8 Նոյեմբեր, 2018
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ 100ԱՄԵԱԿԸ
Կիրակի, 11 Նոյեմբերին, կը նշուի Ա. Աշխարհամարտի աւարտը կնքող զինադադարին 100ամեակը, որ Միացեալ Նահանգներու այժմ ծանօթ է «Վեթերաններու օր» անունով։ Համաձայնագիրը կը նախատեսէր գրաւեալ բոլոր տարածքներուն պարպումը Գերմանիոյ կողմէ, գերմանական զօրքերու զինաթափումն ու ցրուումը եւ դաշնակից ռազմագերիներու ազատ արձակումը։ 1919ին դաշնակից պետութիւնները (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ Միացեալ Նահանգներ) եւ պարտուած Գերմանիան խաղաղութեան դաշնագիր կնքեցին Վերսայլի մէջ։

Այս զինադադարէն առաջ, 30 Հոկտեմբեր 1918ին, Մուտրոսի զինադադարը վերջ տուած էր դաշնակիցներու եւ Օսմանեան կայսրութեան պատերազմական վիճակին, իսկ 10 Օգոստոս 1920ին կը ստորագրուէր Սեւրի դաշնագիրը։ Այս դաշնագրով, Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնն ու բաժանումը կը նուիրագործուէին, Հայաստանի անկախութիւնը իրաւականօրէն կը ճանչցուէր եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասը կը միանար նորածին Հայաստանի Հանրապետութեան։ Սակայն, ո՛չ «բոլոր պատերազմները վերջացնող պատերազմը» վերջինը եղաւ, ինչպէս կը նախատեսուէր 1918ի զինադադարին ժամանակ, եւ ո՛չ ալ աւելի արդար աշխարհի մը ծնունդը իրականացաւ, որուն խօսուն փաստերէն եղաւ Սեւրի դաշնագրի եւ անկէ բխած ԱՄՆի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարական վճիռին չգործադրուիլը։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՇՐՋԱՆԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Այս շաբաթավերջին, թեմիս առաջնորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան պիտի այցելէ Ուաշինկթընի շրջանը, ուր Կիրակի օր պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Շաբաթ երեկոյեան, Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ եկեղեցւոյ 54ամեակի տօնակատարութեան։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ
Թեմիս Կրօնական Ժողովը եւ Ազգային Վարչութիւնը հաւատացեալները կը հրաւիրեն Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին մասնակցելու Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի ընտրութիւնը նշող եպիսկոպոսական Ս. Պատարագին եւ անոր յաջորդող ճաշկերոյթին։

Անուշաւան Սրբազան պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (221 East 27 th  Street, Նիւ Եորք)։ Ժամերգութիւնը առաւօտեան ժամը 10ին պիտի սկսի։ Այնուհետեւ, ճաշկերոյթ մը տեղի պիտի ունենայ Terrace on the Parkի մէջ (Ֆլաշինկ Մէտոզ, Նիւ Եորք)։ Ընդունելութիւնը պիտի սկսի ժամը 2:30-ին, իսկ ճաշի սպասարկութիւնն ու յայտագիրը՝ ժամը 3:30ին։

Տոմսեր ապահովելու կամ տեղեկութիւններ ստանալու համար, հաճեցէք ելեկտրոնային նամակով ( [email protected] ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810) կապուիլ Առաջնորդարանին հետ։ Մինչեւ 19 Նոյեմբեր ժամանակ ունիք տոմսեր ապահովելու եւ Անուշաւան Սրբազանի ի պատիւ նուիրատուութիւններ կատարելու։ Բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի յիշուին այս առիթով հրատարակուելիք գրքոյկին մէջ։


ԿԼԵՆՎԻՈՒԻ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 75ԱՄԵԱԿԸ ՏՕՆՈՒԵՑԱՒ
Անուշաւան Սրբազանը եւ Հայր Ղեւոնդը՝ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ խորանի ծառայողներու հետ 
Կիրակի, 4 Նոյեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց Կլենվիուի (Իլլինոյ) Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հ. Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Բէնթէզեանը սպասարկութեամբ։ Շաբաթ օրը, Անուշաւան Սրբազան այցելեց «Դանիէլ Վարուժան» շաբաթօրեայ դպրոցը, ուր հանդիպեցաւ աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին։ Երեկոյեան, ան նախագահեց ծուխի 75ամեակի ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Շահնազարեան» սրահին մէջ։
Ստորեւ՝ ձեռնարկէն քանի մը լուսանկարներ։

ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Յայտնութեան գիրքի սերտողութեան երկրորդ բաժինը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1ին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ղեկավարութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Շանթ սրկ. Գազանճեանի։ Սերտողութիւնը իրերայաջորդ Հինգշաբթի օրերուն տեղի պիտի ունենայ մինչեւ 13 Դեկտեմբեր (բացառելով Գոհաբանութեան օրը)։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապուիլ Մայր Եկեղեցւոյ գրասենեակին ելեկտրոնային նամակով ( [email protected] ) կամ հեռաձայնով (212-689-5880)։

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ «ՈՐՍՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ»
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ 
Իւրաքանչիւր շաբթուան դասը թէ՛ հաճելին եւ թէ՛ օգտակարը կ՚ընդգրկէ  
Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը ամէն շաբաթ դաս մը կ՚ունենայ աշակերտական ժողովի պահուն։Աշակերտները դասին վրայ կը կեդրոնանան եւ ապա տուն կը մեկնին՝ այդ դասը յիշեցնող առարկայ մը տանելով։ Վերջին օրինակներէն էր Մատթէոսի Աւետարանէն հետեւեալ համարը. «Յիսուս ըսաւ անոնց. – Հետեւեցէ՛ք ինծի եւ ես ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ» (Մատթ. 4:19): Աշակերտները այս մէջբերումին մասին սորվեցան եւ ապա «որսորդութեան» գացին։ Այնուհետեւ, տուն տարին իրենց «որսը»՝ Ս. Գիրքի համարով ապարանջան մը կամ խաչ մը։

Իւրաքանչիւր եռամսեայի սկիզբը, ուսուցիչներն ու վարիչները կը մեծարուին ուսուցիչներու ընծայման արարողութեան ընթացքին։ Անոնց շնորհակալութիւն կը յայտնուի կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն հանդէպ ցուցաբերած իրենց սիրոյ ու նուիրումին համար։  

ՀՕՄ-Ի ԱՆԴԱՄՈՒՀԻՆԵՐ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ 
Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբերին, Անուշաւան եպս. Դանիէլեան ընդունեց Նիւ Եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիներ Մինա Յովսէփեանի, Ռոսիթա Պոյաճեանի եւ Մարիա Եփրեմեանի այցելութիւնը։ Հիւրերը շնորհաւորեցին Սրբազանը իր ընտրութեան առիթով եւ քննարկեցին հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող կարգ մը կէտեր։ 
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
Այս Կիրակի, 11 Նոյեմբեր, Խաչվերացի 9-րդ Կիրակին է։ Սուրբ Գիրքի ընթերցումներն են՝ Եսայի 24:1-13, Եփեսացիներուն 5:15-33, Ղուկաս 8:49-57։ 
 
Մինչ Յիսուս կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ եւ անոր ըսաւ.
– Աղջիկդ մեռաւ, այլեւս մի՛ յոգնեցներ Վարդապետը:
Յիսուս ասիկա լսելով, ըսաւ ժողովրդապետին.
– Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի:
Երբ Յիսուս ժողովրդապետին տունը հասաւ, չձգեց որ ոեւէ մէկը ներս մտնէ՝ բացի Պետրոսէն, Յակոբոսէն, Յովհաննէսէն եւ աղջկան հօրմէն ու մօրմէն: Ներս գտնուողները բոլորն ալ կու լային ու կ’ողբային: Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Մի՛ լաք, աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ:
Անոնք զինք կը ծաղրէին, որովհետեւ գիտէին որ աղջիկը մեռած է: Յիսուս բոլորն ալ դուրս հանեց, ապա բռնեց աղջկան ձեռքէն եւ բարձրաձայն ըսաւ.
– Աղջի՛կս, ոտքի՛ ել:
Անմիջապէս անոր հոգին վերադարձաւ եւ ոտքի կանգնեցաւ: Ապա Յիսուս հրամայեց որ ուտելիք տան աղջկան, մինչ ծնողները ապշահար եղած էին: Յիսուս անոնց պատուիրեց որ պատահածին մասին ոեւէ մէկուն բան չըսեն (Ղուկ 8:49-57):


***

Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք: Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս: Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են: Ուստի անմտութիւն մի՛ ընէք. հասկցէք թէ ի՛նչ կ’ուզէ Տէրը ձեզմէ: Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք, իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ, ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով:

Քրիստոսի հանդէպ ձեր պատկառանքը արտայայտեցէք՝ իրարու հնազանդելով:

Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք. որովհետեւ ամուսին մը իր կնոջ գլուխն է, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիին, իր մարմինին, որուն Փրկիչն է ինք: Հետեւաբար, ինչպէս եկեղեցին Քրիստոսի կը հնազանդի, այնպէս ալ կիները ամէն բանի մէջ իրենց ամուսիններուն թող հնազանդին:

Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս սիրեց եկեղեցին եւ իր կեանքը տուաւ անոր համար, որպէսզի ջուրի լուացումով զայն մաքրէ եւ իր խօսքով սրբէ, այնպէս մը՝ որ եկեղեցին իրեն ներկայանայ ամբողջական փառքով, առանց ոեւէ արատի կամ խորշոմի կամ ուրիշ թերութեան, այլ՝ ըլլայ սուրբ եւ անարատ: Ճիշդ նոյն ձեւով, ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը. որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ’ըլլայ, եւ չկայ մէկը որ իր մարմինը անտեսէ. ամէն մարդ ալ կը սնուցանէ եւ կը խնամէ իր մարմինը, ինչպէս Քրիստոս կը սնուցանէ եւ կը խնամէ եկեղեցին՝ իր մարմինը, որուն անդամներն ենք բոլորս, անոր մարմինէն ու ոսկորներէն: Սուրբ գիրքին մէջ գրուած է. «Ահա այս պատճառով այրը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» : Աստուծոյ ծրագրին կապուած կարեւոր ճշմարտութիւն մըն է ասիկա, որ ըստ իս՝ Քրիստոսի եւ եկեղեցիին կը վերաբերի: Բայց նոյնը կը վերաբերի նաեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որովհետեւ իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր անձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը (Եփես. 5:15-33):


ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՒ ԳԱԲՐԻԷԼ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԵՐԸ 
Շաբաթ, 10 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշէ Միքայէլ եւ Գաբրիէլ հրեշտակապետերը։ «Հրեշտակ» բառը սուրհանդակի նշանակութիւնը ունի։ Հրեշտակապետ այն տիտղոսն է, որ կը տրուի բարձր կարգի հրեշտակի մը երկնային նուիրապետութեան մէջ։ Միքայէլն ու Գաբրիէլը միակ հրեշտակներն են, որոնք «հրեշտակապետ» տիտղոսը ստացած են Աստուածաշունչին մէջ։

Միքայէլ (եբրայերէն՝ «Ով որ Աստուծոյ պէս է») բոլոր հրեշտակներուն իշխանն է եւ երկնային զօրքերու առաջնորդը։ Ան կը համարուի պահապանը քրիստոնեաներու՝ ընդհանրապէս, եւ զինուորներու՝ մասնաւորապէս, ինչպէս եւ ուղղափառ հաւատքի պահակն ու հերձուածներու դէմ պաշտպանը։

Գաբրիէլ (եբրայերէն՝ «Աստուծոյ ոյժ») Աստուծոյ գլխաւոր սուրհանդակներէն մէկն է։ Ան Աստուծոյ պատգամաբերն էր Դանիէլին՝ վերջինիս տեսիլքը բացատրելու համար (Դանիէլ 8:16-26)։ Ան կանխատեսած է Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդը եւ Քրիստոսի յառաջիկայ ծնունդը յայտարարող սուրհանդակը եղած է (Ղուկ. 1:11-21)։

«Մի՛ մոռնաք հիւրասէր ըլլալ, որովհետեւ այդպիսով ոմանք առանց գիտնալու հրեշտակներ հիւրասիրեցին» (Եբր. 13:2):

Այս շաբաթ նաեւ կը յիշատակուին՝
Ս. Մելիտոս Անտիոքացի եւ Ս. Մինաս Եգիպտացի (Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբեր)
Ս. Դեմետրիոս (Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր)

ԼՈՒՐԵՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ  ԳԻՐՔԻ  ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 39րդ տարեկան գիրքի ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 11 Նոյեմբերին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։ Բազմահարիւր գիրքեր ներկայացնող ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր։ Այս տարեկան ձեռնարկը գրեթէ չորս տասնամեակներէ ի վեր տեղի ունեցած է անխափան կերպով, նոյնիսկ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ամենադաժան օրերուն։ 


Հ. Մկրտիչ Աւգերեան 
(ծնունդ՝ 11 Նոյեմբեր, 1762)
1701ին հիմնելով Մխիթարեան միաբանութիւնը, Մխիթար Սեբաստացի կը պատկերացնէր վանական եղբայրութիւն մը որուն գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլար կրթական եւ ուսումնական աշխատանքը։ Իր աշակերտներն ու վանականներու յաջորդական սերունդներ այս ծրագիրը պիտի իրագործէին Վենետիկի ու Վիեննայի զոյգ կեդրոններուն մէջ։

 Հ. Մկրտիչ վրդ. Աւգերեան Մխիթարի աշակերտներուն յաջորդող սերունդին նշանաւոր անուններէն մէկը պիտի ըլլար։ Ծնած էր Անգարա (Թուրքիա), 11 Նոյեմբեր 1762ին, հայ կաթողիկէ ընտանիքի մը մէջ։ Տասներկու տարեկանին, հայրը զինք տարած է Վենետիկ, ուր Ս. Ղազար մտնելով իր ուսումը ստացած է։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1786ին վարդապետ ձեռնադրուած է։ Տասը տարի դասաւանդած է վանական դպրոցին մէջ եւ այնուհետեւ ղրկուած Կ. Պոլիս՝ իբրեւ քարոզիչ հայ կաթողիկէ համայնքին համար։ Ութ տարուան պաշտօնավարութենէ ետք, 1804ին վերադարձած է վանք, ուր երեսուն տարի խորհրդականի պաշտօնը պիտի վարէր, եւ ապա՝ ընդհանուր աթոռակալի պաշտօնը։

Իր վարչական ու եկեղեցական պարտականութիւններուն կողքին, Աւգերեան եղած է բեղուն գիտնական, լեզուաբան ու թարգմանիչ։ 1810-1814ին ան տասներկու հատորով հրատարակած է կոթողական «Լիակատար վարք եւ վկայաբանութիւն Սրբոց, որք կան ի հին տօնացուցի եկեղեցւոյ Հայաստանեայց» գործը, ուր ցուցակագրած է Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յիշուած բոլոր սուրբերը, անոնց կենսագրութիւնները շարադրելով։ Ան նաեւ գրած է նոյն ժամանակաշրջանին շարք մը կրօնա-բարոյական գործեր, որոնցմէ երկուքը՝ «Բարի խորհուրդներ» (1809) եւ «Դեղ կենաց, որ է հոգեւոր բժշկարան» (1810), աշխարհաբարով շարադրած է։

Աւգերեան ընդհանուր գիտութեան կարեւոր ծառայութիւն մը մատուցած է, հրատարակելով երկու գործեր, որոնց բնագրերը կորսուած են ու միայն պահպանուած են հնագոյն գրաբար թարգմանութեամբ։ Առաջինը Եւսեբիոս Կեսարացիի «Քրոնիկոն»ն է (1818), զոր հրատարակած է բնագրով եւ իր լատիներէն թարգմանութեամբ։ Երկրորդը՝ Փիլոն Ալեքնսանդրացիի «Մնացորդ բանից»ն է (1826)։ Մինչ Եւսեբիոսի գործը կարեւոր աղբիւր մըն է հին աշխարհի պատմութեան համար, Փիլոնի աշխատութիւնները մեծ դեր խաղացած են քրիստոնէութեան փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական հիմքերուն զարգացման մէջ։ Ոչ պակաս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Յովհաննէս կաթողիկոս Օձնեցիի «Ճառ ընդդէմ երեւութականաց» գործի հրատարակութիւնը (1807), որ այս հերձուածին ընդդիմախօսութիւն մըն էր։ Երեւութականները, որոնց գլխաւոր ներկայացուցիչը եղած էր Զ. դարու հեղինակ Յուլիանոս Հալիկառնացին, կը պնդէին, որ Քրիստոսի մարմինը միշտ անապական եղած էր։

Աւգերեան նաեւ թարգմանած է բազմաթիւ գործեր լատիներէնէ գրաբար, որոնց շարքին՝ Սենեկայի, Կիկերոնի եւ Գրիգոր Մեծի երկեր։ Ասոնց շարքին էր նաեւ 14րդ դարու Հեթում պատմիչի «Պատմութիւն թաթարաց»ի թարգմանութիւնը (1842)։

Սակայն, այս վաստակաւոր Մխիթարեանի գիտական գործունէութեան ամենէն կարեւոր իրագործումը կը կազմէ իր մասնակցութիւնը «Նոր Հայկազնեան լեզուի բառարան»ի մասնակցութիւնը, իր եղբայրակիցներուն՝ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեանի եւ Հ. Խաչատուր Սիւրմէլեանի հետ։ Աւգերեան գրած է գրաբարի այս հիմնական բառարանի երեսուն տառեր (Զ. տառէն մինչեւ վերջ) եւ հսկած է անոր հրատարակութեան 1836-1837ին, իր հեղինակակիցներուն մահէն ետք։ Հասկնալով, որ այս կոթողական գործը միայն հասանելի պիտի ըլլար սահմանափակ շրջանակի մը, Աւգերեան պատրաստած է «Առձեռն բառարան Հայկազնեան լեզուի»ն (1846), որ անոր խտացած տարբերակն է՝ աշխարհաբար բացատրութիւններով։

Անխոնջ այս հեղինակը իր մահկանացուն կնքած է Ս. Ղազարի մէջ 92 տարեկանին, 3 Մարտ 1854ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org
«Աստղ» բառը եւ իր ազգակիցները

Երբեւէ մտածե՞ր էք, որ անգլերէն star եւ հայերէն աստղ բառերը ո՛չ միայն նոյն գաղափարը ցոյց կու տան, այլեւ ազգական են իրարու։

Աստղիկ անունը երբեմն Stella ձեւով կը թարգմանուի՝ ձեւական նմանութեան բերումով, թէեւ Աստղիկ հայ հեթանոսական դիցարանին մէջ սիրոյ եւ բեղունութեան աստուածուհին էր, մինչ Stella Maris («ծովու աստղ») Աստուածամօր լատիներէն անուններէն մէկն էր։

Իրականութեան մէջ, Աստղիկ կը ներկայացնէր Մերձաւոր Արեւելքի դիցարաններու մէջ լաւածանօթ աստուածուհիի մը հայկական տարբերակը։ Սումերական հին աստուածուհի Ինաննան, որ կապուած էր սիրոյ, բեղունութեան եւ այլ յատկանիշերու հետ, աւելի ուշ պաշտուած է Միջագետքի սեմական քաղաքակրթութիւններուն կողմէ (ակկադացիներ, բաբելոնացիներ, ասորեստանցիներ) Իշտար անունով։ Իշտարի պաշտամունքը դրացի սեմական տարածքներու մէջ (Սուրիա, Պաղեստին) Աշտարտ անունով ծաւալած է, իսկ այս անունը եբրայերէն յիշուած է Աշտորետ ձեւով, որ հելլենականացած կերպով ծանօթ է իբրեւ Աշտարտէ ։ Այս աստուածուհիին խորհրդանիշը Արուսեակ (Վենիւս) մոլորան էր՝ երկինքի ամենափայլուն աստղը հին ժամանակներուն։

Գիտնականները առաջարկած են այն վարկածը, թէ Ishtar անունը նախասեմական կնոջական *attar («երկինք, աստղ») գոյական կու գայ, որ իր կարգին կրնայ հասարակաց ծագում ունենալ նախահնդեւրոպական *h-ster («աստղ») բառին հետ։

Այս վերականգնուած բառը դարձած է հնդեւորական լեզուներու «աստղ» բառին աղբիւրը։ Ունինք, օրինակ, յունարէն aster, իրանական լեզուներու star, լատիներէն stella , գերմաներէն stern, եւ այլ նման բառեր։ Հայերէն աստղ (նաեւ աստեղ՝ գրաբարի մէջ) յունարէն ու լատիներէն բառերուն մէջտեղը կը թուի ըլլալ, եւ ոչ այնքան հեռու անգլերէնէն։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«ՆԱՐՆԻԱՅԻ ՔՐՈՆԻԿՆԵՐԸ»՝ ԱՅԺՄ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ
Նիւ Եորքի մէջ վերջերս հիմնուած «Ռոսլին Փրես» հրատարակչութիւնը հրապարակ հանած է արեւմտահայերէնի թարգմանուած պատանեկան վէպերու աշխարհահռչակ շարքը՝ Ք․ Ս․ Լուիսի (C. S. Lewis) «Նարնիայի Քրոնիկները», որ շուրջ 50 լեզուներու թարգմանուած է ու աւելի քան 100 միլիոն օրինակով ծախուած։

Եօթը հատորնոց այս շարքը, որուն հեղինակը ներշնչուած է քրիստոնէական աւանդական թեմաներէ, յունական եւ հռոմէական դիցաբանութենէն ու զանազան հեքէաթներէ, իրերայաջորդ սերունդներու ընթերցանութեան նիւթը եղած է։

Թարգմանիչները պարզ ու մատչելի հայերէն կը գործածեն, պատանիին խօսածէն կարելիին չափ շատ չհեռանալու մտադրութեամբ, սակայն նաեւ չմոռնալով անոր հրամցնել նոր բառամթերք։

Հատորներուն ցանկը հետեւեալն է.
Ա․ հատոր՝ ԱՌԻՒԾԸ, ՎՀՈՒԿԸ ԵՒ ՀԱՆԴԵՐՁԱՐԱՆԸ
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ ՔՐԻՍՏԻԱՆ ԲԱՏԻԿԵԱՆի, 180 էջ
Բ․ հատոր՝ ՔԱՍՊԻԱՆ ԻՇԽԱՆԸ
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 216 էջ
Գ․ հատոր՝ ԱՐՇԱԼՈՅՍԻ ՏԻՐԱԿԱԼԻ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 238 էջ
Դ․ հատոր՝ ԱՐԾԱԹԵԱՅ ԱԹՈՌԸ
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 224 էջ
Ե․ հատոր՝ ՁԻՆ ԵՒ ԻՐ ՏՂԱՆ
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 208 էջ
Զ․ հատոր՝ ԱՃՊԱՐԱՐԻՆ ՔՐՈՋ ՈՐԴԻՆ
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 192 էջ
Է․ հատոր՝ ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՐՏԸ
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 194 էջ

Իւրաքանչիւր հատորի գինը 15,99 տոլար է, որուն պէտք է աւելցնել առաքման ծախսը։
 
Այս կամ այլ գիրքեր պատուիրելու կամ այլ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութին հետ՝ ելեկտրոնային նամակով ( [email protected] ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ

Կռիւն ու ռումբերը վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել
ձեր աղօթքներուն ու քսակներուն մէջ


Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։

Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
սեղմեցէ՛ք այստեղ եւ ընտրեցէ՛ք
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։

Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Prelacy
138 E. 39 th Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)

Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը «Յովնանեան» վարժարանին մէջ՝ 817 River Road, New Milford, New Jersey։ Յաջորդ դասը՝ Շաբաթ, 17 Նոյեմբերին։ Տեղեկութիւններու համար՝ [email protected] կամ 212-689-7810։

Մինչեւ 13 Դեկտեմբեր (Հինգշաբթի օրեր) —Յայտնութեան գիրքի սերտողութիւն, եօթը մասով։ Բանախօս՝ Շանթ սրկ. Գազանճեան, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ։ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 East 27 th Street, New York City։ Տեղեկութիւններու համար, դիմեցէք եկեղեցւոյ գրասենեակին ելեկտրոնային նամակով ( [email protected] ) կամ հեռաձայնով՝ (212) 689-5880։

Մինչեւ 13 Յունուար, 2019 —Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած “Armenia!” ցուցահանդէսը կը շարունակուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ։ Ամբողջութեամբ Հայաստանի նուիրուած առաջին ցուցահանդէսն է այս նշանաւոր թանգարանին մէջ, պատրաստութեամբ՝ դոկտ. Հելըն Էվընզի։

10 Նոյեմբեր —«Հաւատամքի հետազօտութիւն», 3-ժամեայ սեմինար Ինտիըն Օրչըրտի (Մէսէչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։ Բանախօս՝ Շանթ սրկ. Գազանճեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ։ Տեղեկութիւններու համար, դիմեցէք եկեղեցւոյ գրասենեակին ելեկտրոնային նամակով ( [email protected] ) կամ հեռաձայանով՝ (413) 543-4763.

10 եւ 11 Նոյեմբեր —Armenian Fest 2018, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Փրովիտընս, Ռոտ Այլընտ։ Տարեկան կերակուրներու փառատօն՝ Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston, Rhode Island։ «Համազգային»ի «Արցախ» պարախումբը ելոյթ պիտի ունենայ երկու օրերուն։ Տեղեկութիւններու համար՝  www.armenianfestri/food.com կամ 401-831-6399։

11 Նոյեմբեր —Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն)։ Ս. Պատարագի նուիրուած չորս դասախօսութիւններու շարք՝ քարոզի ժամանակ։ Երրորդ դասախօսութիւն՝ Հաղորդութեան բաժին եւ արձակման բաժին։ 

18 Նոյեմբեր —Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) 56ամեակ։ Պատարագիչ՝ թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Սրբազան։ Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ։

2 Դեկտեմբեր —Արեւելեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի ի պատիւ ճաշկերոյթ։ Ընդունելութիւն՝ ժամը 2:30ին, ընթրիք եւ յայտագիր՝ ժամը 3:30ին։ Terrace on the Park, 52-11 111 th Street, Flushing Meadows Park, New York։

9 Դեկտեմբեր —“What’s in a Name? The Etymology of Armenian Surnames”։ Դասախօսութիւն՝ գրող եւ խմբագիր C. K. Garabed-ի կողմէ։ Կէսօրէ ետք ժամը 1, «Բաշալեան» սրահ, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 East 27 th Street, New York City, Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի հովանաւորութեամբ։ 

5 Մայիս 2019 —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակ։ ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼ։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/