22 Հոկտեմբեր, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԱՂՕԹՔ՝ «ՕՐՈՐԱ» ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ
ՀՆԳԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻ
Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբերին, «Օրորա» մարդասիրական հիմնարկի հնգամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ աղօթք մը Ս. Վարդան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ էջմիածնական թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Դանիէլ Եպիսկոպոսի, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, երկու թեմերու հոգեւորականներու, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատ. Յովսէփ Կարապետեանի, եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հ. Ճորճ վրդ. Գալուսիէի, ընկերակցութեամբ պրն. Նուրհան Պեճիտեանի։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանային առաջնորդական փոխանորդ՝ Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Նարեկ Քհն. Թրթռեան։
 
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն է մեր ժողովուրդի երախտագիտութիւնը յայտնել աշխարհին՝ Մեծ Եղեռնի վերապրողներուն տրուած աջակցութեան համար, ինչպէս եւ ընդգծել մերօրեայ հերոսներու վաստակը՝ աշխարհի չորս ծագերուն, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն այլոց կեանքին մէջ յառաջդիմութիւն եւ փոփոխութիւն բերելու նպատակաւ։
 
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս յատկապէս նշեց.
 
«Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայուհիի՝ Օրօրա Մարտիկանեանի անունով կնքուած «Օրորա» մարդասիրական հիմնարկի 5րդ տարեդարձին առթիւ եւ մեր հայրենիքի լինելութեան ճգնաժամային այս օրերուն, կ՛ըսենք- Մեր վէրքերով ու մեր բարեգործութիւններով քալենք պիտի դարէ դար՝ Նախախնամութեան մեզի վիճակած ճակատագրով, մինչեւ աշխարհը արթննայ իր թմբիրէն, մեր դահիճներու ուրացման քարացած մտայնութիւնը փշրուի, եւ արդարութեան կորսուած աղաւնին խաղաղութեան հաշտարար ճիւղը բերնին` սաւառնի համայն աշխարհի եւ Արցախ-Հայաստան աշխարհի վրայ»։ 
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ՝
ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԻ ՅԱՅՏԱԳՐԻ ՄԸ ՀԵՏ
Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս հարցազրոյց մը տուաւ Նիւ Եորքի հեռատեսիլի յայտագիր Hellas FMի լրագրող եւ ընդհանուր տնօրէն՝ Տիմիթրիս Ֆիլիփիտիսին։ Ստորեւ կու տանք հարցազրոյցին գլխաւոր հատուածները։
 
Որքա՞ն կը հաշուուի հայ գաղութը Նիւ Եորքի եւ ընդհանրապէս Ամերիկայի մէջ։
Նիւ Եորք եւ Միւ Ճըրզիի հայութիւնը մօտ հարիւր հազար կը հաշուուի, ինչ կը վերաբերի ընդհանուր Ամերիկայի, շուրջ մէկուկէս միլիոն է։
 
Շուշիի մայր եկեղեցւոյ ռմբակոծումը ի՞նչ ազդեցութիւն թողուց ձեր վրայ։ Արդեօ՞ք ասիկա քրիստոնէութեան դէմ արշաւ մըն է։
Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ ռմբակոծումը, որ բացարձակապէս պատահականութիւն չէր, անմարդկային արարք մրն էր։ Խորապէս համոզուած եմ, որ որեւէ կրօնի հետեւորդ կը դատապարտէ անարդարանալի այս ոճիրը, որ ո՛չ միայն քրիստոնեայ հայու, այլ նաեւ Աստուծոյ դէմ է։ Դժբախտաբար, ոճրագործները անտեղեակ են իրենց իսկ կրօնին սուրբ գիրքը համարուող Գուրանին, որ կը դատապարտէ եկեղեցի մը, սինակոկ մը կամ մզկիթ մը քանդողը (տե՛ս գլուխ 22, համար 40)։ Չեմ կասկածիր որ Դատաստանի օրը Մարգարէն ի՛նք պիտի դատապարտէ զանոնք։ Յամենայն դէպս, իրենց հոգն իսկ չէ, որովհետեւ թէեւ Կրօնի անունով կը խօսին, բայց անաստուածներ են։
 
Իսկ ինչ կը վերաբերի ձեր հարցումին երկրորդ բաժնին, ցաւ է ինծի համար յայտնել, թէ քաղաքական ղեկավարներու կողմէ դժբախտաբար պատանդ վերցուած է կրօնը, որ ամենազգայուն շերտը կը կազմէ մեր զգացողական աշխարհին, որով կարելի է շատ դիւրաւ ամբոխներ գրգռել եւ մոլեգին նպատակներու ծառայեցնել։ Այս բոլորի թաքուն գլխաւոր դրդապատճառը կը հանդիսանայ վերակենդանացնել անցեալի ցնորք մը, որ ծանօթ է որպէս համաթրքութիւն, ինչ որ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ տարածաշրջանին համար կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ։ 
Հայ Սփիւռքը ի՞նչ ձեւով կը հակադարձէ պատերազմին։
Համայն հայութիւնը բացառիկ միասնականութեամբ՝ Գալիֆորնիայէն մինչեւ Աւստրալիա, ոտքի կանգնած է նպատակ ունենալով միջազգային արդարութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ու Հայ Դատի հանդէպ գիտակցութիւն արթնցնել եւ գործնական քայլի մղել պետութիւններ ու ժողովուրդներ։
 
Ի՞նչ էր ձեր տպաւորութիւնը Նիւ Եորք քաղաքի մէջ կայացած ցոյցէն։
Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ կայացած հաւաքը, որ օղակ մըն է ի սփիւռս աշխարհի կազմակերպուած ցոյցերուն, նպատակ ունէր զգաստութեան հրաւիրել եւ յիշեցնել բոլոր լրատուական մարմիններուն իրենց բարոյական պարտաւորութիւնը կատարել՝ հանրութեան հրամցնելով իրողութեանց վրայ հաստատուած ճշմարտութիւնը, առարկայական եւ անկողմնակալ կերպով, եւ ո՛չ թէ զայն ներկայացնել որպէս տեղական բախում մը, ուր երկու կողմերն ալ հաւասար կերպով փոխադարձաբար կը ռմբակոծեն իրարու։
 
Նաեւ՝ հաւաքը արթնացման կոչ էր հանրութեան, որպէսզի զոհ չդառնան լրատուական ընկերութեանց նենգափոխուած լուրերուն։ Այստեղ կ՛ուզեմ մէջբերել Ամերիկայի նախագահ Աբրահամ Լինքընի վերագրուած խօսքը «Կրնաս ամբողջ ժողովուրդը երբեմն խաբել, նաեւ կրնաս ոմանք միշտ խաբել, բայց չես կրնար ամբողջ ժողովուրդը միշտ խաբել»։
Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել հայերուն։
Հայերուն օգնելը երկկողմանի արդիւնք ունի։ Հայերուն օգնելով, աշխարհը օգնած կ՚ըլլայ ի՛ր իսկ դատին։ Այլ խօսքով, 1915 Հայոց Ցեղասպանութեամբ հայ ժողովուրդը վճարեց ամենէն սուղ գինը։ Բայց որովհետեւ անպատիժ մնաց մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճիրը, ծնունդ տուաւ Ողջակիզման (Holocaust) եւ մինչեւ օրերս շարունակուող ցեղասպանութիւններու։ Այսօր, նոյն դահիճները կ՚ուզեն «ամբողջացնել» իրենց անկատար ծրագիրը, ինչ որ դարձեալ իր ողբալի հետեւանքները պիտի ունենայ ընկերութեան վրայ։ Ուստի, արդարութեան հետամուտ որեւէ քաղաքացի նուազագոյն յանձնառութեամբ՝ կապ հաստատելով քաղաքական իր ներկայացուցիչներուն, կրնայ առաջքը առնել նորանոր աղէտներու։ Պէտք չունինք սպասելու որ Աննիբալը մեր դրան մօտեցած ըլլայ, արդէն շատ ուշ պիտի ըլլայ։
 
Ի՞նչ պատգամ ունիք հասարակութեան այս ուղղութեամբ
Սրտի խօսքս Սաղմոս 8511ն է՝ «Արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը պիտի համբուրեն/ողջագուրեն զիրար»։ Այո՛, արդարութիւնը մեկնակէտն է խաղաղութեան՝ ընտանեկան, աշխատանքային, համայնքային, ազգային, ի մի բան՝ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս։ Կանխարգիլումը անհատական թէ հաւաքական որեւէ անարդար արարքի՝ երաշխիքն է առողջ եւ խաղաղ ընկերութեան, ինչպէս օրինակ, եթէ կանխարգիլած ըլլայինք պսակաձեւ ժահրի ներկայ համավարակը, բազմահազար անմեղ զոհերու կեանքը եւ բնականոն կեանքի ընթացքը կրնային ապահոված ըլլալ։
 
Նաեւ, կ՚ուզեմ հանրութեան ազնիւ ուշադրութեան յանձնել պարագայ մը։ Արցախեան ներկայ տագնապը հետեւանք չէ սոսկ կտոր մը հողի (a piece of real estate) հարցի մը, ինչ որ թեթեւ եւ ոչ իրապաշտ մօտեցում մըն է։ Խնդրեմ, դար մը ամբողջ Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզիի միջեւ «Ազատութեան Արձան»ի հողաշերտի սեփականութեան հարցը կտոր մը հողի՞ թէ իրաւունքի հարց էր, որ ի վերջոյ Գերագոյն Ատեանին կողմէ իր արդար լուծումը գտաւ։ Նմանապէս, եւ աւելին, Արցախի հարցը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փորձառական լոյսին տակ, ո՛չ միայն արդարութեան, այլ լինելութեան գոյապայքար է։
 
Հուսկ բանիս, կը մաղթեմ հետեւեալը, որպէս Արարիչ Աստուծոյ գործակիցներ, հոյակերտ այս երկրագունդի բնակիչներ ու մարդկային սեռի միեւնոյն մեծ ընտանիքի անդամներ, միշտ հետամուտ ըլլանք լոյս ըլլալ եւ խափանել խաւարը, ստեղծելու համար Կեանք, Օրէնք, Փոխադարձ հասկացողութիւն, Խաղաղութիւն, Բարգաւաճում եւ Երջանկութիւն։
ԳԵՐՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ՝ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ
Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբերին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի երկրորդ նիստին, որ կը գումարուէր Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ (Էնսինօ, Գալիֆորնիա), Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ յիշեալ թեմի Առաջնորդ՝ յաջորդելով Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։

Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի առաջնորդուելով «Ուրախ լեր» եւ «Հրաշափառ» շարականներու երգեցողութեամբ,նորընտիր Առաջնորդը սրբազանը եկեղեցւոյ մէջ նախ կատարեց կանոնական աղօթքը, ապա նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արքեպիսկոպոսէն ստացաւ առաջնորդական գաւազանը, որ իր կարգին յաջողութեան սրտագին բարեմաղթութիւններ յայտնեց նորընտիր առաջնորդին։ Այնուհետեւ, Թորգոմ Սրբազան Հայրը hոգեւորականներուն եւ աշխարհական երեսփոխաններուն իր առաջնորդական անդրանիկ խօսքը յղեց։

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ծնած է 1986ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգային «Սուրէն Խանամիրեան» ազգային քոլէճին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը մուտք գործած է 1997ին։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 2006-ին, վարդապետական գաւազան ստացած է 2010ին, իսկ ծայրագունութեան աստիճան՝ 2016ին, պաշտպանելով համապատասխան աւարտաճառեր։ 2018-ին եպիսկոպոս օծուած է, ձեռամբ՝ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։

2006-13 թուականներուն վարած է Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը, իսկ 2014-16ին՝ Դպրեվանքի տեսչութիւնը։ Երաժշտական ուսման հետեւած է Պէյրութի, Երեւանի եւ Անգլիոյ մէջ, իսկ աստուածաբանական՝ Ուէյլզի մէջ։ 2017ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ նշանակուած էր։ 
Ի ՅԻՇԱՏԱԿ
ՍՈՆԱ ՀԱՄԱԼԵԱՆԻ (1951-2020)
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան Սոնա Համալեանի մահը, որ տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ, Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերին։ Հանգուցեալը 1980ական թուականներու սկիզբները Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետութեան պաշտօնը վարած էր, իսկ 2001-2002ին՝ ծրագիրներու զարգացման տնօրէնի պաշտօնը։
 
Սոնա Համալեան ծնած է 1951-ին, Հալէպի մէջ, Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու զաւակներէ։ Ընտանիքը այնուհետեւ հաստատուած է Պէյրութ, ուր Սոնան եւ իր քոյրերն ու եղբայրները մեծցած ու կազմաւորուած են, դաստիարակուած իրենց ծնողներու ազգային եւ մարդկային լաւագոյն արժէքներու գիտակցութեան ոգիով,: Աւելի ուշ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժուարութիւնները եւ հետեւանքները եւս ճաշակած ընտանիքը ի վերջոյ հաստատուած է Գանատա եւ Միացեալ Նահանգներ:
 
Սոնա Համալեան իր ամբողջ կեանքը, եռանդը եւ կարողութիւնները ի գործ դրած է մարդասիրական, բարեսիրական, կրթական, մշակոյթի եւ արուեստի տարբեր մարզերու մէջ, հիմնարար նախաձեռնութիւններու եւ անոնց կառոյցներուն կազմաւորման եւ զարգացման սատարող աշխատանքներուն: Որպէս արհեստավարժ փորձագէտ, ան մաս կազմած է թէ՛ որպէս պաշտօնեայ եւ թէ՛ իբր խորհրդատու, կամ հոգաբարձական կազմերու անդամ, միջազգային ընկերային եւ հանրային, կրթական, մշակութային, հոգեւոր, կրօնական, նաեւ ոչ-կառավարական հասարակական ծառայութեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ, հասնելով մինչեւ Սէուտական Արաբիա եւ Աֆղանիստան: Անոր աշխատացանկի երկար շարքէն կարելի է նշել՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տարագրեալներու ծառայութիւնը, Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ Համալասարանի հայագիտական բաժինը, Երեւանի ՄԱԿի զարգացման ծրագիրը, Երեւանի Կաթոլիկ Ծառայութիւններու կազմակերպութիւնը, Ամերիկայի Հայկական Համախմբումը (Լոս Անճելըս), «Եւրասիա» հիմնարկը (Լոս Անճելըս եւ Ոաշինկթըն), Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանը (Լիբանան), Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, եւ այլն:
 
Հանգուցեալի կեանքին եւ գործունէութեան առանցքային բաժինը անկասկած եղած է իր գործուէութիւնը մայր հայրենիքի մէջ: Ան եղած է առաջիններէն, որ 1988ի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք հաստատուած է Հայաստան, մաս կազմելով Ամերիկեան Համալսարանի հիմնադրութեան ու կազմաւորման գործընթացին, որպէս գործավար տնօրէն, նուիրումով եւ հաստատակամութեամբ ղեկավարելով աւերածութեան եւ պատերազմի ամենամութ ու տագնապալի օրերուն, ծանր պայմաններու մէջ յառաջ տարուող աշխատանքները, միշտ նախանձախնդիր ըլլալով լաւագոյն որակի, յանձնառութեան ոգիի, պատասխանատու գործելակերպի եւ մարդկային ու բարոյական արժէքներու պահպանումի գիտակցութեան մշակումին, որպէս հիմքը հայրենիքը կառուցելու ճիգերուն:
 
Թող Աստուած լուսաւորէ Սոնա Համալեանի ազնիւ հոգին եւ մխիթարութիւն տայ հանգուցեալի քոյրերուն, եղբայրներուն, ազգականներու եւ հարազատներու մեծ շրջանակին, ինչպէս նաեւ բազմահարիւր իր բարեկամներուն ու պաշտօնակիցներուն, որոնք վառ պիտի պահեն անոր արդար յիշատակը:
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՄԻՇԻԿԸՆԻ ՄԷՋ
Կիրակի, Հոկտեմբեր 25ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տիրպըրն, Միշիկըն)՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 58ամեակին առիթով։ Մեր հաւատացեալները արարողութեան կրնան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։
ԱՂՕԹԵՆՔ ՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔԱՐԱՑԱԾ ԽԻՂՃԸ ԱՐԹՆՆԱՅ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Կիրակի, Հոկտեմբեր 18ին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։
 
Այսօր՝ Սուրբ Խաչի վերացման տօնի վեցերորդ Կիրակին, Աւետարանի մեր ընթերցումը Ղուկասու Աւետարանէն է (4.14-23): Քրիստոս, իր սովորութեան համաձայն, Շաբաթ օրով սինակոկ կ՚երթայ. երբ զինք կը հրաւիրեն որ օրուան սուրբ գրային ընթերցումը կատարէ, կը բանայ Եսայի մարգարէի հետեւեալ խօսքը եւ կ՚ընթեռնու. «Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամ»։
 
Այս հատուածը կարեւոր է, որովհետեւ կը բնութագրէ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ամբողջ ընթացքը: Ահա թէ ինչու Ղուկաս աւետարանիչը զայն զետեղած է Մկրտութեան յաջորդող անապատին մէջ քառասնօրեայ պահեցողութենէն անմիջապէս ետք:
 
«Տիրոջ Հոգին վրաս է որովհետեւ օծեց զիս եւ ղրկեց»: Քրիստոս, յատկապէս այս մարգարէութիւնը կարդալով, յստակ պատգամ ուզեց փոխանցել, թէ իր երկրաւոր փրկագործութեան առաքելութեամբ Ինք ղրկուած է, այլ խօսքով՝ առաքեալն է Աստուծոյ, եւ նշանը այս ճշմարտութեան իր օծումն է Սուրբ Հոգիէն, որ աղբիւրն է բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ բարիքներուն: Չարը բոլոր միջոցներով փորձեց հեռացնել Զինք Հայր Աստուծմէ, ինչպէս կը կարդանք անապատի մէջ գլխաւոր երեք փորձութիւններու ընդմէջէն: Դարձեալ, ամբողջ երեք տարիներու ընթացքին զանազան միջոցներով ջանաց շեղեցնել իր առաքելութենէն՝սպանութեան փորձով, արհամարհանքով, հալածանքով, եւ վերջապէս խաչելութեամբ, բայց միշտ ձախողեցաւ:
 
Այսօր կ՚ուզեմ յատկապէս անդրադառնալ Քրիստոսով իր լրումը գտած մարգարէական այս խօսքին, որ ինչպէս բոլոր դարերու հաւատացեալներու, նաեւ մեզի ուղղուած է: Այստեղ աւելորդ չ՚ըլլար եթէ յիշեմ որ Քրիստոս կը նշանակէ օծեալ: Վստահաբար չենք անդրադառնար շատ կարեւոր խորհուրդի մը ստացումին, որով ամէնքս ալ առանձնաշնորհուած ենք եւ որ կը կազմէ մեր հոգեւոր ինքնութեան եւ առաքելութեան հիմքը: Մկրտութեան Խորհուրդէն անմիջապէս ետք ստացած ենք Դրոշմի Խորհուրդը որ Սուրբ Հոգիով օծումի նուիրականութիւնը կը խորհրդանշէ: Հին Կտակարանի մէջ քահանաներ ու թագաւորներ կ՚օծուէին իւղով, որպէս հաստատումը իրենց պաշտօնի աստուածային նկարագրին: Ուստի, Քրիստոսի նման մենք եւս օծուած ըլլալով Սուրբ Հոգիով, մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ առաքելութիւնը այս աշխարհի մէջ: Գիտակից ըլլալ այս ճշմարտութեան կը նշանակէ մեզի պարգեւուած այս կեանքը լաւագոյնս գործածել յօգուտ մեր ներկայի եւ յաւերժական լինելութեան: Չարը կը փորձէ մեզ եւս միշտ շեղեցնել ու հեռացնել Աստուծմէ, ինչպէս Քրիստոսին: Անոր փորձութիւնները բազմաթիւ են եւ շատ նուրբ: Երբ գիտակցինք, որ որպէս օծեալներ՝ աստուածային ներկայութիւնը կ՚ապրինք ,եւ թէկուզ մարդ արարածներ, սակայն աստուածաբար կը գործենք՝ հակառակ աշխարհի բոլոր փորձութեանց, վստահ ըլլանք, որ յաղթանակի պսակին կ՚արժանանք: Երբեք չմտածենք, որ միայն եկեղեցականներն են, քարոզիչներն են եւ կամ յատուկ պաշտօններու կարգուած անձեր, որոնք կոչուած են այս առանձնաշնորհումին, այլ ամէնքս որ Քրիստոսով մկրտուած ու Սուրբ Հոգիով օծուած ենք, մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ հրաւիրուած ենք ըստ այնմ գործելու եւ արտաքին ազդեցութեան տակ երբեք չշեղելու մեր ինքնութենէն:
 
Կեանքր իր բազմաթիւ ծալքերով իրաւ որ խորհուրդ մըն է, եւ երբ հաւատքի աչքերով քննենք մեր կեանքի բոլոր բնագաւառները, աւելի պիտի պարզաբանուի խորհուրդը եւ բացայայտուի մեր ինքնութիւնը եւ մեր առաքելութիւնը որպէս անհատ եւ հաւաքականութիւն: Յետ ցեղասպանութեան միադարեան պատմութեան մէջ, հայ ժողովուրդը վստահաբար միասնականութեան առաքինութիւնը այսքան չէր դրսեւորած, որքան Սեպտեմբեր 27էն, խորհրդաւոր զուգադիպութեամբ մը Հայու Խաչի տօն՝ Վարագայ Խաչի տօնէն ի վեր: Եւ առանցքը այս միասնականութեան, որքան որ չարի դրդումով ամենէն տգեղ, կատաղի եւ անպատմելի պատերազմ մըն է, նոյնքան գովելի եւ հիանալի մաքրամաքուր հայու կերպարի անուրանալի կեցուածքն է: Յաճախ մեր ժողովուրդի զաւակներն իսկ կը գայթակղին երբ թշնամիի ահաւոր, անպատմելի վայրագութեանց դիմաց, որոնց տեղեակ կ՚ըլլանք ամէն վայրկեան՝ տեղակատուական արդիական միջոցներով, հայը կը դիմադարձէ ռազմական բոլոր օրէնքները գերազանցող ազնուական բացառիկ ոգիով: Շատեր կրնան զայն որպէս տկարութիւն նկատել, սակայն ասիկա ո՛չ պատահականութիւն է եւ ո՛չ այլ պայմաններու ճնշումին տակ անկարողութեան նշան, այլ իրա՛ւ մարդու, գիտակից ու զօրաւոր անձի եւ հաւաքականութեան արտայայտութիւն է:
 
Ինչպէս Պետրոս Առաքեալ կ՚ըսէ, «դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորելու կոչուած քահանաներ, սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը» (Ա Պետ 2.9)։ Ըստ այնմ, որպէս քրիստոնեայ՝ օծեալ անձ եւ ազգ, առօրեայի թէ մահուան պայքարին մէջ չենք նոյնանար մեր հակառակորդներուն: Սա մեր ժողովուրդի էութեան եւ ինքնութեան բաղադրիչ մասը կը կազմէ: Պատմութիւնը՝ վկայ: Այստեղ կը բաւականանամ անցեալ դարու ազատագրական շարժումէն զոյգ դրուագներ յիշել, որոնք կը հաստատեն նոյն իրողութիւնը: Հայ երիտասարդի մը սահմռկեցուցիչ սպանութեան դիմաց, հայ հայդուկները ոճրագործին զաւակը գերի առնելով կը յանձնեն հայ հօր, որպէսզի իր վրէժը լուծէ: Վերջինս կ՚առանձնանայ պատանդին հետ եւ իր խօսքը ուղղելով անոր, կ՛ըսէ. «Չեմ ուզեր որ ուրիշ հայր մը ինծի նման տառապի»։ Եւ ապա փամփուշտը օդին մէջ կրակելով, ազատ կ՛արձակէ զինք ու կը միանայ խումբին, ըսելով թէ իր վրէժը լուծած էր: Իսկ ինչ խօսք, Խանասորի արշաւանքի ընթացքին, հայ զինուորը կ՚ըսէր՝ մի՛ վախնար, ֆետային երբեք կանանց ձեռք չի տար:
 
Այո՛, այս եղած է ու կը շարունակէ մնալ հայ ոգին: Չարը ամէն կերպով կ՚ուզէ մեզ հեռացնել մեր ինքնութենէն, սակայն նոյնիսկ մեր արեան գնով կը քարոզենք ազնուութիւն, վեհանձնութիւն եւ խաղաղութիւն: Աղօթենք որ աշխարհի քարացած խիղճը արթննայ, մեր դահիճները ուրացումի խաբկանքի իրենց աշխարհէն դուրս գան, արդարութիւնն ու իրաւունքը վերահաստատուի, եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը. Ամէն:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔԻ ԱՐՇԱՒԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Ազգ. Առաջնորդարանի ազգային տուրքի արշաւի երկրորդ փուլը սկսած է։ Երախտապարտ ենք այն բազմաթիւ անդամներուն եւ բարեկամներուն, որոնք չեն զլացած իրենց առատաձեռն օժանդակութիւնը։ 
 
Ձեր աջակցութիւնը անհրաժեշտ է՝ աւելի քան երբեք, մեր ծրագիրները զարգացնելու համար։ Ան մեզ կը խթանէ յարատեւելու մեր յանձնառութեան մէջ։ «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ. Կր 9.7):  
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏ
Մեր հաւատացեալներուն առատաձեռն նուիրատուութեան եւ մեր հոգեւորականներու գործակցութեան շնորհիւ, այսօրուան տուեալներով Ազգային Առաջնորդարանի դրամահաւաքը լիբանանահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, հասած է 364.814 տոլարի գումարին։ Ձեր նուիրատուութիւնը լիբանանահայ համայնքին կը բաշխուի Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի գլխաւորած Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնին կողմէ։
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւններու տասնմէկերորդ ցանկը, եւ այստեղ՝ ամբողջական ցանկը կարդալու համար։ 
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Է. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 33:22-34
Իմ. Սող. 14:1-8
 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 24:27-36
 
Որովհետեւ Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, արեւելքէն արեւմուտք: Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ:
 
Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկինքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին: Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով: Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը:
 
Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ: Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ’արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է: Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ է: Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին: Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան:
 
Սակայն ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը: 
 
 
 Ա. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:18-24
 
Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա: Արդարեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.-
«Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի խափանեմ,
խելացիներուն խելքը պիտի կորսնցնեմ»:
 
Այն ատեն ո՞ւր պիտի մնան իմաստունները կամ ուսեալները եւ կամ այս աշխարհի հարցերը քննողները: Չէ՞ որ Աստուած ցոյց տուաւ՝ թէ այս աշխարհի իմաստութիւնը յիմարութիւն է: Որովհետեւ աշխարհը իր ունեցած իմաստութեամբ չկրցաւ ճանչնալ զԱստուած եւ անոր իմաստութիւնը, ուստի Աստուած ուզեց յիմարութիւն համարուած խաչին քարոզութեամբ փրկել անոնք՝ որ կը հաւատան: Եւ թէպէտ Հրեաներ հրաշք կ’ուզեն, իսկ Յոյներ իմաստութիւն կը փնտռեն, մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք, որ գայթակղութիւն է Հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հեթանոսներուն համար, թէպէտ նոյն այդ Հրեաներէն ու Յոյներէն կանչուածներուն եւ դարձի եկածներուն համար՝ անիկա Քրիստոսն է, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը:
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 12 ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐԸ 
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերին, Հայց. Եկեղեցին կը տօնէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ տասներկու սուրբ վարդապետները՝ Ռէթէոս, Դիոնեսիոս, Սեղբեստրոս, Աթանաս, Կիւրեղ Երուսաղէմացի, Եփրեմ Խուրի Ասորի, Բարսեղ Կեսարացի, Գրիգոր Նիւսացի, Գրիգոր Աստուածաբան, Եպիփան Կիպրացի, Յովհան Ոսկեբերան եւ Կիւրեղ Աղեքսանդրիացի։ 

ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ ՏՕՆ
Կիրակի, 25 Հոկտեմբերին, Հայց. Եկեղեցին Խաչի Գիւտի տօնը կը նշէ։ Կոստանդիանոս կայսեր բարեպաշտ մայրը՝ Հեղինէ, փափաքեցաւ Երուսաղէմ այցելել եւ Յիսուսի ոտք դրած վայրերուն ծանօթանալ։ Ըստ որոշ պատումներու, Յուդա անունով իրազեկ հրեայ մը ցոյց տուած է Գողգոթան, որ բոլորովին աննշան ու անտեսուած վայր մը դարձած էր։ Արքայամօր ցուցմունքին հետեւելով, խումբ մը գործաւորներ պեղումներ կատարեցին եւ երեք փայտեայ խաչեր գտան։ Բուն խաչը ճշդելու համար, երեք խաչերը իրերայաջորդ կերպով զետեղուեցան նոր մահացած երիտասարդի մը մարմնին վրայ։ Երիտասարդը վերակենդանացաւ անոնցմէ մէկուն շնորհիւ, ու այդպէս ճշդուեցաւ, որ ա՛յդ էր բուն Խաչը։ Այս դէպքը կը յիշուի 26 Հոկտեմբերի ամենամօտ Կիրակի օրը, որ կրնայ տարուբերիլ 23 ու 29 Հոկտեմբերի միջեւ։

Խաչը, որ լայնօրէն տարածուած է մեր արուեստին մէջ, սքանչելի գործերու ստեղծումին առիթ հանդիսացած է։ Պատիժի ու մահուան երբեմնի միջոցը դարձած է փրկութեան ու յաղթանակի խորհրդանիշ։
 
Խաչի Գիւտին նուիրուած շարականին երկրորդ տունը կ՚ըսէ .
Անճառելի երեւումն երեւեալ դշխոյին , յատենի յԵրուսաղէմ խնդրէր զպատուական փայտ խաչին , յոր զՄեսիայն բեւեռեցին։ Մեծասաստ հրամանաւն ժողովեալ հրէից , ցուցանելով նմա զպատուական փայտ խաչին, յոր ելեալ բարձրացաւ արարիչն արարածոց։ Ընդ յայտնիլ սրբոյ խաչին ի տեղւոջն սրբութեան բուրմամբ անուշահոտ խնկոց , եւ լցան տիեզերք մեծապէս պարգեւօք։
(Անճառելի տեսիլ մը երեւնալով թագուհիին, Երուսաղէմի մէջ ատեան կազմած կը փնտռէր խաչափայտը, որուն վրայ Մեսիան գամեցին։ Մեծասաստ հրամանով հրեաները հաւաքուեցան, ցոյց տուին անոր պատուական խաչափայտը, որուն վրայ բարձրացուցին արարածները ստեղծողը։ Երբ սուրբ խաչը յայտնուեցաւ՝ սրբատեղիին մէջ անուշահոտ խունկերու բուրմունքով եւ առատ շնորհքներով լեցուեցաւ տիեզերքը)։
Այս շաբաթ նաեւ կը յիշուին՝
Հինգշաբթի, 22 Հոկտեմբեր. Սուրբ Խարիթեանները՝ Արտեմ, Քրիստափոր, Կալինիկէ եւ Ակիւլինէ։ 
Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր. Ս. Անաստաս քահանայ, Վարոս, Թէոդիտէ եւ իր երեք զաւակները։
Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր. Ս. Սեւերիանոս Սեբաստացի եւ Ս. Հիպերիքեանները։ 
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։ 
 
Այս շաբթուան նամակի հեղինակը Աշոտն է, որ կ՚ապրի Նոյեմբերեանի մէջ եւ կը հովանաւորուի տէր եւ տիկ. Վահագն եւ Սօսի Վարժապետեանի կողմէ։ 
«Բարեւ ձեզ, յաըգելի հովանաւոր,
 
Ես Աշոտ …. եմ. արդէն փոխադրուել եմ 6րդ դասարան։ Ապրում եմ մայրիկիս եւ քրոջս հետ։ Քոյրս սովորում է 10րդ դասարանում։ Մայրիկս տնային տնտեսուհի է։ Ես յաճախում եմ «Արար» հայ արուեստի պահպանման եւ հանրահռչակման ծրագրի ազգային երգի բաժինը։ Յաճախում եմ նաեւ դպրոցում բացուած ռոբոտաշինութեան խմբակ։
 
Շատ եմ ափսոսում, որ արձակուրդս անցնում է պասիւ եւ համաճարակի պատճառով չեմ կարողանում առաջուայ պէս խաղալ դրսում։ Ես ցանկանում եմ, որ այս իրավիճակը շուտ աւարտուի եւ կարողանանք գնալ դպրոց եւ ազատ շփուել ընկերների հետ։
 
Ես շնորհակալ եմ Ձեր կատարած աջակցութեան համար, շնորհակալութեանը միանում են նաեւ մայրս ու քոյրս»։ 
 
Այստեղ սեղմեցէք մինչեւ 18 տարեկան որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։

Այստեղ սեղմեցէք համալսարանական ուսում ստացող որբերու առցանց հովանաւորութեան համար

Դուք միշտ կրնաք դիմել Ազգային Առաջնորդարանին՝ ելեկտրոնային նամակով ([email protected]) կամ հեռաձայնով (212-689-7810), «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագրին մասնակցելու համար
«ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ»
(ՄԱՏԹԷՈՍ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ)
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը 1919ին կեանքի կոչած էր Ազգային Խնամատարութիւն անունով վարչութիւնը, որ հրատարակած է իր առաջին վեցամսեայ գործունէութեան տեղեկագիրը։ Այս վարչութիւնը կը միացնէր մինչ այդ գոյութիւն ունեցող բոլոր յանձնախումբերը, որոնք կը զբաղէին 800.000 տարագիրներու եւ 70.000 որբերու նպաստի աշխատանքներով։ Սոյն տպագրութիւնը այդ առաջին, անգտանելի հրատարակութեան վերատպումն է։ «Գիտական ամուր տուեալներով եւ ազգային նախանձախնդրութեամբ Մատթէոս Էպլիղաթեանի կողմէ կեանքի կոչուած վեցամսեայ այս տեղեկագիրը լաւագոյն դասագիրքն է հայ ժողովուրդի վերապրումի կամքին դասը սորվիլ ուզող հայուն եւ օտարին համար» (Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ)։
Այս գիրքը տրամադրելի է  Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։














 
































ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ (մահ՝ 27 Հոկտեմբեր, 1999)
Այս օրերուն, երբ Հայաստանն ու Արցախը կը դիմագրաւեն ազերի-թրքական յարձակման, տեղին է յիշել Արցախի առաջին պատերազմի հերոսներէն ու Հայաստանի զինեալ ուժերու հիմնադիր Վազգէն Սարգսեանի անունը։

Վ. Սարգսեան ծնած է 5 Մարտ, 1959ին, Հայաստանի Արարատ գիւղին մէջ։ Գիւղի միջնակարգ դպրոցը աւարտելէ ետք, 1976-1979ին ուսանած է Ֆիզիկական կուլտուրայի հայկական պետական ինստիտուտին մէջ։ 1979-1983ին աշխատած է Արարատի միջնակարգ դպրոցին մէջ իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ, ազատելով զինուորական պարտականութենէ։

Սարգսեան գրական գործունէութեամբ զբաղած է կանուխէն։ 1985ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ դարձած է, իսկ 1986-1989ին «Գարուն» ամսագրի հրապարակագրութեան բաժինը վարած է։ 1986ին հրատարակած է պատմուածքներու առաջին հատորը՝ «Հացի փորձութիւն»! Գրած է նաեւ բազմաթիւ հրապարակագրական յօդուածներ, բայց գրական գործունէութիւնը կանգ առած է 1980ական թուականներու վերջերուն։

Արցախեան շարժումին մասնակցելով, 1989-1990ին Վ. Սարգսեան հայկական կամաւորական ջոկատներու հրամանատար եղած է Երասխի մօտ՝ հայ-ատրպէյճանական (Նախիջեւանի) սահմանին։ 1990ին դառնալով Հայոց Համազգային Շարժման առաջնորդներէն մէկը, ընտրուած է Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր, 1990-1991ին նախագահելով պաշտպանութեան եւ ներքին գործերու յանձնաժողովը։ Իր նախաձեռնութեամբ հիմնուած են «Երկրապահ» կամաւորական ջոկատները, որոնք դարձան հայկական բանակի ստեղծման հիմքը։

Դեկտեմբեր 1991ին նշանակուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար, յաջորդ ամիս նախաձեռնելով Հայաստանի զինուած ուժերու ստեղծման։ Մայիս-Յունիս 1992ին Շուշիի եւ Բերձորի (Լաչին) ազատագրումէն ետք, ատրպէյճանական զօրքերու յարձակումն ու հիւսիսային Արցախի գրաւումին դէմ դնելու համար, Սարգսեան նախաձեռնած է «Արծիւ մահապարտներ» գումարտակի ստեղծման, որուն յաղթանակները՝ Օգոստոս-Սեպտեմբեր 1992ին, Մարտակերտի մէջ, պատերազմի ընթացքը փոխած են։ 

Հոկտեմբեր 1992-Մարտ 1993ին, Վազգէն Սարգսեան Հայաստանի նախագահի պաշտպանութեան հարցերու գծով խորհրդականի եւ սահմանամերձ գօտիներուն մէջ Հայաստանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնները վարած է, որմէ ետք նշանակուած է Հայաստանի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու նախարար։ Սարգսեան մեծ դեր ունեցած է Հայաստանի բանակի կազմակերպման գործին մէջ, իսկ միւս հիմնական հրամանատարներուն հետ, ղեկավարած է գլխաւոր ռազմական գործողութիւնները Արցախի մէջ մինչեւ Մայիս 1994ի հրադադարը: 1993ին, հիմնած ու գլխաւորած է «Երկրապահ» կամաւորական շարժումը, որ կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ։

Յուլիս 1995ին, Վ. Սարգսեան պաշտպանութեան նախարար նշանակուած է նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ, այդ պաշտօնին մնալով շուրջ մօտ չորս տարի եւ աւելի եւս խորացնելով բանակի կազմակերպումը։ Դարձած է յետպատերազմեան Հայաստանի գլխաւոր քաղաքական գործիչներէն մէկը, կարեւոր դեր ունենալով 1996ի նախագահական ընտրութիւններուն։ Արցախեան հարցի լուծման ի խնդիր Լ. Տէր Պետրոսեանի զիջումներուն դէմ ըլլալով, Վ. Սարգսեան, վարչապետ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ ներքին գործոց նախարար Սերժ Սարգսեանի զինակցութեամբ, պարտադրած է նախագահին հրաժարականը Փետրուար 1998ին։ Այնուհետեւ, Մարտ 1998ին, Վ. Սարգսեան աջակցած է Ռ. Քոչարեանի նախագահ ընտրութեան։ «Երկրապահ» խմբակցութիւնը, մեծամասնութիւնը դարձած է Ազգային Ժողովին մէջ, Վ. Սարգսեանի քաղաքական ազդեցութեան ամրապնդումին սատարելով, եւ 1998ի ամրան միացած է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան։

Մարտ 1999ին, Վազգէն Սարգսեանի Հանրապետական կուսակցութիւնը դաշինք կազմած է Կարէն Դեմիրճեանի Ժողովրդական կուսակցութեան հետ, որ յայտնի դարձած է «Միասնութիւն» անունով։ Այս դաշինքը յաղթած է Մայիսի ընտրութիւններուն։ Յունիս 1999ին, Վ. Սարգսեան նշանակուած է վարչապետ, մինչ Կ. Դեմիրճեան ընտրուած է Ազգային Ժողովի նախագահ։ Այնուհետեւ, Սարգսեանի քաղաքական ազդեցութիւնը աւելի մեծցած է, շուքի տակ ձգելով նախագահ Ռ. Քոչարեանը։ Սարգսեանի կարճատեւ վարչապետութեան շրջանին տեղի ունեցած են համահայկական առաջին խաղերը եւ Հայաստան-Սփիւռք առաջին համաժողովը։

Սարգսեան, Դեմիրճեան եւ հինգ այլ պատգամաւորներ ու մէկ նախարար սպաննուած են 27 Հոկտեմբեր, 1999ին, Ազգային Ժողովի շէնքը մուտք գործած խումբ մը զինուած անձերու կողմէ՝ Նայիրի Յունանեանի գլխաւորութեամբ։ Գլխաւոր մեղաւորները ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած են։ Սակայն, դէպքին բոլոր մանրամասնութիւնները չեն լուսաբանուած եւ գոյութիւն ունին տարբեր վարկածներ քաղաքական ահաբեկչութեան այս արարքի շարժառիթներուն եւ անոր ետին գտնուած ուժերուն մասին։

Չնայած տարբեր քննադատութիւններու, Վազգէն Սարգսեան Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ հանրութեան կողմէ լայնօրէն կ՚ընդունուի որպէս ազգային հերոս։ Անոր շնորհուած են Հայաստանի ազգային հերոսի եւ Արցախի հերոսի կոչումները։ Վ. Սսրգսեանի անունով կը կոչուին Երեւանի ռազմական ուսումնարանը, հանրապետական մարզադաշտը, կեդրոնական փողոց մը, ինչպէս եւ Ստեփանակերտի փողոց մը ու Կապանի զբօսայգի մը։ Անոր յիշատակին կանգնած են արձաններ տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս եւ թանգարան՝ ծննդավայր Արարատ գիւղին մէջ։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)
Ի՞ՆՉ Է «ԱՐՑԱԽ» ԵՒ «ՂԱՐԱԲԱՂ» ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
Գիտական համաձայնութիւն չկայ «Արցախ» եւ «Ղարաբաղ» անուններու ծագման մասին։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ք.Ա. 8րդ դարուն, Արցախը առաջին անգամ յիշատակուած է Ուրարտուի (Վանի թագաւորութիւն) արձանագրութիւններուն մէջ՝ Ուրտեխէ եւ Ատախունի ձեւերով։ Հայկական աղբիւրներու մէջ, յիշուած է Արդախ, Արձախ եւ Արցախ ձեւերով, եւ թերեւս հայերէն Արդախ ձեւն է, որ համապատասխան կերպով Ուրտեխէ կերպով երեւցած է ուրարտական արձանագրութիւններուն մէջ։
 
Թէ ի՞նչ կը նշանակէ Արդախ > Արձախ > Արցախ ձեւը, միայն կարելի է ենթադրութիւններ ընել, եւ տակաւին ընդհանրացած ստուգաբանութիւն մը չկայ։ Անշուշտ, «Արա» եւ «ցախ» բառերու միացումով («Արայի ցախ») տեսակի բացատրութիւններ, որ կը գտնենք, օրինակ, մանկական բանաստեղծութեան մը մէջ, որեւէ գիտական արժէք չունին։ Նման բացատրութիւններ կը կոչուին ժողովրդական ստուգաբանութիւն։
 
Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղ բառին, 14րդ դարուն առաջին անգամ արաբական եւ պաըսկական աղբիւրներու մէջ երեւցած է «սեւ այգի» ստուգաբանութեամբ, իսկ երկու հայ մատենագիրներ՝ Թովմա Մեծոփեցի եւ Յովհաննէսիկ Ծարեցի, 15րդ եւ 16րդ դարեուն, այդ բացատրութիւնը կրկնած են։
 
Արցախ ու Ղարաբաղ անունները կապող որեւէ բացատրութիւն չկայ։ Կ՚ենթադրուի, որ «սեւ այգի» բացատրութիւնը կը բխի Ղարաբաղի հողերու բերրիութենէն։ Բայց պարսիկ պատմիչ Համտալլահ Քազվինի Արցախի դաշտային մասը կոչած է Բաղ-ի սաֆիտ («սպիտակ այգի»), իսկ լեռնային մասը՝ Բաղ-ի սիախ («սեւ այգի»), ինչ որ կրնայ խօսիլ պարզապէս դաշտի ու լերան գոյներու՝ սեւ ու ճերմակի հակադրութեան մասին, առանց որեւէ ձեւով հիմնաւորելու թրքական Քարա պաղ («սեւ այգի») ձեւը։

Ուրիշ՝ հայկական հիմքով բացատրութիւն մը կայ։ Սիւնիքի, Արցախի եւ Ուտիքի մէջ գոյութիւն ունեցած են բազմաթիւ տեղանուններ բաղ արմատով, նոյնսիկ՝ Սիւնիքի Բաղք գաւառը։ Սիւնիքի Բաղաբերդ ամրոցին անունը ուշագրաւ հիմք մը եղած է՝ Ղարաբաղ անունը ենթադրելու համար իբրեւ Բաղաբերդ անունի թրքերէն քմահաճ թարգմանութիւն մը։ Այսպէս, հայերէն բերդ բառը թրքերէնի թարգմանուած կ՚ըլլայ կալա > կարա հնչիւնափոխութեամբ, որ մեզի տուած է ղարա ձեւով։ Օրինակ՝ Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանի Բերդաշէն գիւղը ազերի անունը Կարաքենդ է, որ «սեւ գիւղ» կը նշանակէ, բայց հայերէն անունին գոյութիւնը ենթադրել կու տայ, որ ասիկա ժողովրդական թարգմանութիւն է, իսկ թարգմանութիւնը «բերդի գիւղ» պէտք է ըլլայ, ձեւափոխուած՝ Կալաքենդ բուն անուանումէն։

Եթէ շատ յստակ ուղղութիւն մը չըլլայ, յատուկ անուններու բացատրութիւնը յաճախ կը մնայ թաղուած մթին անցեալին մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)
ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՔ

Լիբանանահայութիւնը ձեր օգնութեան պէտք ունի աւելի քան երբեք
 
Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւն մը ընելու համար,
կամ
ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝


Armenian Prelacy
138 E. 39th Street
New York, NY 10016
Ձեր չէքերը գրեցէք՝ Armenian Apostolic Church of Americaին
(Memo: Lebanon Relief Fund)

ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ [email protected]։    
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆ Առցանց կը հանդիպի ամէն Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 10:30-12:30ին (արեւելեան ժամով)։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք  [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7231 թիւին։
 
Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ Հոկտեմբեր 14-Դեկտեմբեր 2ին։ Առցանց, նուիրուած՝ Պօղոս Առաքեալի Փիլիպպեցիներուն ուղղուած թուղթին։ Չորեքշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 8:00-9:00ին արեւելեան ժամով։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք [email protected] հասցէին։
 
Հոկտեմբեր 25Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպըրն, Միշիկըն) 58րդ տարեդարձ, ընդ նախագահութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
 
Նոյեմբեր 21 Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մասաչուսեթս) ուտեստեղէնի տարեկան տօնավաճառ։  
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: [email protected]

Visit the Catholicosate webpage at http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/