելեան թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայ եւ նախկին երկու ատենապետներու հետ։ Ձախէն աջ՝ Ճէք Մարտոյեան՝ ներկայ ատենապետ, Անուշաւան Սրբազան Հայր, Սթիվըն Յակոբեան եւ Ռիչըրտ Սարաճեան։ 

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ
ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԷՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, վերջերս յաջողութեամբ իր աւարտին հասած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական խտացեալ դասընթացքը, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու ուսանողներու եւ երիտասարդ համալսարանաւարտներու մասնակցութեամբ։ Ծրագիրը կը ներառէր դասախօսութիւններ, կրօնական արարողութիւններ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպումներ, կլոր սեղաններ եւ տեսարժան վայրերու այցելութիւններ։

Արեւելեան թեմի տարբեր ծուխերէ մասնակցող 13 երիտասարդներն էին՝ Շանթ Եղեան , Թալին Տօնոյեան , Անահիտ Տօնոյեան , Լոռի Սիմոնեան , Միշէլ Գոլանճելօ , Անուշ Քրաֆեան , Անի Չօպանեան , Իզապէլ Յակոբեան , Ճուլիէթ Յակոբեան, Մարի Պիճիմենեան, Վրէժ Տաուլի , Քնար Թոփուզեան եւ Վիոլէթ Տէկիրմէնճեան։
Շարունակելով մասնակիցներու տպաւորութիւններուն հրատարակութիւնը, ստորեւ կու տանք Շանթ Եղեանի գրութենէն հատուածներ.
« Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական դասընթացքը իսկապէս աննախընթաց փորձառութիւն մըն էր։ Դասերէն շատերը՝ իրենց խորութեամբ, զիս մղեցին բոլորովին տարբեր աչքով դիտելու կարգ մը բաներ։ Յատկապէս գնահատելի էին վարդապետներուն դասերը։ Կաթողիկոսարանի կառոյցները շատ գեղեցիկ էին, իսկ Մայր Տաճարի արարողութիւններուն մասնակցութիւնը օրհնաբեր էր։ Վեհափառին հետ մեր հանդիպումները շատ իմաստալից էին, իսկ քարոզները՝ ներշնչող։

Շաբաթավերջերուն Լիբանանի տարբեր շրջաններ այցելեցինք, որոնց շարքին՝ Այնճար գիւղը, Խալիֆայի միջնադարեան ամառանոցին աւերակները եւ «Թռչնոց բոյն»ը։ Այս ճամբորդութիւնները ինծի օգնեցին տեսնելու, թէ ինչպէ՞ս Կաթողիկոսարանը կ՚օժանդակէ լիբանահայութեան, օրինակ՝ ընտանեկան անկայուն վիճակի մէջ գտնուող մանուկներու պարագային։ Նաեւ տեսայ, թէ ինչպէ՞ս Անթիլիասն ու Պուրճ Համուտը կ՛ապահովեն արեւմտահայ մշակոյթի երկարաձգումը՝ 1915ի օսմանեան գրեթէ ամբողջական բնաջնջումէն ետք։

Թերեւս ճամբորդութեանս ամենէն ընդգծելի պահը ինը մղոններու երթն էր՝ Անթիլիասէն մինչեւ Պիքֆայա, Աստուածածնի տօնի ուխտագնացութեան ընթացքին։ Ասիկա եզակի ու գեղեցիկ փորձառութիւն մըն էր, որուն պէտք էր գումարել Պիքֆայայի մատրան եւ ապա՝ բացօթեայ քարեղէն խորանին առջեւ տեղի ունեցած յուզիչ Սուրբ Պատարագը։

Ամառնային դասընթացքը այնպիսի ծրագիր մըն է, որ մեր Առաջնորդարանի մնայուն աջակցութեան արժանի է, որովհետեւ մեր երիտասարդութեան հրաշալի առիթ մը կու տայ՝ մեր թեմին հոգեւոր կեդրոնը տեսնելու»։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 8 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ 
ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ


ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 7:31-37
Յիսուս Տիւրոսի սահմաններէն մեկնելով, Սիդոնի վրայով անցաւ Դեկապոլիսի սահմաններէն եւ եկաւ Գալիլեայի լիճին եզերքը: Եւ ահա իրեն բերին խուլ եւ համր մարդ մը, խնդրելով որ ձեռքը դնէ անոր վրայ: Յիսուս զայն ամբոխէն հեռու՝ մէկ կողմ տարաւ, մատները անոր ականջներուն մէջ դրաւ, յետոյ թքեց եւ դպաւ անոր լեզուին: Ապա երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ.
Եփփաթա՛, որ կը նշանակէ՝ «Բացուէ՛»:
Նոյն վայրկեանին անոր ականջները բացուեցան, եւ լեզուն բացուելով՝ սկսաւ կանոնաւոր կերպով խօսիլ: Յետոյ Յիսուս պատուիրեց ժողովուրդին, որ ոեւէ մէկուն չըսեն: Սակայն ի՛նչքան ալ անիկա կը պատուիրէր որ չտարածեն, անոնք առաւել չափով կը պատմէին այս մասին: Մարդիկ ծայր աստիճան կը զարմանային եւ կ’ըսէին.
 Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ. նոյնիսկ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ:

***

Բ. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:4-16
Ուրախացուցիչը միայն Տիտոսի գալը չէր: Ուրախացանք մանաւանդ, եր բ լսեցինք թէ ի՛նչպէս գոհ մնացած էր ձեզմէ: Մեզի պատմեց՝ թէ անձկութեամբ կը սպասէք ինծի, թէ ո՛րքան ցաւած էք պատահածին համար եւ թէ ի՛նչպէս կապուած էք ինծի: Չէք կրնար երեւակայել որքա՜ն ուրախ եմ: Ճիշդ է որ նամակովս քիչ մը վշտացուցի ձեզ, բայց հիմա չեմ զղջար ըրածիս, թէպէտ գրելէս ետք զղջացեր էի. քանի կը տեսնեմ թէ այդ նամակս միայն կարճ ժամանակ մը վշտացուցեր է ձեզ: Ուրախ եմ հիմա, ո՛չ թէ ձեզ տրտմեցուցած ըլլալուս համար, այլ՝ որովհետեւ այդ տրտմութիւնը պատճառ եղաւ որ ձեր վարմունքը փոխէք: Եւ որովհետեւ ձեր տրտմութիւնը Աստուծոյ գործին ծառայեց, ես պէտք չունիմ այլեւս խստութեամբ գալու ձեզի: Աստուած երբեմն մեզ կը ցաւցնէ՝ ապաշխարութեան միջոցաւ փրկութեան առաջնորդելու նպատակով, որուն համար չենք զղջար բնաւ: Մինչդեռ աշխարհի ցաւը մահուան կ’առաջնորդէ: Արդ, տեսէք թէ Աստուծոյ պատճառած ցաւը ի՛նչպէս անտարբերութենէն դուրս բերաւ ձեզ եւ մղեց՝ որ դուք ձեզ արդարացնէք: Զայրացաք, տագնապեցաք, անձկութեամբ լեցուեցաք: Բայց յետոյ նախանձախնդրութեամբ վառեցաք եւ սխալը մէջտեղէն վերցուցիք, եւ ամէն կերպով ցոյց տուիք, թէ դուք յանցանք չունիք այդ խնդրին մէջ: Հիմա ըսեմ, թէ նախորդ նամակը գրելուս պատճառը միայն այդ յանցաւոր մարդը չէր, ո՛չ ալ անոր հայրը՝ որուն դէմ գործուեցաւ յանցանքը. այլ՝ որպէսզի յայտնուի այն հոգածութիւնը, որ փոխադարձաբար իրարու հանդէպ ունինք Աստուծոյ առջեւ: Ուստի մենք մեզ մխիթարուած կը զգանք:
Մեր զգացած մխիթարութեան վրայ Տիտոս աւելի՛ եւս ուրախացուց մեզ, ուրախութեամբ պատմելով՝ թէ ի՛նչպէս բոլորդ ալ գոհ ձգած էք զինք: Ձեզի համար պարծանքս յայտնած էի իրեն, եւ ամօթով չմնացի. եւ ինչպէս ձեզի խօսածներս բոլորը ճշմարիտ էին, նոյնպէս ալ Տիտոսի յայտնած պարծանքս ճշմարտուեցաւ: Գիտէ՞ք թէ որքան մեծ սիրով Տիտոս կը խօսէր ձեր մասին. կը յիշէր՝ թէ ինչպիսի՜ երկիւղած յարգանքով ընդուներ էք զինք: Արդ, ուրախ եմ որ կատարեալ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 13:1-11

ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Առակ. 31:29-31, Ես. 61:9, Գաղ. 3:24-29, Մատթ. 1:1-17

ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ 
Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Աստուածածնի Ծննդեան տօնը։ Աստուածամօր ծնունդը յիշուած չէ Աստուածաշունչին մէջ. անոր նկարագրութիւնը մեզի հասած է այլ գրութիւններու ճամբով, որոնք Նոր Կտակարանի մաս չեն կազմեր։ Ըստ աւանդութեան, Յովակիմն ու Աննան հաւատարիմ ու բարեպաշտ մարդիկ էին, որոնք կը սպասէին խոստացուած Մեսիայի գալուստին։ Տարեց ու անզաւակ ամուսինները աղօթեցին Աստուծոյ՝ զաւակի մը խնդրանքով, եւ օրհնուեցան դուստրով մը, զոր կոչեցին Մարիամ եւ որ դարձաւ Մեսիայի մայրը։ 

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ
Կիրակի, 8 Սեպտեմբերին, Խաչվերացի Բարեկենդանն է։ Ըլլալով տաղաւար տօն, Խաչվերացին կը նախորդէ պահքի շաբաթ մը (Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ) ու կը հետեւի՝ մեռելոցի օր մը։ 

ՆԻԿԻՈՅ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ
Նիկիոյ համաժողովը գումարուեցաւ 325 թուականին Մեծն Կոստանդին կայսեր հրաւէրով եւ եկեղեցական ղեկավարներու առաջարկով: Կոստանդին հռոմէական հսկայական կայսրութեան տարածքին գտնուող քրիստոնեայ եկեղեցւոյ 1800 եպիսկոպոսներ հրաւիրեց: Մասնակցողներու տարբեր թիւեր տրուած են  երեք ներկաներու կողմէ, բայց 318 թիւը պատուիրակներու ընդունուած պաշտօնական թիւն է: Քանի որ իւրաքանչիւր պատուիրակ իր հետ կրնար բերել երկու քահանայ եւ երեք սարկաւագ, հետեւաբար ներկաներու թիւը աւելին էր: Այդ ժողովին քննարկուեցան շարք մը վիճայարոյց նիւթեր, որոնց շարքին՝ արիականութեան հարցը, Զատկի թուականը, Եկեղեցւոյ կազմակերպումն ու կառուցուածքը, ծունկի գալու հարցը: Թերեւս ամենէն կարեւոր արդիւնքը Հաւատամքի՝ քրիստոնէական հաւատքի հռչակագրի ստեղծումն էր։ Այս իրադարձութիւնն է ՝ առաջին Տիեզերական Ժողովը, զոր մենք կը նշենք այս Շաբաթ օր՝ Սեպտեմբերի 7ին։

Գրիգոր Լուսաւորիչի որդի՝ Արիստակէսը, ներկայացուցած էր Հայ Եկեղեցին: Համաժողովը յիշուած է Մովսէս Խորենացիի եւ Ագաթանգեղոսի կողմէ: Յետագայ դարերուն, իրենց բոլոր վարդապետական գրութիւններուն մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը ակնածանքով կ՚անդրադառնան Նիկիոյ ժողովին: Համաժողովը դատապարտեց արիականութիւնը, որ կը ժխտէ Քրիստոսի լիարժէք աստուածութիւնը, եւ յայտարարեց ուղղափառութիւնը.  «Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ, ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ՝ միածին, այսինքն յԷութենէ Հօր։ Աստուած յԱստուծոյ, լոյս ի լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ, ծնունդ եւ ոչ արարած»  («Կը հաւատանք մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ Որդիին,, որ Հօր Աստուծմէ ծնած է որպէս միակ ծնունդ․ այսինքն՝ Հօրը էութենէն է։ Աստուած է՝ Աստուծմէ ծնած, լոյս է՝ լոյսէն յառաջ եկած։ Ճշմարիտ Աստուծմէն ծնած ճշմարիտ Աստուած է, եւ ո՛չ՝ արարած»)։ Նիկիոյ Հանգանակը կ՛արտասանուի Ս. Պատարագի ընթացքին:

Համաժողովի եզրափակումէն առաջ, պատուիրակները նշեցին Կոստանդին կայսեր 20ամեակը, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ արտայայտեց իր հակակրանքը դաւանական բանավէճերու հանդէպ, յայտնելով այն փափաքը, որ Եկեղեցին ապրի ներդաշնակ, խաղաղ եւ միասնական:
Քանի մը տարի առաջ Ազգային Առաջնորդարանը լոյս ընծայեց «Մեկնութիւն Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատամքի» երկլեզու գիրքը, որ հիմնուած է երջանկայիշատակ Զարեհ արք. Ազնաւորեանի Անթիլիասի մէջ տուած դասախօսական շարքին վրայ։

Զարեհ արք. Ազնաւորեան (1947-2004)՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամ, Սուրբ Գիրքի ակնառու մասնագէտ ու թարգմանիչ էր, ինչպէս նաեւ Ս. Պատարագի երաժշտութեան մասնագէտ եւ կրօնական երաժշտութեան յօրինող։ Ան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, յօդուածներու եւ երաժշտական յօրինումները, իսկ 1982-2004ին Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչն էր։

Նիկիական Հանգանակի մեկնաբանութեան մէջ, Զարեհ Արքեպիսկոպոս «Հաւատամք»ը կը քննարկէ տող առ տող, տալով յստակ եւ հակիրճ աստուածաշնչական եւ աստուածաբանական մեկնաբանութիւններ։ Գիրքը յաւելուած մը ունի, ուր ներկայացուած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ օգտագործուող երկու այլ հաւատամքներ՝ մկրտութեան հաւատամքը եւ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութիւնը։ Գիրքը տրամադրելի է Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութէն։
ՆԱՄԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Նամակներէն նմոյշներ ներկայացնելով, անոնց անունները միայն կը յիշենք՝ ինքնութիւնը պահպանելու համար։

Այս շաբթուան նամակը գրուած է Քրիստինէին կողմէ, որ կը հովանաւորուի Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ։ 
«Բարեւ, սիրելի բարեկամ, ես Քրիստինէն եմ։

Ես սովորում եմ Գիւմըուայ Պետական Բժշկական Քոլէջի 1-ին կուրսում։ Մայրիկս մահացել է, իսկ հայրս հրաժարուել է մեզանից։

Ապրում եմ տատիկիս, պապիկիս եւ 2 եղբայրներիս հետ միասին։ Բնակւում ենք վարձով բնակարանում։ Մեր խնամքով զբաղւում է տատիկս։ Տատիկս եւ պապիկս ունեն առողջական խնդիրներ։

Շնորհակալութիւն եմ յայտնում Ձեզ ձեր բարեգործութեան համար, ցանկանում եմ երջանկութիւն, առողջութիւն եւ երկար տարիների կեանք»
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք որբ մը հովանաւորել, հաճեցէք կապուիլ Առաջնորդարանին հետ։ Կրնաք Սոֆիին դիմել ելեկտրոնային նամակով ([email protected]) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։  

ՆԻԿՈՂՈՍ ԹԱՇՃԵԱՆ (9 Սեպտեմբեր , 1885)
Երբ հայ եկեղեցական երաժշտութեան մասին կը խօսինք, Նիկողոս Թաշճեան ընտանի անուն մը չէ։ Սակայն, անոր կը պարտինք արդի ձայնագրութեան օգտագործումը՝ հին հայկական շարականներ ու հոգեւոր երգերը արձանագրելու համար։ Այլապէս, այդ գործերը անվերծանելի պիտի դառնային ապագայ երաժիշտներուն եւ երաժշտագէտներուն համար։

Թաշճեան ծնած է Պոլիս, 17 Յունիս, 1841ին։ Իր ուսումը ստացած է Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ, աշակերտելով Գաբրիէլ Երանեանի («Կիլիկիա»յի երաժշտութեան հեղինակը)։

1860 ական թուականներուն, Թաշճեան մասնակցած է քանի մը երաժշտական հանդէսներու հրատարակութեան։ Առաջին հերթին, հրատարակած է «Նուագ օսմանեան» կիսամեայ հանդէսը եղբօր՝ Յակոբիկ Թաշճեանի հետ, եւ ապա՝ Երանեանի հետ ուրիշ պարբերական մը լոյս ընծայած է՝ «Քնար արեւելեան»։ 1863ին, Թաշճեան, Վարդան Փափազեան եւ երգահան Տիգրան Չուխաճեան խմբագրած են «Օսմանեան երաժշտութիւն» պարբերաթերթը։ Երեք հանդէսները լոյս տեսած են վիմատիպով եւ ընդգրկած՝ հայկական ու թրքական երգեր։

Թաշճեան շահեկան յօդուածներ հրատարակած է պոլսահայ մամուլին մէջ, եւ 1871ին հրաւիրուած է Ս. Էջմիածին՝ իբրեւ Գէորգեան ճեմարանի երաժշտութեան ուսուցիչ։ Իրեն աշակերտած է ապագայ երգահան Մակար Եկմալեանը։ 1874ին հրատարակած է «Դասագիրք հայոց եկեղեցական ձայնագրութեան» ձեռնարկը, ուր առաջին հերթին բացատրած է Համբարձում Պապա Լիմոնճեանի ձայնագրութեան համակարգը եւ ապա անդրադարձած է հայոց երաժշտութեան բնոյթին եւ պատմութեան։ 

Հայ երաժշտութեան բերած իր ամենակարեւոր ծառայութիւնը պիտի ըլլար, ինչպէս ըսինք, արդի ձայնագրութեան գործածութիւնը՝ հոգեւոր երգեր ու շարականներ գրի առնելու համար, միաժամանակ փորձելով հին հայկական խազերու հարազատ իմաստը։ 19րդ դարու երկրորդ կէսին, խազերու բանալին արդէն կորսուած էր եւ մէկը չէր մնացած, որ կարենար ճշգրիտ կերպով երգել։ Ահա թէ ինչու կարգ մը հեղինակներ, ինչպէս Լիմոնճեան եւ Թաշճեան, աշխատած են զանոնք «թարգմանել» արդի ձայնագրութեամբ։ Թաշճեան հրատարակած է ձայնագրեալ երգերու չորս հատորներ Ս. Էջմիածնի մէջ. «Ձայնագրեալ երգեցողութիւն Ս. Պատարագի եւ ձայնագրեալ շարականք» (1874), «Ձայնագրեալ շարական հոգեւոր երգոց» (1875), «Երգք ձայնագրեալք ի ժամագրոց Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ» (1877) եւ «Ձայնագրեալ քաղուածք օրհնութեանց» (1882)։

1879 ին վերադարձած է Պոլիս, ուր երաժշտութիւն դասաւանդած է կարգ մը դպրոցներու մէջ եւ Մայր Եկեղեցւոյ դպրապետը եղած։ Հեղինակած է նաեւ կարգ մը հայրենասիրական երգեր, զորս յետագային Եկմալեան եւ Կոմիտաս Վարդապետ մշակած են քառաձայն երգեցողութեան համար։

Թաշճեան իր մահկանացուն կնքած է Պոլսոյ մէջ, 9 Սեպտեմբեր, 1885ին, 44 տարեկանին, բայց իր ժառանգութիւնը պիտի ապրէը անոր մահէն անդին՝ իր յաջորդներուն ներշնչումի աղբիւր դառնալով։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org    
ԱՅԴ ԲԱՆԵՐԸ ՊէՏՔ ՉԷ ՈՒՏԷՔ
Լեզուները իրենց պաշտօնական ձեւերը ունին, որոնք կանոնաւորուած են քերականութեան կողմէ, բայց նաեւ անպաշտօն ձեւ մը, որ խօսակցական լեզուով կազմուած է։ Դուք որոշ արտայայտութիւններ կը գործածէք զրոյցի մը ընթացքին, որ հաւանաբար մաս պիտի չկազմէ գրաւոր բնագրի մը, բացի այն պարագայէն, եթէ յատուկ կերպով զանոնք մուծէք հոն։ Ընդունելի՞ են թէ ոչ՝ այդ տարբեր խնդիր է։

Նման պարագաներ կան անգլերէնի, ինչպէս նաեւ հայերէնի մէջ։ Տարածուած է այն սխալ հասկացողութիւնը, որ 1915ի եղեռնի կորուստն ու ցրուումը պատճառ դարձած են, որ արեւմտահայերէնը զուտ գրական ու պաշտօնական լեզու ըլլայ, կորսնցնելով իր խօսակցական բնոյթը։ Ճիշդ է, որ բարբառներուն մեծամասնութեան անհետացումը, ինչպէս եւ առօրեայ գործածութեան աստիճանական պակասը, բացի Սփիւռքի կարգ մը գօտիներէ, արեւմտահայերէնի զարգացման եւ վերապրումին դէմ կը գործեն։ Սակայն, ասիկա չի նշանակեր, որ խօսակցական լեզուն գոյութիւն չունի, կամ որ չի կրնար զարգանալ։

«Ուտել» բայը օրինակներ ունի, որոնք կ՚արժէ խօսակցական լեզուի մէջ գործածել, որովհետեւ անոր համ ու հոտ կու տան։ Այսպէս, «Քեզի պիտի ապտակեմ» ըսելու փոխարէն, կրնաք ըսել «Ապտակ մը պիտի ուտես»։ Միեւնոյն սպառնալիքը կը կարդաք, բայց վերջինը աւելի գունագեղ բնոյթ մը ունի։

Ինչպէս որ ապտակներ կ՚ուտուին, ուրիշ բաներ ալ «կ՚ուտուին». «Ծեծ մը կերաւ, որ այլեւս չի մոռնար»։

Ապտակներ ու ծեծեր «ուտելու» պատճառը կրնայ դառնալ, որ մարդ ուրիշ բան մը «կերած» ըլլայ. «Մարդուն դրամը կերաւ»։ Հետեւաբար, «դրամ ուտող» դարձած է։

Անշուշտ, մարդիկ կան, որոնք բերանացի սպառնալիքներու կը դիմեն փոխանակ (կամ նախքան) ծեծի. «Ինձմէ խօսք մը պիտի ուտէ որ…»։

Նման պարագաներու, լաւագոյն խորհուրդը այն է, որ նման բաներ «չուտէք», ըլլան անոնք ապտակ, ծեծ, դրամ կամ ծանր խօսքեր։ Ձեր մարսողութիւնը իսկապէ՛ս կրնայ խանգարուիլ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org    
ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓ
Խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները յղեցէք [email protected] հասցէին։ Հաճոյքով կը հրատարակենք մեր ստացած նամակները։

Կը յիշեցնենք, որ Crossroadsին նիւթեր յանձնելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Այս տարուան սկիզբը, Ազգ. Առաջնորդարանը լուսանկարներ եւ կարեւոր փաստաթուղթեր թուայնացնելու խիստ անհրաժեշտ գործընթացի մը ձեռնարկեց։ Պարբերաբար մեր արխիւներուն մէջ գտնուող հետաքրքրական նիւթեր պիտի բաժնեկցինք ընթերցողներուն հետ։
Այս շաբթուան արխիւային լուսանկարը կ՚երթայ 56 տարի առաջ՝ մինչեւ Հոկտեմբեր 1963։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա.ի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա.ի պատմական հանդիպումին մէկ պատկերն է։ Լուսանկարը առնուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին մէջ, ուր հանդիպումը տեղի ունեցաւ։ Ի պատասխան Վազգէն Վեհափառի հրաւէրին, Խորէն Վեհափառը Երուսաղէմ ժամանեց 26 Հոկտեմբեր 1963ին։ Երկու եկեղեցականները ողջագուրուեցան եւ միասնաբար աղօթեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միասնութեան եւ խաղաղութեան համար։

Կիլիկիոյ Աթոռին կողմէ 4 Նոյեմբեր 1963ին հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէր ի միջի այլոց հետեւեալը. «Այսու պաշտօնապէս կը հաղորդենք հաւատացեալ հայ ժողովրդեան, թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս. Օծութիւն Վազգէն Ա. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս. Օծոիւթիւն Խորէն Ա., քրիստոնէական սիրով եւ հոգեւոր եղբայրութեան զգացումներով հանդիպեցան իրարու խաղաղութեան քաղաք Ս. Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին մէջ եւ ի ներկայութեան Տ. Եղիշէ Ս. Պատրիարքին, եպիսկոպոսական դասուն, վարդապետաց եւ բարեպաշտ ազգայնոց, սուրբ ողջունիւ եւ ջերմ ողջագուրումով վերանորոգեցին իրենց ուխտը ծառայելու Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ ազնիւ հայ ժողովուրդին։ Երկու վեհափառ կաթողիկոսներու սրտալից այս սուրբ ողջագուրումովը վերջ գտաւ ութ տարիներէ ի վեր Հայց. Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ստեղծուած տագնապը»։

«ԿՈՐՔԻԻ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶԸ»՝ ՆՈՐ ՕՓԵՐԱ ՄԸ 
«Կորքիի երազային պարտէզը»ի յատուկ համերգ մը առիթը պիտի տայ լսարանին ներկայացնելու նոր ու կարեւոր գործ մը։ Այս նոր երաժշտական թատերախաղ-օփերան պիտի ներկայացուի Նուարքի Արուեստի թանգարանին մէջ այս Շաբաթ օր, 7 Սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին (համերգին նախորդող ելոյթ մը տեղի պիտի ունենայ 1:30ին)։ Այս 80 վայրկեաննոց ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ թանգարանի «Պիլի Ճոնսըն» թատերասրահին մէջ եւ ձրի է՝ թանգարանի մուտքի տոմսակով։ Մրցանակակիր ծանօթ երգահան Միշէլ Էքիզեանի այս գործը՝ «Կորքիի երազային պարտէզը», կեանքի կոչուած է Պրոտուէյէն, բայց նաեւ օփերայէն, ֆիլմաշխարհէն ու պարի աշխարհէն եկած մեկնաբաններու խումբի մը շնորհիւ։ 

Էքիզեան ազատօրէն օգտագործած է ամերիկահայ նշանաւոր նկարիչ Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Մանուկ Ատոյեան, 1904-1948) պատմութիւնը, անոր տալով ժամանակակից հնչեղութիւն։ Մեծ Եղեռնի ականատես Կորքիի 1936-1937ի երկու գործեր, որոնց Նուարքի օդակայանին մէջ այդ ժամանակ զետեղուած շարքի մը մնացորդն են, այսօր մաս կը կազմեն Նուարքի թանգարանի հաւաքածոյին։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելեցէք  www.newarkmuseum.org   կայքէջը կամ հեռաձայնեցէք  973-596-6550  թիւին։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
7 Սեպտեմբեր —Նուարքի Արուեստի թանգարանը կը ներկայացնէ երգահան Միշէլ Էքիզեանի «Կորքիի երազային պարտէզը»՝ սիրոյ, քաջութեան եւ արդի արուեստի երաժշտա-թատերական օփերան, հիմնուած՝ Արշիլ Կորքիի կեանքին վրայ, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին։ Հասցէ՝ Newark Museum of Art, 49 Washington Street, Newark, New Jersey։ Օփերային մուտքի սակը ներառեալ է թանգարանի մուտքի վճարումին մէջ։ Տեղեկութիւններու համար՝  www.newarkmuseum.org կամ 973-596-6550։

8 Սեպտեմբեր —Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսեթս)։ Տարեկան դաշտահանդէս՝ կէսօրէն մինչեւ ժամը 5:30, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Խաչի թափօր՝ ժամը 2:30ին։  

22 Սեպտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէս եւ գնդ. Չարլզ Ալեքսի 100րդ տարեդարձի անակնկալ տօն՝ եկեղեցւոյ սրահին եւ տարածքին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00էն մինչեւ ժամը 4:00։

28 Սեպտեմբեր —Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը կը ներկայացնէ երգչուհի Լիլիթ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ՝«Նայիրի» պարախումբի յատուկ ելոյթ։ Երեկոյեան ժամը 8:00ին, Felician University, Breslin Hall, Lodi, New Jersey։ Տոմսակները միայն առցանց կը վաճառուին՝ yap.events/lilithovhannisyan։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
 
12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
 
16 Հոկտեմբեր —«Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն. զրոյց մը՝ մարտահրաւէրներու եւ նոր մօտեցումներու մասին»։ Բազմաձայն զրոյց, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի, «Զոհրապ» Տեղեկատուական Կեդրոնի եւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան կողմէ։ Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:00ին։ Ներածութիւն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեան։ Զրուցավար՝ դոկտ. Քրիսթոֆըր Շխլեան։ Զրուցողներ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, պրն. Ճեսի Արլէն եւ տիկ. Կիլտա Քիւփէլեան։ Տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնեցէք (212)689-7231 թիւին կամ գրեցէք [email protected] հասցէին։

19 Հոկտեմբեր —Հրանդ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան 65ամեակ եւ ծննդեան 80րդ տարեդարձ։ Theatre in the Park, Flushing Meadows, Queens, New York, երեկոյեան ժամը 7:05ին։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 
                                                           
9-10 Նոյեմբեր —Armenian Fest 2019։ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարեկան ճաշերու փառատօն, Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston։ Շաբաթ՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 401-831-6399։

17 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Պիտի մեծարուի Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան 26 տարուան աշխատանքը Հայաստանի ու Արցախի մէջ։ 

15 Մարտ, 2010 — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։
 
13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/