1 Հոկտեմբեր, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՑՈՅՑ
Այսօր, Հոկտեմբեր 1ի յետմիջօրէին, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզի հայ համայնքներու բազմաթիւ անդամներ ցոյց կատարեցին ՄԱԿի մերձակայքը գտնուող Տակ Համարշոլտ հրապարակը՝ զօրակցելով Արցախի քաջարի ժողովուրդին, որ հերոսաբար կը դիմագրաւէ ատրպէյճանա-թրքական ռազմական դատապարտելի յարձակումը։ 

ՄԵՆՔ ԵՆՔ ԱՐՑԱԽԸ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
 
Կիրակի առաւօտուն, երբ հայութիւնը կը պատրաստուէր տօնախմբելու Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, որ խորհրդանիշն է աստուածային սիրոյն մարդկութեան հանդէպ, Արցախի մէջ մեր հարազատները ենթարկուեցան պատերազմական ահաւոր յարձակումի, շղթայազերծուած Ազրպէյճանի կողմէ՝ թրքական կառավարութեան զօրակցութեամբ։
 
Այլ նմանութեանց կողքին, հասարակաց յայտարարը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պետութեանց եղած է այն, որ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան դահիճներն ու իրենց յաջորդները անցնող 105 տարուան ընթացքին շարունակաբար ուրացած են Ճշմարտութիւնը, եւ ամէն գնով փորձած են զայն թաղել։ Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պետութիւնը կ՛ուրանայ այն իրողութիւնը թէ Արցախը,- որ 1923 թուականին Ստալինի քմահաճ որոշումով յանձնուեցաւ Ազրպէյճանի, 1991ին վերագտաւ իր իրաւատէրը, Սովետական Միութեան Սահմանադրութեան համաձայն ինքնորոշման իրաւունքով,- եղած է, է, եւ միշտ պիտի մնայ հայկական հող։
 
Աշխարհասփիւռ դարձած հայ ժողովուրդի զաւակները ամբողջական սրտով կ՛աջակցին Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, մաղթելով շուտափոյթ խաղաղութիւն, որպէսզի շրջանային բարգաւաճումը ընթացք առնէ իրարհասկացողութեան եւ գործակցութեան մթնոլորտի մէջ։
 
Առ այդ կը դիմենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի իրենց սրտաբուխ նուէրները ղրկեն armeniafund.org/donate կամ՝ հեռաձայնեն (800) 888-8897 թիւին, ամոքելու համար ցաւերը մեր ազգակիցներուն եւ թարմացնելու՝ բոլորիս յոյսերը, ի խնդիր մեր արդար իրաւունքներու վերահաստատման։
 
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. ԲՈԼՈՐՍ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿՆ ԵՆՔ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնած հայոց բանակին։
 
Ան կոչ ուղղեց ողջ հայութեան մեր հայրենիքի ռազմական ճիգին զօրավիգ կանգնելու։ 
 
 «Երբ հայրենիքը վտանգի ենթակայ է, ողջ հայութիւնը կը դառնայ հայոց բանակ», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս։ «Ա՛յս կը վկայէ մեր պատմութիւնը. ա՛յս է մեր պատմութեան պատգամը»։
 
Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ «այս վճռադրոշմ պահուն» մեր ժողովուրդը Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ չի կրնար սոսկ «զգացական սահմաններուն մէջ» իր զօրակցութիւնը յայտնել։ Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր հայ «իր արեան կանչով եւ իր հայրենիքին նկատմամբ ունեցած անխախտ հաւատարմութենէն մղուած, գործնապէս իր օժանդակութիւնը բերէ հայոց բանակի առաւել հզօրացման»։
 
Արամ Ա. յայտնեց, թէ մնայուն կապի մէջ է Հայաստանի ու Արցախի պետական իշխանութեան, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։ Ան կոչ ուղղեց իւրաքանչիւր հայու ընդառաջել համահայկական զօրակոչին՝ «ինքզինք նկատելով Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան զինուոր»։ Ան կոչ ուղղեց նաեւ մեր բոլոր թեմերուն, կազմակերպութիւններուն, ընտանիքներուն ու զաւակներուն, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին ճամբով իրենց օժանդակութիւնը բերելու հայոց բանակի ու Արցախի հզօրացման։
«Մեր ջերմ թելադրութիւնն է միանգամայն, որ մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք հայրենիքի պաշտպանութեան ու հայ ժողովուրդի յաւերժութեան համար իրենց արիւնը թափելու պատրաստ մեր զինուորները», ըսաւ Արամ Կաթողիկոս։ «Հայցենք Բարձրեալն Աստուծմէ, որ շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ մեր վիրաւոր զինուորներուն ու հայորդիներուն, լուսաւորէ հոգիները նահատակ զինուորներուն եւ Իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ Արցախը, Հայաստանը եւ մեր համայն ազգը»։
ԱՂՕԹՔ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30ի կէսօրին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք) տեղի ունեցաւ աշխարհի եւ յատկապէս Արցախի խաղաղութեան նուիրուած յատուկ արարողութիւն մը՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, եւ մասնակցութեամբ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի եւ Բարշ. Տ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի։
 
Այս աղօթքը, որ սփռուեցաւ համացանցի վրայ, պիտի կրկնուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ 
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐ)
ԽԱՉԻ ՕԾՈՒՄ ՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄ
Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր, պատմական օր մը եղաւ Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեայ պատմութեան մէջ:
 
Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, շնորհելով առաջնորդական այցելութիւն մը իր hօտին, հոգեւոր իր ներկայութեամբ պատուեց այս հանդիսաւոր օրը, մատուցելով Ս. Պատարագը եւ քարոզելով ներկայ հաւատացեալներուն: (Քարոզի լման բնագիրը տեսնել ստորեւ)։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեանի ընկերակցութեամբ, ամբողջ ժողովուրդը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ պարտէզը, ուր օծման հոգեպարար արարողութենէն եւ «Կիլիկիա» երգելէ ետք, հասած էր այն բերկրալից պահը, երբ Ս. Գրիգոր Եկեղեցւոյ կալուածը պիտի պսակադրուէր ոսկեփայլ եւ հայաբոյր խաչով:
 
Այս արարողութիւնը թագն ու պսակն էր շուրջ 20 տարիներու նորոգութեան ծրագրի մը, որ ընդգրկեց եկեղեցւոյ յարկը, կից «Ճաֆարեան» սրահը, գրասենեակը, դասարաններն ու երիտասարդական հաւաքավայրը, ինչպէս նաեւ այլեւայլ վերաշինութիւններ ու նորոգութիւններ:
 
Հանդիսութիւնը Ապրիլին յետաձգուած էր՝ համավարակի դժբախտ պայմաններուն բերումով։ Նոյն շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եկեղեցւոյ օծման 50ամեակի լրիւ յայտագիրը յետաձգուեցաւ նոյն պատճառով:
 
Կէսօրէ ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովուրդի ներկայութեամբ ընդունելութիւն մը։ Հանդիսավար Տ. Ստեփան Քահանայ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ բազմավաստակ Նորոգութեան Յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ բոլոր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան ի սպաս նորոգութեան ծրագրի իրագործման: Այնուհետեւ խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Գրիգոր Աֆարեան, եւ յանձնախումբի նախկին ատենապետ՝ Փ. Ռիչըրտ Շահդանեան:
 
Ապա Տէր Հայր հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եզրափակիչ խօսքի համար։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնները յայտնեց այս աշխատանքներու բոլոր մասնակիցներուն, դիտելով տալով, որ Նորթ Անտովըրի եկեղեցին, հակառակ պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն բխած բոլոր արգելքներուն ու խոչընդոտներու, կրնայ օրինակ դառնալ այլ ծուխերու, որոնք սոյն պատճառով թերեւս հրաժարին նման ծրագիրներ մշակելէ: 
ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Այսօր, Հայաստանեայց եկեղեցին կը կատարէ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը: Համաձայն աւանդութեան, Սուրբ Հռիփսիմէ կոյսը, որ առանձնաշնորհուած էր Սուրբ Խաչէն մասունք մը ունենալու, Գայիանեանց կոյսերուն հետ հալածանքի ընթացքին պահած էր զայն։ Մասունքը անյայտ մնացած է ամբողջ երեք դար: 653 թուականին Թոդիկ եւ Յովէլ անունով ճգնաւորներ իրենք զիրենք կը նուիրեն 12 օրերու խիստ ծոմապահութեան եւ աղօթքի, եւ նախախնամութիւնը կը յայտնէ իրենց թաքնուած սուրբ Խաչին վայրը: Օրուան Հայրապետը՝ Ներսէս Շինող Կաթողիկոս, այս առթիւ շարական մը կը յօրինէ եւ կը պատուիրէ որ Սուրբ Նշան եկեղեցին կառուցուի, ուր կը պահուի հրաշագործ մասունքը:
 
Այս տօնը իւրայայտուկ է միայն Հայ Եկեղեցւոյ, որ Քրիստոնեայ աշխարհին՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներուն հետ, կը տօնէ նաեւ Խաչի նուիրուած այլ երեք տօներ՝ Խաչի Երեւման ու Վերացման եւ Գիւտ Խաչի տօները:
 
Կասկած չկայ, որ Խաչը Խաչեալով իր իմաստն ու արժէքը կը ստանայ, նոյնանալով մարդացեալ Աստուածորդւոյն սրբազան առաքելութեան հետ: Մեր Տէրը յստակ եւ մէկին յայտնեց, թէ Խաչի նշանը յայտարարը պիտի ըլլայ իր երկրորդ գալուստին. «Այն ատեն Մարդու Որդիին Նշանը պիտի երեւնայ երկնքին մէջ» (Մտ 24.45): Հետեւաբար, Խաչը մեր Փրկագործութեան նուիրական գործիքը դարձաւ եւ շարականագիրին բառերով անիկա «անբարբառ բարեխօս» է: Ի մտի ունենալով Տէրունական երկու պատուիրաններ՝ «խնդրեցէք եւ պիտի տրուի» (Մտ 7.7), ինչպէս նաեւ «Աստուծոյ արքայութիւնը նախ խնդրեցէք եւ մնացեալները պիտի տրուին ձեզի» (Մտ 6.33), զոյգ ճգնաւորներուն հաւատքով արտայայտուած խնդրանքը կատարուեցաւ՝ օրինակ հանդիսանալով բոլոր դարերու հաւատացեալներուն, թէ Տէրը կը կատարէ աստուածահաճոյ մեր խնդրանքները զօրացնելու համար մեր հաւատքը, նոյնիսկ անշունչ իրերու միջոցաւ:   
 
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի եւ իր հետեւորդներուն կողմէ գործադրուած բոլոր հրաշքներուն նման, այս մէկը եւս բնութեան օրէնքով անըմբռնելի է: Ինչպէ՞ս բացատրել որ, առանց հնագիտական փորձառութեան եւ համապատասխան գործիքներու եւ միջոցներու, կարելի է գտնել դարեր շարունակ կորսուած փայտի կտոր մը: Այլ հարցում մը որ շատերու մտքերուն մէջ կը ցցուի, այն է, թէ որքանո՞վ այժմէական է այս տօնը, երբ տարբեր միջավայրի ու ժամանակներու մէջ կ՚ապրինք: Խաչի խորհուրդի եւ զօրութեան նախորդ երկու խորհրդածութիւններուս ընթացքին անդրադարձած ըլլալով, ներկայովս կ՚ուզեմ այս երկու հարցումները լուսաբանել:
 
ա. Բոլոր հրաշքներու պարագային, յստակ է թէ բանականութիւնը լաւագոյն միջոցը չէ զայն հասկնալու: Իսկութեան մէջ, կրնայ օգտաշատ ըլլալ չշփոթելու նիւթականը ոգեղէնի հետ, եւ ուղիղ ընտրութիւնը կատարել մեր ներուժը գործածելով ճշգրիտ ուղղութեամբ, այնպէս ինչպէս Ամենակարող Արարիչը սորվեցուց, թէ ինչ որ անկարելի կը թուի մեկնելով նիւթական աշխարհայեացքէ, կարելի կը դառնայ Աստուծմով՝ հաւատքի ճամբով: Վարագայ Խաչի տօնը կը վերահաստատէ այս ճշմարտութիւնը, թէ ինչպէս երկու ճգնաւորներ ամենայն նախանձախնդրութեամբ իրենք զիրենք նուիրելով ծոմապահութեան եւ աղօթքի, առանց արտաքին որեւէ միջամտութեան կրցան գտնել խաչափայտի մասունքը: Չմոռնանք որ մեր Տէրը Յիսուս ինք եւս շեշտեց ծոմապահութեամբ աղօթքի կարեւորութիւնը, նշելով անոր բարերար ազդեցութիւնը (Մտ 17.24):
 
բ. Այժմ քննենք այս տօնախմբութեան մեր ժամանակներու առնչութեան հարցը: Ճիշդ է, որ ո՛չ Սուրբ Խաչի մասունքը եւ ո՛չ ալ Վարագայ Սուրբ Նշան եկեղեցին ու վանքը մատչելի են մեզի այսօր, մանաւանդ երբ ժամանակն ու տարածութիւնը մեզ այնքան հեռացուցած են մեր արմատներէն, բայց եւ այնպէս մեր հաւատքին մէջ երբե՛ք պէտք չէ տկարանանք: Ճիշդ է, որ նիւթական աշխարհը կարեւոր է մեր հաւատքի սնուցման համար, սակայն պէտք է նաեւ գիտակցինք որ հաւատքը կախեալ չէ նիւթէն:
 
Փափաքելով կը փափաքէի որ այս տօնը միասնաբար տօնախմբէինք ծովահայեաց Վարագայ վանքի հողին վրայ Խաչը բարձրացուցած փառաւոր թափօրով մը: Սակայն, զգո՜յշ պարտինք մեր հաւատքը միշտ ոռոգել մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խօսքով որ ըսաւ. «ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ ճշմարիտ երկրպագուները հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը», (Յովհ. 4.27): Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք մեր հոգեւոր Դաստիարակին ու Առաջնորդին, որ ի յառաջագունէ մեզի յայտնեց անհրաժեշտ ամէն մանրամասնութիւն, որպէսզի բոլոր դարերու իր հետեւորդներուն հաւատքը անխախտ մնայ: Այո՛, ճիշդ է, որ ժամանակի եւ տարածութեան հասկացողութեամբ տարբեր ժամանակներ եւ վայրեր կ՚ապրինք, սակայն Հաւատքը կ՛անդրանցնի զանոնք եւ միշտ բարեբեր արդիւնք կուտայ: Թոդիկ եւ Յովէլ ճգնաւորներէն գլխաւոր պատգամը, զոր բոլոր դարերու հայ հաւատացեալները կրնան քաղել, այն է, թէ անոնք կրնային իրենց անձին համար այլ բաներ խնդրել, սակայն իրենց նպատակն ու առաջնահերթութիւնը Փրկիչին անյայտ մնացած մասունքը գտնել էր, որպէսզի Աներեւոյթ Տիրոջ ներկայութիւնը զգալի դարձնեն իրենց ժամանակակիցներու կեանքին մէջ: Արդ, հաւատքի եւ ծոմապահութեան նոյն նախանձախնդրութեամբ եթէ մեր առօրեան ապրինք, կը հաւատամ որ հոգեւոր, բարոյական, ընկերային, նոյնիսկ քաղաքական արժէքներ եւ հարցեր, որոնք քաւութեան նոխազ դարձած են տարբեր շահերու, բախումներու եւ փիլիսոփայութեանց, Պօղոս Առաքեալի բառերով՝ «երկրաւոր իմաստութեան», վստահ որ Երկնային Լոյսին եւ Իմաստութեան շողով պիտի լուսաւորուին եւ ծառայեն աւելի լաւ կեանք մը ապահովելով ընկերութեան:
 
Համավարակը ճիշդ է որ մեր բնականոն կեանքի ընթացքը լրիւ շրջեց, սակայն կը հաւատամ, որ դրական արդիւնքներէն մին պիտի ըլլայ այն, որ ամենայն խոնարհութեամբ երբ ընդունինք հետեւեալ անուրանալի ճշմարտութիւն մը, թէ որքան աւելի մեր ֆիզիքական ու մտաւոր պարգեւները ոսկեզօծենք Աստուածային ներկայութեամբ, արդիւնքը կ՚ըլլայ ի նպաստ մեր յառաջդիմութեան, բարօրութեան եւ երջանկութեան: Ուստի, թէկուզ Վարագայ վանքէն շատ հեռու գտնուինք եւ զրկուած ըլլանք Սուրբ Խաչափայտը բարձրացնելէ, բայց եւ այնպէս մեր Տիրոջ բառերով՝ «հոգիով եւ ճշմարտութեամբ» տօնախմբենք զայն, Խաչեալին ներկայութիւնը ապրելով եւ այդ փորձառութիւնը բաժնելով անոնց հետ որ զրկուած են այդ բարիքէն:
 
Այս առաւօտ, համայն հայութիւնը ցնցուեցաւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմի գոյժին իրազեկ ըլլալով։ Ճիշդ է, որ Վարագայ հողը զրկուած է իր իրաւատիրոջ հայուն դարաւոր գուրգուրանքը վայելելէ, սակայն Արցախի հողը՝ ոռոգուած հայ նահատակներու արիւնով, բացարձակապէս կը մերժէ օտար լուծի ենթարկուիլ։ Ի խորոց սրտի աղօթենք, օգնենք եւ յուսանք, որ Ամենակալին առաջնորդութեամբ արդարութիւնը յաղթահարէ եւ    միանգամընդմիշտ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները վերահաստատուին, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն:
Ի ՅԻՇԱՏԱԿ
ՍԱՐԳԻՍ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆԻ
(18 Օգոստոս, 1931 – 29 Սեպտեմբեր, 2020)
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը ցաւով իմացան, որ Ազգային Վարչութեան երբեմնի անդամ ՝ պրն. Սարգիս Ղարիպեան իր մահկանացուն կնքած է 89 տարեկանին, Երեքշաբթի, 29 Սեպտեմբերին, Ինտիըն Օրչըրտի մէջ։

Մեծ Եղեռնի վերապրողներու զաւակ՝ Սարգիս Ղարիպեան, ծնած է Պաղտատ (Իրաք)։ Երիտասարդ տարիքին, թուաբանութեան եւ մարմնամարզանքի իր ձիրքերը ցոյց տուած է։ Մաս կազմած է Իրաքի պասքէթպոլի ազգային հաւաքականին ու մետալ շահած՝ Գահիրէի 1951ի համարաբական խաղերուն։

1956ին Միացեալ Նահանգներ գաղթելով, երկու տարի ետք ամուսնացած է հանգուցեալ Մարի Ղարիպեանի հետ ու կազմած իրենց ընտանեկան բոյնը՝ չորս զաւակներով։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Ինտիանա Թեք համալսարանին մէջ, ուր ստացած է ելեկտրական ճարտարագէտի վկայականը, եւ ապա՝ Հիւսիսային Գարոլայնայի նահանգային համալսարանին մէջ, արժանանալով կիրառական թուաբանութեան մագիստրոսի վկայականին։ Երկար տարիներ, ճարտարագիտական պաշտօններ վարած է Solutia Corp ընկերութեան մէջ, որմէ հանգստեան կոչուած է 1991ին։ Այնուհետեւ, կազմած է Applied PC ընկերութեան համակարգչային խմբակը։

Պրն. Սարգիս Ղարիպեան իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է մեր ազգային կեանքին, անդամակցելով Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ, որուն հոգաբարձութեան ատենապետը եղած է եւ երկարամեայ երեսփոխանը։ 1978-1980ին, ան Արեւելեան թեմի Ազգային Վարչութեան գանձապահի պաշտօնը վարած է։

Այս տխուր առիթով, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն՝ տէր եւ տիկ. Էտուըրտ եւ Թանիա Ղարիպեաններուն, տէր եւ տիկ. Գրիգոր եւ Ռոզմարի Հալաճեաններուն, տէր եւ տիկ. Արամ եւ Լենա Գալիկեաններուն եւ տէր եւ տիկ. Զարեհ եւ Յասմիկ Սամուրքաշեաններուն, թոռներուն, ինչպէս եւ եղբօր՝ պրն. Արա Ղարիպեանին։

Յուղարկաւորութիւնը եւ թաղումը տեղի պիտի ունենան մասնաւոր պայմաններու տակ։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ) կամ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին (Ուաշինկթըն)։ 

ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔԻ ԱՐՇԱՒԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Ազգ. Առաջնորդարանի ազգային տուրքի արշաւի երկրորդ փուլը սկսած է։ Երախտապարտ ենք այն բազմաթիւ անդամներուն եւ բարեկամներուն, որոնք մինչեւ հիմա չեն զլացած իրենց առատաձեռն օժանդակութիւնը։ 
 
Ձեր աջակցութիւնը հարկաւոր է՝ աւելի քան երբեք։
 
Մեր ծրագիրները զարգացնելու եւ նորերը գործադրութեան մէջ դնելու համար, պէտք ունինք ձեր նիւթական քաջալերութեան, որ մեզ կը խթանէ յարատեւելու մեր յանձնառութեան մէջ։ «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ. Կր 9.7): 
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին եւ քարոզէ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Պիտի պատարագէ առաջնորդական փոխանորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։ 
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏ
Մեր հաւատացեալներուն առատաձեռն նուիրատուութեան եւ մեր հոգեւորականներու գործակցութեան շնորհիւ, այսօրուան տուեալներով Ազգային Առաջնորդարանի դրամահաւաքը լիբանանահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, հասած է 357.323 տոլարի գումարին։ Ձեր նուիրատուութիւնը լիբանանահայ համայնքին կը բաշխուի Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի գլխաւորած Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնին կողմէ։
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւններու ութերորդ ցանկը, եւ այստեղ՝ ամբողջական ցանկը կարդալու համար։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 4 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Դ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 17:7-14
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 11:27-33
Յիսուս եւ իր աշակերտները դարձեալ Երուսաղէմ եկան: Մինչ Յիսուս տաճարին մէջ կը պտըտէր, իրեն մօտեցան աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչներն ու երէցները եւ հարցուցին.
Ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները: Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ:
Յիսուս պատասխանեց անոնց.
Լա՛ւ, ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ’ընեմ ասոնք, եթէ դուք ալ իմ հարցումիս պատասխանէք: Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն, թէ մարդոցմէ: Պատասխանեցէ՛ք տեսնեմ:
Անոնք սկսան իրարու միջեւ խորհիլ եւ ըսել.
Եթէ ըսենք՝ «Աստուծմէ տրուած էր», մեզի պիտի ըսէ՝ թէ ինչո՛ւ չհաւատացիք իրեն. իսկ «Մարդոցմէ էր» չենք կրնար ըսել՝ ժողովուրդէն վախնալով, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ թէ՝ Յովհաննէս ճշմարտապէս մարգարէ է:
Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի.
Չենք գիտեր:
Յիսուս ալ իրենց հարցումին պատասխանելով ըսաւ.
Այն ատեն՝ ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ’ընեմ այս բաները:
***
Բ. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 13:5-13
Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք: Յուսամ գիտէք, թէ մենք այդ փորձը յաջողապէս կատարած ենք: Եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ չարիք չգործէք: Ասիկա ըսելով, չենք ուզեր մենք մեզ ընտիր ցոյց տալ. ընդհակառակը, կ’ուզենք որ դուք բարին գործէք, նոյնիսկ մեզ ամօթով ձգելու չափ: Որովհետեւ Աստուծոյ ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, այլ միայն կրնանք անոր համար աշխատիլ: Ուրախութեամբ յանձն կ’առնենք տկարանալ, միայն թէ դուք զօրանաք: Ուստի կ’աղօթենք որ հետզհետէ կատարեալ ըլլաք: Ասիկա հեռուէն կը գրեմ ձեզի, որպէսզի երբ գամ, պէտք չունենամ խստութեամբ վարուելու ձեզի հետ այն իշխանութեամբ՝ որ Տէրը ինծի տուաւ ուղղելու համար, եւ ո՛չ թէ պատժելու:
Կը փակեմ նամակս, եղբայրնե՛ր. ո՛ղջ եղէք: Կատարեալ ըլլալու աշխատեցէք, քաջալերուեցէ՛ք: Համերաշխ եւ խաղաղութեամբ ապրեցէք իրարու հետ, եւ այն ատեն խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ:
Սուրբ համբոյրով ողջունեցէք իրար: Այստեղի քրիստոնեաները կ’ողջունեն ձեզ:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլան: Ամէն:
ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՀԱՄԱԶԱՍՊ ՍՈՒՐԲ ԻՇԽԱՆՆԵՐԸ
Այսօր՝ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ արաբական տիրապետութեան դէմ պայքարած երկու եղբայրներու՝ Սահակ եւ Համազասպ իշխաններու տօնը, որոնք ձերբակալուելով՝ դրուեցան քրիստոնէութիւնը ուրանալու կամ մեռնելու երկընտրանքին առջեւ։ Անոնք մերժեցին ուրացումը նահատակուեցան իրենց հաւատքին ի խնդիր։
ՔՐԻՍՏՈՍԻ 72 ՍՈՒՐԲ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3ին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնէ Քրիստոսի 72 սուրբ աշակերտները։ Ասիկա կու գայ Ղուկասի Աւետարանէն (գլ. 10, համար 1). «Այս դէպքէն ետք, Յիսուս եօթանասուներկու աշակերտներ եւս նշանակեց եւ զանոնք զոյգ-զոյգ իրմէ առաջ ղրկեց իր երթալիք բոլոր քաղաքներն ու շրջանները»: (Կարգ մը աղբիւրներ կ՚ըսեն 72 աշակերտներ, իսկ ուրիշներ՝ 70)։ Այս աշակերտները հաւատարիմ մնացին Տիրոջ ու իրենց կոչումին եւ նուիրուեցան Տիրոջ պատգամի տարածման։ Անոնք պատահականօրէն ընտրուած մարդիկ չէին, այլ՝ իսկական աշակերտներ, որոնց աշխատանքով Տիրոջ պատգամը տարածուեցաւ Հռոմէական Կայսրութեան երկայնքին եւ աւելի անդին։
Այս շաբաթ նաեւ կ՚ոգեկոչուին՝
Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբեր՝ Ս. Փոկաս հայրապետ եւ Ս. Երանոս
Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր՝ Ս. Թեկղէ եւ Վարվառէ կոյսեր 
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑԵՐէՆ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ 
«Սիամանթօ» լսարանի վերամուտն էր Շաբաթ, 26 Սեպտեմբերի առաւօտուն։ Այս տարի, լսարանը իր աւանդութեան վերադարձաւ։ Կանոնաւոր դրութեամբ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան ամէն Շաբաթ օր։
 
Այս տարեշրջանի այլ իւրայատկութիւնը եղաւ այն, որ Ուսումնական Խորհուրդի տարիներու փայփայած երազը իրականացաւ։ Իր հիմնադրութեան օրէն, «Սիամանթօ» լսարանը առանձնաշնորհումն էր Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի հայ աշակերտութեան։ Ընթացիկ տարիէն սկսեալ, ան իր դռները կը բանայ Թեմիս բոլոր նահանգներու զաւակներուն։
 
Արդարեւ, 2019ի Սեպտեմբերին այս ծրագիրը Skype-ի միջոցաւ ընելու չափումներ եւ երբեմն ալ փորձեր կատարուեցան, երբ վրայ հասաւ պսակաձեւ ժահրի անակնկալ համավարակը, որ իր հետ բերած ահաւոր դժբախտութեանց կողքին նաեւ բարենպաստ լուծումներու առիթ հանդիսացաւ։ Բաժակին լեցուն կողմը վերցնելով՝ Ուսումնական Խորհուրդը «Սիամանթո»յի դռները բացաւ մեր բոլոր նահանգներուն դիմաց՝ ներկայիս որդեգրուած Zoom-դասարանի իրագործումով։
 
Մօտ վեց տասնեակ պատանի-պատանուհիներ իրենց ապագայի լոյսով փայլփլուն աչքերով մտան Zoom-դասարան մէկը միւսին ետեւէն՝ Ուիսքանսընէն, Տէլիուէրէն, Միզուրիէն, Նիւ Ճըրզիէն, Մասաչուսեթսէն, Նիւ Եորքէն եւ Շիքակոյէն։ Հրաւիրուած էին երկու շաբաթօրեաներու տնօրէնուհիներ՝ տիկ Մայտա Մելքոնեան («Ս Ստեփանոս» շաբաթօրեայ վարժարանի, Ուոթըրթաուն) եւ տիկ Թալին Արթինեան («Դանիէլ Վարուժան» հայկական վարժարան, Կլենվիւ)։ Զոյգ տնօրէնուհիներուն նախանձախնդրութիւնը բարձրօրէն գնահատելի էր, որովհետեւ իրենց վերի կարգերու՝ Ուոթըրթաունի 10րդ, 11րդ եւ 12րդ, իսկ Կլենվիւի 6րդ եւ 7րդի ժամանակացոյցն ու դասանիւթերը ներդաշնակելով, իրենց աշակերտութեան պատեհ առիթը ընծայած էին միանալու «Սիամանթօ» լսարանին։
 
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս աղօթքով բացումը կատարեց տարեշրջանին։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Ուսումնական Խորհուրդի այս հոյակապ ծրագրի իրականացումը, քաջալերեց վարժարաններու տնօրէնուհիները իրենց անսակարկ աջակցութեան համար, եւ յորդորեց աշակերտները որ հպարտութեամբ եւ լրջութեամբ օգտուին իրենց ինքնութիւնը դարբնող այս բացառիկ ծրագրէն։ Այնուհետեւ, իրենց սրտի խօսքը յայտնեցին ներկայ եղող տնօրէնուհիները եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։
 
Աշակերտները ընդունեցին հայոց լեզուի չորս դասարաններու ուսուցիչները՝ տիկ Սօսի Միշոյեան (Երեւանէն), տիկ Սօսի Սուսանեան (Հունգարիայէն), տիկ Թալին Կիրակոսեան (Թորոնթոյէն), տիկ Լենա Նազարեան (Տիթրոյթէն), որ բանաւոր պատճառով բացակայ էր։ Լեզուներու հանդիպումէն ետք, պրն. Ռաֆֆի Ռշտունի (Ռոտ Այլընտէն) դասաւանդեց հայ երաժշտութիւն։
 
Այս ծրագրին նոր շունչը` Հայկական Համացանցային Համալսարանի ծրագիրէն օգտուիլն է, որ մասնագիտական առումով սերտուած է՝ հայերէնագիտութիւնը հաւասարեցնելով ժամանակակից օտար վարժարաններու դասաւանդութեանց։ Առաւել եւս՝ տարեվերջին ուսանողները պիտի ստանան համալսարանական համապատասխան արժենիշ։ 
 
Վստահ ենք, որ նահատակ գրագէտի անունով կնքուած Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանի տեսլականը պիտի արդիւնաւորուի՝ մեր նորահաս սերունդը լիցքաւորելով մեր նախնեաց հոգեմտաւոր հարուստ պաշարով, եւ դարբնելով անոնց հայ քրիստոնեայի ինքնութիւնը ամերիկեան ցամաքամասին վրայ, որպէսզի դառնան առողջ եւ տոկուն օղակը գալիք սերունդներուն համար։ 
ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Շաբաթ, 26 Սեպտեմբերին, Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագրի երրորդ հանդիպումին, Արեւելեան Թեմի դպրոցներու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ՝ շաբաթօրեայ դպրոցին իրենց ծառայութենէն ետք, թարմ եռանդով հաւաքուած էին zoom-ի պատուհաններուն ընդմէջէն, մանկավարժական իրենց գիտութիւնը այժմէականացնելով Լիզպոնէն՝ տիկ. Անի Կարմիրեանի փորձառու դասաւանդութեամբ։ Մեր մանկավարժները, որոնք նախանձախնդիր են մատղաշ սերունդին իրենց լաւագոյնը տալու, երբեք յոգնութիւն չեն ճանչնար, անձնական ամէն հաճոյքէ կամ պատասխանատուութենէ վեր դասելով հայ դպրոցի առաքելութիւնը։
 
Այս ծրագրի հանդիպումները տեղի պիտի ունենան ամբողջ տարեշրջանին երկշաբաթեայ դրութեամբ՝ 2 - 2:30 ժամուան տեւողութեամբ։ Վստահ ենք, որ յառաջիկայ տարի մեր թեմերու դպրոցները պիտի ունենան նոր շունչով ու գիտութեամբ օժտուած ուսուցչական կորիզ մը։
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։ 
 
Այս շաբթուան նամակի հեղինակը Մարիամն է, որ կը հովանաւորուի տէր եւ տիկ. Վահէ Տոմպալակեաններուն կողմէ։ 

«Բարեւ ձեզ, ես Մարիամ . . . եմ։ Սովորում եմ Ակունքի միջնակարգ դպրոցի 5րդ դասարանում, գերազանց, եւ շատ եմ սիրում մաթեմատիկան, մայրենին, անգլերէնը, ռուսերէն, աշխարհագրութիւն եւ ՆԶՊ [նախնական զինուորական պատրաստութիւն]. որոշել եմ երբ մեծանամ՝ դառնամ իրաւաբան։
 
Ունեմ եղբայր, քոյր, պապիկ եւ հօրեղբօրս կինը, նրան ասում եմ Տոտա, բայց նրա անունը Արմինէ է։ Եղբայրս ծառայութեան մէջ է, ծառայում է հայոց բանակին։ Ինչպէս բոլոր զինուորները, այնպէս էլ նա։ Քոյրս ուսանող է, սովորում է թատերական ինստիտուտում՝ ռեժիսոր։ Հօրեղբայրս աշխատում է մեը կողքի գիւղի քարի հանքում՝ Արամուսում։ Պապիկս չի աշխատում, այդ պատճառով ես ու պապիկս ամէն օր շաշկի ենք խաղում։ Հօրեղբօրս կինը տնային տնտեսուհի է, ամէն օր գործ է անում ու ես օգնում եմ նրան։
 
Ունեմ կենդանիներ՝ կատու, թութակ, շուն, ունէի խամեակ, բայց կատուս կերաւ։ Կատուիս անունը Լուի է, թութակինը՝ Ջեսիկա, շունս Խածիկոն է, իսկ խամեակներս Մինին ու Միկին էին»։
Այստեղ սեղմեցէք մինչեւ 18 տարեկան որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։

Այստեղ սեղմեցէք համալսարանական ուսում ստացող որբերու առցանց հովանաւորութեան համար
Դուք միշտ կրնաք դիմել Ազգային Առաջնորդարանին՝ ելեկտրոնային նամակով ([email protected]) կամ հեռաձայնով (212-689-7810), «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագրին մասնակցելու համար
«ՄԱՐԳԱՐԷՆ»
ՃՊՐԱՆ ԽԱԼԻԼ ՃՊՐԱՆ
Այս թարգմանութիւնը լոյս տեսած է Ճպրան Խալիլ Ճպրանի ծննդեան 100ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վայելող՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան նախաձեռնութեամբ եւ հաւաքական աշխատանքով։ Անգլերէն բնագրին կողքին, օգտագործուած են մէկէ աւելի արաբերէն կարեւոր թարգմանութիւններ, լաւագոյնս հասկնալու համար Ճպրանի աշխարհը։
 
Յառաջաբանը յոյս կը յայտնէ, որ
«ընթերցասէր հասարակութիւնը պիտի ըմբոշխնէ «Մարգարէն» գործին գեղեցկութիւնը,
«Մարգարէն» որ լիբանանեան Մայրիներու երգն է՝ աշխարհին Խաղաղութիւն եւ Ազատութիւն պատգամող։
«Մարգարէն» որուն որեւէ մէկ ժամանակէ աւելի պէտք ունի մանաւանդ այսօրուան լիբանանցին՝ Ճպրանական լաւատեսութեամբ եւ ներողամտութեամբ շարժելու, որպէսզի այս հայրենիքը “կարենայ ապրիլ իր իսկ ամէնօրեայ յարութիւնը եւ փիւնիկի մը պէս վեր բարձրանալ իր մոխիրներէն”»։
Copies of this book may be purchased from the Prelacy Bookstore
([email protected] or 212-689-7810)

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԴԻՒԱՆԱՊԵՏԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԻ ՄԸ 
Բազմաթիւ անձերու ներկայութեամբ, Կիրակի, 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ իւրայատուկ հատորի մը՝ Պետրոս Կէօլճիկի (1874-1959) «Ամերիկահայ պատկերներ» գիրքի անգլերէն թարգմանութեան առցանց ներկայացումը։ Ձեռնարկը կազմակերպած էր Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի (Ֆրէզնօ) հայագիտական ուսմանց ծրագիրը, մասնակցութեամբ Մինեսոթայի Հայ Մշակութային Կազմակերպութեան, Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան եւ Հայկական Ուսմանց եւ Հետազօտութեան Ազգային Ընկերակցութեան կողմէ։ Ձեռնարկը վարեց Մարք Մամիկոնեան։ Գիրքը կ՚ընդգրկէ անցեալ դարակիզբի ամերիկահայութեան կեանքը ներկայացնող պատմուածքներ, որոնք նախապէս լոյս տեսած էին հայերէն հատորով՝ 1944ին, ինչպէս եւ լրացուցիչ գրութիւններ։ Նիւթերուն մեծ մասը՝ 20 պատմուածք, թարգմանած է հանգուցեալ Արիս Սեւակ, իսկ լրացուցիչ ութը պատմուածք թարգմանած է Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Գիրքին խմբագիրներն են Քրիսթոֆըր Ադամեան, դոկտ. Լու Անն Մաթոսեան, որ նաեւ թարգմանած է պատմուածք մը, եւ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան։ Խօսք առած են գիրքին խմբագիրները եւ դոկտ. Մատթէոսեանը, անդրադառնալով հեղինակին, գիրքի բովանդակութեան եւ անոր կարեւորութեան՝ իբրեւ գրական եւ ուսումնասիրական աղբիւր։

Գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ 














 
































ԺԱՆ ՏԷՐ ՄԷՐԿԷՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 5 Հոկտեմբեր, 1935)
Ծնած է Մարսէյլ, 5 Հոկտեմբեր 1935ին։ 1946ին, հազիւ 11ամեայ, ջութակի առաջին մրցանակը շահած է Մարսէյլի երաժշտանոցին մէջ։ Նոյն տարին, իր առաջին մենահամերգը տուած է։ 1947ին ընտանիքով ներգաղթած է Հայաստան եւ իր ուսումը շարունակած է Երեւանի մէջ, նախ՝ հօր հետ, ապա՝ Կարպ Տոմպաեւի հետ, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ (1954-1958), եւ վերջապէս՝ Մոսկուայի երաժշտանցին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1960ին։Նոյն երաժշտանոցին մէջ, աւարտելէ ետք ուսումը շարունակած է աշխարհահռչակ ջութակահար Դաւիթ Օյսթրախի հետ։ Յաղթական հանդիսացած ջութակի միջազգային մրցոյթներու, ինչպէս Փրակայի գարունը (1956), Չայկովսկիի անուան մրցոյթը (Մոսկուա, 1963) եւ Էլիզապէթ թագուհիի անուան մրցոյթը (Պրիւքսէլ, 1963)։ Նաեւ ստացած առաջին Մեծ Մրցանակը Փարիզի Լոնկ-Թիպօ մրցոյթին մէջ (1961)։ 1964-1979ին, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասախօս եղած է եւ Հայկական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի մենակատար դարձած է 1966ին։ Բազմաթիւ համերգներ տուած է նախկին Խորհրդային Միութեան, Արեւմտեան Եւրոպայի, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։

Ժան Տէր Մէրկէրեանի համերգներուն ընկերացած են տարբեր երկիրներու նուագախումբեր՝ հռչակաւոր նուագավարներու ղեկավարութեամբ, ինչպէս Արամ Խաչատուրեան, որ իր նշանաւոր ջութակի համերգը ղեկավարած է։ Ջութակահարը նաեւ միջազգային մրցոյթներու դատակազմի անդամ եղած է, ինչպէս «Փականինի» (Ճենովա, Իտալիա), «Սարասաթէ» (Փամփլոնա, Սպանիա), «Չայկովսկի» (Մոսկուա) եւ «Խաչատուրեան» (Երեւան)։

Դժբախտաբար, Տէր-Մէրկէրեանէն պաշտօնական ձայնագրութիւններ գոյութիւն չունին։ Միայն կարգ մը խտասալիկներ հրատարակուած են, ուր արխիւային նիւթեր ընդգրկուած են։ Բազմաթիւ նման նիւթեր կը գտնուին Հայաստանի ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի արխիւներուն մէջ։

Տէր Մէրկէրեան 1971ին Հայաստանի ժողովրդային արուեստագէտի տիտղոսը ստացած է, իսկ աւելի ուշ՝ Հայաստանի պետական մրցանակի դափնեկիր եղած է։ 1981ին վերադարձած է Մարսէյլ, ուր 1982ին սկսած է դասաւանդել տեղւոյն երաժշտանոցին մէջ եւ շարունակած՝ իր երաժշտական գործունէութիւնը։ Մահացած է 29 Սեպտեմբեր, 2015ին, քաղցկեղէ։ Թաղուած է Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ։  
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)
ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՔ

Լիբանանահայութիւնը ձեր օգնութեան պէտք ունի աւելի քան երբեք
 
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւն մը ընելու համար,
կամ
ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝


Armenian Prelacy
138 E. 39th Street
New York, NY 10016
Ձեր չէքերը գրեցէք՝ Armenian Apostolic Church of Americaին
(Memo: Lebanon Relief Fund)

ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ [email protected]։
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆ Առցանց կը հանդիպի ամէն Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 10:30-12:30ին (արեւելեան ժամով)։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք  [email protected] հասցէին կամ հեռաձայանեցէք 212-689-7231 թիւին։
 
ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԱռցանց կը հանդիպի ամիսը երկու Շաբաթ օր։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք [email protected] հասցէին կամ հեռաձայանեցէք 212-689-7231 թիւին։

Հոկտեմբեր 14-Դեկտեմբեր 2Պօղոս Առաքեալի Փիլիպեաններուն ուղղուած թուղթին նուիրուած սերտողութիւն՝ առցանց։ Չորեքշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 8:00-9:00ին արեւելեան ժամով։ Սերտողութիւն կը վարէ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։ Արձանագրութեան համար, ղրկեցէք ձեր անունը, ելեկտրոնային հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը [email protected] հասցէին։
 
Հոկտեմբեր 17Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ) կերակուրներու տօնավաճառ, կէսօրէն մինչեւ ժամը 5:00, եկեղեցւոյ կալուածին մէջ։ Տեղեկութիւններու եւ ապսպրանքի համար, հեռաձայնել (413) 262-7251 թիւին կամ գրել [email protected] հասցէին։

Հոկտեմբեր 25Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպըրն, Միշիկըն) 58րդ տարեդարձ, ընդ նախագահութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/