9 Յունուար, 2020
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
Հաւատով Խոստովանիմ Ժէ․ աղօթք

Կը կարդայ՝ Հայկ Բենէնեան,
«Համաստեղ» հայկական դպրոցի աշակերտ
(Ս. Խաչ եկեղեցի, Պեթեստա, Մէրիլէնտ)

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երկուշաբթի, 6 Յունուարի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Վահագն եւ Յասմիկ Յովնանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընդունելութիւնը եւ Տնօրհնէքը։

Սրահին ջերմ մթնոլորտը աւելի եւս շէնցուցած էին բազմաթիւ հիւրերը, որոնք եկած էին յայտնելու իրենց խնդակցութիւնը՝ տօնական օրերու առիթով, եւ իրենց զօրակցութիւնը Առաջնորդարանի աշխատանքներուն։ Ընդունելութեան սկիզբ տրուեցաւ Տնօրհնէքի արարողութեամբ, զոր կատարեց Նիւ Եորք Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան։

Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան ողջունեց ներկաները եւ խօսեցաւ այս նոր տարուան առիթով իր ունեցած ակնկալութիւններուն ու յոյսերուն մասին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կարգ մը հիւրերու՝ Առաջնորդարանին եւ իրենց ծուխերուն հանդէպ ցուցաբերած աջակցութեան եւ նուիրումին համար։ Միաժամանակ, ան ներկայացուց տիար Ալբերտ Գէորգեանը, որ օրեր առաջ ժամանած էր իբրեւ նոր նշանակուած խորհրդական ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան։

«2020 տարին, իսկապէս, բոլորիս համար որոշադրիչ տարի մըն է», ըսաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ «Մենք պիտի տօնախմբենք 105ամեակը ցեղասպանութենէ յարութիւն առած մեր ժողովուրդին… մենք դատապարտուած էինք անապատին մէջ ոսկոր դառնալու եւ ապա մոխիր եւ փոշի դառնալու, բայց Աստուծոյ նախախնամութիւնը՝ Եզեկիէլի ոգիով, ոսկորներէն յարութիւն տուաւ մեր ժողովուրդին եւ ահաւասիկ մենք այստեղ ենք»։

Սրբազան Հայրը յայտարարեց, թէ պիտի վերահաստատուի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի ամենամեայ ուխտագնացութիւնը՝ վերջերս անտեսուած աւանդութիւն մը վերականգնելու ճիգով։ Ան յայտնեց նաեւ, թէ այս տարի պիտի նշուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի ընտրութեան 25ամեակը։ Վեհափառ Հայրապետը պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներ՝ հովուապետական այցելութեամբ, որուն մաս պիտի կազմէ Հայրապետական Ս. Պատարագի մատուցումը՝ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Յայտագրի աւարտին, խոստմնալից պատանի երգչուհի՝ Անահիտ Ինճիկիւլեան իր գեղեցիկ ձայնով հիացուց ներկաները, մեկնաբանելով «Աւէ Մարիա», «Քէլէ-քէլէ» եւ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» երգերը, որոնցմէ վերջինին մէջ անոր ընկերացաւ՝ թենոր երգիչ Վաղարշակ Օհանեան։ Վ ․  Օհանեան միաժամանակ դաշնակով կ՚ընկերանար Ա ․ Ինճիկիւլեանի  երգեցողութեան։

Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեանի սեղանօրհնութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն։
Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան Ջրօրհնէքը կը կատարէ։

Երգչուհի Անահիտ Ինճիկիւլեան ելոյթ կ՚ունենայ հիւրասիրութեան ընթացքին։

Հրաւիրեալները՝ Տնօրհնէքի արարողութեան ընթացքին:

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ՆՇԵՑ
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը նշեց։ Թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան Ս. Պատարագ մատուցանեց ու նախագահեց Ջրօրհնէքի արարողութեան Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, կնքահայրութեամբ` Յակոբ Արի Մախուլեանի, որդին՝ տէր եւ տիկ. Ռաֆֆի եւ Հերա Մախուլեաններու։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հաւատացեալները հիւրասիրուեցան «Ճոն Բաշալեան» սրահին մէջ։

ՄԱԿ-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԸ՝
ԱԼԲԵՐՏ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ալբերտ Գէորգեան:
Երկուշաբթի, Յունուար 6ին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան պատարագին ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿի ներկայացուցչութեան խորհրդական՝ Ալբերտ Գէորգեան։ Նոյն երեկոյեան, ան ներկայ եղաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Ծննդեան ընդունելութեան։   

Ալբերտ Գէորգեան կ՚աղօթէ նահատակաց յուշարձանին առջեւ՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ալբերտ Գէորգեան։ 
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՀՐԱՒԷՐ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ
Եբրայեցւոց ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ նորադարձ քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ ըսելով` «չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանաք» (2ե 1): Անհրաժեշտ է արթնութեան ու զգաստութեան հրաւիրող առաքեալին այս կոչը լուսարձակի տակ բերել ա՛յս օրերուն մանաւանդ, երբ կը պատրաստուինք հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու աշխարհի Փրկչին ծնունդը: Եկէք նախ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք վերոնշեալ երեք բառերուն վրայ.

1.- Փրկութիւն.- Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր էջին ու նոյնիսկ նախադասութեան մէջ փրկութիւնը` իբրեւ Աստուծոյ պարգեւը մարդուն, տիրական ներկայութիւն է: Փրկութիւնը նպատակն իսկ է Աստուծոյ յայտնութեան: Իր անձին ու գործին ճամբով Աստուած ինքզինք յայտնեց` մարդուն եւ ողջ ստեղծագործութեան փրկութեան համար: Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը Աստուծոյ փրկագործական յայտնութեան պսակումն է: Քրիստոսով` աստուածային փրկագործական յայտնութիւնը դարձաւ փրկագործական առաքելութիւն: Փրկութիւնը մարդուն եւ մարդուն կողմէ ապականուած ստեղծագործութեան վերստեղծումն է եւ ազատագրումը` մեղքի կալանքէն ու չարի տիրապետութենէն:

2.- Ճամբայ.- Առաքեալը փրկութիւնը կը բնութագրէ իբրեւ ճամբայ: Արդարեւ, Քրիստոս մեզ Աստուծոյ հետ հաշտեցուց (Բ. Կորնթ. 5. 18), եւ իր խաչով ու յարութեամբ մեր առջեւ բացաւ դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճամբան: Արդ, փրկութիւնը աստուածային միջամտութեամբ իրագործուած եւ մարդուն տրուած երկնային շնորհք մըն է: Ան Քրիստոսով իրագործուած դէպք մըն է ու միաժամանակ ընթացք մը` եկեղեցւոյ վկայութեամբ շարունակուող: Փրկութեան երկնային շնորհքին անդրադառնալ կ՛ենթադրէ Քրիստոսի հաւատալ ու Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ քրիստոսակեդրոն կեանք ապրիլ: Չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը, թէ ով որ ինծի կը հաւատայ, թող ետեւէս գայ` խաչին խորհուրդն ու պատգամը ապրելով իր կեանքին մէջ (Մատթ. 16. 24):

3.- Հեռանալ.- Քրիստոսի հետեւիլը, այլ խօսքով` երկրաւոր կեանքին մէջ երկնայինը ապրիլը դիւրին չէ: Աստուծոյ Որդին զանազան առակներու ճամբով յիշեցուց իր հետեւորդներուն, թէ փրկութեան շնորհքին արժանանալու համար էական է մեր կեանքին մէջ գործնապէս արտայայտել հաւատք ու հաւատարմութիւն, սէր ու ծառայութիւն: Ահա թէ ինչու առաքեալը զգուշութեան կոչ կ՛ուղղէ նորադարձ քրիստոնեաներուն` զանոնք հրաւիրելով ամուր պահելու իրենց հաւատարմութիւնը Քրիստոսի աշխարհ բերած ուսուցումներուն ու ճշմարտութիւններուն:

Ա՛յս է նաեւ սրբազան պարտաւորութիւնը եկեղեցւոյ` առաքեալներուն կողմէ փոխանցուած: Եկեղեցին կոչուած է.

– ցոյց տալ փրկութեան ճամբան իր կեանքով ու ծառայութեամբ, խօսքով ու գործով.

– օգնել քրիստոնեայ մարդուն ապաշխարութեան ճամբով բացուելու փրկութեան երկնային շնորհքին.

– դէպի փրկութիւն առաջնորդել Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած մարդը.

– յիշեցնել, որ Քրիստոս ի՛նքն է մարդու փրկութեան միակ ապաւէնը:
Սիրելի՛ հայորդիներ,

Աստուծոյ հրեշտակները Քրիստոսի ծնունդը աւետեցին իբրեւ ծնունդը համայն մարդկութեան Փրկչին: Քրիստոս ճշմարիտ ու միակ փրկիչն է աշխարհին: Ան մարդացաւ ու մարդուն հետ նոյնացաւ, որպէսզի իր աստուածաստեղծ պատկերը եղծած մարդուն մէջ վերականգնէ Աստուծոյ ներկայութիւնը, որպէսզի իր աստուածատուր կոչումէն շեղած մարդը վերադարձնէ իր հարազատ կոչումին, որպէսզի իր Երկնաւոր Հօրմէն հեռացած մարդը մօտեցնէ Աստուծոյ. այլ խօսքով, որպէսզի մարդը առաջնորդէ դէպի փրկութիւն:

Աստուածաշնչական այս ճշմարտութիւնը ամուր հիմքն է քրիստոնէական հաւատքին: Քրիստոսի աշակերտները աշխարհին այսպէ՛ս ներկայացուցին Քրիստոսը` իր ծնունդով ու առաքելութեամբ: Ուստի, այս հայեցակէտով հարկ է մօտենալ Նոր կտակարանին: Այսպէս հարկ է ըմբռնել նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:

Ներկայ աշխարհը լեցուն է այնպիսի երեւոյթներով, որոնք մարդը կը հեռացնեն Բեթղեհէմով բացուած փրկութեան ճամբէն:

Ներկայ աշխարհը տիրապետուած է այնպիսի ժխորով, որ թոյլ չի տար լսել Փրկիչին ծնունդը աւետող հրեշտակներուն ձայնը:

Ներկայ աշխարհը մարդուն առջեւ բացած է դէպի փառք ու դիրք, դրամ ու հաճոյք առաջնորդող այնպիսի ճամբաներ, որոնք խաւարով պատած են փրկութեան տանող ճամբան:

Չմոռնանք, որ փրկութեան ճամբան` Բեթղեհէմով աշխարհին առջեւ բացուած ճամբան է: Հարկ է քալել այս ճամբէն:

Չմոռնանք, որ փրկութեան ճամբան ապաշխարութիւնն է, ո՛չ թէ սոսկ խօսքով, այլ ինչպէս կը յորդորէ Ղուկաս աւետարանիչ` «գործով ցոյց տուէք, թէ ապաշխարած էք» (3. 8):

Չմոռնանք, որ փրկութիւնը սիրով շաղախուած ու ծառայութեամբ լեցուած ճամբան է: Հարկ է ուղղուիլ դէպի ա՛յս ճամբան:

Չմոռնանք, որ փրկութիւնը հաւատքով զսպանակուած ու հաւատքը գործի վերածելու յանձնառութեամբ ապրուած կեանքն է: Հարկ է ապրի՛լ այս կեանքը` սպասելով Քրիստոսի երկրորդ գալուստին:

Ահա այն ատեն միայն արժանի կը դառնանք Աստուծոյ փրկութեան շնորհքին, որովհետեւ փրկութիւնը ո՛չ մեր արժանիքին եւ ո՛չ ալ մեր ճիգին ու գործին արդիւնքն է, այլ Աստուծոյ պարգեւն է (Եփես. 1. 8-9): Արդ, այնպէս պէտք է ապրինք մեր կեանքը, որ արժանի դառնանք Աստուծոյ երկնային պարգեւին ու փրկութեան շնորհքին: Մեր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ միշտ լսենք առաքեալին յորդորը. «Չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանաք» :
* * *
Աստուածայայտնութեան խորհուրդով լեցուն այս օրերուն, հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Արմէն Սարգսեանը, վսեմաշուք վարչապետ տիար Նիկոլ Փաշինեանը եւ Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Բակօ Սահակեանը` մաղթելով իրենց նորանոր իրագործումներով հարուստ հայրենանուէր ծառայութիւն:

Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ` Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Սահակ եպս. Մաշալեանը` հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրենց շնորհէ աստուածահաճոյ գործերով լեցուն երկար գահակալութիւն:

Հայրական սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու թեմակալ առաջնորդները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութիւններն ու յարակից մարմինները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` հայցելով Աստուծմէ, որ Բեթղեհէմէն ճառագայթող լոյսով պայծառակերպէ իրենց կեանքը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

6 Յունուար, 2020
Անթիլիաս, Լիբանան

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ
Ինչպէս կը յիշեն մեր ընթերցողները, տօնական օրերու նախօրեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեան դիմած էր Ազգ. Առաջնորդարանիս՝ տօներուն լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու ուտեստեղէն եւ այլ անհրաժեշտ իրեր հասցնելու աշխատանքին օժանդակելու։ Լիբանանի ընկերային ու տնտեսական այժմու կացութեան լոյսին տակ, ա՛լ աւելի առաջնահերթ կը դառնար նման աշխատանքին ընդառաջելը։ Առաջնորդարանը անմիջապէս լծուած էր գործի, դիմումներ ընելորվ “Crossroads”ի, ընկերային ցանցերու եւ ծուխերու միջոցով։ Մեր ընթերցողներէն շատերը նուիրատուութիւններ կատարեցին այդ նպատակին։ Կամաւոր աշխատողներ կատարած էին նախապատրաստական աշխատանքները՝ այս օժանդակութիւնը անգործ ընտանիքներու, տարեցներու, հիւանդներու եւ հաշմանդամներու անձամբ հասցնելու համար։
 
Այս շաբաթ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նամակ մը ստացած է Հայր Սուրբէն, ուր ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Առաջնորդարանին եւ բոլոր անհատ նուիրատուներուն։ Ստորեւ կու տանք նամակը ամբողջութեամբ.
 
«Անհուն շնորհակալութեամբ կը գրեմ ձեզի այս նամակը։ Անգամ մը եւս յարմար բառեր կը փնտռեմ, մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու ձեզի, այս անսահման եւ արժէքաւոր արարքին համար։ Կ՚ուզենք ձեզ տեղեակ պահել, թէ աւելի քան 175 ընտանիքներու բարեսիրական մեր ծրագիրը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին։ Դուք յոյս եւ երջանկութիւն ներշնչեցիք կարիքաւոր հայ ընտանիքներու, ի մասնաւորի Լիբանանի ներկայ դժուար եւ անորոշ պայմաններուն։ Սոյն նախաձեռնութիւնը, ի վերջոյ, մնայուն յարգանքի տուրք պիտի ըլլայ՝ հանդէպ ձեր վեհանձն սիրտերուն։ Այս արարքը հարազատ ցուցանիշ է ձեր կապուածութեան՝ հանդէպ Աստուծոյ Խօսքին, որ օրինակ կը հանդիսանայ բոլորին։ Արտայայտած կ՚ըլլամ իմ բոլոր գործակիցներուն եւ կամաւորներուն զգացումները, երբ ձեզի յայտնեմ մեր խորին ու սրտագին շնորհակալութիւնները։
 
Մեր ապագայի նախաձեռնութիւններուն համար ձեր բարոյական թէ նիւթական շարունակական աջակցութիւնը վայելելու յոյսով, ձեզի կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ ձեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ։

Թող ձեր բոլորին ընտանեկան անդաստանին մէջ սէրը մնայ միշտ ճառագայթող, քաղցրութիւնը՝ բալասանի պէս բուժիչ դեղ, ազնուութիւնը՝ Լուսաւորչի կանթեղի ձէթի պէս մաքուր եւ սրտանց ծառայութեան ոգին՝ մշտավառ կանթեղի պէս շողարձակ»։ 

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ
Հինգշաբթի, 9 Յունուարի առաւօտեան, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, ընկերակցութեամբ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեանի, այցելեց Լիբանանի նոր նշանակուած ընդհանուր հիւպատոս՝ տիկ. Ապիր Թահա Աուտիի։ Շուրջ մէկ ու կէս ժամուան այցելութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ կրօնական եւ Լիբանանը յուզող զանազան հարցերու շուրջ շահեկան զրոյց։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՆԻՒ ՊՐԻԹԸՆԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 5 Յունուարին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ճամբորդեց Նիւ Պրիթըն (Քընեթիքըթ), ուր նախագահեց առաւօտեան ժամերգութեան եւ կատարեց Ս. Ծննդեան հսկումը Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Այնուհետեւ, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը ելոյթ ունեցաւ։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԻՆ
Յունուար 12-19ին,՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան պիտի մասնակցի Հայկական Ժառանգութեան Նաւապտոյտին՝ Ամերիկայի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ։ Լայնածաւալ ժողովրդականութիւն վայելող այս աւանդական պտոյտը, որ Գարիպեան ծովուն մէջ կ՚ընթանայ, բոլոր ճաշակները գոհացնող յայտագիր մը կը հրամցնէ ճամբորդներուն։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի կատարէ առօրեայ առաւօտեան ժամերգութիւնն ու խորհրդածութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի խօսի քրիստոնեայ հայկական ինքնութեան մասին դարերու ընթացքին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանայ Արժ. Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան, որ խորհրդածութիւններ պիտի ներկայացնէ հաւատացեալներուն։

Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ 
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ 
Լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու նուիրատուութիւն մը յանձնուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ձախէն աջ՝ Տ. Մեսրոպ քհն., Լուիզ Քանեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Արմէն Մորեան, Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան եւ Մովսէս Մուսայէլեան։  
Ս. Ծննդեան օրուան առիթով, Երկուշաբթի, Յունուար 6ին, հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան, եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը 5.000 տոլարի վճարագիր մը ներկայացուցին Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին՝ ի նպաստ լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու։ Այս գումարը արդիւնք էր Մայր Եկեղեցւոյ դրամահաւաքի ջանքերուն եւ հաւատացեալներու նուիրատուութիւններուն Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին։ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Մայր Եկեղեցւոյ ծխականներուն եւ բարեկամներուն իրենց սիրայօժար նուիրատուութիւններուն համար։

Տ. ԴԱՆԻԷԼ ՔՀՆ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ
Կիրակի, 5 Յունուարին, Տ. Դանիէլ քհն. Մանճիկեան մատուցեց իր առաջին՝ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը, Պոստընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Միացեալ Նահանգներ նոր ժամանած Տէր Հայրը, ընկերակցութեամբ երէցկին Վանա Դանիէլեանի, ներկայիս փորձառական շրջան մը կ՚անցընէ Պոստընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ՝ հովուական պաշտօնի անցնելէ առաջ։  

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ
ՄԵՐ ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

 
ԹՈՒՂԹ ՀՐՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-7

Ես՝ Պօղոս, ծառան եմ Քրիստոս Յիսուսի, որ զիս կանչեց իր առաքեալը ըլլալու եւ պաշտօն տուաւ Աստուծոյ Աւետարանը քարոզելու: Սուրբ գիրքերուն մէջ արձանագրուած կը գտնէք, թէ Աստուած կանուխէն իր մարգարէներուն միջոցաւ խոստացաւ տալ այս աւետիսը, որ կը վերաբերի իր Որդիին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ իբրեւ մարդ՝ Դաւիթի սերունդէն ծնաւ, բայց որ իբրեւ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ, երբ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ մեռելներէն յարութիւն առաւ: Ա՛ն էր որ ինծի առաքեալ ըլլալու շնորհքը տուաւ, որպէսզի իր անունին հաւատալու եւ հնազանդելու հրաւիրեմ բոլոր ազգերը, որոնց կարգին դուք ալ Յիսուս Քրիստոսի պատկանելու կանչուեցաք:

Ողջո՜յն բոլորիդ որ Հռոմ կը բնակիք. ձեզի՝ որ Աստուած սիրեց եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու կանչեց: Թող Աստուած՝ մեր Հայրը, եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:
 
 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 2:1-7
 
Այդ օրերուն, Օգոստոս կայսր հրամանագիր հանեց՝ իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր բնակիչներուն մարդահամարը կատարելու: Այս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ Սուրիայի կառավարիչ Կիրենիոսի օրերուն: Ամէն մարդ իր ծննդավայր քաղաքը կ’երթար՝ իր անունը արձանագրել տալու համար: Յովսէփ, Դաւիթի ցեղէն եւ ազգատոհմէն ըլլալուն համար, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն ելաւ եւ իր անունը արձանագրել տալու համար գնաց Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքը, Դաւիթ թագաւորին ծննդավայրը: Իրեն կ’ընկերանար իր նշանածը՝ Մարիամ, որ յղի էր:

Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը, որ փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար:  

ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Երկուշաբթի, 13 Յունուարին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Անուանակոչութեան տօնը՝ ըստ եբրայական աւանդութեան։ Այս տօնին նշումը (Մատթ. 1:20-23, Ղուկ. 1:30-32, Ղուկ. 2:21) տեղի կ՚ունենայ Ծնունդէն եօթ օր ետք։ Մեր Տիրոջ անունակոչութեան եւ թլփատման այս դէպքը հիմք դարձած է մանուկին ծնունդէն ութ օր ետք մկրտելու աւանդութեան, որ այսօր հազուադէպ կը կիրարկուի։ «Ութը օր ետք, երբ մանուկը թլփատելու ժամանակը հասաւ, Յիսուս կոչեցին զայն, այն անունով որ հրեշտակը տուած էր անոր՝ տակաւին Մարիամի որովայնին մէջ չյղացած» (Ղուկ. 2:21):
  
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏԻ ԾՆՈՒՆԴԸ
Երեքշաբթի, 14 Յունուարին, Հայաստանեայց Եկեղեցին Ս. Յովհաննէս Կարապետի (նաեւ ծանօթ՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ անունով) ծննդեան տօնը կը նշէ։ Զաքարիա եւ Եղիսաբէթ տարեց զոյգ մըն էր, որ մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց իր զաւակին ծնունդը, զոր Յովհաննէս կոչեց, ինչպէս Գաբրիէլ հրեշտակապետը հրահանգած էր։ Դրացիներ ու հարազատներ, որոնք հաւաքուած էին այս իւրայատուկ մանուկին ծնունդը տօնելու, անոր ապագային մասին հարց կու տան. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս մանուկը»։

Ամիսներու լռութենէ ետք իր ձայնը վերագտած ըլլալով, Զաքարիա ըսաւ.
«Եւ դուն, զաւա՛կս,
Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս
եւ Տիրոջ առջեւէն պիտի քալես՝
անոր ճամբան պատրաստելու,
     որպէսզի գիտցնես իր ժողովուրդին,
թէ պիտի փրկուին՝
իրենց մեղքերուն ներում գտնելով.
     որովհետեւ Աստուած իր գթառատ ողորմութեամբ
իբրեւ Արեգակ՝ երկինքէն պիտի ծագի մեր վրայ,
     եւ յայտնուի մեզի,
որ խաւարի մէջ եւ մահուան շուքին տակ կը մնայինք,
    որպէսզի մեր ոտքերը
դէպի խաղաղութեան ճամբան ուղղէ» (Ղուկ. 1:76-79):

«Փութացիր մեզ յօգնութիւն առ ի վերուստ սուրբ Յովհաննէս, առաքեալ եւ մարգարէ եւ կարապետ եւ մկրտիչ որդւոյն Աստուծոյ. առ Քրիստոս բարեխօսեա վասն անձանց մերոց։

Քահանայապետին Քրիստոսի որ ի խաչին պատարագեալ. քահանայդ ինքնանուէր մատո զպաղատանս, երգարանի եւ տօնողացս շնորհել զքաւութիւն. առ Քրիստոս բարեխօսեա վասն անձանց մերոց»։

(Վերէն մեզի օգնութեան փութացիր սուրբ Յովհաննէս, առաքեալ եւ մարգարէ եւ կարապետ եւ մկրտիչ Աստուածորդիին. մեզի համար բարեխօսէ Քրիստոսին։

Դուն, ինքնանուէր քահանայ, խաչին վրայ պատարագուած Քրիստոս քահանայապետին երգաբանիս եւ տօնողներուս պաղատանքը մատուցանէ, մեզի քաւութիւն շնորհելու. մեզի համար)։

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ
Նոր տարուան սկզբնաւորութեան, Արեւելեան թեմը կը վերսկսի իր խորհրդածութիւններու շարքը։ Այս շաբաթ, առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, բարի գալուստ կը մաղթէ՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութենէն ետք, խորհրդածելով այս Կիրակի օրուան ընթերցումին մասին (Աւետարան ըստ Ղուկասի 2:1-7)։

ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ «ԿՊՉՈՒՆ ԱՅԲՈՒԲԵՆ»Ը
Նոր Տարուան սեմին, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի գրասենեակի պատրաստութեամբ, հրապարակ ելաւ «Կպչուն Այբուբեն»ը։ Մեր դպրոցներուն համար, բայց նաեւ ընտանեկան միջավայրին մէջ գիրերը խաղալով սորվելու օգտակար միջոց մըն է այս։ Գործածողը նկարին նայելով գիրերը պիտի հետեւցնէ եւ զանոնք վերցնելով, կրնայ որեւէ տեղ փակցնել քով-քովի՝ բառեր եւ, ինչո՞ւ չէ, խօսքեր կազմելու։

Ծրարը 7 թերթ ունի (6 թերթ կպչուն այբուբեն + 1 թերթ նկարներուն անունները)։ Կը վաճառուի Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Գինը՝ 9.99 տոլար։ 
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ԾՆՆԴԵԱՆ   ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
«Շ․ ԵՒ Յ․ ՅԱԿՈԲԵԱՆ» ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅԷՆ ՆԵՐՍ
Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս․ Սարգիս եկեղեցւոյ «Շուշան եւ Յովսէփ Յակոբեան» շաբաթօրեայ դպրոցը Յունուար 5ի երեկոյեան տօնախմբեց Քրիստոսի Ծնունդը, ներկայութեամբ՝ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Նարեկ քհն․ Թրթռեանի, ծնողներու եւ հիւրերու։  Դպրոցի տնօրէնուհի՝ տիկ․ Նայիրի Զօհրապեան, բարի գալուստի եւ շնորհաւորական խօսք արտասանելէ ետք, ներկայացուց ուսուցչակազմը եւ ծնողաց յանձնախումբը՝ ջատագովելով անոնց տարած լուրջ աշխատանքը։

Տիկին Զօհրապեան յայտնեց, որ ՀՕՄի կազմակերպած շարադրական մրցոյթին՝ վարժարանի աշակերտներէն Էտի Հազարեան առաջին մրցանակը ստացած էր 14 դպրոցներու մէջ։ Ապա Էտին հրաւիրեց ու պարգեւատրեց զայն։

Տօնախմբութիւնը սկսաւ աղօթքով եւ Ծննդեան յատուկ երգերով տիկ. Զեփիւռ Արծիւեանի ղեկավարութեամբ։ Դաշնակով կ՛ընկերակցէր՝ տիկ․ Հայկուհի Մկրեան։ Մանկապարտէզէն մինչեւ 4րդ կարգի աշակերտներ ներկայացուցին Քրիստոսի թեմայով բանաստեղծութիւններու փունջ մը, իսկ 6րդ եւ 7րդ կարգի աշակերտները թատերականացուցին Քրիստոսի ծնունդը ծափահարութիւններու եւ հիացական արտայայտութիւններու մէջ։ Հանդիսութիւնը փակուեցաւ դպրոցի ծնողներու յանձնախումբին կազմակերպած հիւրասիրութեամբ։

ՄԱՆՈՒԿ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ «ՀԱՄԱՍՏԵՂ» ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐՍ
Պեթեստայի (Մէրիլէնտ) «Համաստեղ» դպրոցի սաները կենդանի մսուրով մը ողջունեցին Քրիստոս մանուկի ծնունդը` 8-րդ դասարանի ուսուցչուհի տիկ. Լենա Տէմիրճեան Թաթարեանի կազմակերպութեամբ։ Յիշարժան օր էր՝ ներառեալ Ջրօրհնէքը, Գէորգ Կարապետ Թաթարեանի կնքահայրութեամբ: Ամենէն հաճելին՝ Ս  Ծնունդի առիթով դպրոցականներուն ստացած նուէրներն էին, որոնք յատկացուած էին դպրոցի ծնողական միութեան կողմէ։ Իսկ դպրոցի ուսուցչակազմը նուիրած էր ուտեստեղէնն ու զարդարանքը։ 200էն աւելի ներկաներ կային այդ օր:

ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ՋՐՕՐՀՆԷՔԸ՝ ԾՈՒԽԵՐԷՆ ՆԵՐՍ
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)

Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 

Ս. Ստեփանոս եկեղեցի (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս)

Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն)

Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսեթս)

Ս. Խաչ եկեղեցի (Թրոյ, Նիւ Եորք)

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի (Ուստըր, Մասաչուսեթս)

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ)

Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)

Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)

Ս․ Պօղոս եկեղեցի (Ուոքիկըն, Իլինոյ)

Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։

Այս շաբթուան նամակը գրած է Գոռը, որուն հովանաւորն է Արթուր Պետրոսեանը։
«Բարեւ ձեզ,

Ձեզ գրում է Գոռը։

Ես առաջին անգամ իմ ձեռքով Ձեզ նամակ եմ գրում։ Ես սովորում եմ երկրորդ դասարանում, սովորել եմ հայերէն այբուբենը, կարողանում եմ գրել, կարդալ, պատմել։ Դասերս սովորելու հարցում ինձ օգնում են մայրս, քոյրս։

Ես ինքնուրոյն դեռ չեմ կարող սովորել։ Իմ շատ սիրած առարկաներն են ռուսերէնը եւ մայրենին։ Ամէն առաւօտ քոյրիկիս հետ միասին յաճախում ենք դպրոց։ Դպրոցից տուն եմ գալիս, ճաշում եմ, սովորում եմ դասերս եւ իջնում եմ բակ ընկերներիս հետ ֆուտբոլ խաղալու։ Ես շատ եմ սիրում այդ սպորտաձեւը։

Մայրիկս ինձ խօսք է տուել եթէ ես լաւ սովորեմ եւ գոհացնեմ մայրիկիս, ինձ համար նուէրներ կը գնի։ Ես ուզում եմ շնորհակալ լինեմ Ձեզանից, մեզ օգնողներից։ Թող այս կեանքում ոչ մի երեխայ տխուր չլինի, լինեն իրենց ծնողների հետ միասին»։

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,  սեղմեցէք այստեղ արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( [email protected] կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։  
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ 
Ազգ. Առաջնորդարանի հայաստանեան գրասենեակը՝ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւնը, սկսած է հովանաւորութեան իր ծրագիրը բոլոր այն որբերուն համար, որոնք 18 տարեկանը կը բոլորեն եւ կ՚արձանագրուին բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ՝ իրենց կրթութիւնը շարունակելու համար։

Տարեկան գումարը՝ 250 տոլար, պիտի ծառայէ թեթեւցնելու կրթութեան հետ կապուած ծախսերը։

Ծրագրին սկիզբը դրած էր 31 տարի առաջ թեմիս օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Աշճեան, 1988ի աղէտալի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք։ Մինչ այն ատեն, առաջնահերթութիւնը երկրաշարժի վերապրողներուն օժանդակութիւնն էր, շուտով, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը արդէն հազարաւոր մանուկներու իր նպաստը բերաւ ու կը շարունակէ։ Օշական արք. Չօլոյեանի պաշտօնավարութեան շրջանին, «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը օժտուեցաւ սեփական նոր գրասենեակով։

Ծրագիրները աճած ու ծաղկած են, ներառնելով՝ մանկատուներու, դպրոցներու, աշակերտներու, երէցներու, հաշմանդամ ազատամարտիկներու օժանդակութիւն, եւ ամառնային ճամբար մը։

Այս բոլորը բաւարար չէ։ Ինչպէս հայրենիք այցելուները կրնան վկայել, Հայաստանի յուսահատութեան մութ օրերը անցեալի մէջ մնացած են, յատկապէս՝ թուրք-ազերի շրջափակման եւ Արցախի պատերազմի ամենադաժան տարիները։ Երեւանը ներկայիս ծաղկուն քաղաքն է, ուր ամբողջ աշխարհէն այցելուներ կը ժամանեն։ Բայց երկրի ու Արցախի երկայնքին, բոլորս ալ գիտակից ենք, որ բազում մարտահրաւէրներ կան։ Յաճախ՝ կրթութիւնը բանալի է զանոնք յաղթահարելու համար։

Հայաստանն այժմ ծանօթ է շրջանին մէջ, իբրեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կեդրոն մը, ինչ որ բազմաթիւ աշխատատեղիներ պիտի ստեղծէ, որոնց համար կարող ու անհրաժեշտ դաստիարակութեամբ մասնագէտներու պէտքը կայ։ «Մեծն Ներսէս»ի կողմէ հովանաւորուած որբ երեխաները այժմ Հայաստանի տնտեսութեան պէտք ունեցած աշխատուժը դառնալու ճամբուն են։

Տասնամեակներէ ի վեր, բազմաթիւ նուիրատուներու յանձնառութեան շնորհիւ, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը «Մեծն Ներսէս»ի գործունէութեան կեդրոնական մասերէն մէկը հանդիսացած է։ Նուիրատուները երեխաներու աճին վկայ եղած են եւ յաճախ ուժեղ կապեր հաստատած անոնց հետ։

Ինչպէս միշտ, ձեր աջակցութիւնը մեծ դեր կը կատարէ։

Տարիներու երկայնքին առատաձեռն կերպով օժանդակութիւն բերած են հովանաւորները այժմ կրնան շարունակել իրենց դերակատարութիւնը՝ երէկուան մանուկներուն օգնելով, որ հասուննան իբրեւ երիտասարդ մասնագէտներ։

Նախապէս հովանաւորուած որբեր այժմ համալսարանական ուսանողներ են եւ նոր հովանաւորներու կարիքը պիտի ունենան։ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը, թափանցիկ ու բարձր մակարդակի իր գործունէութեամբ, պիտի շարունակէ հնարաւոր թեկնածուներ գտնել եւ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել։

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ Համալսարանականներու Հովանաւորութեան ծրագրով աշակերտ մը հովանաւորել, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով   ( [email protected] ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։
« YERGIR 2 ԵՐԿԻՐ»
 
Հրայր Բազէ Խաչերեան
Այս մեծածաւալ ու գեղատիպ պատկերագիրքը՝ հայերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն բովանդակութեամբ, կը ներկայացնէ հարիւրաւոր լուսանկարներ՝ ամբողջ պատմական Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն, ուր ներկայացուած են հինն ու նորը, պատմութիւնն ու բնութիւնը։ «“Երկիր” բառը գաղափարական այն խիտ բանաձեւն է, ժամանակներու խորքէն սերած, որու միաժամանակ գաղտնի եւ հանդիսաւոր արտայայտութեամբ ծայր առաւ Հայ ազատագրական շարժումը, 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն։ 3000 տարիներու անզուգական ընթացքի մը մէջ, այդ բառը կը հաստատէ հայութեան հոլովոյթի վերջին հիմնական անկիւնադարձը, նոր սկիզբը, որմէ ետք մէյ մըն ալ ետ-դարձ կամ շեղում չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ ատիկա համազօր կ՚ըլլայ անէացման» (Հայդուկ Շամլեան)։

Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Ստանալու համար, դիմեցէք  [email protected]  հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՆՈՎ ( ծնունդ՝ 12 Յունուար , 1853)
 
«Փաւլովեան տեսութիւն», «Փաւլովի շուն»։ Այս արտայայտութիւնները բաւական յայտնի են տարբեր լեզուներով, բայց ռուս մեծահռչակ բնախօս (physiologist) Իվան Փաւլովի առաջին հայ օգնականին՝ Վարդան Վարդանովի (Վարդանեան) կենսագրութիւնը այնքան յայտնի չէ։

Վարդանով ծնած է Թիֆլիս, 12 Փետրուար, 1853ին։ 1871ին Ռուսական գիմնազիոնէն շրջանաւարտ ըլլալով, Ս. Փեթերպուրկի բժշկական-վիրաբուժական ակադեմիան մտած է։ 1876ին աւարտելէ ետք, մասնակցած է ռուս-թրքական պատերազմին (1877-1878), կռուելով պալքանեան ճակատին վրայ։
 
1892 ին, պաշտպանած է իր տոքթորականի աւարտաճառը՝ «Կալվանական երեւոյթներ գորտի մաշկին մէջ»։ Անոր գիտական աշխատութիւնները նուիրուած են որոշ ջիղերու փոխյարաբերութեան եւ մարմինի կազերու փոխանակութեան ու ջերմային կարգաւորման։

Վարդանով եղած է Ս. Փեթերպուրկի բժշկական դպրոցներու մէջ դասաւանդող առաջին հայ դասախօսը։ 1898-1919ին, բնախօսութիւն դասաւանդած է կնոջական բժշկական համալսարանին մէջ, ուր հիմնած է բնախօսութեան ամպիոնն ու տարրալուծարանը, դառնալով լիիրաւ դասախօս 1904ին։ Կեանքի վերջին տարիներուն, գիտական գծով փոխտեսուչն էր։
 
1890 ին, սկսած է աշխատիլ ռազմաբժշկական ակադեմիային մէջ, ուր դարձած է Փաւլովի օգնականը 1895ին։ Բնախօսութիւն դասաւանդած է նաեւ ջղահոգեբուժութեան համալսարանին, մանկավարժական ակադեմիային եւ ուրիշ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։

Հրատարակած է «Բնախօսութեան դասընթացք» (1906) եւ «Նոթեր բնախօսութեան մասին» (1915) ձեռնարկները։ 1908ին, Վարդանով ընտրուած է Ռուս Բժիշկներու Ընկերութեան իսկական անդամ, իսկ երեք տարի ետք՝ Փորձառական Մանկավարժութեան Ընկերութեան պատուաւոր անդամ։ Մարտ 1916 միացած է Փաւլովի եւ իր պաշտօնակիցներուն՝ Նիկոլայ Վետենսկիի եւ Նիկոլայ Լիխաչեւի, հիմնելով Ի. Մ. Սեչենովի անուան Ռուս Բնախօսներու Ընկերութիւնը։

1917ի բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, ամբողջ Ռուսաստանը խոր ընկերային ու տնտեսական ճգնաժամի մատնուեցաւ՝ իշխանութեան քայքայման հետեւանքով։ Ոճիրներու ալիք մը ընդգրկած է Փեթերպուրկը, եւ Վարդանով անոր զոհերէն մէկը եղած է։ 20 Յունուար, 1919ին, փողոցային գողութեան մը ընթացքին սպաննուած է՝ 66 տարեկան հասակին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Ապրիլ 1969ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա. ընդարձակ հայրապետական այցելութիւն մը կատարեց Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա։ Կիրակի, 13 Ապրիլին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Պատարագ մատուցանեց Նիւ Եորքի Ռիվըրսայտ եկեղեցւոյ մէջ, աւեի քան 3,000 հաւատացեալներու եւ Ամերիկայի մէջ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Իր քարոզին մէջ, Խորէն Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց կարեւորութիւնը, որ այս երկրին մէջ ծնած նոր սերունդը խոր ծանօթութիւն ունենար հայ ժողովուրդի անցեալին, լեզուին ու մշակոյթին, «որպէսզի հայկականութիւնը չդառնայ պարզապէս անուն եւ յիշատակ, բայց ապրող, շնչող ոգի եւ ապրելաձեւ»։ Ան ընդգծեց, որ «Հիւսիսային Ամերիկայի մեր ժողովուրդին ծրագիրը՝ իրենց եկեղեցւոյ կառոյցը զօրացնելու եւ կեդրոնացնելու, այս աշխատաքին գործիքն է»։ Լուսանկարի ձախին կ՚երեւի Սահակ արք. Այվազեան, որ Կաթողիկոսին ընկերացաւ այցելութեան ընթացքին, իսկ աջին Տ. Ասողիկ քհն. Քէլէճեանն է։
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ “CROSSROADS”Ի ՀԱՄԱՐ
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք    [email protected]       հասցէին պէտք է յղուին։

   “Crossroads”ին թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը՝  Չորեքշաբթի կէսօր է։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
11 Յունուար, 2020 — «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։

 15 Մարտ, 2020 — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 

 28 Մարտ, 2020 —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

 13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 

31 Մայիս, 2020 —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։ Մանրամասնութիւնները յետագային։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/