9 Ապրիլ, 2020
ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆՆ Է
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱՄԱԿԸ՝ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Անթիլիաս, Ս. Զատիկ 2020

Գերաշնորհ Տ.
Անուշաւան Արք. Դանիէլեան
Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին
Նիւ Եորք

Սիրելի՛ Սրբազան,

Տագնապի ու անորոշութեան ճիրաններուն մէջ տուայտող աշխարհին մէջ դա՛րձեալ կը հնչէ ձայնը Յարուցեալ Քրիստոսին՝ «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛» (Մր 5.36)։

Արդարեւ, վախը իր տիրապետութիւնը կը հաստատէ, երբ Աստուած բացակայ է մարդկային կեանքէն։ Հաւատքն է, որ մարդուն կեանքը Աստուծոյ ներկայութեամբ կը զինէ՝ դիմագրաւելու աշխարհի փորձութիւններն ու փորձանքները։ Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է՝ հաւատքի զօրութեամբ յաղթելու ամէն տեսակ չարիքի ու տագնապի։

Ճգնաժամի մէջ գտնուող աշխարհի ու նաեւ մեր ժողովուրդին եկեղեցւոյ պատգամը նո՛յն պատգամն է Քրիստոսի՝ մի՛ վախնաք, միայն հաւատացէ՛ք. մի՛ վախնաք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին (Յh 16.33)։

Մեր կեանքը շրջապատող այս տագնապալից օրերուն, կ՚աղօթենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ մեր ընտանիքներուն առողջութեան ու անվտանգութեան համար։ Թող Բարձրեալն Աստուած հեռու պահէ Ձեզ, հոգեւոր դասը, ազգային իշխանութիւնը եւ թեմի հաւատացեալները չարէ ու չարիքէ։ Թող մահուամբ մահը յաղթած Քրիստոս իր հրաշափառ յարութեամբ հեռու պահէ աշխարհը ամէն տեսակ չարիքներէ։
Հայրական ջերմ սիրով,

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԽՕՍՔԸ
Սիրելի հաւատացեալներ,

Այս Կիրակի կը տօնենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը, որ տօնն է մարգարէութիւններու եւ խոստումներու իրականացման, տօնն է Հաւատքի ու Յոյսի յաւերժական արշալոյսի, տօնն է Կեանքի՝ անժխտելի ու անվիճելի յաղթանակին Մահուան վրայ։

Հաւատքի, Յոյսի եւ Կեանքի այս տիեզերական տօնախմբութեան առաջնորդող ճանապարհը սալայատակուած էր, ինչպէս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը նախատեսած էր, Իր Չարչարանքով, Խաչելութեամբ ու Թաղումով (Մտ 16.21)։

Թոյլ տուէք, որ պարզ հարցում մը ընեմ։ Արդեօք երբեւէ հարցուցա՞ծ էք դուք ձեզի կամ ձեր հովիւին, թէ ինչո՞ւ Զատիկը կանխող Ուրբաթը՝ խորին ցաւի եւ յուսախաբութեան, անապահովութեան եւ անորոշութեան օրը, անգլերէն Good Friday («Լաւ Ուրբաթ») կը կոչուի։ Արդարացի հարցում մըն է, անշուշտ, բայց միայն մարդկային տեսանկիւնէն։ Ճիշդ է, որ այդ Ուրբաթ օրը կը թուէր խորհրդանշել բարիքի եւ խաղաղութեան նոր դարաշրջանի աւարտը։ Այդ Ուրբաթը կը թուէր այն օրը ըլլալ, երբ Չարի երազը իրականացած էր, երբ «ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ / Բարձրեալին պիտի նմանիմ» (Ես 14.14)։ Ասիկա, կրկնութեան գնով ըսեմ, մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած վերլուծում մըն է։ Աստուածային տեսանկիւնէն, ամէն ինչ կ՚ընթանար ըստ Փրկագործութեան ծրագրին։ Ինչպէս Աստուած կ՚ըսէ «Իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները, ու իմ ճամբաներս ձեր ճամբաները չեն» (Ես 55.8)։

Ի տարբերութիւն մարդկային տեսանկիւնի փարողներուն, Աստուած մեզի կը յիշեցնէ, որ «Իմ զօրութիւնս», Անոր զօրութիւնը, «ամբողջապէս կը յայտնուի՝ մարդուս տկարութեանը մէջ» (Բ. Կր 12.9)։ Հետեւաբար, այդ Ուրբաթը լաւ Ուրբաթ մըն էր, եւ ամէն տարի լա՛ւ՝ Աւագ Ուրբաթ ունինք, որովհետեւ այն գերագոյն օրն է, որ ճամբայ հարթեց Յարութեան եւ արտայայտեց բացարձակ այն ճշմարտութիւնը, որ վերջնական վճիռը կը պատկանի Աստուծոյ, որ ըսաւ. «Լոյս ըլլայ, եւ լոյս եղաւ» (Ծն 1.3)։ Անշուշտ Աւագ Ուրբաթ է, որովհետեւ մեծագոյն Ուրբաթն է, որ առաջնորդեց Յարութեան եւ այդ օր մահուան խայթոցները մեր Տիրոջ յաղթանակով չէզոքացան (հմմտ. Ա. Կր 15.55)։ Ի հարկէ, Աւագ Ուրբաթ է նաեւ, որովհետեւ իր գագաթնակէտը գտաւ Յարութեան մէջ, եւ այդ օր Մարդկութիւնը արժանացաւ յաւիտենական կեանքի՝ Խաչին վրայ Զոհողութեան անվերապահ սիրոյ միջոցով։

Այս հասկացողութեամբ, պսակաձեւ ժահրի պատճառած համընդհանուր մտահոգութեան, տառապանքի եւ յուսահատութեան ընդմէջէն, եկէք բոլորս աղօթենք Ամենակալ Աստուծոյ՝ Արարչութեան Տիրոջ, որ մեզի պարգեւէ Իր իմաստութիւնը, որպէսզի մեր մարդկային տեսանկիւնը մեզ սխալ ուղղութեամբ չառաջնորդէ։ Աղօթենք, որ Իր տեսանկիւնը ցոյց տայ մեզի մեր ուղիղ ճանապարհը եւ օգնէ, որ նուաճենք մեր կեանքի իւրաքանչիւր Գեթսեմանիի եւ Գողգոթայի փորձառութիւնը, զանոնք յաղթանակի վերածելով՝ Անոր փառքին համար։ Ողջունենք զիրար ամենահզօր եւ ամենայաղթ աւետիսով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։ Ալելուիա։  

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Արեւելեան ԱՄՆի Թեմի 

ՄԱՀԸ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱԾԵԼ
Չարութեան հին խմորը դուրս նետեցէք ձեզմէ , որպէսզի ամբողջութեամբ նոր եւ անխմոր զանգուած մը ըլլաք , ինչպէս որ էք արդէն , քանի որ Քրիստոս՝ մեր Զատիկին Գառնուկը, մորթուեցաւ : Ուստի Զատիկը տօնենք՝ ո՛չ թէ հին խմորով , այսինքն՝ ո՛չ թէ չարութեան եւ անզգամութեան խմորը պահելով մեր մէջ , այլ՝ առանց թթխմորի , այսինքն՝ անկեղծութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ (Ա. Կր 5.6-8) :

Յիսուսի խաչելութիւնը սգալու եւ երրորդ օրուան յարութեամբ հրճուելու աւելի անկիւնադարձային պահ մը դժուարաւ կարելի է երեւակայել։ Ամէնուրեք եկեղեցիները փակ ըլլալով բոլորին համար, բացառութեամբ՝ պատարագող եկեղեցականներուն , տրամաբանական է ենթադրել , որ քրիստոնեայ աշխարհին մեծ մասը պիտի չկարենայ հաղորդուիլ Զատկուան Գառնուկի Մարմնին ու Արիւնին հետ։
 
Զրկուած ըլլալով տարուան թերեւս ամենէն կարեւոր՝ Քրիստոսի յարութեան հետ հաղորդումէն , պիտի ձգտինք Անոր չարչարանքը վերապրիլ մեր սեփական առանձնութեան մէջ եւ մենք մեզ փրկել՝ իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն, մեզ հաւաքաբար փրկելու Անոր զոհողութեան դիմաց։ Աշխարհի բնակարաններուն մեծագոյն մասը վերածուած են պսակաձեւ ժահրի համավարակին դէմ մեկուսացման բերդերու։ Ուստի, Զատկուան այս տօնը իսկապէս նոր իմաստ կը գտնէ Պասեքի հետ իր փոխկապակցութեամբ՝ Վերջին Ընթրիքի մթին օրէն մինչեւ Անոր Յարութիւնը։
 
Յուսաբեկումի այս օրերուն , կ՚աղօթենք , որ աշխարհի ամէն անկիւն թափանցած մահացու ախտը մեր տուներուն ( բոլո՛ր տուներուն ) վրայէն անցնի եւ աներեւութանայ։ Եւ սակայն , իբրեւ քրիստոնեաներ , գիտենք , որ կեանքի թէ մահուան մէջ , Տէրը սիրով ու գորովանքով կը նայի մեզի , այնքան սիրով , որ Իր որդին ղրկեց՝ բոլորիս համար զոհուելու։
 
Լուռ խորհրդածութեան մէջ փակուած , այս տարի հաղորդուինք Քրիստոսի հետ   աղօթքով։ Վերանորոգ սկիզբի մը ձեռնարկենք , որովհետեւ պարտադիր դադարի այս երկար ժամանակը մեզի ցոյց կու տայ , որ թերեւս գործած ենք բազմաթիւ սխալներ , թերեւս կարծած ենք , որ այսօր մեզի պակսող բազմաթիւ բարիքներ ի վերուստ տրուած էին ։ Այս Կիրակի , վստահութեամբ եւ ցնծութեամբ , տան մէջ եւ մեր ընտանիքին ու բարեկամներուն ուղղուած խօսքերու եւ հեռաձայնի զանգերու ընթացքին աւետենք իրարու . Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց , օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի ։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՄՆ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎԻՆ
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8ին, տեղի ունեցաւ տեսաժողով մը, նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ԱՄՆի դեսպան՝ Վարուժան Ներսէսեանի։ Տեսաժողովին Երեւանէն կը մասնակցէին հայրենի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին՝ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան, եւ ուրիշներ։ Մասնակցեցան նաեւ ամերիկահայ գաղութի կրօնական, քաղաքական, բարեսիրական, իրաւաբանական եւ բժշկական կազմակերպութիւններու, ինչպէս եւ դեղագործական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները։

Տեսաժողովի ընթացքին, զեկոյցներ տրուեցան պսակաձեւ ժահրի համավարակի հետեւանքով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող իրավիճակին մասին։ Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան այլ հրատապ նիւթեր, ինչպէս՝ Հայրենիքին շտապ օգնութեան միջոցներու հայթայթումը, Հայաստանի կողմէ հնարաւոր օժանդակութիւն Միացեալ Նահանգներուն, ամերիկահայ համայնքի՝ համավարակի (pandemic) կապակցութեամբ բերած ներդրումինը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակի ոգեկոչումը։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Աւագ Շաբթուան ընթացքին պիտի նախագահէ հետեւեալ արարողութիւններուն՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Աստղանիշով (*) նշուածները պիտի սփռուին ուղիղ կերպով Ազգ. Առաջնորդարանի կայքէջի ( www.armenianprelacy.org ) կամ Դիմատետրի էջին (Armenian Prelacy of the United States) վրայ.
 
Աւագ Հինգշաբթի, Ապրիլ 9
Երեկոյեան ժամը 5։00՝ Ս. Պատարագ
Երեկոյեան ժամը 6:00՝ Ոտնլուայ (*)
Երեկոյեան ժամը 7:00՝ Խաւարում (*)
Նկատի ունենալով, որ այս արարողութիւնը եւս դռնփակ կը կատարուի, կը թելադրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդին, որ Աւետարանի ընթերցումներու ընթացքին, եթէ կը փափաքին, աղօթքով իրենց ուխտը կատարել եւ դերձանի հանգոյցը ընել։

Աւագ Ուրբաթ, Ապրիլ 10
Երեկոյեան ժամը 7:30՝ Թաղում (*)

Աւագ Շաբաթ, Ապրիլ 11
Երեկոյեան ժամը 6:00՝ Ս. Պատարագ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ս. Զատկուան տօնին, Կիրակի, Ապրիլ 12ին, առաւօտեան ժամը 11:00ին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը նոյնպէս ուղիղ կերպով պիտի սփռուի։  

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Այսօր Աւագ Հինգշաբթի է։ Աւագ Հինգշաբթին կ՚ոգեկոչէ քանի մը իրադարձութիւններ։ Նախ Վերջին Ընթրիքը՝ ըստ Աւետարաններու նկարագրութեան, եւ Ոտնլուան, որ տեղի ունեցաւ, երբ Յիսուսի աշակերտները կը վիճէին, թէ իրենցմէ ո՞վ ամենէն մեծը պիտի ըլլար։ Այս տխուր վարմունքը տեսնելով, Յիսուս «մեծութեան» կենդանի օրինակ մը ցուցաբերեց՝ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով, ի նշան ճշմարիտ խոնարհութեան։

Յիսուսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքը եւ մահավճիռը յիշատակող Խաւարման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հինգշաբթի օրուան մեծ հսկումէն անցման դէպի Աւագ Ուրբաթ։ Խաւարման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ աշակերտները խորհրդանշող 12 եւ Յիսուսը ներկայացնող աւելի մեծ՝ մէկ մոմով, եւ կը պարունակէ շատ գեղեցիկ շարականներու փունջ մը։ Արարողութեան ընթացքին, մոմերը կը վառին, բացի մէկ մոմէն, որ կը խորհրդանշէ Յուդան, եւ Աւետարաններու ընթերցումի ընթացքին, զոյգ-զոյգ մոմերը կը մարուին, մինչեւ որ միայն մնայ մեծ մոմը՝ մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Լոյսը։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 12 ԱՊՐԻԼ
Ս. ԶԱՏԻԿ
ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:15-26
Համբարձումէն քանի մը օրեր ետք, երբ շուրջ հարիւր քսան հաւատացեալներ մէկտեղուած էին, Պետրոս ոտքի ելլելով ըսաւ.
Եղբայրնե՛ր, պէտք էր կատարուէր Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը, այն՝ ինչ որ նախօրօք Սուրբ Հոգին ըսած էր Դաւիթի բերնով՝ Յուդայի մասին, որ Յիսուսը ձերբակալողներուն առաջնորդը եղաւ: Յուդա մեր խումբէն էր, մեզի պէս առաքելական ծառայութեան համար ընտրուած: Բայց իր անիրաւ մատնութենէն ետք, որուն վարձքով ագարակ մը գնեց, երեսն ի վայր ինկաւ այնտեղ եւ փորը ճեղքուելով՝ փորոտիքը դուրս թափեցաւ: Բոլոր Երուսաղէմացիները այս մասին իմացան, եւ այս պատճառով ալ այդ ագարակը իրենց բարբառով Ակեղդամա, այսինքն՝ Արեան ագարակ կը կոչեն: Արդ, Սաղմոսներու գիրքին մէջ գրուած է. «Թող անոր տունը աւերակ մնայ, եւ հոն մարդ չբնակի». իսկ ուրիշ տեղ մը կ’ըսէ. «Իր պաշտօնը ուրիշ մէկը թող առնէ»: Այստեղ կան մարդիկ, որոնք միշտ մեր հետը եղած են Տէր Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան, Յովհաննէսի ձեռքով անոր մկրտութենէն մինչեւ երկինք համբարձման օրը: Ասոնցմէ մէկը պէտք է որ տասնըմէկիս միանայ՝ Քրիստոսի յարութեան վկայ ըլլալու համար:
Այն ատեն հաւատացեալները երկու հոգի ներկայացուցին. Բարսաբա կոչուած Յովսէփը, որ Արդար մականուանուեցաւ, եւ Մատաթիան: Ապա հետեւեալ աղօթքը ըրին.
Դուն, Տէ՛ր, որ կը ճանչնաս բոլոր մարդոց սիրտերը, ցոյց տուր մեզի՝ թէ այս երկուքէն ո՛ր մէկը կ’ընտրես առաքելական այս պաշտօնին համար, որմէ Յուդա ինկաւ՝ իրեն սահմանուած տեղը երթալու համար:
Ապա երկու անուններուն վրայ վիճակ ձգեցին: Վիճակը Մատաթիային ելաւ, եւ անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն կարգին դասուեցաւ:
 
ՄԱՐԿՈՍ 16:2-8
Շաբաթ օրը երբ անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, եւ Սողոմէն գացին խունկեր գնեցին եւ պատ­րաս­տեցին, որպէսզի երթան եւ օծեն Յիսուսի մարմինը: Կիրակի առաւօտ կանուխ, արեւածագին, գերեզման եկան:
– Ո՞վ պիտի գլորէ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը,- կը հարցնէին իրարու, որովհետեւ քարը շատ մեծ էր:
Սակայն երբ նայեցան, տեսան որ քարը արդէն իսկ գլորուած էր: Գերեզ­մանէն ներս մտան եւ ճերմակ զգեստ հագած երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստած էր, եւ սարսափեցան: Երիտասարդը ըսաւ անոնց.
 
– Մի՛ վախնաք, գիտեմ որ խաչուած Նազովրեցի Յիսուսը կը փնտռէք, բայց հոս չէ՛, յարութիւն առաւ: Տեսէ՛ք, զինք հոս դրած էին: Այժմ գացէք, ըսէք իր աշակերտներուն եւ Պետրոսի, որ ահա ինք ձեզմէ առաջ կ’երթայ Գալիլ­եա. հո՛ն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսած էր ձեզի:
 
Երբ ասիկա լսեցին, դուրս փախան գերեզմանէն, զարհուրած ու ապշա­հար, եւ ոչ մէկուն բան մը ըսին, որովհետեւ կը վախնային:

Երեկոյեան ընթերցումներ՝
Գործեր 1:1-8, Ղուկ. 24:13-36, Յովհ. 20:1-18, Յովհ. 5:24-30, Յովհ. 19:31-37, Յովհ. 20:19-25։ 
ԻՒՂԱԳԻՆ
Մեր Եկեղեցւոյ իւղագինի նուիրատուութիւնը , ի մասնաւորի՝ Ս . Ծննդեան եւ Ս . Զատկուան առիթով, հին աւանդութիւն մըն է։ Ժամանակին ծխականները դրամ կը նուիրէին՝ իւղ գնելու եւ եկեղեցւոյ լուսաւորութիւնը ապահելու համար։ Աւանդութիւնը շարունակուած է մինչեւ մեր օրերը , թէեւ ներկայիս դրամը լամբերու իւղին չի յատկացուիր , այլ՝ լոյսի , ջեռուցումի եւ օդորակումի հաշուեցոյցերը վճարելու։ Գաղափարը սակայն ի զօրու կը մնայ , յատկապէս այս օրերուն, երբ կը դիմագրաւենք առողջապահական արտակարգ իրավիճակի բերած անակնկալ դժուարութիւնները։ Ձեր իւղագինի նուիրատուութիւնը մեծապէս պիտի գնահատուի՝ մեր եկեղեցիներու բարեկեցութեան բերած իրենց նպաստով։ 
ԱՂՕԹՔԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Հինգշաբթի, Ապրիլ 2ին, Ազգային Առաջնորդարանը ձեռնարկեց անգլերէն լեզուով դաստիարակչական շաբաթական շարքի մը՝ “Exploring Tools for Prayer” («Աղօթքի միջոցներու հետազօտութիւն»)։ Առցանց մատուցուող այս շարքը կը վարէ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան։ Ներածական բաժնին մէջ, Շանթ Սարկաւագ շեշտը դրաւ աղօթքի երեք հիմնական միջոցներու վրայ, որոնք ամէն մարդ կրնայ օգտագործել. 1) Տէրունական Աղօթքը, 2) Սաղմոսաց գիրքը, 3) Ժամագիրքը։ Առաջին երկուքը կը բխին Աստուածաշունչէն, իսկ երրորդը՝ սուրբ գրային աղօթքներէ ներշնչուած ու ձեւաւորուած։ Անոնց օգտագործումին համար, Շանթ Սարկաւագ մատնանշեց երկու կարելի ձեւեր. ա) մեր Եկեղեցւոյ առօրեայ արարողութիւններու սաղմոսներու ցանկը, բ) Ժամագիրքէն աղօթքներու շարք մը։ Յառաջիկայ շաբաթներուն, ան պիտի վերլուծէ Տէրունական Աղօթքը նախադասութիւն առ նախադասութիւն։ 

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ «Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» 34ՐԴ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԻՆ
«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» կրօնական դաստիարակութեան ամառնային ծրագրի կազմակերպումը ընթացքի մէջ է։ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ նախաձեռնուած ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ, 28 Յունիսէն մինչեւ 5 Յուլիս։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել  այստեղ ։ 
Որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  
Այս օրուան նամակը գրած է Արէնը, որուն հովանաւորներն են տէր եւ տիկ. Արտաշ Պետրոսեանները։
 
«Ես Արէնն եմ։ Ես յաճախում եմ չորրորդ դասարան։ Իմ ընտանիքը բաղկացած է երկու անդամից՝ ես եւ իմ մայրիկը։ Ես դպրոցում սովորում եմ գերազանցիկ։ Իմ սիրած զբաղմունքը՝ ֆուտբոլ խաղալն է, եւ երգ լսելը։ Ես ցանկանում եմ յաճախել երաժշտական դպրոց։ Ես ցանկանում եմ, որ իմ հայրենիքը լինի խաղաղ եւ ապահով։ Ես երազում եմ դառնալ վիրաբոյժ, եւ դրա համար պէտք է լաւ սովորել»։

ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.

ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։

բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։     

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել,   սեղմեցէք այստեղ   արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, անչափահաս թէ չափահաս որբերու հովանաւորութեան համար, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով   (  [email protected]  )    կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։       
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՊՐԻԼ 4Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Աշխարհի կացութիւնը այլ է այս օրերուն, լուծումներն ալ` համապատասխան։
«Սիամանթօ» լսարանի Մարտ ամսուան հանդիպումը առժամապէս յետաձգուեցաւ ու ֆիզիքական ներկայութեան անմիջապէս փոխարինեց Zoom-հանդիպումը, Շաբաթ, Ապրիլ 4ին։ 

Օրուան նիւթը բնականաբար այժմէական պէտք էր ըլլար։ Հիւր դասախօսը՝ տոքթ. Արա Չալեան, աւելի մտերմիկ զրոյցի վերածելով հանդիպումը, շօշափելի հարցերու գործնական լուծումներ առաջարկեց։

Աշակերտներուն մտահոգութիւնները այլազան էին, ընդհանրապէս անշուշտ մեծ մասը չէր կրնար համակերպիլ նոր վիճակին. ձանձրոյթ, մարզական ու ընկերային կեանքէն զրկանք, դասերու տարօրինակ բնոյթ՝ համացանցի միջոցով։ Պատանեկան եւ սկաուտական հաւաքները, նաեւ եկեղեցական արարողութիւնները կարօտով սպասող կար։ Անոնք բաներ կը սորվեցնեն, որ առօրեայ դպրոցը չի մատակարարեր։

Հիւր դասախօսը՝ շօշափելով մտահոգութիւնները, դրական մտածելաձեւը ցանեց անոնց մէջ, որ եթէ օրէնքներուն հետեւինք, մեծամասնութեամբ ապահով պիտի ըլլանք, եւ շեշտեց ժամանակացոյցի կարեւորութիւնը կեանքին մէջ ընդհանրապէս ու այս վիճակին մէջ մասնաւորապէս։ Ան նշեց, որ այս վիճակը ինքնաճանաչման առիթ մըն է, ուր հակառակ ընկերային կեանքէ դժուար տարուող զրկանքին, կայ նաեւ տունը ըլլալու իրողութիւնը, որ նկատի առնելով արհեստագիտութեան անսահման հնարաւորութիւնները, ճիշդ չէ անպայման փակում նկատել։ 

«Սիամանթօ» լսարանը իր յաջորդ հանդիպումը պիտի ունենայ 25 Ապրիլին։ 
«Կ՚ԸՆԹԵՐՑԵՆ – ՄԵՐ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ՝ ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ»  
Այս նոր վերնագրին տակ, շաբաթական երկու անգամ՝ Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի կէսօրէ ետք, Առաջնորդարանիս դիմատետրին վրայ պիտի հանդիպիք մանկական գրքերու ընթերցումներու։ Ընթերցողները մեր վարժարաններու ուսուցչուհիներն են, որոնք մեր երեխաներուն կ՚օգնեն իրենց տնային կեցութեան օրերուն, հայերէն ունկնդրելու, ամէն օր տարբեր պատմութիւն մը հրամցնելով։

Օգնեցէք ձեր մանուկներուն, իրենց հետ վայելեցէք նաեւ դուք՝ իրենց արտայայտութիւնները, եւ ինչու չէ, բաժնեկցեցէք ձեր ծանօթներու մանուկներուն հետ, հաւատալով որ ուրախացնելով ուրախանալը երջանկութեան մնայուն տեսակն է։
«ՀԱՅ ԳՈՂԳՈԹԱ» (հատոր Ա. եւ Բ.)
Գրիգորիս եպս. Պալաքեան

Գրիգորիս եպս. Պալաքեան (1877-1934)՝ Ապրիլ 24ին ձերբակալուած ու աքսորուած դէմքերէն մէկը, յաջողած է Մեծ Եղեռնին վերապրիլ եւ տարագրութեան իր փորձառութիւնը արձանագրել «Հայ Գողգոթա»յի երկու հատորներուն մէջ, որոնցմէ երկրորդը լոյս տեսած է յետմահու։ Տարագրութեան ժամանակ, ան ձգտած էր ողջ մնալ՝ իր ամբողջ տեսածը հետագային գրելու համար։ Հետեւաբար, գիրքը արդէն մարմին առած էր իր մտքին մէջ , մինչ ոճիրն ու գազանութիւնը տեղի կ՚ունենար իր շուրջ։ Այսպիսով , Պալաքեան Սրբազանը մեծ ճիգով իր յիշողութեան մէջ ամբարած վկայութիւնը յաջողեցաւ վերապրող սերունդին փոխանցել։  
Այս գիրքերը տրամադրելի են    Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք  [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ (ծնունդ՝ 15 Ապրիլ, 1904)

Ինչպէս յաճախ պատահած է գիրի ու արուեստի պատմութեան մէջ, ողբերգական կեանքի մը զոհ գացած դէմքեր յետմահու կ՚արժանանան համբաւի։ Այդպէս պատահած է ամերիկեան եւ համաշխարհային նկարչութեան թերեւս ամենէն հռչակաւոր հայ դէմքերէն մէկուն՝ Արշիլ Կորքիի պարագային։

Բուն անունով՝ Ոստանիկ Մանուկ Ադոյեան, ապագայ նկարիչը ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Վանի Հայոց ձոր գաւառի Խորգոմ գիւղը, 15 Ապրիլ, 1904ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի եւ Վանի դպրոցներուն մէջ։ 1908ին հայրը Միացեալ Նահանգներ արտագաղթած է՝ զինուորական ծառայութենէ խուսափելու համար։ 1915ի Վանի ինքնապաշտպանութենէն եւ ռուսական նահանջին յաջորդած զանգուածային գաղթին ընթացքին, մօր՝ Շուշանիկ Տէր Մարտիրոսեանի, եւ երեք քոյրերուն հետ Էջմիածին գաղթած է, ապա փոխադրուած՝ Երեւան։ Ուսումը շարունակած է Երեւանի թեմական դպրոցին մէջ, ուր սորված է նկարչութիւն եւ փայտի փորագրութիւն։ 1916ին մեծ քոյրերը մեկնած են Միացեալ Նահանգներ, իսկ երեք տարի ետք մայրը սովամահ եղած է Երեւանի մէջ։ 1920ին, Ոստանիկ եւ քոյրը տեղափոխուած են Թիֆլիս, ապա՝ Պաթում, այնուհետեւ մեկնած Միացեալ Նահանգներ։ Ամերիկայի մէջ, ան վերստին հանդիպած է հօր, բայց մնայուն կապ պահած չէ։

1922ին Ոստանիկ Ադոյեան մտած է Պոստընի New School of Designը, ուր եղած է կիսաժամ դասատու, եւ 1924ին Արշիլ Կորքի անունը որդեգրած է, պնդելով որ վրացի ազնուական մըն էր կամ ռուս գրագէտ Մաքսիմ Կորքիի ազգական։ Նոյն տարին փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր 1925-1931ին դասաւանդած է Grand Central արուեստի դպրոցին մէջ։ 1920ական թուականներուն տպաւորապաշտութենէն անցած է խորանարդապաշտութեան (cubism) եւ վերջապէս յանգած է գերիրապաշատութեան (surrealism)։

1933ին, տնտեսական տագնապի օրերուն, Կորքի միացած է նկարիչներու օգնութեան կառավարական ծրագրին եւ անոր պատուէրով ստեղծած Նիւարքի օդակայանի (Նիւ Ճըրզի) որմնանկարներու շարք մը։ 1935ին ամուսնացած է Մարնի Ճորճի հետ, բայց ամուսնալուծուած է տարի մը ետք։ 1939ին մասնակցած է Նիւ Եորքի համաշխարհային ցուցահանդէսի զարդանկարչական աշխատանքներուն։

Կեանքի վերջին տասնամեակին, Արշիլ Կորքի հնչեղ գոյներով ինքնատիպ նկարներ ստեղծած է, որոնք հետագային արժանացած են համաշխարհային համբաւի իբրեւ վերացական արտայայտչապաշտութեան (abstract expressionism) ռահվիրայական գործեր։ Անոնց շարքին կարելի է յիշել «Այգիներ Սոչիի մէջ» (1938) նկարաշարը, «Թէ ինչպէս մօրս ասեղնագործ գոգնոցը կը բացուի կեանքիս մէջ» (1944), «Արօրն ու երգը» նկարաշարը (1944-1947), եւ այլն։ Կորքիի թերեւս ամենէն նշանաւոր գործը «Արուեստագէտը իր մօր հետ» նկարն է (1926-1932)։ Մանկութեան եւ Մեծ Եղեռնի ազդեցութիւնը նկատուած է անոր գործերուն մէջ։

1941ին Կորքի երկրորդ անգամ ամուսնացած է Ակնէս Մակրուտըրի հետ, որմէ ունեցած է երկու աղջիկ՝ Մարօ եւ Նաթաշա։ 1945ին փոխադրուած է Ռոքսպըրի (Քընէթիքըթ), սակայն 1946ին բազմաթիւ ողբերգական պահերու դէմ յանդիման գտնուած է. նախ արուեստանոցը, 36 նկար եւ գրադարանը այրած են, եւ ապա՝ քաղցկեղի վիրահատութիւն ունեցած։ Կինը համբաւաւոր չիլիցի նկարիչ Ռոպերթօ Մաթայի հետ սիրային արկած մը ունեցած է։ Տագնապալի պահերը շարունակուած են. 1948 թուականին ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով ողնաշարը վնասուած է, որուն պատճառով աջ ձեռքը ժամանակաւորապէս անդամալուծուած է։ Կինն ու աղջիկները զինք լքած են։ Չդիմանալով իրերայաջորդ ձախողութիւններուն, Արշիլ Կորքի անձնասպան եղած է 21 Յուլիս 1948ին, Շերմընի մէջ (Քընէթիքըթ)։ Թաղուած է նոյն քաղաքի «Նորթ» գերեզմանատան մէջ։

“WHAT WILL BECOME OF US” ՓԱՍՏԱԳՐԱԿԱՆ ՖԻԼՄԸ ՊԻՏԻ ՀԵՌԱՍՓՌՈՒԻ ԱՊՐԻԼ 22ԻՆ  
Մեծ Եղեռնը հսկայական ազդեցութիւն ունեցած է մեր ընդհանրական ճակատագրին վրայ, ու անոր ներգործութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակուի։ Երիտասարդ ամերիկահայեր յաճախ կը խուսափին իրենց մշակոյթի ստանձնումէն՝ ցեղասպանութեան բեռին պատճառով։ “What Will Become of US” վաւերագրական շարժանկարը կը հետեւի վեց ամերիկահայերու՝ ծանօթ կամ անծանօթ, որոնք ցեղասպանութեան 100ամեակի ընդմէջէն կ՚անցնին, իրենց ապագայ ինքնութիւնը դարբնելով։ Ամերիկահայերը ինչպէ՞ս կրնան իրենց անցեալը ոգեկոչել եւ միաժամանակ անոր պատճառած հոգեկան խոցէն ձերբազատիլ, ահա հարցումը։

Շարժանկարին մէջ ներկայացուած անձերուն պատմութիւնները կը միահիւսուին, ստեղծելով միասնական պատում մը, ուր անցեալն ու ապագան մնայուն կապի մէջ են։

Այս փաստագրական ֆիլմը (՚արտադրիչ՝ Սթեֆընի Այանեան) պիտի հեռասփռուի Ռոտ Այլընտի PBS հանրային կայանէն Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22ին, բայց տարբեր հաղորդումի ժամեր պիտի ունենայ՝ տարբեր վայրերու մէջ։ Ժամանակացոյցին ծանօթանալու համար, հաճեցէք այցելել https://whatwillbecomeofus.com/ կայքէջը։

PBS ի ձեր տեղական կայանին հետ կրնաք կապուիլ՝ անդամական ծառայութեան բաժանմունքի միջոցով, պահանջելով, որ շարժանկարը ցուցադրուի երեկոյեան յարմար ժամերու կամ նպաստաւոր շաբաթավերջի պահու մը։
ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
“Crossroads”ի խմբագրութեան հասցէին ([email protected]) թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը Երեքշաբթի երեկոյ է։
 
Հաճոյքով կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները։

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
25 Ապրիլ Սիամանթօ Լսարանի առցանց յաջորդ հանդիպումը, ժամը 10:30ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ ([email protected] կամ 212-689-7810)։

13-16 Մայիս (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
 
17 Մայիս (ՋՆՋՈՒԱԾ) Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)։ Հանդիպում՝ պատմաբան ու գրագէտ Ռուբինա Փիրումեանի հետ։
 
31 Մայիս —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։
 
28 Յունիս—5 Յուլիս —Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագրի 34րդ տարեշրջանը՝ 13էն 18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence Centerին մէջ (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ կամ կապ հաստատել գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Գազանճեանին հետ, հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով [email protected] հասցէին։  
26-27 Սեպտեմբեր —  Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
17 Հոկտեմբեր Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ “Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ”ու կողմէ։ Կը մասնակցին՝ Սթիւ Ոսպիկեան, կրտսեր, Մալ Պարսամեան, Ճան Պէրպէրեան, Արա Տինքճեան եւ Ճէյսըն Նարոյեան։ DoubleTree պանդոկ, Անտովըր, Մասաչուսեթս։ Այցելեցէք ArmenianFriendsofAmerica.org կամ հեռաձայնեցէք Շաքէին՝ 978-808-0598 թիւին։
15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/