Bible Readings for November 17, 2024
THE EPISTLE OF ST. PAUL TO THE PHILIPPIANS 1:1-11
Paul and Timothy, servants of Christ Jesus, To all the saints in Christ Jesus who are in Philippi, with the bishops and deacons: Grace to you and peace from God our Father and the Lord Jesus Christ. I thank my God every time I remember you, constantly praying with joy in every one of my prayers for all of you, because of your sharing in the gospel from the first day until now. I am confident of this, that the one who began a good work among you will bring it to completion by the day of Jesus Christ. It is right for me to think this way about all of you, because you hold me in your heart, for all of you share in God’s grace with me, both in my imprisonment and in the defense and confirmation of the gospel. For God is my witness, how I long for all of you with the compassion of Christ Jesus. And this is my prayer, that your love may overflow more and more with knowledge and full insight to help you to determine what is best, so that in the day of Christ you may be pure and blameless, having produced the harvest of righteousness that comes through Jesus Christ for the glory and praise of God.
THE GOSPEL OF JESUS CHRIST ACCORDING TO LUKE 9:44-50
While everyone was amazed at all that he was doing, he said to his disciples, “Let these words sink into your ears: The Son of Man is going to be betrayed into human hands.” But they did not understand this saying; its meaning was concealed from them, so that they could not perceive it. And they were afraid to ask him about this saying. An argument arose among them as to which one of them was the greatest. But Jesus, aware of their inner thoughts, took a little child and put it by his side, and said to them, “Whoever welcomes this child in my name welcomes me, and whoever welcomes me welcomes the one who sent me; for the least among all of you is the greatest.” John answered, “Master, we saw someone casting out demons in your name, and we tried to stop him, because he does not follow with us.” But Jesus said to him, “Do not stop him; for whoever is not against you is for you.”
ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՆԱՄԱԿԸ ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-11
Պօղոս եւ Տիմոթէոս՝ Քրիստոս Յիսուսի ծառաներս, կը գրենք ձեզի՝ Քրիստոս Յիսուսի միացած բոլոր հաւատացեալներուդ, որ Փիլիպպէի կողմերը կը բնակիք, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն ու սարկաւագներուն: Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի: Ամէն անգամ որ ձեզ յիշեմ, գոհութիւն կը յայտնեմ իմ Աստուծոյս: Ամէն անգամ որ ձեր բոլորին համար կ’աղօթեմ, ուրախութեամբ կ’աղօթեմ, որովհետեւ առաջին օրէն մինչեւ հիմա ձեր մասնակցութիւնը բերիք աւետարանչութեան գործին: Եւ վստահ եմ, թէ Աստուած, որ այդ բարի գործը սկսաւ ձեր մէջ, զայն իր կատարումին պիտի հասցնէ մինչեւ Քրիստոս Յիսուսի օրը գայ: Իրաւունք կը համարեմ այսպէս խորհիլ ձեր բոլորին մասին, եւ ձեզ սրտիս մէջ ունիմ, որովհետեւ բոլորդ ալ մասնակից եղաք ինծի վիճակուած շնորհքին, ըլլա՛յ բանտարկութեանս ընթացքին, ըլլա՛յ երբ ազատ վիճակով Աւետարանը կը պաշտպանէի ու կը հաստատէի: Միայն Աստուած գիտէ՝ թէ որքա՜ն կարօտցած եմ ձեզ, Քրիստոս Յիսուսի գորովովը:
Իմ աղօթքս է, որ ձեր սէրը աւելի եւ աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ, որպէսզի կարենաք լաւը ընտրել եւ Քրիստոս իր գալստեան օրը ձեզ գտնէ մաքուր եւ ամբասիր, եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ արդար գործերով հարստացած՝ պատճառ ըլլաք որ Աստուած փառաւորուի եւ գովուի:
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ
9:44-50
Մինչ ժողվուրդը կը զարմանար Յիսուսի կատարած գործերուն վրայ, իր աշակետներուն դառնալով ըսաւ – Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկա. Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը: Սակայն աշակերտները չհասկցան խօսքին իմաստը, որովհետեւ Աստուած իրենցմէ ծածկած էր՝ որպէսզի չհասկնան: Միւս կողմէ ալ, կը վախնային իրեն հարցնելու այս մասին: Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը: Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ իր քով կանգնեցնելով՝ ըսաւ.
– Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ’ըլլայ, եւ ով որ զիս կ’ընդունի՝ ընդունած կ’ըլլայ զիս ղրկողը: Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը:
Յովհաննէս ըսաւ.
– Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր:
Յիսուս ըսաւ.
– Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն. որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն:
|